Մարդոց գաղթելու սովորութիւնը այնքան հին է, որքան մարդկութեան պատմութիւնը։ Մարդիկ միշտ տեղափոխուած են։ Բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական տագնապները եւ քաղաքական վերիվայրումներն ու աննպաստ պայմանները մարդիկը մղած են տեղափոխուելու, գաղթելու նիւթապէս աւելի բարգաւաճ եւ քաղաքականապէս աւելի ապահով վայրեր։ Վերջին դարեշրջանի փոխադրական միջոցներուն ընծայած դիւրութիւնները մեծապէս նպաստեցին այդ տեղափոխութեանց։
Մեզ հետաքրքրող նիւթը, սակայն, մարդոց եւ ժողովուրդներու գաղթին պատմութիւնը չէ, այլ ուսումնասիրութիւնը վերջին 25 տարիներու ընթացքին մարդկութեան պատմութեան մէջ երեւան եկած նոր երեւոյթի մը։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն՝ գիտնականներու, մասնագէտներու եւ մտաւորականներու հոյլեր անվերջ կը տեղափոխուին։ Անոնք կը լքեն իրենց երկիրը եւ կ՜երթան հաստատուելու աւելի բարգաւաճ երկիրներ։ Թէեւ այս գաղթը սկիզբը աննշան մնաց, սակայն, ան մտահոգիչ դարձաւ, երբ ճշդուեցաւ ՄԱԿի գրասենեակներուն աշխատանքով, անվերադարձ մեկնող մասնագէտներուն պատկառելի թիւը եւ անոր ահաւոր հետեւանքները։
Արդարեւ բոլոր թերաճ երկիրներն ալ հետզհետէ կ՜անդրադառնան, որ տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար էական է ունենալ մարդկային որակեալ դրամագլուխ։ Ան նախ անհրաժեշտ է՝ երկրին բնական եւ մարդկային հարստութիւնները կարենալ լաւագոյնս շահագործելու համար։ Ան անհրաժշետ է նաեւ օտար պետութիւններէն ստացուած տնտեսական եւ ելեւմտական նպաստները արդիւնաւոր կերպով օգտագործելու համար։ Անոնք կը գիտակցին նոյնպէս այն իրողութեան, որ ոեւէ մարդկային հաւաքականութիւն, ժողովուրդ կամ երկիր, կարենալ ապրելու եւ զարգանալու համար, պէտք ունի որոշ չափով մարդկային որակեալ դրամագլուխի, որուն պակասով՝ ան կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, ամլութեան կը դատապարտուի եւ ապա կը փճանայ։
Մասնագէտներու մեկնումով թերաճ երկիրներու աստիճանական բարձրացումը դէպի տնտեսական զարգացում կը կաղայ, եւ հետզհետէ կը խորանայ այն խրամատը, որ զիրենք կը բաժնէ զարգացումի մէջ գտնուող այլ երկիրներէն։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Ըստ ՄԱԿի վիճակագրութեանց
1) Կարեւոր թիւվ մասնագէտներ կը գաղթեն, ամէն տարի, թերաճ երկիրներէն դէպի տնտեսապէս զարգացած երկիրներ։
2) Ամէն տեղ, մեկնողներուն մէջ տիրական թիւ կը կազմեն
բժիշկները, հիւանդապահուհիները, գիտնականները եւ այլ մասնագէտներ։
3) Գաղթելու ձգտում մը կայ միշտ համալսարանական զարգացած տարրերու մօտ։
4) Եւրոպայէն Ամերիկա մեկնողներուն թիւը քիչ է. սակայն, ստուար է թիւը անոնց, որոնք կը մեկնին թերաճ երկիրներէն դէպի Ամերիկա, Ֆրանսա, Գերմանիա։
5) Այն երկիրները, ուրկէ համալսարանական զարգացած տարրերը կը մեկնին, գլխաւորաբար կը ներկայացնեն Չինաստանը, Քորէան, Իրանը, Հնդկաստանը, Միջին Արեւելեան երկիրները, Թուրքիան եւ Յունաստանը։
6) Ուսման համար Ամերիկա մեկնողներուն 40%ը հոն կը մնայ։ Ըստ Տոքթ. Շարլ Թիտի ուսումնասիրութեան, գաղթողներուն 25%ը միայն կը վերադառնայ։
ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԱՅՍ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ
Այս հարցին առընչութեամբ, Փրոֆ. Քաննաան, իր 1968ին հրատարակած գրքին մէջ կ՜ըսէ. «Այն հոսանքը, որ կը տանի մասնագէտները աղքատ երկիրներէն դէպի հարուստ երկիրներ, ցոյց կու տայ պարզապէս առաջիններուն տնտեսապէս յետամնաց ըլլալը՝ բաղդատմամբ միւսներուն։ Հետեւաբար, ան մասնագէտներու արտագաղթը կը վերագրէ խնդրոյ առարկայ երկրին տնտեսապէս աղքատ ըլլալուն։
Ա.¬ Արտաքին պատճառներ.¬ Բոլորիս համար ալ յստակ երեւոյթ մըն է, որ տնտեսապէս զարգացած եւ հարուստ երկիրները իրենց կը քաշեն թերաճ երկիրներու մտաւորական ընտրանին։ Ասիկա առաջ կու գայ՝
1) Տնտեսապէս բարգաւաճ երկիրներու համալսարաններու անբաւարարութենէն։ Արդարեւ, հոն գտնուող կրթական բարձր հաստատութիւնները ի վիճակի չեն իրենց սեփական միջոցներով ապահովելու երկրին այն մասնագէտները, որոնց պէտք ունի ան։
Հիւսիսային Ամերիկան, օրինակի համար, իր բոլոր համալսարաններով, կու տայ տարեկան 8000 բժիշկ, երբ երկիրը պէտք ունի 12 հազարի։
Անգլիան, իր կարգին, բժշկական անձնակազմի պահանջին 1¬3ը կ՜ապահովէ դուրսէն ներգաղթող բժիշկներով։
Ամերիկայի աշխատանքային ուսումնասիրութեանց յատկացուած պետական գրասենեակը կը նախատեսէ, որ 1975էն սկսեալ Ա- մերիկան պիտի ստիպուի ընդունիլ տարեկան 40 հազար մասնագէտներ, որոնց վստահաբար 20 հազարը թերաճ երկիրներէն։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի գիտական հետազօտութեանց մեծ կեդրոնները, որոնք կ՜աշխատին շնորհիւ պետական վարկերու, պէտք ունին միշտ աւելի մեծ թիւով գիտնականներու։ Թերաճ երկիրներու գիտնականները նկատի ունենալով առաջարկուած պայմանները կը լքեն իրենց երկիրը։
2) Ներգաղթի քաղաքականութիւն մը. Զարգացած երկիրները իրենց տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, մեծ կարեւորութիւն կու տան օտար մասնագէտներու ներգաղթին։ Այսպէս՝ Գանատայի ներգաղթի նախարարը, իր «Ճերմակ գրքին» մէջ (1968), կը յայտարարէ. «Ներկայիս Գանատայի ճարտարարուեստական տնտեսութիւնը, աշխատանքի համար, կարեւորութիւն կու տայ զարգացած եւ մասնագէտ անձերու։ Այն մեծ ծախսերը, զորս մենք պէտք է ընէինք մասնագէտներ պատրաստելու համար, կը մնան խնայուած, երբ զանոնք բերենք արտասահմանէն»։
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը, 1963ին, ներգաղթի օրէնքներուն ուսումնասիրութեան առիթով յայտարարած է. «Լաւ կազմակերպուած ներգաղթը կրնաք նկատել իբրեւ ազգային եկամուտի մեծագոյն աղբիւր…»։
Տնտեսապէս բարգաւաճ երկիրներու հետապնդած ներգաղթի վերոյիշեալ քաղաքականութիւնը, անկասկած իր դերը ունի թերաճ երկիրներու մասնագէտներու մեկնումին մէջ։
Բ.¬ Ներքին պատճառներ.¬ Բոլոր ներքին պատճառները կապ ունին թերաճ երկիրներու տնտեսական աղքատութեան հետ։ Պիտի խմբենք զանոնք երեք բաժիններու մէջ։
1.¬ Կրթութիւնը եւ ուսումը.¬ Թերաճ երկիրներու մէջ, առհասարակ ուսանողներուն տրուած ուսումը չի համապատասխաներ անոնց պահանջին։ Հոն՝ համալսարաններու թիւը կը բազմապատկեն՝ ազգային արժանապատուութեան նկատումով, եւ անոնցմէ դուրս եկած մեծ թիւով մասնագէտներ կը ստիպուին գաղթել, տրուած ըլլալով, որ երկրին ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը նոյն համեմատութեամբ չէ աճած։ Ասոր պէտք է աւելցնել նոյնպէս սխալ ուղղութիւն մը։ Վարչական եւ պետական պաշտօններու համար կը պատրաստուին մեծ թիւով համալսարանականներ՝ երբ երկիրը պէտք չունի անոնց, այլ պէտք ունի գործնական գիտութեանց մասնագէտներու։
Օրինակ մը տալու համար՝ յիշենք Լատին Ամերիկայի պարագան, ուր 600 հազար համալսարանական պատրաստութեամբ մարդոց մէջ՝ 3%ը միայն կը զբաղին երկրագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ, երբ աշխատաւորութեան 46%ը կը պարապի երկրագործութեամբ։ (Տեսնել ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը)։
Ուրեմն համալսարանական մասնագիտութիւն մը կայ. որուն արտադրութիւնը բաւարար չէ, իսկ այլ արտադրութիւն մը կայ, որ անհրաժեշտ չէ։
Լեզուն, իր կարգին, կը նպաստէ ուղեղներու արտագաղթին։
Բոլոր գաղթողները քաջածանօթ են՝ կամ անգլերէնին եւ կամ ֆրանսերէնին։
Արտասահման ուսում ստացող երիտասարդութեան 40%ը չի վերադառնար։ Այս կացութեան կը նպաստեն հետեւեալ պատճառները.
ա) Ուսումը որքան երկար միջոցի վրայ տարածուի արտասահմանի մէջ, այնքան կ՜աւելնայ հոն մնալու հաւանականութիւնը։
բ) Որքան ենթակային ուսանած երկիրը հարուստ ըլլայ, այնքան մեծ կ՜ըլլայ անոր գրաւչութիւնը։
գ) Զարգացած երկիրներուն մէջ ուսանողին ստացած ուսումը ներդաշնակ է երկրին պահանջներուն հետ։ Ան համապատասխան գործ կը գտնէ իր ընտրած որեւէ ճիւղին համար։
2.¬ Աշխատանքի հեռանկարները եւ եկամուտը.¬
Երբ երկրի մը մէջ, որոշ ճիւղերու համար մասնագէտներու թիւը աւելի է, քան պահանջուածը, անգործ մնացողները բնականաբար գաղթելու մասին պիտի մտածեն։
Թերաճ երկիրներու մէջ աշխատանքի պահանջները յստակ կերպով ժողովուրդի սեփականութիւն չեն դառնար։ Բարեկամներու
եւ ծանօթներու միջամտութեամբ է, որ մարդիկ յաճախ գործի կը մտնեն։ Թէեւ աշխատանքի մասնաւոր գրասենեակներ կան, սակայն, անոնք անբաւարար են եւ լաւ չեն կազմակերպուած։ Վկայեալ անձ մը երկար ժամանակ կը տրամադրէ գործ մը ճարելու համար։
Մասնագէտ մը, որ իր ճիւղին մէջ չէ յաջողած, ի վիճակի չէ իր ընտրած ճիւղին նմանող այլ ճիւղի մը մէջ աշխատելու, չտառապելու համար ստորակայութեան բարդոյթէ, որ առաջ կու գայ անգործութեամբ։
