ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 76-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Վսեմաշուք պարոն Նախարար Վսեմաշուք պարոն Հաւատարմատար Հայաստանի Հանրապետութեան Յարգելի Պետական Երեսփոխաններ Արժանապատիւ հայրեր եւ Առաքինազարդ քոյրեր Յարգարժան հանդիսականներ   Թուականէս ամիս մը առաջ, հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, պատշաճ յարգանքով եւ վերանորոգ ուխտով ոգեկոչեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, հայկական մեծ եղեռնի, 79 ամեայ տարեդարձը։ Հաւաքուած…

Présentation de l՚ouvrage de Mlle Sylvia Adjemian sur les manuscrits arméniens enluminés du Catholicossat arménien de Cilicie

Sainteté Beatitude Excellences Révérends Pères Mesdames, Messieurs,   Au nom du Comité Exécutif Central du Catholicossat arménien de Cilicie, permettez-moi de vous souhaiter la bienvenue à la présentation de l՚ouvrage de Mlle Sylvia Ajemian sur les manuscrits arméniens enluminés du Catholicossat arménien de Cilicie. Cet ouvrage préface par sa Sainteté le Catholicos Karekine II Sarkissian…

ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ) ԿԻԼԻԿիՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թուականէս 137 տարի առաջ, ուրեմն 1863-ի Մարտ 17-ին կայսերական հրովարտակով, Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ պաշտօնապէս կը ճանչնար ու կը վաւերացնէր հայ ազգային-եկեղեցական կեանքը հիմնովին կազմակերպելու կոչուած կանոնագրութիւն մը որուն հեղինակները օրին զայն կոչեցին Ազգային Սահմանադրութիւն: Ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած այս կանոնագրութիւնը որուն համաձայն եւ որոշ պատշաճեցումներով կազմակերպուած է ու կը ղեկավարուի ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…

Ի՞ՆՉ ՆՊԱՍՏ ԿՐՆԱՅ ԲԵՐԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՄԷՋ ԵՒ Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ՍՊԱՍԵԼ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

Ա.¬ Ի՞նչ նպաստ կրնայ բերել Լիբանանահայութիւնը Սփիւռքի մեր գաղութներու ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ։ Նշանաւոր արեւելագէտ եւ բանասէր Բոլ Բիթըրզ կ՜ըսէր՝ «իր պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն հայ ժողովուրդի թիւը աւելի եղած է իր հայրենիքէն դուրս քան իր հայրենիքին մէջ»։ Որքան ալ վիճելի ըլլայ այս վարկածը, ան գոնէ ճիշդ է 1915ի մեծ եղեռնին յաջորդող շրջանին համար եւ…

ՀԱԿԻՐՃ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐՉԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ի՞նչ է վարչագիտութիւնը։ Ի՞նչ պէտք է հասկնալ վարչագիտութիւն յղացքով վարչագիտութեան դերը հաստատութեան մը կեանքէն ներս։ Ա.¬ Գործունէութեան կազմակերպում։ I) Կառոյցներու ճշդում – օրկանիկրամ II) Աշխատանքի կազմակերպութիւն III) Աշխատանքի նախածրագրի պատրաստութիւն- բլանաւորում   Բ.¬ Հաստատութեան գործունէութիւնը։ I) Հարցերու լուծում II) Որոշում առնելու եղանակը III) Փոխ-յարաբերութիւններ շրջապատին հետ եւ քարոզչական աշխատանք   Գ.¬ Հաստատութեան տնօրէնին կամ պատասխանատուին…

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԽՕՍՔ ՄԵԹՐ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր պահէն, երբ համազգային սուգի մէջ մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի մեթր Խաչիկ Պապիկեան՝ դառնալու համար յաւիտենականութեան ճանապարհորդ։ Սուգի մէջ էին այն օրը յատկապէս, իր հարազատներն ու բարեկամները, Լիբանանի պետութիւնը, խորհրդարանը, հայ երեսփոխանական պլոքը, փաստաբաններու կաճառը, հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները, որոնք կը կորսնցնէին անզուգական հայր մը,…