Թուականէս 137 տարի առաջ, ուրեմն 1863-ի Մարտ 17-ին կայսերական հրովարտակով, Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ պաշտօնապէս կը
ճանչնար ու կը վաւերացնէր հայ ազգային-եկեղեցական կեանքը հիմնովին կազմակերպելու կոչուած կանոնագրութիւն մը որուն հեղինակները օրին զայն կոչեցին Ազգային Սահմանադրութիւն:
Ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած այս կանոնագրութիւնը որուն համաձայն եւ որոշ պատշաճեցումներով կազմակերպուած է ու կը ղեկավարուի ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, կը սահմանէ ազգին ու անհատին փոխադարձ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները եւ բազմաթիւ յօդուածներով կը ճշդէ ազգային-եկեղեցական կեանքի ղեկավարութեան մեքենականութիւնը այլ խօսքով գործընթացը:
Պատշաճեցումները կատարուած են գլխաւորաբար նոյն շրջանի Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութեան եւ ներկայի մեր թեմերու տեղական իշխանութեանց վերաբերող մասերուն վրայ, այսպէս Օսմանեան կայսրութեան տեղ պէտք է իմանալ մեր թեմերու քաղաքական տեղական իշխանութիւնները, պատրիարքին տեղ, կեդրոնին մէջ կաթողիկոսը իր վարչական պատասխանատուութիւններու սահմանին մէջ իսկ թեմերու մէջ՝ առաջնորդները:
Թեմերու պարագային, ազգային սահմանադրութեան մէջ յիշուած գաւառական ժողովը կը կոչուի ներկայիս թեմական ժողով կամ ազգ. երեսփոխանական ժողով: Ազգային սահմանադրութեան մէջ յիշուած խորհուրդներու կամ մարմիններու մաս կազմող անդամներուն թիւը կը պատշաճեցուի ըստ կարելիութեան եւ պահանջքին:
Այս պատշաճեցումները ոեւէ մէկ ձեւով խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ ազգային սահմանադրութեան էութիւնը, խորքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնագրութիւնը մեծապէս ներշնչուած է ազգային սահմանադրութենէն եւ պատշաճեցուած անոր: Ազգային սահմանադրութիւնը, ներկայիս, ի զօրու է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի թեմերուն մէջ: Մնացեալ թեմերու կանոնագրութիւնները կը պատրաստուին թեմական ժողովներու կողմէ բայց ի զօրու կը դառնան յետ ազգ. կեդրոնական վար- չութեան քննութեան եւ ազգ. ընդհանուր ժողովի վաւերացման որ կը հսկէ անոր կառոյցքներուն եւ ոգիին վրայ որոնք պէտք է ներ- շնչուած ըլլան ազգ. սահմանադրութեան ոգիէն եւ իրենց հիմնական սկզբունքներու մէջ հակասական չըլլան ազգ. կեդրոնական վարչութեան կանոնագրութեան հետ:
Ազգային սահմանադրութեան պատրաստութեան տուն տուող ազդակները
Ազգային սահմանադրութիւնը արդիւնք է 19-րդ դարու առաջին կիսուն Օսմանեան կայսրութիւնը մտահոգող եւ ցնցող քաղաքական դէպքերու հոլովոյթին ինչպէս նաեւ, նոյն շրջանին, Պոլսոյ ազգային կեանքը յուզող սուր պայքարին ընդմէջ մէկ կողմէ ամիրաներուն եւ միւս կողմէ արհեստաւորներուն ու վաճառականներուն, այսպէս կոչուած էսնաֆներուն որոնց եկան հետզհետէ միանալու եւրոպական կրթութիւն ստացած եւ ֆրանսական յեղափոխութեան ազատական գաղափարներով սնած ու տոգորուած երիտասարդ մտաւորականներ:
Ժամանակի սղութեան պատճառով, զանց կ՜առնեմ մանրամասն կերպով անդրադառնալ նոյն շրջանին Թուրքիոյ մէջ կատարուած քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ազգային ներքին կեանքը յուզող սուր պայքարին:
