ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԹՐ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ

Վեհափառ Տէր Հոգեւոր Տէր Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն Պրն. Նախագահ, Մեծարգոյ Ներկայացուցիչ Խորհրդարանի Նախագահ Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ Հայրեր Վսեմաշուք պարոն Դեսպան Ֆրանսայի, Մեծարգոյ Ններկայացուցիչ Պրն. Վարչապետին Գերապատիւ եւ Բարձրաշնորհ Հայրեր Յարգելի Ներկաներ,   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին։ Ինչպէս ծանօթ է արդէն ձեզի, այս հանդիպումը կազմակերպուած է…

ՀԱՅՐ ԱՐԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ, ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ԻԲՐԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻՆ

Արժանապատիւ Հայրեր, Յարգելի ժողովականներ,   Սրտի խոր գոհունակութեամբ կ՜ողջունենք ժամանումը եւ ներկայութիւնը մեր մէջ Գերաշնորհ Հայր Արամ վարդապետ Քէշիշեանի որ ընդառաջելով Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովի փափաքին անյապաղ վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն ուր կը պատրաստէր իր Տոքթ. թեզը ստանձնելու համար իր նոր պատասխանատուութիւնները։ Լիբանանի թեմը ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամենակարեւոր թեմն է իր բազմաթիւ եկեղեցիներով…

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Վեհափառ Տէր, Սրտի անհուն հրճուանքով եւ որդիական ակնածանքով, յանուն Լիբանանի թեմին ազգային վարչութեան եւ անոր լծակից ազգային բոլոր մարմիններուն, թոյլ տուէք որ ողջունեմ ձեր վսեմափայլ ներկայութիւնը առաջնորդարանի այս համեստ սրահին մէջ։ Լիբանանի թեմին շնորհած ձեր անդրանիկ այցելութեան բարեբաստիկ առիթով, լիբանանահայութիւնը առ հասարակ եւ ձեզ շրջապատող ժողովականներն ու յարգարժան հիւրերը յատկապէս կ՜ապրին այսօր հոգեկան գոհունակութեան եւ…

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Պիտի ուզէի շնորհակալութեան եւ խորին ակնածանքի խօսք ուղղել մեր Վեհափառ Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին որուն բարձր ներկայութիւնը այս դասախօսութեան մեծապէս կը պատուէ մեզ՝ բոլորս եւ կը վկայէ իր հայրական հոգածութիւնը հանդէպ հայ համալսարանական ուսանողութեան գործունէութեան նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը հայ վարժարաններու կատարելիք ազգային դերին նկատմամբ։ Շնորհակալութիւն Գերաշնորհ հայր Անուշաւան վարդապետին ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Շէյխ Ամին Ժըմայել զոր կը ներկայացնէ այս հանդիսութեան վսեմաշուք Տիար Նախարար Վիկտոր Քասիր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրեր Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր Յարգելի հանդիսականներ Սրտի խոր բերկրութեամբ ներկայ կ՜ըլլանք այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին նորակառոյց շէնքին բացման հանդիսութեան։ Տակաւին մօտիկ անցեալին, դպրեվանքին Պիքֆայա փոխադրութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ (1968)

Սիրելի Բարեկամներ Խօսիլ ազգային վարժարաններու մասին կը նշանակէ շօշափել մեր գաղութահայ կեանքը հետաքրքրող շատ կարեւոր հարցերէն մէկը։ Եթէ կ՜ընդունինք որ գաղութներու մէջ մեր հիմնական գործը ազգապահպանումն է ապա ուրեմն հայ դպրոցը կը հանդիսանայ անվիճելի կռուան մը ազգային արժէքներու, մեր լեզուին, պատմութեան եւ մեր աւանդութեանց պահպանման տեսակէտէն։ Հայ վարժարաններու մէջ տրուած հայեցի դաստիարակութեամբ հայ մանուկը հաղորդակից…

ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Վեհափառ Տէր, Գերաշնորհ, Գերապայծառ, Գերապատիւ, Արժանապատիւ Հայրեր եւ Վերապատուելիներ Յարգարժան  Պետական  Երեսփոխաններ Սիրելի Հանդիսականներ,   1976 թուին, Երջանակայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս նկատի ունենալով իր առողջական ծանրակշիռ վիճակը, մասնագէտ բժիշկներու թելադրութեամբ եւ յետ խորհրդակցութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովին հետ, 20-1-1977 կոնդակով կը յայտնէր վարչական գործերէ հեռու մնալու իր որոշումը եւ կը թելադրէր որ իր կենդանութեան…

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10- ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

20 Յուլիս 1955ին հուսկ իր շունչը կ՜աւանդէր 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին մէջ, քարիւղի աշխարհահռչակ դէմք եւ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան։ Ան մեռաւ Փորթուկալի մէջ, ուր եկած էր հաստատուելու իր կնոջ Նուարդին հետ 1942ին, իր մահուընէ ճիշդ 13 տարի առաջ։ Իր կինը մեռած ըլլալով 1952ին, ան կը թողուր իր ետին իր անդրանիկ մանչ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի 21 Մարտ 1982, ժամը 11-ին Սինեմա գերմանիկ   Մեծաշուք Տիար Դատական Նախարար Ներկայացուցիչ Նորին Վսեմափայլ Տիրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Էլիաս Սարգիսին   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմը՝ մեծապէս զգացուած է սիրոյ եւ գնահատանքի այն արտայայտութենէն զոր ցոյց տուաւ նորին վսեմութիւնը, բարեհաճելով ընդունիլ հովանաւորութիւնը Դպրեվանքի յիսնամեակին նուիրուած այս հանդիսութեան եւ ձեր ներկայութեամբը պատուել մեզ, կը…