Լիբանանի կրթական հետազօտութեանց գրասենեակի հրատարակած վիճակագրական վերջին տախտակներու քննութիւնը եւ անոնց բաղդատութիւնը Լիբանանի հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին, քննութեանց մէջ անոր ձեռք ձգած արդիւնքին եւ ուսուցիչներու կրթական մակարդակին հետ՝ մեզի տուաւ յաւելեալ բնորոշիչ լուսաբանութիւններ մեր վարժարաններու իրական վիճակին մասին լիբանանեան կրթական կառոյցին մէջ եւ մեզ առաջ- նորդեց խորհրդածութիւններու՝ զորս կը յանձնենք հանրութեան։
Ա) ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1.- ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԹԻՒ
Համաձայն վերոյիշեալ վիճակագրական տուեալներու եւ մեր տրամադրութեան տակ ունեցած հայ վարժարաններուն համար պատրաստուած վիճակագրական տախտակներու (Առաջնորդարան
եւ Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւն), 1963-64 տարեշրջանին, Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան թիւն էր, բացի համալսարաններու ուսանողութենէն, 371.239։ 1972-73ին այս թիւը բարձրացած է 782.409ի արձանագրելով 411.370 աշակերտի յաւելում անցնող տասը տարիներու ընթացքին, այսինքն՝ 110% համեմատութեամբ։
Հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւն էր 1963-64ին 14.315, իսկ 1972-73ին՝ 18.526, յաւելում՝ 4211 աշակերտ, այսինքն՝ 29.40%։ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան յաւելումը, նոյն շրջանին համար, եղած է 42.50%։
Վերոյիշեալ թիւերուն մաս չեն կազմեր համալսարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը եւ առեւտրական վարժարաններու (Սիմոնեան, Վարժապետեան…) աշակերտութիւնը։
1971-72ին Լիբանանի մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու աշակերտութեան թիւին 55% արական եւ 45% իգական սեռին կը պատկանէին։ Միջնակարգի մէջ այս համեմատութիւնը 58%
էր ի նպաստ արական սեռին եւ 42% իգական սեռին, իսկ երկրորդականի մէջ 66% արական սեռին եւ 34% իգական սեռին։
Այս համեմատութիւնը կ՜ընդգրկէ նաեւ գաւառներուն աշակերտութիւնը։ Որպէսզի մեր բաղդատութիւնը հայ վարժարաններու հետ աւելի եզրակացուցիչ ըլլայ, պիտի առնենք Պէյրութի աշակերտութեան համեմատութիւնը, ուր մանկապարտէզներու եւ նա խակրթարաններու մէջ աշակերտութեան 50%ը կը պատկանի արական սեռին եւ 50%ը իգական սեռին։ Միջնակարգի մէջ պարագան նոյնն է, իսկ երկրորդականի մէջ 66%ը կը պատկանի արական սե- ռին եւ 34%ը միայն իգական սեռին։
Նոյն տարին հայ վարժարաններու աշակերտութեան պատկերը հետեւեալն էր.
Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան՝ 50.31% արական, 49.69% իգական։ Միջնակարգ՝ 46% արական եւ 54% իգական։ Երկրորդական՝ 50.47% արական եւ 49.53% իգական։
2.- ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
1963-64ին Լիբանանի ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն էր 16.066, իսկ 1972-73ին՝ 33.485, յաւելում՝ 17.419։
1972-73ին, պետական վարժարաններու ուսուցիչներու ուսումնական մակարդակը կը ներկայացնէր հետեւեալ վիճակը.-
65%ը ունէին պետական ակադեմական վկայականներ (պրըվէ, պաքալօրէա, լիսանս), մնացեալ 35%ը զանազան այլ վկայականներ, որոնց համար պետութիւնը համազօրագրեր տուած էր պետական վկայականներու հետ։
Ձրիավարժ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն 83%ը ունէին պետական վկայականներ, 3.09%ը մասնագիտական եւ 13.65%ը ոչ-պետական վկայականներ։
Վճարովի անձնական վարժարաններուն մէջ ակադեմական վկայական ունեցողները կը կազմէին ուսուցիչներու 83.71% համեմատութիւնը, մասնագիտական վկայական ունեցողները 0.59%ը եւ ոչ պետական վկայական ունեցողները 15%։
Հայ վարժարաններու մօտ, նոյն տարուան համար, հետեւեալ պատկերը կը պարզուէր։ Համալսարանական՝ 25%, պետական պաքալօրէա կամ երկրորդականի մակարդակ 34%, պրըվէ եւ համազօր՝ 29%, իսկ 11%՝ միջնակարգի մակարդակէն վար։
Պետական վարժարաններու մէջ ամէն մէկ ուսուցիչի կ՜իյնայ միջին հաշուով 17 աշակերտ։ Լիբանանի ընդհանուր միջինն է ամէն մէկ ուսուցիչի համար 23 աշակերտ, իսկ հայ վարժարաններուն մէջ անիկա 17 է միայն։
3.- ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
1965-66ին պրըվէի քննութեան ներկայացող Լիբանանի ամբողջ աշակերտութեան 37.03%ը միայն յաջողած է։ Հայ վարժարաններու աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը, նոյն տարին,
եղած է 55.83%։
1969-70ին, նոյն վկայականին համար, Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը եղած է 67.25%, իսկ հայ վարժարաններու համար ան եղած է 75.70%։
Նոյն տարին, Ա. պաքալօրէայի պարագային, Լիբանանի ընդհանուր միջինը եղած է 22.56%, իսկ հայ վարժարաններուն համար այդ միջինը եղած է 55.38%։
Ազգային վարժարաններու մէջ, նոյն տարին, պրըվէի յաջողութիւնը եղած է 41.30%, իսկ Ա. պաքալօրէայի յաջողութիւնը՝ 65.38%։
4.- ՏԱՐԻՔՈՎ ՅԱՊԱՂԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆ
1972-73ին, Լիբանանի նախակրթարաններու ընդհանուր աշակերտութեան 65%ը՝ համապատասխան բաժնին համար պահանջուած տարիքէն վեր եղած է։ Միջնակարգի մէջ սոյն համեմատութիւնը եղած է 80.67%, իսկ երկրորդականի մէջ՝ 82.53%։
Ճշդուած է նոյնպէս որ նախակրթարաններու աշակերտութեան թիւին 11.90%ը նախակրթարանը չէ աւարտած, միջնակարգի աշակերտութեան՝ 44.30%ը, իսկ երկրորդականի՝ 66%ը նոյնպէս կը լքեն դպրոցը։
Նախակրթարանի 3 աշակերտներէն մէկը միայն կÿանցնի միջնակարգ եւ 11էն մէկը՝ երկրորդական։ Նախակրթարանի 50 աշակերտներէն մէկը միայն կը ստանայ Ա. պաքալօրէա։
Հայ վարժարաններու մէջ, 1971-72ին, նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 1754 աշակերտներուն 1209ը միայն հասած
են 5րդ դասարան, իսկ երջիններուն 763ը արձանագրուած են միջնակարգ եւ 338ը հասած են երկրորդական։
