Ա.¬ Ի՞նչ նպաստ կրնայ բերել Լիբանանահայութիւնը Սփիւռքի մեր գաղութներու ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ։

Նշանաւոր արեւելագէտ եւ բանասէր Բոլ Բիթըրզ կ՜ըսէր՝ «իր պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն հայ ժողովուրդի թիւը աւելի եղած է իր հայրենիքէն դուրս քան իր հայրենիքին մէջ»։ Որքան ալ վիճելի ըլլայ այս վարկածը, ան գոնէ ճիշդ է 1915ի մեծ եղեռնին յաջորդող շրջանին համար եւ առնուազն կը նշանակէ որ հայ ժողո- վուրդը միշտ ալ ունեցած է գաղութներ, այլ խօսքով սփիւռք։

Արդարեւ իր պատմութեան ամենահեռաւոր ժամանակներէն ի վեր Հայաստանը, իր աշխարհագրական դիրքին բերումով, դարձած  է  կռուախնձոր եւ անվերջ  պատերազմներու թատերավայր զինքը շրջապատող հզօր դրացիներու միջեւ։ Այս գոյավիճակը պատճառ եղած է որ ժողովուրդին մէկ մասը հարկադրաբար լքէ իր հայրենի բոյնը եւ հեռանայ անկէ այլուր փնտռելու համար խաղաղ կեանք։ Ան հեռացած է իր հայրնիքէն պարզապէս խուսափելու համար  ներխուժող  վայրագ  հորթաներու  կոտորածներէն,  ջարդերէն եւ այլ դժբախտութիւններէն։

Պատահած է նաեւ որ մեծ երկիրներու բնակիչներ ալ լքեն իրենց երկիրը եւ տեղաւորուին ուրիշ վայրեր, սակայն այդ եղած է կամ անոր համար որ մայր հայրենիքին սահմանները նեղ եկած են աճող բնակչութեան պահանջքներուն եւ կամ պարզապէս այդ երկիրները իրենց վաճառականութեան եւ ազգային ճարտարարուեստի զարգացման համար կատարած են նուաճումներ ինչպէս է պարագան Փիւնիկէյի՝ իր քարթաժով, հին Հռոմի՝ իր արեւելեան նահանգներով, միջին դարու Վենետիկի եւ Ճենովայի դքսութիւններուն փոքր Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի իրենց վաճառաշահ կեդրոններով, Փորթուքալի, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ պետութիւններու՝ իրենց գաղութներով։

Փոքր Ազգերու պարագային, ինչպէս հայութեան, ժողովուրդը լքած է իր մայր հայրենիքը, հալածուած պատերազմներէ, ջարդերու սարսափներէ եւ կամ պարզապէս սովէն ու այլ աղէտներու մղձաւանջէն։ Գաղթող բնակչութիւնը հեռացած է մայր հայրենիքէն աւելի փախստական, սարսափահար իր հետը տանելով սարսռազդեցիկ դժբախտութիւններու պատկերը, լքելով իր ստացուածքները, տունը, տեղը, կալուածները եւ երբեմն ալ ընտանիքէն մէկ մաս (Տեսնել այս մասին՝ Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն Հայ Գաղթականութեան» պատմական ուսումնասիրութիւնը, Փրոֆ. Տոտոմեանցի «Հայոց Դերը Համաշխարհային Մշակոյթի Մէջ» գիրքը, տեսնել նաեւ գրական երկասիրութիւններու մէջ, միջնադարեան շրջանին եւ յատկապէս 15րդ դարուն մէջ, Թլկատինցի, Ե. Կիւրճեանը, եւայլն)։

Բոլորիս ալ ծանօթ է որ անցեալին ունեցած ենք հայահոծ գաղութներ Ռումանիոյ, Լեհաստանի, Հունգարիոյ, Հնդկաստանի մէջ որոնք համաձայն մեր ձեռք ձգած տեղեկութիւններուն ունեցած են դպրոց, եկեղեցի, մամուլ, կրթասիրած եւ մշակութային միութիւններ, պատրաստած են ձեռագիր գրքեր, հետագային ունեցած են տպարան, մշակած են արուեստներ։ Սակայն ժամանակի ճմլող եւ փոշիացող գլանէն չեն խուսափած եւ կորսնցուցած են նախ իրենց լեզուն ապա իրենց տոհմիկ աւանդութիւնները եւ վերջապէս իրենց ինքնութիւնը։

