Երախտարժան Փրոֆեսէօր Խաչեր Գալուստեանի մահուան 20¬ամեակի առիթով զինքը ճանչցողներէն եւ սիրողներէն յանձնախումբ մը կազմուած է որ լծուած է գրական յուշարձան մը կանգնելու ազնիւ գաղափարին գործադրութեան աշխատանքին։

Առ այդ ի շարս ուրիշներուն, վերոյիշեալ յանձնախումբը դիմած է նաեւ ինծի խնդրելով որ գրեմ իր մասին իբրեւ կրթական մշակ։ Դժբախտաբար իմ ծանօթութիւնս Պ.  Գալուստեանի  հետ  շատ սահմանափակ էր։ Ճանչցած էի զինք աւելի իր համբաւովը, իբրեւ տարիներու կրթական մշակ, տնօրէն, հմուտ մանկավարժ եւ հոգեբան։ Այսուհանդերձ պատեհութիւնը ունեցայ անգամ մը իրեն հետ տեսակցելու եւ խորհրդակցելու զինքը մօտէն հետաքրքրող հարցի մը շուրջ որ հայ ուսուցիչ պատրաստելն էր աւելի ճիշդը հայկական ուսուցչանոց մը ունենալը։

Արդարեւ 1982ին Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետն էի։ Այդ շրջանին Ուսումնական Խորհուրդը մտադրած էր ազգային վարժարաններու ուսուցիչները վերաորակաւորել յատուկ կրթական ծրագրով։ Դասընթացքը կը ծրագրէր դասեր կազմակերպել հայ լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան կրօնքի, աշխարհագրութեան եւ վերջապէս կրթական ծրագրի  մաս  կազմող  բոլոր  առարկաներուն  կապակցութեամբ։ Ուսումնական Խորհուրդը կը մտածէր նաեւ ընդհանուր մանկավարժութեան, մանուկներու հոգեբանութեան եւ մանաւանդ մեթոտաբանութեան դասեր կազմակերպել։ Հոգեբանութեան դասերուն համար կը փնտռէինք հայերէն լեզուով դասաւանդել գիտցող ուսուցիչ մը, եւ ահա օր մը հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցայ Պ. Գալուստեանին հետ որ կ՜ուզէր ինծի հետ հանդիպում մը ունենալ իմացած ըլլալով որ մանկավարժութեան եւ մանուկներու հոգեբանութեան դասաւանդ ուսուցիչ կը փնտռենք մեր վարժարաններուն ուսուցիչները վերաորակաորելու համար։

Մեր հանդիպումը եղաւ համալսարանի գրասենեակիս մէջ, շատ հաճելի մթնոլորտով։ Իրեն պարզեցի Ուսումնական Խորհուրդի ծրագիրը եւ առ այդ անոր հետապնդումը։

Պ. Գալուստեանը յայտնեց որ իր փնտռածը աւելի ծաւալուն դասընթացքներ կազմակերպելով, պատրաստել է ապագայ հայ ուսուցիչը։ Ներկայիս լաւագոյն պարագային, մեր դպրոցներու մէջ պաշտօնավարել ուզող թեկնածուներէն կը պահանջուի ուսումնական հաստատութեան մը կողմէ համապատասխան վկայագիր մը։ Ասոնք բաւարար չեն։ Ուսուցիչութիւնը նախ կոչում է ապա համապատասխան նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։

Ներկայիս ուսուցչութեան նուիրուիլ ուզող երիտասարդ-երիտասարդուհիներէն՝ որոնք երկրորդական ուսման վկայական կը կրեն, կը պահանջուի որ մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն ուսանին այն մտահոգութեամբ որ ապագայ մարդը կերտելու ամէնաազնուագոյն եւ միեւնոյն ատեն ամէանդժուար այս ասպարէզը կը պարտադրէ թեկնածուներուն որ անկախ իրենց ուսումնական եւ մասնագիտական պաշարէն, գիտնան  ընտելանալ աշակերտներու հոգեկան աշխարհին, ծանօթանալու արուեստին եւ ատակ ըլլալ արդի մեթոտաբանութեամբ, ուսումը սիրցնելու եւ գիտելիքները հեշտօրէն փոխանցելու։ Անառարկելի իրողութիւն մըն է որ ուսուցիչը կը կամաւորէ ու կը դասաւորէ աշակերտին ուղեղը եւ կ՜ուղղէ անոր ձգտումներն ու հոգեկան թռիչքները։

