Կարենալ առարկայօրէն խօսելու համար կրթական իրագործումներու մասին, օգտակար կը նկատեմ նախ լաւ ճշդել նիւթը եւ անոր տարողութիւնը որովհետեւ «կրթութիւն»ը իր լայն առումով կ՜ընդգրկէ այն բոլոր ասպարէզները որոնք կը ձգտին անհատին կամ հաւաքականութեան մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացումը ապահովել, այլապէս կրթական իրագործումներու ուսումնասիրութիւնը պիտի պահանջէր քննարկումը այն հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութեան որոնց գոյութիւնը սերտօրէն կապուած է կրթական կալուածին մաս կազմող այս կամ այն առարկային հետ։
Այս հակիրճ ուսումնասիրութիւնը կը շօշափէ կրթութեան դպրոցական երեւոյթները եւ հետեւաբար կրթական իրագործումները։ Հոս կը պատկերացնեն մեր դպրոցական վիճակին հոլովոյթը վերջին տասնամեակին, յատկապէս նախակրթարաններու, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն համար։ Պիտի փորձենք ուրեմն զանազան վիճակագրական տուեալներու լոյսին տակ վերլուծել մեր կրթարաններուն արձանագրած իրագործումները 1963-64-էն 1972-73 եւ վեր հանել այդ իրողութիւններէն բխած ազգայինկրթական զանազան հարցեր։
Առ այդ օգտագործած եմ կրթական նախարարութեան, իւնէսքոյի, կրթական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց պետական կեդրոնի, հայ համալսարանաւարտներու միութեան եւ Առաջնորդարանի վիճակագրական տախտակները։
Լաւ ըմբռնելու համար հայ վարժարաններուն արձանագրած իրագործումները վերջին տասնամեակին, անհրաժեշտ կը նկատեմ ամփոփ պատկեր մը տալ Լիբանանի կրթական ընդհանուր վիճակի մասին 1963-64ին եւ 1972-73ին տեսնել հայ վարժարաններուն գրաւած տեղը այդ ամբողջութեան մէջ, ապա բաղդատել զայն ընդհանուրին հետ։
Ուսումնասիրութեան բաղդատական ձեւը, կը թուի ըստ իս, մեզ առաջնորդել աւելի ընդունելի եզրակացութիւններու, որովհետեւ այն ինչ որ ճիշդ է եւ իրողութիւն Լիբանանի, առհասարակ, ընդհանուր աշակերտութեան եւ բնակչութեան համար իբրեւ կեանքի ընկերային, բարոյական եւ նիւթական պայման, գրեթէ ճիշդ է նաեւ մեր վարժարանները յաճախող հայ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն համար, մանաւանդ երբ բաղդատութիւնը ընենք շրջանային տարողութեամբ։
Պիտի քննենք ուրեմն աշակերտութեան թիւին, դպրոցներու կրթական մակարդակին, անոնց պիւտճէին, ուսուցիչներու թիւին եւ որակին հոլովոյթը վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին մէջ։
1) Վիճակագրական տուեալներ
Ա.- Դպրոցներու թիւ
Լիբանանի մէջ գտնուող դպրոցներու ընդհանուր թիւը, ներառեալ հայ վարժարանները, 1963-64ին կը բարձրանար 2729ի որոնց 2288ը նախակրթարան իսկ 441ը միջնակարգ եւ երկրորդական էին։
Նախակրթարաններուն 1048ը պետական իսկ 1240ը ոչ պետական իսկ միջնակարգի եւ երկրորդական 441 վարժարաններուն 225ը պետական եւ 216ը ոչ պետական էին։
1971-72ին դպրոցներու թիւը հասաւ 2793ի որոնց 1772ը նախակրթարան եւ 1021ը միջնակարգ եւ երկրորդական։
Նախակրթարաններուն 770ը պետական եւ 1002ը ոչ պետական էին իսկ 1021 միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն 540 պետական եւ 481 ոչ պետական էին։
Ընդհանուր յաւելում, 64 վարժարան, այսինքն 25%։
Հայ վարժարաններու պարագան հետեւեալ պատկերը կը պարզէր.-
1963-64ին ունէինք 46 օրինաւոր վարժարաններ որոնց 25ը զուտ նախակրթարաններ էին իսկ 21ը կը հասցնէին մինչեւ միջնակարգի վերջաւորութեան կամ մինչեւ պաքալորիա։
1971-72ին վերոյիշեալ թիւը կը հասնէր 51ի, այսինքն 5 վարժարանի յաւելում որուն մէկը երկրորդական եւ չորսը նախակրթարան։
Բ.¬ Աշակերտութիւն
1.- Աշակերտութեան ընդհանուր թիւ
1963-64ին Լիբանանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր բացի համալսարաններու աշակերտութենէն 371.239։
1972-73ին այս թիւը բարձրացաւ 728.409ի արձանագրելով 357.170 աշակերտի յաւելում, այսինքն 93%։
Նոյն տարիներուն, 1963-64ին, բոլոր հայ վարժարանները յաճախող աշակերտներուն թիւն էր 14.315 իսկ 1972-73ին ան բարձրացած էր 18.526ի, արձանագրելով 4211 աշակերտի յաւելում, այսինքն 29.40% միայն։
Վերոյիշեալ աշակերտութեան թիւին մաս չեն կազմեր համալ- սարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը եւ թեքնիք հայ վարժարաններու ինչպէս Սիմոնեան, Վարժապետեան, առեւտրական վարժարաններու աշակերտութիւնը։
2.¬ Աշակերտութեան թիւը համաձայն սեռին
1971-72ի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան 55% արական եւ 45% իգական սեռի կը պատկանէին։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը ցոյց կու տար 58% արական սեռի եւ 42% իգական սեռին պատկանող աշա- կերտութիւն։ Իսկ երկրորդականի մէջ, 65% արական եւ 35% իգական սեռի կը պատկանէին։
Տրուած ըլլալով սակայն որ վերոյիշեալ գումարներուն մաս կը կազմէ գաւառներու աշակերտութիւնը, որպէսզի մեր ընտրած բաղդատական ձեւը աւելի եզրակացուցիչ ըլլայ, պիտի առնենք Պէյրութի աշակերտութեան բաղկացումը նոյն տարին։
Պէյրութի մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու աշակերտութեան 50% իգական սեռի կը պատկանին։ Միջնակարգի մէջ այդ համեմատութիւնը նոյնն էր, 50% արական եւ 50% իգական, իսկ երկրորդականին մէջ 66% արական եւ 34% իգական սեռի կը պատկանէին։
Նոյն տարին, հայ վարժարաններու աշակերտութեան բաղկացումը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը։
Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, 50.31% արական եւ 49.69% իգական, միջնակարգ 45% արական եւ 55% իգական իսկ երկրորդական 50.47% արական եւ 44.53% իգական սեռի կը պատկանէին։
Գ.¬ Ուսուցչական կազմ
1963-64ին, ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն էր 15.065, իսկ 1972- 73ին 33.485, յաւելում՝ 18.420։
1972-73ին պետական վարժարաններու ուսուցիչներուն ուսումնական մակարդակը կը ներկայանար հետեւեալ կերպով։
65%ը ունէին պետական, ակադեմական վկայականներ, (պրըվէ, պալաքորիա, լիսանս), մնացեալ 35% ունէին զանազան այլ վկայականներ որոնց համար պետութիւնը համազօրագիր տուած էր։
Ձրիավարժ վարժարաններուն մէջ, 83% ուսուցիչներուն ունէին պետական վկայականներ, 3.35% մասնագիտական եւ 13.65% ոչ պետական վկայականներ։
Վճարովի վարժարաններուն մէջ, պետական վկայական ունեցողները կը ներկայացնէին ուսուցչական կազմին 83.97%ը, մասնագիտական վկայական ունեցողները 0.59% եւ ոչ պետական վկայական ունեցողները 15.44%։
Հայ վարժարաններու մօտ, նոյն տարուայ համար հետեւեալ պատկերը կը պարզուէր։
Համալսարանաւարտ 25%, պետական պաքալորիա եւ երկրորդական վարժարանէ վկայեալ 34%, պրըվէ եւ համազօր 29%, իսկ 12% պրըվէյի մակարդակէն վար։
Պետական վարժարաններու մէջ ամէն մէկ ուսուցչի գլուխ կար 11 աշակերտ, իսկ հայ վարժարաններու մէջ 16 աշակերտ։ Լիբանանի ընդհանուր միջինն էր 23 աշակերտ, ուսուցչի գլուխ։
1970-71ին, ուսուցչական կազմին 51% արական եւ 49% իգական սեռի կը պատկանէին։ Իսկ հայ վարժարաններուն մէջ 41% արական եւ 59% իգական սեռի կը պատկանէին։
Հայ վարժարաններուն մէջ ուսուցիչներուն 70% միայն մնայուն էին եւ 30% այցելու։ Անոնց 19.5% օտարահպատակ էր եւ 80.5% լիբանանցի։
Դ.¬ Քննութեանց արդիւնք
1.- Պետական քննութիւններ
1965-66ին պրըվէի քննութեան ներկայացող Լիբանանի ամբողջ աշակերտութեան 37.03% միայն յաջողեցաւ։ Հայ վարժարանները նոյն տարին ապահոված էին 55.83% յաջողութիւն։
Ա. պաքալորիայի քննութեան մէջ, յաջողութիւնը եղած էր, ամբողջ Լիբանանի համար 12.02%, հայ վարժարաններու համար ան եղած էր 50%։
1969-70ին պրըվէի քննութեան ներկայացող ընդհանուր աշակերտութեան յաջողութեան միջինը եղած էր 57.25%, հայ վարժարաններու աշակերտութեան յաջողութեան միջինը եղած էր 75.70%։ Այս համեմատութիւնը սակայն կէսով պէտք է իջնէ քանի որ համաձայն մեր ձեռքը անցած վիճակագրութիւններու, համապատասխան դասարանի աշակերտութեան թիւէն 45.80% միայն ներկայացած է քննութեան։
Ա. պաքալորիայի պարագային, լիբանանեան ընդհանուր միջինը եղած է 22.55%, իսկ հայ վարժարաններու համար այդ եղած է 55.38%։ Հոս եւս անհրաժեշտ է ճշդում մը ընել։ Հայ վարժարաններու համապատասխան դասարանին 14.28% միայն ներկայացած է քննութեան ինչ որ կը նշանակէ որ վերոյիշեալ համեմատութիւնը 7 անգամով պէտք է նուազեցնել (Տես՝ հայ համալսարականներու միութեան պատրաստած վիճակագրական տախտակները)։ Չի մոռնանք նաեւ որ ոչ հայ վարժարաններէն շատեր կը դիմեն նոյնպէս զտումի քաղաքականութեան ինչ որ մեզի կ՜արտօնէ պահել հայ վարժարաններու յաջողութեան համեմատութիւնը նոյնութեամբ։
Ազգային վարժարանները որոնք իրենց աշակերտութիւնը 100% տոկոսով ներկայացուցած են պետական քննութիւններուն, նոյն տարին, պրըվէյի մէջ ստացան 41.30% եւ պաքալորիայի մէջ 55.38% յաջողութիւն։
2.¬ Տարիքով ուշ մնացող աշակերտներուն պարագան
1972-73ին համաձայն պետական վիճակագրական տուեալներուն, Լիբանանի նախակրթարաններու ընդհանուր աշակերտութեան 55% համապատասխան դասարանին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած է։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը եղած է 80.67%, իսկ երկրորդականի մէջ 82.53%։ Այս տուեալները գրեթէ նոյնն են Իւնէսքոյի կողմէ կատարուած հետազօտութեանց արդիւնքին հետ։
Ճշդուած է նոյնպէս որ նախակրթարաններու աշակերտութեան 11.90% նախակրթարանը չեն աւարտեր, միջնակարգի աշակերտութեան 44.30%, իսկ երկրորդականի 55% նոյնպէս չեն աւարտեր իրենց բաժինները։ Նախակրթարանի 3 աշակերտէն մէկը միայն կ՜անցնի միջնակարգ եւ 11էն մէկը երկրորդական։ Նախակըրթարանի 50 աշակերտներէն մէկը միայն կը ստանայ Ա. պաքալորիա։
Հայ վարժարաններուն մէջ, 1971-72ին նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 1754 աշակերտներուն 1209 միայն հասած են 5րդ դասարան, մնացեալ 545 հոգիները լքած են զայն տակաւին նախակրթարանի վերջին դասարանը չի հասած։
Նախակրթարանի Ա. դասարանին 1754 աշակերտներէն միայն 753ը հասած են ու արձանագրուած միջնակարգ որոնց 338 անցած են երկրորդական եւ 425 լքած դպրոցը։
Հայ վարժարաններուն մէջ 3 աշակերտներէն մէկը միայն հասած է միջնակարգ, 7էն մէկը միայն երկրորդական, նախակրթարանի Ա. դասարանը արձանագրուած 25 աշակերտներէն մէկը միայն ստացած է պետական Ա. պաքալորիա։
Ե.¬ Պիւտճէական
1970-71 հայ 51 վարժարաններուն 18ը իրենց պիւտճէն հաւասարակշռած են, 20ը բաց ունեցած են (430.743 լ.ոսկի) եւ մնացեալ 13ը շահ ապահոված են (540.963.75), հայ վարժարաններուն ընդհանուր պիւտճէն բարձրացած է, 1970-71 տարեշրջանին համար, 5.59.778 լ. ոսկիի։
Բաց ունեցած են փոքրաթիւ աշակերտութիւն ունեցող վարժարանները, ի մասնաւորի այն պարագային երբ անոնք երկրորդական բաժին ալ ունեցած են։ Ձրիավարժ վարժարաններէն ոմանք չեն կրցած իրենց պիւտճէն հաւասարակշռել։ Այս երեւոյթը ընդհանրական է երբ խնդրոյ առարկայ վարժարանին աշակերտութեան թիւը 250էն վար է։