Փրոֆ. Տոտոմեանց կ՜ըսէ.- «Շահ Աբբասի օրով, Հայաստանէն պարտադրաբար Պարսկաստան փոխադրուած 25.000 հայ ընտանիքներ տեղաւորուեցան Սպահանի արուարձանը կազմելով Նոր Ջուղան ուր անոնք գտան կրօնի ազատութիւն եւ առանձնաշնորհումներ,  տրուած  Շահ  Աբբասի  կողմէ։ Հետագային  սակայն,  անոնք ստիպուեցան թողուլ իրենց նորակազմ ընտանեկան բոյները երբ վերոյիշեալ Շահին յաջորդները հալածելով քրիստոնեաները կեղեքեցին նաեւ հայերը իրենց կրօնքին պատճառով։ Այն ատեն հայերը գաղթցին խմբովին եւ ցրուեցան ամբողջ Ասիոյ մէջ՝ Հնդկաստան, Աֆղանիստան, Պելուճիստան, Ճավա, Սումադրա, Ֆիլիպեան կղզիներ մինչեւ իսկ Չինաստան ու Ճաբոն։ Ուրիշներ Եւրոպա ուղ- ղուեցան, մինչեւ Հոլանտա, ուր, Ամսթերտամի մէջ, մինչեւ անցեալ դարուն հայ եկեղեցի մը գոյութիւն ունէր։ Ամսթերտամի հայերը բաւական կարեւոր դեր կատարեցին մշակութային տեսակէտով, քանի որ Աստուածաշունչի առաջին հայ տպագրութիւնը ինչպէս նաեւ ուրիշ հոյակապ գործերու հրատարակութիւնը այդ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած են»։

Այս գաղութներէն սակայն մեզի կը մնան ներկայիս պատմական աղօտ տեղեկեութիւններ, արձանագրութիւններ, եկեղեցիներու քանդակներ եւ ձեռագիրներ իբրեւ յիշատակ առյաւէտ կորսուած մեր ժողովուրդի բեկորներէն։

Այսօր եւս եթէ սովետական սփիւռքն ալ ի մտի ունենանք, հայ ժողովուրդի թիւը արտերկրի մէջ եթէ ոչ աւելի գոնէ մօտաւորապէս նոյնն է ինչ որ է ներկայիս Հայաստանի հողին վրայ (շուրջ 3.300.000)։ Ան ցրուած է արեւելքէն արեւմուտք աւելի քան 50 երկիրներու մէջ շուրջ 3 միլիոնէ աւելի բնակչութեամբ։ Ասոնք կ՜ապրին իբրեւ փոքրամասնութիւն համաձայն զիրենք հիւրընկալող երկիրներու բարեացակամութեան եւ օրէնքներուն։

Կարգ մը գաղթօճախներու մէջ արտօնուած է պահել դպրոցներ ուր հայրենի լեեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի ուսուցումը հիմնական տեղ կը գրաւեն կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն մէջ ինչպէս է պարագան Լիբանանի, ուրիշ երկիրներու մէջ, տեղական պայմաններու պարտադրանքին հետեւանքով ազգային կրթութեան առընչուող առարկաներու ուսուցումը խիստ սահմանափակէ, իսկ այլ տեղեր ան գրեթէ գոյութիւն չունի։

Սակայն որ երկիրներու մէջ ալ ըլլանք, ենթակայ ենք բնութեան անյեղլի օրէնքին, փոքրամասնութեանց վիճակուած ճակատագրական բախտին, ըլլանք տկար կամ զօրաւոր փոքրամասնութիւններ պիտի չի կարենանք տոկալ երկար ատեն օտար միջավայրի, ժամանակի եւ պայմաններու տարրալուծող ազդեցութեան։

Ազատ ժողովրդավարութեան մէջ կ՜ըսէ, նշանաւոր ընկերաբան եւ քաղաքական գիտութեանց Փարիզի համալսարանի նախկին դասախօս, Էմմանուէլ Մունիէ, «ցեղային կամ ազգային փոքրամասնութիւններու խաղաղ գոյակցութիւնը մնացեալ բնակչութեան հետ կ՜առաջնորդէ միաձուլումի, իսկ անոնց իրերամերժ դիրքաւորումը իբրեւ հետեւանք կրօնական եւ մշակութային տարբեր ըմբռնումներու յառաջ կը բերէ հակադրութիւն», եթէ ասիկա ճիշդ է ըն- կերաբանական հասկացողութեամբ, անհրաժեշտ է ուրեմն անընդմէջ պայքարիլ պահելու համար մեր ազգային դիմագիծը յատկապէս ազատ աշխարհի մեր գաղութներուն մէջ ուր հայութիւնը այլամերժութեան ցցուն դիրքաւորումներու ենթակայ չէ։

