Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը` ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, կաթողիկոսարանին մօտ 2007-ին հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալի անունով։
Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Ազգային եւ Հայկական Վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն, փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ։
Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն [email protected] ե նամակի հասցէին, մինչեւ 30 Հոկտեմբեր 2023։
Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.
-նախˋ համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։
-ապա համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի, ծառայէ հայկական ազգային ոեւէ մէկ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ, իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ կամ այլուր։ Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին։