Կիրակի 21 Մարտ 1982, ժամը 11-ին

Սինեմա գերմանիկ

 

Մեծաշուք Տիար Դատական Նախարար Ներկայացուցիչ Նորին Վսեմափայլ Տիրութիւն, Հանրապետութեան Նախագահ, Էլիաս Սարգիսին

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմը՝ մեծապէս զգացուած է սիրոյ եւ գնահատանքի այն արտայայտութենէն զոր ցոյց տուաւ նորին վսեմութիւնը, բարեհաճելով ընդունիլ հովանաւորութիւնը Դպրեվանքի յիսնամեակին նուիրուած այս հանդիսութեան եւ ձեր ներկայութեամբը պատուել մեզ, կը խնդրէ ձերդ ազնուութենէն որ հաճիք փոխանցել Նորին Վսեմութեան մեր անխառն յարգանքները ու երախտագիտութիւնը եւ ընդունիլ Դուք եւս մեր խոր շնորահակալութիւնները

 

Վեհափառ Հայրեր,

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ Գերապայծառ Տէր, Վերապատուելի Հայր, նախագահ Միջին Արեւելքի Աւետարանական

Եկեղեցիներու Խորհուրդին

Գերաշնորհ, Գերապատիւ,

Արժանապատիւ եւ Վերապատուելի Հայրեր Առաքինազարդ քոյրեր

Յարգելի հանդիսականներ

 

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան  Լիբանանի  թեմի ազգային իշխանութիւնը մեծ հանդիսութեամբ կը տօնէ այսօր դպրեվանքի հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Դէպքերու բերումով տարիով մը յապաղած այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՜ընծայէ լիբանահայութեան որ աւելի մօտէն ծանօթանայ կաթողիկոսարանի սիրտը հանդիսացող այս հաստատութեան եւ առ այդ արտայայտէ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը ի տես կատարուած եւ կատարուող այս աստուածահաճոյ եւ հանրանուէր ծառայութեան։

Յիսուն տարի ազգային եկեղեցական ծառայութեան մէջ, թէպէտ եւ ժամանակի սահմանումով երկար շրջան մը չէ, սակայն այդ իսկ տարածքը բաւարար եղաւ արդարացնելու համար այն  յոյսերը զորս իր հիմնադիրները եւ անոնց աջակից հայ ժողովուրդը դրած էին իր վրայ։

Հաստատութեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ ութը հարիւր պատանիներ եւ երիտասարդներ ցարդ անցած են Դպրեվանքէն որոցմէ մէկ մասը եղած է շրջանաւարտ։

Ուշագրաւ են անոնցմէ.

3 կաթողիկոսներ (երանաշնորհ Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից կաթողիկոս)

23 եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ 52 վարդապետներ

95 քահանաներ

Դպրեվանքի արգասիքը հանդիսացող եկեղեցականներու հոյլը, ըլլան անոնք կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանայ միակ արդիւնքը չեն անոր բազմաբեղուն գործունէութեան։ Կան նաեւ աւարտական կամ թերաւարտ աշխարհական բազմաթիւ մտաւո- րականներ որոնք կը ծառայեն ազգին իբրեւ կրթական մշակներ, մամուլի սպասարկուներ եւ գրողներ։ Բազմաթիւ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ կը կրեն դրոշմը Դպրեվանքի հայաշունչ դաստիարակութեան  ու  ազգային-եկեղեցական  ոգիին։  Ուրիշներ,  լծուած   ազատ ասպարէզի մէջ, վարելով դպրապետի պաշտօն կամ մասնակցելով իբրեւ ժողովական հայ կրթական եւ ընկերային միութիւններու, կը բերեն այդ ուղիներով իրենց բաժինը ազգային ծառայութեան։

