ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ (1968)

Սիրելի Բարեկամներ Խօսիլ ազգային վարժարաններու մասին կը նշանակէ շօշափել մեր գաղութահայ կեանքը հետաքրքրող շատ կարեւոր հարցերէն մէկը։ Եթէ կ՜ընդունինք որ գաղութներու մէջ մեր հիմնական գործը ազգապահպանումն է ապա ուրեմն հայ դպրոցը կը հանդիսանայ անվիճելի կռուան մը ազգային արժէքներու, մեր լեզուին, պատմութեան եւ մեր աւանդութեանց պահպանման տեսակէտէն։ Հայ վարժարաններու մէջ տրուած հայեցի դաստիարակութեամբ հայ մանուկը հաղորդակից…

ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Վեհափառ Տէր, Գերաշնորհ, Գերապայծառ, Գերապատիւ, Արժանապատիւ Հայրեր եւ Վերապատուելիներ Յարգարժան  Պետական  Երեսփոխաններ Սիրելի Հանդիսականներ,   1976 թուին, Երջանակայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս նկատի ունենալով իր առողջական ծանրակշիռ վիճակը, մասնագէտ բժիշկներու թելադրութեամբ եւ յետ խորհրդակցութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովին հետ, 20-1-1977 կոնդակով կը յայտնէր վարչական գործերէ հեռու մնալու իր որոշումը եւ կը թելադրէր որ իր կենդանութեան…

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10- ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

20 Յուլիս 1955ին հուսկ իր շունչը կ՜աւանդէր 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին մէջ, քարիւղի աշխարհահռչակ դէմք եւ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան։ Ան մեռաւ Փորթուկալի մէջ, ուր եկած էր հաստատուելու իր կնոջ Նուարդին հետ 1942ին, իր մահուընէ ճիշդ 13 տարի առաջ։ Իր կինը մեռած ըլլալով 1952ին, ան կը թողուր իր ետին իր անդրանիկ մանչ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի 21 Մարտ 1982, ժամը 11-ին Սինեմա գերմանիկ   Մեծաշուք Տիար Դատական Նախարար Ներկայացուցիչ Նորին Վսեմափայլ Տիրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Էլիաս Սարգիսին   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմը՝ մեծապէս զգացուած է սիրոյ եւ գնահատանքի այն արտայայտութենէն զոր ցոյց տուաւ նորին վսեմութիւնը, բարեհաճելով ընդունիլ հովանաւորութիւնը Դպրեվանքի յիսնամեակին նուիրուած այս հանդիսութեան եւ ձեր ներկայութեամբը պատուել մեզ, կը…

ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երախտարժան Փրոֆեսէօր Խաչեր Գալուստեանի մահուան 20¬ամեակի առիթով զինքը ճանչցողներէն եւ սիրողներէն յանձնախումբ մը կազմուած է որ լծուած է գրական յուշարձան մը կանգնելու ազնիւ գաղափարին գործադրութեան աշխատանքին։ Առ այդ ի շարս ուրիշներուն, վերոյիշեալ յանձնախումբը դիմած է նաեւ ինծի խնդրելով որ գրեմ իր մասին իբրեւ կրթական մշակ։ Դժբախտաբար իմ ծանօթութիւնս Պ.  Գալուստեանի  հետ  շատ սահմանափակ էր։ Ճանչցած…

ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՎԵՀԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ

Գերապատիւ Առաջնորդ Հայր Սուրբ, Գերապատիւ Հայրեր, Յարգելի Պետական Երեսփոխան, Պատուարժան ներկաներ, Սիրելի ՀԵՀՈՄականներ   «Ինչպէս հայ համալսարանական մը կրնայ օգտակար ըլլալ իր ժողովուրդին եւ որոնք են ազգային հաստատութիւններէն ներս ծառայելու կարելիութիւնները իբրեւ ապագայի ասպարէզ»։ Թոյլ տուէք նախ շնորհաւորեմ ՀԵՀՈՄի վարչութիւնը որ հայ համալսարանական ուսանողները շահագրգռող այսքան շահեկան եւ այժմէական հարցազրոյց մը կազմակերպած է։   Սիրելի…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԱԾ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ

Գերապատիւ Հայր Սուրբ, Սիրելի ՀԵՀՈՄականներ   Պիտի ուզէի նախ շնորհաւորել Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութիւնը որ հայ համալսարանական ուսանողները շահագրգռող այսքան շահեկան եւ այժմէական հարցազրոյց մը կազմակերպած է։ Բազմաթիւ ազդակներ կը սատարեն ազգային դիմագիծի պահպանման ինչպէս ընտանիքը, որուն շունչը կը պայմանաւորէ ապագայ երիտասարդութեան դիրքաւորումը, դպրոցը ուր ուսման միջոցով կը փոխանցուի մեր մշակութային ժառանգը, շրջապատը, որուն առողջ եւ հայեցի…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ԽՕՍՔ

Թուականէս 50 տարի առաջ, իր հայրենի բնագաւառին մէջ, պապենական հողերուն վրայ ապրող խաղաղասէր եւ շինարար ժողովուրդ մը կ՜ենթարկուէր ամենասահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի արարքներու, տեղահանութիւն, բռնաբարում, թալան, ջարդ ու կոտորած։ Ան կ՜անցնէր հուրէ ու սուրէ ի գործադրութիւն երիտա սարդ թուրք կառավարութեան կողմէ հայաջնջման կանխամտածուած ծրագրի։ 1.5 միլիոնէն հայեր եւ ընտրանի մտաւորականութիւն մը զոհ գացին այդ դիւային ծրագրին…

ԷՋՄԻԱԾԻՆ-ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Հայաստան, Հայ Եկեղեցւոյ համար վարչակազմակերպչական կանոնագրութեան մը պատրաստութեան շուրջ ՎազգէՆ Ա. Կաթողիկոսին հետ խորհրդակցելու նպատակով։ Այս առիթով, «Ազդակ» օրաթերթը պատուիրակութեան անդամներէն Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Ոսկեբերան Արզումանեանի հետ ունեցած է տեսակցութիւն մը, զոր կու տանք ստորեւ։ – Պր. Արզումանեան, որոնցմէ՞ բաղկացած էր ձեր պատուիրակութիւնը։ – Պատուիրակութիւնը…