Ատենէ մը ի վեր, Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութիւնը յաճախ դասադուլի կը դիմէ եւ կը մերժէ վերադառնալ դասերուն, մինչեւ որ կրթական նախարարութիւնը կամ իշխանութիւնները գոհացում տան իրենց բոլոր պահանջներուն։
Շարժումը ծայր տուաւ համալսարանի իրաւարանական ճիւղէն, ապա անցաւ մանկավարժութեան ճիւղը եւ, վերջապէս, ընդգրկեց Լիբանանեան Համալսարանի միւս բոլոր ճիւղերը։
Նախորդ տարիներէն աւելի լաւ կազմակերպուած՝ ուսանողները առաջացուցին ուսանողական կեդրոնական մարմին մը՝ Ուսանողական Միութեան Գործադիր Իշխանութիւնը, որուն շուրջ համախմբուեցան բոլորը անխտիր։ Իւրաքանչիւր ճիւղ այս մարմնին ներկայացուց իր հարցերը։ Ուսանողութիւնը, ամրապնդուած այս մարմինով, սկսաւ իր բողոքը յայտնել զանազան միջոցներով։
Ուսանողները առանձին չմնացին սակայն։ Հարցը փոխադրելով ազգային ընդհանուր շահերու ծիրէն ներս, անոնք, քանի մը օրէն, կրցան իրենց կողքին ունենալ բոլոր համալսարաններուն ուսանողութիւնը, որոնց մէկ մասը մասնակցեցաւ շարժումին, իսկ ուրիշներ ներկայացուցին իրենց հարցերը, պահանջելով համապատասխան լուծում։
Որպէսզի ընդհանրացած դասադուլը աւելի լաւ կազմակերպուի եւ չվրիպի իր հիմնական նպատակէն, ուսանողները կազմեցին Կեդրոնական Մնայուն Մարմին մը, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ համակարգել բոլոր համալսարաններու դասադուլի աշխատանքները, ծայր տուած շարժումը հասցնելու համար իր նպատակին։
Վերոյիշեալ Կեդրոնական Մարմինը, պատշաճ եղանակով, ներկայացուց ուսանողներուն պահանջները, կրթական նախարարութեան։
Բարեկարգութեան գլխաւոր պահանջները կը խտանային հետեւեալ կէտերուն մէջ.
1.¬ Անյապաղ ժողովի հրաւիրել Բարձրագոյն Ուսմանց Համալսարանական Խորհուրդը։ 1967ին ստեղծուած այս մարմինը, ցարդ որեւէ նիստ չէր գումարած։
2.¬ Ջնջել 1970 Մարտի կիսուն լոյս տեսած իրաւաբանական արուեստը բարեկարգող օրէնքին ա՛յն տրամադրութիւնները, որոնք երկու տարուան մասնագիտական յաւելեալ ուսում կը պարտադրեն, արդէն իսկ վկայուած ուսանողներուն։
3.¬ Գործ ապահովել համալսարանաւարտ ուսանողներուն։
4.¬ Տնօրէններ նշանակել Լիբանանեան Համալսարանի ա՛յն ճիւղերուն համար, ուր այդ պաշտօնները ներքին զանազան հաշիւներով թափուր կը մնան ցարդ։
Վերոյիշեալ հարցերուն նկատմամբ, Ն.Վ. Հանրապետութեան նախագահը մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը ցոյց տուաւ։ Նախագահը առանձին տեսակցութիւններ ունենալէ ետք կարգ մը համալսարաններու պատասխանատուներուն հետ, անմիջապէս ժողովի հրաւիրեց 1967ին կազմուած Բարձրագոյն Ուսմանց Համալսարանական Խորհուրդը, որ կը բաղկանայ կրթական նախարարէն եւ բոլոր համալսարաններու նախագահներէն։
Ուսանողներու բացակայութեան, այդ ժողովին մէջ խօսուեցաւ այն բոլոր պատճառներուն մասին, որոնք տուն տուին համատարած այս շարժումին։ Նախագահը գտաւ, որ բազմաթիւ հարցեր կան, որոնց լուծումը ո՛չ միայն օգտակար է, այլեւ՝ անհրաժեշտ։ Խոստացաւ անձամբ ուսումնասիրել զանոնք, հարցերուն ներկայացուցած կարեւորութեան կարգով։ Նոյն ատեն, որոշեց յաջորդ նիստին թուականը։
Ուսանողները դժգոհ մնացին այս կարգադրութենէն։
Անոնք կը խորհէին, թէ այդ խոստումները տագնապը սառեցնելու փորձեր էին։ Հետեւաբար, կարծրացնելով իրենց դիրքը, անոնք որոշեցին շարունակել պայքարը։ Տասը հազար հոգիի հասնող բազմութեամբ, համախմբուեցան Լիբանանեան Համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի բակին մէջ, եւ յետոյ, ցոյց կատարեցին քաղաքի փողոցներուն մէջ։
Քանի մը օր ետք, իրաւաբանական բաժանմունքը բողոքեց ուսանողներուն երկու տարուան յաւելեալ ուսումը ջնջելու առաջարկին դէմ, յայտնելով, թէ մեծ թիւով փաստաբաններ որոշած էին գործադուլի դիմել, ջնջումի պարագային։ Ըստ իրենց, հարցը կը վերաբերէր օրէնքի մը, որ անցեալ տարի լոյս տեսած էր եւ հետեւաբար, զայն փոխելու խնդիր չէր կրնար ծագիլ։
