Վեհափառ Տէր,

Գերաշնորհ, Գերապայծառ, Գերապատիւ, Արժանապատիւ Հայրեր եւ Վերապատուելիներ Յարգարժան  Պետական  Երեսփոխաններ Սիրելի Հանդիսականներ,

 

1976 թուին, Երջանակայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս նկատի ունենալով իր առողջական ծանրակշիռ վիճակը, մասնագէտ բժիշկներու թելադրութեամբ եւ յետ խորհրդակցութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովին հետ, 20-1-1977 կոնդակով կը յայտնէր վարչական գործերէ հեռու մնալու իր որոշումը եւ կը թելադրէր որ իր կենդանութեան Աթոռակից Կաթողիկոս մը ընտրուի որուն կարենայ փոխանցել Կաթողիկոսական պաշտօնին բոլոր պատասխանատուութիւնները։

Այնուհետեւ ազգային պատգամաւորական ժողովին կը մնար յարմարագոյն եկեղեցականը ընտրել իբրեւ Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին վարելու համար Աթոռին եւ անոր թեմերուն ծանր եւ բազմատեսակ գործերն ու ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Արդարեւ Մայիս 22, 1977-ին, ուրեմն ասկից ճիշդ 11 տարի առաջ, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ առ այդ հաւաքուած Պատգամաւորական Ժողովը, միաձայնութեամբ կ՜ընտրէր Ամերիկայի Արեւելեան թեմի բազմավաստակ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գարեգին Արք. Սարգիսեանը որուն Հայրապետական օծումը կը կատարուէր Մայիս 29-ին Երանաշնորհ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռքով ներկայութեամբ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան։ Արարողութեան կը մասնակցէին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածնի միաբանութեանց պատկանող Եպիսկոպոսներ եւ Արքեպիսկոպոսներ։

Ճիշդ 10 տարի յետոյ, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու գիտակցութեամբ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովը կ՜որոշէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու մէջ տօնել իր արժանընտիր Հայրապետին գահակալութեան տասնամեայ Յոբելեանը իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր բազմարդիւն գործունէութեան։

Ոմանց համար 10 տարին կարճ ժամանակամիջոց մըն է բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը կամ հաստատութեան մը կեան- քին մէջ որպէսզի յատուկ յիշատակութեան արժանի նկատուի։ Սա- կայն ինչպէս գիտէք, տարիներու երկարաձիգ շարանը չէ միայն որ կÿարժեւորէ ապրուած կեանք  մը,  կատարուած աշխատանք մը եւ զանոնք կը դարձնէ բացառիկ գնահատանքի առարկայ այլեւ իրագործուած ակներեւ արդիւնքն է որմէ կ՜օգտուին հաւաքականութիւններ առաւել եւս ամրապնդելու համար իրենց իւրայատուկ գոյութիւնը եւ հզօրացնելու համար իրենց հաւատքը ի խնդիր իրենց ձգտումներու իրականացման։

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ շրջաններ կան որոնք թէպէտ կարճ եւ սահմանափակ տարածք ունին ժամանակի մէջ բայց յայտնաբերելով նոր անկիւնադարձեր, մեծ նուաճումներ, ցայտուն իրագործումներ, դարձած են յատուկ մատնանշումի առարկայ իբրեւ յիշատակելի հանգրուան, գօտեպնդիչ երեւոյթ։ Նոյնն ալ է ազգային թէ եկեղեցական բացառիկ եւ առաքելատիպ անձերու համար ինչպէս է այսօր պարագան հայ ժողովուրդի երախտաւոր հովուապետ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որուն կեանքը անթուլ ճիգերու եւ խոյանքներու գումարով կը յատկանշուի։

Արդարեւ 41 տարիներ առաջ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, աւազանի անունով Նշան, աշակերտ էր Քեսապի Ազգ. Միացեալ վարժարանի։ Տեսնելով իր հօր այդ օրերու գործազուրկ վիճակը, հակառակ այն իրողութեան որ ինք դասարանին միշտ առաջինը կը հանդիսանար, կ՜ուզէ վերջ տալ ուսման ու մտնել դերձակատուն արհեստ սորվելու համար որպէսզի ամէնակարճ ժամանակամիջոցի մէջ հնարաւորութիւն ունենար իր նիւթական օգնութիւնը բերելու ընտանիքի յարաճուն պէտքերուն ու այդ ընթացքով թեթեւցնելու իր հօր տակաւ աճող մտահոգութիւնները։

