Ազգային-Եկեղեցական – Vosgueperan Arzoumanian

ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԹՐ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ
Վեհափառ Տէր Հոգեւոր Տէր

Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն Պրն. Նախագահ, Մեծարգոյ Ներկայացուցիչ Խորհրդարանի Նախագահ

Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ Հայրեր

Վսեմաշուք պարոն Դեսպան Ֆրանսայի, Մեծարգոյ Ններկայացուցիչ Պրն. Վարչապետին

Գերապատիւ եւ Բարձրաշնորհ Հայրեր Յարգելի Ներկաներ,

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին։

Ինչպէս ծանօթ է արդէն ձեզի, այս հանդիպումը կազմակերպուած է ի պատիւ Կ. Վարչութեան ատենապետ Մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ  անոր պատուոյ լէգէոնի, սպայի կարգի շքանշանի տուչութեան առիթով։ Պարգեւատրումը  կատարուեցաւ  ձեռամբ  Ֆրանսայի դեսպան, վսեմաշուք Տիար Քրիստեան Կրաֆի առ ի  վարձատրութիւն այն գնահատելի ծառայութիւններուն զորս Մեթր Պապիկեան մատուցած է եւ կը շարունակէ մատուցել ի խնդիր ֆրանսերէն լեզուի եւ մշակոյթի տարածման եւ զարգացման ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի բարեկամական կապերու ամրապնդման։

Այս պատիւը, անկասկած, իր անձին ընդմէջէն կ՜երթայ նաեւ Լիբանանին որուն կապուած է ան ոեւէ ատենէ աւելի ի տես ներկա- յի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժնդակ պայմաննե- րուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին որուն անթուլ եւ անսակարկ ծառայողն է երկար տարիներէ ի վեր։

Համբաւաւոր իրաւագէտ, բազմածաւալ զարգացումի եւ քաղաքական գնահատելի փորձառութեան տէր անձնաւորութիւն, ծանօթ բազմաթիւ օտար լեզուներու, Մեթր Պապիկեան վարած է ու կը վարէ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ազգային, լիբանանեան եւ միջազգային բեմերու վրայ։

Ան բազմիցս եղած է եւ ներկայիս է ատենապետ ազգային կեդրոնական վարչութեան, ատենապետ կաթողիկոսարանի ժողովրդային տուներու վարչութեան, ինչպէս նաեւ Բիւզանդ եւ Անժէլ Թութիւնճեան ծերանոցի շինութեան յանձնախումբերուն, փոխ-ատենապետ հայասէր զուիցերիացիներու Արմենօֆաս ընկերակցութեան, ատենապետ Գոմարէսի, ազգային եւ պետական երեսփոխան 1956էն ի վեր անընդմէջ, եղած է յաջորդաբար վերակազմութեան, առողջապահական, տեղեկատուութեան եւ դատական նախարար։ Նախագահ երեսփոխանական յանձնախումբերու, փոխ-նախագահ ֆրանսախօս երկիրներու երեսփոխանական միջազգային ընկերակցութեան, նախագահ վարչագիտական ուսմանց լիբանանեան ընկերակցութեան։

Վերոյիշեալ պատասխանատուութիւններու լոյսին տակ, յստակ կերպով կը բնորոշուին, Մեթր Պապիկեանի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ վայելած վարկը ազգային, լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։

Իր ճառագայթող անհատականութիւնը տեղական  եւ  շրջանային շրջագիծէն անցնելով ստացած է միջազգային տարածք։ Իր այլազան պարտաւորութիւնները ոչ միայն չեն ընկճեր զինքը այլ իրեն կու տան յաւելեալ աշխոյժ եւ վճռակամութիւն։

Վսեմաշուք պարոն դեսպան, հայ համայնքը որուն բարեկամական աւանդական կապերը Ֆրանսայի հետ կու գան հեռաւոր անցեալէ, ինքզինքը պատուուած կ՜զգայ այս պարգեւատրումով։ Ան ուրախութեամբ կ՜ընդունի ձեզ եւ ձեր ներկայութիւնը կաթողիկոսարանի մէջ որմէ խորապէս տպաւորուած ենք, խօսուն գրաւականն է այդ բարեկամութեան։ Պիտի խնդրէի որ ընդունէիք մեր շնորահակալութիւնները եւ հաճէիք փոխանցել Ն. Վ. Տէրութիւն, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահին մեր երախտագիտութիւնը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Ն. Վսեմութիւն նախագահ Շարլ Հելուին, Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ եպիսկոպոսներուն, Պ. Նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ինչպէս նաեւ եկեղեցական եւ աշխարհական երեւելի անձնաւորութիւներուն եւ ձեր բոլորին որ ձեր ներկայութեամբ ուզեցիք յաւելեալ փայլք տալ այս հաւաքին, յայտնել ձեր գնահատանքը եւ շնորհաւորութիւնները արժանաւոր պարգեւատրեալին եւ պատուել մեզ։

Շնորհակալութիւններ

ՀԱՅՐ ԱՐԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ, ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ԻԲՐԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻՆ
Արժանապատիւ Հայրեր,

Յարգելի ժողովականներ,

Սրտի խոր գոհունակութեամբ կ՜ողջունենք ժամանումը եւ ներկայութիւնը մեր մէջ Գերաշնորհ Հայր Արամ վարդապետ Քէշիշեանի որ ընդառաջելով Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովի փափաքին անյապաղ վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն ուր կը պատրաստէր իր Տոքթ. թեզը ստանձնելու համար իր նոր պատասխանատուութիւնները։

Լիբանանի թեմը ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամենակարեւոր թեմն է իր բազմաթիւ եկեղեցիներով դպրոցական ցանցով, ժողովուրդով եւ ազգային, եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններով։

Լիբանանի վերջին ցաւալի դէպքերը որոնք հիմնովին ցնցեցին զայն պատճառ դարձան որ ազգային կեանքը նաեւ խանգարուի իր խաղաղ եւ շինարար ընթացքին մէջ։ Ունեցանք շուրջ 60 մեռեալներ եւ 200 վիրաւորներ։ Բազմաթիւ եկեղեցիներ, կրթական օճախներ, բնակարաններ,  խանութներ,  արհեստանոցներ  եւ  արդիւնաբերական կեդրոններ վնասուեցան եւ կամ ամբողջովին քանդուեցան։ Այսօր երբ ազգային եկեղեցական եւ քաղաքական պատասխանատու մարմինները մեր վեհափառ հայրապետներու հովանաւորութեամբ եւ հոգածութեամբ լծուած են վերակառուցումի եւ վերակենդանութեան աշխատանքներուն աւելի քան երբեք թեմը կարիքը կը զգայ մնայուն հանգամանքով, բոլորանուէր եւ արդիւնաւէտ առաջնորդի կամ տեղապահի։

Առաջնորդական նորընտիր տեղապահ Գերաշնորհ Արամ վարդապետ Քէշիշեանը ծանօթ է կ՜ենթադրեմ ձեզմէ շատերուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, ան ընթացաւարտ է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի աստուածաբանական ճիւղէն M.A. տիտղոսով եւ ներկայիս կը պատրաստէ Ամերիկայի մէջ իր տոքթորայի թեզը։

Ան վարած է պատասխանատու պաշտօններ։ Եղած է «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի տնօրէն, ապա կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն, պաշտօն զոր կը շարունակէ տակաւին վարել։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային համագումարներու եւ ժողովներու ուր առիթը ունեցած է ներկայացնելու հայ ժողովուրդի եկեղեցական եւ մշակութային արժէքները եւ անոր ներկայ ձգտումները։

Վստահ ենք որ, շնորհիւ ակադեմական իր բարձր պատրաստութեան, իր երիտասարդական կորովին, հաղորդական  խառնուածքին եւ անձնական գնահատելի այլ արժէքներուն պիտի կարենայ լաւագոյնս արժեւորել ազգային իշխանութեան յոյսերը։

Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ արժանապատիւ տէր Վրթանէս աւագ քահանայ Թոնթեանին որ նուիրումով կատարեց ցարդ տեղապահի պաշտօնը։

Թոյլ տուէք, յարգելի ժողովականներ որ յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեմ, յանուն ազգային իշխանութեան, մեր բազմիցս երախտաւոր, հոգելոյս, Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի անմո- ռաց յիշատակին որուն ժրաջան եւ անդուլ աշխատանքներուն կը պարտինք մեծ մասամբ մեր եկեղեցիներու պայծառութիւնն ու դպրոցներու ծաղկումը վերջին շրջանին։ Արդարեւ ան սրտի ջերմութեամբ, նուիրումով եւ հայրական հոգածութեամբ վարեց Լիբանանի առաջնորդական պաշտօնը անընդմէջ, շուրջ 15 տարի։

Յարգանք իր պայծառ եւ օրհնեալ յիշատակին

Գերաշնորհ Տեղապահ Հայր,

Այս բոլոր քահանայ հայրերը եւ ազգայինները զորս կը գտնէք բոլորուած ձեր շուրջը Լիբանանի թեմի ազգային բարձրագոյն ժողովականութեան մաս կազմող եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ են որոնք հաւատարմօրէն կապուած մնացին իրենց պարտականութեան, ի հեճուկս բազմապիսի դժուարութիւններու, վերջին 2 տարիներուն եւ փորձեցին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ վառ պահել ջահը ազգային իշխանութեան։

Վստահ եմ որ անոնք իբրեւ հաւատաւոր եւ խանդավառ գործակիցներ պիտի շարունակեն իրենց օգտաշատ աշխատանքը, այս անգամ ձեր նախագահութեան ներքեւ, ի սպաս լիբանանահայ  ժողովուրդի ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային կարիքներուն։

Բարի եկաք գերաշնորհ հայր եւ յաջողութիւն ձեր արժանաւոր եւ պատասխանատու առաքելութեան։

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Վեհափառ Տէր,

Սրտի անհուն հրճուանքով եւ որդիական ակնածանքով, յանուն Լիբանանի թեմին ազգային վարչութեան եւ անոր լծակից ազգային բոլոր մարմիններուն, թոյլ տուէք որ ողջունեմ ձեր վսեմափայլ ներկայութիւնը առաջնորդարանի այս համեստ սրահին մէջ։

Լիբանանի թեմին շնորհած ձեր անդրանիկ այցելութեան բարեբաստիկ առիթով, լիբանանահայութիւնը առ հասարակ եւ ձեզ շրջապատող ժողովականներն ու յարգարժան հիւրերը յատկապէս կ՜ապրին այսօր հոգեկան գոհունակութեան եւ ցնծութեան օր մը։

Եթէ ձեզի ծանօթ պատճառներով, ձեր այցելութիւնը չի կատարուեցաւ այն վեհաշուք ընդունելութեամբ զոր պիտի ուզէինք ընել կրնաք սակայն վստահ ըլլալ որ ան բոլորիս պատճառեց վարակիչ խանդավառութիւն մը եւ ազգային հպարտութիւն մը զորս կարելի չէ քօղարկել։ Առ այդ կը մաղթեմ մեր սիրելի լիբանանին երկնաթոյր խաղաղութիւն եւ հոգիներու միութիւն որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր պատմական դերը որ դարերէն կու գայ եւ կը համապատասխանէ իւրայատուկ իր կոչումին։

Սովորութիւն է երբեմն, մեծ անձնաւորութիւններու այցելութեան առիթով, բարձրամեծար հիւրը ներկայացնել հիւրընկալներուն։ Այս պարագային, սակայն, իբրեւ Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ մեր հայրապետը, դուք թէ հիւրն էք եւ թէ տան տէրը։ Այս երեւոյթը ինքնին կը բնորոշէ Ձերդ Սրբութեան առանձնայատկութիւնը որուն համաձայն Ձեր անձն ու Ձեր ժողովուրդը կը միախառնուին Ձեր հոգիին մէջ։ Ան կը բացատրէ նաեւ այն բոլոր խորազգաց ապրումները զորս կÿունենաք տառապելով ձեր ժողովուրդին ցաւերով ինչպէս նաեւ հրճուելով անոր նուաճումներուն եւ արձանագրած աջողութիւններուն համար։ Եւ արդէն ո՞վ չէ ճանչցած ձեզ, Վեհափառ Տէր։ Որո՞ւն հոգիին մէջ չեն թափանցած ձեր մշակուած մտքի լուսաշող ճաճանչները։ Որո՞ւն մտածումներուն մէջ տեղ չեն գտած հայ եկեղեցական եւ մշակութային վերականգնումի ձեր գաղափարները։ Ո՞վ ենթակայ չէ եղած ձեր անհատականութեան ճառագայթող հմայքին։ Ձեր շուրջ լոյս ու ջերմութիւն բաշխելով դուք կը նմանիք Բոլ Քլոտելի խօսքերով` «Վառած ջահի մը որուն ներկայութեան կը գտնուին ապահովաբար լոյս եւ ջերմութիւն»։

Անսակարկ նուիրումի ձեր կեանքին օրինակով ցոյց տուիք ծառայելով բարձրանալու ուղիղ ճանապարհը նամանաւանդ ծառայութեան մէջ գտնելու հոգեկան գոհունակութիւնը։

«Միայն ուրիշներուն համար ապրուած կեանքն է որ կÿարժէ իրապէս ապրիլ» ըսած է Այնշթայն։ Եթէ այդ ճիշդ է ուրիշներուն համար ապրելու պարագային, հապա որքան ճշգրիտ  է  երբ  այդ կեանքը ապրուած է մեր հարազատ ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր եկեղեցիին համար։

Վեհափառ Տէր, այս հանդիսաւոր պահուն երբ Ձեր հայրապետական այցելութեան առիթով մեզի պատիւը կը շնորհէք աւանդական հացն ու աղը միասին բաժնելու թոյլ տուէք յայտնեմ որ ազգային գոյակցութեան Ձեր ճանապարհը պիտի ըլլայ նաեւ մերը։ Մնալով հանդերձ բացուած համամարդկային իրաւ արժէքներու առջեւ, պիտի շարունակենք մեր ընթացքը մնալով հաւատարիմ մեր ազգային խղճին եւ կենդանի պահելով շունչը մեր ազգային ոգիին։ Այդ պիտի ընենք, համախմբուելով մնայուն արժէք ներկայացնող ազգային հիմնական խարիսխներուն, մեր կաթողիկոսուեթան, եկեղեցիներուն, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններուն եւ մանաւանդ մեր կրթական օճախներուն շուրջ որպէսզի անոնց բոցավառումով առաւել լուսաւորուին մեր մթագնած հեռանկարներու դժուարամատչելի ուղիները։

Կրկնելով մեր անխառն ուրախութիւնը Ձեր հայրապետական այցելութեան առթիւ, ներեցէք ինծի Վեհափառ Տէր որ մաղթեմ ձեզի երկար եւ բազմաբեղուն կեանք որպէսզի կաթողիկոսարանը, ունենալէ յետոյ ամրակուռ կառոյցք, դառնայ նաեւ Ն.Ս.Օծութիւն Խորէն Վեհափառ Հայրապետին հայրական հոգածութեամբ եւ օգնութեամբ ինչպէս նաեւ աջակցութեամբը Ձեր գործակիցներուն «իսկապէս տուն մը, տաք շունչով, հարուստ սեղանով լեցուն, այսինքն մեր ազգին համար սնունդի եւ ուրախութեան աղբիւր» ինչպէս կÿըսէիք ձեզի յատուկ պերճախօսութեամբ ձեր կաթողիկոսական օծման առթիւ խօսած անդրանիկ քարոզին մէջ։

Բարի եկաք Վեհափառ Տէր, Ձեր տանը մէջ։

4-12-1977

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Պիտի ուզէի շնորհակալութեան եւ խորին ակնածանքի խօսք ուղղել մեր Վեհափառ Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին որուն բարձր ներկայութիւնը այս դասախօսութեան մեծապէս կը պատուէ մեզ՝ բոլորս եւ կը վկայէ իր հայրական հոգածութիւնը հանդէպ հայ համալսարանական ուսանողութեան գործունէութեան նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը հայ վարժարաններու կատարելիք ազգային դերին նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն Գերաշնորհ հայր Անուշաւան վարդապետին ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ու անոր ազնուափայլ ատենապետուհիին որոնք կազմակերպելով այս հանդիպումը առիթ ընծայեցին որ բոլորս միատեղ խորհրդածենք մեզ շահագրգրող կարեւոր հարցի շուրջ որ է. «Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ առ հասարակ հայ մշակոյթի արժէքներուն տարածումն ու զարգացումը մեր վարժարաններէն ներս»։

Սիրելի բարեկամներ եւ բարեկամուհիներ

Ուրախ եմ որ այս կարգի կարեւոր հարցի մը քննութիւնը պիտի ընենք միասին թեպետեւ դասախօսութեան ընձեռած սահմանափակ ժամանակին մէջ որովհետեւ քաջ գիտենք որ ազգի մը ապագան կը կերտուի իր երիտասարդ մարդոցմով որոնց սրտին զարկերը կը ճշդեն անոր գոյատեւումը ապահովող շունչին տարողութիւնը։

Բոլորդ ալ լծուած էք արդէն տենդագին աշխատանքի, արուեստի եւ գիտութեան այլ եւ այլ բնագաւառներուն մէջ, մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու հեռանկարով։

Գիտեմ թէ զանազան համալսարաններէ կու գաք ուր կը ստանաք համապատասխան կազմաւորում։ Սակայն ինչքան ալ տարբեր ըլլան ձեր յաճախած համալսարանները, վախճանական իմաստով, բոլորն ալ կը ձգտին նոյն նպատակին։ Ջամբել ուսանողներուն արժեւորուած մշակոյթ, հանդերձ հիմնական մասնագիտութեամբ եւ թեքնիքով եւ կատարել նաեւ գիտական հետազօտութիւններ։

Մարդուն յառաջացումը (la promotion de l’homme) չի կրնար սակայն ապահովուիլ սոսկ մշակոյթով եւ թեքնիքի մը իւրացումով։ Անհրաժեշտ է նաեւ որ ան բացուած ըլլայ հիմնական հարցերու առջեւ որոնք իր գոյութեան գերագոյն իմաստին կապուած իրողութիւններ են։ Հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու որոնում եւ գնահատանք, իսկ մեր պարագային նաեւ ազգային պատկանելիութեան ճանաչում եւ արդար իրաւունքներու հետապնդում որոնք առանց մեզ հեռացնելու համամարդկային արժէքներու գիտակցութենէն կ՜ամբողջացնեն մեր կազմաւորումը, կը ներդաշնակեն մեր հոգեմտաւոր կառոյցքը։

Պէտք չէ սահմանափակուիլ միատեսակ մշակոյթով, կաղապարուած մտքերով եւ իւրացուած մասնագիտութեան մը կեղեւին ներքեւ։ Ճիշդ է որ ամէն մասնագէտ կարելի չափով պէտք է խորացնէ իր ընտրած ճիւղը, սակայն ան պէտք է նաեւ օժտէ իր անձը յարակից այլ գիտելիքներով եւ մշակոյթով։ Բազմերանգ մշակոյթը եւ զարգացումը կը սատարեն մարդուն ամբողջականութեան եւ հոգեկան միութեան պահպանման, մանաւանդ անոր ուղիղ դատողութեան։ Մարդը օտար մշակոյթներու հետ իր ունեցած հաղորդականութեամբ պէտք է վերարժեւորէ ինքզինքը իր շրջապատին մէջ։

Ներկայիս գրեթէ բոլոր համալսարանները իրենց կրթական կառոյցքով կը ջանան իրագործել մարդու ներդաշնակ զարգացումը ապահովելու ձգտող ծրագիրներ։

Galbraith իր ճարտարարուեստի զարգացման նուիրուած գրքին մէջ յստակ կերպով կը բացատրէ մասնագիտութեան նեղ սահմաններուն մէջ ամփոփուելու վտանգները։

Edgard Faure մշակոյթի մասին UNESCO ներկայացուցած իր տեղեկագրին մէջ կ՜ըսէ թէ համալսարանները պէտք է ուսանողին ապահովեն մշակոյթ, թեքնիք եւ խղճի զարթնում ու գիտակցութիւն։

Սակայն երբ կը խօսինք խղճի մասին պիտի նկատի ունենանք անոր զանազան երանգները, մարդկային խիղճը, ազգային խիղճը, հաւաքական խիղճը եւայլն…

Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային խղճին որ մեր այսօրուայ նիւթին հետ կապ ունի, բազմաթիւ ազդակներ կը սատարեն անոր կենսագործման, ինչպէս ընտանիքը, շրջապատը եւ մանաւանդ դպրոցը, ուր ուսման միջոցով աշակերտին կը փոխանցուի մեր մշակութային ժառանգը եւ որուն առողջ ու հայեցի մթնոլորտին մէջ հայ պատանիին հոգիին մէջ կը բացուին ազգային գիտակցութեան խորունկ ակօսներ։

Ինչպէս գիտէք, դպրոցին դերը անհատին կազմաւորման մէջ անժխտելի է։ «Ամէն աշխատանք մանուկին կամ մարդուն վրայ, կ՜ըսէ Durkhռim, կ՜ենթադրէ վախճանականութիւն մը կամ առնուազն ուղղութիւն մը», հարց է սակայն գիտնալ թէ ազգային դիմագիծի պահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման տեսակէտէն մեր վարժարանները կ՜իրագործե՞ն արդեօք իրենցմէ ակնկալուած առաքելութիւնը։

Հետաքրքրական պիտի չըլլար միասին քննել մեր դպրոցներուն նպաստը այս մարզին մէջ եւ գնահատել առ այդ անոնց ուժականութիւնը ազգային ծառայութեան տեսանկիւնէն դիտած։

Այս հեռանկարով, պիտի առաջարկեմ որ նախ ամփոփ կերպով տեսնենք Լիբանանի բոլոր վարժարաններուն պարզած ընդհանուր պատկերը, աշակերտութեան թիւին, ուսուցիչներու որակին եւ ձեռք ձգուած արդիւնքներու տեսակէտէն ապա այդ բոլորին մէջ քննենք, բաղդատութեան լոյսին տակ, հայ վարժարաններու պարագան, պետական կրթական ծրագիրի իրագործման  բնագաւառին մէջ եւ անոնց բերած նպաստը ազգային ծառայութեան գծով։

Տրուած ըլլալով որ պատերազմի տարիները կ՜աղաւաղեն հիմնական հարցերը, պիտի կատարենք այս բաղդատական քննութիւնները հիմնուելով գլխաւորաբար 1973-1974ի վիճակագրական տուեալներուն վրայ։

Ա.- Լիբանանի Վարժարաններու Պարագան

1) Լիբանանի դպրոցներու թիւը

1973-74ին Լիբանանի մէջ գործող դպրոցներու ընդհանուր թիւը ներառեալ հայ վարժարանները կը բարձրանար 2793ի որուն 1772ը նախակրթարան եւ 1021ը միջնակարգ եւ երկրորդական։ Նախակրթարաններուն 770ը պետական եւ 1002ը ոչ պետական, անհատական վարժարաններ են։ Միջնակարգի եւ երկրորդական 1021 վարժարաններու 540ը պետական եւ 481ը ոչ պետական, անհատական հաստատութիւններ են։

2) Աշակերտութեան թիւը

Նոյն շրջանին, աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 782.409ի, որուն 55% արական եւ 45% իգական սեռի կը պատկանին։ Երկրորդականի բաժիններուն մէջ այդ համեմատութիւնը կ՜ըլլայ 66% արական եւ 34% իգական սեռին համար։

3) Ուսուցչական կազմ

ա) Պետական վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն ուսման մակարդակը կը ներկայանայ հետեւեալ կերպով.

