Կրթական-Դաստիարակչական – Vosgueperan Arzoumanian

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ
Կարենալ առարկայօրէն խօսելու համար կրթական իրագործումներու մասին, օգտակար կը նկատեմ նախ լաւ ճշդել նիւթը եւ անոր տարողութիւնը որովհետեւ «կրթութիւն»ը իր լայն առումով կ՜ընդգրկէ այն բոլոր ասպարէզները որոնք կը ձգտին անհատին կամ հաւաքականութեան մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացումը ապահովել, այլապէս կրթական իրագործումներու ուսումնասիրութիւնը պիտի պահանջէր քննարկումը այն հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութեան որոնց գոյութիւնը սերտօրէն կապուած է կրթական կալուածին մաս կազմող այս կամ այն առարկային հետ։

Այս հակիրճ ուսումնասիրութիւնը կը շօշափէ կրթութեան դպրոցական երեւոյթները եւ հետեւաբար կրթական իրագործումները։ Հոս կը պատկերացնեն մեր դպրոցական վիճակին հոլովոյթը վերջին տասնամեակին, յատկապէս նախակրթարաններու, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն համար։ Պիտի փորձենք ուրեմն զանազան վիճակագրական տուեալներու լոյսին տակ վերլուծել մեր կրթարաններուն արձանագրած իրագործումները 1963-64-էն 1972-73 եւ վեր հանել այդ իրողութիւններէն բխած ազգայինկրթական զանազան հարցեր։

Առ այդ օգտագործած եմ կրթական նախարարութեան, իւնէսքոյի, կրթական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց պետական կեդրոնի, հայ համալսարանաւարտներու միութեան եւ Առաջնորդարանի վիճակագրական տախտակները։

Լաւ ըմբռնելու համար հայ վարժարաններուն արձանագրած իրագործումները վերջին տասնամեակին, անհրաժեշտ կը նկատեմ ամփոփ պատկեր մը տալ Լիբանանի կրթական ընդհանուր վիճակի մասին 1963-64ին եւ 1972-73ին տեսնել հայ վարժարաններուն գրաւած տեղը այդ ամբողջութեան մէջ, ապա բաղդատել զայն ընդհանուրին հետ։

Ուսումնասիրութեան բաղդատական ձեւը, կը թուի ըստ իս, մեզ առաջնորդել աւելի ընդունելի եզրակացութիւններու, որովհետեւ այն ինչ որ ճիշդ է եւ իրողութիւն Լիբանանի, առհասարակ, ընդհանուր աշակերտութեան եւ բնակչութեան համար իբրեւ կեանքի ընկերային, բարոյական եւ նիւթական պայման, գրեթէ ճիշդ է նաեւ մեր վարժարանները յաճախող հայ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն համար, մանաւանդ երբ բաղդատութիւնը ընենք շրջանային տարողութեամբ։

Պիտի քննենք ուրեմն աշակերտութեան թիւին, դպրոցներու կրթական մակարդակին, անոնց պիւտճէին, ուսուցիչներու թիւին եւ որակին հոլովոյթը վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին մէջ։

1) Վիճակագրական տուեալներ

Ա.- Դպրոցներու թիւ

Լիբանանի մէջ գտնուող դպրոցներու ընդհանուր թիւը, ներառեալ հայ վարժարանները, 1963-64ին կը բարձրանար 2729ի որոնց 2288ը նախակրթարան իսկ 441ը միջնակարգ եւ երկրորդական էին։

Նախակրթարաններուն 1048ը պետական իսկ 1240ը ոչ պետական իսկ միջնակարգի եւ երկրորդական 441 վարժարաններուն 225ը պետական եւ 216ը ոչ պետական էին։

1971-72ին դպրոցներու թիւը հասաւ 2793ի որոնց 1772ը նախակրթարան եւ 1021ը միջնակարգ եւ երկրորդական։

Նախակրթարաններուն 770ը պետական եւ 1002ը ոչ պետական էին իսկ 1021 միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն 540 պետական եւ 481 ոչ պետական էին։

Ընդհանուր յաւելում, 64 վարժարան, այսինքն 25%։

Հայ վարժարաններու պարագան հետեւեալ պատկերը կը պարզէր.-

1963-64ին ունէինք 46 օրինաւոր վարժարաններ որոնց 25ը զուտ նախակրթարաններ էին իսկ 21ը կը հասցնէին մինչեւ միջնակարգի վերջաւորութեան կամ մինչեւ պաքալորիա։

1971-72ին վերոյիշեալ թիւը կը հասնէր 51ի, այսինքն 5 վարժարանի յաւելում որուն մէկը երկրորդական եւ չորսը նախակրթարան։

Բ.¬ Աշակերտութիւն

1.- Աշակերտութեան ընդհանուր թիւ

1963-64ին Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր բացի համալսարաններու աշակերտութենէն 371.239։

1972-73ին այս թիւը բարձրացաւ 728.409ի արձանագրելով 357.170 աշակերտի յաւելում, այսինքն 93%։

Նոյն տարիներուն, 1963-64ին, բոլոր հայ վարժարանները յաճախող աշակերտներուն թիւն էր 14.315 իսկ 1972-73ին ան բարձրացած էր 18.526ի, արձանագրելով 4211 աշակերտի յաւելում, այսինքն 29.40% միայն։

Վերոյիշեալ աշակերտութեան թիւին մաս չեն կազմեր համալ- սարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը եւ թեքնիք հայ վարժարաններու ինչպէս Սիմոնեան, Վարժապետեան, առեւտրական վարժարաններու աշակերտութիւնը։

2.¬ Աշակերտութեան թիւը համաձայն սեռին

1971-72ի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան 55% արական եւ 45% իգական սեռի կը պատկանէին։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը ցոյց կու տար 58% արական սեռի եւ 42% իգական սեռին պատկանող աշա- կերտութիւն։ Իսկ երկրորդականի մէջ, 65% արական եւ 35% իգական սեռի կը պատկանէին։

Տրուած ըլլալով սակայն որ վերոյիշեալ գումարներուն մաս կը կազմէ գաւառներու աշակերտութիւնը, որպէսզի մեր ընտրած բաղդատական ձեւը աւելի եզրակացուցիչ ըլլայ, պիտի առնենք Պէյրութի աշակերտութեան բաղկացումը նոյն տարին։

Պէյրութի մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու աշակերտութեան 50% իգական սեռի կը պատկանին։ Միջնակարգի մէջ այդ համեմատութիւնը նոյնն էր, 50% արական եւ 50% իգական, իսկ երկրորդականին մէջ 66% արական եւ 34% իգական սեռի կը պատկանէին։

Նոյն տարին, հայ վարժարաններու աշակերտութեան բաղկացումը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը։

Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, 50.31% արական եւ 49.69% իգական, միջնակարգ 45% արական եւ 55% իգական իսկ երկրորդական 50.47% արական եւ 44.53% իգական սեռի կը պատկանէին։

Գ.¬ Ուսուցչական կազմ

1963-64ին, ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն էր 15.065, իսկ 1972- 73ին 33.485, յաւելում՝ 18.420։

1972-73ին պետական վարժարաններու ուսուցիչներուն ուսումնական մակարդակը կը ներկայանար հետեւեալ կերպով։

65%ը ունէին պետական, ակադեմական վկայականներ, (պրըվէ, պալաքորիա, լիսանս), մնացեալ 35% ունէին զանազան այլ վկայականներ որոնց համար պետութիւնը համազօրագիր տուած էր։

Ձրիավարժ վարժարաններուն մէջ, 83% ուսուցիչներուն ունէին պետական վկայականներ, 3.35% մասնագիտական եւ 13.65% ոչ պետական վկայականներ։

Վճարովի վարժարաններուն մէջ, պետական վկայական ունեցողները կը ներկայացնէին ուսուցչական կազմին 83.97%ը, մասնագիտական վկայական ունեցողները 0.59% եւ ոչ պետական վկայական ունեցողները 15.44%։

Հայ վարժարաններու մօտ, նոյն տարուայ համար հետեւեալ պատկերը կը պարզուէր։

Համալսարանաւարտ 25%, պետական պաքալորիա եւ երկրորդական վարժարանէ վկայեալ 34%, պրըվէ եւ համազօր 29%, իսկ 12% պրըվէյի մակարդակէն վար։

Պետական վարժարաններու մէջ ամէն մէկ ուսուցչի գլուխ կար 11 աշակերտ, իսկ հայ վարժարաններու մէջ 16 աշակերտ։ Լիբանանի ընդհանուր միջինն էր 23 աշակերտ, ուսուցչի գլուխ։

1970-71ին, ուսուցչական կազմին 51% արական եւ 49% իգական սեռի կը պատկանէին։ Իսկ հայ վարժարաններուն մէջ 41% արական եւ 59% իգական սեռի կը պատկանէին։

Հայ վարժարաններուն մէջ ուսուցիչներուն 70% միայն մնայուն էին եւ 30% այցելու։ Անոնց 19.5% օտարահպատակ էր եւ 80.5% լիբանանցի։

Դ.¬ Քննութեանց արդիւնք

1.- Պետական քննութիւններ

1965-66ին պրըվէի քննութեան ներկայացող Լիբանանի ամբողջ աշակերտութեան 37.03% միայն յաջողեցաւ։ Հայ վարժարանները նոյն տարին ապահոված էին 55.83% յաջողութիւն։

Ա. պաքալորիայի քննութեան մէջ, յաջողութիւնը եղած էր, ամբողջ Լիբանանի համար 12.02%, հայ վարժարաններու համար ան եղած էր 50%։

1969-70ին պրըվէի քննութեան ներկայացող ընդհանուր աշակերտութեան յաջողութեան միջինը եղած էր 57.25%, հայ վարժարաններու աշակերտութեան յաջողութեան միջինը եղած էր 75.70%։ Այս համեմատութիւնը սակայն կէսով պէտք է իջնէ քանի որ համաձայն մեր ձեռքը անցած վիճակագրութիւններու, համապատասխան դասարանի աշակերտութեան թիւէն 45.80% միայն ներկայացած է քննութեան։

Ա. պաքալորիայի պարագային, լիբանանեան ընդհանուր միջինը եղած է 22.55%, իսկ հայ վարժարաններու համար այդ եղած է 55.38%։ Հոս եւս անհրաժեշտ է ճշդում մը ընել։ Հայ վարժարաններու համապատասխան դասարանին 14.28% միայն ներկայացած է քննութեան ինչ որ կը նշանակէ որ վերոյիշեալ համեմատութիւնը 7 անգամով պէտք է նուազեցնել (Տես՝ հայ համալսարականներու միութեան պատրաստած վիճակագրական տախտակները)։ Չի մոռնանք նաեւ որ ոչ հայ վարժարաններէն շատեր կը դիմեն նոյնպէս զտումի քաղաքականութեան ինչ որ մեզի կ՜արտօնէ պահել հայ վարժարաններու յաջողութեան համեմատութիւնը նոյնութեամբ։

Ազգային վարժարանները որոնք իրենց աշակերտութիւնը 100% տոկոսով ներկայացուցած են պետական քննութիւններուն, նոյն տարին, պրըվէյի մէջ ստացան 41.30% եւ պաքալորիայի մէջ 55.38% յաջողութիւն։

2.¬ Տարիքով ուշ մնացող աշակերտներուն պարագան

1972-73ին համաձայն պետական վիճակագրական տուեալներուն, Լիբանանի նախակրթարաններու ընդհանուր աշակերտութեան 55% համապատասխան դասարանին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած է։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը եղած է 80.67%, իսկ երկրորդականի մէջ 82.53%։ Այս տուեալները գրեթէ նոյնն են Իւնէսքոյի կողմէ կատարուած հետազօտութեանց արդիւնքին հետ։

Ճշդուած է նոյնպէս որ նախակրթարաններու աշակերտութեան 11.90% նախակրթարանը չեն աւարտեր, միջնակարգի աշակերտութեան 44.30%, իսկ երկրորդականի 55% նոյնպէս չեն աւարտեր իրենց բաժինները։ Նախակրթարանի 3 աշակերտէն մէկը միայն կ՜անցնի միջնակարգ եւ 11էն մէկը երկրորդական։ Նախակըրթարանի 50 աշակերտներէն մէկը միայն կը ստանայ Ա. պաքալորիա։

Հայ վարժարաններուն մէջ, 1971-72ին նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 1754 աշակերտներուն 1209 միայն հասած են 5րդ դասարան, մնացեալ 545 հոգիները լքած են զայն տակաւին նախակրթարանի վերջին դասարանը չի հասած։

Նախակրթարանի Ա. դասարանին 1754 աշակերտներէն միայն 753ը հասած են ու արձանագրուած միջնակարգ որոնց 338 անցած են երկրորդական եւ 425 լքած դպրոցը։

Հայ վարժարաններուն մէջ 3 աշակերտներէն մէկը միայն հասած է միջնակարգ, 7էն մէկը միայն երկրորդական, նախակրթարանի Ա. դասարանը արձանագրուած 25 աշակերտներէն մէկը միայն ստացած է պետական Ա. պաքալորիա։

Ե.¬ Պիւտճէական

1970-71 հայ 51 վարժարաններուն 18ը իրենց պիւտճէն հաւասարակշռած են, 20ը բաց ունեցած են (430.743 լ.ոսկի) եւ մնացեալ 13ը շահ ապահոված են (540.963.75), հայ վարժարաններուն ընդհանուր պիւտճէն բարձրացած է, 1970-71 տարեշրջանին համար, 5.59.778 լ. ոսկիի։

Բաց ունեցած են փոքրաթիւ աշակերտութիւն ունեցող վարժարանները, ի մասնաւորի այն պարագային երբ անոնք երկրորդական բաժին ալ ունեցած են։ Ձրիավարժ վարժարաններէն ոմանք չեն կրցած իրենց պիւտճէն հաւասարակշռել։ Այս երեւոյթը ընդհանրական է երբ խնդրոյ առարկայ վարժարանին աշակերտութեան թիւը 250էն վար է։

Նախակրթարաններու մէջ ամէն աշակերտի գլուխ ծախսը կը բարձրանայ, ձրիավարժ ըլլալու պարագային, 200-240 լ.ոսկիի, իսկ վճարովի ըլլալու պարագային 400-600 լ.ոսկիի, միջնակարգի մէջ այդ կ՜ըլլայ 700-900 լ.ոսկի իսկ երկրորդականի մէջ 1000-1200 լ.ոսկիի։ Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ, աշակերտը կը վճարէ 34 լ. ոսկի միայն որուն վրայ կ՜աւելցուի երբեմն զանազան այլ ծախսերու համար շուրջ 25-30 լ.ոսկի, իսկ պետութեան նպաստը նախակրթարանի աշակերտներուն համար 1972-73, 85 լ.ոսկի էր անձ գլուխ։ Ներկայիս 135 լ.ոսկի։

2) Հաստատումներ

ա.- Հայ աշակերտութեան կարեւոր մէկ թիւին օտար վարժարան յաճախելու պարագան

Վերոյիշեալ տուեալները ցոյց կու տան մեզի որ 1963-64-էն մին- չեւ 1972-73 մեր դպրոցներու թիւը աւելցած է 11%, իսկ մեր աշակերտութեան թիւը 29.40% համեմատութեամբ։ Աշակերտութեան թիւին աճը տարօրինակ կերպով աւելի ցած է քան Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւին աճը որ ինչպէս տեսանք անցնող 10 տարիներուն համար եղած է 110%։ Այս պարագան շատ ակնբախ է եւ մտահոգիչ։

Հիմնուելով վիճակագրական տեղեկութիւններուն վրայ եւ նկատի ունենալով աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճին տոկոսը, 1972-73ին մեր վարժարանները պէտք է որ ունենային 30.817 աշակերտ փոխան 18.526ի ինչ որ կը նշանակէ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին անոնք կորսնցուցած են 13.135 աշակերտ։

Կայ նաեւ երկրորդ մօտեցում մը հայ աշակերտութեան թիւին առնչութեամբ։

1972-73 ուսումնական տարեշրջանին մէջ Լիբանանի աշակերտութիւնը իր բնակչութեան թիւին 29.90% կը ներկայացնէր։ Եթէ այս թիւէն հանենք օտարահպատակները եւ արաբական երկիրներէն եկած աշակերտութեան մէկ մասը (50%) քանի որ հայ համայնքն ալ ունի արաբական այլ երկիրներու հպատակութիւնը կրող աշակերտներ, վերոյիշեալ համեմատութիւնը կը վերածուի 23.57%։ Եթէ 0.57 վերագրենք վիճակագրական տուեալներու անբաւարարութեան կամ անճշդութեան, կու գանք այն եզրակացութեան որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է հայ բնակչութեան մօտաւորապէս 23% ներկայացնէ։

Եթէ ընդունինք պահ մը որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտութեան թիւը զանցառելի է, այն ատեն հիմնուելով հայ վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին վրայ պիտի հասնինք այն ապշեցուցիչ եզրակացութեան որ հայ բնակչութեան թիւը Լիբանանի մէջ 80.700 հոգի է ինչ որ բացարձակապէս անճիշդ է։

Եթէ մեկնինք այն իրողութենէն որ հայ բնակչութեան թիւը նուազագոյն 150 կամ 170 հազար է, մենք պիտի ունենանք, 170 հազար ըլլալու պարագային 39.100 աշակերտ, իսկ 150 հազար ըլլալու պարագային 36.800 աշակերտ որոնց դժբախտաբար միայն 18.596ը հայ վարժարան կը յաճախեն։ Այս թիւին մէջ նկատի չէ առնուած առեւտրական հայ թեքնիք վարժարաններու աշակերտութիւնը (Սի- մոնեան, Վարժապետեան եւայլն)։

Ներկայիս հայ վարժարան յաճախող աշակերտութիւնը Լիբանանի հայ բնակչութեան 10-11% կը կազմէ որմէ կարելի է հետեւցընել որ հայ աշակերտութեան մօտաւորապէս կէսը օտար վարժարան կը յաճախէ։ Եւ կարեւոր մաս մը գրեթէ բնաւ դպրոց չի յաճախեր։ Ահաւասիկ ահաւոր կացութիւն մը որուն մասին պէտք է ազգովին անդրադառնանք։

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ ուրիշ կէտ մը։

Հայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ, արական սեռի պատկանող աշակերտութեան թիւը նուազ է քան իգական սեռինը։ Ան աւելի քիչ է նաեւ բաղդատած լիբանանեան ընդհանուր միջինէն։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ որ կամ հայ ծնողները ուրիշներէն աւելի նախանձախնդիր են իրենց 12- 18 տարեկան աղջիկները դպրոց ղրկելու, կամ նախակրթութենէ յե- տոյ, անոնք իրենց մանչերը կը ղրկեն օտար վարժարան եւ կամ պարզապէս մանչերու մէկ մասը դպրոցը կը լքէ եւ իր մատղաշ տարիքին մէջ աշխատելու կ՜երթայ։ Ահա թէ ինչպէս կը բացատրուի օտար վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ մանչերու համեմատութեան 56% ըլլալը եւ հայ վարժարաններուն մէջ այդ համեմատութեան 50.41%ի վերածուիլը։

Որքան ալ անճիշդ թուին վերոյիշեալ ենթադրութիւնները այն ինչ որ կը վերաբերի Լիբանանի հայ բնակչութեան թիւին, իրողութիւն է սակայն որ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին աճը լիբանանեան ընդհանուր միջինին 1/4 է միայն։ Սա կը նշանակէ որ հայ ծնողներու մէջ կան տակաւին շատեր որոնք նիւթական պատճառներու համար իրենց զաւակները բնաւ դպրոց չեն ղրկեր, իսկ ուրիշներ հետեւելով օգտապաշտ գաղափարներու, կը յամառին իրենց զաւակները ղրկել օտար վարժարան այն մտածումով որ հոն անոնք կը ստանան ուսում եւ դաստիարակութիւն համաձայն ժամանակին եւ տեղական պայմաններու պահանջին։ Անոնց համար իրենց զաւակներուն պետական վկայական ստանալը եւ ապագայի հեռանկարով գործ ապահովելու ձգտող ստոյգ առաւելութիւններ ձեռք ձգելը առաջնահերթ մտահոգութիւն է։ Շատ կարեւոր կը նկատեն նաեւ օտար լեզուներու լաւ ճանաչումը եւ անոնց սահուն գործածութիւնը։ Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային դաստիարակութեան, լեզուին, պատմութեան, ոգիին, այս բոլորին համար կը խորհին թէ պէտք եղած մթնոլորտը եւ միջոցը ունին տան մէջ, իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու եւ ազգային հայ ակումբները մնացած բացը կ՜ամբողջացնեն։ Հայ վարժարաններու մէջ տրուած օտար լեզուներու ուսուցումը անբաւարար կը գտնեն եւ անոնց յաջողութիւնը պետական քննութիւններու մէջ կասկածելի։ Այս առարկութիւններով կը դիմեն ինքնարդարացումի։

Պէտք է ազգովին պայքարինք այս մտայնութեան դէմ։ Մեր պայքարը սակայն պէտք է ըլլայ դրական եւ շինիչ։ Պէտք է փորձենք նախ սրբագրել մատնանշուած վերագրումները, եթէ ճիշդ են ապա լուսափանել հայ հասարակութիւնը։

Ինչպէս երեւան կու գայ վերեւ յիշուած վիճակագրական տուեալներէն հայ վարժարաններու յաջողութեան միջինը պետական քննութեանց մէջ աւելի բարձր է քան պետական ընդհանուր միջի- նը, իսկ այդ բոլորին մէջ ազգային վարժարաններուն ձեռք բերած միջինը պետական պրըվէի եւ պաքալորիայի մէջ, աւելի բարձր է թէ պետական միջինէն եւ թէ հայ վարժարաններու ընդհանուր միջինէն։ Այս իրողութիւնը դժբախտաբար ծանօթ չէ մեր ժողովուրդին։ Թող ներուի մեզի եթէ յայտնենք որ մեր կրթական քարոզչութիւնը, լաւագոյնին ձգտելու իր աշխատանքին մէջ, դուրս կ՜ելլէ երբեմն իր հունէն եւ տեղի տալով ամբոխավարութեան կը դիմէ բացասական միջոցներու ու կը դառնայ վնասակար, շարունակ քննադատելով մեր կրթական հաստատութիւնները։ Քննադատութիւնը օգտակար է երբ ան արդար է ու մտածուած եւ երբ մատնանշուած թերիին կողքին կը յայտնաբերուի նաեւ այն ինչ որ ճիշդ ու լաւ է։ Թերթերուն մէջ, երբեմն այս առընչութեամբ գրուած յօդուածներէն ոմանք երբ շեշտը կը դնեն միայն ու միայն հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ մերժելով անկէ դուրս ոեւէ դրական արժէք, կը սատարեն պարզապէս մեր դպրոցները ամլութեան դատապարտելու կոչուած անգիտակից եւ վնասաբեր աշխատանքի։ Այդ ծայրահեղ գաղափարները սխալ կը մեկնաբանուին մեր ժողովուրդին կողմէ որուն մէկ կարեւոր մասը իր զաւակը կը ղրկէ օտար վարժարան որովհետեւ ան կը նկատէ իր կարդացածովն ու իր լսածովը որ հայ վարժարանները, իր զաւկին կերտումին նպաստող, ուսումնական եւ կրթական ոեւէ դրական այլ արժէք չունին տալիք բացի հայեցի դաստիարակութենէն։ Մեր քարոզչական աշխատանքները պէտք չէ ժողովուրդը սխալ տպաւո- րութիւններու տակ թողուն։ Մենք հիմնովին կը հաւատանք հայեցի դաստիարակութեան առաջնահերթութեան, բայց կը հաւատանք նոյնպէս որ պէտք չէ զանց առնենք պետական կրթական ծրագիրը։

բ.- Հայերէն լեզուի մակարդակը մեր վարժարաններուն մէջ

Հայերէնի մակարդակը հայ վարժարաններու մէջ, բացի մի քանի վարժարաններէ դեռ եւս անբաւարար է։ Պետական վկայականներու ապահովութեան համար անոնց թափած ճիգը բնականօրէն

զիրենք առաջնորդեցին այս իրողութեան որ ողբերգական չէ բնաւ սակայն պէտք է զայն բարելաւել։ Արդարեւ պէտք չէ սպասել, իրերու այս կացութեան մէջ ուր մեր ժողովուրդը տակաւին քաջատեղեակ չէ տեղական լեզուին որուն ուսուցումին համար իր կարգին մեծ աշխատանք կը տարուի, որ մեր վարժարանները պատրաստեն հայագէտ աշակերտներ։ Անոր համար բարեբախտաբար կան բարձրագոյն հիմնարկներ զորս պէտք է քաջալերել եւ որոնց գոյատեւման պէտք է նեցուկ կանգնիլ։ Մեր վարժարանները պէտք է լաւ սորվեցնեն հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, մեր աշակերտներուն պէտք է փոխանցեն մեր մշակութային ժառանգը, եւ զանոնք տէր կասուցանեն մեր պատմական ազգային դարաւոր իրաւունքներուն։ Այս ոգին հարազատօրէն իր ամբողջ կենդանութեամբ եւ ջերմութեամբ պէտք է փոխանցուի նորահաս սերունդին մեր վարժարաններուն միջոցաւ։

Ըստ մեր հայեցողութեան, հայերէնի մակարդակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ իրագործումները։

1) Վերամշակել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսումնական ծրագիրը համաձայն մեր արդի պահանջքներուն եւ կա- րելիութիւններուն եթէ տակաւին այդ եղած չէ։

2) Պատրաստել վերոյիշեալ կրթական ծրագիրներուն ներդաշնակ նոր դասագրքեր, մանկավարժական արդի ըմբռնումներով։

3) Ունենալ որակեալ ուսուցչական կազմ, հիները վերաորակաւորման դասընթացքներու ենթարկելով, իսկ նորերէն պահանջելով հայագիտական բարձրագոյն ուսման վկայական որուն համար պէտք է ճշդել առանձնայատուկ սակ եթէ նոյնիսկ ան պետական ճանաչում չէ ստացած։

Նախակրթարաններու մէջ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման համար պէտք է ունենալ միջակ մակարդակի ուսուցչանոց որուն կ՜արձանագրուին պրըվէն ստացած աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ ուր 3 տարուայ յատուկ պատրաստութեամբ անոնք կ՜ուսանին լեզու, պատմութիւն, գրականութիւն եւ ընկերային նիւթերու կողքին հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն հանդերձ գործնական աշխատանքներով։

գ.- Ուսուցիչներու պարագան

Հայ վարժարաններու մէջ ուսուցիչներու միջին տարիքը 45 է։ Ուսուցչութիւնը հոն ասպարէզ դարձած է առհասարակ տարիքով առաջացած տարրերուն համար։ Երիտասարդներու մօտ յարափոփոխ վիճակ մը կայ։ Անոնք երբ արժէքաւոր են, կը լքեն ուսուցչութիւնը եւ այլ շահաբեր գործի կը լծուին։ Այս պարագան ընդհանրացած է նախակրթարաններու մէջ։ Ան յառաջ կու գայ ուսուցիչներուն նիւթապէս անբաւարար վարձատրութենէն։ Բաղդատմամբ լիբանանեան ընդհանուր միջինին արական սեռին պատկանող ուսուցիչները աւելի փոքրաթիւ են քան իգական սեռին պատկանողները։ Ուսուցչութիւնը աւելի ասպարէզ դառնալու վրայ է իգական սեռին համար։ Օտարահպատակները մեր ուսուցչական կազմին 1/5ը կը կազմեն։

Առ հասարակ, հայ ուսուցիչներուն կրթական միջին մակարդակը կը համապատասխանէ պետական ընդհանուր միջինին։ Ուշագրաւ երեւոյթ է որ 1105 ուսուցիչներու վրայ ունինք տակաւին 123 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ որոնց մակարդակը միջնակարգէն վար է, այսինքն 9 ուսուցչէն մէկը գրեթէ նախակրթարանի մակարդակ ունի։ Բացի քանի մը վարժարաններէ, մանկապարտէզներու մէջ պաշտօնավարող վարժուհիներուն բոլորը չունին մասնագիտական համապատասխան պատրաստութիւն։ Հակառակ անոր որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին մեծ բարեփոխութիւններ եղած են։ Մեր մանկապարտէզները պէտք ունին դեռ եւս մեծ խնամքի։ Չի մոռնանք որ մանկապարտէզը դպրոցի մը մուտքն է։ Ան պէտք է ըլլայ գրաւիչ, օժտուած արդիական սարքաւորումներով, եւ ունենայ որակեալ ու մասնայատուկ պատրաստութեան տէր ուսուցչական կազմ։

Եզրակացութիւն

Անցնող վերջին տասնամեակին, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւնները արձանագրած են որոշ ստոյգ յառաջդիմութիւններ։

Իբրեւ շէնք եւ կառոյցք հինգ նոր վարժարաններ բարձրացուած են։ Չեմ խօսիր տակաւին 1974 տարեշրջանի ընթացքին աւարտած վերջին շինութիւններու մասին որովհետեւ ուսումնասիրութիւնը կ՜ընդգրկէ 1963-64ին մինչեւ 1972-73 երկարող շրջանը։ Բազմաթիւ դպրոցներ վերանորոգուած են վերջնականապէս անհետացնելով գաղթական հայու կեանքը բնորոշող թիթեղաշէն եւ փայտաշէն վարժարաններուն հետքը։ Արդարեւ շնորհիւ հայ կրթանուէր մեկենասներուն, հայ բարեսիրական միութիւններուն, Կիւլպէնկեան, Գարակէօզեան եւ այլ ֆոնտերու ազնիւ օժանդակութեան մեր կրթական օճախները աճած են համաձայն օրուայ պահանջքին, վայելուչ ու շքեղ կառոյցքով։ Անոնցմէ շատեր՝ օժտուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով, կրնան մրցակցիլ քաղաքիս լաւագոյն վարժարաններուն հետ։ Կը մնան տակաւին կարգ մը նախակրթարաններ որոնք դեռ եւս պէտք ունին բարենորոգութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգածութեան։

1972-73ին լիբանանահայ կրթական հաստատութիւնները կը ներկայացնեն հետեւեալ ընդհանուր պատկերը։

Ակադեմական կարգերով վարժարաններ

ընդ.թիւ նախկթ. միջ. աշկտ.

երկրդ. թիւ

Ազգ. Վարժարաններ

(կապուած ազգ. իշխ.) 20 16 4 5960

Հայ Կաթողիկէ վարժ. 9 2 7 3995

Հայ Աւետրն. վարժ. 11 6 5 3946

Հ.Բ.Ը.Մ. վարժ. 5 3 2 1830

Անկախ Վարժարաններ 6 2 4 2795

Նշան Փալանճեան

– Թէքէեան

– Արմէն Ղարիպ

– Սահակեան

– Կենաց վարժ.

– Լոյսի վարժ.

ընդհ. գումար 51 29 22 18.526

Վերոյիշեալ գումարներէն դուրս կը մնան հայ առեւտրական վարժարաններու աշակերտութիւնը (Սիմոնեան, Վարժապետեան,

Գեպապճեան), Հայկազեան գոլէճի աշակերտութիւնը որ համալսարան է ինչպէս նաեւ հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկներու ուսանողութիւնը (Հայկազեան, Յիսուսեան եւ այս տարի սկսաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը)։

Գրեթէ բոլոր հայ վարժարանները ապահոված են, իրենց աշակերտութեան համար, բժշկական խնամք։ Ազգային վարժարանները ունին նաեւ ատամնաբուժական կեդրոն որ կը զբաղի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ակռաներու դարմանումով։ Բազմաթիւ վարժարաններ կը վայելեն հոգեբան մանկավարժներու օժանդակութիւնը եւ բարիքը, ուսման մէջ ուշացած եւ դասարան կրկնող աշակերտներու պարագաներուն ուսումնասիրութեան եւ դարմանումին համար։

Պետական վկայականները ալ թապու մը չեն հայ վարժարաններուն համար որոնց ձեռք ձգած արդիւնքները պաշտօնական քննութիւններուն աւելի բարձր են քան լիբանանեան ընդհանուր միջինը։ Արաբերէն լեզուի ուսուցումը իր կարգին մտած է ընթացիկ հունի մը մէջ եւ աստիճանաբար կը բարելաւուի։ Պէտք է սակայն գրական լեզուին կողքին զարգացնել նաեւ խօսակցական լեզուն։ Չի բաւեր որ աշակերտը գրել գիտնայ եւ հասկնայ ինչ որ կը կարդայ, պէտք է որ ան կարենայ նաեւ դիւրաւ արտայայտուիլ։

Օտար լեզուներու պարագային, հայ վարժարանները կը ցուցաբերեն դրական արդիւնք։ Հոն եւս, սակայն, խօսակցական մասը կը մնայ թերի։ Աշակերտին արտայայտուելու կարողութիւնը սահմանափակ է։

Կը մնայ տակաւին այն իրողութիւնը որ մեր երկրորդական վարժարանները ցարդ ի վիճակի չեն եղած աշակերտը առաջնորդել լիբանանեան գրական պաքալորիայի եւ փիլիսոփայութեան։ Այս կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ արաբերէնի համար եւ մանաւանդ որոշ շահագրգռութիւն աշակերտութեան կողմէ։

Չունինք թեքնիք եւ արհեստագիտական վարժարաններ որոնց մատակարարումը թէպէտ մեծածախս է սակայն անհրաժեշտ են անոնք մեր այն փոքրիկներուն համար որոնք արհեստ կ՜ուզեն սորվիլ։ Շնորհիւ արհեստագիտական վարժարաններու աշակերտը կը սորվի արհեստ եւ միջոցը կ՜ունենայ ստանալու նուազագոյն ազգա- յին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն որուն պէտք ունի ան տակաւին։ Չ՜ունինք նաեւ առեւտրական վարժարաններ որոնք կ՜առաջնորդեն աշակերտը լիբանանեան պետական առեւտրական պաքալորիայի։

Մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու ուսուցչական կազմերը պէտք ունին խնամուելու։ Անհրաժեշտ է աստիճանաբար զտումի ճամբով անկարողները եւ ըստ բախտի ուսուցչութեան կապուած անձերը հեռացնել եւ զանոնք փոխարինել որակեալ տարրերով։ Կարելի չէ թոյլատրել որ մեր ուսուցիչներու ընդհանուր թիւին մէջ, 9ի վրայ մէկը տակաւին նախակրթարանի մակարդակ ունենայ։ Առաջարկուած բարեփոխութիւնը կը պահանջէ հետապնդուած աշխատանք եւ թոշակներու յաւելում։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ մը պահանջել աւելին քան այն ինչ որ ան կրնայ տալ։ Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի այս իրողութեան։ Վերաորակաւորման դասընթացքը պէտք է պարտադիր ըլլայ եւ յաճախակի։ Ուսուցչութիւնը պէտք է դարձնել փնտռուած ասպարէզ։

Մեր դպրոցներուն մէջ, մեծ դեր ունին նաեւ կատարելիք մեր տնօրէնները։ Արդարեւ տնօրէնն է ուղեղը եւ մղիչ ոյժը կրթական մեքենային։ Ան իր իմաստուն եւ կորովի ղեկավարութեամբ պէտք է գիտնայ գործի լծել ուսուցիչները եւ անոնցմէ արդիւնք պահանջել։ Վախճանական իմաստով, պէտք է գիտնանք որ ինչ որ կը ցանենք ան կը հնձենք։ Դպրոցներու մէջ հրաշքի պէտք չէ հաւատալ։ Ամէն յաջողութիւն հաւաքական աշխատանքի արդիւնքն է։

Մեր վարժարանները պէտք է ըլլան, պահելով հանդերձ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան համար պահանջուած մակարդակը, մրցակցութեան մէջ մտնող միաւորներ օտար լաւագոյն դպրոցնե- րու հետ որպէսզի հայ աշակերտութեան այն զանգուածը որ օտար վարժարան կը յաճախէ ¬ գրեթէ մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւին կէսը ¬ վերադառնայ հայ վարժարան։ Յառաջիկայ տասնամեակի նուաճումներէն գլխաւորը պէտք է այս ըլլայ։ Առ այդ մեր կրթական քարոզչութիւնը պէտք է դրուի աւելի դրական հիմերու վրայ։

Պէտք է հոս յիշել նոյնպէս բնաւ դպրոց չի յաճախող ինչպէս նաեւ նախակրթարանի Ա կամ Բ դասարանէն ուսումը լքող մանուկներու պարագան որ ահաւոր վիճակ մը կը պարզէ ազգային տեսակէտէն։ Ասոնց թիւը, ինչպէս տեսանք, կրնայ հազարներու հասնիլ (աղջիկ թէ տղայ)։ Խնդրոյ առարկայ հայ ծնողները իրենց զաւակները դպրոց չեն ղրկել անոր համար որ չունին պահանջուած նիւթական միջոցները եւ կամ կարեւորութիւն ընծայելով անոնց շաբաթական 10-15 լ.ոսկի վաստակին զանոնք կը զրկեն ուսումէն ու կը ղրկեն աշխատանոց։ Ահա այն տխուր պատկերը ի շարս այլ դրական իրագործումներու որ երեւան կու գայ այս ուսումնասիրութենէն։

Փակելէ առաջ խօսքս, աւելորդ կը նկատեմ բացատրել բազմիցս ըսուած եւ կրկնած այն կարեւոր դերը զոր մեր վարժարան- ները կոչուած են կատարելու Սփիւռքի հայապահպանման դժուար գործին մէջ։ Կ՜ուզեմ սակայն շեշտել որ անոնք պէտք չէ միայն բաւարարուին հայերէն լեզու եւ պատմութիւն սորվեցնելով, այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է հայ աշակեր- տին տան ազգային դիմագիծ, գիտակցութիւնը իբրեւ սփիւռքահայ՝ իրեն սահմանուած սրբազան պարտականութեան եւ զայն կ՜ուսուցանեն հոգածու տէրը մեր մշակութային ժառանգին եւ պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։

ՖՐԱՆՍԵՐԷ՞ՆԸ ԸՆՏՐԵԼ ԹԷ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԻԲՐԵՒ ՕՏԱՐ ԱՌԱՋԻՆ ԼԵԶՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Անցեալ քսանհինգ տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս վերջին տասնամեակին, հանրային կարծիքը զբաղեցնող եւ լիբանանեան մամուլին նիւթ մատակարարող հարցերէն մէկը եղաւ պետական կրթական ծրագիրներու փոփոխութեան կապակցութեամբ, օտար լեզուներու ուսուցումը լիբանանեան վարժարաններուն մէջ։ Թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան։ Ոմանք առաջարկեցին ֆրանսերէնը փոխարինել անգլերէնով, ա՛յն պատճառաբանութեամբ որ անգլերէնը աւելի տարածուած լեզու է, թէ ներկայիս արաբական բոլոր երկիրներու մէջ ընդհանրացած օտար լեզուն անգլերէնն է, թէ հոն աշխատող օտար մեծ ընկերութիւնները գլխաւորաբար անգլիախօս են, հետեւաբար աշխատանքի յարաբերութիւններուն բնականոն եւ հեշտ ընթացքին համար անհրաժեշտ է արաբերէնի կողքին անգլերէնը (մանաւանդ որ զայն սորվիլը աւելի դիւրին է ֆրանսերէնէն), եւ թէ անգլերէն լեզուով գիտական հրատարակութիւնները աւելի ճոխ եւ առատ են։ Ուրիշներ կը պնդեն պահել ներկայ գոյավիճակը, այսինքն՝ ֆրանսերէն լեզուն, իբրեւ կրթութեան օտար առաջին լեզու։ Վերջապէս, զօրաւոր հոսանք մը կայ ի նպաստ արաբականացումի, որ կը նախատեսէ կրթական բոլոր ծրագիրները, նոյնիսկ գիտական նիւթերը դասաւանդել արաբերէնով, ինչպէս որ ներկայիս պարագան է արաբ միւս երկիրներուն մէջ։ Այս պարագային օտար լեզուն պիտի դասաւանդուի իբրեւ լոկ օտար լեզու, ըստ կամս, անգլերէն կամ ֆրանսերէն։

Տեսնենք նախ, ամփոփ կերպով, օտար լեզուներուն տեղը Լիբանանի կրթական քաղաքականութեան մէջ եւ առայդ հայ վարժարաններուն բռնած դիրքը։

Ա.- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

1) ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Պատմութեան ամենահեռաւոր ժամանակներէն մեզի հասած տեղեկութիւնները կը վկայեն որ Լիբանանի բնակչութիւնը միշտ եղած է բազմալեզու։ Ասիկա կը բացատրուի մասամբ Լիբանանի աշխարհագրական դիրքով, անոր քաղաքական եւ տնտեսական կացութենէն բխած պարտադրանքներով, եւ մասամբ պատմութեան ընթացքին այս ժողովուրդին ցուցաբերած վաճառականական եւ մշակութային կոչումով։

Առնելով միայն վերջին 3-4 դարերու ընդգրկած ժամանակաշրջանը, պիտի նկատենք որ 16րդ եւ 17րդ դարերուն, արաբերէնի կողքին, քաղքենի դասակարգը կը հասկնար ու կը խօսէր իտալերէնը, որովհետեւ առեւտրական արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ զինք կը կապէին Ճենովայի եւ Վենետիկի։ Այդ շրջանին, մեծ կարեւորութեամբ իտալերէն կը դասաւանդուէր Լիբանանի կարգ մը վարժարաններուն մէջ։ Բաց աստի, մարոնի վարդապետներ իրենց աստուածաբանական ուսումը աւարտելու համար կը մեկնէին Վատիկան, ուրկէ կը վերադառնային քաջատեղեակ իտալերէնին։

Այս կացութիւնը սակայն շրջուեցաւ 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ի նպաստ ֆրանսերէնի, հիմնական հետեւեալ երեք պատճառներով։

– Ֆրանսա իր դիւանագիտական յարաբերութիւններով ինքզինք պարտադրած էր Օսմանեան կայսրութեան, իբրեւ պաշտպան հոն բնակող նախ լատին քրիստոնեաներուն, ապա հռովմէադաւան բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնք սերտօրէն կը կապուէին իրեն։

– Ֆրանսացի միսիոնարներ հետզհետէ տեղ գրաւեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ իրենց դպրոցներով տարածեցին ֆրանսերէնի ուսուցումը։

– Ֆրանսական հսկայ դրամագլուխներ ներխուժեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իրենց հակակշռին ներքեւ առնելով անոր տնտեսութիւնը։

Արդարեւ՝ 1867-ին, Սուլթանին Փարիզ այցելութեան առիթով, ֆրանսական կառավարութիւնը անոր առաջարկեց մշակութային եւ կրթական յարաբերութիւններու նոր եղանակ մը եւ յաջորդ տարին իսկ Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ ֆրանսական Կալաթա-Սերայի լիսէն՝ 600 աշակերտներով։ Այս համաձայնութիւնը նպաստեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ֆրանսական միսիոնարներու աշխատանքին, որոնց շնորհիւ հիմնուեցաւ աւելի քան 800 վարժա- րաններ՝ ուր 108.112 աշակերտներ ֆրանսերէն կը սորվէին եւ Ֆրանսայէն կրթական նպաստ կը ստանային։ (Տե՛ս՝ Ancel, Manuel historique de la question d՚Oriente, էջ 260, Paris, 1963).

1830-1840ի ընթացքին, Օսմանեան կայսրութիւնը ողողուեցաւ ֆրանսական դրամագլուխներով, որոնց մէջ Ֆրանսայի մասնակցութիւնը անբաղդատելի էր։ 1840ին, Օսմանեան պետական պարտքին 60,32%ը կը պատկանէր Ֆրանսային, 14,36%ը Անգլիոյ եւ 21,32%ը Գերմանիոյ։ Օսմանեան առեւտրական ընկերութիւններու մէջ՝ օտար դրամագլուխներուն 53%ը ֆրանսական էր, 13%ը գերմանական. մէկ խօսքով՝ ֆրանսական դրամագլուխները առանձինն օտար ներդրումներուն 2/3ը կը կազմէին։ (Տե՛ս՝ Burkhard, Le mandat francais en Syrie et au Liban, էջ 17, 1934, Lyon).

Ուրեմն, երբ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ Ֆրանսայի ձեռք ձգած տնտեսական բացառիկ դիրքին կը յաջորդէր ֆրանսերէն լեզուին եւ մշակոյթին ծաւալումը, Լիբանանի բնակչութիւնը, որուն մէկ մեծ մասը քաղաքական եւ զգացական այլ պատճառներով Ֆրանսայի կապուած էր, չէր կրնար խուսափիլ այս ազդեցութենէն։

Արդէն 1831էն սկսեալ ֆրանսացի Յիսուսեան հայրեր եկած էին տեղը գրաւելու 17րդ դարուն Լիբանան հաստատուած իտալացի Յիսուսեան հայրերուն, որոնց գործունէութիւնը դադրած էր 18րդ դարու մէջ։ 1831էն առաջ, Լիբանանի մէջ միայն միայն երեք դըպ- րոցներ նպաստ կը ստանային Ֆրանսայէն։ 1919ին, Ֆրանսայէն նպաստ կը ստանային 350 վարժարաններ՝ մեծամասնութեամբ նախակրթարաններ, որոնք արաբերէնի կողքին ֆրանսերէն կ՜ուսուցանէին 15.000 աշակերտներու։

1865էն ետք, այլ միսիոնարներու աջակցութեամբ եւ գործակցութեամբ, իտալական, ամերիկեան, անգլիական, ռուսական եւ գերմանական դպրոցներ եւս բացուեցան Լիբանանի մէջ։ (Տե՛ս՝ Ancel, op. cit. էջ 260).

Անկլօ-սաքսոն ազդեցութիւնը աւելի տիւրզի համայնքին մէջ տեղ կը գրաւէր եւ այդ՝ քաղաքական նպատակներով։

1897ին, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը գործէին 40է աւելի լուրջ եւ լման կարգերով վարժարաններ, որոնց աշակերտութեան 7000ը ֆրանսերէն եւ միայն 1000ը անգլերէն կը սորվէին։ (Տե՛ս՝ Ville- eeuve, Les ecoles francaises et etrangeres en Syriե, p. 187).

Ֆրանսական Հոգատարութեան շրջանին, ֆրանսերէնի կարեւորութիւնը այն աստիճան շեշտուեցաւ դպրոցներէն ներս, որ ան գործնապէս երկրին մէջ պաշտօնական առաջին լեզուի հանգամանք կը ստանար։ Քրիստոնեայ համայնքներուն համար ֆրանսերէնը արմատացած էր եւ դարձած մշակոյթի լեզու, այսինքն՝ այն լեզուն, որուն միջոցով մարդ կը զարգանայ, կը մտածէ, կ՜արտայայտուի եւ կը ստեղծագործէ։

Այս շրջանին սակայն, ոչ-քրիստոնեայ համայնքները կը մնային կառչած արաբերէն լեզուին, որմէ հեռանալը իրենց համար կը նշանակէր հեռանալ արաբական հունէն։ Ոչ-քրիստոնեայ համայնքներուն այս մտայնութիւնը կÿօգտագործուէր անկլօ-սաքսոն պետութիւններու կողմէ՝ սահմանափակելու համար ֆրանսական ազդեցութիւնը։ 1936-1943ին, երբ երկրին անկախութեան շուրջ համայնքներու միջեւ խօսակցութիւններ եւ քաղաքական միութեան խմորումներ կ՜ըլլային, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի հարցը հետեւեալ կերպով կը լուծուէր.- Լիբանանեան սահմանադրութեան 10րդ յօ- դուածով կÿըսուէր. «Ուսումը ազատ է այնքան ատեն որ ան չի վնասեր պետական կարգուսարքին, բարի վարուց եւ համայնքներու արժանապատուութեան…»։ Իսկ 11րդ յօդուածով՝ «Արաբերէնը ազգային պաշտօնական լեզուն է։ Յստակ օրէնք մը պիտի ճշդէ այն պարագաները՝ ուր ֆրանսերէն լեզուն պիտի գործածուի»։

Այսպէս, անորոշ վիճակի մէջ կը ձգուէր հարցը։ Արդարեւ այն յստակ օրէնքը, որուն մասին վերեւ կը խօսուի, լոյս չտեսաւ բնաւ։

2) ՆԵՐԿԱՅ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ

Կրթական նախարարութեան որոշումով եւ դահլիճի համաձայնութեամբ, ֆրանսերէնը ոչ միայն օտար Ա. լեզուն է պետական վարժարաններուն մէջ, այլ մեծ մասամբ ֆրանսերէնով կը դասաւանդուին գիտական առարկաները՝ միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերուն, ինչպէս նաեւ համալսարանի մէջ։ Ան գրեթէ պետական անպաշտօն Բ. լեզուն է յատկապէս թեքնիք, գիտական եւ դիւանագիտական մարզերուն մէջ։

Անգլերէն լեզուն ալ, իր կարգին, չմնաց այն վիճակին մէջ, ուր կը գտնուէր 1943ին։ Մեծ ճիգեր թափուեցան ամերիկեան պետութեան եւ հաստատութիւններու կողմէ անոր տարածման համար, որուն անկասկած նպաստեց Միջին Արեւելքի մէջ գործառնութիւն ունեցող ամերիկեան եւ անգլիական քարիւղի եւ առեւտրական ընկերութիւններու ներկայութիւնը։

Անձնական վարժարաններու աշակերտութիւնը կրնայ, եթէ ուզէ, գիտական առարկաները անգլերէնով ներկայացնել պետական քննութեանց։ Պետութեան ընդգրկած այս քաղաքականութիւնը ազատ կը թողու անձնական վարժարաններու աշակերտութիւնը՝ ընտրելու իբրեւ օտար լեզու ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը։ Առեւտրական մարզին մէջ, ֆրանսերէնը իբրեւ օտար լեզու գործածող հաստատութիւններուն թիւը, 1943ին, աշխատանքի շուկային 95%ը կը ներկայացնէր եւ անգլերէնը 5%։ Ներկայիս, համաձայն մեր ձեռք ձգած ծանօթութիւններուն, այդ համեմատութիւնը 70% է ֆրանսերէնի համար եւ 30% անգլերէնին։ Ֆրանսերէնը կը մնայ թիւ 1 երկրորդ լեզուն՝ ըլլա՛յ գաւառներու եւ ըլլայ քաղաքներու բնակչութեան մօտ։ (Տե՛ս՝ Abou Selim, ,Travaux et joursե, թիւ 50, 1974, Beyrouth).

Կարգ մը վիճակագրական տախտակներու տեղեկութիւնները կրնան աւելի լուսաբանել տիրող կացութիւնը.

1954ին, Պէյրութի բնակչութեան 42%ը ֆրանսերէն կը խօսէր եւ կը կարդար, 22%ը անգլերէն։ (Տե՛ս՝ Churchill Charles, The city of Beirut, a socio-economic surveyե, 1954, Beirut).

1958ին, Լեռնալիբանանի բնակչութեան 23%ը ֆրանսերէն գիտէր եւ 5% անգլերէն։

15 տարի ետք, 1970ին, համաձայն ծրագրի նախարարութեան տուած վիճակագրութիւններուն, կացութիւնը հետեւեալն էր.

Ֆրանսերէն.- Պէյրութ՝ 45.1%, Պէյրութի շրջակայք՝ 35%, այլ քաղաքներ՝ 41.7%, հողագործական շրջաններ՝ 34.1%, ամբողջ Լիբանան՝ 38%։

Անգլերէն.- Պէյրութ՝ 26.6%, Պէյրութի շրջակայք՝ 20.9%, այլ քաղաքներ՝ 12.1%, հողագործական շրջաններ՝ 6.6%, ամբողջ Լիբանան՝ 15.1%։

Կրթական նախարարութեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, այս տարուան համար, որ ընդհանուր աշակերտութեան 87%ը ֆրանսերէնը ունի իբրեւ օտար լեզու եւ 13%ը անգլերէնը։ Վերոյիշեալ համեմատութեան մէջ 77%ը գիտական նիւթերն ու թուաբանութիւնը ֆրանսերէնով կը սորվին։ Այս թուանշաններէն ի յայտ կու գայ որ Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան մօտ ֆրանսե- րէնը վեց անգամ աւելի գործածուած է, քան անգլերէնը։ Բաց աս- տի, Լիբանանի բնակչութեան 15%ը տան մէջ ֆրանսերէն կը խօսի ընդհանրապէս, իսկ 15%ը երբեմն։ (Տե՛ս՝ Ministere du Plan, enquՍte sur la population activeե, 1970).

Բ.- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

1) ՆԵՐԿԱՅ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան կողմէ Տոքթ. Զ. Լուռեանի գլխաւորութեամբ կատարուած հարցախոյզ մը, 1970¬ 72ին, ցոյց կու տայ որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին հայկական 51 կանոնաւոր վարժարաններ՝ 17.177 աշակերտութեամբ։ 36 վար- ժարաններու մէջ անգլերէնը կÿուսուցանուի իբրեւ հիմնական օտար լեզու, 11.083 աշակերտներով։ Իսկ 15 վարժարաններու մէջ ֆրանսերէնը՝ 6094 աշակերտներով։ Ֆրանսերէնը իբրեւ հիմնական լեզու առած վարժարանները կ՜ուսուցանեն նաեւ անգլերէնը միջնակարգէն սկսեալ, սակայն հակառակը միւս բոլոր վարժարաններուն համար ճիշդ չէ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ (1971-72)

Ֆրանսերէն.¬ Դպրոցի թիւ՝ 15, աշակերտութեան թիւ՝ 6094,

համեմատութիւն՝ 32,56%։

Անգլերէն.¬ Դպրոցի թիւ՝ 36, աշակերտութեան թիւ՝ 11.083, համեմատութիւն՝ 67,44%։

Մինչեւ 1950, բացի Աւետարանական համայնքի պատկանող վարժարաններէն, ուր անգլերէնի կողքին կÿուսուցանուէր նաեւ տարրական ֆրանսերէն մը, գերթէ միւս բոլոր հայ վարժարաններուն մէջ հիմնական գլխաւոր օտար լեզուն ֆրանսերէնն էր։ Այդ թուականէն սկսեալ զանազան նկատումներով, որոնց մէջ անտարակոյս ապահով գործ մը ձեռք ձգելու մտահոգութիւնը զանց չէր առնուած, բազմաթիւ վարժարաններ հետզհետէ լքեցին ֆրանսերէնը եւ կապուեցան անգլերէնին։

Այս կացութեան պատճառով անոնք որ Լիբանանեան Պաքալօրէայի պարտադրանքներէն առաջ կրցան Ամերիկեան Համալսարան մտնել, շարունակեցին իրենց ուսումը եւ երբ զայն աւար- տեցին, կա՛մ հաստատուեցան Պէյրութ եւ կամ՝ աւելի փայլուն ապագայի հեռանկարներու խայծէն մղուած՝ մեկնեցան Ամերիկա, բարձրագոյն ուսման համար։ Սակայն անոնք որ չկրցան պետական Պաքալօրէա ձեռք ձգել՝ ընդունուեցան Ամերիկեան Համալսարան. մաս մը մեկնեցան Ամերիկա, ուր Հայ Սքուլի վկայական մը բաւարար կը նկատուէր համալսարան ընդունուելու համար։ Ստիպուեցան արտասահման երթալ նաեւ այն ուսանողները, որոնք Ամերիկեան Համալսարանի զտումի քննութիւններուն եւ կամ Ֆրանսական Համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն ձախողեցան։ Այս ուսանողներէն շատերը արտասահման մեկնեցան վերադառնալու առաջադրանքով։ Ֆրանսա գացողները, առ հասարակ վերադարձան։ Սակայն, ինչպէս կ՜ըսէ Փրոֆ. Զահլան, ՄԱԿին ղրկած իր տեղեկագրին մէջ, արտագաղթող ուսանող մը երբ երկու տարիէն աւելի մնացած է արտասահման (յատկապէս Ամերիկա), միայն 25% յոյս կայ որ վերադառնայ։

2) ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԸ ԵՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ՄԻԱՏԵՂ ԱՌԱԾ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆ

Ասոնք կրցան օգտուիլ թէ՛ Ամերիկեան Համալսարան մտնելու պատեհութենէն, ի գին անգլերէնին համար յաւելեալ ճիգ մը թափելու, եւ թէ Ֆրանսական եւ Պետական Համալսարան մտնելու կարելիութենէն։ Հոս կÿարժէ աւելցնել որ Ֆրանսական Համալսարան ընդունուելու դժուարութիւնները բաղդատաբար աւելի են, քան Ամերիկեան Համալսարան. յետոյ՝ կրթաթոշակները զգալապէս նուազ եւ մատչելի են։

Գալով Լիբանանեան Համալսարանին, ուր օտար լեզուն ինչպէս վերեւ յիշեցինք, ֆրանսերէնն է, արձանագրութիւնը բոլորովին ձրի է։ Կան նաեւ պետական թեքնիք եւ արհեստից վարժարանները, ուր դարձեալ պահանջուած օտար լեզուն ֆրանսերէնն է։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Փրոֆ. Սէլիմ Ապու կը գրէ. «Զարմանալիօրէն վերջին 15 տարիներու ընթացքին, Լեռնալիբանանի մարոնիները եւ յատկապէս հայերը մեծ ճիգ թափեցին փոխարինելու համար իրենց դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնը անգլերէնով։ Դժբախտաբար սակայն, պետական վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ արտագաղթը, այս շրջաննե- րուն, կեդրոնացած է գլխաւորաբար այս երկու համայնքներուն մէջ»։ (Տե՛ս Selim Abou, ,Travaux et joursե, թիւ 50, 1974)։

Փրոֆ. Սէլիմ Ապուի այս մեկնաբանութիւնը, որուն ուշադրութենէն անշուշտ վրիպած է այն պարագան որ արտագաղթող հայերուն աչքառու մէկ տոկոսը սուրիահայեր են, որոնք զրկուած ըլլալով Լիբանան տեղաւորուելու եւ հոն կարենալ աշխատելու հնարաւորութիւններէն՝ կը լքեն երկիրը ու կը գաղթեն, կը մնայ այնուամենայնիւ մտահոգիչ երեւոյթ՝ ազգային տեսակէտէ։

Անուրանալի է որ անգլերէն լեզուն ներկայիս կը վայելէ միջազգային մակարդակով ճանաչում եւ անիկա շատ աւելի տարածուած է, քան ֆրանսերէնը։

Սակայն, նկատի ունենալով Լիբանանի ներկայ վիճակը օտար լեզուներու նկատմամբ, վերեւ յիշուած վիճակագրական տուեալներու լոյսին տակ, մեր զաւակներուն սորվեցնելով միայն անգլերէնը իբրեւ օտար լեզու, մենք լաւ կերպով կը նպաստենք անոնց արտագաղթին, որուն հետեւանքները ծանօթ են մեր բոլորին։

Հայ համայնքին այս ծայրայեղ դիրքաւորումը երկու օտար լեզուներու ընտրութեան մէջ կը նկատենք աղիտաբեր։ Մեր երկրորդական վարժարանները պարտին ունենալ երկու օտար լեզու, որպէսզի իրենց աշակերտները որեւէ համալսարանի դուռները թակելու բախտը ունենան եւ չստիպուին գաղթելու՝ երբ Ամերիկեան Համալսարան արձանագրուելու կարելիութիւններէն զրկուած են։

Նախակրթարաններու պարագային, եթէ ընտրել պէտք ըլլայ մէկուն կամ միւսին միջեւ, կը նախընտրենք ֆրանսերէնը իբրեւ առաջին օտար լեզու, եթէ ոչ բոլոր վարժարաններուն՝ գոնէ անոնց մէկ մեծ մասին համար, քանի որ ֆրանսերէն գիտցող մը կրնայ աւելի դիւրութեամբ սորվիլ անգլերէնը։ Չմոռնանք նաեւ որ նախակրթարանի աշակերտութեան երեքէն մէկը կը հասնի միջնակարգ եւ տասէն մէկը՝ երկրորդական։

Ա՛յն մտայնութիւնը թէ անգլերէն լեզուին ծանօթ երիտասարդ մը աւելի դիւրութիւն կÿունենայ իր ապագան ապահովելու՝ բոլորովին ճիշդ չէ Լիբանանի համար։ Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, ֆրանսերէն լեզուն պահանջող հաստատութիւնները երկրին աշխատանքի շուկային դեռ եւս 2/3¬ը կը կազմեն։ Բաց աստի, ներկայիս ազատ ասպարէզներու եւ կամ առեւտրական հաստատութիւններու մէջ հետզհետէ կը պահանջուի երկու օտար լեզու անպայման։

Կայ նաեւ այն պարագան որ Լիբանանի ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը զգացական պատճառներով կապուած կը մնայ տակաւին ֆրանսական մշակոյթին եւ լեզուին։ Մեր զաւակներուն, արաբերէնի եւ ի հարկին անգլերէնի կողքին ֆրանսերէն գիտնալը զիրենք աւելի կը կապէ այս երկրին։

Այս հակիրճ ուսումնասիրութեամբ ուզեցինք պարզեպէս որոշ մատնանշումներ ընել, արտագաղթին տուն տուող պատճառներէն ոմանց մասին, թելադրուած ազգային շահերէ։ Դժբախտաբար, օրաթերթի նեղ սիւնակները թոյլ չէին կրնար տալ մեզի աւելի խորացնելու հարցը։

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Սփիւռքի բոլոր հայ վարժարանները կը հետապնդեն երկու հիմնական նպատակ։ Հայ աշակերտին տալ ազգային դիմագիծ եւ պետական կրթական ծրագրի ընդմէջէն որոշ կազմաւորում կարենալ կուրծք տալու համար կեանքի պահանջքներուն եւ իր տեղը ճշդելու համար մարդկային ընկերութեան մէջ։

Լիբանանի պարագային, առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ արեւմտահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական այս երկրին մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան առընթեր մտածեց նաեւ ի պատիւ իրեն ազգային դիմագիծի անխաթար պահպանման նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցիներ կառուցանել եւ դպրոցներ կանգնել ուր մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը եւ ազգային մշակոյթը առանցքը կազմեցին կիրարկուող ուսումնական ծրագիրներուն։

Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ, յատկապէս 1950էն ետք, գաղթական հայութիւնը հետզհետէ տեղաւորուելով դուրս կու գար իր թաղի սահմաններէն զոր կը նկատէր իր ընկերային կեանքին հարազատ միջավայրը եւ ուր կ՜ապրէր ինքն իրմով եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած ու կապեր կը հաստատէր իր նոր շրջապատին հետ։ Վաղուան նիւթական մտահոգութիւնը եւ աւելի բարւոք վիճակի մը հեռանկարները զինքը կը մղէին օգտապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրելու եւ առ այդ յաւելեալ կարեւորութիւն ընծայելու տեղական եւ օտար լեզուներու ուսուցումին։

Նիւթապէս աւելի ամրապնդուած, գաղթական հայը իր զաւակներուն ուզեց տալ երկրորդական եւ համալսարանական ուսում եւ այդ իսկ պատճառով պետական վկայական ապահովելը նկատեց առաջնահերթ մտահոգութիւն։

Ստեղծուած նոր հոգեվիճակը եւ կեանքի նոր դասաւորումը ազգային իշխանութիւնները եւ առհասարակ կրթական կեանքի պատասխատուները դրին նոր հրամայականի մը առջեւ։

Անոնք չէին կրնար անտեսել նոր գոյավիճակը որ արդար էր եւ շարունակել կրթական նախկին դրութիւնը այլապէս կրնային կորսնցնել զգալի տոկոս մը իրենց աշակերտութենէն որ այս պարագային օտար վարժարան յաճախելով պիտի կորսնցնէր հայ վարժարանի շունչը եւ պիտի զրկուէր ազգային դաստիարակութենէ։ Անհրաժեշտ էր ներդաշնակութիւն մը ստեղծել ժողովուրդի պահանջքներուն եւ ազգային մտահոգութիւններու միջեւ եւ այդ կրնար ըլլալ կրթական ծրագիրներու վերատեսութեամբ եւ հոն հարկադրաբար լայն տեղ տալով տեղական անմիջական պահանջքներուն համապատասխանող առարկաներու ուսուցման ի վնաս դժբախտաբար հայերէն լեզուին եւ հայերէնով դասաւանդող առարկաներուն։

Միւս կողմէ, Լիբանանի անկախութենէ յետոյ պետական կրթական բազմաթիւ տնօրինումներ, վարչական թէ ծրագրային ալ եւս կամայականութեան առիթ չէին տար։ Արդարեւ Լիբանանի կրթական բարեփոխեալ նոր ծրագիրներու ամբողջական գործադրութիւնը նաեւ վարչական այլ պարտադրանքներ հայ վարժարանները կը դնէին դժուար կացութեան մը առջեւ եւ առ այդ կատարուած պարագայական պատշաճեցումները անբաւարար արդիւնք կու տային ոմանց մօտ ազգային կրթական ծրագրի իւրացման տեսակէտէն, իսկ ուրիշներու մօտ պետական կրթական ծրագրի կիրարկման մէջ։

Արդարեւ պետական կրթական ծրագիրները որոնք անկախութենէն առաջ ձեւաւորուած էին հիմնուելով ֆրանսական կրթական ծրագիրներու վրայ, 1944-48 ունեցան կարեւոր բարեփոխութիւններ։ 1961ին գործադրութեան դրուեցան փորձառական գիտութեանց պաքալորեան, արդի մաթեմաթիքը, քաղաքացիական դաստիարակութեան նոր ծրագիրները։ 1963էն սկսեալ ուսուցիչներու վերաւորակաւորման մնայուն վարիչ կազմ մը կը կազմակերպէ յատուկ դասընթացքներ որոնց պարտադրաբար պէտք է հետեւէին կրթական նախարարութեան կապուած բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ 1971ին լոյս տեսան բարեկարգչական նոր օրէնքներ որոնք բարեփոխութիւններ յառաջ բերին, յատկապէս միջնակարգի եւ երկրորդականի ծրագիրներուն մէջ։ 1976ին նոր յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու եւ բարեկարգելու համար կրթական ծրագիրները, նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական։ Յանձնախումբը բաւական աշխատանք տարաւ եւ փորձեց այժմէացնել մասնաւորաբար երկրորդականի կրթական ծրագիրը։ Ցարդ գործնական ոեւէ քայլեր չառնուեցան եւ պատրաստուած աշխատանքն ալ կը մնայ գզրոցներու մէջ փոշեթաթախ։ Անշուշտ պատերազմն ալ իր կարգին չի նպաստեց վերոյիշեալ բարեկարգութիւններու փութացման։

1951ին կը հիմնուէր լիբանանեան համալսարանը եւ 26 Դեկտ. 1961ին լոյս կը տեսնէր բարձրագոյն ուսման առընչուած լիբանանեան օրէնքը որուն համաձայն Լիբանանի հողի վրայ գոյութիւն ունեցող ոեւէ համալսարան արձանագրուելու համար լիբանանցի թեկնածուին պայման էր ունենալ լիբանանեան պաքալորիա բ. Մաս եւ կամ պաշտօնապէս անոր համազօր ճանչցուած վկայական մը։ Համազօրութեան ճշդումը պիտի կատարէր յատուկ յանձնախումբ մը բաղկացած գործող համալսարաններու ինչպէս նաեւ դատական եւ կրթական նախարարութեանց ներկայացուցիչներէ։ Այս յանձնախումբը կը գլխաւորուէր կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ կամ անոր ներկայացուցիչը։ Ընդհանուր սկըզբունքով համազօրագիր կը տրուէր այն բոլոր օտար վկայականներուն որոնց շնորհիւ թեկնածու մը կրնար համապատասխան երկրին մէջ համալսարան արձանագրուիլ։ Բացառութիւն կը կազմէր իրաւաբանական ճիւղը որուն լիբանանցի թեկնածուն կրնար արձանագրուիլ համազօր օտար վկայականով միայն մինչեւ Դեկտ. 1963 որմէ յետոյ ոեւէ համազօր վկայական չէր ընդունուէր։

1965ին Յունիս 8ին լոյս կը տեսնէր թեքնիք պաքալորիայի օրէնքը։ Փետր. 1970ին լոյս կը տեսնէր օրէնք մը որ կը ջնջէր համազօ- րութեան սկզբունքը վարաչական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին արձանագրուելու համար։

Վերջապէս 17 Դեկտ. 1973ին լոյս կը տեսնէր այն օրէնքը որուն համաձայն լիբանանցի ուսանողներու Լիբանանի մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը ընել ուզողի համար վերջնականապէս կը ջնջուէր համազօր վկայականի դրութիւնը։ Բացառութիւն կը կազմէին անոնք որոնց ծնողքը գոնէ 3 տարիէ ի վեր արտասահման հաստատուած էին գործի բերումով։

1976էն յետոյ պատերազմական վիճակին հետեւանքով լոյս տեսան բացառութիւն կազմող նոր օրէնքներ, ամենավերջինը այս ամառ որ կ՜ընդունէր համազօր վկայականի դրութիւնը մինչեւ 1985 ներառեալ։

1973ի պետական օրէնքին կը հետեւէր կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին կողմէ ղրկուած շրջաբերական մը, որ յիշեցնելէ յետոյ 1961-1973 օրէնքները կը սպառնար պատժական միջոցներու դիմել անսաստող հաստատութեանց նկատմամբ։

Որոշ հեռաւորութեամբ առնուած այս վճռական որոշումները հիմնովին վերջ կը դնէին տակաւին դիւրութիւններ ընծայող համալսարաններուն եւ լիբանանեան պաքալորիան բ. մասը կը դարձնէին բարձրագոյն ուսման արձանագրուելու միակ միջոցը։ Օգտակար կը նկատեմ հոս յիշել ոչ մինչ այդ Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարաններու զանազան ճիւղերուն արձանագըրուելու համար այն թեկնածուներուն հանդէպ որոնք պաքալորիայ չունէին հասկացողութիւն կը ցուցաբերուէր։ Հինէն եկող դժուարութիւններ էին։

Ամերիկեան համալսարանը High school շրջանաւարտ աշակերտները կ՜ընդունէր ֆրէշմէն եւ այդ ընթացքով ուսանողը կը շարունակէր իր համալսարանական ուսումը։ Ասիկա ընդհանրացած էր մանաւանդ այն շրջանին երբ ազատ ասպարէզներու սէնտիքաները լիբանանեան պաքալորիան պարտադիր չէին նկատեր բարձրագոյն ուսման համար։

Ֆրանսական համալսարաններու մէջ կար դարձեալ հինէն եկող օրէնք մը որ բարեփոխուեցաւ 1958ի Ժէնէրալ Տը Կոլի օրով, որուն համաձայն եթէ երկրորդական ուսումը աւարտած անձ մը 21 տարեկան է եւ ցարդ չէ ներկայացած պաքալորիայի քննութեան, եւ կամ եթէ ոեւէ պարագային 25 տարիքը բոլորած է կրնայ արձանագրուիլ համալսարան պայմանաւ սակայն որ յաջողի նոյն համալսարանի մուտքի քննութեան։ Այս կարգադրութենէն չէին կրնար օգտուիլ բժշկագիտական ճիւղերու թեկնածուները։

Այս բոլորէն դուրս մէջ ընդ մէջ, կրթական նախարարութենէն բխած հրահանգներ կը շեշտեն պետական որոշումներուն ենթարկուելու եւ պետական կրթական ծրագիրը անթերի գործադրելու պահանջքը, յատկապէս ձրիավարժ վարժարաններու պարագային ուր ստոյգ թերացումներ դեռ եւս տեղի կրնային տալ վճարուելիք նպաստի մասնակի կամ ամբողջական կախակայման։ Պետական քննիչներ կը մտնեն դասարան կը քննեն դասագրքերը, կ՜ընեն հարց ու փորձեր եւ վերջապէս կը հսկեն կրթական ծրագրի գործադրու- թեան վրայ ու առ այդ կը տեղեկագրեն։ Վարչական գետնի վրայ, քննիչները շատ խիստ են ուսուցիչներու հպատակութեան, անոնց ունեցած վկայականներուն եւ մասնագիտութեան նկատմամբ, եւայլն։

Յստակ ձգտում կայ պետութեան մօտ, դպրոցական եւ համալսարանական ուսումը իր ամբողջական հակակշռին ենթարկելու։ Իսկ միւս կողմէ, սահմանադրութեան բազմամշակութային տրամադրութիւնները հիմք բռնելով, քրիստոնեայ վարժարաններու խմբակցութիւններ, յատկապէս կաթողիկէ վարժարաններու եպիսկոպոսական յանձնախումբեր ճիգ չեն խնայեր պահելու համար աշխատանքի որոշ ազատութիւն։

Հայ վարժարանները նախքան պետական օրէնքներու գործադրութեան եւ Լիբանանեան պաքալորիա ունենալու անհրաժեշտութենէ բխած մտահոգութեան տասնամեակներ շարունակ գործադրեցին իրենց յատուկ կրթական ծրագիրներ։ Ֆրանսական թեքում ունեցող վարժարանները կը ներշնչուէին ֆրանսական վկայականներու առաջնորդող կրթական ծրագիրէն, իսկ անգլերէն թեքում ունեցողները կը գործադրէին հայ սքուլի կրթական ծրագիր որ կ՜առաջնորդէ աշակերտը ամերիկեան համալսարանի ֆրէշմէն դասարանի մուտքին։ Կային տակաւին ուրիշներ որոնց համար հիմնականը հայերէն լեզու եւ հայ մշակոյթն էր միայն։

Պետական կրթական խիստ հարկադրանքներու իբր հետեւանք հայ վարժարանները աստիճանաբար բարեփոխեցին իրենց կրթական ծրագիրը։

Անհրաժեշտ էր ներդաշնակութիւն մը ստեղծել ժողովուրդի պահանջքներու եւ ազգային մտահոգութիւններուն միջեւ եւ այդ կրնար ըլլալ կրթական ծրագիրներու իրագործման համար յատկացուած դասապահերու վերատեսութեամբ եւ ինչ որ կը նշանակէր հարկադրաբար լայն տեղ տալ պետական ծրագրի անմիջական պահանջքներուն համապատասխանող առաջարկներու ուսուցման ի վնաս դժբախտաբար հայերէն լեզուի եւ հայերէնով դասաւանդուող առարկաներու։

Թափուած ճիգերը թէպէտ արդիւնաւէտ եղան պետական վկայականներու ստացման տեսակէտէն, քանի որ հայ վարժարանները յուսախաբ չեն ըրած հայ ծնողները այդ առնչութեամբ եւ ընդհակառակը երբեմն ալ ի պատիւ իրենց փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած են, սակայն ընդհանուր նահանջ կը նկատուի ազգային ծրագիրներու իւրացման գծով։

Ասիկա արդէն հարցը կը դնէր ազգային մակարդակով կրթական քաղաքականութեան մը մշակման որուն պատրաստութեան համար, ազգային գաւառական ժողովի պահանջքով, համապատասխան մարմիններ գործի լծուեցան եւ 1978ին վաւերացնել տուին, վերոյիշեալ ժողովի կողմէ, կրթական քաղաքականութեան ծրագիր մը որուն մէջ իբրեւ հիմնական սկզբունք կը բնորոշուէին հետեւեալ 2 կէտերը։

ա) «Լիբանանեան կրթական ծրագրի ամբողջական կիրարկում

եւ առ այդ հետեւողական աշխատանք աշակերտին ապահովելու համար պետական վկայական։

բ) Ազգային կրթական ծրագրի կարելի գործադրութեամբ, ձգտիլ աշակերտութեան տալ ազգային առողջ դիմագիծ, անոր փոխանցել մեր ազգային-եկեղեցական մշակութային ժառանգը, սորվեցնելով հայերէն լեզու, կրօնագիտութիւն եւ հայոց պատմութիւն»։

Գործնական գետնի վրայ հայագիտական նիւթերու եւ հայերէնով դասաւանդուած առարկաներու տրամադրուած դասապահերու թիւը ինչպէս վերեւ յիշեցինք անխուսափելիօրէօն սահմանափակուեցաւ։