Հայրը սակայն խելացի մարդ, զգալով իր տղուն հոգեկան խռովքն ու մտահոգութիւնները ինք եւս կը մտատանջուէր ու կը տառապէր որովհետեւ իրեն համար յստակ էր որ Նշանը այդ կ՜ուզէր առաջնորդուած ընտանիքին եւ հօր հանդէպ իր ունեցած զոհողութեան ոգիէնն սակայն այդ չէր որ կը ցանկար իր սրտին խորը։ Օգտագործելով  առիթ մը ուր Օգոստոսի  տօթակէզ  տաքուն հայր ու տղայ կը գտնուին տան պատշգամին վրայ, հայրը կը փորձէ համոզել իր տղան որ շարունակէ ուսումը։ Սակայն Նշան կը մնայ անդրդուելի։ Նոյն պահուն, նշմարելով գիւղին Տէր Հայրը, հայրը վեր կը կանչէ զայն սուրճ մը առնելու, այն հաստատ ակնկա- լութեամբ որ Տէր Հայրը օգնութեան կը հասնի իրեն համոզելու հա- մար Նշանը որ փոխէ իր որոշումը։

Իմանալով հօրը տուած բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ Նշանին առարկութիւնները եւ պատճառաբանութիւնը, Տէր Հայրը պահ մը մտածելէ յետոյ, խօսքը Նշանին ուղղելով կÿըսէ. թոյլ տուէք որ հոս մէջբերեմ Վեհափառ Հայրապետին «Խորհէ եւ Մտիր» գրքին համապատասխան գլուխէն անցք մը.

«… Տէր Հայրը ձեռքը մօրուքին տարաւ մտածկոտ կերպար մը հագաւ եւ գիւտ մը ըրած ըլլալու ուրախութեամբ, հաստատ, համոզիչ շեշտով ըսաւ.

Լաւ, քանի այս դպրոցը չես ուզեր շարունակել, ուրիշ  դպրոց  մը ղրկե՞նք քեզի.

Ո՞ւր,- ըսի,- փութկոտութեամբ։

Անթիլիաս։

Ո՞ւր է Անթիլիասը։

Պէյրութի մօտ տեղ մը։

Ի՞նչ պիտի ուսանիմ։

Լաւ ուսում կ՜առնես,- ըսաւ, եւ անմիջապէս աւելցուց չփախցնելու համար յանկարծական հետաքրքրաշարժութեանս այդ առիթը,- ուսում առնելէ ետք, եթէ ուզես վարդապետ կ՜ըլլաս, եթէ չուզես ուսուցիչ, մտաւորական կը դառնաս եւ բարձր դպրոցներու մէջ ալ ապագային կը պաշտօնավարես։

Լաւ, կ՜երթամ,- ըսի ու անմիջապէս նայեցայ հօրս, որուն դէմքին գիծերը յանկարծ փոխուեցան եւ քիչ անգամ տեսնուող ժպիտը վերադարձաւ, զուլալ ջուր խմած մարդու գոհունակութեան զգացումը արեւու լոյսին պէս տարածելով ողջ մարմնին վրայ, ու մինչեւ այսօր չգիտցայ թէ «լաւ կ՜երթամ» բառերը մտքէն ծնան թէ ներքին զգայարանքէ մը, մտածումէ, տրամաբանութեան ոյժէն աւելի խոր եւ զօրաւոր, որ երբեմն մարդուն մէջ կը յայտնուի տեսակ մը հանդարտ ու մեղմ հոսող աղբիւրէն յանկարծ դուրս եկող ուղխի մը նման»։ Կը փակեմ մէջբերումը։

Եւ ահա այսպէս իր հայրենի բնաշխարհը, Քեսապը ձգելով, պատանի Նշանը կու գայ Անթիլիաս ուր ուսման ծարաւին յագուրդ տալու կրքով, ինչպէս եւ ապագայի անորոշ հեռանկարներով կը մտնէ Դպրեվանք։ Հոն իր ուշիմութեամբ եւ ժրաջանութեամբ եր- ջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի բացառիկ գնահա- տանքին կ՜արժանանայ։

1952-ին կ՜աւարտէ Դպրեվանքը եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի  վերակոչուելով  Տ.  Գարեգին  Աբեղայ  ի  յիշատակ  նորոգ հանգուցեալ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի։

Դպրեվանքի մէջ կը ստանձնէ հսկիչի պաշտօն որուն առընթեր կը դասաւանդէ զանազան նիւթեր եւ կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ վարդապետական իր աւարտաճառը նիւթ ունենալով «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ըստ շարականներուն» եւ 1955 Յունիս 5-ին կը տիրանայ վարդապետական աստիճանին։

Այնուհետեւ Գարեգին Բ. Վեհափառը կը գտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին 35 տարիներու պատմութեան մայր էջին վրայ։ Իբրեւ ողջամիտ միաբան, նախանձախնդիր այս Աթոռի գոյութեան եւ անկախութեան, Գարեգին Վեհափառ իր դրական աջակցութիւնը կը բերէ հոյլ մը այլ միաբաններով Զարեհ Ա. Կաթողիոսին, անոր ընտրութեան տագնապալի օրերուն։ 1956-ին կը նշանակուի Դպրեվանքի Տեսուչ եւ Սեպտեմբեր 14, 1957-ին կը մեկնի Օքսֆորտի համալսարանը ուր կը սորվի դասական հին լեզուները, լատիներէնը եւ յունարէնը եւ Աստուածաբանական բաժնին մէջ կը ստանայ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում։ Ուսման աւարտին կը ներկայացնէ իր աւարտաճառը իբրեւ նիւթ ունենալով

«Քաղկեթոնի Ժողովը եւ Հայոց Եկեղեցին», գիտական այս ուսումնասիրութիւնը արժանանալով քննիչ յանձնախումբի բարձր գնահատանքին, Գարեգին Վարդապետ կը ստանայ իր ընտրած ճիւղին համապատասխան համալսարանական վկայական։

Անթիլիաս վերադարձին, իրեն կը վստահուի յաջորդաբար զանազան պատասխանատու պաշտօններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող գործունէութեանց մէջ։

Կը վերստանձնէ Դպրեվանքի տեսչութիւնը զոր կը վարէ ձեռներէցութեամբ ու կը փոխադրէ Պիքֆայայի վանքը։

Հետեւելով Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Վեհափառի ցուցմունքներուն եւ ապա քաջալերուելով Խորէն Ա. Վեհափառի խրախուսանքէն կը մասնակցի միջ-եկեղեցական ժողովներու եւ միջազգային մակարդակով համագումարներու։

Ներկայ կ՜ըլլայ, իբրեւ դէտ եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին ներկայացուցիչ, Գերաշնորհ Արտաւազդ Սրբազանին հետ, Վատիկանի տիեզերական երկու յաջորդական ժողովներուն։  Շփումներ կ՜ունենայ եւ կապեր կը հաստատէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մաս կազմող եկեղեցական պետերու հետ անհրաժեշտ հողը պատրաստելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  անդամակցութեան այդ ժողովին։

1962-ին Երջանկայիշատակ Զարեհ Վեհափառը, հեռատես քաղաքականութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ արձանագրելու դիմում կը ներկայացնէ։ Առ այդ պարտականութիւն կու տայ Գարեգին Վարդապետին որ պէտք եղած աշխատանքը տանի ու շփումներ յառաջացնէ արդէն իսկ անդամ եղող զանազան եկեղեցիներու պետերուն հետ, որպէսզի հարցը առանց խոչընդոտի հասնի իր յաջող լրումին։

1962-ի Օգոստոսին ժողով պիտի գումարուէր Փարիզի մէջ։ Հոն էին Խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Հոն էր նաեւ Գարեգին Վարդապետը լծուած տենդագին աշխատանքի։ Ժողովին ատենապետը յետ քննութեան, կ՜աւետէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իբրեւ լիիրաւ անդամ ընդունուիլը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ որ կը հաշուէ ներկայիս շուրջ 310 անդամ եկեղեցի աւելի քան 400 միլիոն հաւատացեալներով։

Գարեգին Վարդապետին ամէնաերջանիկ պահերէն մէկն էր այդ։ Լուրը կը փոխանցէ Անթիլիաս։ Վանք կը վերադառնայ, Զարեհ Վեհափառը զինքը կ՜ընդունի լայն ժպիտով ու գրկաբաց։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ձեւական չի մնար։

Գարեգին Վարդապետ կը մասնակցի բոլոր կարեւոր համաժողովներուն։ Զանազան օտար լեզուներով կը քարոզէ ու կը դասախօսէ աշխարհի մեծ ոստաններուն մէջ։

Իր մշակուած մտքի ճառագայթումը եւ ժրաջան գործունէութիւնը Ե.Հ.Խ.էն ներս, առիթ կու տան Գարեգին Վարդապետին որ իրեն վստահուի բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Ուփսալայի մէջ կÿընտրուի անդամ Կեդրոնական եւ Գործադիր Մարմիններուն իսկ Նայրոպիի համաժողովէն ետք կÿընտրուի Ե.Հ.Խ.-ի Փոխ-ատենապետ պատիւ բերելով իր եկեղեցւոյ եւ իր ազգին։ Իսկ ներկայիս, տարիներէ ի վեր Վեհափառ Հայրապետը Միջին Արեւել- քի Եկեղեցիներու Խորհուրդի երեք նախագահներէն մէկն է։

1963-ին Գարեգին Վարդապետ ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան կը ստանայ իսկ 1964-ին Խորէն Ա. Կաթողիկոսը զինքը Եպիսկոպոս կ՜օծէ ու կը ձեռնադրէ Արտաւազդ Ծ.Վ. Թրթռեանի հետ։ 1973-ին կը ստանայ արքութեան տիտղոս։

1971-էն սկսեալ Գարեգին Սրբազան կը հրաւիրուի եկեղեցւոյ վարչութեան բարձրագոյն պաշտօններու։ 1971-ի Փետրուար 24-ին կը կոչուի Իրանա-Հնդկաստանի Հայրապետական Պատուիրակի ապա Առաջնորդի պաշտօնին ուր կը մնայ 2 1/2 տարի։ Գարեգին Սրբազան խանդավառութեամբ կը փարի պաշտօնին։ Մեծ թափով յառաջ կը տանի շինարարական գործերը։ Կը կազմակերպէ թանգարանը, կը դասաւորէ մատենադարանը, կÿարդիականացնէ տպարանը, կը բանայ երիտասարդական կեդրոնատեղին եւ կ՜աւարտէ ծերանոցի կառուցումը։