Ուսանողները, այս անգամ ջղագրգռուած՝ կոչ մը կ՜ուղղեն երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան, զանոնք հրաւիրելով մեծ համախմբումի մը, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի իրաւաբանական ճիւղի բակին մէջ։ Հաւաքուեցան 15 հազար հոգի (ուսանող թէ աշակերտ) եւ իրարու յաջորդեցին ամբոխավար եւ բոցաշունչ ճառերը։ Ապա՝ տողանցեցին, ուղղուելով դէպի խորհրդարան, պատահեցան անախորժ դէպքեր, ծրագրուած՝ ծայրայեղական տարրերու կողմէ, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց դէմ։ Դասադուլի Կեդրոնական Մարմինը առժամապէս վերջ դրաւ ցոյցերուն, մինչ Լիբանանեան Համալսարանի բոլոր ճիւղերուն շէնքերն ու գրասենեակները բռնագրաւուեցան ուսանողութեան կողմէ, որուն մարմինները, ուսանողներուն մէջէն, իւրաքանչիւր ճիւղին համար նշանակեցին տնօրէն, վարչական գործադիր քարտուղար, եւայլն։ Համալսարանի տնօրէնութիւնը, այս պայմաններուն մէջ, ուսանողութեան յանձնեց համալսարանին բոլոր բանալիները, որով՝ ուսանողութիւնը ինքզինք հռչակեց համալսարանին տէրն ու տիրականը։
Ուսանողները կրթական նախարարէն կը պահանջէին իրենց մասնակցութիւնը եւս ապահովել՝ համալսարաններու նախագահներու ժողովին, որ կը գումարուէր Հանրապետութեան նախագահին նախագահութեամբ։ Կը պահանջէին ներկայ գտնուիլ անպա ման, կարենալ պաշտպանելու համար իրենց տեսակէտները։
Հանրապետութեան նախագահը սիրով ընդառաջեց ուսանողներու փափաքին, անոնցմէ երկու ներկայացուցիչ հրաւիրելով յաջորդ նիստին, ապա՝ ճաշի համար վար դրաւ զանոնք։
Այդ նիստին, նախագահը ուսանողութեան յայտնեց, թէ կառավարութիւնը տրամադիր է ջնջելու որոշուած յաւելեալ երկու տարիները եւ այդ իմաստով օրինագիծ մը զրկուած է արդէն երեսփոխանական ժողովին, առ ի քննութիւն եւ պատշաճ տնօրինում։ Նոյն ատեն, խնդրեց ուսանողներէն, որ իրենց պահանջները ուսումնասիրուած եւ յստակ կերպով ներկայացնեն իրեն, նկատի ունենալով զանոնք իրագործելու հնարաւորութիւնները։
Տրուած խոստումները գոհացուցիչ նկատելով, Արաբական Համալսարանի ուսանողութիւնը վերջ դրաւ դասադուլին։ Ամերիկեան Համալսարանի ուսանողութիւնը, տեսնելով՝ որ այդ շարժումը պիտի չկարենայ օգտագործել քաղաքական այլ նպատակներու, ինքն ալ վերադարձաւ դասերուն։ Իսկ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի ուսանողութիւնը, որուն բժշկական ճիւղը բնաւ չէր մասնակցած դասադուլին, տնօրէն խորհուրդին առաջարկով բազմաթիւ ժողովներ գումարեց պատասխանատու ուսուցիչներուն հետ, լրջօրէն ուսումնասիրելու ուսանողութեան պահանջները եւ զանոնք ներկայացնելու համար բարձրագոյն իշխանութեանց։
Արդարեւ, մէկ շաբթուան աշխատանքէն ետք, պատրաստուեցաւ լուրջ տեղեկագիր մը, շուրջ երեսուն էջ, որուն մէջ հարցերը դրուեցան իրենց բնական հունին մէջ։ Իբրեւ եզրակացութիւն, առաջարկուեցաւ անոնց լուծման նպաստող զանազան եղանակներ եւ միջոցառումներ, որոնց մէկ մասը անմիջապէս իրագործելու, եւ միւս մասը՝ ժամանակի ընթացքին։
Վսեմաշուք Հանրապետութեան նախագահը, որուն ներկայացուեցաւ պատրաստուած տեղեկագիրը, հաղորդեց պատասխանատուներուն, թէ համաձայն է անոր պարունակութեան եւ որոշած է արդէն գործնական քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ։ Կրթական նախարարին տրամադրութիւնները նոյն եղած են այդ մասին։
Պարզուած նոր երեւոյթը դրական գտնելով, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի ուսանողութիւնը վերջ դրաւ դասադուլին, վստահելով պետութեան խոստումներուն, որոնց մէկ մասը սկսած էր գործնական կերպարանք ստանալ արդէն։
Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութիւնը մնաց առանձին եւ շարունակեց պայքարը։
Ան կը ներկայացնէր աւելի քան 18 կէտերէ բաղկացած պահանջներու ցանկ մը, որուն մէջ կարելի չէր գտնել ուսումնասիրուած որեւէ հարց, ոչ ալ լուծման տրամաբանական առաջարկ։ Կրթական նախարարը ընդունեց առաջարկներուն կարեւոր նկատուած մէկ մասը, որոշ մեղմացումներով, ընդունելով նաեւ ուսանողներու մասնակցութիւնը համալսարանի վարչութեան մէջ։ Սակայն, ուսանողները անդրդուելի մնացին ու շարունակեցին դասադուլը, պահանջելով, որ անմիջական եւ գործնական որոշումներ առնուին, խնդրոյ առարկայ բոլոր հարցերուն լուծում մը գտնելու համար։