65% ունին պետական վկայական (պրըվէ-պաքալ. եւ համալս. վկայ.)

35% ունին այլ վկայականներ որոնք պետութեան կողմէ ճանչցուած են իբրեւ համազօր պետական վկայականներու։

բ) Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ, 83% ունին պետական վկայական, 3.05% մասնագիտական եւ 13.95% ոչ պետական վկայականներ։

գ) Անհատական վճարովի վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն 83.77% ունին պետական վկայականներ, 0.59%

մասնագիտական եւ 15.64% ոչ պետական վկայականներ։

Պետական վարժարաններու մէջ, միջին հաշուով, ուսուցիչ գլուխ կայ 17 աշակերտ։

Վճարովի վարժարաններու մէջ այդ միջինը 23% է։

4) Պետական քննութեան  արդիւնքներուն  լիբանանեան  ընդհ.  միջինը Պրըվէի քննութեան ներկայացող աշակերտութեան 57.25% յաջողած է։ Պաքալորէայի ա. բաժնին համար յաջողութիւնը եղած է 34.06% իսկ բ. բաժնին համար իբրեւ ընդհանուր միջին 3 մասնաճիւղերուն, (փիլիսոփայութիւն, փորձառական գիտութիւն, ուսողութիւն) ան եղած է 61.54%։

5) Տարիքով ուշ մնացած աշակերտներուն պարագան

Լիբանանի նախակրթարաններու աշակերտութեան 65%ը համապատասխան դասարանին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած են։ Միջնակարգի մէջ այդ համեմատութիւնը կը բարձրանայ 80.67% իսկ երկրորդականի մէջ 82.53%։

Նախակրթարաններու աշակերտութեան 11.90% նախակրթարանը չ՜աւարտած կը լքեն դպրոցը, միջնակարգի աշակերտութեան 44.30% իսկ երկրորդական աշակերտութեան 66% կը լքեն դպրոցը առանց պաքալորիա առնելու։

Միջին հաշուով նախակրթարանի 3 աշակերտէն մէկը միայն կ՜անցնի միջնակարգը եւ 11էն մէկը երկրորդական։

Նախակրթարան արձանագրուած 50 աշակերտէն 1ը կ՜ստանայ պաքալորիա։

(Տեսնել այս մասին CREIL, կրթական հետազօտութեանց պարբերագիրքը, 1973-74 տարեշրջանի թիւը)

Համալսարաններու աշակերտութիւնը դուրս կը մնայ վերոյիշեալ թիւերէն։

Արդարեւ, 1973-74ին, համալսարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը բարձրանար 50.803ի, 2313 դասախօսներով։ Նոյն տարին տրուած է 5686 վկայական։

Բ.- Հայ Վարժարաններու Պարագան

1) Լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու թիւը

1973-74ին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ վարժարաններու թիւը կը հասնէր 51ի։ Այս գումարէն դուրս կը մնան բնականաբար հայ առեւտրական վարժարանները (Սիմոնեան, Վարժապետեան, Գեպապճեան) ինչպէս նաեւ Հայկազեան գոլէճը եւ հայագիտական հիմնարկները եւ դպրեվանքները։

51 վարժարաններուն 29ը նախակրթարան եւ 22ը միջնակարգ եւ

երկրորդական են

51 վարժարաններուն 20 կը պատկանի ազգային իշխանութեան

11 հայ աւետարանական համայնքին

9 հայ կաթողիկէ համայնքին

5 հայ բարեգործ. ընդհ. միութեան

6 անկախ կամ այլ կազմակերպութիւններու կամ միութիւններու կապուած վարժարաններն են։

2) Աշակերտութեան թիւ

51 հայ վարժարանները յաճախող աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 18526ի որուն 50.31% իգական սեռի կը պատկանին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ։

Միջնակարգի մէջ համեմատութիւնը 46% է արական սեռին համար եւ 54% իգական սեռին համար։

Երկրորդականի մէջ 50.47% արական եւ 49.53% իգական սեռին կը պատկանին։

3) Հայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերը

Հայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն թիւը կը բարձրանայ 1105ի։

Անոնց կրթական մակարդակ առ հասարակ կը համապատասխանէ պետական միջինին։

Այսպէս 1105 ուսուցիչնրեուն 282ը համալսարանական են կամ համազօր վկայական ունի 381ը պաքալորիա վկայական ունի 321ը պրըվէ կամ համազօր վկայական` 23ը նախակրթարանի մակարդակ ունին։

Այլ խօսքով մեր ուսուցչական կազմերուն 25.50% համալսարանական է

34.40%ը պալաքորիա ունի եւ կամ համազօրագիր

29%ը պրըվէ

11.03ը նախակրթարանի մակարդակ ունի։

Ամփոփելով ըսենք որ 88.90%ը պետական վկայական եւ կամ անոր համազօրագիր ունի եւ 11.03%ը նախակրթարանի մակարդակ ունի։

Մեր ուսուցիչներուն մօտաւորապէս 1/5 օտարահպատակ է։ Անոնց միջին տարիքը 45-50 ինչ որ կը նշանակէ թէ տարիքով յառաջացածները աւելի հաւատրիմ կը մնան իրենց կոչումին։

Երիտասարդները յարափոփոխ են։ Անոնք երբ նիւթապէս  աւելի նպաստաւոր գործ կը գտնեն կը լքեն ուսուցչութիւնը։

Այս պարագան շեշտուած է նախակրթարաններու մէջ եւ բնականաբար յառաջ կու գայ իրենց ստացած անբաւարար վարձատրութենէն։

Հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն 41% արական եւ 59% իգական սեռի կը պատականին եւ ամէն մէկ ուսուցչի գլուխ, միջին հաշուով նկատի պէտք է ունենալ 16 աշակերտ։

Վերոյիշեալ տուեալները ցոյց կու տան որ հայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն մէջ տիրապետող դիրք կը գրաւեն, թիւի տեսակէտէն ուսուցչուհիները։ Մինչդեռ Լիբանանի ընդհանուր պատկերին մէջ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի գրեթէ հաւասար են թիւով։

4) Պետական քննութեանց արդիւնքները

1972-73ի վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ հայ վարժարաններու արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութեանց մէջ եղած են հետեւեալները.-

պաքալորիա ա. բաժին 55%ը ներկայացող թեկնածուներուն պաքալորիա բ. բաժին 72%ը ներկայացող թեկնածուներուն պրըվէ 75.70% ներկայացող թեկնածուներուն

Տարիքով ուշ մնացած աշակերտներուն պարագան

Նախակրթարանի Ա. դասարանը արձանագրուած 1754 աշակերտներէն միայն 1209 հասած են 5րդ դասարան, մնացեալ 545 լքած են զայն եւ կամ փոխադրուած օտար վարժարան։

1209ին 763 արձանագրուած են միջնակարգ որոնց 338ը անցած

են երկրորդական, մնացեալ 425ը դադրեցուցած են իրենց ուսումը, կամ ճամբորդած եւ կամ պարզապէս փոխադրուած են օտար վարժարան։

Հայ վարժարաններու մէջ նախակրթարան արձանագրուած 3 աշակերտներէն 1ը կլոր հաշուով հասած է միջնակարգ, 6էն 1ը երկրորդական։

Նախակրթարան արձանագրուած 22 աշակերտէն 1 միայն ստացած է պետական բ. պաքալորիան։

6) Հայ աշակերտութեան օտար վարժարան յաճախելու պարագան

ա.- Նկատողութիւն

Շատ տարօրինակ եւ միեւնոյն ատեն մտահոգիչ երեւոյթի առջեւ կը գտնենք զմեզ երբ յետադարձ ակնարկով բաղդատենք անցնող տասը տարիներու ընթացքին (1964-1974) Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւին հոլովոյթը հայ վարժարաններու թիւին հետ։

1964-1974, Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը աճած է  110%  համեմատութեամբ  իսկ  հայ  վարժարաններու աշակերտութեան թիւը աճած է 29.40% համեմատութեամբ։

Եթէ Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճման համեմատութիւնը պահենք նաեւ մեր աշակերտութեան համար այն ատեն պէտք է որ մեր վարժարանները ունենային աւելի քան 30.000 աշակերտութիւն մինչդեռ անոնք ունին միայն 18.526 աշակերտ։

Ո՞ւր կը գտնուի ուրեմն մնացեալ աշակերտութիւնը։

Սխալ պիտի ըլլար մտածել որ հայ աշակերտները Լիբանանի աշակերտութեան միջին թիւէն աւելի մեծ համեմատութեամբ կը լքեն դպրոցը ու կ՜երթան աշխատելու։

Վերոյիշեալ թիւերը ցոյց կու տան որ ամէն տարի շուրջ 12.000 հայ աշակերտներ հաւանաբար կը լքեն հայ վարժարանները յաճախելու համար օտար վարժարաններ։ Երկիրը լքողներուն պարագան դեռ եւս մտահոգիչ համեմատութիւններու չէր հասած 1974ին։

բ.- Նկատողութիւն

1973-74ին Լիբանանի աշակերտութեան թիւը իր բնակչութեան 29% կը կազմէր։ Նկատի ունենալով օտարահպատակ ուսանողներուն պարագան ինչպէս նաեւ վիճակագրական որոշ անճշդութիւններ, այս համեմատութիւնը կրնանք հայ բնակչութեան պարագային 23%ի իջեցնել։ Արդէն UNESCOի վիճակագրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական պայմանները ունեցող եւ աճման մօտաւորապէս նոյն չափանիշը պահող երկիրներուն մէջ աշակերտութեան թիւը ժողովուրդի բնակչութեան 24-26.5% է։ Ուրեմն եթէ 1974ին նկատի ունենանք 160.000 հայ բնակիչ իբրեւ սեղմ գնահատաում, մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւը պէտք է 36 հազար եղած ըլլար։ Եթէ հաշուենք 1000 համալսարանական ուսանող, կը մնայ շուրջ 34.000-35.000 աշակերտութիւն որուն միայն 18-19 հազարին հետքը ունինք հայ վարժարաններուն մէջ։

Ո՞ւր են ուրեմն մնացեալները։

գ.- Նկատողութիւն

Օտար վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու մէջ մանչերը կը կազմեն աշակերտութեան թիւին 55%, մեր մօտ 50.41%։ Սա ցոյց կու տայ որ երկրորդականի բաժնին մէջ, աշակերտները առաւելաբար իգական սեռի կը պատկանին։ Պէտք է թերեւս հետեւցնել որ ծնողները երկրորդականի բաժնին մէջ իրենց մանչ զաւակները աւելի մեծ թիւով օտար վարժարան կը ղրկեն քան թէ իրենց աղջիկները։

դ.- Նկատողութիւն

Հայ վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճը 1/4 է Լիբնանանի վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւի աճին։

7) Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան պարագան

ա.¬ Հայերէն լեզու

Հայերէնի մակարդակը մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ առ հասարակ ան չէ ինչ որ էր ասկէ 25 տարիներ առաջ եւ արդէն կարելի չէ որ ալ ըլլայ նոյնը այս պայմաններուն մէջ։

Հարցին ծանօթ բազմաթիւ յարգելի անձնաւորութիւններ զանազան առիթներով ելոյթներ ունեցան այս մասին, ոմանք հասնելով չափազանցութիւններու։

1) Կրթական ծրագիր եւ դասագիրք

Ոմանք կ՜առարկէին թէ կրթնականն ծրագիր գոյութիւն չունի ինչ որ բոլորովին ճիշդ չէ։

Գործածուած դասագրքերը պատրաստուած են համաձայն նախապէս կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն, աստիճանական յառաջդիմութեամբ։ Եւ արդէն բոլոր վարժարաններուն մէջ, հայ թէ օտար, գործածուող բոլոր դասագրքերը կրթական ծրագիրի մը հետեւողութեամբ պատրաստուած դասագրքեր են։ Անոնք կը պատրաստուին զանազան հեղինակներու կողմէ, կը մատուցուին գործածութեան եւ հրատարակչական տուներ կը ծախեն զանոնք շուկայի վրայ։ Ոչ մէկ վարժարան լեզուի ուսուցման համար կրթական ծրագիր կը յանձնէ ուսուցչին, իբրեւ առաջարկ։ Ուսուցիչը կը ստանայ դասագիրքը եւ կը դասաւանդէ համաձայն անոր կողմէ բնորոշուած ցուցմունքներու։

Անկախ այս բոլորէն, ազգային իշխանութիւնը իր կարիքներուն համար ունի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան յատուկ կրթական ծրագիր նախակրթարանի համար որուն վերջին տպագրութիւնը եթէ չի սխալիմ կատարուած է 1951ին։ Պիտի ըսէք ժամանակավրէպ է։ Ճիշդ է։

Սակայն կրթական ծրագիր մը նախ անհրաժեշտ է դասագիրք պատրաստելու համար ինչպէս վերեւ յիշեցինք։

Ակնյայտ է որ աշակերտներուն հայերէնի մակարդակը աւելի ցած է քան այն ինչ որ նախատեսուած էր 1951ի կրթական ծրագրով։ Սա կը նշանակէ թէ նահանջ կայ։ Այս վիճակը յառաջ կու գայ այն իրողութենէն որ հայ վարժարանները 25 տարիէ ի վեր յաւելեալ ճիգ թափելով պետական վկայականներուն յաջողութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ, նուազ կարեւորութիւն տուին հայերէնին, որ անխուսափելիօրէն տժգունեցաւ։

Արդարեւ նախակրթարանի շաբաթական 36-38 պահերուն 24 կը յատկացուին պետական ծրագրի գործադրութեան եւ միայն 14ը հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայերէնով դասաւանդուող առարկաներուն համար։ Մինչդեռ ասկէ 25 տարի առաջ ճիշդ հակապատկերն էր։

Միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ հայերէն լեզուին յատկացուած պահերը աւելի սահմանափակ են։

Ազգային վարժարաններու նախակրթարաններու պարագային ուր վերջին դասարանին ամավերջի քննութիւնները կը կազմակերպուին Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ, երեւան եկաւ.

1) որ աշակերտին մօտ կը պակսի դիտելու կարողութիւնը

2) վարժութիւններու պակաս

3) ուսուցման մեթոտի բացակայութիւն

Երկրորդականի մէջ աշակերտներուն մօտ նիւթը վերլուծելու

եւ համադրելու կարողութիւնը կը պակսի, բացառութիւնները յարգելով։

Աշակերտը իր կրթական խճողուած ծրագիրներու բերումով եւ պետական քննութիւններուն մէջ յաջողելու իր տակնուվրայութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն չի տար մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին որ հետզհետէ նուազ հրապուրիչ կը դառնայ իրեն։

Ամփոփելով ըսենք, նախակրթարանը եւ միջնակարգը պէտք է ծառայեն աշակերտին սորվեցնելու համար լեզուն եւ երկրորդականը անոր փոխանցելու համար մեր մշակութային գանձերը։

բ.¬ Հայոց պատմութիւն

Հայոց պատմութեան պարագային, նախակրթարաններու մէջ դասաւանդութիւնը կը տառապի պատշաճ մեթոտի բացակայութենէն եւ անշուշտ համապատասխան գրերու չգոյութենէն իսկ միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ յստակ ծրագրի նաեւ համապատասխան դասագրքի պակասէն։

Նախակրթարանի մէջ անօգուտ է տղուն միտքը խճողել թուականներու անիմաստ շարանով։ Պատմութեան դասը, հոն, գլխաւոր դէպքերու եւ հարցերու բացատրութեամբ պէտք է դառնայ կենդանի պահ մը ու ձգտի աշակերտին ներարկել ազգային ոգի իսկ երկրորդականի մէջ ան պէտք է սատարէ աշակերտը կազմաւորելու ազգային ձգտումներուն տեսակէտէն։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վերոյիշեալ տուեալներէն ի յայտ կու գան հետեւեալ իրողութիւնները.

1) Մեծ թիւով հայ աշակերտներ օտար վարժարան կը յաճախեն այն մտածումով որ հոն պիտի ստանան աւելի բարձր մակարդակի ուսում կարենալ դիւրութեամբ յաջողելու համար պետական քննութիւններու եւ մտնելու համալսարան ինչպէս նաեւ պիտի կարենան աւելի լաւ իւրացնել արաբերէնը ու օտար լեզուները եւ ապահովել անոնց սահուն գործածութիւնը։

Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային ոգիին, լեզուին ու պատմութեան, կը խորհին թէ այդ բոլորը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել ընտանեկան մթնոլորտին մէջ եւ կամ ակումբներէն ներս։

Ըսենք առաջին կէտին մասին որ պետական վկայականները ալ թապու չեն հայ վարժարաններու մօտ որոնց ձեռք ձգած արդիւնքները պաշտօնական քննութիւններու մէջ պատիւ կը բերեն իրենց։ Արաբերէնի ուսուցումը, հոն, այլեւս մտած է ընթացիկ հունի մը մէջ եւ աստիճանաբար կը բարելաւուի։

Կը մնայ տակաւին բարելաւել խօսակցական լեզուն (արաբերէն կամ օտար լեզու) որուն համար պէտք է կազմակերպել, դասապահերէն դուրս յատուկ աշխատանքներ, արտայայտչական արդի մեթոտներու կիրարկումով (techniquռ de l’expression)։

Օգտակար կը նկատենք նաեւ զարկ տալ գրական եւ փիլիսոփայական բաժիններուն որոնց իւրացումը աշակերտին համար դուռը պիտի բանայ համալսարաններու մարդկային գիտութեանց ճիւղերուն։ Այս անհրաժեշտ է որպէսզի մեր համալսարանները չ՜ընդգըրկեն միայն գիտական ճիւղեր այլ կարենան մտնել պետական պաշտօնէութեան մէջ, ուսանին իրաւաբանութիւն, քաղաքական գիտութիւններ եւայլն։ Աշխատանքի այս մարզերուն մէջ հայ պաշտօնէութեան թիւը 1%ի հաւասար է չ՜ըսելու համար որ հայութիւնը հոն անգոյ է։

Գալով երկրորդ կէտին, ըսենք առանց վարանումի որ հայ աշակերտը հայ վարժարանի մէջ կը գտնէ ապահովաբար հայկական հարազատ միջավայր, ազգային շունչ, կը մնայ հաղորդակից իր պատմութեան ընդմէջէն իր դարաւոր մշակոյթի գանձերուն, մնալով հանդերձ բացուած համամարդկային արժէքներուն եւ օտար մշակոյթներուն առջեւ։

Արդարեւ մայրենի լեզուն եւ ազգային մշակոյթը անհրաժեշտ են որպէսզի ենթական չի խզուի իր պատմական անցեալէն, չի բաժնուի իր հունէն, չի կտրուի իր արմատներէն։

2) Անհրաժեշտ է հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան համար ուսումնական նոր ծրագիր մշակել համաձայն մեր արդի պահանջքներուն եւ կարելիութիւններուն։

3) Պէտք է արդիականացնել ուսուցման մեթոտները եւ անոր կապակցաբար հրատարակել նոր դասագրքեր հիմնուելով որդեգրըւած նոր մեթոտներուն վրայ։

4) Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասագրքերը նաեւ ուսուցման մեթոտները, բացի մանկապարտէզէն, կէս դարու հնութիւն կը բուրեն երբ արդէն լեզուներու ուսուցման համար մանկավարժութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրած է եւ բազմաթիւ նոր մեթոտներ իւրացուած են օտար գրեթէ բոլոր վարժարաններու կողմէ։

Ալ անցաւ այն շրջանը ուր ուսուցիչը միակ դերակատարն էր դասարանին մէջ։ Կը կարդար ու կը բացատրէր, մինչ աշակերտը կը մնար կրաւորական։ Ներկայիս, նախակրթարաններու պարագային յատկապէս, մանկավարժ ուսուցչին ցուցմունքներով ու թելադրութեամբ, աշակերտները իրենք կը գտնեն պահանջուած ճշդութիւնը ու կը հասնին օրէնքին։

Այս արդէն մեզ կ՜առաջնորդէ ուսուցիչներու կազմաւորման հարցին։ Եթէ մանկավարժական արդի մեթոտները օգտակար են համապատասխան դասագրքերու պատրաստութեան համար, ասոնց գործածութիւնը կ՜ենթադրէ բնականաբար պատրաստուած եւ որակաւոր ուսուցչական կազմ քանի որ կարելի չէ զեղչել պետական կրթական ծրագրին յատկացուած պահերը ի նպաստ հայերէնի ինչպէս նաեւ կարելի չէ առաւել եւս խճողել դասապահերուն թիւը։ Ուրեմն՝ նուազագոյն պահերով անհրաժեշտ է առաւելագոյն արդիւնքը  տալ  եւ  անիկա  մեթոտով,  համապատասխան դասագրքերով եւ մանկավարժ ու ատակ ուսուցչական կազմով։

Պիտի առարկուի մեզի որ այդ բոլորը կ՜ենթադրէ լայն պիւտճէ երբ մեր վարժարանները զուրկ են անկէ։

Պատասխանս պիտի ըլլայ այն որ որակը եւ պիւտճէն իրարու շաղկապուած հարցեր են։ Երբ որակ կայ, արդիւնք կայ, աշակերտութեան թիւը կ՜աւելնայ եւ ալ պիւտճէի անբաւարարութեան  հարց չի մնար։ Դժուարութիւնը առաջին 3-5 տարիներու համար է։ (Ս. Խանամիրեան գոլէճի պարագան որ 260 աշակերտէն բարձրացաւ 450ի եւ իր պիւտճէն փոխանակ տարեկան 50-60 հազար բացի ունեցաւ 100 հազար յաւելում)։

5) Կայ նաեւ այս բոլորէն դուրս ուրիշ կարեւոր ազդակ մը հայեցի դաստիարակութեան համար։

Մաղթելի է որ մեր դպրոցներէն ներս պահուին կոչում ունեցող ուսուցիչները, ստեղծուի մթնոլորտ, տրուի աշակերտութեան ազգային շունչ եւ ան գօտեպնդուի ազգային ոգիով առանց սակայն հասնելու այլամերժութեան որմէ պէտք է միշտ խուսափիլ։

Եզրակացնելով ըսենք որ շատ բան կախում ունի ուսուցիչէն, դաստիարակէն, տնօրէնէն։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ պահանջել աւելին քան այն ինչ որ ի վիճակի է տալու։

Պիտի  գիտնանք  վերջապէս  որ  կրթութեան  բնագաւառին մէջ, ինչպէս այլուր, հրաշքներ չկան։ Կը հնձենք ինչ որ կը ցանենք։ Տասը տարիներ առաջ կը խօսէինք մօտաւորապէս այս  հարցերուն  շուրջ, տասը տարի ետքը պիտի դարձեալ խօսինք նոյն թերացումներու մասին եւ թերեւս պատկերը ըլլայ աւելի ողբերգական եթէ մինչ այդ բան չէ փոխուած։

Չի բաւեր քննադատել եւ կարծիքներ տալ։ Բոլոր յաջողութիւնները արդիւնք են վճռական քայլերու, հաւաքական ու կազմակեր- պուած աշխատանքի, նուիրումի եւ մանաւանդ հաւատքի։

Մեր ուսուցչական կազմերը պէտք է մենք պատրասենք մեր միջոցներով, ճշդենք գոյութիւն ունեցող 5-6 մեթոտներուն յարմարագոյնը մեր լեզուին եւ պատմութեան ուսուցման եղանակը որդեգրելու համար, պատրաստենք որոշուած մեթոտներուն համապատասխանող դասագրքեր։

Ահա այն ամբողջութիւնը որ կրնայ փրկել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի տարածման դերը մեր վարժարաններէն ներս որոնք միեւնոյն ատեն օտար վարժարաններու հետ մըրցակցութեան մէջ մտնող կրթական միաւորներ պէտք է ըլլան պետական քննութիւններու եւ օտար լեզուներու մէջ յաջողութեան տեսակէտէն որպէսզի օտար վարժարան յաճախող մեր աշակերտութիւնը վերադառնայ հայ վարժարան ու չի զրկուի հայ լեզուի ու մշակոյթի գանձերէն։

Անհրաժեշտ է նաեւ քաջալերել եւ թիկունք կանգնիլ հայագիտական հիմնարկներուն որպէսզի անհետացող հայերէնագէտները փոխարինուին նորերով։

Պէտք է յարակցաբար այս բոլորին, կազմակերպել հայագիտական ասուլիսներ, բանասիրական հանդիպումներ, հրատարակել հայագիտական հանդէս մը, թերեւս ասոնց համար յարմար վայրը Անթիլիասի վանքն է։ Այդ մէկը կը ձգեմ Վեհափառ Հայրապետին գնահատումին եւ բարձր դատողութեան։

Փակելէ առաջ խօսքս կ՜ուզեմ աւելցնել նաեւ որ մեր վարժարանները պէտք չէ բաւարարուին միայն աշակերտին յաջողութեամբը պետական քննութիւններուն մէջ եւ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցումով այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է դրոշմեն աշակերտին ազգային դիմագիծ, ջամբեն գիտակցութիւնը իբրեւ սփիւռքահայ, իրեն սահման- ուած սրբազան պարտականութեան եւ զայն կասուցանեն հոգածու տէր ու պաշտպան մեր դարաւոր մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն ու պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։

Դպրոցը, ինչպէս կ՜ըսէ կրթական հարցերու մեծ մասնագէտ մը, հաստատութիւն մըն է անքակտելի կերպով կապուած կեանքին ու անով իսկ մարդկային ընկերութեան պահանջքներուն ու ես պիտի աւելցնէի, մեր պարագային՝ նաեւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան։

29-3-80

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Շէյխ Ամին Ժըմայել զոր կը ներկայացնէ այս հանդիսութեան վսեմաշուք Տիար Նախարար Վիկտոր Քասիր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրեր

Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր Յարգելի հանդիսականներ

Սրտի խոր բերկրութեամբ ներկայ կ՜ըլլանք այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին նորակառոյց շէնքին բացման հանդիսութեան։

Տակաւին մօտիկ անցեալին, դպրեվանքին Պիքֆայա փոխադրութիւնը եւ անոր տեղաւորումը կրթական արդի պահանջքներուն գոհացում տուող շէնքի մը մէջ փայփայուած երազ էր լոկ իսկ այսօր ան հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ կենդանի իրականութիւն։

Եթէ ան չունի մեր հայրենի հողը իբրեւ հիմ եւ մեր բնութիւնը իբրեւ ֆիզիքական շրջապատ, ան ունի սակայն հայութեամբ օծուն մթնոլորտ եւ անոր սիւները խարսխուած են հայ ժողովուրդի սրտին մէջ։

Կեանքի եւ յաւիտենականութեան յարաբերութիւնները քննարկող, կեանքէն դէպի  յաւիտենականութիւն  առաջնորդող  ճանապարհը լուսաւորող եւ զայն իմաստաւորող եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն խորհրդածութիւններն ու գոհաբանութիւնները հոգեկան սնունդ են այս կրթական հաստատութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդի հազարամեայ կեանքը, անոր մահասարսուռ մաքառումները եւ պատմութեան մրրիկներուն դէմ անվհատ կանգնելու եւ իր արդար իրաւունքներուն տիրանալու անընկճելի կամքը առօրեայ ապրում են հոն։ Հայ մտքի բուրաստանները ակօսող եւ զանոնք մեր հանճարին ամենաջինջ ակունքներէն որոգող լոյսի տաճարն է այդ։ Վերջապէս դպրեվանքը կրթական այն օճախն է որ ուսանողին կ՜ապահովէ մարդկայնական կազմաւորում եւ անոր կը ջամբէ համամարդկային եւ հոգեւոր արժէքներու խոր գիտակցութիւն։

Արդարեւ անոր ութամեայ կրթական ծրագիրը աւարտող ուսանողը երբ վերջնականապէս կ՜ընտրէ կուսակրօն կեանքը, ընտրած կ՜ըլլայ ծառայութեան եւ նուիրումի ճամբան, շարունակ տալու ճամբան։ Ու ան կու տայ իր սրտէն, իր մտքէն հոգեկան մխիթարութիւն բաշխելով իր ժողովուրդին եւ վառ պահելով անոր հոգւոյն մէջ ազգային գիտակցութեան անթեղուած կրակը։

Իսկ անոնք որոնք կ՜ընտրեն նետուիլ կեանքի գուպարին մէջ, իրենց հետը կը տանին դպրեվանքի դաստիարակութիւնը իբրեւ ժառանգ եւ կը ծառայեն իրենց կարգին իրենց ընտրած բնագաւառին մէջ։

Եթէ այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին թեմերն ու եկեղեցիները կը ծաղկին ու կաթողիկոսութիւնը իր թեմակալ եպիսկոպոսներով եւ յատկապէս իր գահակալին մտքի լուսափայլ ճաճանչներով կը ճառագայթէ միջազգային եկեղեցական եւ քաղաքական ատեաններու մէջ անիկա կը պարտինք նախ եւ առաջ դպրեվանքին, իրենց կրթութեան օրրանին եւ հոն պաշտօնավարող հոգեւորական թէ աշխարհական մտքի մշակներուն։

Այս առթիւ յանուն Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովին պարտք կը զգամ շնորհակալութեան խօսք ուղղելու Ն. Վ. Տէրութիւն Հանրապետութեան Նախագահ, Շէյխ Ամին Ժըմայէլին որ սիրով յանձն առաւ հովանաւորել այս հանդիսութիւնը ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Նախարար Վիկտոր Գասիրին որ կը ներկայացնէ Ն. Վսմափայլ Տէրութիւնը։

Մեր շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտական ամենախոր զգացումները կը յայտնենք Վեհափառ Հայրապետին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին եւ վերջին տարուայ առողջական խանգարումներուն, իր անմիջական հոգածութեան առարկան դարձուց դպրեվանքը եւ անոր նոր շէնքին կառուցումը։

Թող ներէ մեզի ըսելու որ առանց Ն. Սրբութեան աշխատանքներուն այս հոյակապ շինութիւնը կրնար դեռ եւս երկար ատեն երազի սահմաններուն մէջ մնալ։

Շնորակալութեան խօսք ունինք Տ.Տ. Տաթեւ Սրբազան Արք. Սարգիսեանին, նախկին Տեսուչ Դպրեվանքի, այժմ թեմակալ Առաջնորդ Ամերիկայի արեւմտեան թեմին որ օրը օրին ապրեցաւ դպրեվանքի շինութեամբ արծարծուած բոլոր տաղտուկները եւ ճիգ ու քրտինք չխնայեց զայն իրագործուած տեսնելու համար։ Յարգանք իր վաստակին։

Շնորհակալութեան խօսք ունիմ բոլոր նուիրատուներուն ինչպէս նաեւ եկեղեցականներուն եւ աշխարհականներուն ու յատկապէս ճարտարապետ պրն. Բաբգէն Այվազեանին եւ յանձնակատար պրն. Սարգիս Խաչերեանին որոնց նուիրումն ու համբերատար աշխատանքը նպաստեցին շինութեան բարւօք աւարտին։

Վերջապէս Պիքֆայայի դալարագեղ լանջքին վրայ կանգնած այս գեղակերտ դպրեվանքը պիտի մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէկ կենդանի վկայութիւն մը իր շնորհազարդ գահակալին անհամար զոհաբերութեան եւ նուիրումին եւ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու գուրգուրանքին հանդէպ այս կրթական եւ հոգեւոր ազգային հաստատութեան։

Ceremonie d՚Inauguration du nouveau Seminaire

Son Excellence Monsieur le President de la Republique represente ici par son Excellence M. Victor Cassir, Ministre de l՚Economie Nationale.

Saintete Excellences Reverends Peres

Mesdames et Messieurs

Au nom du Comite executif central du Catholicossat armenien de Cilicie, permettez-moi de vous souhaiter la bienvenue à la ceremonie d՚inauguration de son nouveau Seminaire.

Ce seminaire plante sur le flanc de cette montagne libanaise, terre d՚accueille, d՚amour et de paix, en depit des vicissitudes de cette periode douloureuse de son histoire les jeunes vocations de la communaute armenienne pour leur assurer une formation humaniste, la connaissance et l՚amour de la verite conduisant l՚homme à Dieu.

S՚attachant à des finalites superieures à la simplռ existence transcendant toutes les valeurs humaines, ce seminaire entend offrir à ses etudiants un milieu favorable à leur epanouissement en les stimulant à nourrir leur foi et en repondant aux problEmes que pose leur vocation sur le double plan moral et spirituel.

Il leur transmet aussi parallElement à leur formation l՚heritage culturel et spirituel de leurs ancՍtres auquel s՚ajoute celui du peuple libanais creant ainsi une source d՚enrichissement intellectuel et culturel.

Mais leur programme ne s՚arrՍte pas là. Les seminaristes etant les futurs serviteurs de Dieu et des hommes apprendront entre autres au fil de leurs etudes à mieux connaՏtre le Liban et à œuvrer dans l՚exercice de leur sacerdoce pour que celuici retrouve la paix, panse ses blessures et continue à s՚atteler à son developpement culturel, economique et social pour le grand bien de tous ses fils.

Il est tres important que des personnes qui par leur vocation s՚attachent essentiellement à la conscience puissent quelques fois rallier à cette conscience les symbioses du spirituel et du temporel.

En inaugurant la nouvelle construction du Seminaire du Catholicossat armenien de Cilicie, nous avons la ferme conviction de consolider notre attachement à cette chere patrie et d՚affermir notre foi dans sa perennite.

A cette occasion, je vous prie Monsieur le Ministre de bien vouloir transmettre à Son Excellence Monsieur le President de la Republique, Cheikh Amine Gemayel, nos remerciements pour la marque d՚honneur et d՚interՍt qu՚il nous a temoignee ayant bien voulu presider et asister en personne à la premiEre partie cette ceremonie inaugurale et d՚accepter vous-mՍme, Monsieur le Ministre nos sincEres remerciements.

Nous ne saurions proceder à cette inauguraton sans exprimer nos sentiments de vive gratitude et de profonde estime envers sa Saintete le Catholicos Karekine II qui malgre ses multiples occupations et les ennuis de sante qu՚il a eus depuis un an n՚a cesse de s՚en occuper de pres pour realiser un projet qui naguere etait un rՍve et qui sans ses efforts pouvrait encore demeurer dans le domaine du possible.

Nous adressons egalement nos vifs remerciements à Son Excellence Mgr. Datev Sarkissian, ancien directeur du seminaire et depuis 3 mois Prelat des Armeniens de Californie, à Los Angelos qui, tout au long de la construction, a fait preuve de patience et de perseverence dans le travail et a prՍte main forte pour l՚achEvement de la construc- tion.

Merci enfin à toutes les personalites civiles ici presentes, à la communaute armenienne, à tous ceux qui par leur aide financiEre ou par leur labeur et leur devouement ont concouru à la realisation de cette construction.

Encore une fois merci à tous.

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ (1968)
Սիրելի Բարեկամներ

Խօսիլ ազգային վարժարաններու մասին կը նշանակէ շօշափել մեր գաղութահայ կեանքը հետաքրքրող շատ կարեւոր հարցերէն մէկը։

Եթէ կ՜ընդունինք որ գաղութներու մէջ մեր հիմնական գործը ազգապահպանումն է ապա ուրեմն հայ դպրոցը կը հանդիսանայ անվիճելի կռուան մը ազգային արժէքներու, մեր լեզուին, պատմութեան եւ մեր աւանդութեանց պահպանման տեսակէտէն։

Հայ վարժարաններու մէջ տրուած հայեցի դաստիարակութեամբ հայ մանուկը հաղորդակից կ՜ըլլայ իր ժողովուրդին ստեղծագործ հանճարին ու իր հոգիին մէջ կը դրոշմուի անկորնչելի կերպով ազգային արժէքներու խոր գիտակցութիւնը։

Հոն է որ ան պիտի գտնէ իր մտքի լուսաւորութեան անհրաժեշտ գիտելիքներու կողքին իր ազգային անհատականութիւնը զարգացնող նպաստաւոր միջավայր։

Ապազգայնացման եւ օտարամոլութեան յորձանքներուն կուրծք տալու համար հայ աշակերտը պէտք ունի զինուելու իր ազգային աւանդութիւններով, ոգեւորուելու իր նախնիքներու  սխրագործութիւններով եւ մանաւանդ գօտեպնդուելու հաւատքի ոյժով, հաւատք իր բարոյական եւ ազգային իրաւ  արժէքներու,  հաւատք իր գոյութեան իսկ իմաստ տուող իր ազգային առաքելութեան եւ վերջապէս հաւատք իր ժողովուրդին յաւերժութեան։

Պատմութիւնը կը վկայէ որ ժողովուրդի մը գոյատեւման հիմնական ազդակներէն մին եղած է իր լեզուին պահպանումը։

Բոլորիս ալ ծանօթ է որ հայկական հոծ գաղութներ կորսուած են առ յաւէտ անոր համար որ կորսնցուցած են նախ իրնեց տոհմային նկարագիրը ապա իրենց լեզուն։

Այդ գաղութներէն մնացած են լոկ արձանագրութիւններ, ձեռագիրներ, եկեղեցւոյ քանդակներ իբրեւ յիշատակարան անհետացած անցեալէն։

Այսօր եւս նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ մեզի զանազան երանգներով եթէ տէր չի կանգնինք մեր պատասխանատուութիւններուն ու չի գուրգուրանք մեր մշակոյթի եւ լեզուի օրրաններուն վրայ։

Անցնելով մեր օրուայ նիւթին, պիտի ուզէի նախ ուրուագծային պատկեր մը տալ հայ ազգային վարժարաններուն ներկայ վիճակէն, որոնել անոնց մէջ թերին եւ տեսնել թէ ինչ կարելի է ընել անոնց վիճակը բարելաւելու համար։

Ա.- Ազգային Վարժարաններու Վարչական Կառոյցքը

Ազգային վարժարանները տեսակ մը  ծխական վարժարաններ են։ Անոնց պատասխանատու մարմիններն են նոյն շրջանի թաղականութիւնները, ըստ ազգային սահմանադրութեան։ Թաղականութիւնները, համախորհուրդ ուսումնական խորհուրդին, կը նշանակեն հոգաբարձու մարմիններ որոնք կը զբաղին դպրոցով։ Այս վերջինները հաշուետու են թաղականութեան այն ինչ որ կը վերաբերի պիւտճէական հարցերուն իսկ ուսումնական խորհուրդին կրթական եւ դաստիարակչական խնդիրներու համար։

Ուսումնական խորհուրդը որ կը բաղկանայ 7 հոգիէ մեր ազգային վարժարաններու գերագոյն մարմինն է։ Ան կը նշանակուի քաղաքական ժողովի կողմէ եւ հաշուետու է անոր։

Ուսումնական խորհուրդը իր կարգին կը նշանակէ խնամակալութիւններ այն դպրոցներուն համար որոնք ոեւէ թաղականութեան ենթակայ չեն։

Դպրոցներու տնօրէնները պատասխանատու են կրթական հարցերուն նկատմամբ ուսումնական խորհուրդին։ Թաղականութիւնները եւ կամ խնամակալութիւնները չեն կրնար զանոնք փոխել, գործէ արձակել առանց ուսումնական խորհուրդի հաւանութեան։ Ամէն դպրոց իր սեփական միջոցներով կը պարտի փակել իր պիւտճէն, հակառակ պարագային ուսումնական խորհուրդը, քննելէ յետոյ հաշիւները, որոշ յատկացումներ ընելով կը փակէ զայն։

Դժբախտաբար ուսումնական խորհուրդին նիւթական միջոցներն ալ սահմանափակ են։

Վարչական գետնի վրայ մեր դպրոցները ենթակայ են  պետական օրէնքներուն ինչպէս նաեւ ազգային իշխանութեան կողմէ մշակուած յատուկ կանոնագրութեան։ Մէկը միւսին լրացուցիչն է։ Այս կանոնագրութիւնը որ վաւերացուեցաւ 1965ին կը ճշդէ մեր ուսուցիչներուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները ինչպէս նաեւ պատասխանատու մարմիններուն իրաւասութիւնները։

Ուսումնական խորհուրդը իր տրամադրութեան տակ ունի կրթական քննիչ մը որուն իրաւասութիւնները ճշդուած են նոյն կանոնագրին մէջ։ Ան ամիսը 1 անգամ, առնուազն կ՜այցելէ մեր բո- լոր վարժարանները ստուգելու համար թէ մեր ծրագիրը լիովին կը գործադրուի՞ թէ ոչ։ Կանոնաւոր կերպով տեղեկագիր կը ներկայացնէ Առաջնորդ Ս. Հօր եւ ուսումնական խորհուրդին։

Բ.- Լիբանահահայ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Թիւը

1) Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին 23 ազգային վարժարաններ որոնց մէկը զուտ երկրորդական է, 2ը լման կարգերով վարժարաններ են (մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ  երկրորդական բաժին) 1ը միջնակարգ է եւ մնացեալ 19ը նախակրթարան որոնց մէջ նոյնպէս 3 վարժարաններ նախակրթարանի ամբողջական բաժինները չունին։

Մեր 23 վարժարաններու աշակերտութեան թիւն է 1960-61 տարեշրջանին համար 5389 հոգի։ Որոնց 2705 մանչ, 2694 աղջիկ։ Ասոնց 323ը երկրորդական բաժինն են, իսկ 5066 նախակրթարան ներառեալ մանկապարտէզը (շուրջ 2000)։

2) Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Թիւին համեմատութիւնը հայ վարժարաններու աշակերտութեան եւ Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան թիւին հետ։ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ դպրոցները ունին շուրջ 20.000 աշակերտ ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ազգային վարժարանները ունին այդ աշակերտութեան 1/3ը։

Լիբանանի մէջ գտնուող անհատական վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 336.705 իսկ պետական վարժարաններու աշակերտութեան թիւն է 203.534, ընդհանուր գումար 540.339, ինչպէս ըսինք այս թիւին 20.000ը հայ վարժարաններ կը յաճախեն միայն։

Վերոյիշեալ թիւերէն կարելի է հետեւցնել որ հայ վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւը կը ներկայացնէ շուրջ 3% Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան, իսկ ազգային վարժարաններ յաճախողներուն թիւը 1%։

Եթէ պահ մը ընդունինք որ Լիբանանի մէջ ներկայիս կը բնակին շուրջ 2.200.000 ժողովուրդ եւ աշակերտութեան թիւը ըլլալով 540.319 ուրեմն Լիբանանի բնակչութեան 24.5%ը դպրոց կը յաճախէ։

Այս համեմատութենէն ներշնչուելով, եթէ ընդունինք որ Լիբանանի մէջ կ՜ապրին շուրջ 140-150 հազար հայութիւն, ուրեմն բնական է որ մենք պէտք է ունենայինք 34-35 հազար աշակերտութիւն, որուն կէսն իսկ մեր վարժարաններուն մէջ չեն։

Ինչ կը ցուցնէ այս պատկերը.-

1) Ան ցոյց կու տայ որ մենք մեծ թիւով աշակերտներ ունինք օտար վարժարաններու մէջ։

2) Նկատի ունենալով որ մեր նախակրթարաններու առաջին դասարանին աշակերտութեան հազիւ թէ 1/3ը կը մնայ վերջին դասարան, հայ աշակերտութեան մեծ տոկոսը իր ուսումը կը լքէ կամ նախակրթարանի սեղաններուն առջեւ եւ կամ աւելի քիչ համեմատութեամբ երկրորդական վարժարաններու առաջին դասարաններուն մէջ։

Նախակրթարանի աշակերտները, 9-10 տարեկան, ձգելով դպրոցը կը նետուին արհեստանոցներ ուր անզգոյշ վարպետներու ձեռքերուն ներքեւ ակամայ կը կորսնցնեն թէ իրենց բարոյական կառոյցքը եւ թէ իրենց նկարագիրը։

Ահա հիմնական հարց մը զոր կը յանձնեմ ձեր խորհրդածութեան։

Գ.¬ Ուսուցչական կազմ

Ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն թիւն է 1966-67 տարեշրջանին համար 301։ Ան եղած է 280՝ 1963-64ին, իսկ 298՝ 1965-66ին։

Անոնց բոլորն ալ դասաւորուած են ըստ պետական օրէնքին եւ մեր կանոնագրութեան։

Պետական վկայական ունեցողները 2 տարի թերավարժ ըլլալէ յետոյ կը դառնան cadre եւ կը ստանան հետեւեալ կերպով։

Brevet ունեցողը 205 լ.ո.

Terminal ունեցողը 232.5 լ.ո.