1973 Յունուար 21-ին կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ ապա Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին եւ կը մնայ հոն մինչեւ իր Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուիլը։ Հոն եւս կը տանի օգտաշատ գործունէութիւն։ Լիբանանի հայութեան օժանդակելու աշխատանքներու մէջ (1976-77) վճռական դեր կ՜ունենայ իր աշխոյժ եւ հետեւողական գործունէութեամբ կապ հաստատելով պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ։

1977-ի Մայիս 22-ին, ինչպէս տեսանք, Գարեգին Սրբազան Աթոռակից Կաթողիկոս կÿընտրուի եւ կÿօծուի Մայիս 29-ին։

Զինուած 25 տարուայ կրօնաւորի թանկագին փորձառութեամբ իբրեւ հետեւանք իր  տարած բազմատեսակ եւ լայնածիր գործունէութեան, բազմալեզու եւ բանիբուն հոգեւորական, օժտուած խորաթափանց մտքով, լայն մշակոյթով եւ իր ազգին ծառայելու անյագ տենչով, Գարեգին Սրբազան բարձրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր եւ փառաւոր գահը կը ստանձնէ անոր պատմական պատասխանատուութիւնը։ Ճիշդ է որ վեհաշուք Աթոռը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կու տայ նոր հեղինակութիւն եւ փայլք սակայն փոխադարձութեան սկզբունքով, Վեհափառին ճառագայթող անձը, իր վայելած միջ-եկեղեցական եւ միջազգային վարկն ու համբաւը արտացոլալով Աթոռին վրայ, առաւել եւս կ՜ամրապնդեն Աթոռին դիրքն ու հմայքը ի սպաս անոր կատարելիք դերին եկեղեցական թէ ազգային կալուածներէն ներս։

Վեհափառին վերջին 10 տարիներու ընթացքին կատարած կրօնական, ազգային, մշակութային, յարաբերական, շինարարական, ընկերային եւ վարչական ծառայութիւնները որոնք մեծ մասամբ երեւան կու գան Ս. Աթոռին արձանագրած իրագործումներու ընդմէջէն պսակումն են իր ներկայի եւ մասամբ անցեալի լայնածաւալ գործունէութեան ներքին թէ արտաքին բնագաւառներէն ներս։ Կարելի է զանոնք համախմբել հետեւեալ չորս գլուխներու տակ.

Հոգեւոր եւ կրօնական ծառայութիւն Ազգային-մշակութային գործունէութիւն

Միջ-եկեղեցական, միջազգային եւ միջ-թեմական յարաբերութիւններ Շինարարական, ընկերային եւ վարչական իրագործումներ։

1.- Հոգեւոր եւ կրօնական ծառայութեան լուսարձակին տակ կ՜իյնան յատկապէս Դպրեվանքի եւ կրօնական դաստիարակութեան զարգացման եւ լուսաւորման նուիրուած ճիգերը։ Արդարեւ, Դպրեվանքը որուն համար արդարօրէն ըսուած է որ արտասահմանի հայութեան կենսատու աւիշն է, Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան գլխաւոր առարկան դարձած էր արդէն 1956-էն ի վեր երբ առաջին անգամ  ստանձնեց  անոր  տեսչութիւնը։  Վեհափառը ոչ միայն մնայուն ներկայութիւն եղաւ հոն իր պաշտօնավարած շրջանին այլեւ մղիչ ոյժ եւ ուղեցոյց հանդիսացաւ այն բոլոր սերունդներուն հոգեւորական թէ աշխարհական որոնք վայելեցին իր շունչին ջերմութիւնը, մտքին խորութիւնը եւ ազգային ըմբռնումներու բիւրեղացումը եւ հարազատութիւնը։

Դպրեվանքը, Վեհափառին համար սոսկ կրօնագիտութեան եւ եկեղեցական ուսմանց վայր մը չէ, այլեւ պատասխանատու եւ գիտակից մարդու պատրաստութեան դարբնոց է։ Ինչպէս պիտի ըսէր իր բառերով, «Աստուծոյ ու Ազգին, աւետարանի ու մեր մշակոյթին սիրովը, անոնց ծառայելու յօժարակամ ու ինքնանուէր տրամադրութեամբը պրկուած եւ իրենց կեանքը պատասխանատուութեան զգացումին ղեկովը առաջնորդող սերունդի մը դարբնոցն է Դպրեվանքը»։

Դպրեվանքին դերին մաս կը կազմէ նաեւ իրաւ մարդը պատրաստելու հարցը որ տարիներ շարունակ Վեհափառին մտածումներուն եւ մտատանջութեան առանցքը դարձած է։

Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ նախանձախնդրութիւնը անվիճելի իրողութիւններ են։