Այդ պահանջները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերու մէջ։
1.¬ Ուսումը ձրի դարձնել։
2.¬ Զայն դնել ժողովրդավարական հիմերու վրայ (դպրոցներու եւ ուսուցիչներու թիւի յաւելում, դասագիրքերու գիներու նուազում, եւայլն)։
3.¬ Կրթական ծրագրի արդիականցում (անոր պատշաճեցումը լիբանանեան արդի կեանքին)։
4.¬ Գործի ապահովութիւն համալսարանաւարտներուն։
5.¬ Պայմանադրութեամբ այցելու ուսուցիչներ պաշտօնի կոչելու դրութեան վերացում։
6.¬ Իրենց ուսման աւարտին, պետական վարժարաննեու մէջ, պաշտօնի կոչել մանկավարժութեան եւ գիտութեան ճիւղերու ուսանողները։
7.¬ Վկայականներու դասաւորում (պետական իւրաքանչիւր գործի համար ճշդել Լիբանանեան Համալսարանի ուսման համապատասխան ճիւղի մը վկայականը եւ զայն դարձնել պարտադիր)։
8.¬ Պարտադիր դարձնել ընկերաբանութեան վկայականը բոլոր անոնց, որոնք պաշտօնի մը համար կը դիմեն Ընկերային Հարցերու նախարարութեան, Ծրագրի նախարարութեան եւ Ընկերային Ապահովագրութեան գրասենեակներուն։
9.¬ Դադրեցնել բոլոր անձնական դպրոցներուն նպաստները։ Աւելցնել պետական վարժարաններուն թիւը, որպէսզի ուղղակի պաշտօնի կոչուին ուսուցչական վկայական ունեցող համալսարանաւարտները։
10.¬ Խիստ հակակշռի ենթարկել ազատ վարժարանները եւ պահանջել անոնցմէ, որ պաշտօնի կոչեն վկայեալ ուսուցիչներ։
11.¬ Իրաւաբանութեան ուսանողներուն համար՝ ջնջել որոշուած յաւելեալ 2 տարուան ուսումը։
12.¬ Ստեղծել գիտական հետազօտութեանց կեդրոններ, մասնագիտական աշխատանքներ տանելու համար։
13.¬ Ներդաշնակել կրթական ծրագիրը արուեստից վարժարաններու ծրագիրներուն հետ։
14.¬ Բանալ բժշկական, դեղագործական եւ երկրաչափական նոր համալսարաններ։ Բարձրացնել արհեստից եւ արուեստից վարժարաններու մակարդակը համալսարանական մակարդակին։
15.¬ Բարեկարգել Լիբանանեան Համալսարանի վարչութիւնը։ ա) Մնայուն դասախօսներու թիւի յաւելում։
բ) Համալսարանի պիւտճէի անկախութիւն։
գ) Ղեկավարութեան մէջ տեղ տալ ուսուցիչներու, վերջ դնելու համար մենատիրութեան։
16.¬ Նկատի ունենալ ուսանողութեան կարծիքը դասացուցակներու եւ քննութիւններու պատրաստութեան եւ արձակուրդի օրերու որոշման ատեն։
17.¬ Ունենալ ուսանողներու յատուկ շէնք մը՝
¬ Իր արդիական ճաշարանով,
¬ Խաղավայրով,
¬ Մարզական բաժինով եւ սարքաւորումով,
¬ Զբօսարաններով։
18.¬ Քատրերու դրութեամբ՝ տալ կարգ մը մենաշնորհներ ուսուցիչներու,
¬ Ձրի երթեւեկ, պետական փոխադրական սպասարկութեանց մօտ,
¬ Զեղջուած գին՝ երկար ճամբորդութեանց,
¬ Զեղջուած գին՝ պանդոկներու,
¬ Զեղջուած գին՝ որոշ ճաշարաններու մէջ։
19.¬ Լիբանանեան Համալսարանի Ուսանողական Միութիւնը նկատել ղեկավար կեդրոնը բոլոր ուսանողական եւ աշակերտական միութիւններուն։
Այս պահանջներուն մեծ մասը ընդունուեցաւ սկզբունքային
գետնի վրայ եւ այդ ուղղութեամբ մշակուեցաւ նաեւ նախագիծ մը։ Կառավարութիւնը որոշեց, որ՝
1.¬ Ուսանողութիւնը, որոշ պայմաններով, մասնակցի համալսարանի ղեկավարութեան։
2.¬ Ջնջուի որոշուած յաւելեալ 2 տարիներու ուսումը իրաւաբանութեան ուսանողներուն համար։
3.¬ Պետական վարժարաններէն ներս նախապատուութիւն տրուի համալսարաններու գիտութեան եւ մանկավարժութեան
ճիւղերու շրջանաւարտներուն, պակսեցնելով թիւը այցելու ուսուցիչներուն։
4.¬ Հաստատուին ուսանողական ճաշարաններ։
5.¬ Բարեկարգութիւն մտցուի համալսարանի վարչութեան մէջ, նոր տնօրէններու նշանակումով։
6.¬ Արդիականացուի կրթական ծրագիրը։
7.¬ Կարգ մը նախարարութեանց մէջ պաշտօն ձեռք բերելու համար՝ նախապատուութիւն տրուի որոշ մասնագիտական վկայականներու։
8.¬ Ուսումնասիրուի ձրի ուսումի հարցը, գոնէ նախակրթարաններու համար։
Սեղմ գիծերու մէջ, ահաւասիկ ասոնք են Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութեան պահանջներն ու ձեռք բերած յաջողութիւնը։
Այժմ, կը ներկայացնենք Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի տեղեկագիրը։
Այս տեղեկագիրը հարցերը ամփոփած է գլխաւոր 4 կէտերու մէջ, մէկդի ձգելով ուսանողութեան կարգ մը երկրորդական պահանջները, որոնք ոչ մէկ լուրջ արժէք կը ներկայացնեն։ Այդ հարցերը հետեւեալներն են.
1.¬ Ճշդել Լիբանանի համալսարաններուն բնոյթը։
2.¬ Ձրի ուսում։
3.¬ համալսարանաւարտներու գործ հայթայթելու պետական յատուկ ծրագիր։
4.¬ Իրաւաբանութեան ուսանողներուն պարտադրուած 2 տարուան յաւելեալ ուսումի ջնջում, ընթացիկ չորս տարուան ծրագրին մէջ։
Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ համալսարաններ, որոնք կը գործեն համաձայն Լիբանանի սահմանադրութեան 10րդ յօդուածին, որ կը հաստատէ ուսման ազատութիւնը։
Այս օրէնքը, բնականաբար, Լիբանանին յատուկ չէ միայն։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունին պետական եւ ոչ¬պետական համալսարաններ, որոնք կը ծառայեն ժողովուրդին յառաջդիմութեան, առանց որեւէ կաշկանդումի։
Եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը նկատէ, թէ համալսարաններու բազմացումը այլեւս չի համապատասխաներ իր ազգային շահերուն, ազատ է փոփոխութեան ենթարկելու սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, եւ պահանջելու, որ բարձրագոյն ուսման գործը վերապահուի պետական համալսարանին։
Այդ պարագային, մնացեալ բոլոր համալսարանները պիտի փակեն իրենց դուռները։
Եթէ այս պիտի ըլլայ պետութեան դիրքը, շուտով պէտք է առնէ համապատասխան որոշում, որպէսզի 8էն 10 տարուան ընթացքին, կատարուի կեդրոնացման աշխատանքը։ Այլապէս, պաշտօնապէս պէտք է յայտարարուի, թէ ներկայ գոյավիճակը յարմարագոյնն է Լիբանանի դարաւոր կոչումին եւ իւրայատուկ դիրքին։
Պետական միակ համալսարան մը ունենալը, ի հարկէ, բազմաթիւ ազատ համալսարաններ ունենալու դրութեան վրայ՝ ազգային իմաստով առաւելութիւն մը չ՜ենթադրեր։ Բոլոր համալսարանները, ինչ անուն ալ կրեն անոնք, ազգային են, երբ հարցը կը վերաբերի պետական վկայականներու պատրաստութեան, ըստ պետական կրթական ծրագրին։ Քննութիւններն իսկ, այդ պարագային, տեղի կ՜ունենան պետութեան հսկողութեան ներքեւ։ Եթէ Լիբանանի մշակութային հարստութիւնը արժէք մըն է, որմէ կ՜օգտուի ան եւ որ կը նպաստէ իր գիտական ու բարոյական ճառագայթումին, կ՜արժէ ուրեմն, որ այդ մշակոյթը չզրկուի իր սնուցիչ տարրերէն եւ, հետեւաբար, պահուին անոր տուն տուող բոլոր հաստատութիւնները։
Այս պարագային, սակայն, ընդունելով հանդերձ անոնց անվիճելի օգուտը, եթէ որոշ պատշաճեցումներ եւ համակարգութիւններ չկատարուին կրթական ծրագիրներոն մէջ, համալսարաններու շատութիւնը կրնայ նաեւ վնասակար ըլլալ։
Ասիկա արդէն կ՜ենթադրէ ստեղծումը համալսարաններու ընկերակցութեան մը, որուն մաս պէտք է կազմեն բոլոր համալսարանները իրենց ներկայացուցիչներով։ Պետութիւնը, այդ պարագային, կը նշանակէ ընդհանուր տնօրէնի պատասխանատուութիւններով ընդհանուր քարտուղար մը, որ, վերոյիշեալ ընկերակցութեան մէջ, կը ներկայացնէ պետութեան յատուկ ուղղութիւնը։
Ուրեմն, այդ մարմինը կ՜ունենայ մասնագէտներու մնայուն գրասենեակ մը, ուր, գիտականօրէն կ՜ուսումնասիրուին ուսանողական բոլոր հարցերը։ Ուսանողները, իբրեւ անդամ, ի պաշտօնէ մաս կը կազմեն այդ ընկերակցութեան կողմէ ստեղծուած խորհուրդին։
Հանրապետութեան նախագահը եւ կրթական նախարարը համաձայն են վերոյիշեալ տեսակէտին։ Կը պահեն համալսարաններու ներկայ թիւը, որ կը նկատուի բարիք մը երկրի համար։ Առ այդ, տեղեկագիր մը յանձնուած է համալսարաններու տնօրէնութեանց, որպէսզի, անոնց համաձայնութեամբ, կեանքի կոչեն Համալսարաններու Ընկերակցութիւնը։
Համալսարաններէն առաջ, ցանկալի է, որ նախ երկրորդական վարժարաններն ու նախակրթարանները ձրի դառնան։ Եթէ երկրին պիւտճէական դժուարութիւններուն պատճառով կարելի չէ երկուքը միաժամանակ իրագործել, անհրաժեշտ է ա՛ռնուազն նախակըր- թութիւնը ձրի դարձնել, անխտիր բոլորին համար։ Միանգամ ընդմիշտ պէտք է վերջ դրուի ներկայ դրութեան, երբ համեստ նիւթական պայմաններու մէջ գտնուող ընտանիքներու զաւակները կը յաճախեն պետական վարժարաններ, իսկ բարեկեցիկ եւ հարուստ ընտանիքներու զաւակները անձնական վարժարաններուն մէջ կրթութիւն կը ստանան վճարովի։ Ամէ՛ն ընտանիք պէտք է իր զաւակը կարենայ ղրկել իր նախասիրած վարժարանը, ձրիաբար։ Նիւթական կացութիւնը արգելք պէտք չէ հանդիսանայ։ Պետութիւնը պէտք է նպաստներ բաշխէ անհատական կամ համայնքային բոլոր վարժարաններուն, իր անմիջական հակակշռին տակ առնելով անոնց պիւտճէները, ուսուցիչներու աշխատանքը եւ անոնցմէ պահանջուած որակը։
