Երկար տարիներ Ազգային Իշխանութեան ինչպէս նաեւ անհատական հայ վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ պատասխանատու մարմիններուն մօտ հարց էր գիտնալ թէ ի՞նչպէս պէտք էր ներդաշնակել պետական կրթական ծրագրին գործադրութիւնը հայկական կրթական ծրագրին հետ այլ խօսքով ինչ պէտք էր ընել որպէսզի հայ մանուկը կարենար իւրացնել տեղական լեզուն, յաջողիլ պետական քննութիւններուն, արգելք չունենալու համար, ի հարկին, համալսարան ընդունուելու եւ միւենոյն ատեն անաղարտ պահել իր ազգային դիմագիծը ստանալով ըստ բաւականին հայեցի դաստիարակութիւն։ Հեշտ չեղաւ ակնկալուած ճիշդ եզրը գտնելը։ Արդարեւ 1943-ին հայ վարժարաններու մէջ, հայկական կրթական ծրագիրը տիրական տեղ կը բռնէր դասացուցակներու մէջ, պետական կրթական ծրագրին յատկացուած դասապահերու թիւը նուազագոյնին իջած էր եւ արդէն պէտք եղած կարեւորութիւնը չտրուելով ան գրեթէ ձեւական դարձած էր։ 1952-էն սկսեալ, արաբերէն լեզուի պահանջքը աւելի զգալի դարձաւ եւ հայ վարժարանները սկսան հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն տալ պետական կրթական ծրագրին։ 1956-ին լոյս տեսած ուսուցչաց օրէնքը եւ ձրիավարժի դրութեան ընդհանրացումը մղեցին պետութիւնը որ աւելի խիստ հակակշիռ բանեցնէ վարժարաններու վրայ եւ առնէ արմատական որոշումներ, օրինակ մերժել վճարել պետական նպաստը այն վարժարաններուն որոնք պետական կրթական ծրագիր չէին գործադրեր իր ամբողջութեանը մէջ ի հարկին սպառնալով փակել զանոնք։ Մեր բոլոր վարժարաններուն ղրկուեցան կրթական քննիչներ որոնց տեղեկագրէն կախում ունէին դպրոցի նպաստին վճարումը ինչպէս նաեւ զանազան պատժամիջոցներու ենթարկուելու հաւանականութիւնը։ 1961-ին լոյս տեսած բարձրագոյն ուսման պետական օրէնքը կը պարտադրէր լիբանանցիներուն որ համալսարան արձանագրուելու համար պէտք էին անպայման ունենալ լիբանանեան պետական պաքալորիայ մերժելով ոեւէ այլ վկայական (ֆրանսական պաքալորիայ, հայ սքուլ, ֆրէշմէն…) փոխանցման շրջան մը նախատեսուեցաւ մինչեւ Դեկտ. 1964, որուն ընթացքին անհատական վարժարանները պարտաւոր էին պատշաճեցնել իրենց կրթական ծրագիրները վերոյիշեալ օրէնքի տրամադրութեան հետ։ Ալ տատանելու առիթ չկար։ Պետութիւնը յստակ կերպով կը պարտադրէր որ իր կրթական ծրագիրը տարացիօրէն գործադըրուէր բոլոր անհատական վարժարաններէն ներս։ Մինչ այդ շաբաթական 36-40 դասապահերուն 12-14-ը միայն օտար լեզուներով էր եւ մնացեալը հայերէնով։ 1961-էն յետոյ շրջեցաւ կացութիւնը եւ մենք պարտաւորուեցանք պետական կրթական ծրագրին յատկացնել շաբաթական 20-24 պահ եւ հայկական կրթական ծրագրին 12-14 պահ։ 1961-էն մինչեւ 1971-72, Ազգային Իշխանութիւնը մեծ ճիգ թափեց քայլ պահելու համար ստեղծուած նոր կացութեան հետ։ Վերադասաւորեց իր դասացուցակները եւ վերարժեւորեց պետական կրթական ծրագրին կապուած նիւթերը որպէսզի պետական քննութիւններու մէջ մեր աշակերտներու ցնցիչ ձախողութիւնները չնուազեցնեն մեր աշակերտութեան թիւը։ Արդիւնքը այն եղաւ որ 10 տարուայ ժամանակամիջոցին մէջ մենք պետական քննութիւններու մէջ պատուաբեր դիրքեր գրաւեցինք եւ մեր աշակերտութեան թիւը անցաւ 6000-ը։ 1960-ի պետական սերթիֆիքայի քննութիւններուն մեր յաջողութիւնը 12% էր միայն, իսկ 1971-ին ան բարձրացաւ 68%։ Նոյն թուականներուն պետական պաքալորիայի յաջողութեան մեր միջինը եղաւ 72% մինչդեռ Լիբանանի ընդհանուր միջինն էր 31%։ Այս իրավիճակը սակայն ի վնաս հայեցի դաստիարակութեան եղաւ որովհետեւ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու յատկացուած դասապահերուն թիւը պակսեցաւ եւ միւս կողմէ առաւել հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ պետական վկայականներուն եւ անոնց կապուած դասանիւթերուն շուրջ։ Ուսումնական Խորհուրդը յետ ստուգումի անդրադարձաւ որ հայերէն լեզուի եւ հայ մշակոյթի ուսուցումը հետզհետէ կը ծանծաղի մեր դպրոցներէն ներս եւ թէ մենք կորսնցնելու վրայ ենք այն ինչ որ նախորդ տասնամեակներուն մեր արդար հպարտանքի նիւթը դարձած էր։ Բազմաթիւ խորհրդակցութիւններէ եւ սեմինարներէ յետոյ, Ազգային Իշխանութիւնը իր գաւառական ժողովով վաւերացուց կրթական քաղաքականութեան ծրագիր մը որուն մէջ յստակ կեր- պով կ՜ըսուէր որ մեր վարժարանները օտար վարժարաններու հետ մրցակցութեան մէջ մտնելու միաւորներ պէտք է ըլլան այն ինչ որ կը վերաբերի պետական քննութիւններու եւ թէ միեւնոյն ատեն պարտաւոր ենք յաւելեալ ճիգ թափել որ հայեցի դաստիարակութիւնը պահուի գոհացուցիչ մակարդակի վրայ այլ խօսքով մէկը չզոհել ի շահ միւսին։ Այս կÿենթադրէր որ լրջօրէն ուսումնասիրուէին այն բոլոր տուեալները եւ կարելի միջոցառումները որոնք կրնային օգտակար հանդիսանալ մեր որոշումին գործադրութեան, այսինքն բարձրացնել հայերէնի մակարդակը եւ միեւնոյն ատեն փայլուն արդիւնք ձեռք ձգել պետական քննութիւններուն մէջ։ Ինչպէ՞ս պէտք էր ըլլալ այդ։ Կարեւորը, անպայման հայերէնի համար կորսուած դասապահերու թիւը վերահաստատել չէր։ Արդէն չէինք կրնար ընել այդ անոնց վնասելու պետական կրթական ծրագրի ուսուցման։ Ոչ ալ խճողել դասապահերը աւելցնելով անոնց թիւը։ Այլ պէտք էր հայերէնի դասապահերուն միջուկ տալ, վերարժեւորել զանոնք եւ դարձնել արդիւնաւէտ։ Պէտք էր ծրագրուած կերպով եւ նախապատրաստութեամբ հայերէնի դասապահերը դարձնել կենդանի եւ հետաքրքրական։ Պարզ խօսելով կ՜առաջարկուէր նուազագոյն դասապահերով առաւելագոյն արդիւնքը ստանալ եւ այդ կրնար ըլլալ միայն մեթոտով, համապատասխան ծրագրով եւ դասագրքերով եւ մանաւանդ մանկավարժ եւ ատակ ուսուցչական կազմերով։ Պետական վերջին կրթական ծրագիրը որ վաւերացուած էր 1970-ին պէտք ունէր փոփոխութեան։ Առ այդ 1974-75ին, բազմաթիւ նոր առաջարկներ եղան։ Դժբախտաբար բոլորիս ծանօթ դէպքերը առիթ չտուին որ պետութիւնը անոնցմով զբաղի։ Ուրեմն ներկայիս, աւելի քան 20 տարի յետոյ, լրջօրէն կը մտածուի նոր կրթական ծրագրի մը մասին, որոշուած է արդէն որ պատմութեան եւ Լիբանանի աշխարհագրութեան դասագրքերը փոխուին թէ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ իբրեւ ուսուցման մեթոտ։ Անոնք պիտի դասաւանդուին արաբերէն լեզուով եւ դասագրքերը պիտի հրատարակուին պետութեան կողմէ միայն։ Պետութիւնը նախանձախնդիր է իր իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մենք եւս, հիմնուած Լիբանանի Սահմանադրութեան բազմամշակութային կառոյցքին եւ տրամադրութիւններուն վրայ պարտաւոր ենք մեր կրթական ծրագիրները պատշաճեցնել նոր տուեալներուն։ Պէտք է, յստակ կերպով ճշդենք թէ ինչ կÿուզենք։ Ինչ են մեր ակնկալութիւնները հայեցի դաստիարակութեան կապակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտին, որպէսզի կարենանք պարբերաբար առարկայական գնահատում մը ընել մեր ձեռք ձգած արդիւնքներու մասին։ Սա արդէն կ՜ենթադրէ մեր կրթական ծրագիրներու վերանայում։ Որքան որ գիտեմ Ուսումնական Խորհուրդը հանգամանօրէն քննած էր Ուսումնական Խորհուրդը հանգամանօրէն քննած էր այս հարցը տասնեակ մը տարիներ առաջ։ Կրթական ծրագիրները սակայն անշարժ եւ կայուն թապուներ չեն։ Անոնք ամէն 5 տարի պէտք է վերանայուին նկատի ունենալով կեանքի եւ կրթութեան հոլովոյթը։ Այսուհանդերձ որքան ալ լաւ ուսումնասիրուած կրթական ծրագիր պատրաստուի, որքան ալ իմաստուն մանկավարժական ուղղութիւններ յանձնարարուին