ՀԱՅՐ ԱՐԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ, ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ԻԲՐԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻՆ
Արժանապատիւ Հայրեր, Յարգելի ժողովականներ, Սրտի խոր գոհունակութեամբ կ՜ողջունենք ժամանումը եւ ներկայութիւնը մեր մէջ Գերաշնորհ Հայր Արամ վարդապետ Քէշիշեանի որ ընդառաջելով Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովի փափաքին անյապաղ վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն ուր կը պատրաստէր իր Տոքթ. թեզը ստանձնելու համար իր նոր պատասխանատուութիւնները։ Լիբանանի թեմը ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամենակարեւոր թեմն է իր բազմաթիւ եկեղեցիներով…