Գալով համալսարաններուն, հարցը պէտք է քննել թուական, ապա՝ որակական իմաստով։ Թուական անկիւնէն դիտուած, լիբանանցի ուսանողներու թիւը աւելի չէ, իր ժողովուրդին թիւին հետ համեմատած։ Արդարեւ, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, 1968¬1969 դպրոցական տարեշրջանի ուսանողութեան ընդհանուր թիւը 32376 էր, որուն միայն 13637ը լիբանանցի։
Ուսանողներու այս ընդհանուր թիւը իրականութենէն շատ հեռու է։ Բազմահազար օտարահպատակներ կու գան եւ՝ ձրիաբար կամ չնչին վճարումով, համալսարաններու մէջ կ՜ուսանին եւ վկայագիր ստանալով կը վերադառնան իրենց երկիրը։ Անոնց նպատակը ուսումը չէ անպայման։ Անոնք կ՜ուզեն օգտուիլ ուսանողի հանգամանքէն, ոմանք զինուորական ծառայութենէն զերծ մնալու նպատակով, ուրիշներ ա՛յն առաւելութիւններուն համար, որոնք կ՜ընծայուին ուսանողներուն։
Այս պայմաններու տակ, բնական է, որ մէկ տարուան ընթացքին պիտի ունենանք 18.739 համալսարանական օտար ուսանողներ։
Լիբանանի մէջ, պաշտօնի կոչուած աշխատողներուն 25.000ը միայն համալսարանական վկայական ունին։ Այս թիւը շատ չէ, բաղդատած բնակչութեան թիւին։ Զարգացած այլ երկիրներու մէջ, համեմատութիւնը 2 կամ 3 անգամ աւելի է։
Որակական իմաստով, պիտի տեսնենք, որ համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող դասախօսներուն թիւը շատ քիչ է, բաղդատած ուսանողութեան թիւին։ Կան հազար դասախօսներ, որոնց մէկ տոկոսը կը զբաղի նաեւ այլ գործերով. մինչդեռ, պէտք էր ունենալ 3¬4 հազար հոգի։ Այս կը նշանակէ, թէ դասախօսները ի վիճակի չեն համլսարանական կրթութեան կարիքներուն լիովին բաւարարութիւն տալու։ Քիչ են նաեւ հետազօտութեանց կեդրոնները։ Ներկայիս, Լիբանանի մէջ, քննութեան ներկայացող լիբանանցի աշակերտներու թիւը 11 հազար է, որուն վրայ աւելցնելով արտասահմանի մէջ ուսանող լիբանանցիներու թիւը (3500), կ՜ունենանք տարեկան 14,000 լիբանանցի ուսանող, որոնք կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը.¬
4913 ուսանող 36% Գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, ընկերաբանութիւն եւ հասարակական գիտութիւններ։
2325 ուսանող 17% Իրաւաբանութիւն։
1034 ուսանող 7,5% Տնտեսագիտութիւն եւ վաճառականութիւն։
1007 ուսանող 7,3% Ճարտարագիտութիւն։
772 ուսանող 5,7% Բժշկութիւն։
2266 ուսանող 16,6% Գիտութիւն։
1323 ուսանող 9,8% Զանազան ճիւղեր։
Կը պարզուի, որ երկրին պահանջներուն համապատասխան բաժանում չէ կատարուած ուսանողներուն մօտ։ Այս ընթացքով, քանի մը տարի ետք, ուսանողներու բանակ մը պիտի ունենանք, որոնք պիտի ստիպուին լքել երկիրը ու հեռանալ։
1969 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՎԿԱՅԵԱԼՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹԻՒԸ 2556
Այսպէս, արուեստի ճիւղերէն վկայուած ուսանողներուն թիւը,
երբ 424 վկայեալներով 1964ին կը ներկայացնէր մօտաւորապէս վկայեալ ընդհանուր ուսանողութեան թիւին 20 առ հարիւրը, 1969ին անիկա կը ներկայացնէր ընդհանուր թիւին 52 առ հարիւրը,
1329 վկայեալներով։
Իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ, 1964ին տրուած էր 205 վկայական միայն, 1969ին՝ անիկա բարձրացած էր 417ի։
1969ԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ
Երկրին ապագային համար՝ առողջութեան նշան չէ այս հոլովոյթը։ Ո՛չ միայն հին համալսարանները ի վիճակի չեն եղած պէտք եղած ուղղութիւնը տալ ուսանողութեան ճիւղերու բաժանումին, այլեւ՝ Լիբանանեան Պետակա՛ն Համալսարանը, որ բաղդատաբար նոր հաստատութիւն է, չէ կրցած, նոր ճիւղերով թեթեւցնել պարզուող անհաւասարակշռութիւնը։ Ինքն ալ ինկած է նոյն սխալին մէջ։
Առ այդ, անհրաժեշտ է ընդհանուր քաղաքականութեան մը որդեգրումը, որուն արդիւնքը ժամանակի կը կարօտի բնականաբար։ Սակայն, մինչ այդ, երկրին տնտեսութեան պահանջին համաձայն պէտք է բանալ նոր ճիւղեր, թեթեւցնելու համար ա՛յն ճիւղերը, որոնք շատ խճողուած են եւ անոնց ուսանողները պիտի ապրին անգործութեան տագնապը, իբրեւ հետեւեանք երկրին ներկայ կառոյցին։
Իրաւաբանութեան եւ գրականութեան ճիւղերուն մէջ պէտք չէ պարտադրել մուտքի քննութիւններ, ուսանողութեան թիւը պակսեցնելու դիտաւորութամբ, ինչպէս կ՜առաջարկեն ոմանք։ Այդ պիտի ըլլար հակառակ ժողովրդավարական սկզբունքներուն։ Որովհետեւ, լաւ պայմաններու մէջ պաքալորիան պատրաստած եւ յաջողած աշակերտը՝ աւելի դիւրութեամբ պիտի անցընէր այդ քննութիւնը, քան այն որ նիւթական միջոցներու անբաւարարութեամբ չէ կրցած բարձրորակ վարժարաններ յաճախել։