B.A. կամ համալսարանական վկայական ունեցողը 355 լ.ո.

Licence կամ M.A. ունեցողը 505 լ.ո.

Առաջին երկուքը կը ստանան 27.5 ոսկիի յաւելում մը ամէն 2 տարին անգամ մը։

B.A. ունեցողը կըստանայ, 35 ոսկիի յաւելում մը, իսկ Licence կամ M.A. ունեցողը 45 ոսկի ամէն երկու տարին։

Վկայական չունեցող ուսուցիչներուն նուազագոյն թոշակն է 145 լ.ոսկի որուն վրայ կ՜աւելնայ 15 լ.ոսկի, 2 տարին անգամ մը եթէ դպրոցը ձրիավարժ է, այլապէս կը դառնայ cadre եւ կը դասաւորուի 7րդ աստիճանով ու կը ստանայ 205 լ.ոսկի։

Ազգային իշխանութեան կանոնագրութիւնը աւելի բարեացակամ է այս ուղղութեամբ։

Պետական վկայական չունեցող ուսուցիչները կը դասաւորուին 3 կարգի։

Ա. Կարգին կը պատկանին երկրորդական վկայական ունեցողները անոնց կը վճարուի 205 լ.ոսկի

Բ. Կարգին կը պատկանին միջնակարգ ուսում ստացողները անոնց կը վճարուի 175 լ.ոսկի

Գ. Կարգին կը պատկանին միջնակարգէն վար ուսում ստացողները, անոնց կը վճարուի 145 լ.ոսկի։

Ա. Կարգի պատկանող ուսուցիչները կը ստանան 2 տարին անգամ մը 20 լ.ոսկի, իսկ Բ. եւ Գ. կարգերու պատկանողները 15 ոսկի, երբ դպրոցը ձրիավարժ է, այլապէս պիտի ստանային հարկադրաբար 27.50 լ.ոսկի։ Ամուսնացած ուսուցիչները կը ստանան 15 լ.ոսկի իրենց տիկնոջ համար եթէ այս վերջինը չ՜աշխատիր եւ 15 լ.ոսկի ամէն մէկ զաւկին համար։

Ազգային Վարժարաններու Պիւտճէն

Ազգային վարժարաններու պիւտճէն 1966-67 տարեշրջանին բարձրացաւ 979.832 ոսկիի։ Ան 1962-63ին հազիւ թէ կը հասնէր 550- 600 հազարի։ Ուրեմն 4 տարուան ընթացքին անիկա աւելի քան 379.832 ոսկիի յաւելում կրած է։

Ասիկա արդիւնքն է մէկ կողմէն պետական օրէնքներու գործադրութեան ինչպէս նաեւ միւս կողմէ ազգային իշխանութեան ցոյց տուած յարաճուն հետաքրքրութեան։ 1962-63ին կային 60-90 ոսկիով պաշտօնավարող ուսուցիչներ, այսօր նուազագոյն սակն է 145 լ.ոսկի։

Մեր վարժարաններու 15 հատը ձրիավարժ են, 5 հատը ձրիավարժ ըլլալու պայմանները չեն ամբողջացներ, իսկ 3 հատը ազատ են, ոչ ձրիավարժ։ Պէտք է աւելցնել որ ձրիավարժ ըլլալու իրաւունքը կը պատկանի միայն այն վարժարաններուն որոնք նախակրթարանի պետական հինգամեայ ծրագիրը կը գործադրեն։ Ձրիավարժ վարժարանները լիբանանցի եւ արաբական երկիրներու քաղաքացի աշակերտներու հաշւոյն պետութենէն կը գանձեն 50 լ.ոսկի ամէն մէկ աշակերտի գլուխ, պայմանաւ սակայն որ աշակերտներէն 34 ոսկիէն աւելի չգանձեն, 29 ոսկի իբրեւ կրթաթոշակ, 2 ոսկի իբրեւ բժշկական ծախս եւ 2 ոսկի  դասարաններու ջեռուցումին համար։

Դպրոցները այս գումարին վրայ կ՜աւելցնեն 15-20 ոսկի իբրեւ մուտքի տուրք եւ կամ այլ ծախսերու մասնակցութիւն։ Բնականաբար այս յաւելեալ գանձումէն պետութիւնը տեղեակ չի մնար։ Միջին հաշւով նախակրթարանի աշակերտի մը հաշւոյն դպրոցը  կը գանձէ 115-120 ոսկի, որուն միայն 55-60ը աշակերտէն։

Թէեւ պետութիւնը կը պարտադրէ մեզի որ նախակրթարանի աշակերտներէն 34 ոսկիէն աւելի չգանձուի, այսուհանդերձ մեզ ազատ կը թողու մանկապարտէզին համար որուն նպաստ չի վճարեր ինքը։

Մանկապարտէզի աշակերտութենէն դպրոցը կրնայ գանձել իր յարմար դատած սակով։ Մանկապարտէզը որուն ուսուցչուհիները համեմատաբար քիչ կը վճարուին, եւ ուր աշակերտութեան թիւը բարձր է յաճախ, նախակրթարանի բացը կը գոցէ։

Եթէ հաշիւ մը ընենք, պիտի տեսնենք թէ ամէն մէկ աշակերտ, դպրոցին կ՜արժէ 115-140 ոսկի։ Կարգ մը դպրոցներ իրենց պիւտճէն կը հաւասարակշռեն առանց դժուարութեան մինչ ուրիշներ ստիպուած են ձեռնարկներ ընելու։

1966-67ին մեր բոլոր դպրոցներու (23 վարժարան) համար, ընդհանուր բացը եղած է 43.429 ոսկի միայն։

Պէտք է աւելցնել այս առթիւ որ պետութիւնը որոշ պարտադրանքներ կը ներկայացնէ դպրոցները ձրիավարժ ճանչնալու համար։

1) Նախ պէտք է պետական կրթական ծրագիր մշակել որմէ յետոյ կրնանք մեր ուզած այլ նիւթերը դասաւանդել։ Այս մէկը անշուշտ մեր ալ փափաքն է։

2) Ամէն մէկ դասարանի մէջ 40 հոգիէ աւելի աշակերտ չընդունիլ, ինչ որ թէ մանկավարժական եւ թէ առողջապահական տեսակէտէն օգտակար որոշում մըն է։

3) Կը պահանջէ որ 1965-66էն ասդին գործի կոչուած բոլոր ուսուցիչները ունենան առնուազն պետական Brevet մը եւ կամ անոր համազօր նկատուած պետական վկայական մը։

Այն ուսուցիչները որոնք 1965-66էն առաջ արդէն կը պաշտօնավարեն զերծ են այս սեղմումէն։

Ազգային իշխանութիւնը կրցաւ պետութեան հետ կարգադրել որ պետական ծրագրին մաս չկազմող նիւթերը դասաւանդող ուսուցիչները ենթակայ չըլլան այս օրէնքին, օրինակ՝ հայերէնի ուսուցիչները, պատմութեան, կրօնքի…։ Պետութիւնը, բացառիկ կարգադրութեամբ մեզի պաշտօնապէս արտօնեց այդ եւ այս որոշումէն օգտուեցան նոյնպէս միւս հայկական վարժարանները։ Այդ վաւերաթուղթին photocopyները ապակիի տակ դրինք եւ ղրկեցինք բոլոր վարժարաններուն որպէսզի պետական քննիչներու անտեղի դիտողութենէն զերծ կացուցուինք։

Ազգային Վարժարաններու տուած արդիւնքը պետական քննութեանց մէջ

Ազգային Վարժարանները 1967ին ներկայացած են 222 աշակերտ պետական սէրթիֆիքայի եւ 19 պետական պրըվէի։ Ներկայացած 222 աշակերտութեան 52ը համապատասխան դասարաններէն վեր եղող դասարաններու կը պատկանին։ Նախակրթարանի բաժնին պատկանող զուտ (222-52) 170 աշակերտութիւն ներկայացած է։ Ասոնց արդիւնքը հետեւեալն է.-

222 աշակերտութեան 65ը յաջողած են, ուրեմն 29.27%ը, իսկեթէ լոկ նախակրթարանի աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը փնտռենք, պիտի տեսնենք որ  170  աշակերտութեան  միայն 20ը յաջողած են ինչ որ ցոյց կու տայ 10.75%։

Այս պատկերն իսկ խափուսիկ է, քանի որ մեր բոլոր նախակրթարանները իրենց վերջին դասարաններուն աշակերտութիւնը չեն ղրկած պետական քննութեանց։ Եթէ նկատի ունենանք 5րդ դասարանի այն աշակերտները, որոնք քննութեան չեն ներկայացած միւսներուն հետ պիտի ունենանք հետեւեալ պատկերը.-

170+90=260 7.10%, իսկ պետական միջինը համեմատաբար 41.74%։

Պրըվէի պարագային 1967ի միակ վարժարանը որ պրըվէի աշակերտութիւն ներկայացուցած Ս. Յակոբեանն է։ Ներկայացած 10 աշակերտութեան 9ը յաջողած են ինչ որ կ՜ընէ 90% յաջողութիւն պետական միջին համեմատութիւնն է պրըվէի համար 28.94%։

Ըստ պետական վիճակագրութեանց Լիբանանի մէջ գործող ազատ (սեփական) վարժարաններուն մէջ կը գտնուին 900 նախակրթարան, 207 միջնակարգ եւ 191 երկրորդական վարժարան։

1966ին ներկայացած 46.696 աշակերտի վրայ 19.514ը յաջողած են certificat-ի ինչ որ կ՜ընէ 41.71%։

Եթէ առնենք ազգային վարժարաններու վերջին դասարաններու աշակերտութեան թիւը, շուրջ 240, պիտի տեսնենք որ մեր նախակրթարաններուն մօտ համեմատութիւնը կը պակսի։

Այս կը ցուցնէ որ մեր նախակրթարանները չեն արդարացներ իրենցմէ սպասուած ակնկալութիւնը։ Վերջին հաշւով ընդունելով հանդերձ որ անհրաժեշտ է մեր զաւակներուն տալ հայեցի դաստիարակութիւն, չենք կրնար, այսուհանդերձ չի պահանջել որ անոնք երկրի լեզուն սորվին եւ ստանան առնուազն certificat մը։ Մանաւանդ ըստ նոր օրէնքի, ոեւէ մէկը չի կրնար brevet-ի ներկայանալ եթէ 4 տարի առաջ չէ յաջողած certificat-ի քննութեան։ Նոյնպէս ոեւէ մէկը չի կրնար baccl.-ի արձանագրուիլ եթէ երկու տարի առաջ չէ յաջողած brevet-ի, այս օրէնքը ի զօրու չէ այն դպրոցներուն համար որոնք ամբողջական lycee-ի բնոյթ կը կրեն, այսինքն ունին մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։ Այս օրէնքը ի զօրու է անոնց որոնք իրենց ուսումը կը շարունակեն զանազան վարժարաններու մէջ։ Ինչ որ է հայ աշակերտին  պարագան։ Եթէ Ազգ. վարժարաններու նախակրթարան  յաճախող աշակերտ մը չի յաջողի certificat-ի չի կրնար ուսումը շարունակել մինչեւ որ կրկնելով կամ դպրոց փոխելով զայն չառնեն։ Ուրեմն կը տեսնէք թէ պարզապէս մեր դպրոցներու մակարդակը բարձրացնելու մտահոգութիւններ չունինք միայն այլ մեր դպրոցները յաճախող աշակերտներուն ապագան չի խորտակելու հարց մը կայ։ Ծնողքը կը գիտակցին այս իրողութեան եւ իրենց արդար պահանջքն է որ մենք կարենանք անպայման յաջողցնել, գոնէ տրամաբանական համեմատութեամբ, մեր նախակրթարաններուն վերջին կարգին աշակերտները պետական certificat-ի մէջ, այլապէս մեր դպրոցները հետզհետէ պիտի պարպուին իրենց լաւագոյն աշակերտներէն եւ հոն պիտի մնան միայն անոնք որոնք արդէն յոյս չունին յաջողելու եւ ոչ ալ տրամադրութիւն՝ շարունակելու։

Ազգային իշխանութիւնը մտահոգ այս կացութենէն, իր մասնաւոր ուշադրութեան նիւթ դարձուցած է դպրոցներու պարագան։ Թէպէտ ան ճիգ չի խնայեր, սակայն արդիւնքը տակաւին մխիթարական ըլլալէ շատ հեռու է։

Հետեւեալ ցուցատախտակը կը բացատրէ թէ ինչպէս մեր դպրոցները հետզհետէ պարպուելէ յետոյ սկսան կամաց կամաց վերստին լեցուիլ առանց սակայն հասնելու հոն ուր պէտք է որ տեսնէինք զանոնք։

1955-56 5436

1957-58 4729

1960-61 4386

1962-63 4093

1965-66 5280

1966-67 5389

Որոնք են այն գլխաւոր պատճառները որոնց համար մեր դպրոցները ցարդ գոհացուցիչ արդիւնք չի տուին, բացի պրըվէի քննութիւններէն որոնց արդիւնքը շատ գնահատելի է։

Ըստ մեզի պատճառները հետեւեալներն են.-

1) Որակեալ ուսուցիչներու պակաս

2) Լաւ մշակուած ծրագրի եւ մեթոտի պակաս

3) Դպրոցներու նիւթական վիճակը՝ ըսել կ՜ուզեմ ֆիզիքական, առարկայական

4) Ազգային վարժարան յաճախող աշակերտներուն պատկանած ընկերային միջավայրը

Որակեալ Ուսուցիչներու Պակաս

Նախքան 1964-65 բարեկարգութիւնները եւ պետական նոր օրէնքներու եւ ազգային իշխանութեան կանոնագրութեան գործադրութիւնը մեր դպրոցներու մէջ, պաշտօնավարող 270 ուսուցիչ-ուսուցչուհիները կը ներկայանային կրթական հետեւեալ մակարդակով.-

6 հոգի բարձրագոյն ուսման մակարդակով 38 հոգի երկրորդական ուսման մակարդակով 63 հոգի միջնակարգ ուսման մակարդակով

163 հոգի միջնակարգէն վար

Այսօր պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ կերպով

22 համալսարանական (բարձրագոյն ուսում ստացած) 100 երկրորդական որոնցմէ 25 պաքալ. ունեցող

82 միջնակարգ որոնցմէ 22 պրըվէ ունեցող

91 միջնակարգէ վար Ուրեմն,

1962-63 1966-67

համալսարանական 2.12% 7.5%

երկրորդական 13.45% 35%

միջնակարգ  26% 24%

նախակրթարան 55% 33.5%

Անշուշտ, ասով կը բացատրուի դպրոցներու պիւտճէներուն կրած շուրջ 50% յաւելումը։

1962-63

120 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 60-90 ոսկի, այսօր կը ստանան 160 ոսկի

33 ուսուցիչներ կը ստանային 90-100 ոսկի, ներկայիս կը ստանան 175 ոսկի

36 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 110-140, այսօր կը ստանան 175-200

27 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 140-150, այսօր կը ստանան 200-225 ոսկի

65 այլ ուսուցիչներ ստացած են նոյնպէս յաւելումներ 20 մինչեւ 100 ոսկի։

Տնօրէնները կը ստանան 450-675 ոսկի

Կատարուած յաւելումները եղած են 15-19% համեմատութեամբ նախորդ սակերու։

Կարելի է դիւրութեամբ նշմարել որ մեր սակերը աւելի բարձր են քան պետական սակերը, այսուհանդերձ անոնք կը մնան տակաւին շատ հեռու գոհացուցիչ ըլլալէ։ Անոնք նոյնիսկ անբաւարար են։ Վերոյիշեալ վիճակագրութենէն երեւան կու գայ որ մեր ուսուցչական կազմին կրթական մակարդակը բաւական բարելաւուած է, սակայն վախճանական իմաստով, եթէ արդիւնքէն պիտի դատենք ու նկատի ունենանք պետական certificat մէջ մեր արձանագրած արդիւնքը, պատկերը յուսադրիչ չէ։

Ծրագրի եւ մեթոտի պակաս

Մեր դպրոցները կը գործադրեն ներկայիս լիբանանեան կրթական ծրագիրը։ Սակայն իբրեւ երկրորդական լեզու ոմանք կ՜առնեն ֆրանսերէնը ուրիշներ անգլերէնը։ Տրուած ըլլալով որ մեր վարժարանները ձրիավարժ յայտարարած ենք, հետեւաբար ստիպուած ենք հաւատարմօրէն պահել եւ գործադրել հնգամեայ դասընթացք։ Այս յառաջ կը բերէ խճողում կրթական ծրագիրի մէջ։ Արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, ազգ. պատմութիւն եւայլն։ Պէտք է ուրեմն բարեփոխել մեր կրթական ծրագիրը։ Ազգային իշխանութեան մէջ շատ մը յարգելի ազգայիններ կ՜ընդվզին երբ հարց դառնայ արաբերէն լեզուին յատկացուած պահերը աւելցնել ի վնաս այլ դասերու։ Հայերէնի, ազգային պատմութեան, կրօնքի, թուաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ գիտութեան հայերէն լեզուով ուսուցումի ինչ որ կրկնութիւն յառաջ կը բերէ։ Տակաւին այս հարցը պահանջուած լուծումը չէ գտած։ Որոշ հասկացողութիւններ ցոյց տրուեցան սա- կայն զանազան տեսակէտներու կողմնակիցներուն միջեւ։

Լաւագոյն կարգադրութիւնը այն եղաւ որ նկատի ունենալով մեր ծրագիրներուն խճողեալ հանգամանքը եւ հայ աշակերտին արաբական միջավայրէն հեռու մնալը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի միջեւ ստեղծուեցաւ նոր դասարան մը՝ նախապատրաստական։ Այդ դասարանը պիտի ունենայ յատուկ ծրագիր։ Արաբերէնի լայն տեղ տրուեցաւ։ Հոն է որ մանկապարտէզէն եկող փոքրիկ աշակերտը պիտի վարժուի արաբերէն խօսակցութեան, պիտի լսէ պատմութիւններ արաբերէն եւ պիտի շարունակէ արդէն ման- կապարտէզի  մէջ  սորված  իր  սկզբնական  արաբերէնը։  Բնականաբար հայերէն լեզուն, պատմութիւնը, եւ երգը կը մնան հիմնական դասեր։ Սակայն շեշտը դրուած է առաւելաբար արաբերէնի վրայ։

Այս ձեւով  նախապատրաստական  դասարանէն  ելած  աշակերտ մը աւելի լաւ պիտի իւրացնէ նախակրթարանի արաբերէն ծրագիրը։

Եւ ան հինգ տարիէն, այսինքն 12 տարեկանին ապահովաբար պիտի դիմէ դէպի certificat քննութիւնները։

Այս բոլորը կը մնան ծրագիր եթէ դպրոցի պատասխանատուները պատշաճ գիտակցութեամբ չի հետապնդեն աշխատանքները եւ արդիւնքներէն մեկնելով եզրակացութիւններու չի յանգին։

Ամէն մէկ դպրոց պէտք է ունենայ իր արաբերէնի պատասխանատու ուսուցիչը որուն պարտականութիւնն է հետեւիլ արաբերէն լեզուի ուսուցումին։ Ֆիշեր կը պատրաստէ, վիճակագրութիւններ կ՜ընէ եւ կը տեղեկագրէ տնօրէնութեան որուն կը կցէ նոյնպէս իր առաջարկները։ Աշխատանքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ միշտ բաղդատական այլ վարժարաններու համապատասխան դասարաններուն հետ։ Պէտք չէ որ մենք կղզիացած աշխատանքներ տանինք։

Ըսենք նոյնպէս Մեթոտ՝

Այդ մեր դասագրքերու պարագան է։ Մեր դպրոցներու մէջ գործածուած դասագրքերը մեծ մասամբ ժամանակավրէպ են իբրեւ մեթոտ։ Ներկայիս լեզուներու ուսուցման համար կը գործածուին մեթոտ active, կը մեկնին բառէն հասնելով վանկին, ապա եւ վանկէն տառին։

Մեր դասագրքերը գրաւիչ չեն, անոնք աշակերտութեան ոչ երեւակայութիւնը կ՜աշխատցնեն ոչ իր ճաշակը կը նրբացնեն եւ կը զարգացնեն ոչ իսկ անոր յիշողութիւնը կը մարզեն ու կը խթանեն։ Նախակրթարաններու  դասագրքերը  պէտք  է  ըլլան  իրենց  տառերով, պատկերներով, նիւթերու ընտրութեամբ աստիճանաւորուած (progressive). մեր դպրոցներուն մէջ, ա. եւ բ. դասարաններուն գրքերուն համար գործածուած են նոյն տառերը ինչ որ 4-5ին համար։

Պատկերները պէտք է ըլլան գրաւիչ, հետաքրքրական եւ մանուկին մտքին հասունութեան հետ համապատասխան եւ մանաւանդ անոր երեւակայութիւնը սրող։

Եթէ մեզի առարկուի որ անհատներ ի վիճակի չեն գոյութիւն ունեցող գիրքերէն աւելին ընելու որովհետեւ անիկա ծախս կը պահանջէ եւ անոնք ապահով չեն որ կարենան սպառումի միջոցով դիմագրաւել հսկայական ծախսերը, կարելի է ըսել որ այդ գործը պէտք է ըլլայ ազգային իշխանութեան հովանաւորութեամբ եւ կարգադրութեամբ։

Կարելի է մրցումի ձեւով պարտականութիւն տալ քանի մը մասնագէտներու որ գան եւ իրենց տրուած նիւթին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացնեն։ Յանձնախումբ մը կը քննէ, կ՜ընտրէ եւ լաւագոյնները ընտրելէ յետոյ կը համադրէ։ Այդ գործերուն համար պէտք է վարձատրութիւն նախատեսել բնականաբար։ Ազգ. իշխանութիւնը իր ծախսերով կը հրատարակէ եւ զանոնք գործադրութեան կը դնէ իր դպրոցներէն ներս։

Երբ նկատի կ՜ունենանք որ ամէն մէկ գրքէն տարին առնուազն 400-700 օրինակ կը վաճառուի, կը խորհիմ որ յատկացուած գումարը վտանգի չենթարկուիր։

Մեր Դպրոցներուն Ֆիզիքական (materiel) Պայմանները

Մեր դպրոցները բաղդատած օտար վարժարաններուն շատ խեղճ պայմաններու տակ են։ Ի բաց առեալ քանի մը վարժարաններէ որոնք ներկայանալի են, մնացեալներուն դասարանները կը մնան շատ փոքր իսկ փակերը պզտիկ։ 20 մ.ք. դասարանի մը մէջ յաճախ կը թխմուին 30-40 աշակերտներ։ Ամէն մէկ աշակերտին 1/2 մ.ք. տարածութիւն պահելով։ Մինչդեռ պահանջուած տարածութիւնն է 1 1/2 մ.ք.։ Բակերը նոյնպէս կը տարբերին 200-500 մ.ք. միջեւ մինչդեռ անոնք պէտք է ըլլան առնուազն 1000 մ.ք.։ Չի խօսինք հիւղաւաններու մէջ մեր ունեցած դպրոցներու մասին ուր երբ ձմեռը անձրեւէ, դասի պահուն, ոչ կարելի է բան մը իմանալ եւ ոչ եւս իմացնել։