Եկամուտները մեծ դեր կը խաղան թերաճ երկիրներու մէջ։ Նախ անհաւասարութիւն կայ նոյն երկրին մէջ երկու նոյն պաշտօնները վարող մարդոց թոշակներուն միջեւ։ Աւելի մեծ է տարբերութիւնը, երբ այդ թոշակը կը բաղդատուի արտասահմանի մէջ նոյն պաշտօնը ունեցող անձի մը թոշակին հետ, նոյնիսկ, եթէ նկատի ունենաք այդ երկրին դրամին գնողական արժէքը եւ տուրքերու դրութիւնը։
Այսուհանդերձ, թոշակները միակ պատճառները չե՛ն ժողովուրդի մը գաղթը բացատրելու համար։
Օրինակ, Ճափոնի մէջ, թոշակները համեմատաբար ցած են. սակայն, շատ քիչեր կը լքեն իրենց երկիրը ու կը մեկնին, որովհետեւ գործերը աւելի կանոնաւոր հիմերու վրայ դրուած են, եւ ընկերային կարգերը եւ արհեստակցական խմբաւորումները աւելի ներդաշնակօրէն զօդուած են իրարու։
Անգլիոյ պարագային, հոն կատարուած ուսումնասիրութիւն մը՝ ներգաղթող մասնագէտներու մասին, ցոյց կու տայ, որ անոնց 25%ը միայն նիւթական նկատումներով գաղթած են։
Այն երկրին մէջ, ուր մեծ քաղաքները քիչ են, եւ հետեւաբար ընկերային եւ մշակութային կեդրոնները հազուագիւտ, զարգացած մարդը, երբ կը զրկուի մտային սնունդէն, կը մտածէ գաղթելու մասին։
Աշխատաւորներու համախմբումը քանի մը մեծ կեդրոններու մէջ եւ անոնց վատ ու անհամեմատական բաժանումը աշխարհագրական տեսակէտէն, նոյնպէս առիթ կ՜ընծայեն արտագաղթի։ Օրինակի համար, Սենեկալի մէջ բժիշկներուն 96% կը գտնուի Տաքար, որ կը հաշուէ բնակչութեան 1/6 տոկոսը միայն։ Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ հոն աշխատող բժիշկներուն եկամուտը նուազի։ Մինչդեռ, Տաքարէն դուրս, բնակչութեան 5/6ին կը մնայ բժիշկնե- րու թիւին 4%ը։
Փրոֆ. Քաննաբան կ՜ըսէ. «Աղքատ երկիր մը երբ շատ մեծ է, պատճառ կը դառնայ իր զարգացած տարրերու մեկնումին, որովհետեւ ընկերային եւ մշակութային կեանքը կեդրոնացած կը մնայ քանի մը քաղաքներու մէջ, ուր կը համախմբուին մասնագէտները, անգործութիւն առաջացնելով։ Հնդկաստանի պէս երկիր մը, որ աղքատ է, բայց միեւնոյն ատեն մեծ, փոքր կ՜երեւայ մասնագէտներուն, եթէ նկատի ունենանք անոր տնտեսական եւ մշակութային սեղմ գործունէութիւնը»։
Կան հետեւաբար զանազան այլ պատճառներ, որոնք սերտօրէն կապուած են երկրի մը ընկերային, տնտեսական եւ վարչական կառոյցին հետ։
Վալթըր Էտըմդ իր ներգաղթի եւ արտագաղթի ազդակներու ուսումնասիրութեան նուիրուած գրքին մէջ կ՜աւելցնէ. «Երբ երկու երկիրներ իրարու բաղդատենք, որքան աւելնայ ընտրութիւնը մէկէն միւսին, այնքան կ՜աւելնայ վկայեալ մարդոց գաղթելու փափաքը»։
Այս տեսակէտը ան մաթեմաթիքական ֆորմիւլի վերածած է, եւ անով կը ճշդէ զանազան երկիրներու համար մասնագէտներու գաղթի հաւանականութիւնը եւ անոնց մօտաւոր թիւը։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ
Լիբանանը, նկատի ունենալով իր աշխարհագրական գիրքը, ընկերային, տնտեսական, եւ քաղաքական կառոյցը, հինէն ի վեր ճանչցած է արտագաղթը։ Տնտեսական տագնապները եւ քաղաքական անհանդուրժելի իրադարձութիւնները, պատճառ եղած են, որ իր ժողովուրդին մէկ մասը գաղթէ։ Այս պարագային, արտագաղթը ունեցած է յաճախ բարերար հետեւանք։ Ան առիթ տուած է տնտեսական որոշ հաւասարակշռութեան եւ բարեկարգութեան։ Սակայն, 1945էն ասդին, կատարուող գաղթը կը զանազանուի նախորդներէն անով, որ մեկնողներուն մեծ մասը կազմուած է արդէ՛ն իսկ պատրաստուած համալսարանականներէ, մասնագէտներէ, այսինքն՝ ուղեղներէ։
Արդարեւ, ամէն տարի, շուրջ 12¬13 հազար հոգի կը գաղթեն, որոնց 7 հազարը դէպի տնտեսապէս զարգացած եւ բարգաւաճ երկիրներ, եւ 6 հազարը՝ արաբական երկիրներ։
Ըստ Փրոֆ. Զահլանի, Լիբանանի մէջ ներկայիս կան 3 հազար
երկրաչափ եւ 1600 բժիշկ, որոնց վրայ կու գան աւելնալու, ամէն տարի, 60 նոր բժիշկներ եւ 120 երկրաչափներ։ Եթէ անոնց միայն 40ը մեկնին, ամէն տարի, պիտի ըսենք թերեւս, որ պարագան ծանր չէ։ Սակայն, հարցը կը ստանայ լուրջ բնոյթ, երբ այդ մեկնողները որակական իմաստով լաւագոյններն են։
1962էն մինչեւ 1966, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Գանատա մեկնած մասնագէտներուն թիւը կը հասնի 1912 հոգիի։
Ամերիկա գաղթողներու ընդհանուր թիւը, երբ 1960ին 2951 հոգի էր միայն, 1968ին բարձրացաւ 6436 հոգիի, այսինքն՝ 219% յաւելում արձանագրելով։ Եւ այս շարժումը կ՜աճի հետզհետէ՝ մտահոգիչ վիճակ մը ստեղծելու աստիճան։ Երկրաչափներու, բժիշկներու եւ այլ գիտական ճիւղերէ վկայեալ անձերու մեկնումը, 1956ի եւ 1967ի միջեւ, աւելցած է հինգ անգամ, ինչ որ կը համապատասխանէ մօտաւորապէս ժողովուրդին աճման համեմատութեան։ Այսպէս՝ 1962էն 1966 տարիներուն մեկնած են.
Ամերիկա Գանատա Ֆրանսա
Ընկեր. գիտութեանց 41 11 1
Բնագիտութեան մասնագէտ 72 8 24
Երկրաչափ 177 19 129
Բժիշկ 89 41 1
Վկայեալ հիւանդապահուհի 62 10
Օտար երկիրներ ուսումը շարունակելու գացած լիբանանցի ուսանողներ կը բաժնուին հետեւեալ կերպով.
1964ին, Աւստրալիա՝ 34, Աւստրիա՝105, Գանատա՝ 41, Ֆրանսա՝ 920, Արեւմտեան Գերմանիա՝ 221, Իտալիա՝ 17, Սպանիա՝ 17, Զուիցերիա՝ 98, Սուրիա՝ 139, Եգիպտոս՝ 493, Չեխոսլովաքիա՝ 40, Ամերիկա՝ 700, Ռուսիա՝ 48, ընդհանուր գումար՝ 2933։
Այս ուսանողութեան աւելի քան 25%ը ապահովաբար չի վերադառնար։
Գաղթողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն բարձրագոյն ուսումը աւարտած լիբանանցիները։ երբ երկու լիբանանցիներ գաղթեն, ըստ Փրոֆ. Զահլանի, պէտք է ընդունիլ, որ միայն երկու հոգի չէ՛, որ կը պակսի երկրէն, այլ, անկասկած, մէկ արհեստաւոր եւ մէկ բժիշկ, կամ՝ մէկ արհեստաւոր եւ մէկ երկրաչափ, եւ կամ այլ գիտական ճիւղէ վկայեալ մը։
Արտագաղթի արտաքին պատճառները մնալով նոյնը, ինչ որ են միւս երկիրներուն համար, այսինքն՝ տնտեսապէս զարգացած երկիրներու որդեգրած յատուկ քաղաքականութիւնը ներգաղթի նկատմամբ, տեսնենք, թէ որո՞նք են, Լիբանանի պարագային, ներքին պատճառները։
Ա.¬ Կրթութիւն եւ ուսում.
Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին եօթը բարձրագոյն ուսման
գլխաւոր կեդրոններ.
¬ Ամերիկեան համալսարան, հիմնուած՝ 1866ին,
¬ Սէն Ժոզէֆ համալսարան, հիմնուած՝ 1881ին,
¬ Լիբանանեան համալսարան, հիմնուած՝ 1953ին,
¬ Արաբական համալսարան, հիմնուած՝ 1960ին,
¬ Պէյրութ Գոլէճ Ֆոր Ուիմէն, հիմնուած՝ 1924ին,
¬ Հայկական Գոլէճ, հիմնուած՝ 1955ին,
¬ Բարձրագոյն ուսմանց ֆրանսական կեդրոն, հիմնուած՝ 1946ին։
Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ քանի մը այլ՝ նուազ կարեւոր կեդրոններ։
Վերոյիշեալ բոլոր համալսարաններու ուսանողութեան թիւը 1968¬1969 տարեշրջանին՝ կը հասնէր 32.376 հոգիի։
Կրթական նախարարը ուղղակի որեւէ հեղինակութիւն չունի այս կրթական բարձրագոյն կեդրոններուն վրայ, որոնք ազատ կերպով կը ճշդեն իրենց կրթական ծրագիրները, աւանդուած երեք տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն։
Այս զանազանութիւնը ծրագրի, լեզուի, ներմուծուած մտայնութիւններուն կու տայ կրթութեան եւ ուսման մակարդակի տարբերութիւն եւ աններդաշնակութիւն։ Լեզուներու զանազանութիւնը երբեմն յառաջ կը բերէ կղզիացում։ Այս բոլորը պատճառներ են, որոնք կը նպաստեն արտագաղթին։
Միւս կողմէ ցաւալի է նկատել, որ մեր համալսարաններուն մէջ դասաւանդուած նիւթերը չեն համապատասխաներ երկրին պահանջին։
Այսպէս, 1968¬69ին զուտ լիբանանցի 15.637 ուսանողներուն՝
26.1%ը գիտական ճիւղ արձանագրուած էին,
68,2%ը մարդկային եւ ընկերային գիտութեանց, եւ
5,7%ը բժշկութեան։
Խճողում կայ եւ հետզհետէ կ՜աւելնայ այն ճիւղերուն մէջ, որոնց երկիրը պէտք չունի, մինչդեռ աւելի կարեւոր ճիւղերը կու տան նուազ թիւով վկայեալներ։
Օրինակի համար, գիւղատնտեսութեան, առեւտրական հաստատութիւններու վարչութեան եւ զանազան թեքնիքներու վկայական ունեցողները քիչ են, մինչդեռ բանակ կը կազմէ գրականութեան, փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան, քաղաքական գիտութեանց եւ իրաւաբանութեան արձանագրուած ուսանողներուն թիւը։
Արտասահման ուսում առած երիտասարդութեան պարագան.
Ըստ Փրոֆ. Զահլանի, 1969ին, 3 հազար 500 ուսանողներ արտասահման գացած են իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։
1964ին՝ 3 հազար ուսանողներ գացած էին, որուն 1/4ը Ամերիկա։ Այս թիւին 20%ը չէ վերադարձած։
1969ի վիճակագրութեանց համաձայն, Լիբանանի մէջ համալսարանական վկայական ունեցողներու թիւն է, այս տարի, 24.431 հոգի, որուն 40%ը արտասահման ստացած են իրենց ուսումը։ Ասոնց գրեթէ բոլորն ալ գացած են իրենց անձնական միջոցներով։ Պետութիւնը ոչ մէկ կապ պահած է անոնց հետ։
Ըստ Հարպիսոնի եւ Մայերսի, երկիրները պէտք է դասաւորել իրենց տնտեսական եւ ընկերային մակարդակով։ Ժողովուրդի մը յառաջդիմութիւնը կապ ունի երկրին տնտեսական մակարդակին հետ։