այդ բոլորը ապարդիւն կրնան մնալ եթէ զանոնք գործադրելու կոչուած ուսուցչական կազմերը ոչ պէտք եղած ատաղցը ունին եւ ոչ ալ ոգին։ Բոլորս ալ գիտենք որ որակեալ ու գիտակից ուսուցիչ մը երբ նիւթապէս ալ կարելիութեան չափով գոհացում կը գտնէ կրնայ հրաշքներ գործել պահանջկոտ տնօրէնի մը գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ եթէ նոյնիսկ իր օգտագործած դասագիրքերը ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ մանկավարժական արդի ըմբռնումներուն։ Պիտի արարկուի մեզի որ այս բոլորը լաւ գաղափարներ են սակայն անոնց գործադրութիւնը կը կարօտի յաւելեալ պիւտճէի։ Պատասխանս այն պիտի ըլլայ որ երբ դպրոց մը լաւ արդիւնք կու տայ անխուսափելիօրէն իր աշակերտութեան թիւը կÿաւելնայ ինչ որ կը նպաստէ պիւտճէական բացը սահմանափակելու։ Արդարեւ որակ եւ պիւտճէ սերտ աղերս ունին իրարու հետ։ Երբ որակ կայ, լաւ արդիւնք կայ եւ աշակերտութեան թիւը աւելնալով պիւտճէական հարցերը իրենց նուազագոյնին կ՜իջնեն։ Դիտենք մեր շուրջը եւ տեսնենք որ այլ յարանուանութեանց պատկանող վարժարաններ որոնց աշակերտները կու գան գրեթէ նոյն միջավայրերէն որքան խճողուած են աշակերտութեամբ։ Եզրափակելով զեկոյցս պիտի ուզէի յայտնել որ պարտաւոր ենք պետական կրթական ծրագիրը իր ամբողջութեանը մէջ գործադրել եւ յաւելեալ ճիգ թափելով փորձել լաւագոյն արդիւնքները քաղել անկէ ի շահ մեր դպրոցներու կրթական մակարդակին եւ վարկին։ Գալով հայկական կրթական ծրագրին, ճշդելէ յետոյ մեր հեռանկարը եւ առ այդ մեր պահանջքները, պէտք է յստակ ըլլայ բոլոր պատասխանատուներուն համար (ուսումնական խորհուրդ, տնօրէն, ուսուցիչ…) մեր ակնկալութիւնը նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտին։ Ուսումնական խորհուրդը իր միջոցներով եւ իրեն համար թիւր եկած եղանակով պարտի անհ- րաժեշտ հետեւողականութեամբ հսկել նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ կատարուած աշխատանքներուն վրայ եւ գնահատել անոնց արդիւնքները տարեկան քննութիւններով կամ մրցանքներով։ Մեր դասագրքերը պէտք է ներդաշնակել մեր կրթական ծրագրին հետ եւ հայեցի դաստիարակութեան ուսուցչական կազմերուն ապահովել, մեր միջոցներով, մանկավարժական կազմաւորում, այլ խօսքով սորվեցնել անոնց դասաւանդութեան մանկավարժական արդի եղանակը եւ ոչ թէ լեզուի եւ պատմութեան նոր դասընթացքներ պարտադրել։ Այս ուղղութեամբ օտար լեզուներու համար ուղղեցոյց գրքեր կան որոնք կը գործածուին օտար վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցչական կազմերու պատրաստութեան։ Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան նոր ուսուցիչներ վարձելու պարագային նախապատուութիւն տալ հայագիտական հիմնարկներէ վկայեալներուն։ Յաճախ կÿարարկուի որ հայ վարժարաններէ շրջանաւարտ աշակերտները տկար են օտար լեզուներու գործածութեան մէջ։ Լաւ պիտի ըլլար որ, ինչպէս բազմաթիւ վարժարաններ կ՜ընեն, յետ տարեշրջանի աւարտին, օտար լեզուներու ուսուցման յատկացուած 15-20 օրուայ յատուկ դասընթացքներ տրուին աշակերտին խօսակցական եւ արտայայտչական կարողութիւնները զարգացնելու դիտաւորութեամբ (Technique d՚expression)։ Ասիկա օգտակար է աշակերտի կեանքին համար յատկապէս համալսարան մուտքի պարագային։ Սակայն պատահականութեան պէտք չէ ձգուի։ Յատուկ ծրագիր պէտք է մշակուի մասնագէտ ուսուցիչներու կողմէ եւ հսկողութիւն կատարուի անոր ուղիղ գործածութեան համար։ Առանձին նախահաշիւ պիւտճէ մը թոյլ կու տայ գնահատել հաւանական ծախսերը որոնք կÿապահովուին աշակերտներու կողմէ վճարուած յաւելեալ փոքրիկ գումարով։ 4-5-93
04-05-1993
Category: EDUCATIONAL – INSTRUCTIONAL