Ազգային եւ պետական կրթական ծրագիրներու զոյգ պահանջքներուն գոհացում տալու դիտաւորութեամբ առնուած քայլերը, ազգային վարժարաններու մէջ, ներկայիս հետեւեալ պատկերը ցոյց կու տան։

Ձրիավարժ վարժարաններու պարագային ուր խիստ հակակշիռ կայ պետական ծրագրի գործադրութեան տեսակէտէն։

36 պահի վրայ, 14ը հայերէնով են, 20ը պետական կրթական ծրագրին կը հետեւին արաբերէնով կամ օտար լեզուով, 2ը մար-

զանք, երգ, հայերէնով։

Վճարովի վարժարաններու պարագային ուր դեռ եւս որոշ հանդուրժողութիւն կը վայելենք՝

Նախակրթարանի մէջ.-

36 պահի վրայ, 20ը հայերէնով է, 14ը պետական կրթական ծրագրի կ՜առընչուի 2ը մարզանք, երգ, հայերէնով։

Միջնակարգի մէջ.- 36 պահի վրայ, 8ը միայն հայերէնով է եւ մնացեալ 28ը պետական կրթական ծրագրի կը հետեւի հայերէնով կամ օտար լեզուով։

Երկրորդականի մէջ.- 36 պահ է։

Իրերու այս կացութեան մէջ երբ կարելի չէ բարձրացնել հայագիտական նիւթերու յատկացուած դասապահերու թիւը ինչպէս նաեւ կարելի չէ առաւել եւս խճողել դասացուցակը, ազգային իշխանութիւնը իր ճիգերը կ՜ուզէ կեդրոնացնել յատկապէս որակի մակարդակով եւ անով իսկ ապահովել նուազագոյն պահերով առաւելագոյն արդիւնք եւ այդ՝ բարելաւելով ուսուցման մեթոտները, արդիականացնելով դասագրքերը եւ օժտելով վարժարանները մանկավարժ ու ատակ ուսուցչական կազմերով ինչ որ մեզ կ՜առաջնորդէ հետեւեալ կէտերու իւրացման։

ա) Նախ յստակ կերպով ճշդել ազգային դաստիարակութեամբ մեր ակնկալած արդիւնքը ուսման զանազան հանգրուաններուն՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, ապա վերագնահատել հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնքի ուսուցման կրթական ծրագիրները նկատի առած անոնց համար յատկացուած դասապահերու թիւը։

բ) Պատրաստել հայագիտական նիւթերու համար արդիական ըմբռնումով եւ մանկավարժական ներկայ պահանջքներուն գոհացում տուող դասագրքեր որոնք ըլլան հաղորդական աշակերտի ներկայ աշխարհին հետ եւ համապատասխան վերոյիշեալ բարեփոխուած կրթական ծրագրին։

գ) Կազմակերպել մանկավարժական կազմաւորման եւ մեթոտաբանութեան նուիրուած պարտադիր դասընթացքներ նախակրթարաններու ուսուցչական կազմերուն համար եւ վերակաւորման դասընթացքներ մնացեալներուն։

դ) Առաջացնել ուսուցչական համագումարներ եւ հոն խորհրդակցութեան հրաւիրել ներկաները ազգային կրթական կեանքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ։

Սակայն այս բոլորը պիտի չի տան ակնկալած արժէքը եթէ մեր վարժարաններէն ներս չի կարենանք ստեղծել անհրաժեշտ ազգային մթնոլորտը առանց հասնելու այլամերժութեան եւ կտրուելու մեր շրջապատէն եւ այլ մշակոյթներէն։

Այս բոլորը պիտի մնան ապարդիւն եթէ չի կարենանք ունենալ հաւատաւոր ուսուցիչներ որոնք իրենց շունչով պիտի կարենան հրահրել աշակերտներուն մէջ ազգային գիտակցութեան ոգին եւ ներշնչել անոնց իտէալ առանց որուն բարձրացող սերունդները կը դատապարտուին ամլութեան եւ ուծացումի։

Վերջին հաշուով, հրաշքներ չկան կրթութեան բնագաւառին մէջ։ Կը հնձենք այն ինչ որ կը ցանենք։ Եւ այս պարագային պէտք ունինք բարեխիղճ մշակին, անոր հասկացողութեան եւ նուիրումին եւ մեր կարգին պարտաւոր ենք մեր կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերել արդար գնահատանք։

Որքան պէտք է լեզուին ու պատմութեան ուսուցումը հայեցի դաստիարակութեան համար, նոյնքան եւ անհրաժեշտ է ուսուցչին շունչը անոր կենսագործման եւ բեղմնաւորման համար։ Արդարեւ ազգային առողջ դաստիարակութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցմամբ այլ պէտք է ձգտի աշակերտը խարսխել իր ինքնութեան վէմին, չի կտրել զինքը իր արմատներէն, եւ զայն գօտեպնդել հաւատքի ոյժով հանդէպ իր ժողովուրդի արժէքներուն եւ դարաւոր մշակոյթին, վերջապէս դարձնել զինքը յանձնառու գիտակցութեան ճամբով եւ ոչ պարագայական խանդավառութեամբ, արդարեւ պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու մարդոցմով։

Մեր կրթական հաստատութիւններու առաքելութիւնը պէտք է դերեւս վերանայուի այս հորիզոններով եւ ազգային դաստիարակութեան իմաստը, տեղը եւ սահմանները տեղ գտնեն այս հեռանկարներով առանց որ մեղանչում կատարենք մեր միւս պարտականութեան որ է յարգել պետական կրթական ծրագիրը եւ մեր աշակերտներուն ապահովել պետական վկայականներ։

Ինչպէս գիտէք դպրոցի եւ ուսուցչի դերը անհատի կազմաւորման մէջ անժխտելի է։ «Ամէն աշխատանք մանուկի վրայ, կ՜ըսէ Durkheim կ՜ենթադրէ վախճանականութիւն մը կամ առնուազն ուղղութիւն մը»։

Կ՜ուզենք ըլլալ հետեւողական մեր առաջադրանքներուն նկատմամբ եւ հաշտ մեր ազգային խղճիի թելադրութիւններուն հետ կ՜ուզենք պատրաստել լաւ եւ յանձնառու հայ, ծանօթ հայ մշակոյթին, հպարտ իր ինքնութեամբ, բայց ոչ կտրուած իրենց շրջապատէն եւ անոր պահանջքներէն։

Փակելէ առաջ զրոյցը կ՜ուզեմ յիշել կրթական հարցերու մեծ մասնագէտի մը խօսքը որուն համաձայն դպրոցը հաստատութիւն մըն է ագուցուած անքակտելի կապերով կեանքին եւ անով իսկ մարդկային ընկերութեան պահանջքներուն ու թոյլ տուէք որ մեր պարագային համար, ես ալ աւելցնեմ «նաեւ ազգին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան»։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Պորտէն, ֆրանսացի տնտեսագէտ մը, 16րդ դարուն ըսած է.

«Իրական դրամագլուխը մարդկայինն է»։ Պէտք եղաւ աւելի քան երեք դար, որպէսզի այդ վարկածին ճշգրտութիւնը ապացուցուի։ Արդարեւ, երկար ատեն, մարդիկ մտածած են, մասնաւորաբար

անտեսագէտները, որ երկրի մը տնտեսական բարգաւաճումը, որ համազօր է ընդհանրապէս ներքին արտադրութեան աճին, արդիւնք է գոյութիւն ունեցող դրամագլուխին վրայ կիրարկուած մարդկային աշխատանքին։ Այդ դրամագլուխը կրնայ ըլլալ կալուածային, մեքենական, նիւթական կամ մասնագիտական։ Սակայն, ներկայիս, արտադրութեան ազդակներու այս նեղ ըմբռնումը տեղի տուած է աւելի ընդարձակ հասկացողութեան։ «Դրամագլուխ»ի նախկին պարզ մեկնաբանութեան միացած են նոր երանգաւորումներ, յատկանիշներ, որոնց ունեցած կարեւորութեան համար յաճախ կը խօսուի ընկերային դարմագլուխի, հաւաքական դրամագլուխի, տնտեսական դրամագլուխի ու մանաւանդ՝ մարդկային դրամագլուխի մասին։

Բայց ի՞նչ է իսկապէս մարդկային դրամագլուխը։

Մեկնելով այն իրողութենէն, որ մարդը անհրաժեշտ տարր մըն է տնտեսական աշխարհի մէջ, յատկապէս արտադրութեան մարզէն ներս, տնտեսագէտները կրցած են որոշապէս ճշդել գոյութիւն ունեցող կապը ձեռք բերուած արդիւնքներու եւ աշխատող անհատներու որակին միջեւ. աւելի պարզ խօսքով, երբ աշխատաւորը ունեցած է որոշ զարգացում, արդիւնքը եղած է համեմատաբար աւելի գոհացուցիչ։

Այս դիտանկիւնէն քննելով հարցը, մարդկային դրամագլուխը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ գումարը աշխատանքի լծուած մարդոց կարողականութեան, ճարտարութեան եւ զարգացումին։

Տնտեսագէտները կրցած են հաստատել, որ ընկերութեան մը կամ արդիւնաբերութեան մը արտադրութիւնը 3/5ով կը պատկանի մարդկային դրամագլուխին եւ 2/5ով միայն նիւթական սարքաւորումներու, դրամական ներդրումի, այլ խօսքով՝ նիւթական դրամագլուխին։

Տնտեսագէտները նաեւ կարեւորութեամբ կը շեշտեն այն իրողութիւնը, որ կարելի չէ պարտականութիւն մը կամ գործ մը լաւ կատարել, եթէ ենթական չէ ըմբռնած ի յառաջագունէ այն ծառայութիւնը, որ իր կատարելիք գործը կամ իրագործելիք առարկան կրնան մատուցել մարդկային ընկերութեան։ Այս կ՜ենթադրէ կրթական որոշ մակարդակ, ուսում, որոնց շնորհիւ թէ՛ արտադրողը եւ թէ ընկալողը կը դառնան գիտակից դերակատարներ։

Մելթոն Ֆրիտման եւ Շարլ Քինտպերժէ քննելով կրթութեան եւ ուսման դերը մարդկային դրամագլուխի կազմաւորման մէջ, խօսելով յատկապէս տնտեսական մարզին մասին, կը յայտնեն, որ ընդհանուր զարգացումը կը նպաստէ սպառողական առարկաներու տարածումին այն հիմնաւորումով, որ ընդհանուր զարգացումով մարդ ձեռք կը ձգէ կեանքի համար անհրաժեշտ հիմնական գիտելիքներ, որոնք ենթական կը դնեն ընկալումի մթնոլորտին մէջ եւ անոր կու տան լայն աշխարհահայեացք, մինչդեռ մասնագիտութիւնը կը սատարէ արտադրողական մարզի բարելաւման, որովհետեւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ արտադրութեան թէ՛ որակին եւ թէ քանակին։

Ա. Մարշալ «Տնտեսագիտութեան Սկզբունքները» խորագիրով իր գիրքին մէջ կ՜ըսէ. «Սպառողական եւ արտադրողական ձեռնարկներու մէջ, զարգացած մարդը ջանալով լաւագոյնս օգտագործել իր կարողութիւնները, անտարակոյս կը սատարէ նաեւ մշակոյթի մակարդակին բարձրացման»։

Այսպէս, արդիւնաբերութեան պարագային որքան զարգացած ըլլան աշխատաւորները, նոյնքան կը նուազին փճացումները, կը պակսին յումպէտս ծախսերը, կ՜աւելնան արտադրութեան որակն ու քանակը եւ կ՜իրագործուին նոր նուաճումներ։ Մէկ խօսքով, շահերը կ՜աճին եւ յառաջ կու գայ բարգաւաճում։ Մենք արդէն կը նկատենք, որ կարեւոր հաստատութիւններ մասնաւոր դասընթացքներով կը ջանան տեւաբար զարգացնել իրենց անձնակազմը, ի հարկին անոնց շնորհելով որոշ բարելաւում եւ յառաջացում իրենց պաշտօններուն մէջ։

Արդարեւ, վերեւ յիշուած մարդկային դրամագլուխին երկու յատկանիշները (զարգացում եւ մասնագիտութիւն) անվիճելի կարողութիւններ են, որոնց օգտագործումով ծրագրուած աշխատանքները կը կատարուին լաւագոյն արդիւնքով։

Տնտեսագիտական այս բացայայտ իրողութիւնները, յատկապէս այն ինչ որ կը վերաբերի մարդկային դրամագլուխի հիմնական յատկանիշներուն եւ դերին, մտածել կու տան մեզի, թէ որքան կարեւորութիւն պէտք է ընծայել մեր կառոյցներու որակական արժէքին։ Այս արդէն ինքնին ցոյց կու տայ անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի մշակութային դաստիարակութեան եւ կը մատնանշէ այն կարեւոր դերը, ի շարս այլոց, զոր մեր կրթական հաստատութիւնները կոչուած են կատարելու, ի խնդիր խմորումի մէջ գտնուող մեր մատղաշ սերունդներուն՝ վաղուան մարդկային դրամագլուխին առողջ կազմաւորման, անոնց ներշնչելով իրենց ստանալիք ընդհանուր զարգացումին առընթեր ազգային գիտակցութիւն, մշակոյթի սէր, ծառայութեան եւ յանձնառութեան ոգի եւ պատասխանատուութեան զգացում։

ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ Կ՜ԱԶԴԵ՞Ն ԱՇԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Երկար տարիներ Ազգային Իշխանութեան ինչպէս նաեւ անհատական հայ վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ պատասխանատու մարմիններուն մօտ հարց էր գիտնալ թէ ի՞նչպէս պէտք էր ներդաշնակել պետական կրթական ծրագրին գործադրութիւնը հայկական կրթական ծրագրին հետ այլ խօսքով ինչ պէտք էր ընել որպէսզի հայ մանուկը կարենար իւրացնել տեղական լեզուն, յաջողիլ պետական քննութիւններուն, արգելք չունենալու համար, ի հարկին, համալսարան ընդունուելու եւ միւենոյն ատեն անաղարտ պահել իր ազգային դիմագիծը ստանալով ըստ բաւականին հայեցի դաստիարակութիւն։

Հեշտ չեղաւ ակնկալուած ճիշդ եզրը գտնելը։

Արդարեւ 1943-ին հայ վարժարաններու մէջ, հայկական կրթական ծրագիրը տիրական տեղ կը բռնէր դասացուցակներու մէջ, պետական կրթական ծրագրին յատկացուած դասապահերու թիւը նուազագոյնին իջած էր եւ արդէն պէտք եղած կարեւորութիւնը չտրուելով ան գրեթէ ձեւական դարձած էր։

1952-էն սկսեալ, արաբերէն լեզուի պահանջքը աւելի զգալի դարձաւ եւ հայ վարժարանները սկսան հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն տալ պետական կրթական ծրագրին։

1956-ին լոյս տեսած ուսուցչաց օրէնքը եւ ձրիավարժի դրութեան ընդհանրացումը մղեցին պետութիւնը որ աւելի խիստ հակակշիռ բանեցնէ վարժարաններու վրայ եւ առնէ արմատական որոշումներ, օրինակ մերժել վճարել պետական նպաստը այն վարժարաններուն որոնք պետական կրթական ծրագիր չէին գործադրեր իր ամբողջութեանը մէջ ի հարկին սպառնալով փակել զանոնք։ Մեր բոլոր վարժարաններուն ղրկուեցան կրթական քննիչներ որոնց տեղեկագրէն կախում ունէին դպրոցի նպաստին վճարումը ինչպէս նաեւ զանազան պատժամիջոցներու ենթարկուելու հաւանականութիւնը։

1961-ին լոյս տեսած բարձրագոյն ուսման պետական օրէնքը կը պարտադրէր լիբանանցիներուն որ համալսարան արձանագրուելու համար պէտք էին անպայման ունենալ լիբանանեան պետական պաքալորիայ մերժելով ոեւէ այլ վկայական (ֆրանսական պաքալորիայ, հայ սքուլ, ֆրէշմէն…) փոխանցման շրջան մը նախատեսուեցաւ մինչեւ Դեկտ. 1964, որուն ընթացքին անհատական վարժարանները պարտաւոր էին պատշաճեցնել իրենց կրթական ծրագիրները վերոյիշեալ օրէնքի տրամադրութեան հետ։

Ալ տատանելու առիթ չկար։ Պետութիւնը յստակ կերպով կը պարտադրէր որ իր կրթական ծրագիրը տարացիօրէն գործադըրուէր բոլոր անհատական վարժարաններէն ներս։

Մինչ այդ շաբաթական 36-40 դասապահերուն 12-14-ը միայն օտար լեզուներով էր եւ մնացեալը հայերէնով։ 1961-էն յետոյ շրջեցաւ կացութիւնը եւ մենք պարտաւորուեցանք պետական կրթական ծրագրին յատկացնել շաբաթական 20-24 պահ եւ հայկական կրթական ծրագրին 12-14 պահ։

1961-էն մինչեւ 1971-72, Ազգային Իշխանութիւնը մեծ ճիգ թափեց քայլ պահելու համար ստեղծուած նոր կացութեան հետ։ Վերադասաւորեց իր դասացուցակները եւ վերարժեւորեց պետական կրթական ծրագրին կապուած նիւթերը որպէսզի պետական քննութիւններու մէջ մեր աշակերտներու ցնցիչ ձախողութիւնները չնուազեցնեն մեր աշակերտութեան թիւը։ Արդիւնքը այն եղաւ որ 10 տարուայ ժամանակամիջոցին մէջ մենք պետական քննութիւններու մէջ պատուաբեր դիրքեր գրաւեցինք եւ մեր աշակերտութեան թիւը անցաւ 6000-ը։ 1960-ի պետական սերթիֆիքայի քննութիւններուն մեր յաջողութիւնը 12% էր միայն, իսկ 1971-ին ան բարձրացաւ 68%։ Նոյն թուականներուն պետական պաքալորիայի յաջողութեան մեր միջինը եղաւ 72% մինչդեռ Լիբանանի ընդհանուր միջինն էր 31%։

Այս իրավիճակը սակայն ի վնաս հայեցի դաստիարակութեան եղաւ որովհետեւ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու յատկացուած դասապահերուն թիւը պակսեցաւ եւ միւս կողմէ առաւել հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ պետական վկայականներուն եւ անոնց կապուած դասանիւթերուն շուրջ։

Ուսումնական Խորհուրդը յետ ստուգումի անդրադարձաւ որ հայերէն լեզուի եւ հայ մշակոյթի ուսուցումը հետզհետէ կը ծանծաղի մեր դպրոցներէն ներս եւ թէ մենք կորսնցնելու վրայ ենք այն ինչ որ նախորդ տասնամեակներուն մեր արդար հպարտանքի նիւթը դարձած էր։

Բազմաթիւ խորհրդակցութիւններէ եւ սեմինարներէ յետոյ, Ազգային Իշխանութիւնը իր գաւառական ժողովով վաւերացուց կրթական քաղաքականութեան ծրագիր մը որուն մէջ յստակ կեր- պով կ՜ըսուէր որ մեր վարժարանները օտար վարժարաններու հետ մրցակցութեան մէջ մտնելու միաւորներ պէտք է ըլլան այն ինչ որ կը վերաբերի պետական քննութիւններու եւ թէ միեւնոյն ատեն պարտաւոր ենք յաւելեալ ճիգ թափել որ հայեցի դաստիարակութիւնը պահուի գոհացուցիչ մակարդակի վրայ այլ խօսքով մէկը չզոհել ի շահ միւսին։

Այս կÿենթադրէր որ լրջօրէն ուսումնասիրուէին այն բոլոր տուեալները եւ կարելի միջոցառումները որոնք կրնային օգտակար հանդիսանալ մեր որոշումին գործադրութեան, այսինքն բարձրացնել հայերէնի մակարդակը եւ միեւնոյն ատեն փայլուն արդիւնք ձեռք ձգել պետական քննութիւններուն մէջ։ Ինչպէ՞ս պէտք էր ըլլալ այդ։

Կարեւորը, անպայման հայերէնի համար կորսուած դասապահերու թիւը վերահաստատել չէր։ Արդէն չէինք կրնար ընել այդ անոնց վնասելու պետական կրթական ծրագրի ուսուցման։ Ոչ ալ խճողել դասապահերը աւելցնելով անոնց թիւը։ Այլ պէտք էր հայերէնի դասապահերուն միջուկ տալ, վերարժեւորել զանոնք եւ դարձնել արդիւնաւէտ։ Պէտք էր ծրագրուած կերպով եւ նախապատրաստութեամբ հայերէնի դասապահերը դարձնել կենդանի եւ հետաքրքրական։ Պարզ խօսելով կ՜առաջարկուէր նուազագոյն դասապահերով առաւելագոյն արդիւնքը ստանալ եւ այդ կրնար ըլլալ միայն մեթոտով, համապատասխան ծրագրով եւ դասագրքերով եւ մանաւանդ մանկավարժ եւ ատակ ուսուցչական կազմերով։

Պետական վերջին կրթական ծրագիրը որ վաւերացուած էր 1970-ին պէտք ունէր փոփոխութեան։ Առ այդ 1974-75ին, բազմաթիւ նոր առաջարկներ եղան։ Դժբախտաբար բոլորիս ծանօթ դէպքերը առիթ չտուին որ պետութիւնը անոնցմով զբաղի։ Ուրեմն ներկայիս, աւելի քան 20 տարի յետոյ, լրջօրէն կը մտածուի նոր կրթական ծրագրի մը մասին, որոշուած է արդէն որ պատմութեան եւ Լիբանանի աշխարհագրութեան դասագրքերը փոխուին թէ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ իբրեւ ուսուցման մեթոտ։ Անոնք պիտի դասաւանդուին արաբերէն լեզուով եւ դասագրքերը պիտի հրատարակուին պետութեան կողմէ միայն։ Պետութիւնը նախանձախնդիր է իր իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մենք եւս, հիմնուած Լիբանանի Սահմանադրութեան բազմամշակութային կառոյցքին եւ տրամադրութիւններուն վրայ պարտաւոր ենք մեր կրթական ծրագիրները պատշաճեցնել նոր տուեալներուն։

Պէտք է, յստակ կերպով ճշդենք թէ ինչ կÿուզենք։ Ինչ են մեր ակնկալութիւնները հայեցի դաստիարակութեան կապակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտին, որպէսզի կարենանք պարբերաբար առարկայական գնահատում մը ընել մեր ձեռք ձգած արդիւնքներու մասին։ Սա արդէն կ՜ենթադրէ մեր կրթական ծրագիրներու վերանայում։ Որքան որ գիտեմ Ուսումնական Խորհուրդը հանգամանօրէն քննած էր Ուսումնական Խորհուրդը հանգամանօրէն քննած էր այս հարցը տասնեակ մը տարիներ առաջ։ Կրթական ծրագիրները սակայն անշարժ եւ կայուն թապուներ չեն։ Անոնք ամէն 5 տարի պէտք է վերանայուին նկատի ունենալով կեանքի եւ կրթութեան հոլովոյթը։

Այսուհանդերձ որքան ալ լաւ ուսումնասիրուած կրթական ծրագիր պատրաստուի, որքան ալ իմաստուն մանկավարժական ուղղութիւններ յանձնարարուին այդ բոլորը ապարդիւն կրնան մնալ եթէ զանոնք գործադրելու կոչուած ուսուցչական կազմերը ոչ պէտք եղած ատաղցը ունին եւ ոչ ալ ոգին։ Բոլորս ալ գիտենք որ որակեալ ու գիտակից ուսուցիչ մը երբ նիւթապէս ալ կարելիութեան չափով գոհացում կը գտնէ կրնայ հրաշքներ գործել պահանջկոտ տնօրէնի մը գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ եթէ նոյնիսկ իր օգտագործած դասագիրքերը ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ մանկավարժական արդի ըմբռնումներուն։

Պիտի արարկուի մեզի որ այս բոլորը լաւ գաղափարներ են սակայն անոնց գործադրութիւնը կը կարօտի յաւելեալ պիւտճէի։ Պատասխանս այն պիտի ըլլայ որ երբ դպրոց մը լաւ արդիւնք կու տայ անխուսափելիօրէն իր աշակերտութեան թիւը կÿաւելնայ ինչ որ կը նպաստէ պիւտճէական բացը սահմանափակելու։

Արդարեւ որակ եւ պիւտճէ սերտ աղերս ունին իրարու հետ։ Երբ որակ կայ, լաւ արդիւնք կայ եւ աշակերտութեան թիւը աւելնալով պիւտճէական հարցերը իրենց նուազագոյնին կ՜իջնեն։

Դիտենք մեր շուրջը եւ տեսնենք որ այլ յարանուանութեանց պատկանող վարժարաններ որոնց աշակերտները կու գան գրեթէ նոյն միջավայրերէն որքան խճողուած են աշակերտութեամբ։ Եզրափակելով զեկոյցս պիտի ուզէի յայտնել որ պարտաւոր ենք պետական կրթական ծրագիրը իր ամբողջութեանը մէջ գործադրել եւ յաւելեալ ճիգ թափելով փորձել լաւագոյն արդիւնքները քաղել անկէ ի շահ մեր դպրոցներու կրթական մակարդակին եւ վարկին։

Գալով հայկական կրթական ծրագրին, ճշդելէ յետոյ մեր հեռանկարը եւ առ այդ մեր պահանջքները, պէտք է յստակ ըլլայ բոլոր պատասխանատուներուն համար (ուսումնական խորհուրդ, տնօրէն, ուսուցիչ…) մեր ակնկալութիւնը նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտին։ Ուսումնական խորհուրդը իր միջոցներով եւ իրեն համար թիւր եկած եղանակով պարտի անհ- րաժեշտ հետեւողականութեամբ հսկել նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ կատարուած աշխատանքներուն վրայ եւ գնահատել անոնց արդիւնքները տարեկան քննութիւններով կամ մրցանքներով։ Մեր դասագրքերը պէտք է ներդաշնակել մեր կրթական ծրագրին հետ եւ հայեցի դաստիարակութեան ուսուցչական կազմերուն ապահովել, մեր միջոցներով, մանկավարժական կազմաւորում, այլ խօսքով սորվեցնել անոնց դասաւանդութեան մանկավարժական արդի եղանակը եւ ոչ թէ լեզուի եւ պատմութեան նոր դասընթացքներ պարտադրել։ Այս ուղղութեամբ օտար լեզուներու համար ուղղեցոյց գրքեր կան որոնք կը գործածուին օտար վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցչական կազմերու պատրաստութեան։ Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան նոր ուսուցիչներ վարձելու պարագային նախապատուութիւն տալ հայագիտական հիմնարկներէ վկայեալներուն։

Յաճախ կÿարարկուի որ հայ վարժարաններէ շրջանաւարտ աշակերտները տկար են օտար լեզուներու գործածութեան մէջ։ Լաւ պիտի ըլլար որ, ինչպէս բազմաթիւ վարժարաններ կ՜ընեն, յետ տարեշրջանի աւարտին, օտար լեզուներու ուսուցման յատկացուած 15-20 օրուայ յատուկ դասընթացքներ տրուին աշակերտին խօսակցական եւ արտայայտչական կարողութիւնները զարգացնելու դիտաւորութեամբ (Technique d՚expression)։ Ասիկա օգտակար է աշակերտի կեանքին համար յատկապէս համալսարան մուտքի պարագային։ Սակայն պատահականութեան պէտք չէ ձգուի։ Յատուկ ծրագիր պէտք է մշակուի մասնագէտ ուսուցիչներու կողմէ եւ հսկողութիւն կատարուի անոր ուղիղ գործածութեան համար։ Առանձին նախահաշիւ պիւտճէ մը թոյլ կու տայ գնահատել հաւանական ծախսերը որոնք կÿապահովուին աշակերտներու կողմէ վճարուած յաւելեալ փոքրիկ գումարով։

4-5-93

ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր, պետութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու մօտ, միջնակարգէն ետք իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ այլազանութիւն ներմուծելու յստակ ձգտում մը կայ։ Այսպէս, այն երկիրները, ուր համալսարանի մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորիայով՝ իբրեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած երկրորդական ուսման վկայական, առաջացուած են պաքալորիայի զանազան բաժանմունքներ, որոնց շնորհիւ աշակերտը կրնայ կատարել լայն ընտրութիւններ՝ հետագային իր ընդգրկելիք մասնագիտութեան նկատմամբ։

Պետական պաքալորիա չունեցող երկիրները, Հայ Սքուլի մակարդակէն ետք, նախա-համալսարանական  հանգրուանին,  կրթական զանազան ծրագիրներով՝ աշակերտը կը պատրաստեն իր ընտրելիք մասնագիտական բարձրագոյն ուսումին։

Այս մտահոգութիւնը կը բացատրուի գլխաւորաբար հետեւեալ երկու պատճառներով.

1) Վերջին 50 տարիներու մանկավարժական եւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները առաւել եւս հաստատեցին այն տեսակէտը, որ ենթական պէտք է ընտրէ ճիւղ մը, որ եթէ անպայման իր նախասիրածը չէ, սակայն առնուազն ներդաշնակ է իր խառնուածքին, մտային կարողութեան եւ ընդունակութեան, որոնք ստացական չեն։ Ա՛լ անցաւ այն ժամանակը, երբ աւանդական ուսմանց մէջ դժուարութիւն ունեցող աշակերտը կÿորակուէր «անխելք», «ան- միտ», «ծոյլ», եւայլն։ «Խելացի» եւ «անմիտ» ածականները յարա- բերական են։ Աշակերտ մը կրնայ չյաջողիլ գիտական նիւթերու մէջ, ինչ որ պատճառ մը չէ զինք ստորագնահատելու, սակայն կրնայ յաջողիլ ուսման այլ բնագաւառներուն մէջ (գրական, պատմական, եւայլն…)։ Ան կրնայ շահագրգռութիւն չցուցաբերել ո՛չ մէկուն եւ ոչ ալ միւսին նկատմամբ, սակայն մեծ ճամբայ կրնայ կտրել եւ յաջողիլ կեանքի մէջ արհեստագիտական մարզերէն ներս։ Կը բաւէ, որ հաստատութիւնները եւ ծնողները առիթը տան անոր, որ վերագտնէ իր բնական միջավայրը, ուր պիտի կարենայ զարգացնել իր անհատակնութիւնը եւ տիրանալ իր խառնուածքին եւ ընդունակութիւններուն համապատասխանող մասնագիտութեան։

1) Համլսարաններու մասնագիտական ուսումը կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակ.

ա.- Հետազօտութիւններ կատարել, նպաստելու համար գիտութեան յառաջդիմութեան, իր բոլոր մարզերէն ներս, ի սպաս մարդկութեան ծառայութեան։

բ.- Մասնագիտական ուսում ջամբել եւ վկայական տալ թեկնածուներուն, որպէսզի կարենան մէկ կողմէ գործ գտնել եւ ապահովել արժանավայել կեանք եւ, միւս կողմէ՝ օգտակար հանդիսանալ ազգային տնտեսութեան բարգաւաճման։

Տնտեսապէս յառաջացած երկիրները, յատուկ սպասարկութիւններու միջոցաւ, կը ճշդեն յառաջիկայ 5-10 տարիներու համար մասնագէտներու իրենց պահանջքը, որուն լոյսին տակ եւ շնորհիւ պետական կամ ընկերութիւններու ընձեռած նիւթական նպաստներուն՝ համալսարանները, իրենց կարգին, կը դասաւորեն իրենց կառոյցը՝ խնդրոյ առարկայ մասնագիտութեան կալուածը զարգացնելու համար։

Պատերազմէն առաջ, 1970-1971ին կատարուած վիճակագրութիւն մը հետեւեալ պատկերը կու տար Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններէն շրջանաւարտ ուսանողներուն ընտրած մասնագիտութիւններու մասին.

Գրականութիւն, իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն եւ քաղաքական գիտութիւններ 52 առ հարիւր։

Իրաւաբանութիւն 16 առ հարիւր։

Տնտեսագիտութիւն, առեւտրական եւ վարչագիտական ճիւղ 10 առ հարիւր։

Ճարտարապետութիւն 7 առ հարիւր։

Բժշկութիւն 6 առ հարիւր։

Այլ գիտութիւններ 8 առ հարիւր։

Զանազանք 1 առ հարիւր։

Եթէ ուսանողները բաժնենք Արուեստի եւ Գիտութեան բաժանմունքներով, պիտի տեսնենք, որ նոյն տարուան 32.376 ուսանողներուն 81.30 առ հարիւր համեմատութիւնը հետեւած է Արուեստի բաժանմունքին ու 18.70 առ հարիւրը՝ գիտականին։

Վերոյիշեալ համեմատութիւնները արդէն ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ մեծ անհաւասարակշռութիւն կայ ընտրուած նիւթերու եւ երկրին պահանջներուն միջեւ, երբ քաջ գիտենք, որ Լիբանանի անտեսութիւնը շրջանային տարածք ունի։ Ասոր հետեւանքը կրնայ ըլլալ անգործութիւն եւ երբեմն ալ արտագաղթ։ Առնենք քանի մը օրինակներ։

1952-1978 ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մէջ արձանագրուած

են 4741 երկրաչափ, որոնց 70 առ հարիւրը կը կարծուի, որ արաբական աշխարհի մէջ կը ծառայեն։ Վերոյիշեալ թիւը ցոյց կու տայ, որ շուրջ 1400 երկրաչափ կայ մէկ միլիոն բնակչութեան համար։ Մինչդեռ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, եւ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ ամէն մէկ միլիոն բնակիչի համար գոյութիւն ունի 3500-4500 երկրաչափ։

Եթէ Լիբանան շրջանային տնտեսութեան ուղեգիծ որդեգրած չըլլայ, կրնայինք տակաւին բաւականանալ ներկայ ընթացքով։

1977ին, Լիբանանի մէջ կը գործէին 598 ատամնաբոյժներ։ 1965-1977 երկարող ժամանակշրջանին արձանագրուած 326 ատամնաբոյժներուն 172ը միայն Լիբանանի մէջ ուսած են, իսկ 154ը արտասահման։

1971-1977 ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մէջ արձանագրուած

են 852 բժիշկներ, որոնց 225ը՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն, 95ը՝ Ամերիկեան համալսարանէն եւ մնացեալ 532ը արտասահմանէն վկայուած են։

Այս թիւերը ցոյց կու տան Լիբանանի պահանջը եւ հոն գործող համալսարաններու արտադրական անբաւարարութիւնը։ Այս համալսարանները դժբախտաբար ո՛չ նիւթական լայն կարելիութիւններ ունին եւ ոչ ալ համապատասխան որակեալ մարդուժ՝ կարենալ ընդլայնելու համար իրենց ներկայ կառոյցները։

Գրական եւ մարդկային գիտութեանց բաժանմունքներու պարագային՝ կը պարզուի ճիշդ հակապատկերը։ Այս ճիւղերէն վկայեալները կ՜ողողեն հրապարակը, երբ այդ ուղղութեամբ պահանջը սահմանափակ է։

Լիբանան, նկատի առած իր առանձնայատուկ տնտեսական կոչումն ու որդեգրած քաղաքականութիւնը, ստոյգ պէտք ունի գիտական ճիւղերու կապուած մասնագէտներու, որակեալ միջին անձնակազմերու, կարող քարտուղարուհիներու, միջազգային մակարդակով թարգմաններու, հաշուագէտներու, համակարգիչ մեքենաներու վրայ աշխատողներու եւ, մա՛նաւանդ՝ զարգացած արհեստագէտներու։

Ահա, այս երեւոյթն է, որ մտահոգութիւն պատճառած է պետութեան, եւ կրթական նախարարութիւնը ներկայիս լծուած է ընդարձակ ծրագիրներու մշակումին, առաւել թափ տալու համար Արուեստից եւ Արհեստից վարժարաններուն։ Կարեւոր գումարներ նկատի առնուած են, տարածելու համար արհեստագիտական վարժարաններու ցանցը, անմիջապէս որ ապահովութիւնը եւ քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատուին երկրին մէջ։

Արդարեւ, Արուեստից եւ Արհեստից վարժարաններու թիւը մեծ համեմատութիւններու  հասած  է  այլ  երկիրներու  մէջ։  Հողամշակութիւնը,  ճարտարարուեստը, դրամատնային  հիմնարկները, վաճառականութիւնը եւ ծառայութիւնները անընդհատ որակեալ տարրերու պէտք ունին։ Անոնք պէտք ունին մասնաւորաբար միջին անձնակազմերու, որոնք արտադրութեան մարդկային ուժականութիւնը կը ներկայացնեն։

Եւրոպայի մէջ աշակերտութեան 40-50 առ հարիւր համեմատութիւնը կը յաճախէ արհեստագիտական վարժարաններ։ Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ արհեստագիտական ճիւղերուն արձա- նագրուած աշակերտութեան թիւը համեմատաբար աւելի բարձր է, քան Լիբանանի մէջ։ Այսպէս, Յորդանանի աշակերտութեան 14 առ հարիւրը եւ Սուրիոյ աշակերտութեան 20 առ հարիւրը կը հետեւին արհեստագիտական ուսումներու։ Մինչդեռ, Լիբանանի մէջ այդ համեմատութիւնը աշակերտութեան 2 առ հարիւր համեմատութիւնն էր 1971ին եւ 4-5 առ հարիւրը՝ ներկայիս։

Լիբանանի մէջ արհեստագիտական ուսումը սկսաւ 1905ին, երբ հիմնուեցաւ  Արուեստից  եւ  Արհեստից  վարժարանը։  Անիկա զարգացաւ 1948ին եւ իր ներկայ կառոյցներուն տիրացաւ 1967ին։ Արհեստագիտական   ճիւղը՝   իր   յառաջացուցած   տեսական  եւ գործնական կազմաւորումով, հիմնական ձեռնհասութիւն կու տայ աշակերտին, որպէսզի ան կարենայ առանց խարխափումի, երբ զանազան պատճառներով պիտի չուզէր մինչեւ համալսարան հասնիլ, ընդգրկել կարճ ժամանակմիջոցի մէջ իր խառնուածքին եւ ընդունակութիւններուն համապատասխանող շահաբեր եւ գոհացուցիչ ասպարէզներ, որոնք կրնան ըլլալ գրասենեակային գործեր, ինչպէս նաեւ՝ արհեստանոցի աշխատանքներ։ Հիմնականը աշակերտին բարոյական կորովը բարձր պահելով, անոր տալն է իր անհատականութիւնը զարգացնող կարելիութիւններ՝ համաձայն իր ընդունակութիւններուն եւ անով իսկ ապահովաբար ճշդել իր տեղը մարդկային ընկերութեան մէջ։

Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանները, անոնց համար, որոնք կ՜ուզեն պետական թեքնիք պաքալորիայի հասնիլ, կը պահանջեն միջնակարգէն ետք 3 տարուան ուսումը, որմէ ետք 2 տարուան յաւելեալ ուսումով աշակերտը կրնայ խորացնել իր մասնագիտութիւնը եւ ստանալ մասնագիտական բարձրագոյն վկայական (T.S.) եւ կամ փոխադրուիլ համալսարան, ակադեմական դրութեան, կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը, իր մասնագիտութեան համապատասխան ճիւղին մէջ։

Այն աշակերտները, որոնք պիտի չուզէին երկարատեւ ուսում ստանալ, պաքալորիա թեքնիքի (B.T.) արձանագրուելով կրնան 1 կամ 2 տարիէն ձեռք ձգել որոշ մասնագիտութիւններ եւ նետուիլ աշխատանքի դաշտ։

Ահա, այս հեռանկարներով է, որ ազգային իշխանութիւնը ծրագրած է իր դպրոցական ցանցին մէջ տեղ տալ Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանին, որպէսզի մեր այն աշակերտները, որոնք զանազան պատճառներով պիտի չուզէին համալսարանի ուղղութեամբ շարունակել իրենց ուսումը, կարենան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ստանալ Արուեստից եւ Արհեստից վկայական մը՝ ինքնավստահութեամբ նետուելու համար կեանքի գուպարին մէջ։

«ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՅԵԼ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԻՆ ԵՒ ՈՉ ՔԱՆԱԿԻՆ»
Հայ դպրոցը կը գտնուի կրթականօրէն վերակազմակերպուելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ Իբրեւ շէնք ու հաստատութիւն իր նախնական վիճակէն դուրս գալով՝ հայ դպրոցը հարկադրաբար պէտք է վերանայի իր հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն վրայ։ Մա՛նաւանդ ազգային կազմակերպուած կեանք մը ստեղծելու արտասահմանի հայութեան ներկայ ճիգերուն տեսանկիւնէն, նորահաս սերունդներու հայեցի պատրաստութեան խնդիրը կը ստանայ հրամայական նշանակութիւն։

Ժամանակի նոր պահանջներուն եւ հասնող սերունդներու նոր հոգեբանութեան հետ, հայեցի դաստիարակութեան ըմբռնումը եւս կը ստանայ նոր բովանդակութիւն։ Հայ դպրոցը կրնայ յաջողիլ իր ազգային դերին մէջ ա՛յն ատեն միայն, երբ պատշաճ փոփոխութեամբ ու հայեցի կրթութեան նոր ծրագրումով մը կրնայ քայլ պա- հել ժամանակին հետ։

Հայեցի կրթութեան ներկայ ծրագիրը արդիականացնելու եւ աւելի արդիւնաւոր դարձնելու առաջադրութեամբ, «Ազդակ» նախաձեռնած է կրթական հարցականի մը քննարկումին։ Խմբագրութիւնը պատրաստած է հայեցի կրթութեան մասին չորս հարցումներ եւ տրամադրած է զանոնք գաղութի կրթական թէ հանրային գործիչներուն։ Կը յուսանք, որ այդ հարցարանին տրուած պատասխանները կը բովանդակեն անհրաժեշտ կարծիքներն ու վերլուծումները՝ որպէսզի մեկնակէտ ընդունուին հայեցի կրթութեան նոր ծրագրումին համար։ Մեր այսօրուան թիւով կու տանք այդ պատասխաններէն առաջինը, որ կը պատկանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պր. Ոսկեբերան Արզումանեանին։

– Ի՞նչպէս կը սահմանէք ապագայ հայու տիպարը. ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենան մեր ազգային վարժարաններէն շրջանաւարտ հայ պատանին ու երիտասարդը, իբրեւ քաղաքացի եւ իբրեւ հայութեան համար աշխատող անհատ։

– Ընդունուած ճշմարտութիւն եւ անվիճելի իրողութիւն է որ Սփիւռքի տարածքին վրայ հայ դպրոցը կը հանդիսանայ մեր ազգային գոյութեան հիմնական կռուաններէն մէկը։ Որքան ատեն որ մենք կարենանք, շնորհիւ մեր կրթական հաստատութիւններուն, ըլլան անոնք ազգային վարժարաններ կամ անհատական եւ կամ միութենական այլ ձեռնարկներ, անվթար պահել մեր լեզուն ու ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային գիտակցութեան կենդանի ոգի աճող նոր սերունդներուն, այնքան ատեն կը վանենք մեզմէ ուծացումի արհաւիրքը։

Կան սակայն այլ հրամայականներ։ Իր պատմութեան կապուած քաղաքական դէպքերու դժբախտ դասաւորումով, Արտասահմանի մէջ՝ հայը քաղաքացին է այն հիւրընկալ երկրին՝ զոր ինք ընտրած է իբրեւ երկրորդ հայրենիք եւ որուն հանդէպ կրնայ միայն երախտապարտ ըլլալ։ Այս գոյավիճակէն կը բխին պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ։ Լիբանանի պարագային, ճանչցուած են հայ համայնքին սահմանադրական իրաւունքները։ Անկախաբար քաղաքացիական օրինական պարտաւորութիւններէն՝ ունինք նաեւ մեր սեփական շահերը հետապնդելու հարց, անհատական թէ ազգային-հաւաքական տեսակէտէն դիտուած։ Հայը իբրեւ ընկերային մէկ տարր, պատկանելով իրեն ծնունդ տուող ընկերային բջիջին, կորիզին, որ այս պարագային իր ընտանիքն է եւ իր սեղմ ազգային միջավայրը (դպրոց, եկեղեցի, ակումբ…), կը պատկանի նաեւ բառին լայն հասկացողութեամբ զինքը շրջապատող միջավայրին, որուն ազդեցութեան տակն է անխուսափելիօրէն եւ որուն հետ աղերս ունի իր անհատականութեան ներդաշնակ զարգացումը։

Հայը չի կրնար շարունակել կղզիացած ապրիլ, ըլլայ իր առօրեայ աշխատանքին վերաբերող յարաբերութիւններու հետեւանքով, ըլլայ իր ընթացիկ կեանքի պահանջներուն թելադրութեամբ. ան կապ պիտի պահէ իր շրջապատին հետ, հաղորդակից պիտի ըլլայ անոր հոգեկան ապրումներուն, նաեւ մտահոգութիւններուն։ Կարենալ բարոյապէս եւ նիւթապէս հիմնաւորելու համար իր կեանքը, մինչեւ այն ատեն երբ հնարաւորութիւններ ստեղծուին հայրենիք վերադառնալու, ան պիտի վերջ տայ գաղթականի հոգեբանութեան լուսանցքային այն գոյավիճակին, որ զանազան բացատրելի պատճառներով յատկանշեց վերջին յիսուն տարուան իր կեանքը Լիբանանի մէջ։ Հետեւաբար, վարժարաններու միջոցաւ մենք պէտք է ձգտինք հայը էապէս հայ պահելու մեր վսեմ նպատակին, դրոշմելով անոր հայու անբասիր դիմագիծ եւ, միւս կողմէ, պէտք է նպաստաւոր պայմաններ ստեղծենք հոն՝ զայն դարձնելու համար լաւ լիբանանցի։

– Ի՞նչ ձեւի հայեցի կրթութիւն մը կրնայ նպաստել նորահաս սերունդներուն մօտ վերոյիշեալ տիպարը կերտելու գործին։ Հայկական ո՞ր արժէքները եւ դասանիւթերը պէտք է մաս կազմեն մեր ուսումնական ծրագիրներուն։

– Վերոյիշեալ տիպարը կերտելու համար անհրաժեշտ է, ազգային կրթութեան աշակերտը գօտեպնդել ցեղին իրաւ արժէքներուն հանդէպ ցուցադրելիք հաւատքով։

Որպէսզի օտար մշակոյթներու պսպղուն ցոլքերով չկուրանայ, անոր պէտք է ներշնչել հպարտութեան զգացում մը ազգային այն դարաւոր մշակոյթին համար, որ իրեն ժառանգ ձգուած է իր նախնիքներուն կողմէ, եւ մշակութային այն մեծ իրագործումներուն համար, որոնք մեր օրերուն կը կատարուին իր ցեղակիցներուն կողմէ, թէ Մայր Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վերջապէս ան պէտք է գիտակից դառնայ մեր ազգային պահանջներուն, մեզմէ կորզուած իրաւունքներուն։ Հետեւաբար, հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, կրօնը, հայ մշակոյթի պատմութիւնը, հայ ֆոլքլորը (երգը, պարը) եւ մանաւանդ հայոց պատմութիւնը (հին եւ նոր), պէտք է առանցքը կազմեն մեր կրթական ծրագիրներուն։

– Ընդհանուր առմամբ կրթական ի՞նչ քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրել մեր տղոց հայեցի պատրաստութիւնն ու քաղաքացիական դաստիարակութիւնը ներդաշնակ եւ արդիական դարձնելու համար։

– Հիմնուելով վերոյիշեալ սկզբունքային տեսակէտներուն վրայ, կը խորհինք որ մեր կրթական հաստատութիւնները պէտք է ունենան առաքելութիւն, հայը լաւ հայ եւ միեւնոյն ատեն լաւ լիբանանցի պահելու։ Ասիկա կÿենթադրէ որ անոնք պէտք է կիրարկեն կրթական երկու յատուկ ծրագիրներ։ Մէկը ազգային, միւսը պետական։

– Որո՞նք են նման քաղաքականութեան մը որդեգրումին առջեւ դրուած հիմնական դժուարութիւնները։

– Պէտք է ընդունիլ որ թէպէտ դժուար է իրագործել վերեւ յիշուած առաջադրութիւնները բայց ոչ անկարելի։ Դժուար է անոր համար որ նոյն անձին մէջ կ՜ուզենք տեսնել հաւասարապէս երկու էութիւններ։ Երկփեղկում միութեան մէջ։ Կրնայ մէկուն առաւել զարգացումը խաչաձեւել միւսին ընթացքը։ Այս սէմպիոզը, (symbiose) ինչպէս սովորութիւն է ըսել, պէտք է այնպէս մը տրուի որ մէկը միւսը ամբողջացնէ։ Երկու կրթական ծրագիրներու գործադ- րութիւնը մեր աշակերտներուն դասացուցակը մեծապէս կը խճողէ

եւ զայն դժուարամարս կը դարձնէ։ Պէտք չէ չափազանցել, անհամեմատօրէն ծանրաբեռնելով աշակերտները, եթէ չենք ուզեր որ անոնք իրենց մատղաշ տարիքին մէջ դառնան մտքով եւ գլխով յոգնած տարրեր։ Պէտք է կարեւորութիւն ընծայել ջամբուած դասաւանդութեան որակին եւ ոչ քանակին։ Ասիկա կը նշանակէ, ինչպէս կարելի է անմիջապէս ենթադրել, որակեալ ուսուցչական կազմ։ Մեր աշխատանքները պէտք է զարգացնենք նաեւ այս ուղղութեամբ։ Չի բաւեր միայն զարգացած ուսուցիչներ ունենալ։ Անոնք պէտք է տիրացած ըլլան մանկավարժական արդիական մեթոտներուն, որպէսզի դասաւանդուած նիւթերը աւելի շուտ եւ հեշտօրէն իւրացուին աշակերտներուն կողմէ։ Անոնք պէտք է մանաւանդ ըմբռնեն այս բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք տեղ տուին այս հարցազրոյցին։ Վերջին հաշուով որակեալ եւ խղճամիտ «արհեստաւորն» է, որ կ՜արտադրէ աւելի մաքուր, աւելի արագ եւ աւելի շատ։ Այս ալ անշուշտ կ՜ենթադրէ նիւթական կարելիութիւններ, որոնց մասին պէտք է մտածենք ազգովին։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Դասաւանդութեան բուն նիւթին չանցած պիտի ուզէի գնահատանքի խօսք յայտնել Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան որ հակառակ իր ունեցած ազգային օգտաշատ ծառայութիւններու կարեւոր ցանցին, կ՜զբաղի նաեւ հանրային դաստիարակութեան նուիրուած գովելի աշխատանքներով։

Գնահատանքի յատուկ խօսք ունիմ դաստիարակչական յանձնախումբի ազնիւ տիկիններուն որոնք նուիրումով կը կազմակերպեն այս դասախօսութիւնները։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին որ ի հեճուկս ձեր առօրեայի բազմաթիւ զբաղումներուն եկած էք այստեղ ունկնդրելու կրթական հարցերու առնչուած այս զրոյցը։

Լիբանանի ցաւալի դէպքերը անցնող 16 տարիներու ընթացքին շատ ողբալի անդրադարձներ ունեցած երկրին ընդհանուր վիճակին վրայ։

Անոնք ոչ միայն աւեր ու փլուզում, ջարդ ու մահ սփռեցին, առ հասարակ բոլոր շրջաններուն մէջ, ոչ միայն աստիճանաբար այլակերպեցին ժողովուրդին կենցաղը, խաթարեցին անոր աւանդութիւնները, քանդեցին անոր զարգացման եւ բարգաւաճման ծրագիրները եւ ցնդեցուցին անոր երազները այլ եւ յաճախ պարտադիր տեղահանութեամբ ու արտագաղթով արմատախիլ ըրին անոր մէկ մասը, վտանգելով նոյնիսկ անոր ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը։

Բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը ձգելով իր հարազատները, տունը, գործը, ինչքերը եւ հայրենիքը ապաստան որոնեց օտար բայց աւելի ապահով երդիքներու տակ մինչ հոս մնացողները յանձնուած կոյր եւ անվերջ պատերազմի մը ճիրաններուն եւ քմահաճոյքին եւ յաճախ զրկուած ամենակենսական միջոցներէ եւ ամենատարրական ծառայութիւններէ կը պայքարէին պահպանելու համար իրենց օրհասական գոյութիւնը եւ ուրիշներ յարգելու համար իրենց նուիրական համոզումները։

16 տարիներու եղբայրասպան կռիւները չէզոքացուցին պետական սպասարկութիւնները, ապահովութեան դրութիւնը, քանդեցին երկրին ֆիզիքական ներքին կառոյցները, տնտեսութիւնը, արտադրողական կարողականութիւնը եւ ամլութեան դատապարտեցին մարդկային շինարար ու ստեղծագործ ոյժը։ Աւելին՝ անոնք խանգարեցին անոր կրթական գործունէութիւնը եւ ժխտական դեր ունեցած ուսման եւ դաստիարակութեան բնագաւառէն ներս որ ամենակարեւոր կռուաններէն մէկն է ազգի մը գոյատեւման։ Արդարեւ մանուկներու հոգեվիճակը խորապէս ցնցուեցաւ իրենց աճման ամենազգայուն մէկ ժամանակաշրջանին։ Անոնք սորվեցան ատելութիւն, տեսան մահ, իրենց խնդուքները եղան արիւնաթաթախ, իրենց քունը խանգարուեցաւ, միտքը խաթարուեցաւ, չկրցան ուրախ երազներ տեսնել, վերջապէս բնականոն կերպով չմեծցան։

Հոգեբանները կ՜ըսեն թէ պատերազմի մանուկները կ՜ըլլան կարգապահ եւ խաղաղասէր ինչպէս եղաւ պարագան Գերմանիոյ, սակայն եղբայրասպան կռիւներու մանուկները կը դառնան ընդհակառակը ոխակալ եւ յարձակապաշտ որովհետեւ անոնց աճումը կը կատարուի սանձարձակ եւ անբնական պայմաններու մէջ։ Անոնց մտային աշխատանքը անկանոն է, ընտանեկան կապերը եւ յարաբերութիւնները խանգարուած են եւ բարոյական սկզբունքներու ըմբռնումը խախտած։ Անոնցմէ շատեր անհաւասարակշիռներ են ու կը դիմեն յաճախ ծայրայեղութիւններու որովհետեւ իրենց շրջապատին մէջ գտնուող որոշ թիւով չափահաս մարդոց կեանքին օրինակը թելադրիչ է այդ ուղղութեամբ երբ արդէն այդ նոյն չափահասներու հոգիին խորը կուտակուած են ամէն կարգի վայրագութիւններու, ատելութեան եւ քստմնելի արարքներու տխուր եւ ընդվզեցուցիչ պատկերներ։

Ինչպէս մեծերու պարագային, պատանիներու մտաւորական հետաքրքրութիւնները տեղի կու տան գոյատեւելու հրամայականին։ Առօրեան կը նկատուի առաջնահերթ եւ անմիջական պահանջք եւ վաղուայ մտահոգութիւնները կը դասուին անապահով եւ անստոյգ ապագայի շարքին։ Կրթական ճիգերը կը դառնան թոյլ եւ նուազ արդիւնաւէտ ու ակնկալուած արդիւնքները կ՜ըլլան տժգոյն։

Անոնք չեն կրնար կեդրոնանալ, խորանալ, բաղդատել եւ դատել բնականոն պայմաններու իրենց կարողութեամբ։ Իրենց ուսումը յաճախ մակերեսային է որովհետեւ յիշողութիւնն ալ դարձած է քմայքոտ, վերջապէս շատ մեծ ճիգ պէտք է կարենալ լրջօրէն սորվելու եւ իւրացնելու համար։

Ինչպէս կարելի է ենթադրել տուեալ պայմաններու մէջ կրթական կեանքը անխուսափելիօրէն պիտի ենթարկուէր լուրջ ցնցումներու։

Բազմաթիւ վարժարաններ քանդուեցան, ուրիշներ գրաւուեցան կռուողներու կամ տեղահանուած բնակչութեան կողմէ։ Ժողովուրդին տեղափոխութիւնը, կեանքի անբնական սղութիւնը եւ պետական վարժարաններու անբաւարարութիւնը դժուարութեան մատնեց բազմանդամ ծնողներ, որոնցմէ շատեր իրենց զաւակները չկրցան դպրոց ուղարկել։

Ստեղծուած քաոսին մէջ եւ յատկապէս անապահովութեան պատճառով անհնար էր պետութեան համար նոր վարժարաններ բանալ եւ կամ անմիջապէս վերանորոգել կամ վերակառուցել ուրիշներ որոնք զանազան պատճառներով անբնակելի դարձած էին։

Միւս կողմէ բազմաթիւ որակաւոր ուսուցիչներ լքեցին երկիրը եւ արտագաղթեցին։ Նախակրթարաններու եւ երկրորդականներու պարագային կարելի եղաւ զանոնք փոխարինել երբեմն աւելի տկար տարրերով սակայն համալսարաններու պարագային որակեալ դասախօսներու արտագաղթը զգալի բաց մը թողուց կրթական կեանքէն ներս զոր ամբողջացնելը յաճախ եղաւ ի վնաս ուսման մակարդակին։

Համալսարաններու կարգ մը բաժանմունքներու մէջ մեկնող դասախօսներու համեմատութիւնը հասաւ 40-50%ի, ուրիշ բաժանմունքներ պարզապէս դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը իբրեւ հետեւանք անհրաժեշտ մասնագէտներու բացակայութեան։ Անշուշտ այդ ճիւղերը կը վերաբացուին անմիջապէս որ տրամադրելի որակեալ նոր մասնագէտներ ի յայտ գան։

Որպէսզի կարելի ըլլայ առարկայօրէն խօսիլ պատերազմի հետեւանքներու մասին, կրթական կեանքէն ներս, օգտակար կը նկատեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել, բաղդատական լոյսին տակ, դպրոցներու աշակերտութեան եւ ուսուցիչներու թուական պատկերը 1974-75ին եւ անոր հոլովոյթը մինչեւ 1985-86 եւ ապա մինչեւ 1990-91։

I ¬ Վարժարաններ

Համաձայն պետական վիճակագրութեանց Լիբանանի մէջ գործող վարժարանները (ըլլան անոնք պետական, ձրիավարժ կամ վճարովի) հետեւեալ թուական պատկերը ցոյց կու տան։

1974-75ին Լիբանանի մէջ կը գտնուէին 2486 վարժարան

1977-78ին անոնց թիւը եղաւ 2376 վարժարան

1981-82ին գոյութիւն ունէին 2549 վարժարան համաձայն հաւաստի աղբիւրներու

1985-86ին ունեցած ենք միայն 2350 վարժարան

Այս թիւերուն մանրամասնութիւնները զորս զանց կ՜առնեմ տալ այստեղ ցոյց կու տան որ 1981-82ին դպրոցներու 52% պետական վարժարաններ են, 22% ձրիավարժ եւ 26% վճարովի։ Նախակրթարաններու 48% իսկ երկրորդական վարժարաններուն 32.50 միայն պետական են։

II ¬ Ուսուցիչներ

Համաձայն նոյն վիճակագրութիւններու ուսուցչական կազմերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը։

1974-75 կը պաշտօնավարէին 53.320 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ 1977-78 վերոյիշեալ թիւը իջաւ 42.785ի

1981-82 ան բարձրացաւ 53.950ի

1985-86 կրկին իջաւ 52.300ի

III – Աշակերտութիւն

Աշակերտութեան կրթական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով

1974-75 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 756.983ի

1977-78 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 730.374ի

1981-82 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 769.436ի

1985-86 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 501.406ի

Վերոյիշեալ թիւերուն մէջ համալսարանական ուսանողութիւնը նկատի առնուած չէ։ Արդարեւ 1974-75ին Լիբանանի մէջ կը գործէին 14 բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ որոնց ուսանողութեան թիւը կը բարձրանար 79.073 եւ որուն 31.028 օտար ու 48.045 լիբանանցի էին միայն։

Օտարահպատակներուն 89.25% կը յաճախէին արաբական համալսարան որ կապուած է Աղեքսանդրիոյ համալսարանին։

Եթէ նկատի ունենանք Լիբանանի աշակերտութեան արձանագրած տարեկան աճը, նախապատերազմեան շրջանին որ էր շուրջ

11.250 աշակերտ, կը նշանակէ որ 1975էն 1986 երկարող տարիներու միջոցին բնականոն պայմաններու մէջ աշակերտութեան թիւը պէտք էր աւելնար 112.500 աշակերտով, այսինքն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 1985-86ին պէտք էր ըլլալ 869.483 փոխանակ 501.400ի։

Վերոյիշեալ բաղդատական տախտակներէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը։

1975ի եւ 1977ի միջեւ վարժարաններու թիւը նուազած է։ 108 վարժարաններ անգործածելի եղած են։

Ապա 1977էն մինչեւ 1982 օգտուելով յարաբերական խաղաղութենէն եւ կռիւներու ընդմիջումէն, վարժարաններու թիւը վերստին բարձրացած է։ Ան վերագտած է 1975ի թիւը եւ նոյնիսկ քիչ մըն ալ աւելնալով հասած է 2549ի։

Դժբախտաբար սակայն 1983էն 1985 տարածուող ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած լեռներու եւ հարաւի կռիւներու հետեւանքով շուրջ 190 դպրոցներ անգործածելի դարձած են եւ փակուած։

Ուսուցիչներու թիւը բնականաբար հետեւած է այս վերիվայրումներուն։ 1974-75էն մինչեւ 1985-86 շուրջ 1000 ուսուցիչներ պակսած են ընդհանուր թիւէն։

Իսկ աշակերտութեան թիւը 1975ի եւ 1977ի միջեւ 26.636 հոգի պակսելէ յետոյ, 1981-82 կը վերագտնէ գրեթէ 1975ի թիւը, նոյնիսկ 12.453 աշակերտ աւելնալով, սակայն 1985-86 տախտակները ցոյց կու տան որ 1982-86 երկարաձգուող ժամանակշրջանին մէջ շուրջ 200.000 աշակերտ պակսած է Լիբանանի վարժարաններէն։ Թուական այս անկումները կը բացատրուին գլխաւորաբար անով որ 1975էն մինչեւ 1986, համաձայն հաւաստի աղբիւրներու աւելի քան 1.000.000 բնակիչներ լքած են երկիրը եւ գաղթած որոնց մէջ շուրջ 550.000 քրիստոնեայ։

Գալով հայ վարժարաններու մեր տրամադրութեան տակ ունեցած աղբիւրները ցոյց կու տան հետեւեալը։

1974-75ին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէին 51 հայ վարժարաններ ուր կ՜ուսանէին շուրջ 20.000 հայ աշակերտներ։ Այս գումարներուն մաս չեն կազմեր հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկները եւ համալսարաններու հայ ուսանողութիւնը։ Մաս չեն կազմեր նաեւ դպրեվանքներու (Պիքֆայա, Զմմառ, Ռաուտա (Մխիթարեան- ներ) ուսանողութիւնը)։

1990-91ին Լիբանանի հայ վարժարաններու թիւը եղած է 43 եւ աշակերտութեան թիւը 12.121։ Այս գումարին մէջ ներառեալ է կարգ մը հայ վարժարաններու արհեստագիտական բաժանմունքը ինչպէս նաեւ արհեստագիտական սեփական վարժարան մը։

Վերոյիշեալ վարժարանները հետեւեալ թուական պատկերը կը ներկայացնեն։

վարժ.թիւ աշակ.թիւ

Ազգային վարժարաններ (առաջնորդարան) 16 3501

Բողոքական համայնքին պատկանող վարժարաններ 9 2450

Կաթողիկէ համայնքին պատկանող վարժարաններ 9 3895

Սեփական եւ Միութենական վարժարաններ 9 2275

Ընդհանուր գումար 43 12.121

Այս թիւերէն կարելի է հետեւցնել որ 1975ի եւ 1991ի միջեւ հայ

վարժարաններու թիւը նուազած է 8 վարժարանով եւ աշակերտութիւնը 7929 աշակերտով, այսինքն 1975ի իրենց աշակերտութեան թիւէն շուրջ 40%։

Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան թիւը որ 1975ին 5976 էր, 1991ին իջած է 3501ի ինչ որ կը նշանակէ որ 2475 աշակերտ պակսած է բաղդատմամբ 1975ի այսինքն 42% համեմատութեամբ։

Աշակերտներու թիւէն այս անկումէն պէ՞տք է արդեօք հետեւցնել որ նոյն համեմատութեամբ հայ քաղաքացիներ լքած են երկիրը ու գաղթած։ Չենք խորհիր որ այս ենթադրութիւնը բոլորովին ճիշդ ըլլայ, որովհետեւ ընտանիքներու տեղափոխութիւնը մեծ դեր ունեցաւ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին նուազու- մին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է բոլորին բազմաթիւ ծնողներ ապահովա- կան նկատումներով, տեղափոխուեցան եւ իրենց զաւակները ղրկե- ցին իրենց մօտակայքը գտնուող վարժարան մը երբեմն օտար կամ նոյնիսկ պետական, որովհետեւ իրենց նախընտրած դպրոցներու երթեւեկի սպասարկութիւնը ի վիճակի չէր յանձն առնելու անոնց զաւակներուն փոխադրութիւնը, եւ արդէն ապահովութեան պայմանները թոյլ չէին տար ընելու զայն։

Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ որ բազմաթիւ վարժարաններու աշակերտներու թիւը զգալապէս պակսի ինչպէս է պարագան արեւմտեան կողմի հայ վարժարաններուն նաեւ Հազմիէյի Մխիթարեաններուն։ Մինչդեռ ուրիշ վարժարաններ ընդհակառակը աշակերտական թիւի յաւելում ունեցան ինչպէս Անարատ Յղութեան Քոյրերուն Հռիփսիմեանց վարժարանը, Մեսրոպեան եւ Եղիշէ Մանուկեան վարժարանները։

Այնուամենայնիւ հայ դպրոցը կորսնցուց իր աշակերտութեան 40% իսկ ազգային վարժարանները 42% որուն եթէ պզտիկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ Լիբանանի մէջ, մնացեալ մեծ մասը արտագաղթած ծնողներու զաւակներ են։

Այն ինչ որ կը վերաբերի ուսուցչական կազմերուն, հայ վարժարաններն ալ կորսնցուցին որակաւոր եւ փորձառու տարրեր։ Բարեբախտաբար սակայն շատ չտառապեցան տրուած ըլլալով որ հայ երկրորդական վարժարանները, հայագիտական հիմնարկները եւ դպրեվանքը կրցան անհրաժեշտ ոյժերը հայթայթել։

Հայ վարժարանները, անխուսափելիօրէն, դէպքերու հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու ենթարկուեցան։ Պէտք եղաւ վերանորոգել եւ վերաշինել ներքին կառոյցը եւ սարքաւորումները, որոնց համար անոնք դիմեցին հայ ժողովուրդին եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն։ Բարեբախտաբար ամէն հաստատութիւն այս կամ այն կերպով միջոց մը գտաւ ինքզինքը վերանորոգելու։

Հայ վարժարանները ունեցան պիւտճէական ահաւոր բացեր որոնք յառաջ եկան մէկ կողմէ ծախսերու անսովոր մագլցումով իբրեւ հետեւանք կեանքի տարապայման սղումին եւ միւս կողմէ աշակերտութեան թիւին նուազումով եւ ուսուցչական կազմերու թոշակներուն արդար յաւելումով։ Կայ նաեւ այն կարեւոր պարագան որ բազմաթիւ ընտանիքներ ի վիճակի չեղան իրենց նիւթական յանձնարութիւնը յարգելով իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու։ Այս բոլորը ցնցեցին վարժարաններու այլապէս դժուար կերպով հաւասարակշռուած պիւտճէները եւ յառաջ բերին տնտեսական սուր տագնապ։ Ինչ որ ալ եղած ըլլար կացութիւնը անհրաժեշտ էր ապահովել ուսուցչական կազմերուն եւ պաշտօնէութեան թոշակները։ Հոս եւս ի պատիւ իրեն՝ արտասահմանի հայութիւնը կրցաւ օգնութեան փութալ կարելի միջոցներով եւ թոյլ տալ որ հայ վարժարանները շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը եւ յարգել իրենց յանձնառութիւնները։

Անշուշտ պատասխանատու մարմինները լուրջ հսկեցին այս իրավիճակին վրայ եւ առին համապատասխան քայլեր վստահելով որ ժողովուրդը ի հարկին կը շարունակէ նիւթապէս եւ բարոյապէս տէր կանգնիլ իր կրթական հաստատութիւններուն։

Այս պայմաններու մէջ բնական է որ Լիբանանի կրթական կեանքը տուժած ըլլայ մակարդակի տեսակէտէն տրուած ըլլալով բազմաթիւ տուեալներ զորս վերեւ յիշեցինք որոնց կարգին գլխաւորաբար ան որ կռիւներու հետեւանքով կատարուած ընդմիջումները ջլատեցին աշակերտութեան ճիգը ուսման մէջ եւ կրթական ծրագիրները շատ քիչ համեմատութեամբ կրցան ամբողջովին ուսուցանուիլ։ Կարգ մը վարժարաններ ենթարկուեցան տեղափոխութեան եւ այդ իսկ պատճառով գոյատեւեցին յարմարեցումի քաղաքականութեամբ վնաս բերելով աշխատանքի բեղմնաւոր արդիւնքին։ Փորձառու ուսուցիչներ մեկնեցան եւ փոխարինուեցան նորերով եւ ամենակարեւորը աշակերտը ինքը կորսնցուց ուսման յատուկ մթնոլորտը, եւ իր ներաշխարհը պայմանաւորուեցաւ կռիւներու առթած սարսափով, արագ ըմբռնումը խափանեցաւ եւ մտային անհրաժեշտ կեդրոնացումը տկարացաւ։

Այսուհանդերձ, հիմա որ խաղաղութիւնը վերջնականապէս վերահաստատուելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ, ինչ որ երեւոյթները ցոյց կու տան, պատերազմի հետեւանքով ցնցուած մանուկները աստիճանաբար պիտի վերագտնեն, շնորհիւ իրենց բնածին կենսունակութեան, իրենց հաւասարակշռութիւնը եւ մտային առողջութիւնը։

Այս առթիւ կ՜արժէ յիշատակել որ գնահատելի կեցուածք ունեցան վարժարաններու այն բոլոր կրթական պատասխանատուները, տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը որոնք արհամարհելով ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, երբեմն կեանքի գնով, մնացին պատնէշի վրայ եւ ծառայեցին աշակերտութեան, վաղուայ երիտասարդութեան, ի խնդիր անոնց առողջ կազմաւորման եւ Լիբանանի ու հայ համայնքի անվթար գոյատեւման։

Ներկայիս, Լիբանանի կնճռոտած հարցերու լուծումին այս վերջին հանգրուաններուն ժողովուրդի մտահոգութեան առարկայ դարձած է կրթական ծրագիրներու արաբականացման հեռանկարը։ Բազմաթիւ քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ անապահով կը զգան Լիբանանի մէջ կիրարկուող բազմամշակութային կրթական քաղաքականութեան շարունակութիւնը երբ արդէն ան նուիրագործուած էր նախորդ սահմանադրութեամբ։

Արդարեւ Լիբանանի ժողովուրդը բաղկացնող ընկերային երկու գլխաւոր հատուածները, մէկը քրիստոնեայ եւ միւսը իսլամ, կը ներկայացնեն երկու տարբեր մշակոյթներ։ Քրիստոնեաները ընդունելով հանդերձ արաբականութիւնը կ՜ուզեն կապուած մնալ եւրոպական մշակոյթին եւ հեշտ կերպով գործածել արեւմտեան լեզուները յատկապէս ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը, իսկ արաբականացումի նոր ալիքը որ կու գայ արաբ երկիրներէ կը ձգտի ընդգրկել մշակոյթի բոլոր կալուածները այնպէս ինչպէս որ է ներկայիս արաբ երկիրներու մէջ։ Պարզ խօսելով, մտահոգութիւնը այն է որ ծայրայեղ արաբականացում մը կրնայ, իբրեւ հետեւանք, արգելակել օտար լեզուներու ազատ ուսուցումը դպրոցներէն ներս եւ սահմանափակել արեւմտեան մշակոյթի թափանցումի միջոցները։

Բայց ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը եւ ուսկից կու գայ այս վախը։

Բոլորիս ծանօթ է որ Լիբանանի պատերազմը վերջ գտաւ Թայէֆի համաձայնութեամբ եւ անոր գործադրութեամբ։ Թայէֆի համաձայնագիրը որ կը վայելէ արաբական լիկայի հովանաւորութիւնը եւ միջազգային մեծ պետութիւններու բարոյական նեցուկը, կ՜առաջադրէ փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի սահմանադրութիւնը, ի սպաս լիբանանցիներու բոլոր հատուածներուն քաղաքական եւ ընկերային արդար իրաւունքներու ստացման եւ օտար բանակներու հեռացման։ Իբրեւ հետեւանք այդ համաձայնութեան սահմանադրութեան բազմաթիւ յօդուածներ փոխուեցան որոնց կարգին նաեւ անոնք որոնք կը վերաբերին ազգային կրթութեան։

Բարեփոխուած յօդուածներով կը շեշտուի որ նախակրթութիւնը պարտադիր եւ ձրի պիտի ըլլայ Լիբանանի տարածքին վրայ։ Պետութեան հակակշիռը աւելի պիտի խստանայ կրթական ծրագիրներու գործադրութեան եւ գործածուած դասագրքերու նկատմամբ։ Կրթական ծրագիրները վերանայման պիտի ենթարկուին աւելի սերտացնելու համար ազգային (լիբանանեան) պատկանելութիւնը։ Պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան դասագիրքերը պիտի պատրաստուին պետութեան կողմէ, միօրինակ եւ նոյնանման։ Անհատական վարժարաններու գործունէութիւնը համաձայն պետական օրինակներու պիտի ապահովուի պետութեան կողմէ։ Մշակութային եւ հոգեւոր ազատութիւնները պիտի յարգուին եւայլն…

Մտահոգութիւն յայտնող անձնաւորութիւնները կ՜առարկեն որ նոր սահմանադրութեան ներածականին մէջ յիշուած է որ Լիբանանը արաբ երկիր մըն է եւ թէ իբր այդ կը պարտի ճիգ թափել պահելու համար իր արաբականութիւնը։

Անոնց մտավախութիւնները աւելի հիմնուեցան երբ ասկից քանի մը ամիս առաջ արաբական լիկայի կրթական եւ մշակութային մէկ կազմակերպութեան կողմէ (ALESCO) պատրաստուած ծրագիր մը առաջարկուեցաւ լիբանանեան պետութեան որպէսզի ինքն ալ իբրեւ արաբական երկիր եւ անդամ արաբական լիկայի, յարի անոր ինչպէս արաբական լիկայի մաս կազմող մնացեալ բոլոր երկիրները։

Այդ ծրագիրին մէջ, ի շարս այլոց, կ՜ըսուի որ արաբական պետութիւնները պարտին արաբականացնել ուսումը բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Բոլոր առարկաներու, նոյնիսկ գիտական նիւթերու դասաւանդութիւնը պէտք է կատարուի միայն արաբերէն լեզուով եւ յատուկ բծախնդրութեամբ ու աստիճանաբար պէտք է նոյնացնել դասագրքերը արաբական լիկային մաս կազմող երկիրներու մէջ։

Բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ, մշակոյթի մարդիկ, նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ աղաղակ բարձրացուցին այս գործընթացին դէմ տեսնելով անոր մէջ լիբանանեան ինքնութեան դէմ մեղանչում մը, մասնաւորաբար մշակութային ինքնութեան դէմ խափանում մը, յատկապէս ժողովուրդի այն հատուածին համար որ մնալով հանդերձ արաբական մշակոյթի ծիրէն ներս կ՜ուզէ պահել արեւմտեան մշակոյթի հետ իր ունեցած սերտ կապերը եւ օտար լեզուներու ծանօթութիւնը։

Բարձրագոյն իշխանութիւնները բազմաթիւ ելոյթներով բացատրեցին որ Թայէֆի համաձայնութեան մէջ յստակ կերպով ըսուած է որ ուսումը ազատ պիտի մնայ Լիբանանի մէջ, հետեւաբար այդ վախը անհիմն է։

Կրթական նախարարը իր կարգին զանազան յայտարարութիւններով եւ բացատրութիւններով ուզեց փարատել մարդոց մտքէն այդ մտավախութիւնը։ Յանձնախմբային ժողովներ սարքեց ուր ներկայացուց իր բարենորոգչական ծրագիրները եւ փորձեց հաւաստիացնել որ Թայէֆի համաձայնագիրը հիմնական բան չփոխեց մեր կրթական քաղաքականութեան մէջ այլ ընդհակառակը խթան մը եղաւ կարգ կանոն դնելու համար կրթական նախարարութեան մէջ որ դէպքերու հետեւանքով տարիներէ ի վեր թոյլ եւ լճացած վիճակ ունէր։

Կրթական նախարարը վաւերացնել տուաւ խորհրդարանին կողմէ նախակրթութիւնը ձրի եւ պարտադիր դարձնելու ծրագիրը որուն համար բնական եւ անհրաժեշտ են մեծ թիւով պետական վարժարաններ եւ հետեւաբար մեծագումար վարկեր։

Տրուած ըլլալով որ ներկայիս իր տրամադրութեան տակ չունի պահանջուած գումարները, կը ծրագրէ կարգ մը շրջաններուն մէջ նոյն դպրոցը օգտագործել աշակերտներու երկու տարբեր խմբակներու համար, բան մը որ ընթացիկ է նոյնիսկ արեւմտեան տէրութիւններու մօտ։ Անոնց մէկ մասը կու գայ առաւօտուն ժամը 7.30- 12.30, միւս մասը յետ միջօրէին, 13-17.30։

Կրթական նախարարը որոշած է բարեփոխութեան ենթարկել կրթական ծրագիրները յատկապէս անոնք որոնք կը վերաբերին պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան որոնց համապատասխան դասագիրքերը, յետ այսօրիկ, պիտի տպուին պետութեան կողմէ եւ դառնան միակ գործածելին։

Առ ի յիշեցում, յայտնենք որ կրթական ծրագիրներու փոփոխութեան համար յաճախ պահանջքներ ներկայացուած են, ուսումնասիրութիւններ կատարուած անցեալին եւ նախագիծեր ալ պատրաստուած, սակայն անոնք մնացած են գզրոցներու մէջ, փոշեթաթախ, կարգ մը շրջանակներու անհանդուրժողութեան պատճառով։

Վերջապէս կրթական նախարարը որոշած է զբաղիլ համալսարաններով եւ բարձրագոյն կրթութեան կեդրոններով։ Անոնք մօտիկ անցեալին թիւով 10 էին միայն մինչ ներկայիս 18 նման հաստատութիւններ կը գործեն Լիբանանի մէջ։ Որոշած է ոյժ տալ լիբանանեան համալսարանին, զայն վերակազմակերպել եւ մօտէն հսկել անոր գործունէութեան վրայ։

Իր տուած բացատրութիւններով եւ իր անձին կապուած վարկով որոշ ապահովութիւն ներշնչեց քրիստոնէական հատուածին փորձելով վանել անոր մտքէն արեւմտեան մշակոյթէն հարկադրաբար կտրուած մնալու մղձաւանջը։

Սակայն մտահոգութիւնները ամբողջովին փարատած չեն։ Որոշուած նոր օրէնքները եւ արաբական լիկայի մշակութային կազմակերպութեան նախատեսած ծրագիրները բոլորովին համոզիչ չեն թուիր իրենց։

Արդարեւ Լիբանանի ներկայ սահմանադրութիւնը նախկին սահմանադրութեան բարեփոխուած մէկ տարբերակն է հիմնուած Թայէֆի համաձայնութեան վրայ որուն ներածականին մէջ, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, յստակ կերպով կ՜ըսուի որ Լիբանան արաբ պետութիւն մըն է։ Միւս կողմէ արաբական լիկայի մշակութային կազմակերպութեան ծրագիրին մէջ կ՜ըսուի որ արաբական երկիրները պարտին ուսումը արաբերէն լեզուով դասաւանդել բոլոր առարկաներուն համար ներառեալ գիտական նիւթերը եւ թէ աստիճանաբար բոլոր դասագրքերը պէտք է միօրինակ ըլլան։

Պարզ խօսելով անոնք կը վախնան որ արտաքին քաղաքական

ճնշումներու տակ, հարցին նկատմամբ աննպաստ դիրքաւորում ունեցող պատասխանատուները իւրյատուկ մեծամասնութիւններով, զիչին եւ կորսնցնել տան, Լիբանանին, զինքը արաբական միւս

երկիրներէն տարանջատող եւ իր առանձնայատկութիւնը կազմող

բազմամշակութային եւ բազմալեզու ըլլալու առաւելութիւնները։

Այն ատեն է որ Լիբանանը պիտի կորսնցնէ յաջս արեւմտասէր հատուածին իր հիմնական արժէքներէն մէկը, զինքը արեւմուտքին մօտեցնող կենսական կապը։

Կ՜անդրադառնանք որ 16 տարուայ պատերազմը ոչ միայն քանդեց ու աւրեց մեծ թիւով դպրոցներ, աշակերտութեան թիւը պակսեցուց, որակաւոր ուսուցիչներու մեկնումին պատճառ հանդիսացաւ, կրթական ծրագիրներու լիակատար գործադրութեան արգելքներ յառաջացուց, Լիբանանեան երկրորդական ուսման վկայականին (պաքալորիայի) վարկը արժեզրկեց այն աստիճան որ օտար երկիրներ կը մերժեն ճանչնել զայն իբր այդ, այլ համաձայն կարգ մը մասնագէտներու նոր հարցականներու առջեւ դրաւ Լիբանանի բազմամշակութային դրութիւնը որ աներկբայօրէն կը կազմէ իր մշակութային հարստութիւններու ամենաջինջ աղբիւրը։

Պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ կը բացատրեն թէ անհիմն են այդ մտահոգութիւնները։ Մաղթելի է որ այդպէս ըլլայ, բան մը զոր ցոյց պիտի տայ ապագան։

Այս բոլորին մէջ ինչ պիտի ըլլայ ապագային հայերէն լեզուով դասաւանդուող առարկաներուն ճակատագիրը հայ վարժարաններէն ներս։ Արդեօք արաբականացումի հոսանքը պիտի զօրանայ այն աստիճան որ օր մը մենք եւս պիտի պարտադրուինք սահմանափակել մեր ազգային կրթական ծրագիրը, զեղչել անոր գործադրութեան համար յատկացուած դասապահերու թիւը ինչպէս է պարագան դրացի երկիրներու մօտ եւ հետեւաբար նահանջել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցման մեր նուիրական առաքելութեան մէջ։ Հարցումներ են որոնք այսօր յատուկ զգայնութեամբ մեր մտահոգութեան առարկան կը դառնան։

Մենք դէմ չենք որ առաւել կարեւորութիւն տրուի արաբերէն լեզուի եւ արաբական մշակոյթի ուսուցման։ Չենք դժգոհիր երբ պետական կրթական ծրագիրները բարեփոխուին, արդիականան եւ Լիբանանի պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան դասագիրքերը պետութեան կողմէ պատրաստուին ըստ իր կրթական քաղաքականութեան։

Այնուամենայնիւ, կը զգուշանանք ուսման ամբողջական եւ բացարձակ արաբականացումէն որովհետեւ ան կրնայ վնասել մեր բազմամշակութային զարգացման, օտար լեզուներու լայն ծանօթութեան եւ մանաւանդ մեր ազգային ինքնութեան ապահովութեան եւ մշակութային ժառանգին անվթար փոխանցման։

Ծանօթ է բոլորիս որ հայ վարժարանները կը կիրարկեն երկու կրթական ծրագիր։ Մէկը պետականն է որ աշակերտը կ՜առաջնորդէ պետական քննութիւններուն իսկ միւսը հայկական կրթական ծրագիրն է որ կը ձգտի աշակերտին ջամբել անհրաժեշտ ուսումը եւ ոգին իր հայեցի դաստիարակութեան, եւ ազգային դիմագիծի անեղծ պահպանման համար։

Ներկայիս երեւոյթները ցոյց կու տան որ անմիջական վտանգի մը սպառնալիքներուն առջեւ չենք գտնուիր որովհետեւ համայնքային դրութիւնը բոլորովին ջնջուած չէ թէ ժողովուրդի մտքին մէջ

եւ թէ իրողապէս։ Ան դեռ եւս ներշնչումի աղբիւր է բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսին մօտ երկրին հիմնական կառոյցքներու ամրապնդման տեսակէտէն։ Ճիշդ այդ ըմբռնումով լիբանանահայութիւնը կողմնակից եղած է համայնքային դրութեան շարունակութեան անոր մէջ գտնելով մեր եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային առանձնայատկութիւններու ապահովութիւնը եւ իր տեսակէտը, օրին, գրաւոր կերպով յայտնած է մեր երեսփոխանական պլոքի միջոցաւ լիբանանեան պետութեան։

Դժուար է բնականաբար ոեւէ ենթադրութիւն ընել ապագայի հաշւոյն միջին արեւելքի ներկայի մեծ վերիվայրումներու եւ քաղաքական խմորումներու շրջանին։ Ամէն ինչ կախում ունի երկրին քաղաքական հոլովոյթէն եւ արտաքին ազդակներու միջամտութենէն։

Սրտանց պիտի մաղթէինք որ 16 տարուայ սահմռկեցուցիչ փորձառութենէն յետոյ, Լիբանանի պետական պատասխանատուները

գիտակից մօտեցումով, իմաստութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ տէր կանգնին Լիբանանի առանձնայատուկ եւ բազմերանգ մշակոյթին ու պինդ պահելով կապը արաբական եւ արեւմտեան մշակոյթներու, առիթ տան որ ան իբրեւ սպասարկու համամարդկային քաղաքակրթութեան շարուանկէ, բազմահամայնքային եւ բազմամշակութային իր եզակի առաքելութիւնը։

Մինչ այդ անհրաժեշտ է որ հայ վարժարանները մեծ բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ շարունակեն ըստ առաջւոյն, իրենց ազգային կրթական առաքելութիւնը եւ ամուր կառչին համայնքային եւ կրթական իրենց իրաւունքներուն որովհետեւ հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցումը եւ հայեցի դաստիարակութեան հարցը մեր հիմնական մտահոգութիւնը եղած ըլլալով սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ, Լիբանանը իր համայնքային դրութեամբ եւ բազմամշակութային կերպարով կը մնայ մեզի ինչպէս նաեւ մեր մայր հայրենիքին համար սփիւռքահայութեան ամենակարեւոր գաղթօճախը ուր բարձրացող մեր նոր սերունդները կը կազմաւորուին ու կը թրծուին ազգային անխառն ոգիով, անոնց կը փոխանցուի մեր եկեղեցական եւ մշակութային հարազատ ժառանգը, մեր պահանջատիրական ձգտումները եւ մեր «անկատար» երազները։

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – Ո՞ՒՐ Կ՜ԵՐԹԱՅ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի կրթական հետազօտութեանց գրասենեակի հրատարակած վիճակագրական վերջին տախտակներու քննութիւնը եւ անոնց բաղդատութիւնը Լիբանանի հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին, քննութեանց մէջ անոր ձեռք ձգած արդիւնքին եւ ուսուցիչներու կրթական մակարդակին հետ՝ մեզի տուաւ յաւելեալ բնորոշիչ լուսաբանութիւններ մեր վարժարաններու իրական վիճակին մասին լիբանանեան կրթական կառոյցին մէջ եւ մեզ առաջ- նորդեց խորհրդածութիւններու՝ զորս կը յանձնենք հանրութեան։

Ա) ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1.- ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԹԻՒ

Համաձայն վերոյիշեալ վիճակագրական տուեալներու եւ մեր տրամադրութեան տակ ունեցած հայ վարժարաններուն համար պատրաստուած վիճակագրական տախտակներու (Առաջնորդարան

եւ Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւն), 1963-64 տարեշրջանին, Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւն էր, բացի համալսարաններու ուսանողութենէն, 371.239։ 1972-73ին այս թիւը բարձրացած է 782.409ի արձանագրելով 411.370 աշակերտի յաւելում անցնող տասը տարիներու ընթացքին, այսինքն՝ 110% համեմատութեամբ։

Հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւն էր 1963-64ին 14.315, իսկ 1972-73ին՝ 18.526, յաւելում՝ 4211 աշակերտ, այսինքն՝ 29.40%։ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան յաւելումը, նոյն շրջանին համար, եղած է 42.50%։

Վերոյիշեալ թիւերուն մաս չեն կազմեր համալսարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը եւ առեւտրական վարժարաններու (Սիմոնեան, Վարժապետեան…) աշակերտութիւնը։

1971-72ին Լիբանանի մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու աշակերտութեան թիւին 55% արական եւ 45% իգական սեռին կը պատկանէին։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը 58%

էր ի նպաստ արական սեռին եւ 42% իգական սեռին, իսկ երկրորդականի մէջ 66% արական սեռին եւ 34% իգական սեռին։

Այս համեմատութիւնը կ՜ընդգրկէ նաեւ գաւառներուն աշակերտութիւնը։ Որպէսզի մեր բաղդատութիւնը հայ վարժարաններու հետ աւելի եզրակացուցիչ ըլլայ, պիտի առնենք Պէյրութի աշակերտութեան համեմատութիւնը, ուր մանկապարտէզներու եւ նա խակրթարաններու մէջ աշակերտութեան 50%ը կը պատկանի արական սեռին եւ 50%ը իգական սեռին։ Միջնակարգի մէջ պարագան նոյնն է, իսկ երկրորդականի մէջ 66%ը կը պատկանի արական սե- ռին եւ 34%ը միայն իգական սեռին։

Նոյն տարին հայ վարժարաններու աշակերտութեան պատկերը հետեւեալն էր.

Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան՝ 50.31% արական, 49.69% իգական։ Միջնակարգ՝ 46% արական եւ 54% իգական։ Երկրորդական՝ 50.47% արական եւ 49.53% իգական։

2.- ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

1963-64ին Լիբանանի ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն էր 16.066, իսկ 1972-73ին՝ 33.485, յաւելում՝ 17.419։

1972-73ին, պետական վարժարաններու ուսուցիչներու ուսումնական մակարդակը կը ներկայացնէր հետեւեալ վիճակը.-

65%ը ունէին պետական ակադեմական վկայականներ (պրըվէ, պաքալօրէա, լիսանս), մնացեալ 35%ը զանազան այլ վկայականներ, որոնց համար պետութիւնը համազօրագրեր տուած էր պետական վկայականներու հետ։

Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն 83%ը ունէին պետական վկայականներ, 3.09%ը մասնագիտական եւ 13.65%ը ոչ-պետական վկայականներ։

Վճարովի անձնական վարժարաններուն մէջ ակադեմական վկայական ունեցողները կը կազմէին ուսուցիչներու 83.71% համեմատութիւնը, մասնագիտական վկայական ունեցողները 0.59%ը եւ ոչ պետական վկայական ունեցողները 15%։

Հայ վարժարաններու մօտ, նոյն տարուան համար, հետեւեալ պատկերը կը պարզուէր։ Համալսարանական՝ 25%, պետական պաքալօրէա կամ երկրորդականի մակարդակ 34%, պրըվէ եւ համազօր՝ 29%, իսկ 11%՝ միջնակարգի մակարդակէն վար։

Պետական վարժարաններու մէջ ամէն մէկ ուսուցիչի կ՜իյնայ միջին հաշուով 17 աշակերտ։ Լիբանանի ընդհանուր միջինն է ամէն մէկ ուսուցիչի համար 23 աշակերտ, իսկ հայ վարժարաններուն մէջ անիկա 17 է միայն։

3.- ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

1965-66ին պրըվէի քննութեան ներկայացող Լիբանանի ամբողջ աշակերտութեան 37.03%ը միայն յաջողած է։ Հայ վարժարաններու աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը, նոյն տարին,

եղած է 55.83%։

1969-70ին, նոյն վկայականին համար, Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը եղած է 67.25%, իսկ հայ վարժարաններու համար ան եղած է 75.70%։

Նոյն տարին, Ա. պաքալօրէայի պարագային, Լիբանանի ընդհանուր միջինը եղած է 22.56%, իսկ հայ վարժարաններուն համար այդ միջինը եղած է 55.38%։

Ազգային վարժարաններու մէջ, նոյն տարին, պրըվէի յաջողութիւնը եղած է 41.30%, իսկ Ա. պաքալօրէայի յաջողութիւնը՝ 65.38%։

4.- ՏԱՐԻՔՈՎ ՅԱՊԱՂԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆ

1972-73ին, Լիբանանի նախակրթարաններու ընդհանուր աշակերտութեան 65%ը՝ համապատասխան բաժնին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած է։ Միջնակարգի մէջ սոյն համեմատութիւնը եղած է 80.67%, իսկ երկրորդականի մէջ՝ 82.53%։

Ճշդուած է նոյնպէս որ նախակրթարաններու աշակերտութեան թիւին 11.90%ը նախակրթարանը չէ աւարտած, միջնակարգի աշակերտութեան՝ 44.30%ը, իսկ երկրորդականի՝ 66%ը նոյնպէս կը լքեն դպրոցը։

Նախակրթարանի 3 աշակերտներէն մէկը միայն կÿանցնի միջնակարգ եւ 11էն մէկը՝ երկրորդական։ Նախակրթարանի 50 աշակերտներէն մէկը միայն կը ստանայ Ա. պաքալօրէա։

Հայ վարժարաններու մէջ, 1971-72ին, նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 1754 աշակերտներուն 1209ը միայն հասած

են 5րդ դասարան, իսկ երջիններուն 763ը արձանագրուած են միջնակարգ եւ 338ը հասած են երկրորդական։

Հայ վարժարաններու մէջ 3 աշակերտէն 1ը միայն հասած է միջնակարգ եւ 7 աշակերտէն 1ը՝ երկրորդական։ Նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 25 աշակերտներէն 1ը միայն ստացած է պետական Ա. պաքալօրէա։

Բ) ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ

1.- ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՕՏԱՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽԵԼՈՒ ՊԱ- ՐԱԳԱՆ

Վիճակագրական վերոյիշեալ տուեալներէն երեւան կու գայ որ 1963-64էն մինչեւ 1972-73, հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը աճած է 29.40% համեմատութեամբ, երբ նոյն շրջանին համար Լիբանանի աշակերտութեան աճման միջինը եղած է 110%։ Այս պարագան շատ ակնբախ եւ մտահոգիչ երեւոյթ մըն է զոր կÿարժէ վեր-

լուծել։

Արդարեւ եթէ պահենք Լիբանանի ընդհանուր աշակերտու- թեան աճման համեմատութիւնը պէտք է որ ունենայինք մեր վարժարաններու մէջ, 1972-73ին, 38.817 աշակերտ։ Իրողութիւնը այն է սակայն որ ունեցած ենք միայն 18.526 աշակերտ ինչ որ ցոյց կու տայ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին հայ վարժարանները կորսնցուցած են 13.145 աշակերտ։

Հայ աշակերտներու ընդհանուր թիւին գնահատման համար կայ նաեւ այլ մօտեցում մը։

1972-73ի ուսումնական տարեշրջանին մէջ, Լիբանանի աշակերտութիւնը իր բնակչութեան թիւին 29.90%ը կը ներկայացնէր։ Եթէ այս համեմատութենէն դուրս ձգենք ոչ լիբանանցի աշակերտութեան (12%) մէկ մասը, կէսը, տրուած ըլլալով որ հայ համայնքն ալ ունի արաբական այլ երկիրներու հպատակութիւնը կրող աշակերտներ, վերոյիշեալ թիւը պիտի դառնայ 23.57%։ Եթէ 0.57% վերագրենք վիճակագրական տուեալներու անբաւարարութեան, կու գանք այն եզրակացութեան որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է հայ բնակչութեան 23% ներկայացնէ մօտաւորապէս։

Եթէ ընդունինք պահ մը որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտութեան թիւը զանցառելի է, հիմնուելով վերոյիշեալ համեմատութիւններու վրայ պիտի յանգինք այն ապշեցուցիչ եզրակացութեան որ հայ բնակչութեան թիւը Լիբանանի մէջ 80.700 հոգի է, ինչ որ բացարձակապէս անճիշդ է։

Եթէ մեկնինք այն իրողութենէն որ հայ բնակչութեան թիւը, նուազագոյն չափով 150-160 հազար է, այն ատեն, 170 հազար ըլլալու պարագային պիտի ունենայինք 39.100 աշակերտ եւ 160 հազար ըլլալու պարագային 36.800, որոնց միայն 18.526ը հայ վարժարան կը յաճախեն։ Այս թիւին մէջ նկատի առնուած չէ հայ առեւտրական վարժարաններու (Սիմոնեան, Վարժապետեան…) աշակերտութիւնը, որուն գումարը հազարը չի կրնար անցնիլ, ինչպէս նաեւ համալսարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը։

1972-73ին հայ վարժարան յաճախող աշակերտութիւնը հայ բնակչութեան 10-11%ը կը կազմէ միայն։

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ ուրիշ կէտ մը. հայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ, արական սեռի պատկանող աշակերտութեան թիւը համեմատաբար նուազ է քան իգական սեռինը։ Ան աւելի քիչ է բաղդատած նաեւ լի- բանանեան ընդհանուր միջինին։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ հե- տեւեալը։ Կամ այն է որ մեր ծնողները նախանձախնդիր են իրենց 12-18 տարեկան աղջիկները դպրոց ղրկելու, կամ նախակրթարանէն յետոյ անոնց մէկ մասը իրենց մանչ զաւակները օտար վարժարան կը ղրկէ եւ կամ պարզապէս նախակրթարանէն յետոյ մեծ թիւով մանչեր իրենց ուսումը կը լքեն եւ կ՜երթան աշխատելու։ Ահա թէ ինչպէս կը բացատրուի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն համար, մանչերու համեմատութեան 66% ըլլալը օտար վարժարաններու մէջ եւ 50.41% ըլլալը հայ վարժարաններուն մէջ։

Որքան ալ անճիշդ թուին վերոյիշեալ ենթադրութիւնները, այն ինչ որ կը վերաբերի Լիբանանի հայ բնակչութեան թիւին, 1972- 73ին, իրողութիւնն այն է որ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին աճը լիբանանեան ընդհանուր միջինին հետ բաղդա- տած կը ներկայացնէ անոր շուրջ 1/4ը միայն, ինչ որ մեզ կ՜առաջնորդէ հաստատելու որ հայ ծնողներու մէջ կան տակաւին շատեր, որոնք իրենց զաւակները դպրոց չեն ղրկեր, կան որ պետական վարժարաններ կը ղրկեն, որովհետեւ հոն ուսումը բոլորովին ձրի է եւ կան որ, հետեւելով օգտապաշտ սկզբունքներու, կը յամառին իրենց զաւակները օտար վարժարան ղրկել այն մտածումով որ հոն անոնք կը ստանան ուսում եւ դաստիարակութիւն՝ համաձայն ժամանակին եւ տեղական պահանջներուն։ Անոնց համար իրենց զաւակներուն պետական վկայական ստանալը եւ ապագայի հեռանկարներով գործ ապահովելու ձգտող ստոյգ առաւելութիւններու մատուցումը՝ առաջնահերթ մտահոգութիւն է։ Շատ կարեւոր կը նկատեն նաեւ օտար լեզուներու լաւ ճանաչումը եւ անոնց սահուն գործածութիւնը։ Անոնք անբաւարար կը գտնեն հայ վարժարաններու մէջ ջամբուած օտար լեզուներու ուսումը եւ կասկածելի՝ անոնց յաջողութիւնը պետական քննութիւններու մէջ։

Պէտք է պայքարինք այս մտայնութեան մէջ։ Մեր պայքարը սակայն պէտք է ըլլայ շինիչ եւ դրական։ Պէտք է նաեւ փորձենք սրբագրել մատնանշուած թերիները եւ վերագրումները եթէ անոնք ճիշդ են. ապա՝ լուսաբանել հայ հասարակութիւնը։

Ինչպէս երեւան կու գայ վերեւ յիշուած վիճակագրական տեղեկութիւններէն, 1971-72 տարեշրջանին, պետական քննութեանց մէջ հայ վարժարաններու արձանագրած յաջողութիւններուն միջինը աւելի բարձր եղած է քան լիբանանեան ընդհանուր միջինը, իսկ այդ բոլորին մէջ ազգային վարժարաններու ձեռք բերած միջինը պետական պրըվէի եւ պաքալօրէայի մէջ արժանի է ամէն գնահատանքի։ Այս իրողութիւնները դժբախտաբար ծանօթ չեն մեր ժողովուրդին։

2.- ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՂ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵ- ՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆ

Հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն միջին տարիքը 45 է։

Բաղդատած լիբանանեան ընդհանուր միջինին, արական սեռին պատկանող դասատուները փոքրաթիւ են։ Իգական տարրին թիւը

գերազանց է։ Ուսուցչութիւնը ասպարէզ դառնալու վրայ է իգական սեռին համար։ Օտարահպատակ ուսուցիչները ընդհանուրին մէկ հինգերորդը կը կազմեն։ Բացի երկրորդականի եւ միջնակարգի բաժիններէն, նախակրթարաններու ուսուցիչներուն վարձատրութիւնը, որ կ՜ըլլայ համաձայն կրթական նախարարութեան ճըշդած սակերուն, անբաւարար է։ Երիտասարդ արժէքաւոր տարրերը չեն կապուիր այլեւս ուսուցչական ասպարէզին։

Առ հասարակ հայ ուսուցիչներու ուսումնական մակարդակը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ լիբանանեան ընդհանուր միջինին։ Միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ ան գրեթէ լիբանանեան միջինին հաւասար է, սակայն նախակրթարաններու մէջ տակաւին ունինք միջնակարգի մակարդակէն վար ուսուցիչներ, որոնց համեմատութիւնը ընդհանուր թիւին 11%ն է, այսինքն՝ 9 ուսուցիչի վրայ 1ը միջնակարգի մակարդակէն վար է։ Մասնաւոր պակաս մը կայ հայերէնի որակաւոր ուսուցիչներու։ Արդարեւ հայերէնի մակարդակը, բացի քանի մը վարժարաններէ, դեռ եւս անբաւարար է։ Պետական վկայականներու ապահովութեան համար անոնց թափած սպառիչ ճիգը բնականօրէն զիրենք առաջնորդած է այս իրողութեան, որ ողբերգական չէ, սակայն պէտք ունի խնամուելու եւ բարելաւուելու։

Ըստ մեր հայեցողութեան, հայերէնի մակարդակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ իրագործումները.-

1) Վերամշակել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսումնական ծրագիրները համաձայն արդի պահանջներուն եւ կարելիութիւններուն, եթէ դեռ չէ եղած։

2) Պատրաստել վերոյիշեալ կրթական ծրագիրներուն ներդաշնակ նոր դասագիրքեր, հիմնուելով մանկավարժական ներկայ ըմբռնումներուն վրայ։

3) Ունենալ որակեալ ուսուցչական կազմ, հիները վերարժեւորման դասերու ենթարկելով եւ նորերէն պահանջելով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը վկայականը, որուն համար պէտք է ճշդել առանձնայատուկ սակ, եթէ նոյնիսկ այդ վկայականը պետական ճանաչում չէ ստացած։

Նախակրթարաններու պարագային, հայագիտական նիւթերու դասաւորման համար պէտք է ունենալ միջակ մակարդակի վրայ հայ ուսուցչանոց մը, որուն կÿարձանագրուին պետական պրըվէ ստացած աշակերտ-աշակերտուհիները եւ ուր 3 տարուան յատուկ պատրաստութեամբ անոնք կ՜ուսանին հայերէնի եւ օտար լեզուներու, պատմութեան, գրականութեան եւ ընկերային այլ նիւթերու կողքին՝ հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, մեթոտաբանութիւն, հանդերձ գործնական աշխատանքներու։ Այս կարգի թեկնածուներուն եւս կը վճարուի նախաշնորհեալ սակ։

Այն ինչ որ կը վերաբերի բոլորովին տկար տարրերուն, եւ անոնց որ իրենց կոչումին համապատասխան պահանջուած ոգին ցոյց չեն տար, զտոմի ճամբով պէտք է հեռացնել զանոնք ուսուցչական ասպարէզէն, որովհետեւ վկայականը առանձին բաւարար չէ, ան գնահատումի տարրերէն մէկն է միայն։ Ուսուցիչը պէտք է սիրէ իր ասպարէզը եւ սիրցնէ ինքզինքը իր աշակերտին՝ անոր հանդէպ ցուցաբերելով հետաքրքրութիւն, հասկացողութիւն եւ զոհաբերութիւն։ Սոկրատի խօսքը այս մասին կը մնայ տակաւին անգերազանցելի։ Երբ իրեն հարց կը տրուի թէ ինչո՞ւ այսինչ աշակերտը չ՜աշխատիր եւ չի յառաջդիմեր, ան կը պատասխանէ.- «Որովհետեւ ան չի սիրեր իր ուսուցիչը»։

Այս բոլորը կը պահանջեն հետապնդուած աշխատանք, թոշակներու յաւելում եւ հետեւաբար նիւթական կարելիութիւններ։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ մը պահանջել աւելի՝ քան ինչ որ ան կրնայ տալ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները փաստը տուին, վերջին շրջանին, իրենց զարգացումին եւ արդիւնաւէտ վիճակին։ Անոնցմէ շատերը կրնան մրցիլ քաղաքի լաւագոյն վարժարաններուն հետ, թէ՛ իբրեւ կառոյց եւ սարքաւորում եւ թէ իբրեւ բովանդակութիւն եւ վաստակ։

Գրեթէ բոլոր հայ վարժարանները ապահոված են բժշկական խնամք։ Ազգային վարժարանները ունին նաեւ ատամնաբուժական կեդրոն, որ կը զբաղի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու ակռաներուն դարմանումով։ Բազմաթիւ հայ վարժարաններ կը վայելեն հոգեբան-մանկավարժներու աջակցութիւնը, եւ բարիքը՝ ուսման մէջ յապաղած եւ դասարանը կրկնող աշակերտներու պարագաներուն, ուսումնասիրութեան եւ դարմանումին։

Պետական վկայականներ ալ թապու մը չեն հայ վարժարաններուն համար, որոնց ձեռք ձգած միջին արդիւնքը պաշտօնական քննութիւններուն մէջ աւելի բարձր է քան լիբանանեան միջինը։

Արաբերէն լեզուի ուսուցումը մտած է ընթացիկ հունի մէջ։ Կը մնայ զարգացնել խօսակցական լեզուն, որովհետեւ աշակերտին արտայայտուելու կարողութիւնը սահմանափակ է տակաւին։ Նոյնն է պարագան օտար լեզուներու համար։

Կան տակաւին նուաճումի այլ հանգրուաններ։

Որպէսզի կարենանք օտար վարժարան յաճախող մեր աշակերտութիւնը գրեթէ կէսը հայ աշակերտութեան ընդհանուր թիւին վերադարձնել մեր վարժարանները, անհրաժեշտ կը գնենք որ անոնք, պահելով հանդերձ ազգային դաստիարակութեան պահանջած մակարդակը, ըլլան օտար լաւագոյն դպրոցներու հետ մրցակցութեան մէջ մտնող միաւորներ եւ գտնուին, ինչ որ կը վերաբերի պետական վկայականներու յաջողութեան եւ օտար լեզուներու ուսուցման, հայ ծնողներու փափաքին գոհացում տալու պայմաններուն մէջ։

Առ այդ, մեր կրթական քարոզչութիւնը պէտք է դրուի դրական հիմերու վրայ։ Լաւագոյնին ձգտելու մեր աշխատանքին մէջ երբ շարունակ քննադատենք մեր վարժարանները, հանրային աննպաստ կարծիք առաջացնելով անոնց շուրջ, անուղղակիօրէն ամլութեան կը դատապարտենք զանոնք։

Քննադատութիւնը ոչ միայն օգտակար է, այլեւս՝ անհրաժեշտ։ Պայմանաւ սակայն որ ան ըլլայ արդար, եւ մտածուած եւ մատնանըշուած թերիներու կողքին յայտնաբերուին նաեւ լաւն ու ճիշդը։

Հայ վարժարաններու յառաջդիմութեան նուիրուած աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր ունին կատարելիք մեր տնօրէնները որոնք կրթական մեքենային ուղեղը եւ մղիչ ուժը կը հանդիսանան։ Անոնք իրենց իմաստուն եւ կորովի ղեկավարութեամբ պէտք է գիտնան գործի լծել ուսուցիչները եւ անոնցմէ արդիւնք պահանջել։ Ինչպէս կÿըսէ փրոֆ. Մայօ, Հրավըրտ համալսարանէն, «Տնօրէնին դերը ուրիշները աշխատցնելով իր գործը կատարել տալու մէջ կը կայանայ»։

Վախճանական իմաստով, պիտի գիտնանք որ ինչ որ կը ցանենք» ան կը հնձենք։ Դպրոցներու մէջ հրաշքի պէտք չէ հաւատալ։

Ամէն յաջողութիւն հաւաքական ճիգի արդիւնք է։ Կրթական պատասխանատու մարմին, տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք եւ մամուլ (որուն քարոզչական դերը պէտք չէ ստորագնահատել) նոյն տեսլականին պէտք է ծառայեն։

Վերջացնելէ առաջ, աւելորդ կը նկատեմ բացատրել բազմիցս ըսուած եւ կրկնուած այն կարեւոր դերը, զոր մեր վարժարանները կոչուած են կատարելու Սփիւռքի հայապահպանման դժուար գործին մէջ։ Պիտի ուզէի շեշտել սակայն որ անոնք պէտք չէ բաւարարուին պետական վկայականի ապահովութեամբ, որ անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցմամբ, որ նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է հայ աշակերտին տան ազգային առողջ դիմագիծ, գիտակցութիւն՝ իբրեւ սփիւռքահայու իրեն սահմանուած սրբազան պարտականութեան պատրաստ, եւ զայն կառուցանեն հոգածու Տէրը մեր մշակութային ժառանգին եւ պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։

Ահա այն մնայուն իրողութիւնները ի շարս այլոց, որոնցմով պէտք է արժեւորուի եւ բացատրուի մեր վարժարաններուն գոյատեւումը։

17 Փետրուար 1975

Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՈՒ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԳՈԼԷՃՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՓԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ (1975-1976)
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Երփներանգ ծաղիկներու երկու նոր փունջեր եւս քաղուած Ս. Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Ս. Յակոբեան գոլէճներու կրթական անդաստանէն կÿընծայաբերուին այսօր հայ ժողովուրդին։ Թէպէտեւ անոնց փթթումն ու ծաղկումը կատարուեցան արտասովոր պայմաններու մէջ, սակայն անոնք բան չկորսնցուցին իրենց աւանդական յատկանիշներէն, իրենց հաղորդական բոյրէն։

Պետական Բ. պաքալօրէայի քննութեանց մէջ, Ս. Խանամիրեան

Գոլէճի աշակերտութեան արձանագրած բացառիկ յաջողութիւնը

եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու որ գոլէճը, ի հեճուկս տիրող դժնդակ պայմաններուն անցնող երկու տարիներու ընթացքին, շարունակեց մնալ յաջողութեան այն պատուաբեր ընթացքին մէջ, որ իրը եղած էր վերջին տարիներուն։ 94% յաջողութեամբ, երբ պետական միջինը եղած է միայն 70%, Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճը արդարօրէն կը դասուի ոչ միայն լիբանանահայ այլ ամբողջ Լիբանանի լաւագոյն գոլէճներու կարգին։

Լեւոն եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճը, որ վաղուց մեզի վայելքը տուած էր նմանօրինակ ապրումներու, առիթը չունեցաւ զայն շարունակելու տրուած ըլլալով որ կրթական նախարարութեան որոշումով Ա. պաքալօրիայի եւ պրըվէի քննութիւնները երկու տարիէ ի վեր առկախուած կը մնան։

Այս առիթով կ՜ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել մեր զոյգ գոլէճներու խնամակալութեանց, ի մասնաւորի յարգելի տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնց փութաջանութեան եւ հետեւողական աշխատանքին կը պարտինք գլխաւորաբար ձեռք ձգուած արդիւնքը։

Շնորհաւորութեան խօսք ունիմ յատկապէս շրջանաւարտներուն եւ իրենց յարգելի ծնողներուն եւ պարագաներուն։

Շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողները իրաւունք ունին հպարտ ըլլալու իրենց զաւակներուն արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուն համար, իսկ գոլէճներու խնամակալ մարմինները, տնօրէններն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Խորհուրդը եւ անոր նախագահ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը չեն կրնար չհրճուիլ ի տես այս գնահատելի արդիւնքին։

– Կրթական կեանքին մէջ յաջողութիւնը, առ հասարակ, հետեւանք է հաւաքական ճիգերու մէկտեղումին։ Ազգային իշխանութիւն – տնօրէն – ուսուցիչ – աշակերտ – ծնողք փոխ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ հասկացողութիւնը, որուն պէտք է աւելցնել նաեւ որակաւոր ուսուցչական կազմի մը եւ հեղինակաւոր տնօրէնի մը ճառագայթող ներկայութիւնը, մեծապէս կը նպաստեն գործին յաջողութեան։

Առ այդ, կ՜արժէ շեշտել այն իրողութիւնը որ ազգի մը կեանքին մէջ չկայ անհատական թէ հաւաքական ճիգերու աւելի լաւ օգտագործում քան այն ինչ որ կÿըլլայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար։ Ոչ մէկ յաջողութիւն չի կրնար հիմնաւորուիլ առանց համապատասխան մշակոյթի։

Պէտք չէ սակայն շփոթել մշակոյթը շատ բան գիտնալուն հետ։ Մշակուած ըլլալ չի նշանակեր, ինչպէս կ՜ըսէ յայտնի մտաւորական Փիեռ Թիպէրկէն, ըլլալ շտեմարան մը գիտելիքներու, հոր մը գիտութեան, բառարան մը եւ կամ, աւելի պարզ արտայայտուելով, ամէն բան լսած կամ ամէն բան կարդացած ըլլալ։

Ուսումը անկասկած մշակուելու ամէնէն արագ միջոցն է։ Ան կը մարզէ յիշողութիւնը, կը սորվեցնէ տրամաբանել եւ գիտելիքներու որոշ պաշարով մը կÿօժտէ ենթական։ Սակայն եթէ հոն կանգ առնենք, կարելի չէ ըսել որ մշակուած միտք մը ունինք։

Մշակոյթը կը կազմաւորէ մարդու դատողութիւնը։ Անոր կու տայ քննադատի հայեացք եւ խորաթափանց միտք, զգայնութեանց նրբութիւններ, լայնախոհութիւն։ Ան միտքը կը բանայ իմացական եւ մարդկային կեանքը շահագրգռող հարցերու շուրջ, կը հաստատէ ուղիղ եւ մնայուն կապ, իրականութեան լոյսին տակ, մարդուն եւ զինքը շրջապատող անձերու եւ իրերու միջեւ։

Ահա այս է մշակոյթին դերը որուն կը ձգտին առ հասարակ կրթական հաստատութիւնները։

Աւելցնենք հոս սակայն որ որեւէ մշակոյթ չի կրնար որակեալ նկատուիլ եթէ ան չէ հիմնուած բարոյական արժէքներու գիտակցութեան վրայ։

Որեւէ ազգային մշակոյթ հարազատ չէ եթէ իր արմատները չէ տարածած իր ժողովուրդին հոգեկան ենթահողին եւ պատմութեան մէջ, եթէ ան չի սնանիր իր ազգին իրաւ արժէքներու ու հիմնական սկզբունքներու վճիտ ակունքներէն։

Սիրելի շրջանաւարտներ,

Ահա եկաւ վերջապէս հրաժեշտի այն պահը երբ դուք հարկադրաբար պիտի լքէք ձեր վարժարանը, ձեր մանկութեան օրրանը եւ պիտի ընդգրկէք կեանքի նոր ուղիներ։ Ձեզմէ շատեր հաւանաբար պիտի շարունակեն իրենց ուսումը եւ ուրիշներ նետուին կեանքի գուպարին մէջ։ Քիչ ետք բաժանումի այս խորհրդաւոր պահն ալ պիտի անցնի հեզասահ ու միանայ այս վարժարանին այլ յուշերուն, որոնք տիրական խորքը կը կազմեն ձեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ մատղաշ երիտասարդութեան։ Այդ խորքը ժամանակի թաւալումին հետ պիտի հետզհետէ հեռանայ ու նմանի բնանկարներու այն մշուշապատ խորքերուն, որոնք երբ դիտէք՝ կը լարեն ձեր երեւակայութիւնը եւ կ՜առաջնորդեն ձեզ երազանքի։

Սակայն ինչպէս բոլոր բնանկարներու մէջ, նաեւ ձեր յիշողութեան պաստառին վրայ կը մնան պայծառ ու ցցուն կարգ մը կէտեր, որոնք մարդկային եւ բարոյական արժէքներու գնահատման ինչպէս նաեւ ազգային գիտակցութեան կապուած ճշմարտութիւններ են, զորս դուք սորվեցաք այս վարժարաններուն մէջ եւ երբեք պիտի չմոռնաք։

Պիտի չմոռնաք վարժարանին հայաշունչ մթնոլորտը, որուն շնորհիւ կազմաւորուեցաւ հաւատաւոր հայու ձեր դիմագիծը։

Պիտի չմոռնաք ձեր տնօրէնը եւ ամէն օր քիչ մը աւելի լաւ պիտի ըմբռնէք իմաստը այն բոլոր յորդորներուն եւ ցուցմունքներուն՝ զորս դուք կը լսէիք իրմէ։

Պիտի չմոռնաք ձեր դաստիարակներն ու ուսուցիչները, որոնք ձեր դպրոցական տարիներու երկայնքին անդուլ աշխատանքով եւ համբերութեամբ դարբնեցին ձեր մէջ «մարդը», կերտեցին նկարագիր եւ ներշնչեցին սէր գեղեցիկին ու բարիին ու փափաքը յարատեւ աշխատանքին եւ ծառայութեան։ Ցոյց տուին վեհանձնութեան առաջնորդող ճանապարհները, սորվեցուցին ըլլալ պարտաճանաչ քաղաքացի, կրթուած անհատ բացուած համամարդկային դրական արժէքներու եւ երեւոյթներու առջեւ, հայրենասէր եւ գիտակից՝ ազգային բոլոր արժէքներուն նկատմամբ։

Եթէ ճիշդ է որ մանուկն ու պատանին իրենց նկարագրի կազմաւորման մէջ անջնջելի կերպով կը պահեն հետքերը իրենց ապրած միջավայրի ազդեցութեան ինչպէս եւ իրենց ստացած կրթութեան, ուրեմն արդարօրէն կրնանք ըսել որ Սուրէն Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճները պիտի ապրին ձեր ամէն մէկուն սրտին մէջ ձեր անձին հետ շաղախուած իբրեւ անբաժանելի գործօն ձեր անհատականութեան։

Ձեր դպրոցը պիտի մնայ առանցքը անցեալի ձեր բոլոր յուշերուն եւ պիտի դառնայ մնայուն ներշնչարանը ձեր անդրագոյն նուաճումներուն։

Դուք հոն գտաք ձեր մտքի զարգացումին սատարող անհրաժեշտ միջոցներ եւ հոգիին ազնուացման նպաստող միջավայր։ Այս վարժարաններէն ներս ոչ միայն բազմազան գիտելիքներու ընտիր պաշար մը ամբարեցիք, այլ հաղորդակից դարձաք հայու դարաւոր ստեղծագործ մտքին, հայ մշակոյթին եւ ստացաք ազգային դաստիարակութիւն։

Սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն։ Ձեր բոլորին ծանօթ է յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի պատասխանը երբ իրեն կը հարցնեն թէ ի՞նչ բանը ամենալաւ  գիտէ։  Անոր պատասխանը հետեւեալը կ՜ըլլայ. «Ամենալաւ գիտցած բանս այն է որ դեռ բան չեմ գիտեր»։  Արդարեւ, դպրոցը կը սորվեցնէ սկզբունքներ, աւելի ճիշդը սորվիլ կը սորվեցնէ։ Դուք էք որ ձեր կեանքի ընթացքին պիտի մշակէք ձեր միտքը եւ պիտի զարգանաք անընդհատ։ Մի մոռնաք որ մարդ կ՜արժէ այն ինչ որ է եւ ոչ թէ այն ինչ որ ունի։ Զարգացումին դերը մեր կեանքին մէջ անգնահատելի է։ Անոր անդրադարձը կը տեսնենք ամէն մակարդակի վրայ։

1918ի Համաշխարհային Ա. Պատերազմին կը գրէ զօրավար Ֆրանսուա Ժենատրի, երբ մարաջախտ Ֆոշ Վերտէօնի ճակատամարտին հերոսը, առաջնորդեց դաշնակից բանակները վերջնական յաղթանակի, Կապրիէլ Հանօթօ, ֆրանսացի ակադեմական եւ պատմաբան, իրեն հարց կու տայ իմանալու համար թէ իր բազմակողմանի խոր զարգացումը արդեօք դեր ունեցա՞ւ շահելու համար պատմութեան ամենամեծ ճակատամարտներէն մէկը, որ տեւեց 24 ժամ միայն եւ որուն ընթացքին մեռան աւելի քան 600 հազար զինուորներ։ Մարաջախտ Ֆոշ կը պատասխանէ. ընդհանուր զարգացումս օգնեց ինծի կարենալ առնելու համար այս կարգի ծանրակշիռ որոշում մը եւ պատասխանատու քայլ մը։

Ազգային վարժարաններու կրթական առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելով։ Անոնք չեն բաւարարուիր իրենց աշակերտութեան տալով գիտելիքներու պաշար մը եւ մտքի կառոյց, որոնցմով կարենան իրենց ուսումը շարունակել եւ տիրանալ փայլուն ապագայի։

Չի բաւեր նոյնիսկ լաւ հայերէն սորվիլ, ազգային պատմութիւն գիտնալ ու ծանօթ ըլլալ հայ մշակոյթին եւ Հայ Դատին։

Մենք զմեզ թերացած կը նկատենք մեր կրթական պարտականութեան մէջ, եթէ մեր վարժարաններու շրջանաւարտները ըլլան միայն նիւթապէս ապահովուած եւ վարեն կրաւորական եւ լուսանցքային կեանք։

Մենք կ՜ակնկալենք որ դառնան գիտակից իրենց պատկանելիութեան, տէր իրենց ինքնութեան եւ յանձնառու։

Հայ երիտասարդը պիտի ըլլայ յանձնառու իր անձին նկատմամբ։ Պիտի անվերջ զարգանայ ու մշակուի, պայքարի իր նկարագրային տկարութիւններուն դէմ ու յարատեւ ճիգ թափէ շարունակէ ինքզինք գերազանցելու համար։

Պիտի յանձնառու ըլլայ իր ընտանիքին հանդէպ ու գիտնայ երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, ծնողք թէ բարեկամ, որոնց խնամքին կամ ծառայութեան առարկան եղած է։

Պիտի յանձնառու ըլլայ իր ապրած հայրենիքին հանդէպ եւ իբրեւ պարկեշտ քաղաքացի պիտի հաւատարմօրէն յարգէ անոր օրէնքները, սատարէ խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի վերադարձին եւ ի հարկին իր զոհողութեան բաժինը բերէ անոր անկախութեան ամրապնդման։

Վերջապէս ու մանաւանդ պիտի ըլլայ յանձնառու իր ազգային պարտականութեանց նկատմամբ։ Պիտի գուրգուրայ իր դարաւոր մշակոյթին վրայ եւ զայն փոխանցէ հարազատօրէն յաջորդ սերունդներուն։ Պիտի տէր կանգնի իր ինքնութեան, պահանջատէր ըլլայ իր սրբազան իրաւունքներուն ու պայքարի անոնց տիրացման համար, ինչ զոհողութիւն ալ պահանջէ այդ իրմէ։

Գօտեպնդուած իր ժողովուրդին արժանիքներուն հանդէպ ունեցած հաւատքի ոյժով՝ պիտի կուրծք տայ օտարամոլութեան յորձանքներուն դէմ։

Բայց զգոյշ, այս բոլորը պէտք է ըլլան գործով եւ ոչ խօսքով։ Չի բաւեր ծարգիրներ մշակել եւ զանոնք դրբեւորել պարզ փափաքի տարազին տակ եւ կամ խօսքերու եւ ճառերու սահմաններուն մէջ։ Խօսքերը պէտք է թարգմանուին գործով։ Դրական եւ մնայուն արժէք ներկայացնողը գործն է, անդուլ եւ յարատեւ ճիգն է ի խնդիր այն իտէալին, որուն կը ձգտինք բոլորս։

Պէտք է ըլլալ իրատես ու հարցերը քննել գիտական մօտեցումով։ Չտարուիլ ամբոխավարութենէ։ Առարկայականութիւնը սկզբունք դարձնել եւ դասել ճշմարտութիւնը իր անձէն վեր։ Այն ատեն միայն մեր ազգային յաջողութիւնները կրնան ուրուագծուիլ մեր խղճի հորիզոններուն վրայ։ Յանձնառու ըլլալով ձեր անձին եւ ազգին հանդէպ, յանձնառու կ՜ըլլաք պատմութեան մէջ։

Արդարեւ, պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու անհատներու եւ հաւաքականութիւններու անտեղիտալի կամքով։

Կամ այն է, որ հայ երիտասրադը պիտի ըլլայ յանձնառու եւ հաւաքական ճիգերով ուղղութիւն տայ իր ազգային ճակատագրին եւ կամ պիտի նմանի ղեկը կորսնցուցած նաւակին, որ յանձնուած կոհակներու քմահաճոյքին, օր մը, պիտի նետուի պատահական որեւէ ծովափ։

Եթէ ամրակուռ կամքով, մտածուած  աշխատանքով  եւ  յարատեւ ճիգերով չփորձենք պատմութեան ընթացքը նպաստաւոր հունի մէջ դնել, ան մեզ կը դասաւորէ ազգովին՝ համաձայն իր ընդհանրական հոլովոյթին։

Պիտի վերջացնեմ գրագէտ եւ մտաւորական Պուրսուա Մասէի խօսքով. «Կեանքը խոստում մըն է, զոր պէտք է յարգել, պտուղ մըն է՝ զոր պէտք է հասունցնել, գործ մըն է մեզի յանձնուած՝ զոր պէտք է աւարտել»։