Ազգ.  վարժարան  յաճախող  աշակերտութեան  մեծ  մասը կու գայ հայ ժողովուրդի նիւթապէս համեստ եւ տկար մասէն։ Աշակերտութեան մեծ մասը իր պահերը փողոց կ՜անցնէ ուր կը խաղայ ենթակայ ամէն տեսակի տգեղ օրինակներու ազդեցութեան։ Տան մէջ շատեր կը բնակին մէկ սենեակի մէջ, իրենց ծնողներու հետ, մի ջոց իսկ չունին առանձին դաս սորվելու։ Անփափկանկատ այցելուներ արգելք կը հանդիսանան մանուկին դաս սորվելուն եւ այս վերջինը պարտադրաբար ներկայ կ՜ըլլայ իրմէ մեծերու խօսակցութիւններուն, որոնք ափսոս, միշտ ալ անոր բարոյական կառոյցքը ամրացնելու կոչուած չեն։

Ի՞նչ պէտք է ընել։

Ըստ մեզի հետեւեալ պայմանները հրամայական պահանջքի մը բնոյթը կը կրեն.-

1) Ուսուցիչներու կրթական մակարդակի բարձրացում

Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է նիւթական լայն միջոցներ ունենալ եւ ուսուցիչներուն վճարել ոչ միայն պետական սակերուն համաձայն այլ այնքան որքան պէտք է արժանավայել կեանք ապահովելու համար անոր զայն փրկելով առօրեայի նիւթական դժնդակ պայմաններէն։ Ուսուցչութիւնը պէտք է դառնայ կոչում ունեցողներուն համար ասպարէզ եւ ոչ թէ պատահականօրէն անգործ մնացած մարդոց պատսպարան։

Ազգային իշխանութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ եւ կ՜ընէ իր կարելին։ Ազգ. տուրքերու գումարը որուն ցարդ միայն 40% կը յատկացուէր ուսումնական խորհուրդին, 2 տարիէ ի վեր կը յատկացուի անոր 80%ը։ Կանաչ կիրակիի հանգանակութիւնը դժբախտաբար շատ արդիւնաւէտ չէ։ Ան հազիւ թէ ուսումնական խորհուրդին կ՜ապահովէ 9-12 հազար ոսկի տարեկան։

Ուսումնական խորհուրդը իր կարգին կը վճարէ կրթական քննիչի ամսաթոշակները, գործէ արձակուած ուսուցիչներուն հատուցումի 1/3ը եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան կը հասնի պիւտճէն չի հաւասարակշռող աղքատ վարժարաններուն, անշուշտ յետ հաշիւներու խիստ քննութեան։

2) Բոլոր դպրոցներու մէջ ունենալ արաբերէն լեզուի պատասխանատու ուսուցիչներ օգնական տնօրէնի հանգամանքով։

3) Հսկել կարելի եղածին չափ որ դպրոցները թաղականութեանց կամայականութեան չÿենթարկուին։ Այս մարմինները կրնան օգտակար ըլլալ դպրոցներու մատակարարութեան եւ խնամակալութեան համար պայմանաւ սակայն որ հեռու մնան անձնական նկատումներէ։ Դպրոցներու կրթական ուղեղը պէտք է ըլլայ ուսումնական խորհուրդը, որուն որոշումները պէտք է գործադրուին անվիճելի կերպով։

4) Պահանջել մեթոտիկ աշխատանք հետապնդուած եւ հետեւողական կերպով, մանկարվաժական ու արդիական ըմբռնումներուն համաձայն։

5) Միացեալ դասագիրքերու ձեւի որդեգրում։ Մէկ գրքին մէջ աշակերտը պէտք է գտնէ ընթերցանութիւն, հայոց պատմութիւն, քաղաքակրթութեան պատմութիւն, կրօն, լեզու, եւայլն։ Այս համադրութիւնը պէտք է ըլլայ ուսումնասիրուած եւ դասարանէ դասարան ներդաշնակ։

6) Աշխատիլ վերջապէս որ մեր դպրոցները իբրեւ շինութիւն ըլլան գեղեցիկ, գրաւիչ, մաքուր եւ արժանի կրթարան կոչուելու։

7) Եւ իբրեւ ընդհանուր յայտարար նիւթական լայն միջոցներ գտնել թիկունք կանգնելու համար ամէն տեսակի բարեկարգութեան առիթ տուող ծախսերուն։

Ահա սիրելի բարեկամներ, իր ամփոփ գիծերուն մէջ, պատկերը մեր ազգային վարժարաններուն։ Որքան ալ երկար խօսինք այս մասին քիչ պիտի ըլլայ որովհետեւ այս հարցը աղերս ունի մեր ազգային գոյութեան իսկ հետ։

Չկայ անհատական թէ հաւաքական ճիգերու աւելի լաւ օգտագործում քան այն ինչ որ կ՜ըլլայ կրթական գործերու համար։ Լիբանան,  ուր   օտար  վարժարաններ եւ սեփական վարժարաններ կը վխտան, կը յատկացնէ այսուհանդերձ իր պիւտճէին 16.20% կրթական նախարարութեան։ Այսինքն 101.500.000 տոլար։

Պէտք է որ ազգովին մեր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձնենք մեր ազգային վարժարանները։

Վստահ կրնանք ըլլալ, որ երբ անոնք սկսին լաւ արդիւնք տալ, այն ատեն մեր հարցը պիտի դառնայ միմիայն դասարաններ աւելցնելու հարց։

Սակայն ինչ կ՜արժեն ժողովներու եւ հաւաքոյթներու մէջ առնուած որոշումները եթէ մենք բոլորս ազգովին գիտակից պարտաճանաչութեամբ չիւրացնենք զանոնք եւ չի համագործակցինք։

ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Վեհափառ Տէր,

Գերաշնորհ, Գերապայծառ, Գերապատիւ, Արժանապատիւ Հայրեր եւ Վերապատուելիներ Յարգարժան  Պետական  Երեսփոխաններ Սիրելի Հանդիսականներ,

1976 թուին, Երջանակայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս նկատի ունենալով իր առողջական ծանրակշիռ վիճակը, մասնագէտ բժիշկներու թելադրութեամբ եւ յետ խորհրդակցութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովին հետ, 20-1-1977 կոնդակով կը յայտնէր վարչական գործերէ հեռու մնալու իր որոշումը եւ կը թելադրէր որ իր կենդանութեան Աթոռակից Կաթողիկոս մը ընտրուի որուն կարենայ փոխանցել Կաթողիկոսական պաշտօնին բոլոր պատասխանատուութիւնները։

Այնուհետեւ ազգային պատգամաւորական ժողովին կը մնար յարմարագոյն եկեղեցականը ընտրել իբրեւ Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին վարելու համար Աթոռին եւ անոր թեմերուն ծանր եւ բազմատեսակ գործերն ու ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Արդարեւ Մայիս 22, 1977-ին, ուրեմն ասկից ճիշդ 11 տարի առաջ, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ առ այդ հաւաքուած Պատգամաւորական Ժողովը, միաձայնութեամբ կ՜ընտրէր Ամերիկայի Արեւելեան թեմի բազմավաստակ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գարեգին Արք. Սարգիսեանը որուն Հայրապետական օծումը կը կատարուէր Մայիս 29-ին Երանաշնորհ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռքով ներկայութեամբ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան։ Արարողութեան կը մասնակցէին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածնի միաբանութեանց պատկանող Եպիսկոպոսներ եւ Արքեպիսկոպոսներ։

Ճիշդ 10 տարի յետոյ, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու գիտակցութեամբ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովը կ՜որոշէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու մէջ տօնել իր արժանընտիր Հայրապետին գահակալութեան տասնամեայ Յոբելեանը իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր բազմարդիւն գործունէութեան։

Ոմանց համար 10 տարին կարճ ժամանակամիջոց մըն է բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը կամ հաստատութեան մը կեան- քին մէջ որպէսզի յատուկ յիշատակութեան արժանի նկատուի։ Սա- կայն ինչպէս գիտէք, տարիներու երկարաձիգ շարանը չէ միայն որ կÿարժեւորէ ապրուած կեանք  մը,  կատարուած աշխատանք մը եւ զանոնք կը դարձնէ բացառիկ գնահատանքի առարկայ այլեւ իրագործուած ակներեւ արդիւնքն է որմէ կ՜օգտուին հաւաքականութիւններ առաւել եւս ամրապնդելու համար իրենց իւրայատուկ գոյութիւնը եւ հզօրացնելու համար իրենց հաւատքը ի խնդիր իրենց ձգտումներու իրականացման։

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ շրջաններ կան որոնք թէպէտ կարճ եւ սահմանափակ տարածք ունին ժամանակի մէջ բայց յայտնաբերելով նոր անկիւնադարձեր, մեծ նուաճումներ, ցայտուն իրագործումներ, դարձած են յատուկ մատնանշումի առարկայ իբրեւ յիշատակելի հանգրուան, գօտեպնդիչ երեւոյթ։ Նոյնն ալ է ազգային թէ եկեղեցական բացառիկ եւ առաքելատիպ անձերու համար ինչպէս է այսօր պարագան հայ ժողովուրդի երախտաւոր հովուապետ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որուն կեանքը անթուլ ճիգերու եւ խոյանքներու գումարով կը յատկանշուի։

Արդարեւ 41 տարիներ առաջ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, աւազանի անունով Նշան, աշակերտ էր Քեսապի Ազգ. Միացեալ վարժարանի։ Տեսնելով իր հօր այդ օրերու գործազուրկ վիճակը, հակառակ այն իրողութեան որ ինք դասարանին միշտ առաջինը կը հանդիսանար, կ՜ուզէ վերջ տալ ուսման ու մտնել դերձակատուն արհեստ սորվելու համար որպէսզի ամէնակարճ ժամանակամիջոցի մէջ հնարաւորութիւն ունենար իր նիւթական օգնութիւնը բերելու ընտանիքի յարաճուն պէտքերուն ու այդ ընթացքով թեթեւցնելու իր հօր տակաւ աճող մտահոգութիւնները։

Հայրը սակայն խելացի մարդ, զգալով իր տղուն հոգեկան խռովքն ու մտահոգութիւնները ինք եւս կը մտատանջուէր ու կը տառապէր որովհետեւ իրեն համար յստակ էր որ Նշանը այդ կ՜ուզէր առաջնորդուած ընտանիքին եւ հօր հանդէպ իր ունեցած զոհողութեան ոգիէնն սակայն այդ չէր որ կը ցանկար իր սրտին խորը։ Օգտագործելով  առիթ մը ուր Օգոստոսի  տօթակէզ  տաքուն հայր ու տղայ կը գտնուին տան պատշգամին վրայ, հայրը կը փորձէ համոզել իր տղան որ շարունակէ ուսումը։ Սակայն Նշան կը մնայ անդրդուելի։ Նոյն պահուն, նշմարելով գիւղին Տէր Հայրը, հայրը վեր կը կանչէ զայն սուրճ մը առնելու, այն հաստատ ակնկա- լութեամբ որ Տէր Հայրը օգնութեան կը հասնի իրեն համոզելու հա- մար Նշանը որ փոխէ իր որոշումը։

Իմանալով հօրը տուած բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ Նշանին առարկութիւնները եւ պատճառաբանութիւնը, Տէր Հայրը պահ մը մտածելէ յետոյ, խօսքը Նշանին ուղղելով կÿըսէ. թոյլ տուէք որ հոս մէջբերեմ Վեհափառ Հայրապետին «Խորհէ եւ Մտիր» գրքին համապատասխան գլուխէն անցք մը.

«… Տէր Հայրը ձեռքը մօրուքին տարաւ մտածկոտ կերպար մը հագաւ եւ գիւտ մը ըրած ըլլալու ուրախութեամբ, հաստատ, համոզիչ շեշտով ըսաւ.

– Լաւ, քանի այս դպրոցը չես ուզեր շարունակել, ուրիշ  դպրոց  մը ղրկե՞նք քեզի.

– Ո՞ւր,- ըսի,- փութկոտութեամբ։

– Անթիլիաս։

– Ո՞ւր է Անթիլիասը։

– Պէյրութի մօտ տեղ մը։

– Ի՞նչ պիտի ուսանիմ։

– Լաւ ուսում կ՜առնես,- ըսաւ, եւ անմիջապէս աւելցուց չփախցնելու համար յանկարծական հետաքրքրաշարժութեանս այդ առիթը,- ուսում առնելէ ետք, եթէ ուզես վարդապետ կ՜ըլլաս, եթէ չուզես ուսուցիչ, մտաւորական կը դառնաս եւ բարձր դպրոցներու մէջ ալ ապագային կը պաշտօնավարես։

– Լաւ, կ՜երթամ,- ըսի ու անմիջապէս նայեցայ հօրս, որուն դէմքին գիծերը յանկարծ փոխուեցան եւ քիչ անգամ տեսնուող ժպիտը վերադարձաւ, զուլալ ջուր խմած մարդու գոհունակութեան զգացումը արեւու լոյսին պէս տարածելով ողջ մարմնին վրայ, ու մինչեւ այսօր չգիտցայ թէ «լաւ կ՜երթամ» բառերը մտքէն ծնան թէ ներքին զգայարանքէ մը, մտածումէ, տրամաբանութեան ոյժէն աւելի խոր եւ զօրաւոր, որ երբեմն մարդուն մէջ կը յայտնուի տեսակ մը հանդարտ ու մեղմ հոսող աղբիւրէն յանկարծ դուրս եկող ուղխի մը նման»։ Կը փակեմ մէջբերումը։

Եւ ահա այսպէս իր հայրենի բնաշխարհը, Քեսապը ձգելով, պատանի Նշանը կու գայ Անթիլիաս ուր ուսման ծարաւին յագուրդ տալու կրքով, ինչպէս եւ ապագայի անորոշ հեռանկարներով կը մտնէ Դպրեվանք։ Հոն իր ուշիմութեամբ եւ ժրաջանութեամբ եր- ջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի բացառիկ գնահա- տանքին կ՜արժանանայ։

1952-ին կ՜աւարտէ Դպրեվանքը եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի  վերակոչուելով  Տ.  Գարեգին  Աբեղայ  ի  յիշատակ  նորոգ հանգուցեալ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի։

Դպրեվանքի մէջ կը ստանձնէ հսկիչի պաշտօն որուն առընթեր կը դասաւանդէ զանազան նիւթեր եւ կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ վարդապետական իր աւարտաճառը նիւթ ունենալով «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ըստ շարականներուն» եւ 1955 Յունիս 5-ին կը տիրանայ վարդապետական աստիճանին։

Այնուհետեւ Գարեգին Բ. Վեհափառը կը գտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին 35 տարիներու պատմութեան մայր էջին վրայ։ Իբրեւ ողջամիտ միաբան, նախանձախնդիր այս Աթոռի գոյութեան եւ անկախութեան, Գարեգին Վեհափառ իր դրական աջակցութիւնը կը բերէ հոյլ մը այլ միաբաններով Զարեհ Ա. Կաթողիոսին, անոր ընտրութեան տագնապալի օրերուն։ 1956-ին կը նշանակուի Դպրեվանքի Տեսուչ եւ Սեպտեմբեր 14, 1957-ին կը մեկնի Օքսֆորտի համալսարանը ուր կը սորվի դասական հին լեզուները, լատիներէնը եւ յունարէնը եւ Աստուածաբանական բաժնին մէջ կը ստանայ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում։ Ուսման աւարտին կը ներկայացնէ իր աւարտաճառը իբրեւ նիւթ ունենալով

«Քաղկեթոնի Ժողովը եւ Հայոց Եկեղեցին», գիտական այս ուսումնասիրութիւնը արժանանալով քննիչ յանձնախումբի բարձր գնահատանքին, Գարեգին Վարդապետ կը ստանայ իր ընտրած ճիւղին համապատասխան համալսարանական վկայական։

Անթիլիաս վերադարձին, իրեն կը վստահուի յաջորդաբար զանազան պատասխանատու պաշտօններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող գործունէութեանց մէջ։

Կը վերստանձնէ Դպրեվանքի տեսչութիւնը զոր կը վարէ ձեռներէցութեամբ ու կը փոխադրէ Պիքֆայայի վանքը։

Հետեւելով Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Վեհափառի ցուցմունքներուն եւ ապա քաջալերուելով Խորէն Ա. Վեհափառի խրախուսանքէն կը մասնակցի միջ-եկեղեցական ժողովներու եւ միջազգային մակարդակով համագումարներու։

Ներկայ կ՜ըլլայ, իբրեւ դէտ եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին ներկայացուցիչ, Գերաշնորհ Արտաւազդ Սրբազանին հետ, Վատիկանի տիեզերական երկու յաջորդական ժողովներուն։  Շփումներ կ՜ունենայ եւ կապեր կը հաստատէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մաս կազմող եկեղեցական պետերու հետ անհրաժեշտ հողը պատրաստելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  անդամակցութեան այդ ժողովին։

1962-ին Երջանկայիշատակ Զարեհ Վեհափառը, հեռատես քաղաքականութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ արձանագրելու դիմում կը ներկայացնէ։ Առ այդ պարտականութիւն կու տայ Գարեգին Վարդապետին որ պէտք եղած աշխատանքը տանի ու շփումներ յառաջացնէ արդէն իսկ անդամ եղող զանազան եկեղեցիներու պետերուն հետ, որպէսզի հարցը առանց խոչընդոտի հասնի իր յաջող լրումին։

1962-ի Օգոստոսին ժողով պիտի գումարուէր Փարիզի մէջ։ Հոն էին Խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Հոն էր նաեւ Գարեգին Վարդապետը լծուած տենդագին աշխատանքի։ Ժողովին ատենապետը յետ քննութեան, կ՜աւետէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իբրեւ լիիրաւ անդամ ընդունուիլը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ որ կը հաշուէ ներկայիս շուրջ 310 անդամ եկեղեցի աւելի քան 400 միլիոն հաւատացեալներով։

Գարեգին Վարդապետին ամէնաերջանիկ պահերէն մէկն էր այդ։ Լուրը կը փոխանցէ Անթիլիաս։ Վանք կը վերադառնայ, Զարեհ Վեհափառը զինքը կ՜ընդունի լայն ժպիտով ու գրկաբաց։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ձեւական չի մնար։

Գարեգին Վարդապետ կը մասնակցի բոլոր կարեւոր համաժողովներուն։ Զանազան օտար լեզուներով կը քարոզէ ու կը դասախօսէ աշխարհի մեծ ոստաններուն մէջ։

Իր մշակուած մտքի ճառագայթումը եւ ժրաջան գործունէութիւնը Ե.Հ.Խ.էն ներս, առիթ կու տան Գարեգին Վարդապետին որ իրեն վստահուի բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Ուփսալայի մէջ կÿընտրուի անդամ Կեդրոնական եւ Գործադիր Մարմիններուն իսկ Նայրոպիի համաժողովէն ետք կÿընտրուի Ե.Հ.Խ.-ի Փոխ-ատենապետ պատիւ բերելով իր եկեղեցւոյ եւ իր ազգին։ Իսկ ներկայիս, տարիներէ ի վեր Վեհափառ Հայրապետը Միջին Արեւել- քի Եկեղեցիներու Խորհուրդի երեք նախագահներէն մէկն է։

1963-ին Գարեգին Վարդապետ ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան կը ստանայ իսկ 1964-ին Խորէն Ա. Կաթողիկոսը զինքը Եպիսկոպոս կ՜օծէ ու կը ձեռնադրէ Արտաւազդ Ծ.Վ. Թրթռեանի հետ։ 1973-ին կը ստանայ արքութեան տիտղոս։

1971-էն սկսեալ Գարեգին Սրբազան կը հրաւիրուի եկեղեցւոյ վարչութեան բարձրագոյն պաշտօններու։ 1971-ի Փետրուար 24-ին կը կոչուի Իրանա-Հնդկաստանի Հայրապետական Պատուիրակի ապա Առաջնորդի պաշտօնին ուր կը մնայ 2 1/2 տարի։ Գարեգին Սրբազան խանդավառութեամբ կը փարի պաշտօնին։ Մեծ թափով յառաջ կը տանի շինարարական գործերը։ Կը կազմակերպէ թանգարանը, կը դասաւորէ մատենադարանը, կÿարդիականացնէ տպարանը, կը բանայ երիտասարդական կեդրոնատեղին եւ կ՜աւարտէ ծերանոցի կառուցումը։

1973 Յունուար 21-ին կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ ապա Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին եւ կը մնայ հոն մինչեւ իր Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուիլը։ Հոն եւս կը տանի օգտաշատ գործունէութիւն։ Լիբանանի հայութեան օժանդակելու աշխատանքներու մէջ (1976-77) վճռական դեր կ՜ունենայ իր աշխոյժ եւ հետեւողական գործունէութեամբ կապ հաստատելով պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ։

1977-ի Մայիս 22-ին, ինչպէս տեսանք, Գարեգին Սրբազան Աթոռակից Կաթողիկոս կÿընտրուի եւ կÿօծուի Մայիս 29-ին։

Զինուած 25 տարուայ կրօնաւորի թանկագին փորձառութեամբ իբրեւ հետեւանք իր  տարած բազմատեսակ եւ լայնածիր գործունէութեան, բազմալեզու եւ բանիբուն հոգեւորական, օժտուած խորաթափանց մտքով, լայն մշակոյթով եւ իր ազգին ծառայելու անյագ տենչով, Գարեգին Սրբազան բարձրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր եւ փառաւոր գահը կը ստանձնէ անոր պատմական պատասխանատուութիւնը։ Ճիշդ է որ վեհաշուք Աթոռը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կու տայ նոր հեղինակութիւն եւ փայլք սակայն փոխադարձութեան սկզբունքով, Վեհափառին ճառագայթող անձը, իր վայելած միջ-եկեղեցական եւ միջազգային վարկն ու համբաւը արտացոլալով Աթոռին վրայ, առաւել եւս կ՜ամրապնդեն Աթոռին դիրքն ու հմայքը ի սպաս անոր կատարելիք դերին եկեղեցական թէ ազգային կալուածներէն ներս։

Վեհափառին վերջին 10 տարիներու ընթացքին կատարած կրօնական, ազգային, մշակութային, յարաբերական, շինարարական, ընկերային եւ վարչական ծառայութիւնները որոնք մեծ մասամբ երեւան կու գան Ս. Աթոռին արձանագրած իրագործումներու ընդմէջէն պսակումն են իր ներկայի եւ մասամբ անցեալի լայնածաւալ գործունէութեան ներքին թէ արտաքին բնագաւառներէն ներս։ Կարելի է զանոնք համախմբել հետեւեալ չորս գլուխներու տակ.

