2007-ին Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը` ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, կաթողիկոսարանին մօտ հաստատեց կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալի անունով։

Նպատակ

Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Հայկական Վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն, փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ։ Նշենք, որ անցնող տարիներու ընթացքին բազմաթիւ աշակերտներ ստացած են այս կրթաթոշակը։

Դիմելու եղանակ

Իւրաքանչիւր տարուան սկիզբը մամուլի միջոցով կը յայտարարուի, եւ աշակերտները Կաթողիկոսարանի ճամբով կը կատարեն իրենց դիմումները, որմէ ետք հիմնադրամը յանձանձող մարմինը մէկ առ մէկ քննելով դիմումները կը յանգի համապատասխան որոշման։

Թոշակառուի պարտաւորութիւններ

Այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը ապագային ունի երկու պարտաւորութիւններ.

  • նախˋ համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), որպէսզի ծանօթանայ եւ շփում ունենայ այլ հայ ուսանողներու հետ։
  • ապա համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի, ծառայէ հայկական ազգային ոեւէ մէկ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ, իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ կամ այլուր։ Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին։

Ոսկեբերան Արզումանեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները, որոնք մուծուած են Ոսկեբերան Արզումանեան հիմնադրամի հաշիւին։