ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԽՕՍՔ ՄԵԹՐ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր պահէն, երբ համազգային սուգի մէջ մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի մեթր Խաչիկ Պապիկեան՝ դառնալու համար յաւիտենականութեան ճանապարհորդ։ Սուգի մէջ էին այն օրը յատկապէս, իր հարազատներն ու բարեկամները, Լիբանանի պետութիւնը, խորհրդարանը, հայ երեսփոխանական պլոքը, փաստաբաններու կաճառը, հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները, որոնք կը կորսնցնէին անզուգական հայր մը,…