Արդարեւ եթէ քննական ակնարկ կը նետենք վերջին 70 տարիներուն մեր գաղութներուն կրած հոլովոյթին վրայ, պիտի նշմարենք որ անոնց մէջ շատեր պիտի կորսնցնէին իրենց ինքնութիւնը եւ դառնային զանգուած զուրկ տեսլականէ եթէ չըլլային վերջին 30 տարիներու ընթացքին միջին արեւելքը ցնցող քաղաքական դէպքերը որոնց հետեւանքով արտագաղթող հայութիւնը կենսաւորեց այլապէս խամրող այդ սերունդները անոնց ներարկելով նոր աւիշ, վերազարթնում եւ բանալով անոնց կեանքէն ներս ազգային գիտակցութեան նոր ակօսներ։ Այս է պարագան հիւսիսային Ամերիկայի, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի խօսելով միայն կարեւորագոյններու մասին որոնք յաջորդաբար ընդունեցին 1947-48ին Պաղեստինէն գաղթող հայերը, 1952-58ի նասըրական շարժումի օրերուն Եգիպտոսի ծաղկող գաղութէն աւելի քան 30.000 հայեր, 1958ի իրաքեան յեղափոխութենէ յետոյ, իրաքահայ գաղութի կարեւոր մէկ մասը, 1961էն յետոյ մեծ թիւով սուրիահայեր, 1975էն յետոյ լիբանանահայեր եւ 1978էն յետոյ իրանահայեր։

Այսուհանդերձ, եթէ նոյնիսկ շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն հնարաւոր ըլլայ վերոյիշեալ գաղութներու մէջ ազգային դիմագիծը յարաբերաբար աւելի երկար ժամանակամիջոցի մէջ պահել, պատմական իրողութիւն է սակայն որ սփիւռքի գոյատեւումը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ։ Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ մեր գաղութները լաւագոյն օրինակներն են։ Չենք կրնար սփիւռքը ընդունիլ իբրեւ հոգեկան հայրենիք եւ բաւարարուիլ անով։ Սփիւռքը իմաստ պիտի չունենար առանց օր մը հայրենիքին հետ կամրջուելու մեր յոյսին։ Եւ ճիշդ անոր համար է որ պէտք է ան պահուի այնքան ատեն որ հայրենիքը չի գտնուիր մեզ ազատօրէն հիւրընկալելու պայմաններուն մէջ, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը տէրը չէ իր սեփական ճակատագրին, այնքան  ատեն որ  հայ ժողովուրդը չէ տիրացած իր պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն։

Սակայն, պիտի հարցուի մեզի, որքան ժամանակուայ համար եւ ինչպէս պահել սփիւռք մը որ ինչպէս վերեւ տեսանք միջավայրի ջլատիչ ազդեցութիւններու հետեւանքով ենթակայ է ամէնուրեք, ուշ կամ կանուխ, կորսնցնելու իր ազգային դիմագիծը։ Ի՜նչ փոյթ ապահովել ֆիզիքական գոյատեւումը սփիւռքին երբ ան տակաւ կը կորսնցնէ իր լեզուն, իր աւանդութիւնները, իր անհատականութիւնը, իր ոգին, իր երազները։

«Հաւաքականութիւն մը, կ՜ըսէ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, կը դատապարտուի անհատներու  սոսկ  ամբոխ  մը,  գումար մը ըլլալու խեղճ ու մարդկային գոյավիճակին, եթէ ինքզինքը չի հասկնայ իբրեւ համայնական անձնաւորութիւն»։

Սփիւռքի գոյատեւումը իբրեւ հայ հաւաքականութիւն, կը պահանջէ կապուած մնալ մեր արմատներուն։ Ըմպել մեր պատմութեան ջինջ ակունքներէն, տէր ըլլալ մեր ինքնութեան, մեր հաւաքական ճակատագիրն աւելի լաւ արժեւորելու համար մեր մշակոյթը, մեր քաղաքակրթութիւնը, մեր հոգեկան արժէքները, մեր տենչերը, վերջապէս մեր ազգային անբասիր դիմագիծը որուն ներշնչումով կը բեղմնաւորենք մեր ներկան եւ կը պատրաստենք մեր ապագան գործօն եւ յանձնառու մասնակցութեամբ։ «Ծառը արմատով է ծառ», ըսած է Խրիմեան Հայրիկը։

Անցեալը մերժող, արմատներէն կտրուող, հայու ոգիէն պարպուող դիրքաւորում մը մեզ կ՜առաջնորդէ չորացումի եւ ազգային տեսակէտէ կորստեան։

Կարենալ կապելու համար սփիւռքահայը իր արմատներուն անհրաժեշտ է հրահրել անոր ազգային-եկեղեցական եւ  մշակութային զգայնութիւնը, տալ իբրեւ հայ գոյատեւելու յոյսը եւ դարձնել զայն պահանջատէր։

Հայ երիտասարդութիւնը պէտք ունի ներկայիս այս կարգի վսեմ իտէալներու եւ կազմակերպուած աշխատանքի։