Տօնել համազգային շուքով ազգային-եկեղեցական կարեւոր հաստատութեան մը յիսնամեայ յոբելեանը, կը պարտադրէ անխուսափելիօրէն մեզի, որպէսզի մեր դատողութեան եւ գնահատանքին մէջ ըլլանք առարկայական, աչքէ անցնենք, գէթ թռուցիկ ակնարկով, անոր հիմնադրութեան տուն տուող պատճառները, այն պայմանները որոնց մէջ ան ծնունդ առաւ, ապա՝ հանգրուանային կերպով անոր բարգաւաճման հոլովոյթին կապուած զանազան երեւոյթները։

Մեծ եղեռնէն յետոյ, ջարդուած եւ տարագիր հայութեան վերապրող խլեակները, օգտուելով 1918-ի զինադադարի պայմաններէն եւ դաշնակից բանակներու ներկայութենէն, վերադարձան հայրենի աշխարհ, վերագրաւելու իրենց պապենական հողերն ու ինչքերը եւ կեանք ու շունչ տալու մոխրացած օճախներուն։ Հաւատարիմ իր շինարար բնազդին՝ հայութիւնը լծուած էր վերականգնումի գործին եւ տակաւ կը փորձէր վերակազմակերպել իր կեանքը երբ յանկարծ վրայ հասաւ քեմալական ապստամբութիւնը որուն  հետ  իր  կնքած  Անգարայի  դաշինքով,  30  Հոկտ.  1921-ին, Ֆրանսա կը խոստանար քաշել իր բանակները Կիլիկիայէն զոր պիտի լքէր ամբողջութեամբ Թուրքիոյ։

Հիասթափ եւ ուղեկորոյս ու երկրորդ ջարդի արհաւիրքը իր սրտին, Կիլիկիոյ հայ բնակչութիւնը կրկին պարպեց իր շէները եւ լքելով իր բոյնը, վերստին առաւ գաղթականի ցուպը իր ձեռին ու եկաւ կայք հաստատելու արաբական հիւրընկալ եւ  ասպնջական երկիրներուն մէջ, մատնուած անմխիթար գոյավիճակի։

Կիլիկիոյ շնորհազարդ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան, 1921-ին, վերջնականապէս լքելով Սիսը, ուր կը գտնուէր 800 տարուան պատմական Սուրբ Աթոռը եւ հետեւելով իր տեղահան ժողովուրդին կը փոխադրուէր Հալէպ ուսկից կ՜անցնէր Պէյրութ ապա Երուսաղէմ եւ Կիպրոս։

Տիրող անորոշ կացութեան մէջ, Ս. Աթոռին անկայուն վիճակին հետ զինքը կը մտատանջէր գլխաւորաբար գաղթահայութեան անկազմակերպ եւ ցան ու ցրիւ վիճակը։ Կը հաւատար որ հայրենի բնագաւառներէն դուրս, եկեղեցին կը հանդիսանայ միակ վարչական կեդրոնական հաստատութիւնը որուն շուրջ կարելի է համախմբել գաղթահայութիւնը եւ կազմակերպել ազգային, կրթական ու ընկերային կեանք։

Սակայն ո՞վ պիտի փոխարինէր  նահատակուած  առաջնորդները, եկեղեցականներն ու կրթական մշակները։

Հոգեւոր պատրաստութեան նախկին նշանաւոր կեդրոնները, Ս. Էջմիածնի, Արմաշի, Սիսի Դպրեվանքները փակուած էին։ Երուսաղէմի հայոց վանքին կապուած ժառանգաւորաց վարժարանը 1924-ին կը վերաբացուէր, սահմանափակ թիւով աշակերտութեամբ։

Ահա այս մթնոլորտին մէջ, ընկճուած՝ խոր մտահոգութիւններու ներքեւ, Սահակ Բ. Կաթողիկոս իր 79 տարիքին կը հրատարակէր պատմական նշանաւոր իր կտակը, 24 Փետրուար 1928-ին։ Պարոն  Բիւզանդ  Եղիայեան, բազմավաստակ ուսուցչապետ եւ նախկին ներքին տեսուչ Դպրեվանքի որ մօտէն ծանօթ է այս իրա- դարձութիւններուն իր «Ժամանակակից Պատմութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1941-1972» մեծածաւալ գրքին մէջ կը գրէ ի մէջ այլոց, վերոյիշեալ կտակի մասին ու կ՜աւելցնէ. «Շփոթ այս կացութեան դիմաց, ինքզինքը պատասխանատու զգալով ազգին ու պատմութեան առջեւ, Սահակ  Կաթողիկոս  կը  դնէր հարցումը.