Հայ վարժարաններու մէջ 3 աշակերտէն 1ը միայն հասած է միջնակարգ եւ 7 աշակերտէն 1ը՝ երկրորդական։ Նախակրթարանի Ա. դասարան արձանագրուած 25 աշակերտներէն 1ը միայն ստացած է պետական Ա. պաքալօրէա։
Բ) ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
1.- ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՕՏԱՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽԵԼՈՒ ՊԱ- ՐԱԳԱՆ
Վիճակագրական վերոյիշեալ տուեալներէն երեւան կու գայ որ 1963-64էն մինչեւ 1972-73, հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը աճած է 29.40% համեմատութեամբ, երբ նոյն շրջանին համար Լիբանանի աշակերտութեան աճման միջինը եղած է 110%։ Այս պարագան շատ ակնբախ եւ մտահոգիչ երեւոյթ մըն է զոր կÿարժէ վեր-
լուծել։
Արդարեւ եթէ պահենք Լիբանանի ընդհանուր աշակերտու- թեան աճման համեմատութիւնը պէտք է որ ունենայինք մեր վարժարաններու մէջ, 1972-73ին, 38.817 աշակերտ։ Իրողութիւնը այն է սակայն որ ունեցած ենք միայն 18.526 աշակերտ ինչ որ ցոյց կու տայ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին հայ վարժարանները կորսնցուցած են 13.145 աշակերտ։
Հայ աշակերտներու ընդհանուր թիւին գնահատման համար կայ նաեւ այլ մօտեցում մը։
1972-73ի ուսումնական տարեշրջանին մէջ, Լիբանանի աշակերտութիւնը իր բնակչութեան թիւին 29.90%ը կը ներկայացնէր։ Եթէ այս համեմատութենէն դուրս ձգենք ոչ լիբանանցի աշակերտութեան (12%) մէկ մասը, կէսը, տրուած ըլլալով որ հայ համայնքն ալ ունի արաբական այլ երկիրներու հպատակութիւնը կրող աշակերտներ, վերոյիշեալ թիւը պիտի դառնայ 23.57%։ Եթէ 0.57% վերագրենք վիճակագրական տուեալներու անբաւարարութեան, կու գանք այն եզրակացութեան որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է հայ բնակչութեան 23% ներկայացնէ մօտաւորապէս։
Եթէ ընդունինք պահ մը որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտութեան թիւը զանցառելի է, հիմնուելով վերոյիշեալ համեմատութիւններու վրայ պիտի յանգինք այն ապշեցուցիչ եզրակացութեան որ հայ բնակչութեան թիւը Լիբանանի մէջ 80.700 հոգի է, ինչ որ բացարձակապէս անճիշդ է։
Եթէ մեկնինք այն իրողութենէն որ հայ բնակչութեան թիւը, նուազագոյն չափով 150-160 հազար է, այն ատեն, 170 հազար ըլլալու պարագային պիտի ունենայինք 39.100 աշակերտ եւ 160 հազար ըլլալու պարագային 36.800, որոնց միայն 18.526ը հայ վարժարան կը յաճախեն։ Այս թիւին մէջ նկատի առնուած չէ հայ առեւտրական վարժարաններու (Սիմոնեան, Վարժապետեան…) աշակերտութիւնը, որուն գումարը հազարը չի կրնար անցնիլ, ինչպէս նաեւ համալսարան յաճախող հայ ուսանողութիւնը։
1972-73ին հայ վարժարան յաճախող աշակերտութիւնը հայ բնակչութեան 10-11%ը կը կազմէ միայն։
Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ ուրիշ կէտ մը. հայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ, արական սեռի պատկանող աշակերտութեան թիւը համեմատաբար նուազ է քան իգական սեռինը։ Ան աւելի քիչ է բաղդատած նաեւ լի- բանանեան ընդհանուր միջինին։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ հե- տեւեալը։ Կամ այն է որ մեր ծնողները նախանձախնդիր են իրենց 12-18 տարեկան աղջիկները դպրոց ղրկելու, կամ նախակրթարանէն յետոյ անոնց մէկ մասը իրենց մանչ զաւակները օտար վարժարան կը ղրկէ եւ կամ պարզապէս նախակրթարանէն յետոյ մեծ թիւով մանչեր իրենց ուսումը կը լքեն եւ կ՜երթան աշխատելու։ Ահա թէ ինչպէս կը բացատրուի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն համար, մանչերու համեմատութեան 66% ըլլալը օտար վարժարաններու մէջ եւ 50.41% ըլլալը հայ վարժարաններուն մէջ։
