Հայ դպրոցը կը գտնուի կրթականօրէն վերակազմակերպուելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ Իբրեւ շէնք ու հաստատութիւն իր նախնական վիճակէն դուրս գալով՝ հայ դպրոցը հարկադրաբար պէտք է վերանայի իր հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն վրայ։ Մա՛նաւանդ ազգային կազմակերպուած կեանք մը ստեղծելու արտասահմանի հայութեան ներկայ ճիգերուն տեսանկիւնէն, նորահաս սերունդներու հայեցի պատրաստութեան խնդիրը կը ստանայ հրամայական նշանակութիւն։
Ժամանակի նոր պահանջներուն եւ հասնող սերունդներու նոր հոգեբանութեան հետ, հայեցի դաստիարակութեան ըմբռնումը եւս կը ստանայ նոր բովանդակութիւն։ Հայ դպրոցը կրնայ յաջողիլ իր ազգային դերին մէջ ա՛յն ատեն միայն, երբ պատշաճ փոփոխութեամբ ու հայեցի կրթութեան նոր ծրագրումով մը կրնայ քայլ պա- հել ժամանակին հետ։
Հայեցի կրթութեան ներկայ ծրագիրը արդիականացնելու եւ աւելի արդիւնաւոր դարձնելու առաջադրութեամբ, «Ազդակ» նախաձեռնած է կրթական հարցականի մը քննարկումին։ Խմբագրութիւնը պատրաստած է հայեցի կրթութեան մասին չորս հարցումներ եւ տրամադրած է զանոնք գաղութի կրթական թէ հանրային գործիչներուն։ Կը յուսանք, որ այդ հարցարանին տրուած պատասխանները կը բովանդակեն անհրաժեշտ կարծիքներն ու վերլուծումները՝ որպէսզի մեկնակէտ ընդունուին հայեցի կրթութեան նոր ծրագրումին համար։ Մեր այսօրուան թիւով կու տանք այդ պատասխաններէն առաջինը, որ կը պատկանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պր. Ոսկեբերան Արզումանեանին։
– Ի՞նչպէս կը սահմանէք ապագայ հայու տիպարը. ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենան մեր ազգային վարժարաններէն շրջանաւարտ հայ պատանին ու երիտասարդը, իբրեւ քաղաքացի եւ իբրեւ հայութեան համար աշխատող անհատ։
– Ընդունուած ճշմարտութիւն եւ անվիճելի իրողութիւն է որ Սփիւռքի տարածքին վրայ հայ դպրոցը կը հանդիսանայ մեր ազգային գոյութեան հիմնական կռուաններէն մէկը։ Որքան ատեն որ մենք կարենանք, շնորհիւ մեր կրթական հաստատութիւններուն, ըլլան անոնք ազգային վարժարաններ կամ անհատական եւ կամ միութենական այլ ձեռնարկներ, անվթար պահել մեր լեզուն ու ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային գիտակցութեան կենդանի ոգի աճող նոր սերունդներուն, այնքան ատեն կը վանենք մեզմէ ուծացումի արհաւիրքը։
Կան սակայն այլ հրամայականներ։ Իր պատմութեան կապուած քաղաքական դէպքերու դժբախտ դասաւորումով, Արտասահմանի մէջ՝ հայը քաղաքացին է այն հիւրընկալ երկրին՝ զոր ինք ընտրած է իբրեւ երկրորդ հայրենիք եւ որուն հանդէպ կրնայ միայն երախտապարտ ըլլալ։ Այս գոյավիճակէն կը բխին պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ։ Լիբանանի պարագային, ճանչցուած են հայ համայնքին սահմանադրական իրաւունքները։ Անկախաբար քաղաքացիական օրինական պարտաւորութիւններէն՝ ունինք նաեւ մեր սեփական շահերը հետապնդելու հարց, անհատական թէ ազգային-հաւաքական տեսակէտէն դիտուած։ Հայը իբրեւ ընկերային մէկ տարր, պատկանելով իրեն ծնունդ տուող ընկերային բջիջին, կորիզին, որ այս պարագային իր ընտանիքն է եւ իր սեղմ ազգային միջավայրը (դպրոց, եկեղեցի, ակումբ…), կը պատկանի նաեւ բառին լայն հասկացողութեամբ զինքը շրջապատող միջավայրին, որուն ազդեցութեան տակն է անխուսափելիօրէն եւ որուն հետ աղերս ունի իր անհատականութեան ներդաշնակ զարգացումը։