Նկատի ունենալով երկրորդական վարժարաններէն եկող ուսանողներուն յաճախ անբաւարար կրթական մակարդակը եւ համալսարանականներու մէջ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութեան անընդունակութիւնը, անհրաժեշտ է, որ, իրաւաբանական եւ գիտական ճիւղերուն համար, ինչպէս այդ կ՜ըլլայ արդէն բժշկութեան եւ երկրաչափութեան պարագային, նախապատրաստական տարի մը հաստատուի, որուն ընթացքին ուսանողը ինքզինք ամբողջութեամբ կը յատկացնէ ուսման։
Որպէսզի աշխատելու հարկադրանքին տակ գտնուող ուսանողները չզրկուին համալսարանական ուսումէն, պէտք է, որ նախապատրաստական տարուան ուսանողները թոշակ ստանան պետութենէն, իրենց ապրուստին համար։ Այդ տարուան ուսման ծրագիրը պիտի ըլլայ, գլխաւորաբար, համալսարանական մեթոտներու ուսուցում եւ ընդհանուր զարգացում։ Եթէ ուսանողը յաջողի անցնիլ Բ. դասարան, այն ատեն կրնայ աշխատիլ՝ հոգալով իր ապրուստը եւ ուսանելով միեւնոյն ատեն։
Այն ուսանողները, որոնք Բ. տարիէն սկսեալ, աշխատելու պարտաւորութեան պատճառով, չկարենան լման օրը դասերուն հետեւիլ, պէտք է օգտուին ուսման երկարատեւ մէկ դրութենէն, որ կը նախատեսէ 5¬6 տարի, փոխանակ օրինական չորս տարուան։ Ամէն պարագայի, ուսման մակարդակը բան մը պէտք չէ կորսնցէ իր արժէքէն։
Այս բոլորը, բնականաբար, ծախսեր կ՜ենթադրեն։ Լիբանանի կրթական նախարարութեան պիւտճէն, որ 1964ին 54 միլիոն լ. ոսկի էր, 1969ին՝ բարձրացած էր արդէն 111 միլիոն լ. ոսկիի, ինչ որ կը ներկայացնէ իր ընդհանուր պիւտճէին 17,6%ը, 1969ին։ Նոյն թուականին, այլ երկիրներու մէջ այդ համեմատութիւնը 19% էր, օրինակ՝ Եգիպտոսի մէջ։ Լիբանան կրնայ պզտիկ ճիգ մը եւս ընել, բարձրացնելու համար իր կրթական պիւտճէն։ Սակայն, յաւելեալ եկամուտը պէտք չէ գոյանալ նոր տուրքերու գանձումով, այլ՝ տուրքերու արդար գանձումով։ Այլապէս, ուսման ժողովրդավարութիւնը պիտի ըլլար ինքնախաբէութիւն մը։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ
Եթէ ծրագրի նախարարութեան տուած վիճակագրական տախտակները ճիշդ են, պէտք է հետեւցնել ուրեմն, թէ յաջորդ 10 տարիներու ընթացքին, որպէսզի Լիբանանի մէջ անգործութիւն չտիրէ, պէտք է, ամէն տարի, 18 հազար հոգի գաղթեն։ Համալսարանականներն իրենք եւս, եւ անխուսափելիօրէն, պիտի ենթարկուին այս կացութեան։
Ֆրանսացի տնտեսագէտ Մասուրի կատարած ուսումնասիրութենէն երեւան կու գայ, որ Լիբանանի մէջ պաշտօնի կոչուած մարդոց թիւը չի համապասխաներ կատարուած աշխատանքի արդիւնքին։ Պաշտօնեաներ, պետական կամ ազատ ասպարէզներու մարդիկ բաւարար չափով գործ չունին կամ չեն ուզեր աշխատիլ։
Ֆրոֆ. Զահլան Մակին ՄԱԿէն ղրկած իր տեղեկագրին մէջ կ՜ըսէ, թէ վերջին երեք տարիներու ընթացքին, լիբանանցի համալսարանաւարտներու թիւը կը հասնի շուրջ 2500ի։ Ասոնց մէկ մասը կը մնայ անգործ, որովհետեւ վկայականներուն համապատասխան գործ չի տրուիր անոնց, իսկ ուրիշներ ալ, որոնք որակեալ տարբեր են եւ կ՜ուզեն գիտական լուրջ հետազօտութեանց նուիրուիլ, այդպիսի կեդրոններ չգտնելով, դժբախտաբար, կը գաղթեն եւ իրենց արդիւնաւէտ ծառայութիւնը կը մատուցանեն աւելի լաւ կազմակերպուած երկիրներու։
Արդարեւ, երկրին բոլոր զաւակներուն իրաւունքն է հայրենիքին մէջ ապրիլ, եւ պատասխանատուները պարտաւոր են անոնց գործ հայթայթել։ Եթէ արտագաղթը հետեւանք է պետութեան անհեռատես քաղաքականութեան, ապա ուրեմն, աններելի է անիկա։ Նախընտրելի է թերեւս անգործներու հոյլ մը ունենալ, որովհետեւ, օր մը, անոնք կրնան պոռթկալ եւ ցնցել երկրին կառոյցը ու բարեփոխել զայն՝ շնորհիւ իրենց մասնագիտութիւններուն, քան թէ մատնել զայն մնայուն թմբիրի մը՝ իր լաւագոյն զաւակներուն մեկնումով։ Ծանօթ է արդէն բոլորիս, որ օտար երկիրները ինչպիսի խայծերով կը շահագրգռուին եւ կը տանին պատրաստուած երիտասարդները, որոնք սուղ արժած են ո՛չ միայն իրենց ծնողներուն, այլեւ՝ նոյնինքն պետութեան, ժողովուրդին։
Այս բոլորին առաջքը առնելու համար, անհրաժեշտ է, որ երկրին տնտեսական կառոյցը աւելի առողջ եւ արդար հիմերու վրայ դրուի, որպէսզի ժամանակի հոլովոյթով եւ իրարու բնական ընթացքով՝ նոր գործեր բացուին։ Առ այդ, պէտք է ստեղծել գիտական հետազօտութեանց կեդրոններ։
Իբրեւ անմիջական միջոցառում, կարելի է խնդրել իւրաքանչիւր նախարարութենէն, որ յաջորդական 4 տարիներու համար յայտնեն պաշտօնի կարելիութիւնները իրենց սպասարկութենէն ներս։ Այս բոլորը կարելի է ցուցակադրել եւ ուսանողները կրնան, իւրաքանչիւր տարուան սկիզբը, գիտնալ պաշտօնի կարելիութիւնները պետական գրասենեակներուն մէջ։
ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՅԱՒԵԼԵԱԼ 2 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ
Հարցը հետեւեալն է.