Որքան ալ անճիշդ թուին վերոյիշեալ ենթադրութիւնները, այն ինչ որ կը վերաբերի Լիբանանի հայ բնակչութեան թիւին, 1972- 73ին, իրողութիւնն այն է որ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին աճը լիբանանեան ընդհանուր միջինին հետ բաղդա- տած կը ներկայացնէ անոր շուրջ 1/4ը միայն, ինչ որ մեզ կ՜առաջնորդէ հաստատելու որ հայ ծնողներու մէջ կան տակաւին շատեր, որոնք իրենց զաւակները դպրոց չեն ղրկեր, կան որ պետական վարժարաններ կը ղրկեն, որովհետեւ հոն ուսումը բոլորովին ձրի է եւ կան որ, հետեւելով օգտապաշտ սկզբունքներու, կը յամառին իրենց զաւակները օտար վարժարան ղրկել այն մտածումով որ հոն անոնք կը ստանան ուսում եւ դաստիարակութիւն՝ համաձայն ժամանակին եւ տեղական պահանջներուն։ Անոնց համար իրենց զաւակներուն պետական վկայական ստանալը եւ ապագայի հեռանկարներով գործ ապահովելու ձգտող ստոյգ առաւելութիւններու մատուցումը՝ առաջնահերթ մտահոգութիւն է։ Շատ կարեւոր կը նկատեն նաեւ օտար լեզուներու լաւ ճանաչումը եւ անոնց սահուն գործածութիւնը։ Անոնք անբաւարար կը գտնեն հայ վարժարաններու մէջ ջամբուած օտար լեզուներու ուսումը եւ կասկածելի՝ անոնց յաջողութիւնը պետական քննութիւններու մէջ։
Պէտք է պայքարինք այս մտայնութեան մէջ։ Մեր պայքարը սակայն պէտք է ըլլայ շինիչ եւ դրական։ Պէտք է նաեւ փորձենք սրբագրել մատնանշուած թերիները եւ վերագրումները եթէ անոնք ճիշդ են. ապա՝ լուսաբանել հայ հասարակութիւնը։
Ինչպէս երեւան կու գայ վերեւ յիշուած վիճակագրական տեղեկութիւններէն, 1971-72 տարեշրջանին, պետական քննութեանց մէջ հայ վարժարաններու արձանագրած յաջողութիւններուն միջինը աւելի բարձր եղած է քան լիբանանեան ընդհանուր միջինը, իսկ այդ բոլորին մէջ ազգային վարժարաններու ձեռք բերած միջինը պետական պրըվէի եւ պաքալօրէայի մէջ արժանի է ամէն գնահատանքի։ Այս իրողութիւնները դժբախտաբար ծանօթ չեն մեր ժողովուրդին։
2.- ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՂ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵ- ՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆ
Հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն միջին տարիքը 45 է։
Բաղդատած լիբանանեան ընդհանուր միջինին, արական սեռին պատկանող դասատուները փոքրաթիւ են։ Իգական տարրին թիւը
գերազանց է։ Ուսուցչութիւնը ասպարէզ դառնալու վրայ է իգական սեռին համար։ Օտարահպատակ ուսուցիչները ընդհանուրին մէկ հինգերորդը կը կազմեն։ Բացի երկրորդականի եւ միջնակարգի բաժիններէն, նախակրթարաններու ուսուցիչներուն վարձատրութիւնը, որ կ՜ըլլայ համաձայն կրթական նախարարութեան ճըշդած սակերուն, անբաւարար է։ Երիտասարդ արժէքաւոր տարրերը չեն կապուիր այլեւս ուսուցչական ասպարէզին։
