Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր պահէն, երբ համազգային սուգի մէջ մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի մեթր Խաչիկ Պապիկեան՝ դառնալու համար յաւիտենականութեան ճանապարհորդ։
Սուգի մէջ էին այն օրը յատկապէս, իր հարազատներն ու բարեկամները, Լիբանանի պետութիւնը, խորհրդարանը, հայ երեսփոխանական պլոքը, փաստաբաններու կաճառը, հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները, որոնք կը կորսնցնէին անզուգական հայր մը, ճկուն քաղաքագէտ մը, խորհրդարանի լուսամիտ եւ պերճախօս ատենաբանը, լեզուագէտ եւ մշակուած իրաւագէտը, հրապարակագիրն ու հրապարակախօսը, ազգային ժողովներու բանիմաց եւ հաւասարակշռուած ժողովականը, ազգային բարերարը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան աւելի քան 30 տարուան հմուտ եւ անխոնջ ատենապետը։
Ճանչցած եմ զինք շուրջ կէս դարէ ի վեր, նախ՝ իրաւաբանական համալսարանի մէջ, ուր իր փայլուն նիշերով եւ բացառիկ իմացականութեամբ հիացում կը պատճառէր իր դասընկերներուն եւ դասախօսներուն, ապա՝ իբրեւ պետական երեսփոխան ու բազմիցս նախարար, մանաւանդ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մէջ, ուր իր գործակիցը ըլլալու հաճոյքը ունեցայ շուրջ 30 տարի։
Հիացմունքով կը նկատէի իր փայլուն մտքի ճառագայթումը, ինչպէս նաեւ՝ հարցերը վերլուծելու եւ արտայայտուած կարծիքները համադրելու իր արտակարգ կարողութիւնը։ Ան մեծ ճարտարութեամբ կը վարէր ազգային ժողովները։ Չէր ընկրկեր դժուարութիւններու առջեւ։ Բոլոր հարցերուն համար կը փորձէր յարմարագոյն լուծում մը առաջարկել՝ շնորհիւ իր այլազան փորձառութիւններուն։
Ան նշանաւոր էր իր մշակուած եւ խորաթափանց մտքով, կրթութեամբ եւ միեւնոյն ատեն՝ վճռակամութեամբ։ Գիտէր կեցուածք ճշդել եւ իմաստուն ու հաւասարակշռուած դատողութեամբ ժողովը կ՜առաջնորդէր յստակ ու բանաձեւուած եզրակացութիւններով։ Բծախնդիր էր խառնուածքով։ Կը սիրէր կարգն ու կանոնը։ Սխալները չէր ներեր։
Մեթր Պապիկեան, այսպէս կը կոչէինք զինք, երկխօսութեան եւ համակեցութեան մարդն էր։ Երկխօսութիւն՝ մշակոյթներու, տնտեսագէտներու, կրօններու եւ համայնքներու միջեւ, որոնց մէջ որեւէ բան իրեն օտար եւ անծանօթ չէր։ Հաւասարապէս կը յարգուէր բոլոր շրջանակներու մէջ, ուր կը պահէր մեծ թիւով բարեկամներ, բայց ամէն տեղ իր անձին մէջ խորապէս արմատացած ազգասիրութիւնը տիրական դեր կը կատարէր։ Ան ամէնուրեք կը պաշտպանէր Լիբանանի եւ հայութեան շահերը։
Իբրեւ փոխ ատենապետ ֆրանսախօս եւ պետութիւններու խորհրդարանականներու ընկերակցութեան, ուր ան անվիճելի ներկայութիւն էր, հրաւիրուեցաւ ֆրանսական պետութեան կողմէ, ֆրանսական Յեղափոխութեան 200ամեակին առթիւ, խորհրդարանի բացման խօսքը կատարելու, ուր չմոռցաւ յիշելու, ինչպէս միշտ, հայութիւնը։