Երբ իրաւաբանութեան ուսանող մը իր քառամեայ համալսարանական ուսումը աւարտէ եւ փափաքի աշխատիլ իբրեւ փաստաբան, պարտաւոր է արձանագրուիլ Իրաւաբանական Կաճառին, վճարելով 4000 լ. ոսկի, որուն 1500ը արձանագրութեան օրը, իսկ մնացեալը՝ երկու տարուան փորձառական շրջանէն ետք։ Արդարեւ, ան կը պարտի երկու տարուան փորձառական շրջան մը բոլորել եւ, նոյն ատեն, ըստ 11 Մարտ 1970ի օրէնքին, 2 տարուան յաւելեալ մասնագիտական ուսում ստանալ, ինչ որ ուսման ընդհանուր տեւողութիւնը, անուղղակիօրէն, կը բարձրացնէ 4էն 6 տարուան։
Ահաւասիկ այս տրամադրութեան դէմ է, որ կը բողոքեն ուսանողները։ Անոնք կ՜առարկեն, թէ Իրաւաբանական Կաճառը իրաւունք չունի, յաւելեալ տարիներով եւ պարտադրուած մեծ գումարներով, յուսալքելու ոչ¬բարեկեցիկ պայմաններու մէջ գտնուող ուսանողը, մինչեւ իսկ բարոյապէս ստիպելով զայն, որ լքէ իր նախասիրած ապսարէզը։
Տեղեկագիրը կ՜ըսէ, թէ Իրաւաբանական Կաճառը իրաւունք ունի համալսարանաւարտներէն պահանջելու աւելի լաւ պատրաստութիւն եւ, հետեւաբար, նաեւ յաւելեալ կարգ մը նիւթերու ուսում, որոնք մաս չեն կազմեր համալսարանական սովորական ծրագրին։
Սակայն, ուսման ծրագիրը կարելի է այնպէս դասաւորել, որ եթէ պահանջուած նիւթերը մեծածաւալ չեն, դասաւանդուին սովորական չորս տարիներու ընթացքին։
Ինչպէս վերը ըսինք, կառավարութիւնը որոշած է ջնջել յաւելեալ 2 տարուան մասնագիտական ուսումը, զայն կցելով չորս տարուան ծրագրին։ Այս ուղղութեամբ, օրինագիծ մը արդէն իսկ ներկայացուած է Երեսփոխանական Ժողովին։
Ինչ կը վերաբերի նախակրթութիւնը ձրիավարժ դարձնելու եւ նոր սերունդներուն գործ հայթայթելու խնդրին, պետութիւնը պարտականութիւն տուած է արդէն Ծրագրի նախարարութեան, որ վիճակագրական վերլուծումներով ձեռնարկէ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններու, որպէսզի կարելի արագութեամբ տրամաբանական լուծում մը գտնուի այս հարցին։
Տրուած մանրամասնութիւնները մեզի կը թելադրեն, որ ուսանողական հարցերը բնորոշենք հետեւեալ 3 կէտերով.
Ա) ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
¬ Շէնքերու հարց,
¬ Կրթական ծրագիր,
¬ Տնօրէններու նշանակում,
¬ Մնայուն դասարաններու նշանակում,
¬ Որակեալ դասախօսներու նշանակում,
¬ Ուսանողական ճաշարանի, բնակարանի եւ զբօսարանի հարց,
¬ Ուսանողներու տրուելիք դիւրութիւններ (փոխադրութիւն, շարժանկար, եւայլն)։
¬ Լիբանանեան Համալսարանը նոր ճիւղերով օժտելու հարց (բժշկութիւն, երկրաչափութիւն, եւայլն)։
¬ Տըքուէնիի Արհեստից եւ Արուեստից վարժարանները համալսարանական մակարդակի բարձրացնելու հարց։
¬ Պետական համալսարաններու վարչական մեքենան լաւապէս կազմակերպելու խնդիր,
¬ Ուսանողութեան մասնակցութիւնը՝ համալսարաններու ղեկավար մարմիններուն։
Բ) ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ԲՆՈՅԹԸ
¬ Իր ապագայի գործին առընչութեամբ՝ ուսանողը կ՜ապրի անստուգութեան մէջ։
¬ Այդ ուղղութեամբ, վկայականը ապահովութիւն մը չի ներշնչեր ուսանողին։
¬ Համալսարանաւարտներ անգործ կը մնան տարիներ շարունակ, կամ կ՜աշխատին իրենց մակարդակին անհամապատասխան գործերու մէջ, յուսալքող վճարումներով։
¬ Ի վերջոյ, յուսահատելով, կը ստիպուին գաղթել, լքելով հայրենական օճախն ու ընտանեկան բոյնը եւ կամ իրենք զիրենք յանձնելով միջազգային հոսանքներու բախտին։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութիւնը չկրցաւ իր պահանջները վերածել սկզբունքային հարցերու, չկրցաւ զանազանութիւն դնել հիմնականին եւ երկրորդականին միջեւ։ Ուսանողները չկրցան իրենց հարցերը ուսումնասիրուած ձեւով եւ ըստ անոնց ներկայացուցած շահեկանութեան ներկայացնել։ Կան հարցեր, որոնց կարելի է շուտափոյթ լուծում մը գտնել։ Կան, սակայն, ուրիշ հարցեր ալ, որոնց ուսումնասիրութիւնը կը կարօտի երկար ժամանակի։ Ուսանողները դիմեցին ծայրայեղութիւններու, պահանջելով՝ որ պետութիւնը գոհացում տայ իրենց բոլոր պահանջներուն, իրագործելի ըլլան անոնք թէ ոչ։
Ըստ երեւոյթին, շարժումը կը կրէր ազդեցութիւնը կարգ մը քաղաքական կուսակցութեանց։ Ուսանողները ենթարկուեցան անոնց, առանց սակայն զիրենք շահագրգռող հարցերուն նկատմամբ քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերելու։ Անոնք չկրցան կամ չուզեցին զանազանել կարեւորը եւ անկարեւորը, անմիջականը եւ հեռաւորը։
Միամտութիւն պիտի ըլլար մտածել, թէ բարձրագոյն ուսման տագնապը կարելի պիտի ըլլար լուծել պետութեան ըրած կարգ մը զիջումներով կամ քանի մը նպաստաւոր կարգադրութիւններով։ Ուսանողութեան կողմէ ներկայացուած վերոյիշեալ հարցերը, իրենց ընկերային եւ տնտեսագիտական բնոյթով, կը շահագրգռեն ամբողջ ընկերութիւն մը, որ, պահանջը կը զգայ բարեշրջելու իր կառոյցը, որպէսզի չմնայ աններդաշնակ եւ անյարիր։ Ասոնք ազգային լուրջ հարցեր են, տրուած ըլլալով, որ ի յառաջագունէ, իրենց ապագային հետ կապուած խնդիրներ են։
