ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԱՄՓՈՓ ԳԻԾԵՐ
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

Ոսկեբերան Արզումանեան ծնած է 1924-ին Թուրքիա, Եօզկատցի ծնողներէ։ Տակաւին 40 օրուան մանուկ՝ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ Պէյրութ։
1958-ին ամուսնացած է նոյնպէս Եօզկատցի Շաքէ Մահտեսեանին հետ եւ ունեցած են չորս զաւակներ՝ Լալիկ, Հուրիկ, Վարդգէս եւ Բալիկ։
Վկայուած է ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն ստանալով հայագիտական եւ Արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ։ Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը ստացած է նոյն համալսարանի Իրաւաբանական եւ Տնտեսագիտական բաժանմունքէն Առեւտրական Հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը։
2 տարի պաշտօնավարելէ ետք իբրեւ ուսուցիչ Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի մէջ, աշխատած է կարճ ժամանակուան համար ֆրանսական հոգատարութեան ելեւմտական բաժնին մէջ։

Շարն.

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԻՇԽԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Առ ի գնահատանք Պրն. Ոսկեբերան Արզումանեանի բազում տարիներու նուիրեալ ծառայութեան ու բեղուն վաստակին, Հայրապետական կոնդակով կը շնորհուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Կիլիկիոյ Իշխան” շքանշանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ «ՍՊԱՅ»ի ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ Ֆրանսական համալսարանի երկար տարիներու ընդհանուր վարչական տնօրէնութեան պաշտօնի բերումով իր ծառայասիրութեան եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին նուիրուած աշխատանքին համար ստացած է Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Մայրիներու բարձրագոյն «Սպայ»ի կարգի շքանշանը։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ «ԱՍՊԵՏ» ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Լիբանանեան կառավարութեան Մայրիներու «Ասպետ» կարգի շքանշանը յանձնուած Պարոն Ոսկեբերան Արզումանեանին Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ, իր տարիներու անխոնջ աշխատանքին առիթով։

ՆՈՒԷՐ ԺԱՆ ՓՈԼ II ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գնահատանքի եւ յիշատակի նուէր Ժան Փոլ II Պապին կողմէ ուղղուած Պարոն Ոսկեբերան Արզումանեանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԷՆ ԺՈԶԷՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՎԿԱՅԱԳԻՐԸ

Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի եւ Յիսուսեան հայրերու միաբանութեան կողմէ գնահատանքի վկայագիրը Պարոն Արզումանեանին քառասուներկու երկար տարիներու ծառայութեան առիթով։