Նախակրթարաններու մէջ ամէն աշակերտի գլուխ ծախսը կը բարձրանայ, ձրիավարժ ըլլալու պարագային, 200-240 լ.ոսկիի, իսկ վճարովի ըլլալու պարագային 400-600 լ.ոսկիի, միջնակարգի մէջ այդ կ՜ըլլայ 700-900 լ.ոսկի իսկ երկրորդականի մէջ 1000-1200 լ.ոսկիի։ Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ, աշակերտը կը վճարէ 34 լ. ոսկի միայն որուն վրայ կ՜աւելցուի երբեմն զանազան այլ ծախսերու համար շուրջ 25-30 լ.ոսկի, իսկ պետութեան նպաստը նախակրթարանի աշակերտներուն համար 1972-73, 85 լ.ոսկի էր անձ գլուխ։ Ներկայիս 135 լ.ոսկի։
2) Հաստատումներ
ա.- Հայ աշակերտութեան կարեւոր մէկ թիւին օտար վարժարան յաճախելու պարագան
Վերոյիշեալ տուեալները ցոյց կու տան մեզի որ 1963-64-էն մին- չեւ 1972-73 մեր դպրոցներու թիւը աւելցած է 11%, իսկ մեր աշակերտութեան թիւը 29.40% համեմատութեամբ։ Աշակերտութեան թիւին աճը տարօրինակ կերպով աւելի ցած է քան Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւին աճը որ ինչպէս տեսանք անցնող 10 տարիներուն համար եղած է 110%։ Այս պարագան շատ ակնբախ է եւ մտահոգիչ։
Հիմնուելով վիճակագրական տեղեկութիւններուն վրայ եւ նկատի ունենալով աշակերտութեան ընդհանուր թիւին աճին տոկոսը, 1972-73ին մեր վարժարանները պէտք է որ ունենային 30.817 աշակերտ փոխան 18.526ի ինչ որ կը նշանակէ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին անոնք կորսնցուցած են 13.135 աշակերտ։
Կայ նաեւ երկրորդ մօտեցում մը հայ աշակերտութեան թիւին առնչութեամբ։
1972-73 ուսումնական տարեշրջանին մէջ Լիբանանի աշակերտութիւնը իր բնակչութեան թիւին 29.90% կը ներկայացնէր։ Եթէ այս թիւէն հանենք օտարահպատակները եւ արաբական երկիրներէն եկած աշակերտութեան մէկ մասը (50%) քանի որ հայ համայնքն ալ ունի արաբական այլ երկիրներու հպատակութիւնը կրող աշակերտներ, վերոյիշեալ համեմատութիւնը կը վերածուի 23.57%։ Եթէ 0.57 վերագրենք վիճակագրական տուեալներու անբաւարարութեան կամ անճշդութեան, կու գանք այն եզրակացութեան որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է հայ բնակչութեան մօտաւորապէս 23% ներկայացնէ։
Եթէ ընդունինք պահ մը որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտութեան թիւը զանցառելի է, այն ատեն հիմնուելով հայ վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին վրայ պիտի հասնինք այն ապշեցուցիչ եզրակացութեան որ հայ բնակչութեան թիւը Լիբանանի մէջ 80.700 հոգի է ինչ որ բացարձակապէս անճիշդ է։
Եթէ մեկնինք այն իրողութենէն որ հայ բնակչութեան թիւը նուազագոյն 150 կամ 170 հազար է, մենք պիտի ունենանք, 170 հազար ըլլալու պարագային 39.100 աշակերտ, իսկ 150 հազար ըլլալու պարագային 36.800 աշակերտ որոնց դժբախտաբար միայն 18.596ը հայ վարժարան կը յաճախեն։ Այս թիւին մէջ նկատի չէ առնուած առեւտրական հայ թեքնիք վարժարաններու աշակերտութիւնը (Սի- մոնեան, Վարժապետեան եւայլն)։
Ներկայիս հայ վարժարան յաճախող աշակերտութիւնը Լիբանանի հայ բնակչութեան 10-11% կը կազմէ որմէ կարելի է հետեւցընել որ հայ աշակերտութեան մօտաւորապէս կէսը օտար վարժարան կը յաճախէ։ Եւ կարեւոր մաս մը գրեթէ բնաւ դպրոց չի յաճախեր։ Ահաւասիկ ահաւոր կացութիւն մը որուն մասին պէտք է ազգովին անդրադառնանք։
Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ ուրիշ կէտ մը։
Հայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ, արական սեռի պատկանող աշակերտութեան թիւը նուազ է քան իգական սեռինը։ Ան աւելի քիչ է նաեւ բաղդատած լիբանանեան ընդհանուր միջինէն։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ որ կամ հայ ծնողները ուրիշներէն աւելի նախանձախնդիր են իրենց 12- 18 տարեկան աղջիկները դպրոց ղրկելու, կամ նախակրթութենէ յե- տոյ, անոնք իրենց մանչերը կը ղրկեն օտար վարժարան եւ կամ պարզապէս մանչերու մէկ մասը դպրոցը կը լքէ եւ իր մատղաշ տարիքին մէջ աշխատելու կ՜երթայ։ Ահա թէ ինչպէս կը բացատրուի օտար վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ մանչերու համեմատութեան 56% ըլլալը եւ հայ վարժարաններուն մէջ այդ համեմատութեան 50.41%ի վերածուիլը։
