Ընդունուած իրողութիւն է, որ երկրի մը տնտեսական բարգաւաճումը սերտօրէն կապուած է անոր ունեցած նիւթական կարելիութիւններուն, բնական հարստութեանց եւ մանաւանդ մարդկային որակեալ ուժին։
Տնտեսագէտները ներկայիս ի վիճակի են թուական տուեալներով ցոյց տալու արդիւնաբերութիւններուն արտադրողականութեան բարձրացումը, երբ սովորական աշխատաւորները փոխարինուին որակեալ տարրերով։ Աշխատաւորները եթէ մասամբ կ՜որակաւորուին տարիներու իրենց փորձառութեամբ, անոնց աշխատանքը սակայն աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ՝ եթէ անոնք զարգացած են եւ օժտուած համապատասխան թեքնիք պատրաստութեամբ։
Բարգաւաճ են այն երկիրները, որոնց ազգային ընդհանուր եկամուտին մէկ կարեւոր մասը կը գոյանայ ճարտարարուեստական արտադրութեամբ։
Թերաճ երկիրները, որոնց տնտեսութիւնը հիմնուած է գլխաւորաբար հողամշակութեան, առեւտուրի եւ ծառայութեանց վրայ՝ որպէսզի բարգաւաճին, պարտին մէկ կողմէ մեքենականացնել իրենց հողամշակութեան եղանակը, ապա միւս կողմէ՝ աստիճանաբար զարգացնել ճարտարուեստը։ Հողամշակութենէն ճարտարարուեստ այս փոխանցումը կը կիրարկուի, սովորաբար, երկու եղանակով։
Ըստ Թինպերկէնի, անհրաժեշտ է նախ պատրաստել մարդկային որակեալ ուժը, միջին եւ բարձր մասնագիտութեան տէր աշխատաւորներու թիւ մը (պահետ), որուն մէջէն պիտի առնուի անհրաժեշտը, երկրին յարմար նկատուած ճարտարարուեստը զարգացնելու համար։ Այս ձեւով երբ նիւթական ներդրումներ կ՜ըլլան, ճարտարարուեստը, շնորհիւ նախապէս պատրաստուած մասնագէտներու, կը զարգանայ առանց յապաղումի եւ կաշկանդումի։ Ուրիշներ, ինչպէս Հարրոտ¬Տոմար, անհարաժեշտ չեն նկատեր այս նախապայմանը։ Անոնք կը խորհին, որ կարեւորը նիւթական ներդրումն է։ Երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող որակեալ ձեռքերը կ՜օգտագործուին, իսկ մնացեալ անհրաժեշտ տարրը դուրսէն կը բերուի։ Հետագային, միայն զարգացող ճարտարարուեստը որոշ շահագրգռութիւններ յառաջ կը բերէ, որոնք կը մղեն աշակերտները հետեւելու այս կամ այն թեքնիք ճիւղին։
Մօտեցումի այս երկրորդ եղանակին կը հետեւին յորդանանեան եւ սուրիական տնտեսական բարգաւաճման պետական ծրագիրները, ինչ որ կը բացատրէ Սուրիոյ թեքնիք վարժարաններուն աշակերտութեան սակաւաթիւ ըլլալը։ Արդարեւ, վիճակագրութեանց համաձայն, Սուրիոյ թեքնիք վարժարաններու աշակերտութիւնը, 1961¬1968 շրջանին ո՛չ միայն չէ աւելցած, այլեւ 3,37 առ հարիւր նուազած է։ Այս երեւոյթը կը բացատրուի մասամբ ալ այն իրողութեամբ, որ թեքնիք վարժարաններու մակարդակը բարձրացնելու համար մուտքի պայմանները հոն վերջին տարիներուն խստացան։
Ներկայիս սակայն, տնտեսական զարգացումի փլանաւորումը պատրաստող պետական սպասարկութեանց մտահոգութիւնը հետզհետէ կը կեդրոնանայ կրթական ուղղութեան ճշդումին վրայ, որպէսզի ան ներդաշնակ ըլլայ որոշուած տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն եւ նպաստէ անոնց իրագործման։
