Ազատ տնտեսութիւնը լիբանանեան իրականութիւնը յատկանշող հիմնական երեւոյթներէն մէկն է։ Իր ընկերային խառն կառոյցը, հողին փոքրածաւալ ըլլալը, բնական հարստութեանց անբաւարարութիւնը եւ աշխարհագրական գիրքը այնպէս մը դասաւորած են այս երկիրը, որ իր պատմութեան ընթացքին, կարենալ ապրելու համար, միշտ ալ ուզած է ինքզինք ներմուծել միջազգային փոխանակութեանց ծիրին մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական կամ մշակութային։
Այս իսկ պատճառով, հակառակ տնտեսապէս թերաճ երկիր մը ըլլալուն, ան նպաստաւոր պայմաններ կը ներկայացնէ անհատական ձեռներէցութեան ծաղկումին համար։ Հետեւաբար, բլանաւորումը տակաւին անհանդուրժելի գաղափար մը կը թուի ըլլալ ներկայիս երկրին տնտեսական հատուածին։
Այսուհանդերձ, մարդկային ընկերութեան յարատեւ զարգացումը, տնտեսական բարգաւաճման համար անհրաժեշտ նկատուած միջոցառումները, միջազգային յարաբերութեանց մէջ կառոյցներու փոփոխութիւնը Լիբանանին կը պարտադրեն փոփոխութիւններ ի՛ր իսկ ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներուն մէջ եւ պատշաճեցում՝ ընդհանուր հոլովոյթի կշռոյթին։
Այս պատշաճեցումը կ՜ենթադրէ, որ պետութիւնը ինքզինք պատասխանատու զգայ ժողովուրդին զարգացումին եւ առ այդ՝ ձեռնարկէ իրատես գործունէութեան մը, հիմնուած տնտեսական եւ ընկերային գիտակից քաղաքականութեան մը վրայ։
Լիբանան իր տնտեսական ու մշակութային զարգացումը կը պարտի գլխաւորաբար անհատական ձեռնարկներու կենսունակութեան։
Տնտեսական մարզին մէջ, առեւտուրի եւ ծառայութեանց բաժինը երկրին տնտեսութեան կարեւոր մէկ մասը կը ներկայացնէ եւ կ՜ապահովէ ազգային եկամուտներուն 60¬70 առ հարիւրը։
Տնտեսութիւնը, այս երկրին մէջ, իրերու բնական դասաւորումով եւ իր բացակայութեան պատասխանատուներու գիտակից եւ ազդու միջամտութեան, չէր կրնար այլ կերպ ընթանալ։ Արդարեւ, երկրին մշակելի հողերուն տարածութիւնը, շատ սահմանափակ է հողագործութիւնը զարգացնելու համար եւ ներքին առեւտրական շուկան նոյնպէս շատ նեղ՝ ճարտարարուեստը զարգացնելու համար։
Տնտեսական այս անհաւասարակշռութիւնը, կեանքի մակարդակի տեսակէտէն, անխուսափելիօրէն յառաջ կը բերէ ընկերային անհաւասարակշռութիւն։ Արդարեւ, տրուած ըլլալով հողերու պզտիկ շերտաւորումները, ժողովուրդին աճը եւ հողմշակութեան համար տակաւին գործածուած նախնական միջոցները, բնակչութեան հողամշակութեամբ զբաղող մասը (աշխատող ձեռքերուն 49¬50%) համեմատաբար շատ աւելի ցած եկամուտներ կ՜ապահովէ՝ քան մնացեալ մասը։ Պարզ խօսելով, կեանքի մակարդակի զգալի տարբերութիւն կայ հողամշակութեամբ զբաղող ժողովուրդին որ բնակչութեան կէսը կը հաշուէ եւ սակայն ազգային եկամուտնե- րուն միայն 15% կ՜ապահովէ եւ քաղաքներու մէջ տեղաւորուած ժողովուրդին միջեւ։
