Վեհափառ Տէր,

Շնորհապարտ եմ ձեր ցուցաբերած շատ ազնիւ վերաբերումին համար շնորհելով ինծի Կիլիկեան բազմադարեան Ս. Աթոռին այս թանկարժէք շքանշանը։ Չափազանց ազդուած եմ գնահատանքի ձեր գեղեցիկ խօսքերէն եւ այն պատուէն զոր կը շնորհէք անձիս նկատմամբ։
Ձերդ վեհափառութիւնը ազնուօրէն յիշեց կաթողիկոսարանի եւ Լիբանանի թեմին ազգային իշխանութեան ըրած ծառայութիւններս երբ զանոնք կատարելու պատեհութիւնը տրուեցաւ ինծի գործունէութեանս զանազան բնագաւառներէն ներս։
Արդարեւ օգտուելով ազատ պահերուս ընձեռած առիթէն, շուրջ կէս դարի համեստ ծառայութիւնը զոր կրցայ Աստուծոյ շնորհիւ նուիրել ազգիս եւ եկեղեցւոյ, երազի մը նման անցան ձգելով այսուհանդերձ թանկագին յիշատակներ լուսահոգի եւ անմոռանալի վեհափառ հայրապետներէ, բոլորանուէր եւ անխոնջ սրբազան հայրերէ եւ վարդապետներէ եւ համբաւաւոր ու վաստակաշատ ազգային անձնաւորութիւններէ որոնց հետ գործակցելու պատիւը եւ հաճոյքը ունեցայ եւ որոնցմէ շատեր դարձած են այսօր յաւիտենականութեան բնակիչ, յարգանք իրենց հոգեզմայլ յիշատակին։
Կաթողիկոսարանը առօրեայ զբաղումներուս մաս կազմեց։ Ան յատուկ աշխարհ մը եղաւ ինծի համար, կեանքի նոր դպրոց մը ուր կրցայ
զարգացնել այլապէս ստացած կազմաւորումս։
Այս պահուս թոյլ տուէք որ յիշեմ հնդիկ նշանաւոր բանաստեղծ եւ
գրագէտ Ռապինտրանաթ Թակորի հետեւեալ մտածումը, «Քունի մէջ էի եւ երազեցի որ կեանքը ուրախութիւն է, արթնցայ եւ նկատեցի որ կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ծառայութիւն, ծառայեցի եւ միայն այն ատեն հասկցայ որ ծառայելը հաճոյք է»։
Ինչ որ ըրած եմ իբրեւ համեստ ծառայութիւն, ըրած եմ համոզումով եւ ուզելով ազգային պարտականութեանս գիտակցութեամբ եւ տակաւին պատրաստ եմ ծառայելու այնքան ատեն որ կը խնդրուի ինձմէ եւ առողջութիւնս կը ներէ։
Շատ յուզուած եմ այս պարգեւատուութեան եւ յարգանքին համար որոնց չէի սպասեր։ Այս բոլորը անձիս ընդմէջէն կ՜երթան նախ կնոջս որուն ծառայասիրութիւնը եւ համբերատար բնաւորութիւնը թոյլ տուին որ յաճախ ցերեկներ եւ երբեմն գիշերներ յատկացնեմ յանձնառութեանս մաս կազմող այս աշխատանքներուն ապա կաթողիկոսարանի համապատասխան պաշտօնէութեան որոնք իրենց գնահատելի գործակցութեամբ մասնակից դարձան կատարուած աշխատանքին եւ իրագործուած վաստակին։ Չեմ կրնար չյիշել մեր աննման կաթողիկոսները, լուսահոգի Զարեհ, Խորէն եւ Գարեգին վեհափառ հայրապետները որոնց ազգային շունչով ստեղծուած սիրոյ եւ զոհաբերութեան շինիչ մթնոլորտը յարգանք եւ ծառայութիւն կը պարտադրէր բոլորին։ Ամէն մէկը իր իւրայատուկ նրբազգացութեամբ, ոճով եւ իմաստութեամբ կը պայծառացնէր եւ բարւոք լուծումի կ՜առաջնորդէր մեր ազգային եկեղեցական նուրբ հարցերը։
Չեմ կրնար մոռնալ Արամ Կաթողիկոսին ծառայական օրինակը։ Արդարեւ շնորհիւ իր վարչական եւ կազմակերպչական բացառիկ կարողութեան, աննկուն կամքին, խորաթափանց մտքին, իմաստութեան եւ զոհողութեան ոգիին, ան նոր եռանդ եւ թափ տուաւ կաթողիկոսարանի աշխատանքներուն։ Ընդլայնեց իր գործունէութեան բնագաւառը։ Օտարներուն իսկ ներշնչելով պատկառանք եւ յարգանք մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ։ Մեր պատմական իրաւունքներուն ծանօթացումը
եւ ճանաչումը յատկապէս օտարներուն մօտ իր հետապնդման կարեւոր նպատակներէն մէկը մնաց միշտ։
Շնորհիւ ազգանուէր ազնիւ բարերարներու մեծագումար նուիրատուութիւններուն, ան կաթողիկոսարանը բարգաւաճեցուց նոր կառոյցնե- րով, օժտեց նոր սարքերով, հիմնեց մշակութային նոր ֆոնտեր, դպրեվան- քի կրթական մակարդակը բարձրացուց, համալսարանական բարձրագոյն ուսման կարելիութիւնները աւելցուց եւ գործակցութեամբ միաբանակից ե- կեղեցականներու եւ պատկան ժողովականութեան ծառայութեան նոր տա- րողութիւն ճշդեց ի սպաս Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ մեր աննման ժողովուրդին։
Փակելէ առաջ խօսքս անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վեհափառ հայրապետին մաղթելով իրեն քաջառողջ եւ երկար կեանք որպէսզի կարենայ իրագործել իր աստուածահաճոյ ծրագիրները եւ տեսիլքը։ Յաւելեալ բարգաւաճում եւ ծաղկում կը մաղթեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան որպէսզի առանց խոչնդոտի շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը ի խնդիր աշխարհացրիւ հայութեան ամրակուռ պահպանման, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր հայրենիքի անսասան գոյատեւման։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ամենապատիւ Գասպարեան պատրիարքին, Գերաշնորհ Սրբազան Առաջնորդներուն, բարձրաստիճան եկեղեցական հայրերու, բարձրամեծար Հայաստանի դեսպանին, եւ մեծարգոյ անձնաւորութիւններուն որոնք իրենց գնահատելի ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք տուին այս ջերմ հաւաքոյթին, պատուեցին զիս եւ շեշտեցին այն կարեւորութիւնը որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կը վայելէ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ։

Շնորհակալութիւն բոլորիդ
Ո. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
19-3-2004