1853-ին Եւրոպա ուսած երիտասարդներու խումբ մը, Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Նիկողոս Պալեան, Տքթ. Սերվիչէն, Իւրթիւնճեան եւ ուրիշներ ձեռնամուխ եղած էին ազգային կեանքի հասարակական եւ կրօնական գործերու վերաբերեալ կանոնագրութեան մը մշակման զոր կ՜աւարտեն 1857-ին եւ կը ներկայացնեն պետութեան պահանջքին վրայ 1855-ին կազմուած խառն ժողովին: Այս առաջին փորձը կը մերժուի պետութեան կողմէ 1895-ին անոնք կը ներկայացնեն ազգային ժողովին բարեփոխուած կանոնագրութիւն մը: Ան ալ կը մերժուի ամիրաներու, եկեղեցականներու եւ պահպանողական տարրերու կողմէ: Վերջապէս 1860-1863 կատարուած քանի մը բարեփոխութիւններէ յետոյ ազգային սահմանադրութիւնը վերջնականապէս կը վաւերացուի ինչպէս վերեւ յիշեցինք 17 Մարտ 1953-ին եւ անյապաղ գործադրութեան կը դրուի ժողովուրդին ներշնչելով յառաջդիմութեան, բարեկարգութեան եւ պարաբերական ազատութեան մեծ յոյսեր:
Ազգային Սահմանադրութեան Բնոյթը
Ազգային սահմանադրութիւնը բաղկացած է 6 հիմնական սկըզբունքներէ որոնք անփոփոխելի են եւ 5 գլուխներէ, 99 յօդուածներով:
Հիմնական սկզբունքներ
Ա.- Ազգին ամէն մէկ անհատը առ ազգը պարտաւորութիւններ ունի: Ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամէն մէկ անհատ պարտա- ւորութիւններ ունի: Դարձեալ ամէն մէկ անհատ իրաւունքներ ու- նի ազգէն եւ Ազգն անհատներէն:
Ուստի Ազգն ու ազգայինները փոխադարձ պարտքով կապուած են իրարու հետ այնպէս որ մէկուն պարտաւորութիւնը միւսին իրաւունքն է:
Բ.- Ազգայիններուն պարտականութիւնն է ազգին կարիքներուն համար պահանջուած ծախսերուն մասնակից ըլլալ, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափովը: Ազգին խնդրած ծառայութիւններուն յօժարակամ ըլլալ եւ անոր ըրած տնօրէնութեանցը սիրով հնազանդիլ:
Ազգայիններուն այս պարտաւորութիւնները Ազգին իրաւունքն
են:
Գ.- Ազգին պարտականութիւնն է ազգայիններուն բարոյական,
մտաւորական եւ նիւթական պէտքներուն հոգ տանիլ: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը եւ աւանդութիւնը անարատ պահել: Մարդկութեան հարկաւոր եղած ուսումը հաւասարապէս, թէ մանչերու եւ թէ աղջկանց ջամբել:
Ազգային հաստատութիւնները պայծառ պահել:
Հասոյթները օրինաւոր կերպով աւելցնել եւ ծախսերը իմաստութեամբ տնտեսել: Ազգային ծառայութեանց մշտնջենապէս նըուիրեալ անձերուն կացութիւնը բարւոքել: Կարօտեալներու խնամք տանիլ: Ազգայիններու մէջ ծագած վէճերը արդարասիրութեամբ խաղաղել եւ վերջապէս ազգային յառաջդիմութեան համար աշխատիլ:
Ազգային այս պարտաւորութիւնները ազգայիններու իրաւունքն են:
Դ.- Ազգը փոխանորդաբար ներկայացնողը եւ այս փոխադարձ պարտաւորութեանց վրայ հսկող իշխանութիւնը Ազգային վարչութիւն կը կոչուի որուն յանձնուած է թրքահայոց ներքին գործերու տնօրէնութիւնը, Օսմանեան տէրութեան կողմէ յատուկ արտօնութեամբ, սահմանադրութեան միջոցաւ:
Ե.- Վարչութիւնը ազգային ըլլալու համար, պէտք է երեսփոխանական ըլլայ:
Զ.- Երեսփոխանական վարչութեան հիմը իրաւունքներու եւ պարտաւորութեանց սկզբունքն է, որ արդարութեան սկզբունքն է, իր ոյժը ձայնի բազմութեան մէջ կը կայանայ որ օրինաւորութեան սկզբունքն է:
Գլուխ Ա.
Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւն
Յօդ. 1-7 Պատրիարքներու ընտրութիւն եւ հրաժարում
Առաջին այս 7 յօդուածներով, սահմանադրութիւնը կը ճշդէ պատրիարքին իրաւասութիւնները ինչպէս նաեւ անոր ընտրուելու
եղանակը:
Յօդ. 8-12 Պատրիարքներու պաշտօնն ու պարտաւորութիւնները
Պատրիարքի պարտաւորութիւնն է սահմանադրութեան սկըզբունքներուն համեմատ վարուիլ եւ հսկել անոր անշեղ գործադրութեան:
Ան իրեն եկած գործերը կը ղրկէ ի քննութիւն այն ժողովին որուն կը վերաբերի: Իր բացակայութեան տրուած ժողովի մը որոշումները պարունակող թուղթերը դեռ չստորագրած, կրնայ անոնց վրայ իր դիտողութիւնը արձանագրելով վերադարձնել ժողովին եւ խնդրել անոր կրկին քննութիւնը: Այս վերաքննութենէն յետոյ պարտաւոր է զանոնք ստորագրել եթէ տրուած որոշումը սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն գտնէ:
Պատրիարքը կրնայ սահմանադրութեան սկզբունքներուն համեմատ չվարուող եկեղեցական մը, վարժապետ մը, եկեղեցւոյ, վանքի, դպրոցի կամ ազգ. հիւանդանոցի գործակալ մը պաշտօնէն հանելու առաջարկութիւն ընել ձեռնհաս ժողովին կամ խորհուրդին:
Պատրիարքը իրաւունք չունի ինքնին լուծել եւ փոխել կրօնական եւ քաղաքական ժողովները եւ անոնց վերաբերեալ խորհուրդները: Բայց երբ տեսնէ թէ անոնցմէ մէկը սահմանադրութեան սկզբունքներուն հակառակ ընթացքի մէջ է, առաջին անգամ բացատրութիւն կ՜ուզէ այդ ժողովին կամ խորհուրդին ատենապետէն, երկրորդին իմաց կու տայ անոր ապօրինի ընթացքին համար եւ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ զայն իսկ երրորդին ընդհանուր ժողովին կը դիմէ եթէ անբաստանեալը ազգային ժողովներէն մին է կամ քաղաքական ժողովին կը դիմէ, եթէ խորհուրդներէն մէկն է եւ պատճառները ցուցնելով, ամբաստանեալ ժողովին կամ խորհուրդին լուծումը կ՜առաջարկէ:
Յօդ. 13 Պատրիարքարանի Դիւանատուն
Պատրիարքը ունի դիւանատուն մը որ ունի թղթակցութեան
գրասենեակ մը, արձանագրութեան գրասենեակ մը որ ազգային ժողովներու եւ խորհուրդներու վերաբերեալ ատենագրութիւններով եւ թուղթերով կը զբաղի եւ ազգահամարի գրասենեակ մը ուր կը պահուի ազգայիններու վիճակագրութիւնը, այսինքն ծննդեան, ամուսնութեան եւ վախճանման վերաբերեալ արձանագրութիւնները:
Յօդ. 17-23 Պատրիարք Սրբոյ Երուսաղէմի
Այս յօդուածներով կը ճշտուին հանգամանքն ու իրաւասութիւնները պատրիարքին, անոր ընտրութիւնը ինչպէս նաեւ եթէ հակականոնագրային ընթացքի մէջ է անոր հանդէպ ըլլալիք ամբաս- տանութիւնը եւ ի հարկին հրաժարեցումը: Ս. Երուսաղէմի պատրիարքը պէտք է ըլլայ միաբանութեան եպիսկոպոսներէն եւ կամ վար- դապետներէն: Ան պէտք է 35 տարեկանը լրացուցած ըլլայ: Ան պէտք չէ զատուած ըլլայ միտաբանութենէն:
Յօդ. 24-35 Ազգային Կրօնական Ժողով
Կրօնական ժողովը կը բաղկանայ 14 բանիբուն եկեղեցականներէ որոնք գոնէ 30 տարին բոլորած ու առ նուազն 5 տարիէ ի վեր ձեռնադրուած պիտի ըլլան: Կրօնական ժողովի անդամները կ՜ընտրուին ազգ. ընդհ. ժողովին կողմէ:
Պաշտօնավարութեան շրջանը 2 տարի է: Անմիջապէս վերընտրելի չեն: Բայց 2 տարի ետք կրնան վերընտրուիլ: Կրօնական ժողովի պաշտօնն է ազգային կրօնական գործերուն ընդհանուր տեսչութիւնը: Թէ վարդապետ ձեռնադրելու համար թէ քահանայ օծելու համար հրամանը ազգային կրօնական ժողովը կու տայ: Սակայն մինչեւ որ եկեղեցւոյ մը քահանաները ու թաղական խորհուրդը նոր քահանայ ձեռնադրել տալու կարեւորութիւնը չտեսնեն եւ գրաւոր կերպով չտեղեկագրեն կրօնական ժողովին, ձեռնադրութեան հրա- ման չի տրուիր:
Յօդ. 36-43 Քաղաքական Ժողով
Քաղաքական ժողովը կը բաղկանայ ազգային գործերու եւ պետութեան օրէնքներու տեղեակ 20 անդամներէ: Քաղաքական ժողովի անդամները գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէի բացարձակ առաւելութեամբ ազգ. ընդհանուր ժողովի մէջ կ՜ընտրուին:
Քաղաքական ժողովը 2 տարին անգամ մը ամբողջութեամբ կը լուծուի, իր անդամները անմիջապէս վերընտրելի չեն: Բայց կրնան վերընտրուիլ 2 տարի յետոյ:
Քաղաքական ժողովին պաշտօնն է ազգին քաղաքական գործե րուն ընդհանուր տեսչութիւնը: Քաղաքական ժողովը իրեն եկած գործերը որ խորհուրդին վերաբերեալ ըլլան, այն խորհուրդին կը յանձնէ քննուելու համար եւ մինչեւ որ անոր կարծիքը չ՜առնէ չի կրնար գործադրութեան ձեռնարկել: Թէպէտ իրաւացի պատճառներով կրնայ հերքել մէկ խորհուրդին առած որոշումը, բայց ինքնին ուրիշ տնօրինութիւն չի կրնար ընել այն նիւթին վրայ ու կը պարտաւորուի դարձեալ նոյն խորհուրդին յանձնել գործը:
Քաղաքական ժողովը եթէ տեսնէ որ խորհուրդներէն մէկը ազգ. սահմանադրութեան սկզբունքներուն հակառակ ընթացքի մէջ է առաջին անգամ բացատրութիւն կ՜ուզէ նոյն խորհուրդի ատենապետէն, երկրորդ անգամին անոր գրով ազդարարութիւն կ՜ընէ ի կանոնապահութեան իսկ երրորդ անգամին զայն կը լուծէ: Այս պարագային սակայն պէտք է բացատրութիւն տայ ազգ. ընդհ. ժողովին:
Յօդ. 44-51 Քաղաքական ժողովի կողմէ կազմուած ազգային խորհուրդներն ու հոգաբարձութիւնները Քաղաքական ժողովը կը նշանակէ ու կը հաստատէ 4 խոր- հուրդներ եւ 3 հոգաբարձութիւններ:
Խորհուրդներ՝
1) Ուսումնական խորհուրդ
2) Տնտեսական խորհուրդ
3) Դատաստանական խորհուրդ
4) Վանօրէից տեսչութեան խորհուրդ
Հոգաբարձութիւններ՝
1) Երեւմտից
2) Կտակաց
3) Հիւանդանոցի
Տեսչութիւն՝ (հետագային աւելցուած)
Կալուածոց տեսչութիւն
Ուսումնական Խորհուրդ
Կը բաղկանայ 7 ուսումնական աշխարհականներէ: Կը նշանակուի քաղաքական ժողովի կողմէ, վերընտրելի է: Պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը երկու տարի է: Կը վարէ ազգային դաստիարակութեան եւ կրթութեան ընդհանուր տեսչութիւնը: Կը հսկէ վարժարաններու բարեկարգութեան, կը հրատարակէ գիրքեր եւ կը կազմակերպէ ուսուցչաց յատուկ դասընթացքներ:
Տնտեսական Խորհուրդ
Կը բաղկանայ 7 տնտեսագէտ աշխարհականներէ: Կը նշանակուի քաղաքական ժողովին կողմէ: Պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը 2 տարի է: Վերընտրելի է:
Անոր պաշտօնն է ազգային բոլոր հաստատութիւններուն եւ կալուածներուն մատակարարութեան ընդհանուր տեսչութիւնը: Ան պարտաւոր է հսկել ու հոգ տանիլ անոնց բարեկարգութեան:
Դատաստանական Խորհուրդ
Նախադատ Ատեան.- Կը բաղկանայ 7 անձերէ, 4 եկեղեցական
եւ 3 աշխարհական, որոնք պէտք է իրաւագէտ ըլլան, ամուսնացեալ
եւ քառասուն տարին լրացուցած: Կը նշանակուի քաղաքական եւ կրօնական խառն ժողովի կողմէ: Պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը 2 տարի է: Վերընտրելի է: Կը զբաղի ընտանեկան հարցերու քննութեամբ, ի հարկին անոնց առընչուած դատերով եւ կ՜արձակէ համապատասխան վճիռներ:
Վերաքննիչ Ատեան.- Կը բաղկանայ 7 անձերէ: 4 եկեղեցական
եւ 3 աշխարհական, որոնք կ՜ընտրուին քաղաքական եւ կրօնական խառն ժողովին կողմէ: Պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը երկու տարի է: Վերընտրելի է:
Վանօրէից Խորհուրդ
Վանքերը Ազգին սեպհական ստացուածքն ըլլալով, Ազգին կը վերաբերի անոնց մատակարարութեան, հասոյթներուն եւ ծախսերուն ընդհանուր տեսչութիւնը եւ քննութեան իրաւունքը:
Ամէն վանք իրեն համար յատուկ կանոններ կ՜ունենայ: Այդ կանոնագրութիւնը կը պատրաստուի խառն ժողովի կողմէ իւրաքանչիւր վանքի միաբանութեան կարծիքը առնելէ յետոյ:
Վանօրէից խորհուրդը կը բաղկանայ 7 անձերէ զոր քաղաքական ժողովը կ՜ընտրէ քուէի առաւելութեամբ:
Վանօրէից խորհուրդի պաշտօնն է իւրաքանչիւր վանքի կանոններուն գործադրութեան հսկել ու ստուգել անոնց ծախսերուն ու հասոյթներուն եւ կանոնաւորել զանոնք:
Վանօրէից խորհուրդը կ՜ընտրէ վանականներուն մէջէն իւրաքանչիւր վանքի մատակարարութեան պաշտօնի համար պէտք եղած անձերը որոնք վանահօր նախագահութեամբ կը տնտեսեն վանքը համաձայն ներքին կանոններուն եւ հաշուետու են վանօրէից խորհուրդին:
Ելեւմտից Հոգաբարձութիւն
Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ 7 հաշուագէտ անձերէ զոր քաղաքական ժողովը կ՜ընտրէ քուէի առաւելութեամբ:
Ելեւմտից հոգաբարձութեան պաշտօնն է ազգային կեդրոնական սնտուկին տնտեսութիւնն ու տոմարակալութիւնը:
Կտակաց Հոգաբարձութիւն
Կտակաց հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ 7 անձերէ որոնց 4-ը աշխարհական եւ 3 եկեղեցական են ընտրուած խառն ժողովի կողմէ (կրօնական եւ քաղաքական):
Այս հոգաբարձութեան պաշտօնն է ազգային կտակներու տնօրէնութիւնը:
Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւն
Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ 9 անձերէ ընտրուած քաղաքական ժողովի կողմէ: Ասոնց 2-ը վկայեալ բժիշկներ պէտք է որ ըլլան:
Կալուածոց Տեսչութիւն
Կը բաղկանայ 7 անձերէ: Կը նշանակուի քաղաքական ժողովի կողմէ: Պաշտօնավարութեան շրջանը երկու տարի է: Վերընտրելի է: Կը վարէ ազգապատկան կալուածներու ընդհանուր տեսչութիւնը:
Թաղական Խորհուրդ
Իւրաքանչիւր եկեղեցի կ՜ունենայ թաղական խորհուրդ մը բաղկացած 7-11 անձերէ: Թաղականութեան անդամները կ՜ընտրուին եկեղեցւոյ ծուխին պատկանող ազգայիններուն կողմէ: Պաշտօնավարութեան շրջանը 4 տարի է: Վերընտրելի է: Թաղականութեան պարտականութիւնն է հսկել եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս ծուխին ազգային-եկեղեցական գործերուն: Թաղականութիւնը կը գործէ յատուկ կանոնագրութեամբ, եւ համարատու է քաղաքական ժողովին: Թաղական խորհուրդի կողմէ ուսումնական խորհուրդին կ՜առաջարկուի ազգային ծխական վարժարաններու հոգաբարձութեան անդամներու անուններ: Թաղական խորհուրդը կը նշանակէ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը, աղքատախնամ եւ բանկալի մարմինները: Ան իր ժողովուրդէն կը գանձէ թաղական տուրք (իւղագին):
Ամէն թաղական խորհուրդ պարտաւոր է ունենալ իր թաղին ազգայիններուն ծնունդներուն, ամուսնութիւններուն եւ վախճանման արձանագրութիւնները:
Ամէն ազգային որ 20 տարին լրացուցած է եւ դատաստանապէս զրկուած չէ իրաւունք ունի մասնակից ըլլալու թաղական խորհուրդի անդամներու ընտրութեան:
Ազգային Ընդհանուր Ժողով
Յօդ. 57-62 Կազմութիւն եւ Պարտաւորութիւն
Ազգային Ընդհանուր Ժողովը 140 երեսփոխաններէ բաղկացած
է (Լիբանանի մէջ 42), 1/7 եկեղեցական եւ 6/7 աշխարհական: Կաթողիկոսի ընտրութեան պարագային այս համեմատութիւնը կ՜ըլլայ հետեւեալը՝ 1/3 եկեղեցական եւ 2/3-ը աշխարհական, համաձայն կեդրոնական վարչութեան կանոնագրութեան:
Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնն է կաթողիկոսը, պատրիարքը, առաջնորդները, ազգային գլխաւոր պաշտօնատարները եւ կրօնական ու քաղաքական ժողովներու անդամները ընտրել ու ազգային ժողովներու վարչութեան հսկել: Այդ ժողովներուն ձեռնհասութենէն վեր համարուած գործերը որոշել ու վճռել եւ ազգային սահմա- նադրութիւնը անփոփոխ պահել:
Ընդհանուր ժողով կը գումարուի 2 տարին անգամ մը: Ան մտիկ կ՜ընէ ազգային վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները: Կ՜ընտրէ անոնց անդամները յաջորդ 2 տարուայ համար եւ կը զբաղի այն բոլոր օրակարգերով որոնց համար գումարուած է ժողովը:
Ընդհանուր ժողով կը գումարուի նոյնպէս ազգային սահմանադրութեան վերաքննութեան համար:
Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի կաթողիկոսին կողմէ կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն համահաճութեամբ: Թեմերու մէջ առաջնորդներուն կողմէ:
Յօդ. 63-68 Ընտրութիւն եկեղեցական եւ աշխարհական երեսփոխաններու