Այս անհաւասարակշռութիւնը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ կը ստանայ անոր համար՝ որ քաղաքներու բնակչութեան եւ հողամշակութեամբ զբաղող ժողովուրդին յարաբերութիւնները զարգանալով, այս վերջիններուն կեանքի պահանջները կ՜աճին, երբ իրենց եկամուտները համեմատաբար չեն աւելցած։

Միւս կողմէ, Լիբանանի ժողովուրդը կ՜աճի 2.8¬2.9% համեմատութեամբ։ Այս պարագան, որեւէ թերաճ երկրի նման, Լիբանանի համար ալ լուրջ հարցեր կը ստեղծէ։ Հարկ է մտածել, թէ ի՛նչ կերպով պէտք է ժողովուրդին աճէն յառաջ եկող, ամէն տարի, 15.000 նոր ձեռքերու գործ ապահովել։ Լիբանանեան տնտեսութեան զարգացման հեռանկարները այս ուղղութեամբ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր։ Պէտք չէ նոյնպէս մոռնալ, որ ժողովուրդին ուսման մակարդակին բարձրացումը, ինչպէս նաեւ անոր յարաբերութիւնները արտաքին աշխարհի հետ, զայն աւելի պահանջկոտ կը դարձնեն իր սեփական կեանքը կազմակերպելու տեսակէտէն։ նկատի ունենալով այս բոլորը, եթէ լիբանանեան տնտեսութիւնը նոր հիմերու վրայ չդրուի, մէկդի դրած քաղաքական ազդակները, տնտեսական ներկայ պայմանները ինքնին բաւարար են գաղթ յառաջացնելու համար, սկսելով նախ ուսեալ տարրերէն։
Վերոյիշեալ տուեալները նոյն հետեւանքը կրնան ունենալ որեւէ երկրի մէջ, այն տարբերութեամբ սակայն, որ այդ գաղթը եթէ մեր երկրին մէջ կ՜ըլլայ միայն արտագաղթով։ Պետութիւնը ըստ երեւոյթին, կ՜ուզէ զբաղիլ այս բոլոր հարցերով, որոնք հետեւանք են երկրին տնտեսական եւ ընկերային հոլովոյթին։ 1954ին ստեղծուեցաւ Բլանի խորհուրդ մը, որուն տարիներ ետք հետեւեցաւ Բլանի նախարարութիւնը։ Երկրին տնտեսութիւնը ապահով հիմերու վրայ դնելու համար, Բլանի խորհուրդը 1958ին պատրաստեց տասնամեայ ծրագիր մը։ Այս ձեռնարկին իրագործման համար ան դիմեց օտար մասնագէտներու խմբակցութեան «Mission IRFED», որ պիտի օգնէր իրեն՝ ճշդելու եւ որդեգրելու տնտեսական եւ ընկերային զարգացումի քաղաքականութիւն մը եւ անոր յատուկ բլանաւորում։ Այս մասնագէտները երկրին տնտեսական պահանջներն ու կարելիութիւնները հանգամանօրէն ուսումնասիրելէ ետք, պետութեան ներկայացուցին հնգամեայ ծրագիր մը 1964¬68 շրջանին համար։
Այս առաջին ծրագրին նպատակն էր համադրել պետական սպասարկութիւնները, համակարգել անոնց գործունէութիւնը եւ ապա ներդաշնակել զանոնք անհատական ձեռնարկներու հետ, այլ խօսքով՝ գործակցութիւն ստեղծել պետական եւ անհատական հատուածներուն միջեւ, գիտական ըմբռնումով։
Սակայն, երբ պետութիւնը կ՜ուզէ անհատական ձեռնարկներուն հետ համախորհուրդ երկրին տնտեսութիւնը բլանաւորել, անհրաժեշտ է որ ինքը կարենայ հակազդել անոնց որդեգրած տնտեսական միակողմանի ուղղութիւններուն։ Այդ ընելու համար, անհրաժեշտ է որ ինք եւս էական դեր մը ունենայ երկրին տնտեսական կեանքին մէջ, այլապէս այդ գործակցութիւնը կը դառնայ լոկ խաբկանք։