«Ի՞նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ապագան» ու կը հայցէր ազգային հասուն մտքերու խորհուրդն ու թելադրութիւնը»։

«Արթնամիտ Հայրապետին հարցումին անմիջապէս ու լայն արձագանքով կը պատասխանէր սփիւռքահայութիւնը՝ իր մամուլով, մտաւորականութեամբ եւ վարչական պատասխանատու մարմիններով։

«Սփիւռքի հայութեան վերականգնումի ու պահապանութեան համար անհրաժեշտ էր ամրացնել ու բարգաւաճ վիճակի բարձրացնել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր նուիրապետական վարչակարգով, դպրեվանքով ու մշակութային գործունէութիւններով։

«Եւ այս աշխատանքին մէջ կաթողիկոսին անմիջական գործակից նոր ոյժ մը ապահովելու իմաստութեամբ, ազգային առաջնորդ դէմքեր  կը  թելադրէին  որ  Բաբգէն  Եպս.  Կիւլէսէրեան,  Արմաշի Դպրեվանքէն, Աթոռակից ընտրուի, ինչ որ յօժար կամքով կը կատարէր Սահակ Կաթողիկոս 1928-ի Յուլիսին»։

Այնուհետեւ Սահակ Բ. Կաթողիկոս եւ իր Աթոռակիցը Բաբգէն Կաթողիկոս կը լծուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թեմերու վերակազմութեան աշխատանքին։

Կը մնար սակայն հիմնականը։ Կաթողիկոսարանը վայր մը չունէր ուր կարենար հաստատուիլ։

Այդ շրջանին Ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերակցութիւնը արդէն լուծարքի ենթարկած էր իր որբանոցները։ Անթիլիասը պարպուած էր որբերէն, սակայն կալուածները դեռ եւս կը մնային իր սեփականութիւնը։

Խորհրդակցութեամբ իր Աթոռակիցին եւ Ամերիկահայ ազգայիններու հետ, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, պաշտօնական դիմում կատարեց ամերիկեան նպաստամատոյց կեդրոնին, Նիւ Եորք, որպէսզի իրեն տրամադրուի Անթիլիասի կալուածը ուր պիտի հաստատէր Ս. Աթոռը եւ Դպրեվանքը։

9 ամսուայ բանակցութիւններէ յետոյ, 1930-ին, Ապրիլ 10-ին, հիմնարկութիւնը կը յայտնէ որ իր Անթիլիասի կալուածը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ 5 տարուայ համար, տարեկան 1 տոլար անուանական վարձքով, նաեւ իր կողմէ մասնակցելով տարեկան 7000 տոլար յատկացումով մը բացուելիք Դպրեվանքին պահպանութեան համար, պայմանաւ որ հայեր եւս մասնակցին անոր ծախսերուն, տարեկան 5000 տոլարով։

Ամերիկահայ բարերար Յարութիւն Կիւլպէնկեանի եւ Միհրան Գարակէօզեանի մասնակցութեամբ եւ ուղղութիւններով կը կազմուի Կիլիկիոյ ուսումնարանի Ամերիկահայ Յանձնաժողովը որ լըրջօրէն կը լծուի աշխատանքի եւ կÿապահովէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ Դպրեվանքի պահպանութեան համար ակնկալուած 5000 տոլարը։ Հետագային, Բաբգէն Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ (1936), Սարաճեան Կաթողիկոս, այն ատեն Արքեպիսկո- պոս, 1939-ին վերջնականապէս կը գնէ Անթիլիասի կալուածները Նիիր Իսթ Ֆաունտէյշընէն եւ ազգային սեփականութիւն կը դարձնէ զանոնք շնորհիւ Սիմոն եւ Մաթիլտ Գայըգճեաններու նուիրատուութիւններուն եւ 1940-ին կը կառուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը՝ Սարգիս Գնաճեանի նուիրատուութեամբ։