Որքան ալ դժուար ըլլան հայապահպանման եւ պահանջատիրական մեր աշխատանքները եւ հնարաւոր չի թուի մեր ձգտումներուն անմիջական իրագործումը, անհրաժեշտ է պայքարիլ եւ տոկալ։ Պատմութիւնը անողոք է եւ դժխեմ ճակատագիր կը ճշդէ այն ժողո- վուրդներուն հանդէպ որոնք կը մնան կրաւորական, դիտող, համակերպող եւ ի վիճակի չեն պայքարելու պահելու համար իրենց ինքնութիւնը եւ հաւաքական անհատականութիւնը։

Նշանաւոր ֆրանսացի գրագէտ Պերնանոս ըսած է, «պէտք չէ սպասել որ ապագան պարտադրուի մեզի այլ պէտք է զայն կերտել»։

Պէտք է գիտնանք թիավարել հոսանքն ի վեր, պահել ազգային դիմագիծը սփիւռքահայութան եւ դարձնել զայն յանձնառու։ Պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու մարդոցմով։

Ներկայիս արտասահմանի մէջ վերազարթնում կայ ինչպէս տեսանք, վերեւ, շնորհիւ միջին արեւելքէն նոր գաղթող հայութեան, դպրոցներ կը բացուին, եկեղեցիներ կը բարձրանան, ակումբներ կեանքի կը կոչուին, համատարած ոգեւորութիւն եւ նախանձախնդրութիւն կը նշմարուի պահելու համար ազգային դիմագիծը։ Սակայն չի մոռնանք որ ձուլման վտանգը անդիմադրելի է այն փոքրամասնութիւններու համար որոնք կազմակերպուած չեն։

Եւ պայքարը առանց կազմակերպուած հաւաքական ճիգերու պարագայական խանդավառութեան արդիւնք կը դառնայ միայն ու կը մնայ անհետեւանք։

Երբ ժէնէրալ Տը Կոլին հարց կը տրուի թէ ինչո՞ւ հզօր Ֆրանսան լքելով Ալժերիան, անկախութիւն տուաւ անոր այն շրջանին ուր 1.5 միլիոն ֆրանսացի կ՜ապրէր հոն ու կը գտնուէր աւելի քան կէս միլիոն հաշուող ֆրանսական բանակ։

Ան կը պատասխանէ, «որովհետեւ նկատեցի որ բոլոր ալճերացի ղեկավարները համաձայն էին իրարու հետ եւ հաւաքաբար ու կազմակերպուած կերպով կը պայքարէին իրենց գերիշխանութեան տիրանալու համար»։

Սակայն ինչ կերպով պէտք է կազմակերպել պայքարը, անհրաժեշտ է վառ պահել զայն ու հսկել անոր հետեւողականութեան վրայ։

Այս մասին զանազան առիթներով  արտայայտուած  կարծիքները գրեթէ կը նոյնանան։

Սփիւռքի հայապահպանումը եւ հայուն պահանջատիրական դիրքաւորումը պէտք է կազմակերպուին ազգային-եկեղեցական-մշակութային հաստատութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու դերակատարութեամբ։

Այս աշխատանքներուն համար հիմնական ազդակներ են եկեղեցին, դպրոցը, մամուլը, մշակոյթը եւ մեր քաղաքական կուսակցութիւնները։

Տրուած ըլլալով Լիբանանի իւրայատուկ աշխարհագրական դիրքը որ կը բացատրուի մեր հայրենիքին մօտ ըլլալու պարագայով, ինչպէս նաեւ այն իրողութեամբ որ ան շրջապատուած է մեր կրօնական տարբեր ըմբռնումներ ունեցող ժողովուրդներով եւ քաղաքական ներքին կառոյցքը հիմնուած համայնքային դրութեան վրայ որուն շնորհիւ կը պահենք մեր վարժարանները ուր կը գործադրենք պետական կրթական ծրագրի կողքին ազգային կրթական ծրագիր համաձայն մեր բաղձանքին, այս բոլորին համար ուրեմն Լիբանանի հայութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայապահպանման մեր ճիգերուն մէջ համասփիւռքեան մակարդակով։

Նախ ան արդարօրէն կը նկատուի արտասահմանի հայութեան սիրտը։ Հոս է որ կը գտնուին բացի Էջմիածնէն, եկեղեցական եւ ազգային իշխանութեանց բարձրագոյն կեդրոնները իրենց դպրեվանքներով, եկեղեցիներով, քաղաքական կուսակցութիւններու վարիչ մարմինները համապատասխան կառոյցքով, ակումբներով եւ մամուլով, մշակութային միութիւններու կեդրոններ իրենց հրատարակչականով եւ մեր մտաւորականութեան կարեւոր մասը։

