Վեհափառ Տէր Հոգեւոր Տէր

Ն. Վսեմափայլ Տէրութիւն Պրն. Նախագահ, Մեծարգոյ Ներկայացուցիչ Խորհրդարանի Նախագահ

Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ Հայրեր

Վսեմաշուք պարոն Դեսպան Ֆրանսայի, Մեծարգոյ Ններկայացուցիչ Պրն. Վարչապետին

Գերապատիւ եւ Բարձրաշնորհ Հայրեր Յարգելի Ներկաներ,

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին։

Ինչպէս ծանօթ է արդէն ձեզի, այս հանդիպումը կազմակերպուած է ի պատիւ Կ. Վարչութեան ատենապետ Մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ  անոր պատուոյ լէգէոնի, սպայի կարգի շքանշանի տուչութեան առիթով։ Պարգեւատրումը  կատարուեցաւ  ձեռամբ  Ֆրանսայի դեսպան, վսեմաշուք Տիար Քրիստեան Կրաֆի առ ի  վարձատրութիւն այն գնահատելի ծառայութիւններուն զորս Մեթր Պապիկեան մատուցած է եւ կը շարունակէ մատուցել ի խնդիր ֆրանսերէն լեզուի եւ մշակոյթի տարածման եւ զարգացման ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի բարեկամական կապերու ամրապնդման։

Այս պատիւը, անկասկած, իր անձին ընդմէջէն կ՜երթայ նաեւ Լիբանանին որուն կապուած է ան ոեւէ ատենէ աւելի ի տես ներկա- յի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժնդակ պայմաննե- րուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին որուն անթուլ եւ անսակարկ ծառայողն է երկար տարիներէ ի վեր։

Համբաւաւոր իրաւագէտ, բազմածաւալ զարգացումի եւ քաղաքական գնահատելի փորձառութեան տէր անձնաւորութիւն, ծանօթ բազմաթիւ օտար լեզուներու, Մեթր Պապիկեան վարած է ու կը վարէ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ազգային, լիբանանեան եւ միջազգային բեմերու վրայ։

Ան բազմիցս եղած է եւ ներկայիս է ատենապետ ազգային կեդրոնական վարչութեան, ատենապետ կաթողիկոսարանի ժողովրդային տուներու վարչութեան, ինչպէս նաեւ Բիւզանդ եւ Անժէլ Թութիւնճեան ծերանոցի շինութեան յանձնախումբերուն, փոխ-ատենապետ հայասէր զուիցերիացիներու Արմենօֆաս ընկերակցութեան, ատենապետ Գոմարէսի, ազգային եւ պետական երեսփոխան 1956էն ի վեր անընդմէջ, եղած է յաջորդաբար վերակազմութեան, առողջապահական, տեղեկատուութեան եւ դատական նախարար։ Նախագահ երեսփոխանական յանձնախումբերու, փոխ-նախագահ ֆրանսախօս երկիրներու երեսփոխանական միջազգային ընկերակցութեան, նախագահ վարչագիտական ուսմանց լիբանանեան ընկերակցութեան։

Վերոյիշեալ պատասխանատուութիւններու լոյսին տակ, յստակ կերպով կը բնորոշուին, Մեթր Պապիկեանի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ վայելած վարկը ազգային, լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։

Իր ճառագայթող անհատականութիւնը տեղական  եւ  շրջանային շրջագիծէն անցնելով ստացած է միջազգային տարածք։ Իր այլազան պարտաւորութիւնները ոչ միայն չեն ընկճեր զինքը այլ իրեն կու տան յաւելեալ աշխոյժ եւ վճռակամութիւն։

Վսեմաշուք պարոն դեսպան, հայ համայնքը որուն բարեկամական աւանդական կապերը Ֆրանսայի հետ կու գան հեռաւոր անցեալէ, ինքզինքը պատուուած կ՜զգայ այս պարգեւատրումով։ Ան ուրախութեամբ կ՜ընդունի ձեզ եւ ձեր ներկայութիւնը կաթողիկոսարանի մէջ որմէ խորապէս տպաւորուած ենք, խօսուն գրաւականն է այդ բարեկամութեան։ Պիտի խնդրէի որ ընդունէիք մեր շնորահակալութիւնները եւ հաճէիք փոխանցել Ն. Վ. Տէրութիւն, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահին մեր երախտագիտութիւնը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Ն. Վսեմութիւն նախագահ Շարլ Հելուին, Գերաշնորհ եւ Գերապայծառ եպիսկոպոսներուն, Պ. Նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ինչպէս նաեւ եկեղեցական եւ աշխարհական երեւելի անձնաւորութիւներուն եւ ձեր բոլորին որ ձեր ներկայութեամբ ուզեցիք յաւելեալ փայլք տալ այս հաւաքին, յայտնել ձեր գնահատանքը եւ շնորհաւորութիւնները արժանաւոր պարգեւատրեալին եւ պատուել մեզ։

Շնորհակալութիւններ