Հոգեւոր եւ կրօնական ծառայութիւն Ազգային-մշակութային գործունէութիւն

Միջ-եկեղեցական, միջազգային եւ միջ-թեմական յարաբերութիւններ Շինարարական, ընկերային եւ վարչական իրագործումներ։

1.- Հոգեւոր եւ կրօնական ծառայութեան լուսարձակին տակ կ՜իյնան յատկապէս Դպրեվանքի եւ կրօնական դաստիարակութեան զարգացման եւ լուսաւորման նուիրուած ճիգերը։ Արդարեւ, Դպրեվանքը որուն համար արդարօրէն ըսուած է որ արտասահմանի հայութեան կենսատու աւիշն է, Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան գլխաւոր առարկան դարձած էր արդէն 1956-էն ի վեր երբ առաջին անգամ  ստանձնեց  անոր  տեսչութիւնը։  Վեհափառը ոչ միայն մնայուն ներկայութիւն եղաւ հոն իր պաշտօնավարած շրջանին այլեւ մղիչ ոյժ եւ ուղեցոյց հանդիսացաւ այն բոլոր սերունդներուն հոգեւորական թէ աշխարհական որոնք վայելեցին իր շունչին ջերմութիւնը, մտքին խորութիւնը եւ ազգային ըմբռնումներու բիւրեղացումը եւ հարազատութիւնը։

Դպրեվանքը, Վեհափառին համար սոսկ կրօնագիտութեան եւ եկեղեցական ուսմանց վայր մը չէ, այլեւ պատասխանատու եւ գիտակից մարդու պատրաստութեան դարբնոց է։ Ինչպէս պիտի ըսէր իր բառերով, «Աստուծոյ ու Ազգին, աւետարանի ու մեր մշակոյթին սիրովը, անոնց ծառայելու յօժարակամ ու ինքնանուէր տրամադրութեամբը պրկուած եւ իրենց կեանքը պատասխանատուութեան զգացումին ղեկովը առաջնորդող սերունդի մը դարբնոցն է Դպրեվանքը»։

Դպրեվանքին դերին մաս կը կազմէ նաեւ իրաւ մարդը պատրաստելու հարցը որ տարիներ շարունակ Վեհափառին մտածումներուն եւ մտատանջութեան առանցքը դարձած է։

Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ նախանձախնդրութիւնը անվիճելի իրողութիւններ են։

Ուղղելով իր խօսքը Դպրեվանեցիներուն, կը մէջբերեմ Վեհափառին խօսքը. կÿըսէ «Այս Դպրեվանքը, ամբողջ ժողովուրդի աչքին, կայ անոր համար որ քրիստոնէական կրօնքի ուսուցումի կողքին, հայոց լեզուն, հայոց մշակոյթի մեզի համար դառնան գերագոյնը, ամէն բանէ վերը»։

Այս հեռանկարով պատրաստուած եկեղեցականները երբ մանաւանդ առիթ կ՜ունենան իրենց գիտութիւնը եւ կազմաւորումը ամբողջացնելու համալսարական բարձրագոյն ուսումով կը դառ- նան աներկբայօրէն Լիբանանի, թէ արտասահմանի այլ երկիրներուն մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճառագայթումին նպաստող որակեալ տարրեր։

Այսպէս Գարեգին Վեհափառը խորապէս համոզուած Դպրեվանքի եկեղեցական եւ ազգային կարեւոր դերին մասին ինչպէս էր պարագան իր երջանկայիշատակ նախորդներուն, ամբողջ կարելին ըրաւ որպէսզի ան օժտուի մարդկային գնահատելի ոյժերով իբրեւ դաստիարակ եւ դասախօս եւ ունենայ հոգեւոր եւ մանկավարժական պահանջքներուն գոհացում տուող արդիական շէնք մը հեռու Անթիլիասի ժխորէն։

Այսօր Պիքֆայայի դալարագեղ բլուրներու լանջքին հաստատուած Դպրեվանքը ուր ուսում կը ստանան 59 աշակերտներ, օժտըւած իր գրադարանով, հիւրանոցով, սրահով, խաղավայրով եւ ներքին բոլոր յարմարութիւններով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատիւ բերող իրագործում մըն է զոր կը պարտինք Յոբելեար Վեհափառին հետեւողական ջանքերուն։

Կրօնական դաստիարակութեան ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի յատուկ կարգադրութեամբ տարիներ շարունակ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան կրօնական դաստիարակութեան նուիրուած դասախօսական շարքեր ուղղուած ժողովուրդին ի խնդիր մեր եկեղեցական ու մշակութային ժառանգին ծանօթացման։ Կիրակնօրեայ վարժարանները շարունակուեցան նոր թափով եւ խանդավառութեամբ։

2.- Մեր ազգային պատմական իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ հետապնդման տեսակէտէն, Վեհափառ Հայրապետի միջ-եկեղեցական եւ միջազգային յարաբերութիւնները թոյլ տուին որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կարենայ օգտակար ծառայութիւն մատուցանել օտար պատասխանատու շրջանակներէն ներս։

Արդարեւ Մակի Մարդկային Իրաւունքներու Ենթայանձնախումբին մէջ ուր կը քննուէր հայ ցեղասպանութեան հարցը եւ ուր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը իրաւունք ունէր ներկայացուցիչ մը ունենալու դէտի հանգամանքով, Վեհափառի միջամտութեամբ որոշուեցաւ որ հայ մը ըլլայ այդ ներկայացուցիչը որպէսզի հնարաւոր ըլլայ մեզի ներկայութիւն մը ունենալ այդ ատեանին մէջ։

Նոյնպէս Ե.Հ.Խ.ը որոշեց իր հրատարակած պարբերագիրքէն թիւ մը յատկացնել հայութեան։ Վեհափառը կարգադրեց որ անոր պարունակութիւնը պատրաստուի Կաթողիկոսարանի ձեռքով, քննուի Խորհուրդին կողմէ նշանակուած մասնագէտի մը կողմէ, ապա հրատարակուի իրենց միջոցներով։

Այս գրքոյկը տպուեցաւ, Armenia մակդիրին տակ,  բազմաթիւ լեզուներով եւ ղրկուեցաւ Ե.Հ.Խ.ին կողմէ կարեւոր եկեղեցական եւ քաղաքական միջազգային հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու, բոլորին ծանօթացնելով մեր ճշմարտութիւնը եւ մեր անանցանելի իրաւունքները։

Վանգուվըրի մէջ կայացած իր 6-րդ ընդհանուր ժողովին, 24/7- 10/8/1986, Ե.Հ.Խ.ը իւրացուց հայ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւ մը, պարտականութիւն տալով կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան որ պարտն ու պատշաճը տնօրինէ տեղեակ պահելու համար բոլոր եկեղեցիները այս որոշումին մասին եւ ի հարկին անհրաժեշտ ճիգ չխնայելու որպէսզի այդ իրողութիւնը ճանչցուի ամէն տեղ ուր ան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ։

1987-ին, Սթրազպուրկի եւրոպական համայնքի Երեսփոխանական Ժողովին մէջ, ուր պիտի քննուէր հայկական ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող բանաձեւի առաջարկ մը, նպաստաւոր դիրքորոշում ճշդուեցաւ ի շահ մեր դատին։ Այս խրախուսիչ արդիւնքին մէջ վճռական դեր ունեցաւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ազդու միջամտութիւնը Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապի եւ Ե.Հ.Խ. ընդհ. քարտուղար Էմիլիօ Քասթրոյի մօտ։

Գարեգին Վեհափառ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հետ համախորհուրդ յստակ դիրք ճշդեց հայրենիքը լքող եւ արտագաղթող հայերու կապակցութեամբ եւ առ այդ իր տեսակէտը փոխանցեց Վազգէն Ա. Վեհափառին եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններուն որպէսզի չի քաջալերուի այդ երեւոյթը։

Ղարաբաղի տխուր դէպքերու առիթով, Գարեգին Վեհափառը յայտնեց Վազգէն Վեհափառին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ անոր ժողովուրդին զայրոյթը կատարուածին համար եւ անոր հոգեկան միութիւնը հայրենի մեր ժողովուրդի տագնապին եւ ցաւին։

Գարեգին Վեհափառ կը գնահատէ գրքի եւ մշակոյթի դերը ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Անդուլ աշխատանք տարաւ հայ գրքի տարածման համար կազմակերպելով ամէն տարի հայ գրքի ցուցահանդէս Անթիլիասի վանքին մէջ ուր բազմահարիւր գրասէր անձեր եկան ծանօթանալու նոր հրատարակութիւններու եւ անոնցմով ճոխացնելու իրենց գրադարանը։

Մեկենասներ գտաւ հրատարակելու համար զանազան հեղինակներու երկասիրութիւնները ինչպէս նաեւ ազնիւ նուիրատուներ որոնց տրամադրած գումարները ֆոնտերու վերածուելով առիթ տուին որ ամէն տարի անոնց եկամուտներով հրատարակուին սակաւագիւտ դարձած գրական կամ պատմական գրքեր։

Անթիլիասի տպարանը ներկայիս, շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետի ջանքերուն, օժտուած է ամենաարդիական տպագրական մեքենաներով եւ համապատասխան սարքաւորումներով եւ կարելի է անվարան ըսել որ Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ գտնուող լաւագոյն տպարաններէն մէկն է։

Մշակութային եւ կրթական մարզէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը հետապնդէ նաեւ գրական, պատմական եւ բանասիրական աշխատանքներուն զարգացումը Կաթողիկոսարանէն ներս։ Յարատեւութեամբ կը հրատարակուի «Հայագիտական Հասկ»ը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն թէ սփիւռքէն մեծ թիւով մտաւորականներ, գրողներ եւ բանասէրներ։

1987 Հոկտեմբերէն ի վեր, հայ ուսուցիչ պատրաստելու կոչումով Մանկավարժական Կեդրոն մը կը գործէ արդէն Կաթողիկոսարանէն ներս շնորհիւ Խաչեր Գալուստեան հիմնադրամին։

Մտքի եւ գրչի մարդ է միեւնոյն ատեն Վեհափառ Հայրապետը։ Արդարեւ աւելի քան 19 հայերէն կամ օտար լեզուներով խմբագրուած գրքեր լոյս տեսած են արդէն իր հեղինակութեամբ։ Բազմաթիւ յօդուածներ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն լեզուներով ոմանք նաեւ թարգմանուած այլ լեզուներու խորք տուած են հայ թէ օտար զանազան ամսաթերթերու եւ պարբերագիրքերու։

3.- Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութիւն կու տայ միջ-եկեղեցական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն այն սպասումով որ անոնք կրնան դրական հետեւանքներ ունենալ մեր ժողովուրդի շահերու տեսակէտէն։ Այս հեռանկարով անցնող տասը տարիներու ընթացքին այցելեց բազմաթիւ երկիրներ եւ օգտակար հանդիպումներ ունեցաւ օտար եկեղեցական թէ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ ամէն տեղ իր հետը տանելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնելու ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու տէր կանգնելու իր առաջադրանքները։

Յաճախ այցելեց Լիբանանի վսեմաշուք նախագահ Ամին Ժըմայէլին որ միշտ ալ առիթ գտաւ փոխադարձելու իր այցելութիւնը։

1980-ին այցելեց Ժընեւ եւ Սթրազպուրկ, 1981-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Լիզպոն։ Ինչպէս նաեւ Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին, Լոնտոն։ 1982-ին, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն։ 1983-ին յատուկ պատուիրակութեամբ, բաղկացած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն եւ պետական հայ երեսփոխաններէ այցելեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Հաֆեզ էլ-Ասատին եւ Սրբազան Պապին։ Նոյն տարին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վսեմաշուք նախագահ Ռոնալտ Րեկընին։ 1984-ին յատուկ հրաւէրով այցելեց Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցիները։ Պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Տանըմարքայի Լուտերական եկեղեցիներուն։

Ներկայ եղաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր եւ Կեդրոնական Մարմիններու Ժողովներուն Գանատա, Կիպրոս, Աւստրալիա, Եգիպտոս։

Այցելեց նաեւ Մարոնիներու, Յունաց, Ասորիներու եւ Ղպտիներու Պատրիարքներուն։

Այս այցելութիւնները գրեթէ միշտ փոխադարձուեցան կամ ենթականերու եւ կամ անոնց ներկայացուցիչներու փոխ այցելութեամբ։ Վերջին անգամ Ս. Աթոռը ընդունեց Ամենապատիւ Կարտինալ Վիլըպրանտսը որ եկած էր յատուկ պատուիրակութեամբ, Սրբազան Պապին անունով, փոխադարձելու Վեհափառին այցելութիւնը։

Իր մտքին եւ սրտին մէջ կարեւոր տեղ ունին Ս. Էջմիածինը եւ անոր շնորհազարդ Գահակալ Վազգէն Ա. Ամենայն  Հայոց  Կաթողիկոսը որուն հետ հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ, 1984-ին քննելու համար երկու Աթոռները յուզող կարգ մը հարցեր։

Իր յարաբերութիւնները Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ եղան միշտ սիրալիր, անկեղծ եւ յարգալիր։ Վազգէն Վեհափառը երբեք բացակայ չեղաւ Գարեգին Վեհափառի քարոզներուն եւ պատգամներուն մէջ։

Կապեր պահեց եւ հովուական այցելութիւն տուաւ թեմերուն, նոր շունչ եւ կորով ներշնչելով անոնց։ Հետեւեցաւ անոնց գործունէութեան, տեղեակ մնաց անոնց դժուարութիւններուն եւ ի հարկին ուղեցոյց եղաւ հարկ եղած պահուն։

Այս բոլոր յարաբերութիւնները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապահովեցին նոր վարկ եւ անոր տուին յաւելեալ հմայք որպէսզի ան անվարան շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ եւ կատարէ իր յանձնառութիւնը ի շահ հայ եկեղեցւոյ եւ մեր պանծալի ժողովուրդին։

4.- Անցնող այս շրջանին Կաթողիկոսարանը ծաղկեցաւ յաւելեալ շինարարական, ընկերային եւ վարչական գնահատելի իրագործումներով։

Անկախ Դպրեվանքի գեղակերտ շէնքէն, վերակառուցուեցաւ եւ ամբողջացաւ Պիքֆայայի հովոցը իբրեւ ամարանոց Վեհափառին եւ միաբանութեան։ Անթիլիասի մէջ նորոգուեցաւ եւ նոր շինութիւններով ամբողջացաւ միաբանական թաղը, նորոգուեցան Մայր Տաճարը եւ Վեհարանը որոնք լուրջ վնասներու ենթարկուած էին ինկած ռումբերու հետեւանքով։

Ուսումնասիրութեան գործնական ընթացքի մէջ է  թանգարանի մը շինութիւնը։

Շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետի դիմումին Պ. Վաչէ Մանուկեանի ազնիւ բարերարութեամբ, գնուեցաւ Տպպայայի կալուածը ուր ներկայիս կը գործէ Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։

Վեհափառը մօտէն կը զբաղի Կաթողիկոսարանի կապուած ընկերային հաստատութիւններով ինչպէս Ճիպէյլի որբանոցը ուր կառուցուեցան նոր շինութիւններ, Բիւզանդ եւ Անժէլ Թիւթիւնճեան ծերանոցը, Օր. Լէյլա Գարակէօզեանի հոգատարութեամբ շինուող Ֆանարի ժողովրդային բնակարանները։ Թեւ ու թիկունք կը կանգնի իր կողմէ հիմնուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հայ Ուսանողներու Միութեան։

Գործակցութեամբ Բողոքական համայնքին կը զբաղի Ազունիէի հիւանդանոցով եւ ծերանոց-կուրանոցով։

Շնորհիւ Վեհափառի ունեցած յարաբերութիւններուն, Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական Վարչութիւնը կրցաւ կարգադրել որ Հայասէր Զուիցերիացիներու Միութեան պատկանող Յունաստանի ծերանոցը փոխանցուի հայութեան եւ մնայ Կաթողիկոսարանի հակակշիռին տակ։

Վեհափառ Հայրապետը երեւան բերաւ կազմակերպչական բացառիկ կարողութիւններ։ Վերակազմակերպուեցան Դիւանատունը, հաշուապահութիւնը, գրատունը եւ Հասկի վարչութիւնը։ Արդարօրէն կարելի է ըսել որ վերջին 30 տարիներու ընթացքին, շնորհիւ իր շնորհազարդ Կաթողիկոսներու լուսամիտ եւ հեռատես քաղաքականութեան եւ յատկապէս Գարեգին Ա. Վեհափառի  անխոնջ աշխատանքներուն եւ Կեդրոնական Վարչութիւններու գործակցութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բոլորէ ճառագայթումի եւ վերածնունդի շրջան մը։

Վեհափառը իրապաշտ եւ գործի մարդ է։ Շատ  չի  հաւատար մեծ տեսութիւններու։ Իրեն համար կարեւորը ապրուած կեանքի շօշափելի իրականութիւնն է, դաշտի վրայ կատարուած յարատեւ աշխատանքը յանձնառու կեցուածքը եւ ձեռք ձգուած արդիւնքներն են որ կը ծառայեն իբրեւ չափանիշ ոեւէ գնահատանքի։ Իրեն համար ապագան ինքնին գոյավիճակ մը չէ, ան կը կերտուի։

Իր մօտ ամէն ինչ մտածուած եւ անհրաժեշտ խորացումով ուսումնասիրուած ու բաղդատութեան  լոյսին  տակ քննուած կը գտնէք։ Զգացական զեղումներու մէջ չի կորսուիր, սակայն կը մնայ միեւնոյն ատեն սրտի մարդ։ Կ՜ապրի ժողովուրդին հետ որ իր մեծ ընտանիքն է, ժողովուրդին համար որուն ուրախութիւնն ու ցաւերը, խնադավառութիւնն ու մտահոգութիւնները, ընկրկումներն ու վճռակամութիւնը իր ապրումներն են եւ զանոնք կ՜արտայայտէ  ամէն  առիթներով,  խօսքով  եւ   գրչով։  Իր սրտի  տրոփը, երակներուն կշռոյթը կը հետեւին իր ժողովուրդի իրավիճակին, տագնապին կամ գոհունակութեան, ուրախութեան։

Վեհափառ Հայրապետը կը նոյնանայ նշանաւոր հեղինակի մը այն խօսքին հետ, թէ մեծ են այն մարդիկ որ կը մտածեն մտքով սակայն կը գործեն եւ կը յարաբերին սրտով։

Վեհափառը կը հաւատայ ապրուած սիրոյ յաղթանակին, միութեան հրամայականին եւ ծառայելու հաճոյքին ինչպէս իր նախորդները յատկապէս իր մեծ առաջնորդը Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսը որ իր կեանքի օրինակով պատկերացուց այս գաղափարները։ Արդարեւ ինչ կ՜արժէ կեանքը երբ պարպուած է սէրէն ինչ կ՜արժէ սէրը երբ առանց կեանքի է։

Վեհափառը կը սիրէ ծառայել։ Ան կու  տայ  իր  մտքէն,  իր սրտէն, իր հոգիէն մինչեւ իսկ իր թանկագին առողջութիւնը զոհելով այդ ճանապարհին վրայ։ Ծառայելը իրեն համար իր առաքելութեան ճշմարիտ ուղին է եւ իր համոզումները իր կեանքի մղիչ ոյժն են։ Ի զուր տեղ չէ որ Այնշթայն ըսած է. «Կ՜արժէ այս կեանքը ապրիլ ուրիշին ծառայելու համար»։

Իրեն համար եկեղեցականը եւ ազգայինը զուգահեռ կ՜ընթանան։ Չի կրնար ծառայել մէկուն անտեսելով միւսը։ Եկեղեցւոյ կը ծառայէ ամբողջական նուիրումով ու հաւատքով սակայն անոր ընձեռած միջոցները կը գործածէ յօգուտ իր ժողովուրդին։

Եթէ ճիշդ է որ խաւարին մէջ պէտք է հաւատալ լոյսին, դժուարութիւններու մէջ պէտք է յուսալ ելքի կարելիութիւններուն նաեւ ճիշդ է որ այդ պահերուն պէտք է պրկուած կամքով լծուիլ աշխատանքի եւ ճշդել մեր ուղղութիւնը որպէսզի լուսածագին զմեզ գտնենք ապահով ափերու վրայ։

Վեհափառը կը հաւատայ հայոց աշխարհի լոյսին, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումին եւ այս համոզումով բոցավառ ջահի մը նման կը ճառագայթէ լուսաւորելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական առաքելութեան սրբազան ուղին։

Վեհափառ Տէր, դուք որ ձեր գրութիւններով, պատգամներով եւ կեանքի կենդանի օրինակով կÿուզէք ցոյց տալ իրական իմաստը կեանքին, նամանաւանդ հայու կեանքին ու ճշդել մեր գիտակցութեան եւ յանձնառութեան հորիզոնները, աշխարհի մը մէջ ուր մարդիկ եւ պետութիւններ անտարբեր են ուրիշներու ցաւերուն եւ իրաւազրկումներուն, դուք որ նոյնախառնած էք Ձեր անձը Ձեր ժողովուրդի կեանքին հետ անոր տառապանքին եւ երազներուն մէջ, թոյլ տուէք որ իբրեւ երախտագիտական զգացում յայտնենք Ձեզի մեր խոր մեծարանքը եւ մեր անկեղծ ու հարազատի սէրը նման այն բիւրեղացած կաթիլին որ կու գայ մեր էութենէն ու կը ծորի մեր կեանքի մայր երակներէն մեր գոյութեան էատարրին մէջ որ մեր սիրտն է։

Կը մաղթենք ի խորոց սրտէ որ Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկար եւ քաջառողջ կեանք լի նոր տասնամեակներով եւ ինչու չէ յիսնամեակով որպէսզի  կարենաք շարունակել աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ Ձեր ծառայութիւնները ի սպաս հայ եկեղեցւոյ, հայ մշա- կոյթին, հայութեան անկորնչելի դատին եւ ի փառս յաւերժական մեր ժողովուրդին։

22 Մայիս 1988

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10- ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
20 Յուլիս 1955ին հուսկ իր շունչը կ՜աւանդէր 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին մէջ, քարիւղի աշխարհահռչակ դէմք եւ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան։

