Ա Ր Ա Մ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ
ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴՒՈՅ ՄԵՐՈՒՄ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻՆ ՈՐ Ի ՊԷՅՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՜ողջունենք Ձեզ։ Մեր բարձր գնահատանքը կ՜ուզենք յայտնել Ձեզի անցնող շուրջ յիսուն տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին Ձեր կատարած նուիրեալ ծառայութեան համար։ Արդարեւ, թէ՛ մեր Ս. Աթոռի կեանքէն ներս եւ թէ՛ Լիբանանի թեմի սահմաններէն ներս Ձեր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնները՝ կրթական, մշակութային, վարչական, տնտեսական ու ազգային բնագաւառներէն ներս, կատարեցիք բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ։
Առ ի գնահատանք Ձեր բազում տարիներու նուիրեալ ծառայութեան ու Ձեր բեղուն վաստակին, այսու Հայրապետական Կոնդակաւ Ձեզի կը շնորհենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն աստիճանի շքանշանը՝ ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆ
Այս առիթով նաեւ Մեր գնահատանքը կը յայտնենք Ձեր ազնուափայլ Տիկնոջ եւ սիրելի զաւակներուն, որոնք աջակից դարձան Ձեզի Ձեր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութեանց ընթացքին։
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան
Ի 19-ն Մարտի, 2004 թուին Քրիստոսի, եւ Ի թուին Հայոց ՌՆԾԳ.
Ընդ համարաւ Շ/ՄԾԳ.