ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Սփիւռքի բոլոր հայ վարժարանները կը հետապնդեն երկու հիմնական նպատակ։ Հայ աշակերտին տալ ազգային դիմագիծ եւ պետական կրթական ծրագրի ընդմէջէն որոշ կազմաւորում կարենալ կուրծք տալու համար կեանքի պահանջքներուն եւ իր տեղը ճշդելու համար մարդկային ընկերութեան մէջ։ Լիբանանի պարագային, առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ արեւմտահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական այս երկրին մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան առընթեր մտածեց…

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Պորտէն, ֆրանսացի տնտեսագէտ մը, 16րդ դարուն ըսած է. «Իրական դրամագլուխը մարդկայինն է»։ Պէտք եղաւ աւելի քան երեք դար, որպէսզի այդ վարկածին ճշգրտութիւնը ապացուցուի։ Արդարեւ, երկար ատեն, մարդիկ մտածած են, մասնաւորաբար անտեսագէտները, որ երկրի մը տնտեսական բարգաւաճումը, որ համազօր է ընդհանրապէս ներքին արտադրութեան աճին, արդիւնք է գոյութիւն ունեցող դրամագլուխին վրայ կիրարկուած մարդկային աշխատանքին։ Այդ դրամագլուխը կրնայ…

ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ Կ՜ԱԶԴԵ՞Ն ԱՇԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Երկար տարիներ Ազգային Իշխանութեան ինչպէս նաեւ անհատական հայ վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ պատասխանատու մարմիններուն մօտ հարց էր գիտնալ թէ ի՞նչպէս պէտք էր ներդաշնակել պետական կրթական ծրագրին գործադրութիւնը հայկական կրթական ծրագրին հետ այլ խօսքով ինչ պէտք էր ընել որպէսզի հայ մանուկը կարենար իւրացնել տեղական լեզուն, յաջողիլ պետական քննութիւններուն, արգելք չունենալու համար, ի հարկին, համալսարան ընդունուելու եւ միւենոյն…

«ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՅԵԼ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԻՆ ԵՒ ՈՉ ՔԱՆԱԿԻՆ»

Հայ դպրոցը կը գտնուի կրթականօրէն վերակազմակերպուելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ Իբրեւ շէնք ու հաստատութիւն իր նախնական վիճակէն դուրս գալով՝ հայ դպրոցը հարկադրաբար պէտք է վերանայի իր հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն վրայ։ Մա՛նաւանդ ազգային կազմակերպուած կեանք մը ստեղծելու արտասահմանի հայութեան ներկայ ճիգերուն տեսանկիւնէն, նորահաս սերունդներու հայեցի պատրաստութեան խնդիրը կը ստանայ հրամայական նշանակութիւն։ Ժամանակի նոր պահանջներուն եւ հասնող սերունդներու նոր…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Դասաւանդութեան բուն նիւթին չանցած պիտի ուզէի գնահատանքի խօսք յայտնել Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան որ հակառակ իր ունեցած ազգային օգտաշատ ծառայութիւններու կարեւոր ցանցին, կ՜զբաղի նաեւ հանրային դաստիարակութեան նուիրուած գովելի աշխատանքներով։ Գնահատանքի յատուկ խօսք ունիմ դաստիարակչական յանձնախումբի ազնիւ տիկիններուն որոնք նուիրումով կը կազմակերպեն այս դասախօսութիւնները։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին որ ի հեճուկս ձեր առօրեայի բազմաթիւ զբաղումներուն…

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – Ո՞ՒՐ Կ՜ԵՐԹԱՅ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի կրթական հետազօտութեանց գրասենեակի հրատարակած վիճակագրական վերջին տախտակներու քննութիւնը եւ անոնց բաղդատութիւնը Լիբանանի հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին, քննութեանց մէջ անոր ձեռք ձգած արդիւնքին եւ ուսուցիչներու կրթական մակարդակին հետ՝ մեզի տուաւ յաւելեալ բնորոշիչ լուսաբանութիւններ մեր վարժարաններու իրական վիճակին մասին լիբանանեան կրթական կառոյցին մէջ եւ մեզ առաջ- նորդեց խորհրդածութիւններու՝ զորս կը յանձնենք հանրութեան։ Ա) ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1.-…

Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՈՒ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԳՈԼԷՃՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՓԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ (1975-1976)

  ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ Երփներանգ ծաղիկներու երկու նոր փունջեր եւս քաղուած Ս. Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Ս. Յակոբեան գոլէճներու կրթական անդաստանէն կÿընծայաբերուին այսօր հայ ժողովուրդին։ Թէպէտեւ անոնց փթթումն ու ծաղկումը կատարուեցան արտասովոր պայմաններու մէջ, սակայն անոնք բան չկորսնցուցին իրենց աւանդական յատկանիշներէն, իրենց հաղորդական բոյրէն։ Պետական Բ. պաքալօրէայի քննութեանց մէջ, Ս. Խանամիրեան Գոլէճի աշակերտութեան արձանագրած բացառիկ…

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑ

  Աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր, պետութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու մօտ, միջնակարգէն ետք իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ այլազանութիւն ներմուծելու յստակ ձգտում մը կայ։ Այսպէս, այն երկիրները, ուր համալսարանի մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորիայով՝ իբրեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած երկրորդական ուսման վկայական, առաջացուած են պաքալորիայի զանազան բաժանմունքներ, որոնց շնորհիւ աշակերտը կրնայ կատարել լայն ընտրութիւններ՝ հետագային իր ընդգրկելիք…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՃԻՒՂԻՆ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ Աշխարհի բոլոր համալսարանները ունին երկու հիմնական առաքելութիւն։ Ա.¬ Կը ձգտին ուսանողին ջամբել մասնագիտական ուսում, որպէսզի ան կարենայ իր ընտրած կալուածէն ներս գործ գտնել, աշխատիլ եւ ապահովել իր ապրուստը։ Բ.¬ Խորացած եւ մասնագիտացած ուսումով կը ջանան ուսանողին տալ համապատասխան կազմաւորում եւ գիտական մտքի անհրաժեշտ կառոյց, որպէսզի ան կարենայ լծուիլ…

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ատենէ մը ի վեր, Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութիւնը յաճախ դասադուլի կը դիմէ եւ կը մերժէ վերադառնալ դասերուն, մինչեւ որ կրթական նախարարութիւնը կամ իշխանութիւնները գոհացում տան իրենց բոլոր պահանջներուն։ Շարժումը ծայր տուաւ համալսարանի իրաւարանական ճիւղէն, ապա անցաւ մանկավարժութեան ճիւղը եւ, վերջապէս, ընդգրկեց Լիբանանեան Համալսարանի միւս բոլոր ճիւղերը։ Նախորդ տարիներէն աւելի լաւ կազմակերպուած՝ ուսանողները առաջացուցին ուսանողական կեդրոնական մարմին…