Ըսի այդ բոլորին համաձայն ենք։ Մենք եւս կը խորհինք որ ուսուցիչը պէտք է նաեւ սորվելու եւ սորվեցնելու եղանակը գիտնայ ու ամէն նիւթի յատուկ մեթոտով փորձէ անոր փոխանցումը դարձնել դիւրամատչելի եւ իրացումը հեզասահ։

Պ. Գալուստեան աւելցուց որ ուսուցիչը պէտք է նաեւ ծանօթանայ մանուկին հոգեկան աշխարհը յուզող հարցերուն, փորձէ թափանցել անոր հոգեկան բաւիղներէն ներս եւ հետւիլ անոր աճման հոլովոյթին ընկերացող դժուարութիւններուն եւ մանաւանդ սորվեցնէ սիրել աշակերտը եւ ինքզինք սիրցնել տալ անոր. արդարեւ սիրոյ եւ գուրգուրանքի ճամբով պէտք է մանուկը ուղղել կ՜ըսէ արդի մանկավարժութիւնը։

Մեր շատ հետաքրքրական խօսակցութեան արդիւնքը այն եղաւ որ երբ Պ. Գալուստեանին յայտնեցի որ տիրող նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ ազգ. վարչութեան ուսումնական խորհուրդը ի վիճակի չէ, ուսուցչանոց մը կերտելու, այսուհանդերձ կը փոխանցեմ ձեր մտահոգութիւնը ժողովին։ Պ. Գալուստեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ տեսակցութեան համար եւ մեկնեցաւ։

Ժամանակ մը վերջը, լուսահոգի Գարեգին Բ. Հայրապետը պատմեց ինծի թէ ողբացեալ Խաչեր Գալուստեանի տիկինը եւ տղան՝ Շահէն, եկած են զինքը տեսնելու ըսելու համար որ իրենց ողբացեալ ամուսինին եւ հօրը յետ մահու կամքը կատարելու համար պատրաստ են յիսուն հազար ամերիկեան տոլար տրամադրելու որպէսզի անոր տարեկան եկամուտով հայ ուսուցիչ պատրաստելու նուիրուած ուսուցչանոց մը կանգնէ Կաթողիկոսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Վեհափառ Հայրաետը չափազանց

զգացուած եղած առաջարկէն, յետ խորհրդակցութեան կը յայտնէ որ պատրաստ է անհրաժեշտ սենեակները տրամադրելու համեստ ուսուցչանոց մը կանգնելու համար։

Առ այդ խորհրդակցական ժողովի կը հրաւիրէ իր հովանաւորութեամբ, հանգուցեալին տիկինը, Տիկին Վանուհին եւ Պ. Շահէ Գալուստեանները, ողբացեալ Հայկ Թիլպեանը, ՊՊ. Գրիգոր Շահինեանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Հայր Արշաւիր Գաբուճեանը, Օրդ. Մանուշակ Պօյաճեանը եւ զիս։ Վեհափառ Հայրապետը եւ ժողովը համաձայն գտնուեցան որ Պ. Գրիգոր Շահինեանին վստահուի ծրագրուած համեստ ուսուցչանոցին վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

Պ. Շահինեան որ արդէն Լիբանանեան Համալսարանի դասախօս էր ազնուութիւնը ունեցաւ կատարուած առաջարկը ստանձնելու։ Յանձնախումբը դարձաւ խնամակալ մարմին ու շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետին ցուցմունքներուն եւ հոգածութեան կեանք առաւ հայ ուսուցիչ պատրաստելու նուիրուած նորափթիթ Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնը։

 

Մայիս 2005

May 2005