Ան մեռաւ Փորթուկալի մէջ, ուր եկած էր հաստատուելու իր կնոջ Նուարդին հետ 1942ին, իր մահուընէ ճիշդ 13 տարի առաջ։ Իր կինը մեռած ըլլալով 1952ին, ան կը թողուր իր ետին իր անդրանիկ մանչ զաւակը Նուպար Սարգիս Կիւլպէնկեան ծնեալ 2//1896ին եւ իր աղջիկը Ռիթա Կիւլպէնկեան, ծնեալ 2/7/1900ին, կինը Գէորգ Լորիս Եսայեանի որոնցմէ ունէր մանչ թոռնիկ մը՝ Միքայէլ Եսայեան։

Գալուստ Կիւլպէնկեան իր մահուամբ թողուց հսկայ հարստութիւն մը։ Սակայն որպէսզի իր ժառանգութիւնը յումպէտս չի գործածուի եւ մսխումի առարկայ չդառնայ, ան խորհեցաւ ի լաւագոյնս օգտագործել զայն։ Համամարդկային եւ բարոյական արժէք- ներու հաւատացող եւ ազնուագոյն իտէալներու հետամուտ մարդ, իր կենդանութեան՝ օրինական հիմունքներու վրայ դրաւ այդ թո- ղօնին բարւոք օգտագործման եղանակը։ Եւ առ այդ, ձգեց իր ժառանգորդներուն եւ առ որ անկ է, իր կողմէ բծախնդրութեամբ, մանրամասնօրէն եւ երկար ժամանակուայ ընթացքին ուսումնասիրուած եւ պատրաստուած կտակ մը զոր ստորագրած էր 18 Յունիս 1953ին։

Կտակը

Կտակը կը բաղկանար 25 յօդուածներէ։

Առաջին 9 յօդուածներով կտակարարը կը ճշդէր իր օրինական

Խօսուած՝ Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, 1966-ին։

ժառանգորդներուն, ազգականներուն, պաշտօնեաներուն, հաստատութեանց եւ այլ անհատներուն տրուելիք նիւթական գումարները։

Այսպէս իր տղուն Նուպար Սարգիս Կիւլպէնկեանին կը թողուր պատրաստ գանձելի 1 միլիոն տոլար եւ 1.5 միլիոն տոլարի շահարկելի այլ դրամագլուխ մը։

Իր աղջկան Ռիթային եւ փեսային, Գէորգ Եսայեանին, երկուքին միատեղ կու տար նոյնպէս 1 միլիոն տոլար տրամադրելի գումար եւ 1.5 միլիոն տոլարի շահարկելի այլ դրամագլուխ։

Իր թոռնիկին կը թողուր 200 հազար տոլար պատրաստ գումար եւ 200 հազար տոլարի շահարկելի այլ դրամագլուխ։

Պատրաստ գումարները վճարելի էին կտակին բացումէն սկսեալ մինչեւ 6 ամսուայ ժամանակամիջոցի ընթացքին։

Զանազան կենսաթոշակներ կ՜ապահովէր իր մնացեալ ազգականներուն ինչպէս նաեւ իրեն գործակից եւ ծառայող պաշտօնեաներուն։

Կը յայտնէր նոյնպէս որ հարկ տեսնուած պարագային վերոյիշեալ 3 հոգիները կրնան 2 այլ անձեր եւս առնել իրենց հետ ինչպէս նաեւ եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը չ՜ուզէ եւ կամ չկարենայ մասնակցիլ, հիւանդութեամբ  կամ մահով  եւ  կամ այլ  պատճառով, այդ  պարագային միւս երկուքը կրնան փոխանորդ մը նշանակել։

Կտակարարի մահուան, վերոյիշեալ 3 անձերը իրաւասու են հիմնարկութեան անունով յանձն առնելու բարերարին բոլոր ստացուածքները, շարժուն եւ անշարժ կալուածները, կը պարտին զանոնք մակագրել, դասաւորել եւ գործադրութեան դնել համաձայն կտակի տրամադրութեանց։

Այն պարագային երբ կտակէն օգտուող ոեւէ անձ  դժգոհութիւն յայտնէ անոր օրինակութեան շուրջ եւ կամ մերժէ ընդունիլ զայն ու անոր բարւոք գործադրութեան դէմ խոչընդոտներ յառաջացնէ, նշանակուած 3 անձերը իրաւասու են ջնջուած նկատելու կտակին այն բոլոր յօդուածները որոնք կը վերաբերին այդ անձին եւ հետեւաբար կրնան ամբողջովին զրկել զինքը ժառանգութենէ։

Բարերարը ամէն տեսակի հաւանական վէճերուն առաջքը առնելու համար նախատեսած էր այս բոլոր մանրամասնութիւնները։

Ան կ՜աւելցնէր նոյնպէս որ կտակը պիտի գործադրուի ըստ անգլիական օրէնքներուն իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կը մնայ ենթակայ փորթուքալեան օրէնքներուն անոր համար որ ան փորթուքալեան մնայուն հաստատութիւն մը կը դառնար։

Իր մահուամբ, ծնունդ առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը։ Զայն գլխաւորող 3 անձերը մշակեցին 30 յօդուածներէ բաղկացած ծրագիր կանոնագիր մը զոր վաւերացնել տուին փորթուքալեան կառավարութեան թիւ 40-590 հրամանագրով։

Այս հրամանագիրը կը հաստատէր ու կը սահմանէր հետեւեալները։

1) Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը փորթուքալեան մարդասիրական հաստատութիւն մըն է։ Եւ հետեւաբար ենթակայ է փորթուքալեան օրէնքներու։ Ան կը վկայէ բարոյական անձնաւորութեան իրաւունք եւ կը գործէ ըստ իր ծրագիր-կանոնագրի տրամադրութեանց։

2) Ան կը հետապնդէ բարեսիրական, կրթական, գիտական եւ արուեստի հայող նպատակներ։

3) Անոր եկամուտները կը գոյանան իր ծրագիր-կանոնագրի 8րդ յօդուածին մէջ նախատեսուած միջոցներով։

4) Կը կառավարուի յանձնախումբի մը կողմէ որ կրնայ բաղկանայ 3-9 անդամներէ որուն մէկը հիմնարկութեան նախագահն է։ Անդամներուն մեծամասնութիւնը կը պարտի փորթուքալեան հպատակութեան պատկանիլ։

5) Անոր տարեկան մուտքերն ու ելքերը կը քննեն պաշտօնական քննիչ յանձնախումբի մը կողմէ ըստ ծրագիր-կանոնագրին։

6) Անոր եկամուտները զերծ են շահատուրքէ։

7) Պատասխանատու յանձնախումբը արտօնուած է հիմնարկութեան պատկանող կալուածներ ծախելու եթէ այդ անհրաժեշտ նկատուի իր ծրագիրներուն իրագործման համար։

Այս հրամանագրին 4րդ յօդուածը ուր կ՜ըսուէր թէ վարչութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը պէտք է որ փորթուքալեան հպատակութիւն ունենայ պատճառ դարձաւ որ Լորտ Red- cliffe մերժէ ստանձնել կտակի միջոցով իրեն յանձնուած պատասխանատուութիւնը։ Արդարեւ փորթուքալեան կառավարութիւնը չվաւերացուց հիմնարկութեան ծրագիր-կանոնագիրը այնքան ատեն որ այդ հիմնական պայմանները մաս չկազմեցին անոր ծրագիր-կանոնագրին։ Այս պարագային Տոքթ. Փերթիկան եւ Պ. Եսայեան երկուքով միայն զբաղեցան կտակի գործադրութեան եւ հիմնարկութեան վերաբերեալ բոլոր գործերով։

Ամփոփ պատկեր մը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ծրագիր-կանոնագրէն.-

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կը վայելէ բարոյական անձնաւորութեան հանգամանք եւ կը կառավարուի իր ներկայ ծրագիր կանոնագրով որ ենթակայ է փորթուքալեան օրէնքներուն։ Ան փորթուքալեան մնայուն հիմնարկութիւն մըն է, եւ անսահմանափակ ժամանակի մէջ։ Իր կեդրոնը կը գտնուի Լիզպոն։ Կրնայ սակայն այլ երկիրներու մէջ ճիւղեր ունենալ։

Նպատակ.-

Հիմնարկութիւնը կը հետապնդէ բարեսիրական, կրթական, գիտական եւ արուեստի հայող նպատակներ։

Անոր գործունէութիւնը չի սահմանափակուիլ միայն փորթուքալի մէջ այլ կրնայ տարածուիլ ամէն այն տեղ որ իր վարչութիւնը յարմար կը նկատէ։

Ան կը պարտի նկատի ունենալ եւ հաւատարմօրէն գործադրել կտակով յայտնուած բարերարին կամքը։

Եկամուտները.-

Հիմնարկութեան եկամուտները կը գոյանան այն բոլոր դրամագլուխներէն եւ ստացուածքներէն զորս ձգեց բարերարը։

Հիմնարկութիւնը կրնայ նոյնպէս նուէրներ ընդունիլ անձերէ

եւ կամ հաստատութիւններէ։

Վարչութիւն.-

Հիմնարկութիւնը կը ղեկավարուի մարմնի մը կողմէ որ բաղկացած է 3-9 անձերէ որուն մէկը կը դառնայ անոր նախագահը։ Տրուած ըլլալով որ հիմնարկութիւնը փորթուքալեան է, հարկ է որ անոր վարչութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը կրէ փորթուքալեան հպատակութիւն։

Այնքան ատեն որ հիմնադիր-բարերարէն ուղիղ սերած անձեր կը գտնուին, անոնցմէ մէկը կը դառնայ վարչութեան մնայուն անդամ։

Վարչութիւնը կրնայ ներկայացուցիչներ պահել Փորթուքալէն դուրս ըստ գործի պահանջքին։

Վարչութիւնը կրնայ խորհրդատու յանձնախումբեր կազմել եւ օգտուիլ անոնց տեղեկութիւններէն եւ խորհուրդներէն։

Վարչութիւնը կրնայ նշանակել ընդհանուր քարտուղար մը եւ քարտուղարներ վարչական գործերը վարելու համար։

Վարչութեան անդամներէն ոեւէ 2ը կրնան ստորագրել վարչութեան անունով եւ կամ ոեւէ մէկը կրնայ արտօնուիլ վարչութեան կողմէ ստորագրելու համար անոր անունով։

Բարերարին կտակով նշանակուած վարչութեան անդամները իրենց պաշտօնները կը պահեն ցկեանս ինչպէս նաեւ այն անդամը որ բարերարէն սերած է։

Միւս անդամները 5 տարուան համար են եւ 5 տարի յետոյ անպայման փոփոխելի։

Վարչութեան անդամներուն թոշակները կը վճարուին համաձայն կտակին տրամադրութեանց։

Ելեւմտական հսկողութիւն.-

Վարչութիւնը պարտաւոր է ամէն տարի պատրաստելու իր ելեւմտից կշիռը եւ ճշդելու հիմնարկութեան ստացուածքները։ Անոր համար ան կը դիմէ հաշուապահական անուանի գրասենեակներու այնպէս ինչպէս յիշատակուած է կտակին մէջ։

Բաց աստի քննիչ յանձնախումբ մը, կազմուած պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը եւ ելեւմտագէտներէ կը քննէ հիմնարկութեան ծախսերն ու եկամուտները եւ կը տեղեկագրէ վարչութեան։ Բացի պետական բարձրատիճան պաշտօնեայէն, միւս ելեւմտագէտները կը փոխուին ամէն 3 տարին։

Վերոյիշեալ տեղեկագիրը կը հրատարակուի հիմնարկութեան ծախսով։ Յանձնախումբը կը վճարուի իր աշխատանքներուն համար, վարչութեան կողմէ։ Այդ վճարումները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ ամէն 3 տարին։

Տեղեկանալէ յետոյ հիմնարկութեան ծրագիր-կանոնագրի հիմնական տրամադրութանց, տեսնենք հիմա, թէ հանգուցեալ բարերարին թողօնը, իր մահուան, ինչ կը ներկայացնէր։

Հիմնարկութեան կողմէ հրատարակուած պաշտօնական տեղեկագիրներէն երեւան կու գայ որ առաջին տարին իսկ, հիմնարկութեան փոխանցուած գումարներն ու ինչքերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը.-

1) Արուեստի գործեր որոնք կը գտնուին բարերարին մօտ

2) I.P.C. 5% իրաւունքը որ իբրեւ դրամագլուխ կը ներկայացնէ

7.365.520 սթերլին

3) Անշարժ   կալուածներ Փարիզի մէջ կալուածներ Տովիլի մէջ կալուած մը

4) Շարժուն կալուածներ

Պատրաստ գումար ոսկի 15.761.050 սթերլին

եւ դրամատան մէջ պահ դրուած

Շահարկութեան դրուած դրամագլուխ 8.325.375 սթերլին

5) Գանձելի  գումարներ 1.215.875 սթերլին Այլ գումարներ 3212 սթերլին

6) Վճարելի հաշիւներ 1.056.937.50 սթերլին

Շնորհիւ իր ղեկավար մարմնին, Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը կրցած է իր եկամուտները տարուէ տարի բարձրացնել եւ հետեւաբար բարձրացնել նոյնպէս բաժնուած գումարները։

1955-1963 բաժնուած նպաստներուն գումարը հասած է 1.245.850 սթերլինի։

Ինչպէս երեւան կու գայ հաշուեքննիչ մարմնի ներկայացուցած տեղեկագրէն, հիմնարկութեան շարժուն եւ անշարժ ստացուածքներուն գումարը բացի արուեստի գործերէն որոնք 1951 Դեկտ.ին հասած են 45.402.512 սթերլինի 1967ի վերջաւորութեան բարձրացած էին 108.454.837 սթերլին հակառակ տարուէ տարի շարունակաբար վճարուած նպաստներու։

Բարերարին փափաքը այն էր որ այս հաստատութիւնը մնայ տեւական։ Այդ իսկ պատճառով խնամակալները կը խորհին աւելցնել եւ բարձրացնել անոր դրամագլուխը։

Մինչեւ 1967ի վերջաւորութեան բաշխուած նպաստներուն գումարը եղած է 35.264.225 սթերլին, ինչ որ կ՜ընէ տարեկան միջին հաշուով շուրջ 3 միլիոն սթերլին։

Որոնց 19% բարեսիրական նպատակներու 14.5% արուեստի գործերուն

52.5 կրթական օժանդակութիւններու 14% գիտական նպատակներու

Վերոյիշեալ գումարներուն շուրջ 48% ծախսուած է Փորթուքալեան կարիքներուն, իսկ մնացեալը բաժնուած է հետեւեալ կերպով։

Հայ համայնքին 11.40%

Անգլիոյ եւ Անգլիական հասարակապետութեան 11.31% Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի 19.23%

Այլ երկիրներու 10.06%

Ընդամէնը 15.264.225 սթերլին

Ինչպէս տեսանք իր կտակին մէջ, կտակարարը ոչ մէկ գրաւոր յանձնարարութիւն չէ ձգած հիմնարկութեան պատասխանատուներուն ճշդելով թէ իր ժողովուրդը պէտք է օգտուի առաւելաբար իր նպաստներէն։

Հիմնարկութեան խնամակալները, տրուած ըլլալով որ հիմնարկութիւնը, ինքը, փորթուքալեան հաստատութիւն մըն է, առաւելագոյն տոկոսով եկամուտները կը բաշխէ փորթուքալեան կարիքներուն։

Անգլիան  եւ   անգլիական   հասարակապետութեան պատկանող երկիրները գ տեղը կը գրաւեն նպաստներու բաշխման կարգով։ Խնամակալութիւնը այսպէս որոշած է անոր համար որ բարերարը անգլիահպատակ եղած է։

Բ. տեղը կը գրաւէ բաշխուած նպաստի կարեւորութեան կարգով Իրաքը եւ Միջին Արեւելքը։ Խնամակալ մարմինը այս կարգադրութիւնը ըրած է նկատի ունենալով որ հիմնարկութեան եկամուտները գլխաւորաբար այդ երկիրներէն կը գոյանան։

Գ. կարգի վրայ հայ համայնքը անոր համար որ բարերարը հայ եղած է։

Դ. կարգի վրայ կու գան մնացեալ երկիրները։

Այսօր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը մարդասիրական պատկառելի հաստատութիւն մը դարձած է որուն բարիքները կը հասնին երկրագունդի ամենահեռաւոր երկիրները եւ որուն բաշխած նպաստը, այս վերջին տարիներու ընթացքին արդէն իսկ անցած է տարեկան 5 միլիոն սթերլինը։

Միայն 1957ին աւելի քան 70 պետութիւններէ դիմումներ հասած են հաստատութեան եւ ան համաձայն մեծ բարերարի կտակին եւ հաւատարիմ   անոր   մարդասիրական   սկզբունքներուն   փորձած է

ընդառաջել անոնց իր միջոցներուն ներած չափով։

Օրինակ մը տալու համար յիշենք անցողակի կերպով որ 1963- 1965 տարածուող ժամանակշրջանին մէջ աշխարհի  5  ցամաքամասերը օգտուած են անոր նպաստներէն հետեւեալ կերպով.-

Եւրոպան 489.950 սթերլին Ամերիկեան երկիրներ 275.000 սթերլին Ափրիկէն 29.000 սթերլին

Ասիան 15.000 սթերլին

Ովկիանեան 2.862 սթերլին

Եթէ պատահեցաւ որ հայ ժողովուրդը այս վերջին դարուն, իր պատմութեան սեւ օրերուն կարիքը ունեցաւ օտարներու նիւթական ազնիւ օժանդակութեան, կարելի է անվարան ըսել որ շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեանին ան առատօրէն վերադարձուց զայն։

Եւ այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակին, մարդկութեան մեծ բարերարներու պատմութեան մէջ, բարձրադիր պատուանդանի վրայ կը ներկայանայ «մեծանուն հայ»ը, իբրեւ անսպառ աղբիւր լոյսի, սփոփանքի եւ այլ բարիքներու։

Նշանաւոր հեղինակ մը ըսած է. «Մեծ են այն մարդիկը որոնք կը մտածեն իբրեւ գործի մարդ եւ կը գործեն ու կը վերաբերին մարդոց հետ իբրեւ սրտի մարդ»։

Գալուստ Կիւլպէնկեան կը միացնէր անկասկած այս երկու յատկութիւնները իր անձին մէջ։

Մեծ էր մտքով եւ մեծ մեռաւ հոգիով եւ սրտով։ Յարգանք իր խնկելի յիշատակին։

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի 21 Մարտ 1982, ժամը 11-ին

Սինեմա գերմանիկ

Մեծաշուք Տիար Դատական Նախարար Ներկայացուցիչ Նորին Վսեմափայլ Տիրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Էլիաս Սարգիսին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմը՝ մեծապէս զգացուած է սիրոյ եւ գնահատանքի այն արտայայտութենէն զոր ցոյց տուաւ նորին վսեմութիւնը, բարեհաճելով ընդունիլ հովանաւորութիւնը Դպրեվանքի յիսնամեակին նուիրուած այս հանդիսութեան եւ ձեր ներկայութեամբը պատուել մեզ, կը խնդրէ ձերդ ազնուութենէն որ հաճիք փոխանցել Նորին Վսեմութեան մեր անխառն յարգանքները ու երախտագիտութիւնը եւ ընդունիլ Դուք եւս մեր խոր շնորահակալութիւնները

Վեհափառ Հայրեր,

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ Գերապայծառ Տէր, Վերապատուելի Հայր, նախագահ Միջին Արեւելքի Աւետարանական

Եկեղեցիներու Խորհուրդին

Գերաշնորհ, Գերապատիւ,

Արժանապատիւ եւ Վերապատուելի Հայրեր Առաքինազարդ քոյրեր

Յարգելի հանդիսականներ

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան  Լիբանանի  թեմի ազգային իշխանութիւնը մեծ հանդիսութեամբ կը տօնէ այսօր դպրեվանքի հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Դէպքերու բերումով տարիով մը յապաղած այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՜ընծայէ լիբանահայութեան որ աւելի մօտէն ծանօթանայ կաթողիկոսարանի սիրտը հանդիսացող այս հաստատութեան եւ առ այդ արտայայտէ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը ի տես կատարուած եւ կատարուող այս աստուածահաճոյ եւ հանրանուէր ծառայութեան։

Յիսուն տարի ազգային եկեղեցական ծառայութեան մէջ, թէպէտ եւ ժամանակի սահմանումով երկար շրջան մը չէ, սակայն այդ իսկ տարածքը բաւարար եղաւ արդարացնելու համար այն  յոյսերը զորս իր հիմնադիրները եւ անոնց աջակից հայ ժողովուրդը դրած էին իր վրայ։

Հաստատութեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ ութը հարիւր պատանիներ եւ երիտասարդներ ցարդ անցած են Դպրեվանքէն որոցմէ մէկ մասը եղած է շրջանաւարտ։

Ուշագրաւ են անոնցմէ.