Աւելի քան 45 վարժարաններ հայ լինել եւ հայու դարաւոր իրաւունքներու տէր կանգնիլ կը սորվեցնեն 16.000 աշակերտութան։

Բողբոջող բազմահազար մանուկներու շրթունքներուն վրայ ամէնօրեայ ժպիտ ու երգ է մեր լեզուն, աղօթք է մեր սուրբ հայրերուն կրօնը։

Հայ բնակչութիւնը ապրելով համախումբ եւ կազմելով երկրի ընդհանուր բնակչութեան 1/20ը, համեմատութիւն մը որ աշխարհի ոեւէ մէկ երկրի մէջ գոյութիւն  չունի, նկատի առած  Լիբանանի փոքր   տարածութիւնը   եւ   բնակչութեան   սահմանափակ   թիւը, 3.100.00, 10.452 ք.յ.ի վրայ (մինչ Ամերիկայի մէջ այս համեմատու- թիւնը 1/500է ցրուած, աւելի քան 9 միլիոն ք.ք.ի վրայ), թոյլ կու տայ իրեն պահել մեր լեզուն, ազգային ոգին, մեր տոհմիկ աւանդութիւնները, դարերէն եկող եւ սերունդէ սերունդ  փոխանցուող  մեր ապրելու յոյսը, գոյատեւելու կամքը ու կիրքը։

Լիբանանը մայր հայրենիքէն դուրս այն բացառիկ գաղութն է զոր կարելի է կոչել նաեւ արտաշխարհի հայութեան ճառագայթող օճախը։ Անհրաժեշտ է ուրեմն որ ան յաւելեալ ջերմութիւն տայ եւ լոյս սփռէ մեր միւս գաղութներուն։

Ըսինք որ հայապահպանման գործը ամէնէն առաջ կը պահանջէ կազմակերպութիւն ապա զոհողութիւն ու պայքար։ Լիբանանի դերակատարութիւնը այդ մարզերուն մէկ հետեւեալ կերպով կը յայտնաբերուի։

1- Եկեղեցական բարձրագոյն կեդրոնները կը պատրաստեն անհրաժեշտ հոգեւոր անձնակազմը արտասահմանի մեր եկեղեցիներու պայծառութեան համար որոնք պատմական իրողութեամբ եղած են ու կը մնան այն դարաւոր ու հաստաբուն հարստութիւնը որուն նուիրեալները հաւասարապէս մաքառած են կրօնի եւ հայրենիքի ազատութեան ու ապահովութեան համար եւ որուն բոցին մէջ ու կամարներու խորհուրդներուն ներքեւ միախառնած է ազգայինը եւ կրօնականը։

2- Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկները կը պատրաստեն կրթական մշակներ վարելու համար արտասահմանի մեր վարժարանները եւ մտաւորականներ՝ առաջնորդելու համար հայ կեանքը քանի որ մարդկային ոյժը ամենակարեւորն է մեր պայքարի դաշտին վրայ։

3- Մամուլը եւ հրատարակութիւնները կը ծառայեն արտասահմանի հայ կեանքի հետ հոգեկան կապեր հաստատելու եւ պատրաստելու ենթահողը մեր ազգային ձգտումներուն։

4- Մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները որոնք մեր ազատագրական պայքարի առաջնորդներն ու մարտիկները  հանդիսացան կրնան պատրաստել գործիչներ նուիրուելու համար արտասահմանի քարոզչական եւ կազմակերպական աշխատանքներուն։

5- Վերջապէս Լիբանանի յարաբերաբար ազատ միջավայրը թոյլ կու տայ մեր ազգային-եկեղեցական եւ քաղաքական ղեկավարութեան հետապնդելու հայ դատի առընչուած մեր ծրագրումներն ու գործունէութիւնը։

Արդարեւ 1983ի Յունուարին տեղի ունեցած ազգային ընդհանուր ժողովը ի ներկայութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներու ի շարս այլոց պարտականութիւն տուաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր քաղաքական ժողովին որպէսզի մասնաւոր կարեւորութեամբ զբաղի հայեցի դաստիարակութեան ու հայ ժողովուրդի մշակոյթի ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքներուն համասփիւռքեան մակարդակով։

Նախորդ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը նոյն մտածողութեամբ կազմակերպած էր արդէն հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի նուիրուած 6 շաբթուայ դասընթացք Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ։ Ամերիկայի արեւելեան թեմէն 6 երիտասարդներ հետեւեցան այս դասընթացքներուն, յատուկ կրթական ծրագրի վրայ եւ առաջադրութեամբ դասախօսներու եւ մասնագէտ ուսուցիչներու։ Դժբախտաբար Լիբանանի անապահով վիճակը չի թոյլատրեց որ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ օգտուին այս պատեհութենէն։

Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայիս, իր մասնաւոր ուշադրութեան առարկան դարձուցած է այս հարցը։ Ան կ՜ուսումնասիրէ յատուկ դասագրքեր եւ քասէթներ պատրաստելու ծրագիր մը յօգուտ այն հայերուն որոնք դժբախտաբար կորսնցուցած են արտասահմանի մէջ, իրենց մայրենի լեզուին ծանօթութիւնն ու գործածութիւնը։

Այս հրատարակութիւններ կը հետապնդեն 2 նպատակ.-

1) Հայերէն սորվեցնել սփիւռքի այն հայերուն որոնք միայն օտար լեզուով կը հասկնան եւ կ՜արտայայտուին։

2) Անոնց ծանօթացնել իրենց գործածած լեզուներով հայ մշակոյթի գանձերը։

Արդէն հրատարակուեցաւ երիտասարդ մտաւորական պ. Յ. Քիւրքճեանի կողմէ պատրաստուած դասագիրք մը որուն նպատակն է հայերէն սորվեցնել անգլիախօս երիտասարդներուն եւ չափահասներուն մակագրուած «ձեռնարկ հայերէն լեզուի»։ Ասոր կ՜ընկերանան 5 քասէթներ հնչաբանութեան ուսուցման համար որպէս անմիջական մեթոտ։

Կաթողիկոսարանը յաջորդաբար հրատարակեց ու կը շարունակէ հրատարակել «հայագիտական հասկ» մեծածաւալ տարեգիրքը որուն շուրջ հրաւիրուած են համախմբուելու Վեհափառ Հայրապետի նախանձախնդրութեամբ գաղութիս գրեթէ բոլոր մտաւորականները առանց խտրութեան։

Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի գլխաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տեղի ունցաւ 3 տարիէ ի վեր հայ մշակոյթի եւ հայ եկեղեցական պատմութեան նուիրուած  դասախօսութիւններու  շարք մը որոնք մեծ ունկնդրութիւն վայելեցին։ Կը ծրագրուի համագաղութային մակարդակով հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստել եւ արդէն իսկ ասպարէզի մէջ գտնուողներուն վերաորակաւորման դասընթացքներ կազմակերպել   Անթիլիասի կամ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ։

Կաթողիկոսարանը ինչպէս նաեւ զանազան հրատարակչական- ներ եւ մշակութային միութիւններ գնահատելի աշխատանք կը կատարեն հրատարակելով կամ վերահրատարակելով հայերէն գրքեր եւ զանոնք տարածելով սփիւռքի մէջ։

Ձեռներէցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետի, ամէն տարի կը կատարուի հայ գրքի օրը կաթողիկոսարանի մէջ ուր կը ցուցադրուին եւ գրասէր հասարակութեան կը ծանօթացուին բազմահարիւր նոր հրատարակութիւններ։

Մշակութային միութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ եռուն աշխատանք կը տանին Լիբանանի մէջ եւ զանազան առիթներով մտաւորականներ կ՜ուղարկեն արտասահման հոն ուր պէտք է եւ կարելի է, դասախօսութիւններով եւ այլ ելոյթներով վառ պահելու համար ազգային ոգին եւ սերտացնելու համար միջ հայկական յարաբերութիւնները սփիւռքի մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը իր հովուապետական այցելութիւններով առաւել եւս կ՜ամրապնդէ ժողովուրդին կապը իր եկեղեցւոյ եւ ազգին հետ։

Բ.- Ի՞նչ կարելի է սպասել մեր հայրենիքէն սփիւռքի մեր գաղութներուն հայեցի դիմագիծի պահպանման համար։

Հայերնիքի դերակատարութիւնը անհրաժեշտ է մեր ազգային ձգտումներուն իրականացման տեսակէտէն։ Ինչպէս զաւակ մը որբ կը դառնայ առանց հօր, կամ մօր, նոյնպէս արտասահմանի հայութիւնը ինքզինք որբացած պիտի զգայ եթէ ամբողջութեամբ կտրուի մայր հայրենիքէն։