Հայը չի կրնար շարունակել կղզիացած ապրիլ, ըլլայ իր առօրեայ աշխատանքին վերաբերող յարաբերութիւններու հետեւանքով, ըլլայ իր ընթացիկ կեանքի պահանջներուն թելադրութեամբ. ան կապ պիտի պահէ իր շրջապատին հետ, հաղորդակից պիտի ըլլայ անոր հոգեկան ապրումներուն, նաեւ մտահոգութիւններուն։ Կարենալ բարոյապէս եւ նիւթապէս հիմնաւորելու համար իր կեանքը, մինչեւ այն ատեն երբ հնարաւորութիւններ ստեղծուին հայրենիք վերադառնալու, ան պիտի վերջ տայ գաղթականի հոգեբանութեան լուսանցքային այն գոյավիճակին, որ զանազան բացատրելի պատճառներով յատկանշեց վերջին յիսուն տարուան իր կեանքը Լիբանանի մէջ։ Հետեւաբար, վարժարաններու միջոցաւ մենք պէտք է ձգտինք հայը էապէս հայ պահելու մեր վսեմ նպատակին, դրոշմելով անոր հայու անբասիր դիմագիծ եւ, միւս կողմէ, պէտք է նպաստաւոր պայմաններ ստեղծենք հոն՝ զայն դարձնելու համար լաւ լիբանանցի։
– Ի՞նչ ձեւի հայեցի կրթութիւն մը կրնայ նպաստել նորահաս սերունդներուն մօտ վերոյիշեալ տիպարը կերտելու գործին։ Հայկական ո՞ր արժէքները եւ դասանիւթերը պէտք է մաս կազմեն մեր ուսումնական ծրագիրներուն։
– Վերոյիշեալ տիպարը կերտելու համար անհրաժեշտ է, ազգային կրթութեան աշակերտը գօտեպնդել ցեղին իրաւ արժէքներուն հանդէպ ցուցադրելիք հաւատքով։
Որպէսզի օտար մշակոյթներու պսպղուն ցոլքերով չկուրանայ, անոր պէտք է ներշնչել հպարտութեան զգացում մը ազգային այն դարաւոր մշակոյթին համար, որ իրեն ժառանգ ձգուած է իր նախնիքներուն կողմէ, եւ մշակութային այն մեծ իրագործումներուն համար, որոնք մեր օրերուն կը կատարուին իր ցեղակիցներուն կողմէ, թէ Մայր Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վերջապէս ան պէտք է գիտակից դառնայ մեր ազգային պահանջներուն, մեզմէ կորզուած իրաւունքներուն։ Հետեւաբար, հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, կրօնը, հայ մշակոյթի պատմութիւնը, հայ ֆոլքլորը (երգը, պարը) եւ մանաւանդ հայոց պատմութիւնը (հին եւ նոր), պէտք է առանցքը կազմեն մեր կրթական ծրագիրներուն։
– Ընդհանուր առմամբ կրթական ի՞նչ քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրել մեր տղոց հայեցի պատրաստութիւնն ու քաղաքացիական դաստիարակութիւնը ներդաշնակ եւ արդիական դարձնելու համար։
– Հիմնուելով վերոյիշեալ սկզբունքային տեսակէտներուն վրայ, կը խորհինք որ մեր կրթական հաստատութիւնները պէտք է ունենան առաքելութիւն, հայը լաւ հայ եւ միեւնոյն ատեն լաւ լիբանանցի պահելու։ Ասիկա կÿենթադրէ որ անոնք պէտք է կիրարկեն կրթական երկու յատուկ ծրագիրներ։ Մէկը ազգային, միւսը պետական։
– Որո՞նք են նման քաղաքականութեան մը որդեգրումին առջեւ դրուած հիմնական դժուարութիւնները։
– Պէտք է ընդունիլ որ թէպէտ դժուար է իրագործել վերեւ յիշուած առաջադրութիւնները բայց ոչ անկարելի։ Դժուար է անոր համար որ նոյն անձին մէջ կ՜ուզենք տեսնել հաւասարապէս երկու էութիւններ։ Երկփեղկում միութեան մէջ։ Կրնայ մէկուն առաւել զարգացումը խաչաձեւել միւսին ընթացքը։ Այս սէմպիոզը, (symbiose) ինչպէս սովորութիւն է ըսել, պէտք է այնպէս մը տրուի որ մէկը միւսը ամբողջացնէ։ Երկու կրթական ծրագիրներու գործադ- րութիւնը մեր աշակերտներուն դասացուցակը մեծապէս կը խճողէ
եւ զայն դժուարամարս կը դարձնէ։ Պէտք չէ չափազանցել, անհամեմատօրէն ծանրաբեռնելով աշակերտները, եթէ չենք ուզեր որ անոնք իրենց մատղաշ տարիքին մէջ դառնան մտքով եւ գլխով յոգնած տարրեր։ Պէտք է կարեւորութիւն ընծայել ջամբուած դասաւանդութեան որակին եւ ոչ քանակին։ Ասիկա կը նշանակէ, ինչպէս կարելի է անմիջապէս ենթադրել, որակեալ ուսուցչական կազմ։ Մեր աշխատանքները պէտք է զարգացնենք նաեւ այս ուղղութեամբ։ Չի բաւեր միայն զարգացած ուսուցիչներ ունենալ։ Անոնք պէտք է տիրացած ըլլան մանկավարժական արդիական մեթոտներուն, որպէսզի դասաւանդուած նիւթերը աւելի շուտ եւ հեշտօրէն իւրացուին աշակերտներուն կողմէ։ Անոնք պէտք է մանաւանդ ըմբռնեն այս բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք տեղ տուին այս հարցազրոյցին։ Վերջին հաշուով որակեալ եւ խղճամիտ «արհեստաւորն» է, որ կ՜արտադրէ աւելի մաքուր, աւելի արագ եւ աւելի շատ։ Այս ալ անշուշտ կ՜ենթադրէ նիւթական կարելիութիւններ, որոնց մասին պէտք է մտածենք ազգովին։