3 կաթողիկոսներ (երանաշնորհ Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից կաթողիկոս)

23 եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ 52 վարդապետներ

95 քահանաներ

Դպրեվանքի արգասիքը հանդիսացող եկեղեցականներու հոյլը, ըլլան անոնք կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանայ միակ արդիւնքը չեն անոր բազմաբեղուն գործունէութեան։ Կան նաեւ աւարտական կամ թերաւարտ աշխարհական բազմաթիւ մտաւո- րականներ որոնք կը ծառայեն ազգին իբրեւ կրթական մշակներ, մամուլի սպասարկուներ եւ գրողներ։ Բազմաթիւ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ կը կրեն դրոշմը Դպրեվանքի հայաշունչ դաստիարակութեան  ու  ազգային-եկեղեցական  ոգիին։  Ուրիշներ,  լծուած   ազատ ասպարէզի մէջ, վարելով դպրապետի պաշտօն կամ մասնակցելով իբրեւ ժողովական հայ կրթական եւ ընկերային միութիւններու, կը բերեն այդ ուղիներով իրենց բաժինը ազգային ծառայութեան։

Տօնել համազգային շուքով ազգային-եկեղեցական կարեւոր հաստատութեան մը յիսնամեայ յոբելեանը, կը պարտադրէ անխուսափելիօրէն մեզի, որպէսզի մեր դատողութեան եւ գնահատանքին մէջ ըլլանք առարկայական, աչքէ անցնենք, գէթ թռուցիկ ակնարկով, անոր հիմնադրութեան տուն տուող պատճառները, այն պայմանները որոնց մէջ ան ծնունդ առաւ, ապա՝ հանգրուանային կերպով անոր բարգաւաճման հոլովոյթին կապուած զանազան երեւոյթները։

Մեծ եղեռնէն յետոյ, ջարդուած եւ տարագիր հայութեան վերապրող խլեակները, օգտուելով 1918-ի զինադադարի պայմաններէն եւ դաշնակից բանակներու ներկայութենէն, վերադարձան հայրենի աշխարհ, վերագրաւելու իրենց պապենական հողերն ու ինչքերը եւ կեանք ու շունչ տալու մոխրացած օճախներուն։ Հաւատարիմ իր շինարար բնազդին՝ հայութիւնը լծուած էր վերականգնումի գործին եւ տակաւ կը փորձէր վերակազմակերպել իր կեանքը երբ յանկարծ վրայ հասաւ քեմալական ապստամբութիւնը որուն  հետ  իր  կնքած  Անգարայի  դաշինքով,  30  Հոկտ.  1921-ին, Ֆրանսա կը խոստանար քաշել իր բանակները Կիլիկիայէն զոր պիտի լքէր ամբողջութեամբ Թուրքիոյ։

Հիասթափ եւ ուղեկորոյս ու երկրորդ ջարդի արհաւիրքը իր սրտին, Կիլիկիոյ հայ բնակչութիւնը կրկին պարպեց իր շէները եւ լքելով իր բոյնը, վերստին առաւ գաղթականի ցուպը իր ձեռին ու եկաւ կայք հաստատելու արաբական հիւրընկալ եւ  ասպնջական երկիրներուն մէջ, մատնուած անմխիթար գոյավիճակի։

Կիլիկիոյ շնորհազարդ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան, 1921-ին, վերջնականապէս լքելով Սիսը, ուր կը գտնուէր 800 տարուան պատմական Սուրբ Աթոռը եւ հետեւելով իր տեղահան ժողովուրդին կը փոխադրուէր Հալէպ ուսկից կ՜անցնէր Պէյրութ ապա Երուսաղէմ եւ Կիպրոս։

Տիրող անորոշ կացութեան մէջ, Ս. Աթոռին անկայուն վիճակին հետ զինքը կը մտատանջէր գլխաւորաբար գաղթահայութեան անկազմակերպ եւ ցան ու ցրիւ վիճակը։ Կը հաւատար որ հայրենի բնագաւառներէն դուրս, եկեղեցին կը հանդիսանայ միակ վարչական կեդրոնական հաստատութիւնը որուն շուրջ կարելի է համախմբել գաղթահայութիւնը եւ կազմակերպել ազգային, կրթական ու ընկերային կեանք։

Սակայն ո՞վ պիտի փոխարինէր  նահատակուած  առաջնորդները, եկեղեցականներն ու կրթական մշակները։

Հոգեւոր պատրաստութեան նախկին նշանաւոր կեդրոնները, Ս. Էջմիածնի, Արմաշի, Սիսի Դպրեվանքները փակուած էին։ Երուսաղէմի հայոց վանքին կապուած ժառանգաւորաց վարժարանը 1924-ին կը վերաբացուէր, սահմանափակ թիւով աշակերտութեամբ։

Ահա այս մթնոլորտին մէջ, ընկճուած՝ խոր մտահոգութիւններու ներքեւ, Սահակ Բ. Կաթողիկոս իր 79 տարիքին կը հրատարակէր պատմական նշանաւոր իր կտակը, 24 Փետրուար 1928-ին։ Պարոն  Բիւզանդ  Եղիայեան, բազմավաստակ ուսուցչապետ եւ նախկին ներքին տեսուչ Դպրեվանքի որ մօտէն ծանօթ է այս իրա- դարձութիւններուն իր «Ժամանակակից Պատմութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1941-1972» մեծածաւալ գրքին մէջ կը գրէ ի մէջ այլոց, վերոյիշեալ կտակի մասին ու կ՜աւելցնէ. «Շփոթ այս կացութեան դիմաց, ինքզինքը պատասխանատու զգալով ազգին ու պատմութեան առջեւ, Սահակ  Կաթողիկոս  կը  դնէր հարցումը.

«Ի՞նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ապագան» ու կը հայցէր ազգային հասուն մտքերու խորհուրդն ու թելադրութիւնը»։

«Արթնամիտ Հայրապետին հարցումին անմիջապէս ու լայն արձագանքով կը պատասխանէր սփիւռքահայութիւնը՝ իր մամուլով, մտաւորականութեամբ եւ վարչական պատասխանատու մարմիններով։

«Սփիւռքի հայութեան վերականգնումի ու պահապանութեան համար անհրաժեշտ էր ամրացնել ու բարգաւաճ վիճակի բարձրացնել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր նուիրապետական վարչակարգով, դպրեվանքով ու մշակութային գործունէութիւններով։

«Եւ այս աշխատանքին մէջ կաթողիկոսին անմիջական գործակից նոր ոյժ մը ապահովելու իմաստութեամբ, ազգային առաջնորդ դէմքեր  կը  թելադրէին  որ  Բաբգէն  Եպս.  Կիւլէսէրեան,  Արմաշի Դպրեվանքէն, Աթոռակից ընտրուի, ինչ որ յօժար կամքով կը կատարէր Սահակ Կաթողիկոս 1928-ի Յուլիսին»։

Այնուհետեւ Սահակ Բ. Կաթողիկոս եւ իր Աթոռակիցը Բաբգէն Կաթողիկոս կը լծուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թեմերու վերակազմութեան աշխատանքին։

Կը մնար սակայն հիմնականը։ Կաթողիկոսարանը վայր մը չունէր ուր կարենար հաստատուիլ։

Այդ շրջանին Ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերակցութիւնը արդէն լուծարքի ենթարկած էր իր որբանոցները։ Անթիլիասը պարպուած էր որբերէն, սակայն կալուածները դեռ եւս կը մնային իր սեփականութիւնը։

Խորհրդակցութեամբ իր Աթոռակիցին եւ Ամերիկահայ ազգայիններու հետ, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, պաշտօնական դիմում կատարեց ամերիկեան նպաստամատոյց կեդրոնին, Նիւ Եորք, որպէսզի իրեն տրամադրուի Անթիլիասի կալուածը ուր պիտի հաստատէր Ս. Աթոռը եւ Դպրեվանքը։

9 ամսուայ բանակցութիւններէ յետոյ, 1930-ին, Ապրիլ 10-ին, հիմնարկութիւնը կը յայտնէ որ իր Անթիլիասի կալուածը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ 5 տարուայ համար, տարեկան 1 տոլար անուանական վարձքով, նաեւ իր կողմէ մասնակցելով տարեկան 7000 տոլար յատկացումով մը բացուելիք Դպրեվանքին պահպանութեան համար, պայմանաւ որ հայեր եւս մասնակցին անոր ծախսերուն, տարեկան 5000 տոլարով։

Ամերիկահայ բարերար Յարութիւն Կիւլպէնկեանի եւ Միհրան Գարակէօզեանի մասնակցութեամբ եւ ուղղութիւններով կը կազմուի Կիլիկիոյ ուսումնարանի Ամերիկահայ Յանձնաժողովը որ լըրջօրէն կը լծուի աշխատանքի եւ կÿապահովէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ Դպրեվանքի պահպանութեան համար ակնկալուած 5000 տոլարը։ Հետագային, Բաբգէն Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ (1936), Սարաճեան Կաթողիկոս, այն ատեն Արքեպիսկո- պոս, 1939-ին վերջնականապէս կը գնէ Անթիլիասի կալուածները Նիիր Իսթ Ֆաունտէյշընէն եւ ազգային սեփականութիւն կը դարձնէ զանոնք շնորհիւ Սիմոն եւ Մաթիլտ Գայըգճեաններու նուիրատուութիւններուն եւ 1940-ին կը կառուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը՝ Սարգիս Գնաճեանի նուիրատուութեամբ։

Այսպէսով, Կիլիկիոյ վտարանդի Կաթողիկոսութիւնը կ՜ունենայ իր մնայուն վայրը Լիբանանի հիւրընկալ ափերուն վրայ, Անթիլիասի ծովեզերքը եւ իր շրջափակէն ներս կը վերականգնէ իր Դպրեվանքը, մայրիներու շուքին տակ։

1930-ին, հիմնարկուած Դպրեվանքը պէտք ունէր սակայն ներքնապէս կերտուելու եւ ամրապնդուելու։ Անհրաժեշտ էր մշակել օրուայ պահանջքներուն համապատասխանող կրթական ծրագիր, զայն համակարգել հետեւողական աշխատանքով եւ ջամբուած ուսումին խորք եւ մակարդակ տալ։ Սա կը նշանակէր արդէն Դպրեվանքը օժտել մարդկային որակաւոր ոյժերով։

Համաձայնութեամբ կաթողիկոսարանի եւ Ամերիկայի Յանձնաժողովին, նոյն տարին վերատեսչութեան կը կոչուի Շահէ եպիսկոպոս Գասպարեան (այն ժամանակ վարդապետ), հին արմաշական մը որ ուսումը կատարելագործած էր Պոսթոնի Քէմպրիճի աստուածաբանական դպրոցին մէջ, միաժամանակ Հարվըրտ համալսարանէն ստանալով պսակաւոր աստուածաբանութեան վկայականը։

Դպրեվանքի ներքին տեսուչի պաշտօնին կը կոչուի բազմավաստակ կրթական մշակ եւ գրագէտ Բիւզանդ Եղիայեան որ այն ատեն կը գտնուէր Ժընեւ ուր կը վարէր ուսուցիչ-դաստիարակի պաշտօն։

Բազմաթիւ այլ վաստակաւոր   մտաւորականներ ու գրագէտներ ինչպէս Շահան Պէրպէրեան, Տոքթ. Յ. Թօփճեան, Խորէն Գաբիկեան, Տասնապետեան, Սիմոնեան… եւայլն պաշտօնավարութեան կը կոչուին ապահովելով անոր գիտական վարկ եւ մակարդակ։

Այսպէս, ուսուցչական կազմը յարմարագոյն անձերով օժտուելէ յետոյ, Դպրեվանքը կ՜ամրապնդէ իր ինքնութիւնը ինչ որ կ՜ապահովէ իր ապագայ փթթումն ու ծաղկումը։

Անտարակոյս յետ պատերազմական այդ շրջանին, տարագիր հայութեան համար ոչ մէկ ծառայութիւն չէր կրնար աւելի օգտա- կար եւ սփոփարար նկատուիլ քան այս մէկը։

1932-ին, Դպրեվանքը կու տայ իր առաջին պտուղը։ Մասնաւոր դասարանին պատկանող 6 ուսանողներ որոնք նախապէս արդէն երկրորդական վարժարան աւարտած ըլլալով Դպրեվանք ընդունուած էին, կրօնական, հայագիտական եւ մանկավարժական լրացուցիչ ուսում ստանալու համար, կը ստանան իրենց վկայականները։ Ասոնցմէ ոմանք կը դառնան ուսուցիչ եւ ուրիշներ կը ստանձնեն քահանայական պաշտօն։

1935-ին եւ 1936-ին Դպրեվանքը կու տայ կանոնաւոր ընթացաւարտներու առաջին երկու հունձքերը որոնց մէջէն 7 երիասարդներ կը կոչուին կուսակրօն եկեղեցականութեան։ Այս խումբին կը պատկանին Զարեհ Ա. Կաթողիկոս, Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեան, Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Չէպէյեան։ Այսուհետեւ ամբողջ 50 տարի, ան կը շարունակէ իր ընթացքը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչելով կուսակրօն եկեղեցականներ եւ քահանաներ ինչպէս նաեւ ուսուց- չական եւ մշակութային կեանքի նուիրուած աշխարհականներ։

Անցնող 50 տարիներու ընթացքին, եթէ Դպրեվանքը սփիւռքահայութեան եկեղեցական եւ ազգային կարիքներուն գոհացում տուող կեդրոնական հաստատութիւնը եղաւ, զայն կը պարտինք առաջին հերթին այս տեսլապաշտ երիտասարդներուն որոնք նիւթականացած այս դարուն մէջ, հոգեկան ու մարդկային արժէքները ամէն բանէ գերիվեր դասելով, լքեցին աշխարհիկ կեանքի պերճանքն ու շուայտութիւնները եւ իրենց բոլորանուէր անձը ի սպաս դրին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան։

Զայն կը պարտինք գլխաւորաբար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետներուն որոնք իրենց սիրոյն եւ բացառիկ հոգածութեան առարկան դարձուցին Դպրեվանքը։ Իրենց լուսամիտ եւ հեռատես քաղաքականութեամբ հետեւեցան մեծ հայրապետներու օրինակին եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միջոցներ ստեղծեցին որպէսզի կուսակրօն տրամադրելի ոյժեր երթան արեւմտեան մեծ ոստաններ, համալսարանական լրացուցիչ կազմաւորում ստանալու։

Զայն կը պարտինք վերատեսուչ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն որոնք ձեռնհասութեամբ եւ մանաւանդ պաշտօնի խոր գիտակցութեամբ Դպրեվանքը վերածեցին ոչ միայն հոգեւորականներու պատրաստութեան համար անհրաժեշտ գիտելիքներու փոխանցման վայրի, այլ ազգային նկարագիր կերտելու դարբնոցի։

Զայն կը պարտինք զինքը կենսաւորող ուսուցիչներուն որոնք իրենց մտքի լոյսով եւ սրտի ջերմութեամբ կրցան հաղորդել ապագայ նուիրեալներուն՝ սէրը համամարդկային իրաւ արժէքներուն, գնահատանքը հայ ժողովուրդի ստեղծագործ հանճարին եւ մշակոյթին, վեհութիւնը ծառայութեան ճամբով արդիւնաւորելու իրենց կեանքը։

Եւ վերջապէս զայն կը պարտինք հայ ժողովուրդին որուն արդար գնահատանքին եւ հոգածութեան առարկան կը մնայ ան։

Դպրեվանքը սակայն ինքնակեդրոն չմնաց։ Ան կենդանի ներկայութիւն եղաւ սփիւռքահայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ։

Իրմով Կիլիկեան Թեմերը կազմակերպուեցան, ունեցան առաջնորդներ, վարդապետներ եւ քահանայ հայրեր ու վերակենդանացան։

Իրմով կեանք ու աւիշ ստացան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանները անգամ մը եւս հաստատելով իմաստասէրին այն մտածումը թէ «Լոյսը ցոլացնելու մէջ աւելի մեծ արժանիք կայ քան միայն զայն ընդունելու մէջ»։

Ան դրական նպաստ բերաւ հայ ժողովուրդի եկեղեցական եւ մշակութային դարաւոր ժառանգին, ինչպէս նաեւ պատմական իրաւունքները միջազգային ունկնդրութեան փոխանցելու աշխատանքին մէջ։ Արդարեւ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ բազմաթիւ բարձրագոյն հոգեւորականներ մաս կազմելով Միջ-Եկեղեցական Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովներուն որ կը համախմբէ աւելի քան 300 եկեղեցիներ, շուրջ 250 միլիոն հաւատացեալներով եւ որուն գործադիր կեդրոնական մարմնին փոխ ատենապետն է Ն.Ս. Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոս, միջազգային վարկ եւ շահեկանութիւն կ՜ապահովեն հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Դպրեվանքը ներկայ է Միջին Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ որուն գործադիր մարմնին մաս կազմելով Տ. Արամ Եպս. Քէշիշեան, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց, Հայաստանեայց Եկեղեցին արժանի հեղինակութեամբ իր ինքնութիւնը կը հաստատէ նաեւ այս մարզերէն ներս։

Ան ներկայ է մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուր ծառայող դպրեվանեցի տնօրէններն ու ուսուցիչները մեր մատղաշ սերունդի մտքերուն մէջ կը բանան ազգային գիտակցութեան եւ մշակոյթի խորունկ ակօսներ։

Վերջապէս ան ներկայ է մեր եկեղեցիներու մէջ ուր Դպրեվանքի հոգեւոր մթնոլորտին մէջ թրծուած քահանայ հայրեր կը փոխանցեն մեզի քրիստոնէական հաւատքի կենարար լոյսը։

Դպրեվանքը, այսօր սփիւռքահայ կեանքի մէջ ամուր կերպով խարսխուած հիմնարկութիւն մըն է։

Յիսուն տարուայ չափահասութեամբ, բայց միշտ կենսունակ, ան կը շարունակէ փոխանցել հայութեան՝ կտակը մեր վաղեմի պատմական վանքերու եւ հոգեւոր համալսարաններու։ Կը քալէ անսայթաք, հայ ազգը յաւերժութեան առաջնորդող դժուարին ճանապարհով, դէպի հորիզոնները մեր նորագոյն պատմութեան։ Սփիւռքեան տարածքին մէջ ան մեր ազգային գոյութիւնը պայմանաւորող կարեւոր ազդակներէն մէկն է։

Իմաստաւորելով իր գոյութիւնը Աստուծոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու կոչումով, ան կը մնայ կապուած իր ժողովուրդին որ կը հանդիսանայ իր բնական նեցուկը։

Ինչպէս սիրտը կը տագնապի եւ ի վերջոյ կը դադրի տրոփելէ երբ թոքերը չի կարենան անհրաժեշտ թթուածինը հայթայթել, նոյնպէս Դպրեվանքը կրնայ կորսնցնել իր աշխուժութիւնը եւ կանգ առնել իր սլացքին մէջ եթէ մենք ազգովին թեւ ու թիկունք չի կանգնինք իրեն։

Չի մոռնանք ժողովրդական իմաստութիւնը որ կÿըսէ «գետակը կը դադրի հոսելէ երբ կը կտրուի իր ակունքներէն»։

Յիսնամեակը վերջակէտ մը չէ։ Ան հանգրուան մըն է միայն կեանքի ուղիին վրայ։ Ան օղակ մըն է որ կը բարդուի թաւալող տարիներու երկարաձիգ շղթային վրայ։ Անոր ոգեկոչումը պէտք է ըլլայ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն համար, նոր գրգիռ մը առաւել եւս հետաքրքրուելու իրմով իսկ հիմնար- կութեան համար ներշնչարան մը, խթան մը ի խնդիր անդրագոյն յաջողութիւններու։

Յոբելինական այս հանդիսութեան առիթով, յանուն Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան, կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, բայց հոգիով միշտ ներկայ երանաշնորհ կաթողիկոսներուն որոնց վճռակամութիւնը եւ տեսլապաշտ ոգին որոշադրիչ դեր ունեցան այս հաստատութեան գոյութեան եւ զարգացման մէջ։

Կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր նախկին տեսուչներուն, հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներուն որոնց հա- ւաքական ճիգերուն շնորհիւ Դպրեվանքը դարձաւ կրօնական եւ ազգային լուսաւորութեան ջահ մը։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Վեհափառ Հայրապետներուն պատմական այն գնահատելի դերին համար զոր Դպրեվանքը, շնորհիւ իրենց հայրական հոգատարութեան, կը շարունակէ կատարել ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն հայութեան։

Շնորհակալութիւն Դպրեվանքի ներկայ վերատեսուչ սրբազան հօր ինչպէս նաեւ հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներուն որոնց նուիրումով ան կը շարունակէ ճառագայթել եկեղեցական, մշակութային, ազգային ու միջազգային բնագաւառներէն ներս։

Յարգանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Փա՜ռք եւ պատիւ հայ ժողովուրդին։

Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճ կեանք մեր սիրելի Լիբանանին։

RÉCEPTION ORGANISÉE EN L՚HONNEUR DE S.E. KHATCHIG BABIKIAN
Sainteté – Béatitude

Monsieur le représentant de S.E. le Président de la chambre des députés Monsieur le représentant de S.E. le Président du Conseil

Monsieur le Président

Monsieur l՚Ambassadeur de France Excellence

Mes Révérends Pères Mesdames et Messieurs,

C՚est avec plaisir et honneur que je prends la parole au nom du Comite exécutif Central du Catholicossat Arménien de Cilicie pour vous souhaiter à tous, la bienvenue à cette rencontre organisée en l՚honneur de son Président, S.E. Monsieur Khatchig BABIKIAN qui, comme vous le savez, vient de recevoir, il y a deux semaines, par les propres mains de S.E. Monsieur Christian GRAEFF, Ambassadeur de France au Liban, les insignes d՚officier de la Légion d՚honneur.

Cette marque d՚honneur faite à M. BABIKIAN en reconnaissance des services qu՚il a rendus et qu՚il continue à rendre au développement de la langue et de la culture françaises et au raffermissement de l՚amitié Libano-Française rejaillit sans conteste, à travers sa personne, sur le Liban auquel il est plus que jamais attaché au milieu des évènements douloureux et sanglants qui le paralysent et sur la Communauté Arménienne qu՚il ne cesse de servir avec ardeur, dévouement et fidélité depuis des décennies.

Éminent Juriste, fin lettre, polyglotte comme il en est peu, homme politique chevronné et de haut rang, M. BABIKIAN a occupé et occupe encore des charges de hautes responsabilités sur le triple plan communautaire, Libanais et International.

Plusieurs fois Président du Comité Exécutif Central du Catholicossat Arménien de Cilicie dont la juridiction s՚étend du Liban à la Syrie, à Chypre, à l՚Iran, aux pays du Golfe, à la Grèce, aux États-unis et au Canada, Président de plusieurs commissions arméniennes à vocation Sociale, membre actif du bloc parlementaire arménien, député depuis 1956, sans interruption membre actif du bloc parlementaire arménien, tour à tour Ministre de la Réforme, de la Santé, de l՚Information et de la Justice, Président de la Commission parlementaire du Plan, de la Construction, de l՚Industrie et du Pétrole, Vice-Président de l՚Association Internationale des parlementaires de Langue Française, Président de l՚Association Libanaise de Management, M. BABIKIAN est, à juste titre, une figure de proue dans la vie publique Libanaise et une image de marque dans la Communauté Arménienne.

Monsieur le Président HELOU, ainsi que les hautes personnalités officielles que nous avons l՚honneur de compter parmi nous, ce soir, nous en donnent par leur honorable présence le gage et l՚assertion.

Le rayonnement de sa personnalité dépasse effectivement les dimensions locales et régionales. Ses activités débordantes loin de le lasser acroîssent son dynamisme et lui donnent une vigueur à toute épreuve.

Monsieur l՚Ambassadeur de France, la Communauté arménienne dont les liens traditionnels d՚amitié avec la France remontent à des dates très éloignés, se voit honorée par cette distinction. Elle est heureuse de vous accueillir et votre présence au Catholicossat est un témoignage de cette amitié qui nous touche profondément et pour laquelle nous vous remercions. Aussi, voudrions-nous vous prier de bien vouloir transmettre à S.E. M. le Président de la République Française, l՚expression de notre gratitude.

Nous remercions également, M.M. les représentants des hautes personnalités officielles, M. le President HELOU, leurs excellences les évêques, les Ministres et les députés ainsi que les éminentes personnalités religieuses et civiles et vous tous qui avez bien voulu par votre présence donner un éclat particulier à cette rencontre exprimer votre estime au digne récipiendaire et nous assurer do votre sympathie à cette occasion.

Encore une fois merci à tous.