Որքան ալ անճիշդ թուին վերոյիշեալ ենթադրութիւնները այն ինչ որ կը վերաբերի Լիբանանի հայ բնակչութեան թիւին, իրողութիւն է սակայն որ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին աճը լիբանանեան ընդհանուր միջինին 1/4 է միայն։ Սա կը նշանակէ որ հայ ծնողներու մէջ կան տակաւին շատեր որոնք նիւթական պատճառներու համար իրենց զաւակները բնաւ դպրոց չեն ղրկեր, իսկ ուրիշներ հետեւելով օգտապաշտ գաղափարներու, կը յամառին իրենց զաւակները ղրկել օտար վարժարան այն մտածումով որ հոն անոնք կը ստանան ուսում եւ դաստիարակութիւն համաձայն ժամանակին եւ տեղական պայմաններու պահանջին։ Անոնց համար իրենց զաւակներուն պետական վկայական ստանալը եւ ապագայի հեռանկարով գործ ապահովելու ձգտող ստոյգ առաւելութիւններ ձեռք ձգելը առաջնահերթ մտահոգութիւն է։ Շատ կարեւոր կը նկատեն նաեւ օտար լեզուներու լաւ ճանաչումը եւ անոնց սահուն գործածութիւնը։ Այն ինչ որ կը վերաբերի ազգային դաստիարակութեան, լեզուին, պատմութեան, ոգիին, այս բոլորին համար կը խորհին թէ պէտք եղած մթնոլորտը եւ միջոցը ունին տան մէջ, իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու եւ ազգային հայ ակումբները մնացած բացը կ՜ամբողջացնեն։ Հայ վարժարաններու մէջ տրուած օտար լեզուներու ուսուցումը անբաւարար կը գտնեն եւ անոնց յաջողութիւնը պետական քննութիւններու մէջ կասկածելի։ Այս առարկութիւններով կը դիմեն ինքնարդարացումի։
Պէտք է ազգովին պայքարինք այս մտայնութեան դէմ։ Մեր պայքարը սակայն պէտք է ըլլայ դրական եւ շինիչ։ Պէտք է փորձենք նախ սրբագրել մատնանշուած վերագրումները, եթէ ճիշդ են ապա լուսափանել հայ հասարակութիւնը։
Ինչպէս երեւան կու գայ վերեւ յիշուած վիճակագրական տուեալներէն հայ վարժարաններու յաջողութեան միջինը պետական քննութեանց մէջ աւելի բարձր է քան պետական ընդհանուր միջի- նը, իսկ այդ բոլորին մէջ ազգային վարժարաններուն ձեռք բերած միջինը պետական պրըվէի եւ պաքալորիայի մէջ, աւելի բարձր է թէ պետական միջինէն եւ թէ հայ վարժարաններու ընդհանուր միջինէն։ Այս իրողութիւնը դժբախտաբար ծանօթ չէ մեր ժողովուրդին։ Թող ներուի մեզի եթէ յայտնենք որ մեր կրթական քարոզչութիւնը, լաւագոյնին ձգտելու իր աշխատանքին մէջ, դուրս կ՜ելլէ երբեմն իր հունէն եւ տեղի տալով ամբոխավարութեան կը դիմէ բացասական միջոցներու ու կը դառնայ վնասակար, շարունակ քննադատելով մեր կրթական հաստատութիւնները։ Քննադատութիւնը օգտակար է երբ ան արդար է ու մտածուած եւ երբ մատնանշուած թերիին կողքին կը յայտնաբերուի նաեւ այն ինչ որ ճիշդ ու լաւ է։ Թերթերուն մէջ, երբեմն այս առընչութեամբ գրուած յօդուածներէն ոմանք երբ շեշտը կը դնեն միայն ու միայն հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ մերժելով անկէ դուրս ոեւէ դրական արժէք, կը սատարեն պարզապէս մեր դպրոցները ամլութեան դատապարտելու կոչուած անգիտակից եւ վնասաբեր աշխատանքի։ Այդ ծայրահեղ գաղափարները սխալ կը մեկնաբանուին մեր ժողովուրդին կողմէ որուն մէկ կարեւոր մասը իր զաւակը կը ղրկէ օտար վարժարան որովհետեւ ան կը նկատէ իր կարդացածովն ու իր լսածովը որ հայ վարժարանները, իր զաւկին կերտումին նպաստող, ուսումնական եւ կրթական ոեւէ դրական այլ արժէք չունին տալիք բացի հայեցի դաստիարակութենէն։ Մեր քարոզչական աշխատանքները պէտք չէ ժողովուրդը սխալ տպաւո- րութիւններու տակ թողուն։ Մենք հիմնովին կը հաւատանք հայեցի դաստիարակութեան առաջնահերթութեան, բայց կը հաւատանք նոյնպէս որ պէտք չէ զանց առնենք պետական կրթական ծրագիրը։