Ուղղելով իր խօսքը Դպրեվանեցիներուն, կը մէջբերեմ Վեհափառին խօսքը. կÿըսէ «Այս Դպրեվանքը, ամբողջ ժողովուրդի աչքին, կայ անոր համար որ քրիստոնէական կրօնքի ուսուցումի կողքին, հայոց լեզուն, հայոց մշակոյթի մեզի համար դառնան գերագոյնը, ամէն բանէ վերը»։

Այս հեռանկարով պատրաստուած եկեղեցականները երբ մանաւանդ առիթ կ՜ունենան իրենց գիտութիւնը եւ կազմաւորումը ամբողջացնելու համալսարական բարձրագոյն ուսումով կը դառ- նան աներկբայօրէն Լիբանանի, թէ արտասահմանի այլ երկիրներուն մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճառագայթումին նպաստող որակեալ տարրեր։

Այսպէս Գարեգին Վեհափառը խորապէս համոզուած Դպրեվանքի եկեղեցական եւ ազգային կարեւոր դերին մասին ինչպէս էր պարագան իր երջանկայիշատակ նախորդներուն, ամբողջ կարելին ըրաւ որպէսզի ան օժտուի մարդկային գնահատելի ոյժերով իբրեւ դաստիարակ եւ դասախօս եւ ունենայ հոգեւոր եւ մանկավարժական պահանջքներուն գոհացում տուող արդիական շէնք մը հեռու Անթիլիասի ժխորէն։

Այսօր Պիքֆայայի դալարագեղ բլուրներու լանջքին հաստատուած Դպրեվանքը ուր ուսում կը ստանան 59 աշակերտներ, օժտըւած իր գրադարանով, հիւրանոցով, սրահով, խաղավայրով եւ ներքին բոլոր յարմարութիւններով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատիւ բերող իրագործում մըն է զոր կը պարտինք Յոբելեար Վեհափառին հետեւողական ջանքերուն։

Կրօնական դաստիարակութեան ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի յատուկ կարգադրութեամբ տարիներ շարունակ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան կրօնական դաստիարակութեան նուիրուած դասախօսական շարքեր ուղղուած ժողովուրդին ի խնդիր մեր եկեղեցական ու մշակութային ժառանգին ծանօթացման։ Կիրակնօրեայ վարժարանները շարունակուեցան նոր թափով եւ խանդավառութեամբ։

2.- Մեր ազգային պատմական իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ հետապնդման տեսակէտէն, Վեհափառ Հայրապետի միջ-եկեղեցական եւ միջազգային յարաբերութիւնները թոյլ տուին որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կարենայ օգտակար ծառայութիւն մատուցանել օտար պատասխանատու շրջանակներէն ներս։

Արդարեւ Մակի Մարդկային Իրաւունքներու Ենթայանձնախումբին մէջ ուր կը քննուէր հայ ցեղասպանութեան հարցը եւ ուր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը իրաւունք ունէր ներկայացուցիչ մը ունենալու դէտի հանգամանքով, Վեհափառի միջամտութեամբ որոշուեցաւ որ հայ մը ըլլայ այդ ներկայացուցիչը որպէսզի հնարաւոր ըլլայ մեզի ներկայութիւն մը ունենալ այդ ատեանին մէջ։

Նոյնպէս Ե.Հ.Խ.ը որոշեց իր հրատարակած պարբերագիրքէն թիւ մը յատկացնել հայութեան։ Վեհափառը կարգադրեց որ անոր պարունակութիւնը պատրաստուի Կաթողիկոսարանի ձեռքով, քննուի Խորհուրդին կողմէ նշանակուած մասնագէտի մը կողմէ, ապա հրատարակուի իրենց միջոցներով։

Այս գրքոյկը տպուեցաւ, Armenia մակդիրին տակ,  բազմաթիւ լեզուներով եւ ղրկուեցաւ Ե.Հ.Խ.ին կողմէ կարեւոր եկեղեցական եւ քաղաքական միջազգային հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու, բոլորին ծանօթացնելով մեր ճշմարտութիւնը եւ մեր անանցանելի իրաւունքները։

Վանգուվըրի մէջ կայացած իր 6-րդ ընդհանուր ժողովին, 24/7- 10/8/1986, Ե.Հ.Խ.ը իւրացուց հայ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւ մը, պարտականութիւն տալով կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան որ պարտն ու պատշաճը տնօրինէ տեղեակ պահելու համար բոլոր եկեղեցիները այս որոշումին մասին եւ ի հարկին անհրաժեշտ ճիգ չխնայելու որպէսզի այդ իրողութիւնը ճանչցուի ամէն տեղ ուր ան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ։

1987-ին, Սթրազպուրկի եւրոպական համայնքի Երեսփոխանական Ժողովին մէջ, ուր պիտի քննուէր հայկական ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող բանաձեւի առաջարկ մը, նպաստաւոր դիրքորոշում ճշդուեցաւ ի շահ մեր դատին։ Այս խրախուսիչ արդիւնքին մէջ վճռական դեր ունեցաւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ազդու միջամտութիւնը Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապի եւ Ե.Հ.Խ. ընդհ. քարտուղար Էմիլիօ Քասթրոյի մօտ։