Դարերու ընթացքին պայքարած ենք եւ այնքան ատեն որ մեր հողերուն վրայ կը գտնուէինք տոկացած ենք ամէն տեսակի վտանգներուն դէմ։ Տեսած ենք աւերիչ եւ կործանարար յորձանուտներ, Լենկ Թիմուրներ, Ճենկիզ Խաներ, Ալբ Ասլաններ, Օսմանցիներ։ Մնացած ենք օտար ժողովուրդներու տիրապետութեան տակ, երբեմն երկար ժամանակով, սակայն մնացած ենք հայ որովհետեւ ունէինք նախ մեր հողը մեր ոտքերուն տակ ապա մեր աւանդութիւնները, մեր լեզուն, մեր կրօնը։ Հողին ոյժը անգնահատելի է։ Սակայն արմատախիլ սփիւռքահայութիւնը, հեռու իր պատմական բնավայրէն կտրուած իր աւանդութիւններէն, իր լեռներու եւ անթնթախոր ձորերու խորհուրդներէն, առանց գոյութիւն ունեցող հայրենիքի մը իրականութեան իմաստ պիտի չունենար ու պիտի դատապարտուէր ստոյգ կերպով կորստեան։ Արդարեւ, ինչպէս վերեւ ըսինք, սփիւռքը կը պահուի գոյութիւն ունեցող հայրենիքի մը համար ինչ ալ եղած ըլլայ անոր քաղաքական վարչաձեւը։ Հայրենիքի գոյութիւնն է որ կ՜իմաստաւորէ մեր բոլորիս ձգտումները, մեր պայքարը։

Սակայն ի՞նչ կարելի է սպասել մեր հայրենիքէն նկատի առած իր գոյութեան ներկայ պայմանները։

Հայրենիքը պէտք է խաղայ հոգածու մօր մը դերը հանդէպ արտասահմանի հայութեան։ Պէտք է ինքզինքը տէր զգայ անոր եթէ նոյնիսկ իրաւական տեսակէտէ ի վիճակի չէ այդ ընելու քանի որ սփիւռքահայութիւնը կը պատկանի զանազան այլ հպատակութիւններու։

Հայրենիքը կրնայ, եւ արդէն իսկ կ՜ընէ, մշակութային կապեր հաստատել արտասահմանի հայութան հետ, ղրկել մտաւորականներ իր նուաճումները ծանօթացնելու եւ անով առաւել յոյս եւ հպարտութիւն ներշնչելու համար սփիւռքահայութեան եւ գօտեպնդելու զայն։ Կրնայ ղրկել երգիչներ, երգչախումբեր, պարախումբեր վառ պահելու համար մեր տոհմիկ աւանդութիւնները եւ սէրը  մեր  մշակութային  գանձերուն  նկատմամբ։ Պէտք  է  դիւրութեամբ հիւրընկալել հայրենաբաղձերը, անոնք որոնք ծարաւն ունին իրենց հայրենիքը ճանչնալու ոչ միայն գիրքերով ու պատմութեամբ այլ ներկայութեամբ մեր պատմական բնաշխարհին մէջ։

Մեծ թիւով հայ ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ կը յաճախեն հայրենի համալսարանները։ Ասիկա ինքնին գնահատելի օժանդակութիւն եւ ծառայութիւն մըն է սփիւռքահայութեան համար։

Չի մոռնանք որ մինչեւ 1958, արտասահման ոեւէ կապ չունէր մայր հայրենիքին հետ։ Ան ամբողջութեամբ կղզիացած էր։ 1936ին կազմակերպուած ներգաղթէն յետոյ որ տեղի ունեցաւ գլխաւորապէս Յունաստանէն, ունեցանք նաեւ մեր բոլորիս ծանօթ ներգաղ- թը 1946-47 տարիներուն։ Սակայն մինչեւ 1958 ոեւէ անձի չի թոյլատրուեցաւ Հայաստան մտնել ինչպէս նաեւ ոեւէ մէկը չի կրցաւ դուրս գալ այն տեղէն։ Մինչեւ իսկ հայրենիքի լուրերը շատ սահմանափակ կերպով կը ստանայինք արտասահմանի մէջ։ 1958ին Աշոտ Ալթունեանի երգի ու պարի անսամպլը կու գայ Եգիպտոս ապա Պէյրութ։

Այնուհետեւ բացուեցան մայր հայրենիքին դռները ընդունելու համար հայրենաբաղձ այցելուներ, իսկ աւելի ուշ, Հայաստանէն կրցան դուրս գալ, արտասահմանէն ղրկուած հրաւէրներու հիման վրայ հայաստանաբնակ հայեր այցելելու համար իրենց հարազատներուն, ինչպէս նաեւ հայրենի մտաւորականներ կենդանի կապ ստեղծելու համար հայրենիքին հետ։

Ուրեմն հայրենիքին եւ սփիւռքահայութեան յարաբերութիւնները սկսան մշակուիլ եւ զարգանալ 1958էն յետոյ միայն։