բ.- Հայերէն լեզուի մակարդակը մեր վարժարաններուն մէջ
Հայերէնի մակարդակը հայ վարժարաններու մէջ, բացի մի քանի վարժարաններէ դեռ եւս անբաւարար է։ Պետական վկայականներու ապահովութեան համար անոնց թափած ճիգը բնականօրէն
զիրենք առաջնորդեցին այս իրողութեան որ ողբերգական չէ բնաւ սակայն պէտք է զայն բարելաւել։ Արդարեւ պէտք չէ սպասել, իրերու այս կացութեան մէջ ուր մեր ժողովուրդը տակաւին քաջատեղեակ չէ տեղական լեզուին որուն ուսուցումին համար իր կարգին մեծ աշխատանք կը տարուի, որ մեր վարժարանները պատրաստեն հայագէտ աշակերտներ։ Անոր համար բարեբախտաբար կան բարձրագոյն հիմնարկներ զորս պէտք է քաջալերել եւ որոնց գոյատեւման պէտք է նեցուկ կանգնիլ։ Մեր վարժարանները պէտք է լաւ սորվեցնեն հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, մեր աշակերտներուն պէտք է փոխանցեն մեր մշակութային ժառանգը, եւ զանոնք տէր կասուցանեն մեր պատմական ազգային դարաւոր իրաւունքներուն։ Այս ոգին հարազատօրէն իր ամբողջ կենդանութեամբ եւ ջերմութեամբ պէտք է փոխանցուի նորահաս սերունդին մեր վարժարաններուն միջոցաւ։
Ըստ մեր հայեցողութեան, հայերէնի մակարդակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ իրագործումները։
1) Վերամշակել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսումնական ծրագիրը համաձայն մեր արդի պահանջքներուն եւ կա- րելիութիւններուն եթէ տակաւին այդ եղած չէ։
2) Պատրաստել վերոյիշեալ կրթական ծրագիրներուն ներդաշնակ նոր դասագրքեր, մանկավարժական արդի ըմբռնումներով։
3) Ունենալ որակեալ ուսուցչական կազմ, հիները վերաորակաւորման դասընթացքներու ենթարկելով, իսկ նորերէն պահանջելով հայագիտական բարձրագոյն ուսման վկայական որուն համար պէտք է ճշդել առանձնայատուկ սակ եթէ նոյնիսկ ան պետական ճանաչում չէ ստացած։
Նախակրթարաններու մէջ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման համար պէտք է ունենալ միջակ մակարդակի ուսուցչանոց որուն կ՜արձանագրուին պրըվէն ստացած աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ ուր 3 տարուայ յատուկ պատրաստութեամբ անոնք կ՜ուսանին լեզու, պատմութիւն, գրականութիւն եւ ընկերային նիւթերու կողքին հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն հանդերձ գործնական աշխատանքներով։
գ.- Ուսուցիչներու պարագան
Հայ վարժարաններու մէջ ուսուցիչներու միջին տարիքը 45 է։ Ուսուցչութիւնը հոն ասպարէզ դարձած է առհասարակ տարիքով առաջացած տարրերուն համար։ Երիտասարդներու մօտ յարափոփոխ վիճակ մը կայ։ Անոնք երբ արժէքաւոր են, կը լքեն ուսուցչութիւնը եւ այլ շահաբեր գործի կը լծուին։ Այս պարագան ընդհանրացած է նախակրթարաններու մէջ։ Ան յառաջ կու գայ ուսուցիչներուն նիւթապէս անբաւարար վարձատրութենէն։ Բաղդատմամբ լիբանանեան ընդհանուր միջինին արական սեռին պատկանող ուսուցիչները աւելի փոքրաթիւ են քան իգական սեռին պատկանողները։ Ուսուցչութիւնը աւելի ասպարէզ դառնալու վրայ է իգական սեռին համար։ Օտարահպատակները մեր ուսուցչական կազմին 1/5ը կը կազմեն։
Առ հասարակ, հայ ուսուցիչներուն կրթական միջին մակարդակը կը համապատասխանէ պետական ընդհանուր միջինին։ Ուշագրաւ երեւոյթ է որ 1105 ուսուցիչներու վրայ ունինք տակաւին 123 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ որոնց մակարդակը միջնակարգէն վար է, այսինքն 9 ուսուցչէն մէկը գրեթէ նախակրթարանի մակարդակ ունի։ Բացի քանի մը վարժարաններէ, մանկապարտէզներու մէջ պաշտօնավարող վարժուհիներուն բոլորը չունին մասնագիտական համապատասխան պատրաստութիւն։ Հակառակ անոր որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին մեծ բարեփոխութիւններ եղած են։ Մեր մանկապարտէզները պէտք ունին դեռ եւս մեծ խնամքի։ Չի մոռնանք որ մանկապարտէզը դպրոցի մը մուտքն է։ Ան պէտք է ըլլայ գրաւիչ, օժտուած արդիական սարքաւորումներով, եւ ունենայ որակեալ ու մասնայատուկ պատրաստութեան տէր ուսուցչական կազմ։