Գարեգին Վեհափառ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հետ համախորհուրդ յստակ դիրք ճշդեց հայրենիքը լքող եւ արտագաղթող հայերու կապակցութեամբ եւ առ այդ իր տեսակէտը փոխանցեց Վազգէն Ա. Վեհափառին եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններուն որպէսզի չի քաջալերուի այդ երեւոյթը։

Ղարաբաղի տխուր դէպքերու առիթով, Գարեգին Վեհափառը յայտնեց Վազգէն Վեհափառին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ անոր ժողովուրդին զայրոյթը կատարուածին համար եւ անոր հոգեկան միութիւնը հայրենի մեր ժողովուրդի տագնապին եւ ցաւին։

Գարեգին Վեհափառ կը գնահատէ գրքի եւ մշակոյթի դերը ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Անդուլ աշխատանք տարաւ հայ գրքի տարածման համար կազմակերպելով ամէն տարի հայ գրքի ցուցահանդէս Անթիլիասի վանքին մէջ ուր բազմահարիւր գրասէր անձեր եկան ծանօթանալու նոր հրատարակութիւններու եւ անոնցմով ճոխացնելու իրենց գրադարանը։

Մեկենասներ գտաւ հրատարակելու համար զանազան հեղինակներու երկասիրութիւնները ինչպէս նաեւ ազնիւ նուիրատուներ որոնց տրամադրած գումարները ֆոնտերու վերածուելով առիթ տուին որ ամէն տարի անոնց եկամուտներով հրատարակուին սակաւագիւտ դարձած գրական կամ պատմական գրքեր։

Անթիլիասի տպարանը ներկայիս, շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետի ջանքերուն, օժտուած է ամենաարդիական տպագրական մեքենաներով եւ համապատասխան սարքաւորումներով եւ կարելի է անվարան ըսել որ Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ գտնուող լաւագոյն տպարաններէն մէկն է։

Մշակութային եւ կրթական մարզէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը հետապնդէ նաեւ գրական, պատմական եւ բանասիրական աշխատանքներուն զարգացումը Կաթողիկոսարանէն ներս։ Յարատեւութեամբ կը հրատարակուի «Հայագիտական Հասկ»ը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն թէ սփիւռքէն մեծ թիւով մտաւորականներ, գրողներ եւ բանասէրներ։

1987 Հոկտեմբերէն ի վեր, հայ ուսուցիչ պատրաստելու կոչումով Մանկավարժական Կեդրոն մը կը գործէ արդէն Կաթողիկոսարանէն ներս շնորհիւ Խաչեր Գալուստեան հիմնադրամին։

Մտքի եւ գրչի մարդ է միեւնոյն ատեն Վեհափառ Հայրապետը։ Արդարեւ աւելի քան 19 հայերէն կամ օտար լեզուներով խմբագրուած գրքեր լոյս տեսած են արդէն իր հեղինակութեամբ։ Բազմաթիւ յօդուածներ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն լեզուներով ոմանք նաեւ թարգմանուած այլ լեզուներու խորք տուած են հայ թէ օտար զանազան ամսաթերթերու եւ պարբերագիրքերու։

3.- Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութիւն կու տայ միջ-եկեղեցական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն այն սպասումով որ անոնք կրնան դրական հետեւանքներ ունենալ մեր ժողովուրդի շահերու տեսակէտէն։ Այս հեռանկարով անցնող տասը տարիներու ընթացքին այցելեց բազմաթիւ երկիրներ եւ օգտակար հանդիպումներ ունեցաւ օտար եկեղեցական թէ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ ամէն տեղ իր հետը տանելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնելու ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու տէր կանգնելու իր առաջադրանքները։

Յաճախ այցելեց Լիբանանի վսեմաշուք նախագահ Ամին Ժըմայէլին որ միշտ ալ առիթ գտաւ փոխադարձելու իր այցելութիւնը։

1980-ին այցելեց Ժընեւ եւ Սթրազպուրկ, 1981-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Լիզպոն։ Ինչպէս նաեւ Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին, Լոնտոն։ 1982-ին, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն։ 1983-ին յատուկ պատուիրակութեամբ, բաղկացած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն եւ պետական հայ երեսփոխաններէ այցելեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Հաֆեզ էլ-Ասատին եւ Սրբազան Պապին։ Նոյն տարին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վսեմաշուք նախագահ Ռոնալտ Րեկընին։ 1984-ին յատուկ հրաւէրով այցելեց Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցիները։ Պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Տանըմարքայի Լուտերական եկեղեցիներուն։

Ներկայ եղաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր եւ Կեդրոնական Մարմիններու Ժողովներուն Գանատա, Կիպրոս, Աւստրալիա, Եգիպտոս։

Այցելեց նաեւ Մարոնիներու, Յունաց, Ասորիներու եւ Ղպտիներու Պատրիարքներուն։

Այս այցելութիւնները գրեթէ միշտ փոխադարձուեցան կամ ենթականերու եւ կամ անոնց ներկայացուցիչներու փոխ այցելութեամբ։ Վերջին անգամ Ս. Աթոռը ընդունեց Ամենապատիւ Կարտինալ Վիլըպրանտսը որ եկած էր յատուկ պատուիրակութեամբ, Սրբազան Պապին անունով, փոխադարձելու Վեհափառին այցելութիւնը։

Իր մտքին եւ սրտին մէջ կարեւոր տեղ ունին Ս. Էջմիածինը եւ անոր շնորհազարդ Գահակալ Վազգէն Ա. Ամենայն  Հայոց  Կաթողիկոսը որուն հետ հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ, 1984-ին քննելու համար երկու Աթոռները յուզող կարգ մը հարցեր։

Իր յարաբերութիւնները Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ եղան միշտ սիրալիր, անկեղծ եւ յարգալիր։ Վազգէն Վեհափառը երբեք բացակայ չեղաւ Գարեգին Վեհափառի քարոզներուն եւ պատգամներուն մէջ։

Կապեր պահեց եւ հովուական այցելութիւն տուաւ թեմերուն, նոր շունչ եւ կորով ներշնչելով անոնց։ Հետեւեցաւ անոնց գործունէութեան, տեղեակ մնաց անոնց դժուարութիւններուն եւ ի հարկին ուղեցոյց եղաւ հարկ եղած պահուն։

Այս բոլոր յարաբերութիւնները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապահովեցին նոր վարկ եւ անոր տուին յաւելեալ հմայք որպէսզի ան անվարան շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ եւ կատարէ իր յանձնառութիւնը ի շահ հայ եկեղեցւոյ եւ մեր պանծալի ժողովուրդին։

4.- Անցնող այս շրջանին Կաթողիկոսարանը ծաղկեցաւ յաւելեալ շինարարական, ընկերային եւ վարչական գնահատելի իրագործումներով։

Անկախ Դպրեվանքի գեղակերտ շէնքէն, վերակառուցուեցաւ եւ ամբողջացաւ Պիքֆայայի հովոցը իբրեւ ամարանոց Վեհափառին եւ միաբանութեան։ Անթիլիասի մէջ նորոգուեցաւ եւ նոր շինութիւններով ամբողջացաւ միաբանական թաղը, նորոգուեցան Մայր Տաճարը եւ Վեհարանը որոնք լուրջ վնասներու ենթարկուած էին ինկած ռումբերու հետեւանքով։

Ուսումնասիրութեան գործնական ընթացքի մէջ է  թանգարանի մը շինութիւնը։

Շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետի դիմումին Պ. Վաչէ Մանուկեանի ազնիւ բարերարութեամբ, գնուեցաւ Տպպայայի կալուածը ուր ներկայիս կը գործէ Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։

Վեհափառը մօտէն կը զբաղի Կաթողիկոսարանի կապուած ընկերային հաստատութիւններով ինչպէս Ճիպէյլի որբանոցը ուր կառուցուեցան նոր շինութիւններ, Բիւզանդ եւ Անժէլ Թիւթիւնճեան ծերանոցը, Օր. Լէյլա Գարակէօզեանի հոգատարութեամբ շինուող Ֆանարի ժողովրդային բնակարանները։ Թեւ ու թիկունք կը կանգնի իր կողմէ հիմնուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հայ Ուսանողներու Միութեան։

Գործակցութեամբ Բողոքական համայնքին կը զբաղի Ազունիէի հիւանդանոցով եւ ծերանոց-կուրանոցով։

Շնորհիւ Վեհափառի ունեցած յարաբերութիւններուն, Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական Վարչութիւնը կրցաւ կարգադրել որ Հայասէր Զուիցերիացիներու Միութեան պատկանող Յունաստանի ծերանոցը փոխանցուի հայութեան եւ մնայ Կաթողիկոսարանի հակակշիռին տակ։

Վեհափառ Հայրապետը երեւան բերաւ կազմակերպչական բացառիկ կարողութիւններ։ Վերակազմակերպուեցան Դիւանատունը, հաշուապահութիւնը, գրատունը եւ Հասկի վարչութիւնը։ Արդարօրէն կարելի է ըսել որ վերջին 30 տարիներու ընթացքին, շնորհիւ իր շնորհազարդ Կաթողիկոսներու լուսամիտ եւ հեռատես քաղաքականութեան եւ յատկապէս Գարեգին Ա. Վեհափառի  անխոնջ աշխատանքներուն եւ Կեդրոնական Վարչութիւններու գործակցութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բոլորէ ճառագայթումի եւ վերածնունդի շրջան մը։

Վեհափառը իրապաշտ եւ գործի մարդ է։ Շատ  չի  հաւատար մեծ տեսութիւններու։ Իրեն համար կարեւորը ապրուած կեանքի շօշափելի իրականութիւնն է, դաշտի վրայ կատարուած յարատեւ աշխատանքը յանձնառու կեցուածքը եւ ձեռք ձգուած արդիւնքներն են որ կը ծառայեն իբրեւ չափանիշ ոեւէ գնահատանքի։ Իրեն համար ապագան ինքնին գոյավիճակ մը չէ, ան կը կերտուի։

Իր մօտ ամէն ինչ մտածուած եւ անհրաժեշտ խորացումով ուսումնասիրուած ու բաղդատութեան  լոյսին  տակ քննուած կը գտնէք։ Զգացական զեղումներու մէջ չի կորսուիր, սակայն կը մնայ միեւնոյն ատեն սրտի մարդ։ Կ՜ապրի ժողովուրդին հետ որ իր մեծ ընտանիքն է, ժողովուրդին համար որուն ուրախութիւնն ու ցաւերը, խնադավառութիւնն ու մտահոգութիւնները, ընկրկումներն ու վճռակամութիւնը իր ապրումներն են եւ զանոնք կ՜արտայայտէ  ամէն  առիթներով,  խօսքով  եւ   գրչով։  Իր սրտի  տրոփը, երակներուն կշռոյթը կը հետեւին իր ժողովուրդի իրավիճակին, տագնապին կամ գոհունակութեան, ուրախութեան։

Վեհափառ Հայրապետը կը նոյնանայ նշանաւոր հեղինակի մը այն խօսքին հետ, թէ մեծ են այն մարդիկ որ կը մտածեն մտքով սակայն կը գործեն եւ կը յարաբերին սրտով։

Վեհափառը կը հաւատայ ապրուած սիրոյ յաղթանակին, միութեան հրամայականին եւ ծառայելու հաճոյքին ինչպէս իր նախորդները յատկապէս իր մեծ առաջնորդը Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսը որ իր կեանքի օրինակով պատկերացուց այս գաղափարները։ Արդարեւ ինչ կ՜արժէ կեանքը երբ պարպուած է սէրէն ինչ կ՜արժէ սէրը երբ առանց կեանքի է։

Վեհափառը կը սիրէ ծառայել։ Ան կու  տայ  իր  մտքէն,  իր սրտէն, իր հոգիէն մինչեւ իսկ իր թանկագին առողջութիւնը զոհելով այդ ճանապարհին վրայ։ Ծառայելը իրեն համար իր առաքելութեան ճշմարիտ ուղին է եւ իր համոզումները իր կեանքի մղիչ ոյժն են։ Ի զուր տեղ չէ որ Այնշթայն ըսած է. «Կ՜արժէ այս կեանքը ապրիլ ուրիշին ծառայելու համար»։

Իրեն համար եկեղեցականը եւ ազգայինը զուգահեռ կ՜ընթանան։ Չի կրնար ծառայել մէկուն անտեսելով միւսը։ Եկեղեցւոյ կը ծառայէ ամբողջական նուիրումով ու հաւատքով սակայն անոր ընձեռած միջոցները կը գործածէ յօգուտ իր ժողովուրդին։

Եթէ ճիշդ է որ խաւարին մէջ պէտք է հաւատալ լոյսին, դժուարութիւններու մէջ պէտք է յուսալ ելքի կարելիութիւններուն նաեւ ճիշդ է որ այդ պահերուն պէտք է պրկուած կամքով լծուիլ աշխատանքի եւ ճշդել մեր ուղղութիւնը որպէսզի լուսածագին զմեզ գտնենք ապահով ափերու վրայ։

Վեհափառը կը հաւատայ հայոց աշխարհի լոյսին, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումին եւ այս համոզումով բոցավառ ջահի մը նման կը ճառագայթէ լուսաւորելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական առաքելութեան սրբազան ուղին։

Վեհափառ Տէր, դուք որ ձեր գրութիւններով, պատգամներով եւ կեանքի կենդանի օրինակով կÿուզէք ցոյց տալ իրական իմաստը կեանքին, նամանաւանդ հայու կեանքին ու ճշդել մեր գիտակցութեան եւ յանձնառութեան հորիզոնները, աշխարհի մը մէջ ուր մարդիկ եւ պետութիւններ անտարբեր են ուրիշներու ցաւերուն եւ իրաւազրկումներուն, դուք որ նոյնախառնած էք Ձեր անձը Ձեր ժողովուրդի կեանքին հետ անոր տառապանքին եւ երազներուն մէջ, թոյլ տուէք որ իբրեւ երախտագիտական զգացում յայտնենք Ձեզի մեր խոր մեծարանքը եւ մեր անկեղծ ու հարազատի սէրը նման այն բիւրեղացած կաթիլին որ կու գայ մեր էութենէն ու կը ծորի մեր կեանքի մայր երակներէն մեր գոյութեան էատարրին մէջ որ մեր սիրտն է։

Կը մաղթենք ի խորոց սրտէ որ Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկար եւ քաջառողջ կեանք լի նոր տասնամեակներով եւ ինչու չէ յիսնամեակով որպէսզի  կարենաք շարունակել աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ Ձեր ծառայութիւնները ի սպաս հայ եկեղեցւոյ, հայ մշա- կոյթին, հայութեան անկորնչելի դատին եւ ի փառս յաւերժական մեր ժողովուրդին։

 

22 Մայիս 1988

 

 

22-05-1988