ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑ

  Աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր, պետութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու մօտ, միջնակարգէն ետք իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ այլազանութիւն ներմուծելու յստակ ձգտում մը կայ։ Այսպէս, այն երկիրները, ուր համալսարանի մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորիայով՝ իբրեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած երկրորդական ուսման վկայական, առաջացուած են պաքալորիայի զանազան բաժանմունքներ, որոնց շնորհիւ աշակերտը կրնայ կատարել լայն ընտրութիւններ՝ հետագային իր ընդգրկելիք…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՃԻՒՂԻՆ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ Աշխարհի բոլոր համալսարանները ունին երկու հիմնական առաքելութիւն։ Ա.¬ Կը ձգտին ուսանողին ջամբել մասնագիտական ուսում, որպէսզի ան կարենայ իր ընտրած կալուածէն ներս գործ գտնել, աշխատիլ եւ ապահովել իր ապրուստը։ Բ.¬ Խորացած եւ մասնագիտացած ուսումով կը ջանան ուսանողին տալ համապատասխան կազմաւորում եւ գիտական մտքի անհրաժեշտ կառոյց, որպէսզի ան կարենայ լծուիլ…

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ատենէ մը ի վեր, Լիբանանեան Համալսարանի ուսանողութիւնը յաճախ դասադուլի կը դիմէ եւ կը մերժէ վերադառնալ դասերուն, մինչեւ որ կրթական նախարարութիւնը կամ իշխանութիւնները գոհացում տան իրենց բոլոր պահանջներուն։ Շարժումը ծայր տուաւ համալսարանի իրաւարանական ճիւղէն, ապա անցաւ մանկավարժութեան ճիւղը եւ, վերջապէս, ընդգրկեց Լիբանանեան Համալսարանի միւս բոլոր ճիւղերը։ Նախորդ տարիներէն աւելի լաւ կազմակերպուած՝ ուսանողները առաջացուցին ուսանողական կեդրոնական մարմին…

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՆԱՀԱՆՋԸ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ա. աշխարհամարտէն յետոյ երբ թրքահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական զանազան օտար երկիրներու մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան ապահովութեան առընթեր մտածեց նաեւ, ի պատիւ իրեն, ազգային դիմագիծի անխաթար պահպանման նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցիներ շինել եւ դըպրոցներ կանգնել ուր մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը ազգային մշակոյթը, առանցքը կազմեցին կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն։ Մեծատաղանդ գրագէտներու եւ կրթական մշակներու…