Պէտք է, նկատի ունենալով կրթական ուղղութեան ազդեցութիւնը տնտսական կառոյցին վրայ, ապահովել երիտասարդութեան մասնագիտական որոշ պատրաստութիւն, որպէսզի ան կարենայ ինքզինք պատշաճեցնել երկրին տնտեսական պայմաններուն։
Այսպէս, եթէ ճշդուի որ երկրին տնտեսութիւնը պէտք է հիմնուի գլխաւորաբար առեւտուրի եւ ծառայութեանց վրայ, այդ պարագային պէտք է զարգացնել գրական եւ մարդկային գիտութեանց ճիւղերը։ Իսկ եթէ ճարտարարուեստն ու հողամշակութիւնը պիտի կազմեն երկրին տնտեսութեան հիմնական տարրերը, այդ պարագային անհրաժեշտ է զարգացնել գիտական եւ թեքնիք ճիւղերը։ Պետական մակարդակով, կրթութեան եւ ուսման փլանաւորումը Լիբանանի մէջ թերեւս ամենատարրական վիճակի մէջ է։ Պատանին իր ուսումը կը շարունակէ այնքան ուտեն, որ իր նիւթական միջոցները կը ներեն։ Համալսարանական ուսումը կը ստանայ կա՛մ համաձայն իր նախասիրութեան եւ կամ համաձայն ծնողքին ընտրութեան, եւ երբեմն ալ՝ ըստ պատահականութեան։ Արդիւնք՝ այս ձեւով հրապարակ եկած համալսարանական որակեալ տարրին մէկ մասը միայն կ՜օգտագործուի տեղական տնտեսութեան կողմէ, իսկ միւս մասը կը գաղթէ եւ կամ լաւագոյն պարագային կը մեկնի արաբական այլ երկիրներ, ապահովելու համար իր ապրուստը եւ ապագան։
1970ին, ՄԱԿի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար Լիբանանի ճարտարարուեստի զարգացման կարելիութիւնները եւ կը յայտնէր, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ անիկա առաւելագոյն զարգացումը պիտի կարենար արձանագրել։ Նոյն շրջանին, Լիբանանի ազգային վիճակագրութեանց կեդրոնական տնօրէնութիւնը որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարած էր՝ ճշդելու համար Լիբանանի մէջ աշխատող անձերուն թիւը, համաձայն անոնց տարիքին, մասնագիտութեան եւ կրթական մակարդակին։ Այս վերջին ուսումնասիրութենէն ի յայտ կու գար, որ նոյն թուականին աշխա- տող անձերու ընդհանուր թիւը 538.410 էր, որուն 29,40 առ հարիւրը անգրագէտ, 35,30 առ հարիւրը նախակրթարանի մակարդակէն վար, 15,20 առ հարիւրը նախակրթարանի մակարդակով, 15,80 առ հարիւրը միջնակարգի եւ երկրորդականի աստիճանով, եւ 4,30 առ հարիւրը համալսարանական են։
Աշխատող անձերու վերոյիշեալ թիւին 20 առ հարիւրը, այսինքն շուրջ 110 հազարը, կ՜աշխատի ճարտարարուեստի մէջ, որուն 13,80 առ հարիւրը անգրագէտ է, 23 առ հարիւրը նախակրթարան չէ աւարտած, 24 առ հարիւրը նախակրթարանի մակարդակ ունի, 9,9 առ հարիւրը միջնակարգի վկայական եւ 5,5 առ հարիւրը բարձրագոյն վկայական ունին։
Համաձայն 1969ի վիճակագրութեանց, աշակերտութեան ընդհանուր թիւին 2,6 առ հարիւրը միայն արձանագրուած է թեքնիք վարժարաններ, մինչ 18,6 առ հարիւրը կը յաճախէ երկրորդական վարժարան եւ 4,5 առ հարիւրը համալսարան։