Քաղաքներու մէջ գտնուող եկեղեցականները պատրիարքի կամ առաջնորդներուն հրաւէրով ժողովի կը հրաւիրուին եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ու քուէի բացարձակ առաւելութեամբ ազգային ընդհանուր ժողովի եկեղեցական անդամները կ՜ընտրեն: Թէ եպիսկոպոսներէն, թէ վարդապետներէն եւ թէ քահանաներէն ընտրուողները 30 տարին լրացուցած պէտք է ըլլան եւ գոնէ 5 տարի առաջ ձեռնադրուած եւ ոեւէ դատաստանի տակ չգտնուին:
Եկեղեցական եւ աշխարհական երեսփոխաններու պաշտօնը տասը տարի կը տեւէ եւ 2 տարին անգամ մը 1/5-ով կը նորոգուի:
Աշխարհական երեսփոխան ընտրելու իրաւունքին հիմք կը բռնուի ազգային տուրքը եւ անձնական արժանիքը: Ընտրելի են անոնք որոնք 30 տարին լրացուցած են:
Ընտրուելու իրաւունքէն զրկուած են՝
1) Քրէական յանցանքով դատապարտուածները
2) Ազգային գործերու մատակարարութեան մէջ նենգութեամբ բռնուած եւ ազգային ժողովներէն մէկուն կողմէ դատապարտուած անձերը
3) Պետական դատարաններու կողմէ պատժուածները որոնց պատիժին պայմանները դեռ չեն լրացած
4) Խելագարութեան պատճառաւ անբաւական դատուածները
Զանազան այլ յօդուածներով կը բացատրուի ու կը ճշդուի ընտրութեան եղանակը թաղերու մէջ եւ անոր ստուգումը:
Յօդ. 85-89 Ժողովավարական ընդհանուր կանոններու մասին կը խօսուի:
Յօդ. 90-93 Կը խօսուի ազգային տուրքի մասին եւ Յօդ. 90-ով կը բացատրուի անոր էութիւնը:
Յօդ. 90 Ամէն ազգային անհատ որ չափահաս է եւ վաստակի ու շահի տէր, պարտական է տուրքով մասնակից ըլլալ ազգային ծախսերուն:
Այս տուրքը տարեկան է եւ իւրաքանչիւր անհատի կարողութեան համաձայն կը ճշտուի անոր սակը տնտեսական խորհուրդի կողմէ:
Նուազագոյն եւ առաւելագոյն սակերը կը ճշտուին Ազգային Ընդհանուր Ժողովի կողմէ:
Յօդ. 94-98 Ազգային Գաւառական վարչութիւն
Առաջնորդը Գաւառական (կամ թեմական) Ժողովին նախագահն է եւ անոր գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ:
Իր պարտաւորութիւնն է ազգային սահմանադրութեան գործադրութեան հսկել.
Առաջնորդը կը բնակի ազգային առաջնորդարանի մէջ: Հոն է որ կը կեդրոնանան առաջնորդական վիճակին պատկանող ժողովուրդին ազգահամարի տոմարները: Առաջնորդին ընտրութիւնը նման է կաթողիկոսի ընտրութեան: Գաւառական (թեմական) ընդհանուր ժողովի կողմէ կ՜ընտրուի եւ իր ընտրութեան տեղեկագիրը կը ղրկուի տեղւոյն խառն ժողովին միջոցաւ կաթողիկոսին: Կաթողիկոսը կեդրոնական վարչութեան խառն ժողովին հաճութեամբ կ՜անուանէ առաջնորդը եւ պետութեան իմաց կու տայ:
Գաւառական (թեմական) ժողովները կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն տրամադրութեանց համեմատ պիտի կազմուին եւ պաշտօնները յար եւ նման են:
Գաւառական (թեմական) ժողովներու անդամներուն թիւը կը
ճշտուի իւրաքանչիւր գաւառի հայ բնակչութեան թիւին համաձայն:
Յօդ. 99 Վերաքննութեան սահմանադրութիւն.