Այսպէսով, Կիլիկիոյ վտարանդի Կաթողիկոսութիւնը կ՜ունենայ իր մնայուն վայրը Լիբանանի հիւրընկալ ափերուն վրայ, Անթիլիասի ծովեզերքը եւ իր շրջափակէն ներս կը վերականգնէ իր Դպրեվանքը, մայրիներու շուքին տակ։

1930-ին, հիմնարկուած Դպրեվանքը պէտք ունէր սակայն ներքնապէս կերտուելու եւ ամրապնդուելու։ Անհրաժեշտ էր մշակել օրուայ պահանջքներուն համապատասխանող կրթական ծրագիր, զայն համակարգել հետեւողական աշխատանքով եւ ջամբուած ուսումին խորք եւ մակարդակ տալ։ Սա կը նշանակէր արդէն Դպրեվանքը օժտել մարդկային որակաւոր ոյժերով։

Համաձայնութեամբ կաթողիկոսարանի եւ Ամերիկայի Յանձնաժողովին, նոյն տարին վերատեսչութեան կը կոչուի Շահէ եպիսկոպոս Գասպարեան (այն ժամանակ վարդապետ), հին արմաշական մը որ ուսումը կատարելագործած էր Պոսթոնի Քէմպրիճի աստուածաբանական դպրոցին մէջ, միաժամանակ Հարվըրտ համալսարանէն ստանալով պսակաւոր աստուածաբանութեան վկայականը։

Դպրեվանքի ներքին տեսուչի պաշտօնին կը կոչուի բազմավաստակ կրթական մշակ եւ գրագէտ Բիւզանդ Եղիայեան որ այն ատեն կը գտնուէր Ժընեւ ուր կը վարէր ուսուցիչ-դաստիարակի պաշտօն։

Բազմաթիւ այլ վաստակաւոր   մտաւորականներ ու գրագէտներ ինչպէս Շահան Պէրպէրեան, Տոքթ. Յ. Թօփճեան, Խորէն Գաբիկեան, Տասնապետեան, Սիմոնեան… եւայլն պաշտօնավարութեան կը կոչուին ապահովելով անոր գիտական վարկ եւ մակարդակ։

Այսպէս, ուսուցչական կազմը յարմարագոյն անձերով օժտուելէ յետոյ, Դպրեվանքը կ՜ամրապնդէ իր ինքնութիւնը ինչ որ կ՜ապահովէ իր ապագայ փթթումն ու ծաղկումը։

Անտարակոյս յետ պատերազմական այդ շրջանին, տարագիր հայութեան համար ոչ մէկ ծառայութիւն չէր կրնար աւելի օգտա- կար եւ սփոփարար նկատուիլ քան այս մէկը։

1932-ին, Դպրեվանքը կու տայ իր առաջին պտուղը։ Մասնաւոր դասարանին պատկանող 6 ուսանողներ որոնք նախապէս արդէն երկրորդական վարժարան աւարտած ըլլալով Դպրեվանք ընդունուած էին, կրօնական, հայագիտական եւ մանկավարժական լրացուցիչ ուսում ստանալու համար, կը ստանան իրենց վկայականները։ Ասոնցմէ ոմանք կը դառնան ուսուցիչ եւ ուրիշներ կը ստանձնեն քահանայական պաշտօն։

1935-ին եւ 1936-ին Դպրեվանքը կու տայ կանոնաւոր ընթացաւարտներու առաջին երկու հունձքերը որոնց մէջէն 7 երիասարդներ կը կոչուին կուսակրօն եկեղեցականութեան։ Այս խումբին կը պատկանին Զարեհ Ա. Կաթողիկոս, Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեան, Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Չէպէյեան։ Այսուհետեւ ամբողջ 50 տարի, ան կը շարունակէ իր ընթացքը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչելով կուսակրօն եկեղեցականներ եւ քահանաներ ինչպէս նաեւ ուսուց- չական եւ մշակութային կեանքի նուիրուած աշխարհականներ։

