Պորտէն, ֆրանսացի տնտեսագէտ մը, 16րդ դարուն ըսած է.
«Իրական դրամագլուխը մարդկայինն է»։ Պէտք եղաւ աւելի քան երեք դար, որպէսզի այդ վարկածին ճշգրտութիւնը ապացուցուի։ Արդարեւ, երկար ատեն, մարդիկ մտածած են, մասնաւորաբար
անտեսագէտները, որ երկրի մը տնտեսական բարգաւաճումը, որ համազօր է ընդհանրապէս ներքին արտադրութեան աճին, արդիւնք է գոյութիւն ունեցող դրամագլուխին վրայ կիրարկուած մարդկային աշխատանքին։ Այդ դրամագլուխը կրնայ ըլլալ կալուածային, մեքենական, նիւթական կամ մասնագիտական։ Սակայն, ներկայիս, արտադրութեան ազդակներու այս նեղ ըմբռնումը տեղի տուած է աւելի ընդարձակ հասկացողութեան։ «Դրամագլուխ»ի նախկին պարզ մեկնաբանութեան միացած են նոր երանգաւորումներ, յատկանիշներ, որոնց ունեցած կարեւորութեան համար յաճախ կը խօսուի ընկերային դարմագլուխի, հաւաքական դրամագլուխի, տնտեսական դրամագլուխի ու մանաւանդ՝ մարդկային դրամագլուխի մասին։
Բայց ի՞նչ է իսկապէս մարդկային դրամագլուխը։
Մեկնելով այն իրողութենէն, որ մարդը անհրաժեշտ տարր մըն է տնտեսական աշխարհի մէջ, յատկապէս արտադրութեան մարզէն ներս, տնտեսագէտները կրցած են որոշապէս ճշդել գոյութիւն ունեցող կապը ձեռք բերուած արդիւնքներու եւ աշխատող անհատներու որակին միջեւ. աւելի պարզ խօսքով, երբ աշխատաւորը ունեցած է որոշ զարգացում, արդիւնքը եղած է համեմատաբար աւելի գոհացուցիչ։
Այս դիտանկիւնէն քննելով հարցը, մարդկային դրամագլուխը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ գումարը աշխատանքի լծուած մարդոց կարողականութեան, ճարտարութեան եւ զարգացումին։
Տնտեսագէտները կրցած են հաստատել, որ ընկերութեան մը կամ արդիւնաբերութեան մը արտադրութիւնը 3/5ով կը պատկանի մարդկային դրամագլուխին եւ 2/5ով միայն նիւթական սարքաւորումներու, դրամական ներդրումի, այլ խօսքով՝ նիւթական դրամագլուխին։
Տնտեսագէտները նաեւ կարեւորութեամբ կը շեշտեն այն իրողութիւնը, որ կարելի չէ պարտականութիւն մը կամ գործ մը լաւ կատարել, եթէ ենթական չէ ըմբռնած ի յառաջագունէ այն ծառայութիւնը, որ իր կատարելիք գործը կամ իրագործելիք առարկան կրնան մատուցել մարդկային ընկերութեան։ Այս կ՜ենթադրէ կրթական որոշ մակարդակ, ուսում, որոնց շնորհիւ թէ՛ արտադրողը եւ թէ ընկալողը կը դառնան գիտակից դերակատարներ։
Մելթոն Ֆրիտման եւ Շարլ Քինտպերժէ քննելով կրթութեան եւ ուսման դերը մարդկային դրամագլուխի կազմաւորման մէջ, խօսելով յատկապէս տնտեսական մարզին մասին, կը յայտնեն, որ ընդհանուր զարգացումը կը նպաստէ սպառողական առարկաներու տարածումին այն հիմնաւորումով, որ ընդհանուր զարգացումով մարդ ձեռք կը ձգէ կեանքի համար անհրաժեշտ հիմնական գիտելիքներ, որոնք ենթական կը դնեն ընկալումի մթնոլորտին մէջ եւ անոր կու տան լայն աշխարհահայեացք, մինչդեռ մասնագիտութիւնը կը սատարէ արտադրողական մարզի բարելաւման, որովհետեւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ արտադրութեան թէ՛ որակին եւ թէ քանակին։
Ա. Մարշալ «Տնտեսագիտութեան Սկզբունքները» խորագիրով իր գիրքին մէջ կ՜ըսէ. «Սպառողական եւ արտադրողական ձեռնարկներու մէջ, զարգացած մարդը ջանալով լաւագոյնս օգտագործել իր կարողութիւնները, անտարակոյս կը սատարէ նաեւ մշակոյթի մակարդակին բարձրացման»։
Այսպէս, արդիւնաբերութեան պարագային որքան զարգացած ըլլան աշխատաւորները, նոյնքան կը նուազին փճացումները, կը պակսին յումպէտս ծախսերը, կ՜աւելնան արտադրութեան որակն ու քանակը եւ կ՜իրագործուին նոր նուաճումներ։ Մէկ խօսքով, շահերը կ՜աճին եւ յառաջ կու գայ բարգաւաճում։ Մենք արդէն կը նկատենք, որ կարեւոր հաստատութիւններ մասնաւոր դասընթացքներով կը ջանան տեւաբար զարգացնել իրենց անձնակազմը, ի հարկին անոնց շնորհելով որոշ բարելաւում եւ յառաջացում իրենց պաշտօններուն մէջ։
Արդարեւ, վերեւ յիշուած մարդկային դրամագլուխին երկու յատկանիշները (զարգացում եւ մասնագիտութիւն) անվիճելի կարողութիւններ են, որոնց օգտագործումով ծրագրուած աշխատանքները կը կատարուին լաւագոյն արդիւնքով։
Տնտեսագիտական այս բացայայտ իրողութիւնները, յատկապէս այն ինչ որ կը վերաբերի մարդկային դրամագլուխի հիմնական յատկանիշներուն եւ դերին, մտածել կու տան մեզի, թէ որքան կարեւորութիւն պէտք է ընծայել մեր կառոյցներու որակական արժէքին։ Այս արդէն ինքնին ցոյց կու տայ անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի մշակութային դաստիարակութեան եւ կը մատնանշէ այն կարեւոր դերը, ի շարս այլոց, զոր մեր կրթական հաստատութիւնները կոչուած են կատարելու, ի խնդիր խմորումի մէջ գտնուող մեր մատղաշ սերունդներուն՝ վաղուան մարդկային դրամագլուխին առողջ կազմաւորման, անոնց ներշնչելով իրենց ստանալիք ընդհանուր զարգացումին առընթեր ազգային գիտակցութիւն, մշակոյթի սէր, ծառայութեան եւ յանձնառութեան ոգի եւ պատասխանատուութեան զգացում։

25-05-1994