ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՆԱՀԱՆՋԸ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ա. աշխարհամարտէն յետոյ երբ թրքահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական զանազան օտար երկիրներու մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան ապահովութեան առընթեր մտածեց նաեւ, ի պատիւ իրեն, ազգային դիմագիծի անխաթար պահպանման նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցիներ շինել եւ դըպրոցներ կանգնել ուր մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը ազգային մշակոյթը, առանցքը կազմեցին կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն։ Մեծատաղանդ գրագէտներու եւ կրթական մշակներու…