Եզրակացութիւն
Անցնող վերջին տասնամեակին, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւնները արձանագրած են որոշ ստոյգ յառաջդիմութիւններ։
Իբրեւ շէնք եւ կառոյցք հինգ նոր վարժարաններ բարձրացուած են։ Չեմ խօսիր տակաւին 1974 տարեշրջանի ընթացքին աւարտած վերջին շինութիւններու մասին որովհետեւ ուսումնասիրութիւնը կ՜ընդգրկէ 1963-64ին մինչեւ 1972-73 երկարող շրջանը։ Բազմաթիւ դպրոցներ վերանորոգուած են վերջնականապէս անհետացնելով գաղթական հայու կեանքը բնորոշող թիթեղաշէն եւ փայտաշէն վարժարաններուն հետքը։ Արդարեւ շնորհիւ հայ կրթանուէր մեկենասներուն, հայ բարեսիրական միութիւններուն, Կիւլպէնկեան, Գարակէօզեան եւ այլ ֆոնտերու ազնիւ օժանդակութեան մեր կրթական օճախները աճած են համաձայն օրուայ պահանջքին, վայելուչ ու շքեղ կառոյցքով։ Անոնցմէ շատեր՝ օժտուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով, կրնան մրցակցիլ քաղաքիս լաւագոյն վարժարաններուն հետ։ Կը մնան տակաւին կարգ մը նախակրթարաններ որոնք դեռ եւս պէտք ունին բարենորոգութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգածութեան։
1972-73ին լիբանանահայ կրթական հաստատութիւնները կը ներկայացնեն հետեւեալ ընդհանուր պատկերը։
Ակադեմական կարգերով վարժարաններ
ընդ.թիւ նախկթ. միջ. աշկտ.
երկրդ. թիւ
Ազգ. Վարժարաններ
(կապուած ազգ. իշխ.) 20 16 4 5960
Հայ Կաթողիկէ վարժ. 9 2 7 3995
Հայ Աւետրն. վարժ. 11 6 5 3946
Հ.Բ.Ը.Մ. վարժ. 5 3 2 1830
Անկախ Վարժարաններ 6 2 4 2795
Նշան Փալանճեան
– Թէքէեան
– Արմէն Ղարիպ
– Սահակեան
– Կենաց վարժ.
– Լոյսի վարժ.
ընդհ. գումար 51 29 22 18.526
Վերոյիշեալ գումարներէն դուրս կը մնան հայ առեւտրական վարժարաններու աշակերտութիւնը (Սիմոնեան, Վարժապետեան,
Գեպապճեան), Հայկազեան գոլէճի աշակերտութիւնը որ համալսարան է ինչպէս նաեւ հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկներու ուսանողութիւնը (Հայկազեան, Յիսուսեան եւ այս տարի սկսաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը)։
Գրեթէ բոլոր հայ վարժարանները ապահոված են, իրենց աշակերտութեան համար, բժշկական խնամք։ Ազգային վարժարանները ունին նաեւ ատամնաբուժական կեդրոն որ կը զբաղի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ակռաներու դարմանումով։ Բազմաթիւ վարժարաններ կը վայելեն հոգեբան մանկավարժներու օժանդակութիւնը եւ բարիքը, ուսման մէջ ուշացած եւ դասարան կրկնող աշակերտներու պարագաներուն ուսումնասիրութեան եւ դարմանումին համար։
Պետական վկայականները ալ թապու մը չեն հայ վարժարաններուն համար որոնց ձեռք ձգած արդիւնքները պաշտօնական քննութիւններուն աւելի բարձր են քան լիբանանեան ընդհանուր միջինը։ Արաբերէն լեզուի ուսուցումը իր կարգին մտած է ընթացիկ հունի մը մէջ եւ աստիճանաբար կը բարելաւուի։ Պէտք է սակայն գրական լեզուին կողքին զարգացնել նաեւ խօսակցական լեզուն։ Չի բաւեր որ աշակերտը գրել գիտնայ եւ հասկնայ ինչ որ կը կարդայ, պէտք է որ ան կարենայ նաեւ դիւրաւ արտայայտուիլ։
Օտար լեզուներու պարագային, հայ վարժարանները կը ցուցաբերեն դրական արդիւնք։ Հոն եւս, սակայն, խօսակցական մասը կը մնայ թերի։ Աշակերտին արտայայտուելու կարողութիւնը սահմանափակ է։
Կը մնայ տակաւին այն իրողութիւնը որ մեր երկրորդական վարժարանները ցարդ ի վիճակի չեն եղած աշակերտը առաջնորդել լիբանանեան գրական պաքալորիայի եւ փիլիսոփայութեան։ Այս կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ արաբերէնի համար եւ մանաւանդ որոշ շահագրգռութիւն աշակերտութեան կողմէ։
