ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԹՐ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ

Վեհափառ Տէր Հոգեւոր Տէր Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն Պրն. Նախագահ, Մեծարգոյ Ներկայացուցիչ Խորհրդարանի Նախագահ Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ Հայրեր Վսեմաշուք պարոն Դեսպան Ֆրանսայի, Մեծարգոյ Ններկայացուցիչ Պրն. Վարչապետին Գերապատիւ եւ Բարձրաշնորհ Հայրեր Յարգելի Ներկաներ,   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին։ Ինչպէս ծանօթ է արդէն ձեզի, այս հանդիպումը կազմակերպուած է…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԾՐԱԳՐԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ազատ տնտեսութիւնը լիբանանեան իրականութիւնը յատկանշող հիմնական երեւոյթներէն մէկն է։ Իր ընկերային խառն կառոյցը, հողին փոքրածաւալ ըլլալը, բնական հարստութեանց անբաւարարութիւնը եւ աշխարհագրական գիրքը այնպէս մը դասաւորած են այս երկիրը, որ իր պատմութեան ընթացքին, կարենալ ապրելու համար, միշտ ալ ուզած է ինքզինք ներմուծել միջազգային փոխանակութեանց ծիրին մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական կամ մշակութային։ Այս իսկ պատճառով, հակառակ տնտեսապէս…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՄԷՋ

20րդ դարու այս երկրորդ կիսուն վարկերու եւ դրամագլուխներու հարցը հիմնական մտահոգութեան նիւթ կը կազմէ տնտեսագէտներուն, ըլլան անոնք թերաճ երկիրներու եւ կամ տնտեսապէս զարգացած երկիրներու մէջ։ Եթէ տնտեսապէս զարգացած երկիրներուն համար հարցը կը կայանայ աճման չափանիշը եւ հետեւաբար արտադրութեան քանակը առնուազն նոյնը պահելու մէջ, թերաճ երկիրներուն համար ան բոլորովին այլ երեւոյթ կը ներկայացնէ։ Այս վերջիններուն համար…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

20րդ դարը կրնայ արդարօրէն նկատուիլ գիտական մեծ նուաճումներու կողքին՝ «ընկերայինի» գիտակցութեան դար։ Արդարեւ, 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ, երբ ճարտարարուեստը զարգացաւ եւ քաղաքներու բնակչութիւնը անբաղդատելիօրէն աճեցաւ, մէջտեղ եկաւ աշխատաւորներու նոր դասակարգ մը, որուն ապրուստը սերտօրէն կապուած էր այն գործարաններուն, ուր անոնք իրենք կ՜աշխատէին։ Այս վերջինները յաճախ ծայրայեղօրէն կը շահագործէին աշխատաւորները, անոնց զլանալով ամենատարրական իրաւունքներն անգամ։…

ՈՒՂԵՂՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Մարդոց գաղթելու սովորութիւնը այնքան հին է, որքան մարդկութեան պատմութիւնը։ Մարդիկ միշտ տեղափոխուած են։ Բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական տագնապները եւ քաղաքական վերիվայրումներն ու աննպաստ պայմանները մարդիկը մղած են տեղափոխուելու, գաղթելու նիւթապէս աւելի բարգաւաճ եւ քաղաքականապէս աւելի ապահով վայրեր։ Վերջին դարեշրջանի փոխադրական միջոցներուն ընծայած դիւրութիւնները մեծապէս նպաստեցին այդ տեղափոխութեանց։ Մեզ հետաքրքրող նիւթը, սակայն, մարդոց եւ ժողովուրդներու գաղթին…

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԸ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Տնտեսական զարգացումը, որուն կը ձգտին բոլոր երկիրները, անկասկած եւ մասնաւորաբար թերաճ երկիրները, հիմնական միջոցներէն մէկն է երկրի մը ընկերային վիճակին զարգացման ու կեանքի մակարդակի բարձրացման։ Ան յառաջ կը բերէ եկամուտներու յաւելում, որ իր բնական անդրադարձը կ՜ունենայ ժողովուրդին գնելու, ծախսելու կարողութեան վրայ. առիթը կ՜ընծայէ անոր օգտուելու գիտութեան նուաճումներով ձեռք ձգուած այն բոլոր սարքաւորումներէն, որոնք կոչուած են…

ԿՐԹԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

Ընդունուած իրողութիւն է, որ երկրի մը տնտեսական բարգաւաճումը սերտօրէն կապուած է անոր ունեցած նիւթական կարելիութիւններուն, բնական հարստութեանց եւ մանաւանդ մարդկային որակեալ ուժին։ Տնտեսագէտները ներկայիս ի վիճակի են թուական տուեալներով ցոյց տալու արդիւնաբերութիւններուն արտադրողականութեան բարձրացումը, երբ սովորական աշխատաւորները փոխարինուին որակեալ տարրերով։ Աշխատաւորները եթէ մասամբ կ՜որակաւորուին տարիներու իրենց փորձառութեամբ, անոնց աշխատանքը սակայն աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ՝ եթէ…

ԳՈՅԱՊԱՇՏ (EXISTENTIALISTE) ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՐ ԾԱԳՈՒՄԸ

Տասնեակ մը տարիներէ ի վեր գոյապաշտ բառը կը շրջի իմաս- տասէր ու գրասէր անձերու գրեթէ բոլորին ալ շրթունքներուն վրայ։ Յաճախ գրական թէ իմաստասիրական երկի մը, թատերգութեան մը, մինչեւ իսկ շարժանկարի մը մասին կը լսուի սա խօսքը թէ ան գոյապաշտ խորք ունի եւ կամ գոյապաշտ ձգտում։ Բայց ի՞նչ է գոյապաշտութիւնը (existentialisme). Existentialisme բառը յառաջ եկած է…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ

Կարենալ առարկայօրէն խօսելու համար կրթական իրագործումներու մասին, օգտակար կը նկատեմ նախ լաւ ճշդել նիւթը եւ անոր տարողութիւնը որովհետեւ «կրթութիւն»ը իր լայն առումով կ՜ընդգրկէ այն բոլոր ասպարէզները որոնք կը ձգտին անհատին կամ հաւաքականութեան մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացումը ապահովել, այլապէս կրթական իրագործումներու ուսումնասիրութիւնը պիտի պահանջէր քննարկումը այն հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութեան որոնց գոյութիւնը սերտօրէն կապուած է…