Ոսկեբերան Արզումանեան ծնած է 1924-ին Թուրքիա, Եօզկատցի ծնողներէ։ Տակաւին 40 օրուան մանուկ՝ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ Պէյրութ։
1958-ին ամուսնացած է նոյնպէս Եօզկատցի Շաքէ Մահտեսեանին հետ եւ ունեցած են չորս զաւակներ՝ Լալիկ, Հուրիկ, Վարդգէս եւ Բալիկ։
Վկայուած է ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն ստանալով հայագիտական եւ Արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ։ Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը ստացած է նոյն համալսարանի Իրաւաբանական եւ Տնտեսագիտական բաժանմունքէն Առեւտրական Հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը։
2 տարի պաշտօնավարելէ ետք իբրեւ ուսուցիչ Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի մէջ, աշխատած է կարճ ժամանակուան համար ֆրանսական հոգատարութեան ելեւմտական բաժնին մէջ։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԱՄՓՈՓ ԳԻԾԵՐ
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԻՇԽԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ
Առ ի գնահատանք Պրն. Ոսկեբերան Արզումանեանի բազում տարիներու նուիրեալ ծառայութեան ու բեղուն վաստակին, Հայրապետական կոնդակով կը շնորհուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Կիլիկիոյ Իշխան” շքանշանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ «ՍՊԱՅ»ի ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ
Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ Ֆրանսական համալսարանի երկար տարիներու ընդհանուր վարչական տնօրէնութեան պաշտօնի բերումով իր ծառայասիրութեան եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին նուիրուած աշխատանքին համար ստացած է Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Մայրիներու բարձրագոյն «Սպայ»ի կարգի շքանշանը։