Օժտուած էր արտակարգ յիշողութեամբ։ 30-40 տարի առաջուան դէպքերը կը պատմէր իրենց մանրամասնութեամբ եւ իր տեսած ու ծանօթացած դէմքերը պայծառութեամբ կը զանազանուէին իր մտքին մէջ. անոնց մասին իր ունեցած ծանօթութիւնները հարազատութեամբ կը պատկերացնէր։
Հաճոյք էր իրենց հետը ժողովի նստիլը։ Իր ներկայութիւնը շահեկան էր խօսակիցներուն համար, որոնք միշտ իր մօտ կը գտնէին տեղեկութիւններու անգնահատելի շտեմարան մը։
Իրատես եւ առարկայական մօտեցում կը ցուցաբերէր մեր աթոռը եւ համայնքը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական այլազան խնդիրներու կապակցութեամբ։ Մեր ապրած մօտիկ անցեալի բախտորոշ տարիներուն, հանրային եւ հասարակական գործերու մէջ ցուցաբերեց բարոյական անբասիր դիմագիծ, քաղաքական հոտառութիւն եւ հասունութիւն, իրականութիւնը եւ ցանկալին իրարու հետ չշփոթելու յստակ կարողութիւն, շրջահայեացութիւն եւ մանաւանդ՝ հայութեան շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նկատմամբ առողջ եւ անսակարկ մօտեցում։
Իր ժողովուրդին ծառայելու եւ նուիրուելու ոգի ունէր, որուն ցուցանիշներէն մէկը վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեան տակ իր հիմնած բարեսիրական հիմնարկն էր, որուն յատկացուց իր հարստութեան կէսը, ինչպէս նաեւ իր բերած նիւթական գնահատելի օժանդակութիւնը՝ կաթողիկոսարանի շինարարական ծրագիրներուն։
Նրբաճաշակ ու ընդարձակ զարգացումի տէր մարդ էր։ Այնպէս ալ վարուեցաւ իր զաւակներուն հետ, որոնց տուաւ բարձրագոյն ուսում եւ մասնագիտութիւն։ Սկզբունքի տէր էր եւ յանձնառու։ Իր ստանձնած պարտականութիւնները ամենայետին մանրամասնութեամբ կը հետապնդէր։ Ներկայ կ՜ըլլար Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր ժողովներուն, բացի իր հիւանդութեան վերջին երկու ամիսներուն, երբ պարտադրաբար գամուած կը մնար անկողին, բայց հաղորդակցութեան մէջ մտնելով վեհափառ հայրապետին հետ՝ կը հետեւէր կատարուած աշխատանքներուն։ Կենդանի օրինակ մըն էր պարտաճանաչութեան, ճշդապահութեան եւ նուիրումի։ Ունէր մեծ մարդոց յատուկ վսեմ ու ազնիւ նկարագիր։
Իր մահով Լիբանանը եւ մասնաւորաբար հայութիւնը կորսնցուցին յարգանք պարտադրող հայրենասէր մը, միջազգային մակարդակով ականաւոր դէմք մը, չափաւորական քաղաքագէտ մը, սկզբունքի տէր եւ կեցուածք ունեցող անձնաւորութիւն մը, իմաստուն եւ բազմավաստակ իրաւագէտ մը, մանաւանդ՝ մեծ հայ մը։
Ինչպէս 19րդ դարու յայտնի մտաւորական եւ գրագէտ Մատթէոս Մամուրեան ըսած է՝ «Դամբաններ կան, որոնք օրրան են», անկասկած մեթր Խաչիկ Պապիկեանի կեանքի օրինակը ներշնչումի աղբիւր պիտի դառնայ բարձրացող սերունդներու համար եւ իր յի- շատակը անջնջելի պիտի մնայ բոլոր զինք ճանչցողներուն մօտ։
Յարգանք իր անմոռանալի եւ թանկագին յիշատակին։