Լուծման կարօտ անյետաձգելի հարցեր կան, եւ կան այլ հարցեր, որոնք երկրի կառոյցին փոփոխութեան կը կարօտին։ Անհրաժեշտ է թերեւս, որ մենք եւս՝ ղեկավար, ուսուցիչ եւ ուսանող, փոխենք մեր մտածելակերպը լուրջ բնոյթ կրող ընդհանրական հարցերու նկատմամբ։
Այս է պարագան այն բոլոր երկիրներուն, ուր տնտեսութիւնը, իր զարգացման ուղիին մէջ, աններդաշնակ է ընկերութեան յարաճուն պահանջներուն հետ։ Անհրաժեշտ է պետութեան լուրջ, իմաստուն եւ հեռատես միջամտութիւնը։
Ուսանողական դասադուլը, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, յատուկ չէ Լիբանանին միայն։ Վերջին հինգ տարիներուն, նոյնն է պարագան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ։
Ըստ երեւոյթին, անիկա ուսանողութեան բողոքի ձայնն է, ուղղուած՝ համալսարաններու ղեկավարութեան, ի խնդիր զիրենք շահագրգռող կարգ մը բարեկարգութեանց։ Ըստ էութեան, սակայն, ատիկա ծառացումն է ուսանողութեան, երկրին մէջ տիրող ընկերային, քաղաքական եւ վարչական կարգերուն դէմ։
Այլեւս ուսանողը գիտակից է դարուս ցաւերուն, մարդկութիւնը յուզող բոլոր հարցերուն։ Ան իր անձին վրայ կը կրէ ընկերային անարդարութիւններու հետեւանքը եւ սրտին մէջ կը պահէ խռովքը վաղուան անստոյգ կացութեան։ Ան չ՜ուզեր այլեւս ապրիլ լուսանցքի վրայ, ինչպէս էր անցեալին։
Ան ոչ մէկ վստահութիւն ունի ղեկավար տարրին վրայ, զոր կը նկատէ եսակեդրոն եւ անհաղորդական, ու անատակ՝ իր հարցերուն դրական լուծում մը բերելու։
Ան կ՜ուզէ շրջել պետական վարչական մեքենան, զոր կը գտնէ նեխած, եւ կառավարուած մարդոց կողմէ, որոնք ժամանակավրէպ են, հետեւաբար կարելի չէ սպասել անոնցմէ արդիւնաւէտ որեւէ ձեռներէցութիւն։ Ուսանողները կ՜ուզեն, որ անոնք լքեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ յանձնեն իրենց տեղը երիտասարդ սերունդին, ի մասնաւորի անոնց, որոնք օժտուած են արդիական գաղափարներով եւ նոր մտայնութեամբ, հաղորդակից ըլլալով դարուն ընդհանուր հոգեվիճակին, ունենալով գիտական նուաճումներու համապատասխանող հայեցի ու լայն հորիզոններ։
Բազմաթիւ են այն հեղինակները, որոնք սնունդ կու տան այս մտայնութեան։
«Ժողովրդավարութիւնը,¬ կ՜ըսէ Էմմանուէլ Մունիէ,¬ որ կը թուի ըլլալ լաւագոյն դրութիւնը նոր ժամանակներու՝ մարդկային իրաւանց եւ ազատութեան պահպանման համար, այն ձեւով, որ կը կիրարկուի բոլոր երկիրներուն մէջ, կը ներկայացնէ իսկական ստախօսութիւն մը եւ խաբէութիւն մը։ Որովհետեւ, ինչ որ ժողովրդավարութիւնը կու տայ մարդուն իբրեւ ազատութիւն, դրամը եւ անհատներու ազդեցութիւնը զայն կը խլեն անոր ձեռքէն, զինք դարձնելով գերի»։
Ուրիշ տեղ մը ան կ՜աւելցնէ.
«Այլեւս երիտասարդութիւնը ընտրութիւն չունի կիսամիջոցներու
եւ յեղափոխութեան միջեւ։ Այլ՝ ունի յեղափոխութեան (որ պէտք է փորձէ իր իրաւ ազատութիւնը եւ մարդկային այլ արժէքներ) եւ արժէքներու ու միջոցներու միջեւ (որոնք կը խեղդեն իր ազատութիւնն ու իրաւունքները)։ Ահաւասիկ ասոր համար է, որ երիտասարդութիւնը համաձայնութիւն կը յայտնէ մեծ եւ իսկական ժողովրդավարութեան եւ կը հակառակի կեղծիք բուրող ժողովրդավարութեան։ Բնականաբար, մեծ ճամբաներու համար անհրաժեշտ են մեծ միջոցներ»։
Այս մտածումները արձանագրուած են 1934ին, «Democracie et Revolution» գրքին մէջ։
Ուսանողութիւնը մարդկային հսկայ ուժ մըն է, որուն պէտք է տեղ բանալ բոլոր մարզերուն մէջ, հայրենիքի ընկերային հետագայ գոյավիճակին եւ տնտեսական կառոյցին զարգացման համար։ Հետեւաբար, այդ ուսանողութեան պէտք է տալ առողջ եւ կենսունակ դաստիարակութիւն մը, տրուած ըլլալով, որ նոր սերունդը կը բերէ կենսունակութեան աւիւնն ու նորութեան շունչը։
Սակայն, նոր սերունդն ալ պէ՛տք է գիտնայ, թէ ներելի չէ դիմել բոլոր միջոցներուն անխտիր, բարեկարգութիւններ պահանջելու կամ իրագործելու համար։ Ան պէտք է գիտակցի, որ քանդումն ու փլուզումը բացասական միջոցներ են, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ ամէն գնով։
Այս ուսումնասիրութիւնը կը վերջացնենք ֆրանսացի մեծ տեսարան՝ Կրիոթըրէյի մտածումով.
«Անկասկած երիտասարդութիւնը ունի յոյսեր ու գաղափարներ, որոնք կրնան նախորդող սերունդինը եղած չըլլալ, բայց որուն կարողութիւնն ու փորձառութիւնը կարելի է օգտագործել երկրի մը բարգաւաճման ու անոր ժողովուրդին բարօրութեան համար։ Իսկ եթէ երիտասարդութիւնը կը պայքարի պարզապէս իր եսն ու անհատականութիւնը ցուցադրելու համար, այդ պարագային, մեր պատասխանը կ՜ըլլայ ժխտական, քանի որ ատով իսկ ինք կը դառնայ վնասակար եւ անընդունելի։