Առ հասարակ հայ ուսուցիչներու ուսումնական մակարդակը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ լիբանանեան ընդհանուր միջինին։ Միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ ան գրեթէ լիբանանեան միջինին հաւասար է, սակայն նախակրթարաններու մէջ տակաւին ունինք միջնակարգի մակարդակէն վար ուսուցիչներ, որոնց համեմատութիւնը ընդհանուր թիւին 11%ն է, այսինքն՝ 9 ուսուցիչի վրայ 1ը միջնակարգի մակարդակէն վար է։ Մասնաւոր պակաս մը կայ հայերէնի որակաւոր ուսուցիչներու։ Արդարեւ հայերէնի մակարդակը, բացի քանի մը վարժարաններէ, դեռ եւս անբաւարար է։ Պետական վկայականներու ապահովութեան համար անոնց թափած սպառիչ ճիգը բնականօրէն զիրենք առաջնորդած է այս իրողութեան, որ ողբերգական չէ, սակայն պէտք ունի խնամուելու եւ բարելաւուելու։
Ըստ մեր հայեցողութեան, հայերէնի մակարդակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ իրագործումները.-
1) Վերամշակել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսումնական ծրագիրները համաձայն արդի պահանջներուն եւ կարելիութիւններուն, եթէ դեռ չէ եղած։
2) Պատրաստել վերոյիշեալ կրթական ծրագիրներուն ներդաշնակ նոր դասագիրքեր, հիմնուելով մանկավարժական ներկայ ըմբռնումներուն վրայ։
3) Ունենալ որակեալ ուսուցչական կազմ, հիները վերարժեւորման դասերու ենթարկելով եւ նորերէն պահանջելով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը վկայականը, որուն համար պէտք է ճշդել առանձնայատուկ սակ, եթէ նոյնիսկ այդ վկայականը պետական ճանաչում չէ ստացած։
Նախակրթարաններու պարագային, հայագիտական նիւթերու դասաւորման համար պէտք է ունենալ միջակ մակարդակի վրայ հայ ուսուցչանոց մը, որուն կÿարձանագրուին պետական պրըվէ ստացած աշակերտ-աշակերտուհիները եւ ուր 3 տարուան յատուկ պատրաստութեամբ անոնք կ՜ուսանին հայերէնի եւ օտար լեզուներու, պատմութեան, գրականութեան եւ ընկերային այլ նիւթերու կողքին՝ հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, մեթոտաբանութիւն, հանդերձ գործնական աշխատանքներու։ Այս կարգի թեկնածուներուն եւս կը վճարուի նախաշնորհեալ սակ։
Այն ինչ որ կը վերաբերի բոլորովին տկար տարրերուն, եւ անոնց որ իրենց կոչումին համապատասխան պահանջուած ոգին ցոյց չեն տար, զտոմի ճամբով պէտք է հեռացնել զանոնք ուսուցչական ասպարէզէն, որովհետեւ վկայականը առանձին բաւարար չէ, ան գնահատումի տարրերէն մէկն է միայն։ Ուսուցիչը պէտք է սիրէ իր ասպարէզը եւ սիրցնէ ինքզինքը իր աշակերտին՝ անոր հանդէպ ցուցաբերելով հետաքրքրութիւն, հասկացողութիւն եւ զոհաբերութիւն։ Սոկրատի խօսքը այս մասին կը մնայ տակաւին անգերազանցելի։ Երբ իրեն հարց կը տրուի թէ ինչո՞ւ այսինչ աշակերտը չ՜աշխատիր եւ չի յառաջդիմեր, ան կը պատասխանէ.- «Որովհետեւ ան չի սիրեր իր ուսուցիչը»։
Այս բոլորը կը պահանջեն հետապնդուած աշխատանք, թոշակներու յաւելում եւ հետեւաբար նիւթական կարելիութիւններ։ Կարելի չէ տկար ուսուցչական կազմէ մը պահանջել աւելի՝ քան ինչ որ ան կրնայ տալ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները փաստը տուին, վերջին շրջանին, իրենց զարգացումին եւ արդիւնաւէտ վիճակին։ Անոնցմէ շատերը կրնան մրցիլ քաղաքի լաւագոյն վարժարաններուն հետ, թէ՛ իբրեւ կառոյց եւ սարքաւորում եւ թէ իբրեւ բովանդակութիւն եւ վաստակ։
Գրեթէ բոլոր հայ վարժարանները ապահոված են բժշկական խնամք։ Ազգային վարժարանները ունին նաեւ ատամնաբուժական կեդրոն, որ կը զբաղի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու ակռաներուն դարմանումով։ Բազմաթիւ հայ վարժարաններ կը վայելեն հոգեբան-մանկավարժներու աջակցութիւնը, եւ բարիքը՝ ուսման մէջ յապաղած եւ դասարանը կրկնող աշակերտներու պարագաներուն, ուսումնասիրութեան եւ դարմանումին։
