Թուականէս 50 տարի առաջ, իր հայրենի բնագաւառին մէջ, պապենական հողերուն վրայ ապրող խաղաղասէր եւ շինարար ժողովուրդ մը կ՜ենթարկուէր ամենասահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի արարքներու, տեղահանութիւն, բռնաբարում, թալան, ջարդ ու կոտորած։ Ան կ՜անցնէր հուրէ ու սուրէ ի գործադրութիւն երիտա սարդ թուրք կառավարութեան կողմէ հայաջնջման կանխամտածուած ծրագրի։ 1.5 միլիոնէն հայեր եւ ընտրանի մտաւորականութիւն մը զոհ գացին այդ դիւային ծրագրին եւ «մնացորդացը» ձըր- ուեցաւ ի սփիւռս աշխարհի կայք հաստատելու համար հիւրընկալ երդիքներուն տակ։
Ազգերու նորագոյն պատմութեան մէջ այս առաջին ցեղասպանութիւնն էր որ տեղի կ՜ունենար համաձայն ՄԱԿի կողմէ առնուած ցեղասպանութիւնը բնորոշող Դեկտ. 9 1948ի որոշման։
Հայ ժողովուրդը ամէն տարի Ապրիլ 24ին զգացուած երկիւղածութեամբ կը խոնարհի իր մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին առջեւ։
«Նահատակներուն արիւնը սերմ է» ըսած է լատին պատմիչ մը։ Այդ սերմը անոնց կտակն է զոր անոնք իրենց կեանքին ամենախաւար մէկ օրը, յաւիտենական բաժանումի րոպէին մեզի փոխանցեն իրենց մահասարսուռ վերջին նայուածքով։ Մեզմէ կախում ունի անոր բեղմնաւորումը։ Մենք ենք որ գիտակից աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ կենսայորթ աւիշը պիտի հայթայթենք անոր որպէսզի նահատակներուն անաւարտ երազը իրականութեան կերպարանք ստանայ։
Չի բաւեր սակայն ոգեկոչել նահատակներուն յիշատակը։ Ներկայ դարը երազանքի եւ լոկ ծրագիրներու դար չէ։ Ան աշխատանքի եւ գործունէութեան դար է։ Ան յանդուգն իրագործումներու եւ մեծ յոյսերու դուռ կը բանայ։ Մենք պէտք է ձգենք անցեալի լացն ու սուգը եւ կառչինք շինիչ ու բեղմնաւոր աշխատանքի։ Պէտք է տէր կանգնինք մեր ոսկեղնիկ լեզուին, մեր բազմերանգ մշակոյթին եւ ազգային ժառանգին ու ցոյց տանք մեր դարաւոր ոսոխին որ ան ընթացք տալով իր գազանաբարոյ բնազդներուն թէպէտ կրցաւ աւերել մեր տուները, քանդել մեր օճախները եւ կոթողները, մոխիրի վերածել մեր կայքը, խոշտանգել ու ջարդել մեր անմեղ եւ անզէն ժողովուրդը, բայց չի կրցաւ փճացնել մեր մշակոյթը, չի կրցաւ յաղթահարել մեր հայ մնալու եւ հայ ապրելու անխորտակելի կամքը։ Փաստը՝ այդ մոխիրներուն տակէն իբրեւ փիւնիկ վերածնեալ մեր հայրենիքը եւ ներկայ ողջ հայութիւնը որ այսօր՝ կանգ առած քաղաքական աշխարհի առջեւ կը դիմէ մարդկութեան խղճին հատուցում պահանջելու իր բռնաբարուած իրաւունքներու եւ անմեղ զոհերուն համար։
Մարդիկ կրնան մեռնիլ բայց իրենց գաղափարները եւ ոգին կը մնան անմահ։ Այդ էր Վարդանանց նշանաբանը, այդ եղաւ մեր նահատակներուն պատգամը։
Գոտեպնդուած այս հաւատքով, պէտք է գիտնանք մեր հաւաքական ճիգերուն մէկտեղումով անոնց յիշատակը առօրեայ ապրում դարձնել եւ անոնց սուգը վերածել մեր ազգային սրբազան դատին ի նպաստ նոր ոստումներու եւ նոր խոյանքներու ներշնչարանի եւ մղիչ ոյժի։
Ահա այս է պատգամը վաթսունամեակին։