Աւելորդ չեմ գտներ հոս նկատել տալ որ հայրենի կապերը արտասահմանի հայութեան հետ ոչ միայն բաղձալի են այլ բարոյական պարտաւորութիւն են։ Ճիշդ է որ արտասահմանի հայերը սովետական քաղաքացիներ չեն, սակայն իբրեւ բացարձակ մտածողութիւն, կարելի է ըսել որ անոնք սեռած ըլլալով նոյն ժողովուրդէն եւ ունենալով նոյն պատմական անցեալը կը պատկանին նոյն ազգին։ Այնպէս ինչպէս ոեւէ այլ պետութիւն պարտաւոր կը զգայ իր  հպատակներուն  ֆիզիքական  եւ  կրթական ապահովութեամբ զբաղելու, երկրէն ներս թէ դուրս, նոյնպէս մեր հայրենիքը առնուազն բարոյական պարտաւորութիւն ունի, իբրեւ տէրը հայութեան, ընելու գոնէ այն ինչ որ հնարաւոր է ներկայ պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութեան   ազգային եւ կրթական ձգտումներուն սատարելու համար։ Այն ճիգը որ արտասահմանի հայութիւնը կը ցուցաբերէ իր ազգային դիմագիծը պահելու համար, կ՜ընէ համոզումով, հաւատքով եւ զոհողութեամբ։ Ան մասամբ հայրենի պետութեան դերը կատարած կ՜ըլլայ այս գետնի վրայ ուր անկասկած բարոյական լուրջ  պարտաւորութիւններ ունի կատարելիք հայրենիքը։

Օտար մեծ պետութիւններ շահադիտական զանազան հաշիւներէ թելադրուած, իրենց լեզուի եւ մշակոյթի տարածման եւ ծանօթացման համար վիթխարի յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն, մեծ գումարներ կը ծախսեն, կրթական նպաստներ կը բաշխեն, օտարներուն ձրիաբար իրենց լեզուն կը սորվեցնեն, մանկավարժական արդի մեթոտներով, տեսողալսողական սարքաւորումներով, շարժապատկերներով, ձայներիզներով, եւ ինչու մեր հայրենիքը պիտի չընէր զայն իր ժողովուրդի բեկորներուն համար որոնց հա- ւաքական ճիգերը հայեցի դիմագիծի պահպանման տեսակէտէն տեղ տեղ անբաւարար են սպասուած արդիւնքը ձեռք ձգելու համար։

Ըմբռնելով հանդերձ մեր հայրենիքին գործնական դժուարութիւնները, կ՜ակնկալենք որ ան կրթական եւ մշակութային գետնի վրայ աւելի դրական օժանդակութիւն բերէ նախ սփիւռքի եւ հայրենիքի կապերը ամրապնդելու տեսակէտէն ապա այս կամ այն ձեւով նեցուկ կանգնելու համար վերոյիշեալ մեր ընդհանրական ճիգերուն։

Վերջացնելու համար այս զրոյցը պիտի ուզէի ըսել որ սփիւռքի ազգային դիմագիծը կը դալկանայ ու կը դատապարտուի կորսուելու եթէ կազմակերպուած աշխատանք չի տարուի հայապահպանման եւ պահանջատիրական կալուածներէն ներս բան մը որուն ազգային եւ կուսակցական մարմինները լծուած են արդէն։ Իրագործելի աշխատանքին մէջ կարեւոր բաժին ունի լիբանանահայութիւնը քանի որ ան առանց յաւելեալ ճիգի կը վայելէ արդէն երկրին համայնքային կառոյցին հետեւանքով յարաբերական ազատութիւններ որոնցմով անկաշկանդ կը վարէ իր ազգային կեանքը, կը պահէ իր վարժարանները ուսկից կրնան դուրս գալ ապագայ մտաւորականներ, գործիչներ լծուելու  համար մեր ծրագիրներու իրագործման։

Հայրենիքի գոյութիւնը ինքնին մեր ազգային ձգտումները իմաստաւորող հաստատ կռուանն է։

Հայրենիք մը եւ քաղաքակրթութիւն մը ժողովուրդի մը մասնիկները իրարու միացնող աներեւոյթ կապեր են, անոր անցեալն ու ապագան են, անոր մեծութիւնն ու յոյսն են։

Անմահ է մարդկային այն ընկերութիւնը, կ՜ըսէ պատմաբան մը, որ ունի հայրենիք եւ քաղաքակրթութիւն եւ որոնց էապէս կը հաւատայ ու կառչած կը մնայ։

Ահա այս տեսլականով կ՜ակնկալենք որ մեր հայրենիքը շնորհիւ արտասահմանի հետ իր ունեցած մշակութային կապերու շարունակէ զարգացնել իր դերակատարութիւնը այն ճանապարհին վրայ որուն հորիզոնները, օր մը, մեր երազներու իրականացումով, պիտի միացնեն զինքը հայրենաբաղձ սփիւռքին ունենալու համար ամբողջական հայութիւն, մէկ ու ամբողջական հայրենիքով։