Անցնող 50 տարիներու ընթացքին, եթէ Դպրեվանքը սփիւռքահայութեան եկեղեցական եւ ազգային կարիքներուն գոհացում տուող կեդրոնական հաստատութիւնը եղաւ, զայն կը պարտինք առաջին հերթին այս տեսլապաշտ երիտասարդներուն որոնք նիւթականացած այս դարուն մէջ, հոգեկան ու մարդկային արժէքները ամէն բանէ գերիվեր դասելով, լքեցին աշխարհիկ կեանքի պերճանքն ու շուայտութիւնները եւ իրենց բոլորանուէր անձը ի սպաս դրին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան։

Զայն կը պարտինք գլխաւորաբար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետներուն որոնք իրենց սիրոյն եւ բացառիկ հոգածութեան առարկան դարձուցին Դպրեվանքը։ Իրենց լուսամիտ եւ հեռատես քաղաքականութեամբ հետեւեցան մեծ հայրապետներու օրինակին եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միջոցներ ստեղծեցին որպէսզի կուսակրօն տրամադրելի ոյժեր երթան արեւմտեան մեծ ոստաններ, համալսարանական լրացուցիչ կազմաւորում ստանալու։

Զայն կը պարտինք վերատեսուչ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն որոնք ձեռնհասութեամբ եւ մանաւանդ պաշտօնի խոր գիտակցութեամբ Դպրեվանքը վերածեցին ոչ միայն հոգեւորականներու պատրաստութեան համար անհրաժեշտ գիտելիքներու փոխանցման վայրի, այլ ազգային նկարագիր կերտելու դարբնոցի։

Զայն կը պարտինք զինքը կենսաւորող ուսուցիչներուն որոնք իրենց մտքի լոյսով եւ սրտի ջերմութեամբ կրցան հաղորդել ապագայ նուիրեալներուն՝ սէրը համամարդկային իրաւ արժէքներուն, գնահատանքը հայ ժողովուրդի ստեղծագործ հանճարին եւ մշակոյթին, վեհութիւնը ծառայութեան ճամբով արդիւնաւորելու իրենց կեանքը։

Եւ վերջապէս զայն կը պարտինք հայ ժողովուրդին որուն արդար գնահատանքին եւ հոգածութեան առարկան կը մնայ ան։

Դպրեվանքը սակայն ինքնակեդրոն չմնաց։ Ան կենդանի ներկայութիւն եղաւ սփիւռքահայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ։

Իրմով Կիլիկեան Թեմերը կազմակերպուեցան, ունեցան առաջնորդներ, վարդապետներ եւ քահանայ հայրեր ու վերակենդանացան։

Իրմով կեանք ու աւիշ ստացան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանները անգամ մը եւս հաստատելով իմաստասէրին այն մտածումը թէ «Լոյսը ցոլացնելու մէջ աւելի մեծ արժանիք կայ քան միայն զայն ընդունելու մէջ»։

Ան դրական նպաստ բերաւ հայ ժողովուրդի եկեղեցական եւ մշակութային դարաւոր ժառանգին, ինչպէս նաեւ պատմական իրաւունքները միջազգային ունկնդրութեան փոխանցելու աշխատանքին մէջ։ Արդարեւ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ բազմաթիւ բարձրագոյն հոգեւորականներ մաս կազմելով Միջ-Եկեղեցական Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովներուն որ կը համախմբէ աւելի քան 300 եկեղեցիներ, շուրջ 250 միլիոն հաւատացեալներով եւ որուն գործադիր կեդրոնական մարմնին փոխ ատենապետն է Ն.Ս. Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոս, միջազգային վարկ եւ շահեկանութիւն կ՜ապահովեն հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Դպրեվանքը ներկայ է Միջին Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ որուն գործադիր մարմնին մաս կազմելով Տ. Արամ Եպս. Քէշիշեան, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց, Հայաստանեայց Եկեղեցին արժանի հեղինակութեամբ իր ինքնութիւնը կը հաստատէ նաեւ այս մարզերէն ներս։