Տարօրինակ չէ, որ երբ մեր աշխատաւորութեան ընդհանուր թիւին 20 առ հարիւրը, ճարտարարուեստի մէջ կ՜աշխատի, աշակերտութեան թիւին միայն 2,6 առ հարիւրը թեքնիք վարժարան յաճախէ։ Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, աշխատաւորութեան թիւին 39 առ հարիւրը կը զբաղի ճարտարարուեստի մէջ, եւ աշակերտութեան թիւին 62 առ հարիւրը արձանագրուած է թեքնիք եւ գիտական վարժարաններ։
Առաջին ակնարկով, անհրաժեշտ կը թուի նախ ճիգ թափել՝ ջնջելու համար անգրագիտութիւնը, որ այսօր Լիբանանի մէջ 15¬24 տարիք ունեցող գործաւորներու թիւին մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը կը կազմէ։ Անշուշտ այս համեմատութիւնը աւելի շեշտուած է Սուրիոյ մէջ՝ 56 առ հարիւր, Եգիպտոսի մէջ՝ 75 առ հարիւր, եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ 95 առ հարիւր։
1970ին, աւելի քան հարիւր հազար մանուկներ, 5 տարեկան, դպրոց չէին արձանագրուած, իսկ 7¬14 տարեկան բնակչութեան շուրջ 52 առ հարիւրը միայն դպրոց կը յաճախէր։
Յիշեցնենք, որ զարգացած աշխատաւորին արտադրական կարողութիւնը աւելի բարձր է, քան անգրագէտ եւ ոչ¬մասնագէտ աշխատաւորինը։ ՄԱԿի վիճակագրութիւններէն երեւան կու գայ, որ Սուրիոյ եւ Յորդանանի մէջ աշխատաւորի մը տարեկան արտադրութիւնը կը գնահատուի 600էն 900 տոլալով, մինչդեռ Լիբանանի մէջ, ուր աշխատաւորը համեմատաբար աւելի զարգացած է, այդ գումարը կը բարձրանայ 2000 տոլարի։ Ի զուր չէ, որ ֆրանսացի մեծ տնտեսագէտ՝ Ա. Մարշալ ըսած է, թէ «մարդկային դրամագլուխը աւելի կարեւոր է՝ քան ֆիզիքական որեւէ ներդրում»։
Ճարտարարուեստի զարգացման համար չի բաւեր համալսարանականներու թիւը աւելցնել՝ եթէ նոյնիսկ անոնք գիտական կամ թեքնիք ճիւղեր ընտրած ըլլան։ Անհրաժեշտ է նախ ջնջել անդրագիտութիւնը, ապա օղակաւորումը ապահովել, սկսելով պարզ մասնագէտներէն մինչեւ բարձրագոյն մասնագէտները։
Վերոյիշեալ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի ներկայ կրթական քաղաքականութիւնը չի համապատասխաներ իր տնտեսական կոչումին եւ չի նպաստեր արտադրող ուժերու զարգացման, այլ յառաջ կը բերէ ուսեալ բայց անգործ տարրերու բազմութիւն մը։
Պէտք է քննել երկրին ճարտարարուեստականացման պահանջին համապատասխանող տուեալները, ապա նիւթական միջոցներ տրամադրել նախակրթութիւնը պարտադիր եւ ձրի դարձնելու համար։ Զարգացնել թեքնիք վարժարաններ (միջնակարգ, երկրորդական եւ բարձրագոյն) եւ բազմապատկել անոնց թիւը։ «Մարդկային դրամագլուխը ազգային հարստութեան մաս կը կազմէ», կ՜ըսէ նշանաւոր տնտեսագէտ Ա. Սմիթ։
Այս ձեւով, կարելի է մասամբ առաջքը առնել արտագաղթին, աւելցնել երկրին արտադրողականութիւնը, աւելի ապահով եւ բարգաւաճ ուղիի մէջ դնել ազգային տնտեսութիւնը, ստեղծել գործ եւ պաշտօն ապահովող մարմիններ, եւ ազգային եկամուտներու աւե- լի արդար բաշխումով՝ բարելաւել ժողովուրդին ընկերային բոլոր խաւերուն նիւթական վիճակը։