Ազգային սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները անփոփոխելի են: Բայց երբ փորձառութեամբ զանազան փոփոխութիւններ անհրաժեշտ նկատուին, ընդհ. ժողովը սահմանադրութեան հաստատումէն 5 տարի յետոյ, խառն յանձնախումբ մը կը նշանակէ կրօնական եւ քաղաքական ժողովներէ 3-ական անդամ, 4 տեսուչ խորհուրդներէ 2-ական անդամ եւ ասոնցմէ զատ ընդհանուր ժողո- վին մէջէն կամ դուրսէն 6 հոգի, ընդամէնը 20 հոգի:
Այս յանձնախումբը կը սահմանէ անհրաժեշտ դատուած փոփոխութիւնները զորս ընդհանուր ժողովը վաւերացնելէ ետք՝ կաթողիկոսին կը ներկայացուի եւ կը գործադրուի:
Ազգային սահմանադրութիւնը Պոլսոյ մէջ գործադրութեան դրուելէ յետոյ, ազգ. կեդրոնական վարչութեան գլխաւոր մտահոգութիւնն էր զայն անյապաղ գործադրութեան դնել նոյնպէս գաւառներուն մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը անոր գործադրութիւնը գաւառներուն մէջ դիւրացնելու համար պատրաստեց սահմանադրական հրահանգներ որոնց մէջ ոչ միայն ընտրական գործողութիւնները այլ եւ գաւառական ընդհ. ժողովի, վարչութեան, առաջնորդի եւ զանազան խորհուրդներու պաշտօնն ու պատրաստութիւնները մանրամասն գրուեցան: Այս հրահանգները կը բխին ազգային սահ- մանադրութեան ընդհանուր ոգիէն ու տարրէն եւ կը նկատուին անոր մէկ գործնական արտայայտութիւնը եւ լրացուցիչ մասը:
Կարելի չէ ազգային սահմանադրութիւնը ուսումնասիրել առանց նկատի ունենալու հետագային լոյս տեսած հրահանգները որոնք ժամանակի ընթացքին, գործադրութեամբ, ստացան օրէնքի ոյժ:
Եզրակացութիւն
Ազգային սահմանադրութեամբ ժողովուրդը իր սեպհականութիւնը կը հռչակէ ազգային եկեղեցական հաստատութիւնները ու ինքը կը տնօրինէ զանոնք ազատօրէն եւ հաւասար իրաւունքներով ընտրուած իր ներկայացուցիչներով, այսինքն ժողովրդական ղեկավարութեամբ:
Արդարեւ ազգային ընդհանուր ժողովը որ գերագոյն մարմինն
է ազգային իշխանութեան, կազմուած է ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխաններէ: Ան կը մարմնաւորէ ժողովուրդին կամքը ու կը գործէ յանուն ժողովուրդին:
Իշխանութեան փոխանցումի սկզբունքով, ժողովուրդէն քաղած իշխանութիւնը, ան կը փոխանցէ իր կարգին իր կողմէ կազմուած մարմիններուն որոնք կ՜որոշեն ու կը գործադրեն համաձայն սահմանադրութեամբ ճշտուած իրաւասութիւններուն:
Բոլոր ժողովները աստիճանական կարգով հաշուետու են իրենցմէ գերադաս մարմիններուն:
Ազգային սահմանադրութիւնը իբրեւ քաղաքական վարչաձեւ կը նմանի ժողովրդավար վարչաձեւերու երեսփոխանական դրութեան: Ան կը նախատեսէ իշխանութեան բաժանում հետեւեալ կերպով.
1- Օրէնսդիր իշխանութիւն՝ որ կը պատկանի ազգ. ընդհանուր ժողովին.
2- Գործադիր իշխանութիւն՝ որ կը պատկանի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու.
3- Դատական իշխանութիւն՝ որ կը պատկանի դատաստանական խորհուրդին.
Ամփոփելով եզրակացնենք՝
1) Ազգային սահմանադրութիւնը ժողովրդավարական հիմքերու վրայ պատրաստուած կանոնագրութիւն մըն է.
2) Ան հիմնովին կազմակերպեց ու բարեկարգեց ազգային եկեղեցական կեանքը.
3) Ան ժողովուրդին կու տայ քաղաքական կեանքի հասկացողութիւն ու անոր կը պարտադրէ կազմակերպուած դրութիւն հասարակական գործերու մէջ.
4) Հիմնուած ըլլալով ազատութեան եւ հաւասարութեան զոյգ սկզբունքներու վրայ, ժողովուրդին մէջ կը զարգացնէ հաւաքական ազատութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան գաղափարը որոնք յատուկ են ազատատենչ եւ քաղաքակրթուած ժողովուրդներու: