20րդ դարու այս երկրորդ կիսուն վարկերու եւ դրամագլուխներու հարցը հիմնական մտահոգութեան նիւթ կը կազմէ տնտեսագէտներուն, ըլլան անոնք թերաճ երկիրներու եւ կամ տնտեսապէս զարգացած երկիրներու մէջ։
Եթէ տնտեսապէս զարգացած երկիրներուն համար հարցը կը կայանայ աճման չափանիշը եւ հետեւաբար արտադրութեան քանակը առնուազն նոյնը պահելու մէջ, թերաճ երկիրներուն համար ան բոլորովին այլ երեւոյթ կը ներկայացնէ։ Այս վերջիններուն համար էականը նախ երկրին տնտեսութիւնը զարգացումի եւ բարգաւաճման ուղիին մէջ դնելն է։
Արդարեւ, ինչպէս կ՜ըսէ այս հարցերու մասնագէտներէն Վել լաս, որպէսզի երկիր մը կարենայ կուրծք տալ իր տեւապէս աճող ժողովուրդին ընկերային պահանջներուն եւ ապահովել անոր գործ, պէտք է որ իր տնտեսութեան զարկ տայ, որպէսզի այս վերջինը բարգաւաճի ամէն տարի 5-10% համեմատութեան։
Տնտեսական բարգաւաճում առաջացնելու բազմաթիւ եղանակ- ներ կան, որոնց սակայն բոլորն ալ կը ձգտին մէկ նպատակակէտի դրամագլուխ գոյացնել զանազան ձեւի խնայողութիւններով եւ զայն շահարկել՝ յատկացնելով արդար դրութեան։
Պետութիւնը կրնայ անուղղակիօրէն միջամտել ժողովուրդի խնայողութեան, զանազան հաստատութիւններու խողովակով, յատկացնելու համար արտադրական ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ կրնայ, թերաճ երկիրներու պարագային, ուղղակի միջամտել, ինքը դրամագլուխ գոյացնելով եւ զայն յատկացնելով երկրին նիւթական եւ ֆիզիքական սարքաւորումներուն (infrastructure materielle) եւ ընկերային սարքաւորումներուն (infrastructure sociale) բարելաւման (ճամբաներու շինութիւն, ելեկտրական ցանցի տարածում, ջրաբաշխութիւն, հիւանդանոցներու կառուցում, ուսման եւ մասնագիտութեան տարածում, նոր դպրոցներու բացում եւայլն…)։ Այս պարագային ան կրնայ աւելցնել դրամի քանակը, ինչ որ յառաջ կը բերէ դրամի արժեզրկում, կրնայ պարտքեր կնքել, ինչ որ պետութեան ելեւմտական սնտուկը կը թողու պարտքի տակ եւ կամ հարկային յատուկ քաղաքականութեամբ տուրքերը բարձրացնել, ինչ որ մենք կը տեսնենք ներկայիս Լիբանանի մէջ։
Բոլոր տնտեսագէտներն ալ համակարծիք չեն որ դրամի քանակին յաւելումը, նկատի ունենալով անոր յառաջ բերած դրամական արժեզրկումը, անհրաժեշտ միջոց մը ըլլայ ի սպաս տնտեսական բարգաւաճման։
Այսպէս, Հիկինս, այս ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներէն կ՜եզրակացնէ, որ երբ երկրի մը մէջ դրամական տարեկան արժեզրկումը աւելի քան 15% եղած է, անոր բարգաւաճումը եղած է միայն 1,5 առ հարիւր (ինչպէս՝ Արժանթին, Ինտոնեզիա, Գոլոմպիա)։ Այն երկիրները, որոնց դրամական արժեզրկումը եղած է 7-10%, բարգաւաճումը եղած է 1,7 առ հարիւր, այն երկիրները, որոնց արժեզրկումը եղած է 3-7%, բարգաւաճումը եղած է 2,8 առ հարիւր (Ալճերիա, Մարօք), իսկ այն երկիրները, որոնց արժեզրկումը եղած է 3% միայն, աճումը եղած է 1,5%։ Կ՜եզրակացնէ, ըսելով որ որոշ արժեզրկում մը 3¬7 առ հարիւր համեմատութեամբ օգտակար կը նկատուի տնտեսական բարգաւաճման։
Սակայն Թիւն Վայ, ուրիշ մասնագէտ մը, այլ եզրակացութիւններու կը հասնի։
Անոր համար 10%էն վեր արժեզրկում եղող երկիրներու համար բարգաւաճումը 3% է։ 5¬10 առ հարիւր ըլլալու պարագային, բարգաւաճումը 2,5% է, իսկ արժեզրկումը 5 առ հարիւրէն վար ըլլալու պարագային, բարգաւաճումը 4,5% է։
Իսկ Տորրանս, այլ մասնագէտ մը կ՜ըսէ, թէ այս տեսութիւնները բացարձակ չեն կրնար ըլլալ, կախում ունին խնդրոյ առարկայ երկիրներէն։
Այսպէս, Պրազիլիա կը բարգաւաճի իր դրամական արժեզրկումով միատեղ, իսկ Ինտոնեզիայի դրամը կ՜արժեզրկուի առանց երկրին բարգաւաճման։
Պետութեան ուղղակի միջամտութեան երկրորդ պարագան այն է, երբ ան փոխառութեան կը դիմէ։ Այդ փոխառութիւնը կրնայ ըլլալ արտաքին, եթէ ան կը դիմէ օտար պետութեան եւ կամ միջազգային համապատասխան կազմակերպոթեան եւ կամ ներքին, երբ սնտուկի դրամանիշներ (bons de tresor) հրապարակ կը հանէ։
Այս եւս երկու ձեւ ունի։ Կամ այն է որ այդ դրամանիշերը պարտադրաբար կու տայ, փոխան դրամի եւ որոշ տոկոսի ընկերութիւններու եւ կամ այն է՝ որ զայն ժողովուրդի տրամադրութեան տակ կը դնէ։
Այս բոլոր ձեւերն ալ կրնան օգտակար ըլլալ, եթէ պետութիւնը օժտուած է առողջ սպասարկութիւններով եւ վարչութեամբ, այլապէս կը դառնայ աղիտաբեր։
Արդարեւ, անհրաժեշտ է որ պետութիւնը, երբ դրամի յաւելումով եւ կամ դրամանիշերու դրութեամբ արժեզրկում յառաջ բերած է երկրին մէջ, կարենայ տէր կանգնիլ կացութեան եւ կասեցնել զայն պէտք եղած պարագային։
Ըլլա՛յ անհատական ձեռներէցութեամբ, ըլլա՛յ պետութեան ուղղակի միջամտութեամբ գոյացած դրամագլուխը ու անոր յատկացումը արտադրական ծրագիրներու, որքան ալ ընդունուած ըլլան իբրեւ անհրաժեշտ միջոցներ տնտեսական բարգաւաճման համար, առանձինն արդիւնաւէտ չեն։
Երկար ատեն, տնտեսագէտները կը կարծէին ու կը հաւատային, թէ ընկերային զարգացումը եւ, հետեւաբար, ժողովուրդին յարաբերական բարօրութիւնը կապուած են հետեւեալ ֆորմիւլին.
Դրամագուլուխի եւ վարկերու յատկացում + աշխատանք = տնտեսական բարգաւաճում + ընկերային զարգացում։
Ներկայիս կ՜անդրադառնան, փորձառութեան լոյսին տակ, որ կան նաեւ ընկերային ազդակներ, որոնց շնորհիւ դրամագլուխն ու աշխատանքը աւելի օգտաշատ հետեւանքներ կրնան ունենալ եւ կամ որոնց անտեսումով՝ տնտեսական զարգացման ծրագիրները կրնան ձախող արդիւնքներու յանգիլ։
Այս հարցերու մասնագէտներէն Մինդ կ՜ըսէ, թէ շարժման մէջ պէտք է դնել երկրին մտաւորական եւ զարգացած ուժը։ Տնտեսական աճման որեւէ ծրագրի յաջող իրագործում կ՜ենթադրէ շատ մը որակական ազդակներու գոյութիւնը, ինչպէս՝ պետական պաշտօնէութեան պարկեշտութիւն եւ հասկացողութիւն, ժողովուրդի կրթական մակարդակի բարձրացում, անոր ֆիզիքական եւ առողջապահական պայմաններուն բարելաւում, երկրին քաղաքական եւ դրամական վիճակին կայունութիւն։
Սա կը ցուցնէ, թէ որքան շեշտուած է յարաբերականութիւնը տնտեսական բարգաւաճման եւ ընկերային զարգացման։ Այս վերջինը պէտք չէ նկատուի տնտեսական բարգաւաճման իբրեւ տրամաբանական լոկ մէկ հետեւանք, այլ՝ զայն պայմանաւորող գլխաւոր մէկ ազդակ։
Արդարեւ, արտադրութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի աւելնայ եթէ տրամադրուած դրամագլուխը շահարկելու կոչուող անձերը ըլլան գիտակից, եթէ աշխատանքը տանող ձեռքերը ըլլան մասնագէտ։ Առաւել եւս աճումը պիտի զարգանայ, եթէ ստեղծուին աշխատանքի նպաստաւոր պայմաններ, առողջապահական եւ սննդական գետնի վրայ։