Ան ներկայ է մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուր ծառայող դպրեվանեցի տնօրէններն ու ուսուցիչները մեր մատղաշ սերունդի մտքերուն մէջ կը բանան ազգային գիտակցութեան եւ մշակոյթի խորունկ ակօսներ։

Վերջապէս ան ներկայ է մեր եկեղեցիներու մէջ ուր Դպրեվանքի հոգեւոր մթնոլորտին մէջ թրծուած քահանայ հայրեր կը փոխանցեն մեզի քրիստոնէական հաւատքի կենարար լոյսը։

Դպրեվանքը, այսօր սփիւռքահայ կեանքի մէջ ամուր կերպով խարսխուած հիմնարկութիւն մըն է։

Յիսուն տարուայ չափահասութեամբ, բայց միշտ կենսունակ, ան կը շարունակէ փոխանցել հայութեան՝ կտակը մեր վաղեմի պատմական վանքերու եւ հոգեւոր համալսարաններու։ Կը քալէ անսայթաք, հայ ազգը յաւերժութեան առաջնորդող դժուարին ճանապարհով, դէպի հորիզոնները մեր նորագոյն պատմութեան։ Սփիւռքեան տարածքին մէջ ան մեր ազգային գոյութիւնը պայմանաւորող կարեւոր ազդակներէն մէկն է։

Իմաստաւորելով իր գոյութիւնը Աստուծոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու կոչումով, ան կը մնայ կապուած իր ժողովուրդին որ կը հանդիսանայ իր բնական նեցուկը։

Ինչպէս սիրտը կը տագնապի եւ ի վերջոյ կը դադրի տրոփելէ երբ թոքերը չի կարենան անհրաժեշտ թթուածինը հայթայթել, նոյնպէս Դպրեվանքը կրնայ կորսնցնել իր աշխուժութիւնը եւ կանգ առնել իր սլացքին մէջ եթէ մենք ազգովին թեւ ու թիկունք չի կանգնինք իրեն։

Չի մոռնանք ժողովրդական իմաստութիւնը որ կÿըսէ «գետակը կը դադրի հոսելէ երբ կը կտրուի իր ակունքներէն»։

Յիսնամեակը վերջակէտ մը չէ։ Ան հանգրուան մըն է միայն կեանքի ուղիին վրայ։ Ան օղակ մըն է որ կը բարդուի թաւալող տարիներու երկարաձիգ շղթային վրայ։ Անոր ոգեկոչումը պէտք է ըլլայ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն համար, նոր գրգիռ մը առաւել եւս հետաքրքրուելու իրմով իսկ հիմնար- կութեան համար ներշնչարան մը, խթան մը ի խնդիր անդրագոյն յաջողութիւններու։

Յոբելինական այս հանդիսութեան առիթով, յանուն Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան, կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, բայց հոգիով միշտ ներկայ երանաշնորհ կաթողիկոսներուն որոնց վճռակամութիւնը եւ տեսլապաշտ ոգին որոշադրիչ դեր ունեցան այս հաստատութեան գոյութեան եւ զարգացման մէջ։

Կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր նախկին տեսուչներուն, հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներուն որոնց հա- ւաքական ճիգերուն շնորհիւ Դպրեվանքը դարձաւ կրօնական եւ ազգային լուսաւորութեան ջահ մը։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Վեհափառ Հայրապետներուն պատմական այն գնահատելի դերին համար զոր Դպրեվանքը, շնորհիւ իրենց հայրական հոգատարութեան, կը շարունակէ կատարել ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն հայութեան։

Շնորհակալութիւն Դպրեվանքի ներկայ վերատեսուչ սրբազան հօր ինչպէս նաեւ հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներուն որոնց նուիրումով ան կը շարունակէ ճառագայթել եկեղեցական, մշակութային, ազգային ու միջազգային բնագաւառներէն ներս։

 

Յարգանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Փա՜ռք եւ պատիւ հայ ժողովուրդին։

Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճ կեանք մեր սիրելի Լիբանանին։

21-03-1982