Տնտեսապէս զարգացած եւ հարուստ երկիրներուն մէջ, ուր գոյութիւն ունին կամակերպուած դրամատիրութիւն, գիտական հասկացողութեամբ պատրաստուած մասնագէտներ, ըլլան անոնք պետական թէ անհատական սպասարկութեանց մէջ, համագործակցութիւնը կրնայ իրապէս արդիւնաւէտ հետեւանքներ ունենալ երկրին տնտեսական քաղաքականութիւնը ճշդելու եւ անոր բլանաւո- րումը պատրաստելու համար։
Լիբանանը, նկատի ունենալով իր տնտեսական յատուկ պայմանները, իր ժողովուրդին ընկերային փիլիսովայութիւնը, չի կրնար ընդունիլ կեդրոնացեալ պարտադիր պետական բլանաւորում, եթէ այդ չէ պատրաստուած մեծ ճկունութեամբ՝ համագործակցաբար անհատական ձեռնարկներու մասնագէտ ներկայացուցիչներուն։
Կարելի չէ մոռնալ, որ արտաքին առեւտուրով եւ ելեւմտական ճարպիկ գործունէութեամբ, անհատական ձեռնարկները մղիչ ուժը դարձան Լիբանանի տնտեսական վերելքին։ Ինչպէս նաեւ կարելի չէ նկատի չունենալ պետութեան բերած նպաստը այդ ուղղութեամբ։ Ներքին ֆիզիքական կարոյցի եւ սարքաւորման աշխատանքներ (ելեկտրակայաններ, ճամբաներ, ջրուղիներ, նաւահանգիստ, օդակայան), պետական հիմնարկներ (պետական դրամատուն, ընկերային ապահովագրութիւն) եւայլն…։
Որպէսզի պետութիւնը կարենայ իրապէ՛ս գործակցիլ անհատական ձեռնարկներու հետ եւ հակազդել ի հարկին անոնց, անհրաժեշտ է որ ան դրական կերպով մաս կազմէ երկրին տնտեսական ղեկավարութեան։ Այդ կրնայ ընել այն ատեն, երբ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ արդիւնաբերական մեծ ձեռնարկներուն, շահաբաժինի դրութեամբ։
Պետութեան դերը պէտք է ըլլայ որդեգրել տնտեսական քաղաքականութիւն մը՝ համախորհուրդ անհատական ձեռնարկներու, եւ բլանաւորել զայն։ Բլանաւորման աշխատանքներուն մէջ ան պէտք է նկատի ունենայ ամբողջ շրջանի տնտեսական եւ ընկերային հոլովոյթը։ Լիբանանեան տնտեսութիւնը պէտք է կապել շրջանային տնտեսութեան։ Այս իրատես ըմբռնումը պէտք է հիմք ծառայէ տնտեսական քաղաքականութեան։
Եթէ կ՜ուզենք գոնէ մասամբ զարգացած տարրերու արտագաղթը մեղմել երկրին մէջ եւ պահել տնտեսական բարգաւաճման նախորդ տարիներու համեմատութիւնը, անհրաժեշտ է որ այս երկրին տնտեսութիւնը զարգանայ ճարտարարուեստի գծով, պահելով հանդերձ իր աւանդական կոչումը՝ առեւտուրի եւ ծառայութեանց։ Պէտք է արտադրել այն առարկաները, որոնց պէտք ունին ո՛չ միայն Լիբանանը, այլ մեզ շրջապատող այլ երկիրներ, ըլլան անոնք միջին արեւելեան կամ ափրիկեան։
Պետութիւնը պարտաւոր է իր մասնագէտներով հետեւիլ այդ երկիրներու ընկերային եւ տնտեսական հոլովոյթին եւ, անհատական ձեռնարկներու հետ համախորհուրդ, վերակազմել երկրին տնտեսական կառոյցը՝ համաձայն իր որդեգրած տնտեսական քաղաքականութեան եւ ճշդած բլանին։