Այսպէս, ՄԱԿի մասնագէտներէն մին՝ Միրտալ, իր տարեկան տեղեկագրին մէջ կ՜ըսէ, եթէ մալարիայի դէմ եղած պայքարը, Ֆիլիպեան կղզիներու մէջ աշակերտութեան բացակայութիւնը դպրոցներէն՝ 40¬50%էն վերադարձուցած է 3%ի։ Իսկ արդիւնաբերութեան մէջ, այդ բացակայութիւնը որ 35% էր, եղած է միայն 4%։ Նոյնպէս, ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ Տի.Տի.Թի.ի սրսկումը առողջապահական աւելի բարւոք պայմաններ ստեղծած է եւ գործաւորներուն բացակայութիւնը 25¬35%էն իջած է 2¬3%ի։
Եթէ այս բաղդատութիւնները վերածենք նիւթական արտայայտութեան, պիտի տեսնենք որ, օրինակի համար, Բերուի մէջ Տի.Տի.Թի.ի սրսկումի համար թէպետեւ ծախսուած է մէկ միլիոն 400 հազար տոլար, սակայն ժողովուրդին գործէ բացակայութեան նուազումով ան յառաջ բերած է 27 միլիոն տոլարի յաւելեալ գումար։
Այլ փորձառութիւններ ցոյց տուած են, որ երբ աշխատաւորին տրուի բաւարար օրավարձ, երբ անոր բնակարանային դժուարութիւնները հարթուին, անոր արտադրական կարողութիւնը զգալապէս կը բարձրանայ։
Կան նաեւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ, որոնք կը խափանեն տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրներուն առողջ գործադրութիւնը եւ որոնք յառաջ կու գան ժողովուրդի մտայնութենէն, եւ աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն կառչած մնալէն եւ մանաւանդ իր կրաւորական, անհաղորդ եւ բացասական դիրքաւորումէն՝ զարգացումի եւ բարգաւաճման վերաբերեալ արդիական գաղափարներու հանդէպ։
Այս դժուարութիւնները կ՜անհետանան ժողովուրդին զարգացումով։ Պետութիւնը կը պարտի, առ այդ, առնուազն նախակրթութիւնը պարտաւորիչ եւ ձրի դարձնել թերաճ երկիրներուն մէջ։ Ան կը պարտի, նոյնպէս, բոլոր գաւառները ղրկել ընկերային հարցերու յատուկ յանձնախումբեր, որոնք ժողովուրդին հետ շփման մէջ մտնելով՝ զայն կը համոզեն արտադրութեան նոր ձեւերու կիրարկման օգտակարութեան մասին եւ կը փոխեն անոր հնամենի մտայնութիւնը։
Ընկերային այս յանձնախումբերուն աշխատանքին ձեւերը բազմաթիւ են, սակայն բոլորն ալ կը ձգտին նոյն նպատակին վերցնել նախապաշարումները, հաւատք ներշնչել աշխատաւորին իր ապագային նկատմամբ եւ զայն դարձնել կենդանի գործունեայ տարր եւ ոչ թէ կրաւորական մարդ՝ հանդիսատեսի դիրքին մէջ։
Որպէսզի տնտեսական բարգաւաճման նուիրուած ծրագիրներ յաջողութեամբ պսակուին, անհրաժեշտ եւ էական է, որ ընկերային հիմնական աշխատանքներ տարուին նախքան այդ ծրագիրներու կիրարկումը։
Ընկերային աշխատանքներուն համար տրամադրուած վարկերը կորսուած գումարներ չեն, քանի որ ասոր անդրադարձը մենք կը գտնենք տնտեսական համեմատաբար աւելի բարգաւաճ արդիւնքներու մէջ։ Այդ պարագային է, որ եկամուտներու արդար վերաբաշխումով, տուրքերու տրամաբանական, ընկերային մէկ դրութեամբ, ժողովուրդին տնտեսական վիճակը կը բարձրանայ ու կը ձգտի բարօրութեան։
Ընկերային ազդակներու դերը զարգացման մէջ այնքան հիմնական դարձած կ՜երեւայ ներկայիս, որ բազմաթիւ մասնագէտներ հարցին այս երեւոյթներու ուսումնասիրութեան լծուած են՝ յառաջ բերելով նոր թեքնիքներ, որոնց մասին կ՜անդրադառնանք ուրիշ առթիւ։ Այսուհետեւ, ընկերայինն ու տնտեսականը իրարու հետ շատ սերտ կապեր ունեցող հարցեր են եւ կարելի չէ մէկուն մասին խօսիլ առանց անդրադառնալու միւսին։