Պետական վկայականներ ալ թապու մը չեն հայ վարժարաններուն համար, որոնց ձեռք ձգած միջին արդիւնքը պաշտօնական քննութիւններուն մէջ աւելի բարձր է քան լիբանանեան միջինը։
Արաբերէն լեզուի ուսուցումը մտած է ընթացիկ հունի մէջ։ Կը մնայ զարգացնել խօսակցական լեզուն, որովհետեւ աշակերտին արտայայտուելու կարողութիւնը սահմանափակ է տակաւին։ Նոյնն է պարագան օտար լեզուներու համար։
Կան տակաւին նուաճումի այլ հանգրուաններ։
Որպէսզի կարենանք օտար վարժարան յաճախող մեր աշակերտութիւնը գրեթէ կէսը հայ աշակերտութեան ընդհանուր թիւին վերադարձնել մեր վարժարանները, անհրաժեշտ կը գնենք որ անոնք, պահելով հանդերձ ազգային դաստիարակութեան պահանջած մակարդակը, ըլլան օտար լաւագոյն դպրոցներու հետ մրցակցութեան մէջ մտնող միաւորներ եւ գտնուին, ինչ որ կը վերաբերի պետական վկայականներու յաջողութեան եւ օտար լեզուներու ուսուցման, հայ ծնողներու փափաքին գոհացում տալու պայմաններուն մէջ։
Առ այդ, մեր կրթական քարոզչութիւնը պէտք է դրուի դրական հիմերու վրայ։ Լաւագոյնին ձգտելու մեր աշխատանքին մէջ երբ շարունակ քննադատենք մեր վարժարանները, հանրային աննպաստ կարծիք առաջացնելով անոնց շուրջ, անուղղակիօրէն ամլութեան կը դատապարտենք զանոնք։
Քննադատութիւնը ոչ միայն օգտակար է, այլեւս՝ անհրաժեշտ։ Պայմանաւ սակայն որ ան ըլլայ արդար, եւ մտածուած եւ մատնանըշուած թերիներու կողքին յայտնաբերուին նաեւ լաւն ու ճիշդը։
Հայ վարժարաններու յառաջդիմութեան նուիրուած աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր ունին կատարելիք մեր տնօրէնները որոնք կրթական մեքենային ուղեղը եւ մղիչ ուժը կը հանդիսանան։ Անոնք իրենց իմաստուն եւ կորովի ղեկավարութեամբ պէտք է գիտնան գործի լծել ուսուցիչները եւ անոնցմէ արդիւնք պահանջել։ Ինչպէս կÿըսէ փրոֆ. Մայօ, Հրավըրտ համալսարանէն, «Տնօրէնին դերը ուրիշները աշխատցնելով իր գործը կատարել տալու մէջ կը կայանայ»։
Վախճանական իմաստով, պիտի գիտնանք որ ինչ որ կը ցանենք» ան կը հնձենք։ Դպրոցներու մէջ հրաշքի պէտք չէ հաւատալ։
Ամէն յաջողութիւն հաւաքական ճիգի արդիւնք է։ Կրթական պատասխանատու մարմին, տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք եւ մամուլ (որուն քարոզչական դերը պէտք չէ ստորագնահատել) նոյն տեսլականին պէտք է ծառայեն։
Վերջացնելէ առաջ, աւելորդ կը նկատեմ բացատրել բազմիցս ըսուած եւ կրկնուած այն կարեւոր դերը, զոր մեր վարժարանները կոչուած են կատարելու Սփիւռքի հայապահպանման դժուար գործին մէջ։ Պիտի ուզէի շեշտել սակայն որ անոնք պէտք չէ բաւարարուին պետական վկայականի ապահովութեամբ, որ անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցմամբ, որ նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, այլ օգտագործելով կրթութեան ուժականութիւնը պէտք է հայ աշակերտին տան ազգային առողջ դիմագիծ, գիտակցութիւն՝ իբրեւ սփիւռքահայու իրեն սահմանուած սրբազան պարտականութեան պատրաստ, եւ զայն կառուցանեն հոգածու Տէրը մեր մշակութային ժառանգին եւ պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։
Ահա այն մնայուն իրողութիւնները ի շարս այլոց, որոնցմով պէտք է արժեւորուի եւ բացատրուի մեր վարժարաններուն գոյատեւումը։
17 Փետրուար 1975