ԾԱՂԿԱՔԱՂ հատընտիրը հրահարակուած է 2006-ին, Անթիլիասի մէջ, Ոսկեբերան Արզումանեան կղմէ։ Հոն տեղ գտած են հեղինակին յօդուածները, դասախօսութիւնները եւ բանախօսութիւնները։

Սոյն հատորը հրատարակուած է մեկենասութեամբը ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ Հեղինակը հատընտիրը նուիրած է իր կնոջ, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ թոռնուհիներուն։

Հատընտիրին սկիզբը ան գրած է.- «Պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, այս գիրքին տպագրութեան առիթով իր ցոյց տուած ազնիւ վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ «Գալուտ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» եւ անոր Հայկական Բաժնի Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին իր ցուցաբերած ջերմ ու գնահատելի մօտեցումին համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Կաթողիկոսարանի Տպարանի Տնօրէն՝ Գերպ. Տ. Նորայր Ծ. Վրդ. Աշըգեանին իր բարեացակամ օժանդակութեան համար գիրքին տպագրութեան առիթով»։