Ոսկեբերան Արզումանեան ծնած է 1924-ին Թուրքիա, Եօզկատցի ծնողներէ։ Տակաւին 40 օրուան մանուկ՝ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ Պէյրութ։
1958-ին ամուսնացած է նոյնպէս Եօզկատցի Շաքէ Մահտեսեանին հետ եւ ունեցած են չորս զաւակներ՝ Լալիկ, Հուրիկ, Վարդգէս եւ Բալիկ։
Վկայուած է ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն ստանալով հայագիտական եւ Արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ։ Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը ստացած է նոյն համալսարանի Իրաւաբանական եւ Տնտեսագիտական բաժանմունքէն Առեւտրական Հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը։
2 տարի պաշտօնավարելէ ետք իբրեւ ուսուցիչ Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի մէջ, աշխատած է կարճ ժամանակուան համար ֆրանսական հոգատարութեան ելեւմտական բաժնին մէջ։
1945-1953 պաշտօնավարած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ իբրեւ պատասխանատու քարտուղար Արեւելագիտութեան եւ Արեւելեան ընկերաբանութեան բաժանմունքին, ապա 1953-1975 վարած է նոյն համալսարանի իրաւաբանական, տնտեսագիտական եւ Առեւտրական հաստատութեանց վարչագիտութեան ճիւղերու պատասխանատու ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
1975-ին նշանակուած է նոյն համալսարանի մարդկային եւ ընկերային գիտութեանց բոլոր ճիւղերուն վարչական տնօրէն administrateur եւ միեւնոյն ատեն անդամ համալսարանի տնօրէն խորհուրդին։
Հանգստեան կոչուած է տարիքի բերումով, 1997-ին։
Համալսարանի Տնօրէն Խորհուրդը իրեն տուած է ցմահ պատուակալ Վարչական Տնօրէնի տիտղոսը։
Ոսկեբերան Արզումանեան իր ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, 1956-էն ի վեր ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։
Յաջորդաբար նշանակուած է Լիբանանի թեմի Տնտեսական Խորհուրդի անդամ եւ վարած է մէկէ աւելի անգամներ ազգային վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետութիւնը։ Բազմիցս ընտրուած է Ազգ. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ։ 1963-էն ի վեր եղած է Լիբանանի թեմի պատգամաւոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Ընդհանուր Ժողովին եւ 1965-էն ի վեր անդամ եղած է Լիբանանի թեմի Ազգային Գաւառական ժողովին, որուն ատենապետը ընտրուած է 1987-էն մինչեւ 1995։
1963-էն սկսեալ, բազմաթիւ անգամներ, ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ 2003-ին ընտրուածˋ նոյն վարչութեան փոխ ատենապետ։ Ան նաեւ երկար տարիներ վարած է Կաթողիկոսարանի պատուակալ ընդհանուր հաշուեքննիչի պաշտօնը։ Ատենապետ եղած է Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի Վարչութեան։ Ատենապետ եղած է Համազգայինի Կրթական Հաստատութիւններու խնամակալութեան եւ երկար տարիներ անդամ եղած է Հաուըրտ Գարակէօզեան մանկապատանեկան բժշկա-ընկերային հաստատութեան Լիբանանի Խնամակալութեան։
Ոսկեբերան Արզումանեան, չորս անգամ իբրեւ պատգամաւոր, մաս կազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետներու կողմէ առաքուած պատգամաւորութեան ի Ս. Էջմիածին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ, երկու Աթոռները յուզող տարակարծութիւնները քննարկելու առաջադրութեամբ։
1969-ին պատգամաւոր նշանակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, 1986-ին եւ 1988-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի որոշումով, իսկ 1995-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումով։
1985-ին մասնակցած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապին տրուած այցելութեան պատուիրակութեան, որմէ ստացած է յիշատակի մետալ։
1989-էն ի վեր մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութեանց կեդրոնական Յանձնախումբին, Էջմիածնի մէջ, լուսահոգի Մեթր Պապիկեանին հետ, իբրեւ աշխարհական ներկայացուցիչներ Կիլիկեան Ս. Աթոռին։
Մասնակցած է զանազան միջազգային եւ միջ-եկեղեցական համագումարներու իբրեւ աշխարհական ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Աշխատակցած է հայ թէ օտար թերթերու եւ պարբերականներու յատկապէս ազգային, կրօնական, տնտեսական եւ ընկերային կալուածներու մէջ։
Յօդուածներ ունի Ազդակ, Հասկ, Սփիւռք, Մասիս, L՚Orient-Le Jour, La Revue du Liban, Travaux et jours եւ Փարիզ հրատարակուող Direct թերթերու եւ պարբերականներու մէջ։
Իր համալսարանական ծառայութիւններուն համար, Ոսկեբերան Արզումանեան, 1974-ին պարգեւատրուեցաւ Լիբանանեան պետութեան կողմէ Մայրիներու Ազգային «Ասպետ»ի կարգի շքանշանով:
1997-ին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը զինքը պարգեւատրեց Մայրիներու Ազգային «Սպայ»ի կարգի շքանշանով.
1996-ին ստացաւ նաեւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Recteur-ի ձեռամբ համալսարանի Արժանեաց շքանշանը։
19 Մարտ 2004-ին իր ազգային ծառայութեան համար, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն աստիճանի Կիլիկիոյ «Իշխան» Կարգի Շքանշան։