Չունինք թեքնիք եւ արհեստագիտական վարժարաններ որոնց մատակարարումը թէպէտ մեծածախս է սակայն անհրաժեշտ են անոնք մեր այն փոքրիկներուն համար որոնք արհեստ կ՜ուզեն սորվիլ։ Շնորհիւ արհեստագիտական վարժարաններու աշակերտը կը սորվի արհեստ եւ միջոցը կ՜ունենայ ստանալու նուազագոյն ազգա- յին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն որուն պէտք ունի ան տակաւին։ Չ՜ունինք նաեւ առեւտրական վարժարաններ որոնք կ՜առաջնորդեն աշակերտը լիբանանեան պետական առեւտրական պաքալորիայի։
Մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու ուսուցչական կազմերը պէտք ունին խնամուելու։ Անհրաժեշտ է աստիճանաբար զտումի ճամբով անկարողները եւ ըստ բախտի ուսուցչութեան կապուած անձերը հեռացնել եւ զանոնք փոխարինել որակեալ տարրերով։ Կարելի չէ թոյլատրել որ մեր ուսուցիչներու ընդհանուր թիւին մէջ, 9ի վրայ մէկը տակաւին նախակրթարանի մակարդակ ունենայ։ Առաջարկուած բարեփոխութիւնը կը պահանջէ հետապնդուած աշխատանք եւ թոշակներու յաւելում։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ մը պահանջել աւելին քան այն ինչ որ ան կրնայ տալ։ Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի այս իրողութեան։ Վերաորակաւորման դասընթացքը պէտք է պարտադիր ըլլայ եւ յաճախակի։ Ուսուցչութիւնը պէտք է դարձնել փնտռուած ասպարէզ։
Մեր դպրոցներուն մէջ, մեծ դեր ունին նաեւ կատարելիք մեր տնօրէնները։ Արդարեւ տնօրէնն է ուղեղը եւ մղիչ ոյժը կրթական մեքենային։ Ան իր իմաստուն եւ կորովի ղեկավարութեամբ պէտք է գիտնայ գործի լծել ուսուցիչները եւ անոնցմէ արդիւնք պահանջել։ Վախճանական իմաստով, պէտք է գիտնանք որ ինչ որ կը ցանենք ան կը հնձենք։ Դպրոցներու մէջ հրաշքի պէտք չէ հաւատալ։ Ամէն յաջողութիւն հաւաքական աշխատանքի արդիւնքն է։
Մեր վարժարանները պէտք է ըլլան, պահելով հանդերձ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան համար պահանջուած մակարդակը, մրցակցութեան մէջ մտնող միաւորներ օտար լաւագոյն դպրոցնե- րու հետ որպէսզի հայ աշակերտութեան այն զանգուածը որ օտար վարժարան կը յաճախէ ¬ գրեթէ մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւին կէսը ¬ վերադառնայ հայ վարժարան։ Յառաջիկայ տասնամեակի նուաճումներէն գլխաւորը պէտք է այս ըլլայ։ Առ այդ մեր կրթական քարոզչութիւնը պէտք է դրուի աւելի դրական հիմերու վրայ։
Պէտք է հոս յիշել նոյնպէս բնաւ դպրոց չի յաճախող ինչպէս նաեւ նախակրթարանի Ա կամ Բ դասարանէն ուսումը լքող մանուկներու պարագան որ ահաւոր վիճակ մը կը պարզէ ազգային տեսակէտէն։ Ասոնց թիւը, ինչպէս տեսանք, կրնայ հազարներու հասնիլ (աղջիկ թէ տղայ)։ Խնդրոյ առարկայ հայ ծնողները իրենց զաւակները դպրոց չեն ղրկել անոր համար որ չունին պահանջուած նիւթական միջոցները եւ կամ կարեւորութիւն ընծայելով անոնց շաբաթական 10-15 լ.ոսկի վաստակին զանոնք կը զրկեն ուսումէն ու կը ղրկեն աշխատանոց։ Ահա այն տխուր պատկերը ի շարս այլ դրական իրագործումներու որ երեւան կու գայ այս ուսումնասիրութենէն։
Փակելէ առաջ խօսքս, աւելորդ կը նկատեմ բացատրել բազմիցս ըսուած եւ կրկնած այն կարեւոր դերը զոր մեր վարժարան- ները կոչուած են կատարելու Սփիւռքի հայապահպանման դժուար գործին մէջ։ Կ՜ուզեմ սակայն շեշտել որ անոնք պէտք չէ միայն բաւարարուին հայերէն լեզու եւ պատմութիւն սորվեցնելով, այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է հայ աշակեր- տին տան ազգային դիմագիծ, գիտակցութիւնը իբրեւ սփիւռքահայ՝ իրեն սահմանուած սրբազան պարտականութեան եւ զայն կ՜ուսուցանեն հոգածու տէրը մեր մշակութային ժառանգին եւ պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։