Այսպէս, որոշ ցուցանիշով մը, կարելի է բացատրել որեւէ երկրի զարգանալու կարողութիւնը, եւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւնները։ Լիբանանի համար այդ ցուցանիշը 24,3 է, Ֆրանսայի համար՝ 107,8, Ամերիկայի համար՝ 261,3։ Լիբանան կը գտնուի զարգացման երկրորդ փուլին մէջ. պէտք է ան աստիճանաբար յառաջդիմէ եւ անցնի 3, 4, 5, 6րդ փուլերուն։
Որքան երկիր մը յամենայ իր զարգացման յաջորդական փուլերուն մէջ եւ կամ դադրի յառաջդիմելէ, այնքան մեծ կ՜ըլլայ թիւը գաղթող մասնագէտներուն։ Միաժամանակ, որքան մեծ թիւով մասնագէտներ գաղթեն, այնքան ուշ կ՜ըլլայ զարգացումը, որովհետեւ առանց մարդկային որակեալ դրամագլուխի, փուճ է խօսիլ զարգացման մասին։
Ընդունելով հանդերձ, որ տնտեսական հաւասարակշռութեան հետեւանքով՝ երբ ժողովուրդի մը թիւը անհամեմատօրէն աւելի աճի, քան իր տնտեսութիւնը, որոշ թիւով մարդոց արտագաղթը կրնայ օգտակար հանդիսանալ. կը մնանք, սակայն, այն տեսակէտին վրայ, որ պետութիւնը իր բոլոր միջոցները պէտք է ի գործ դնէ, կարենալ պահելու համար երկրին մէջ գիտնականներու եւ մասնագէտներու փաղանգ մը, անոնց ապահովելով գործ, պաշտօն։ Պէտք է համալսարաններու ծրագիրները բարեկարգել այս հեռանկարով եւ առաջնորդել ուսանողութիւնը դէպի առողջ ընտրութիւն։ Պէտք է ընտրել այն ճիւղերը, որոնք կը նպաստեն երկրին զարգացման, եւ որոնց համար աւելի հեշտ է գործ ճարել։
Բ.¬ Աշխատանքի հեռանկարները եւ եկամուտները.
Մեր աշխատանքի շուկան աններդաշնակ է մատուցուած աշխատանքին եւ համալսարանականներուն ընտրած մասնագիտութեան.
1969ի վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ շուրջ 500 հազար աշխատող ձեռքեր կամ, որոնց 34%ը կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ երկրագործութեամբ։ Գիւղատնտեսութեան եկամուտներով կ՜ապրին նոյնպէս երկրին բնակչութեան 51%ը։ Իսկ համալսարաններու ուսանողութեան 0,4%ը միայն կը ստանայ համապատասխան վկայական։
Առեւտուրը եւ այլ կարգի պաշտօնները գործ կը հայթայթեն մեր պաշտօնէութեան 45%ին, մինչդեռ մեր ուսանողութեան 75%ը կը դիմէ այսպիսի վկայականներու, որոնք անխուսափելիօրէն զիրենք կ՜առաջնորդեն պաշտօնէութեան։ Հետեւեալը ցոյց կու տայ յիշեալ պատկերը.
1969ին, գիւղատնտեսութիւն եւ հողագործութիւն ¬ ազգային եկամուտ՝ 13, աշխատաւորութեան թիւ՝ 34, համալսարաններէ վկայեալներ՝ 0,4, ճարտարարուեստ ¬ ազգային եկամուտ՝ 25, աշխատաւորութեան թիւ 20,9, համալսարաններէ վկայեալներ՝ 24,5, առեւտուր եւ պաշտօնէութիւն ¬ ազգային եկամուտ՝ 64,6, աշխատաւորութեան թիւ՝ 45,1, համալսարաններէ վկայեալներ՝ 75։
Լիւսիէն՝ Պէյրութի, Լիբանանի աշխատանքի շուկային նուիրուած իր տոքթորայի թեզին մէջ կ՜ըսէ. «1944¬1980ին, 160 հազար նոր պաշտօններ կրնան ստեղծուիլ Լիբանանի մէջ, ըլլայ պետական կամ ոչ¬պետական մարզերու մէջ։ 18 տարեկանէն վեր աշխատող ձեռքերու թիւը այդ շրջանին պիտի հասնի 735 հազար հոգիի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 450 հազար աշխատող նոր ձեռքեր յառաջ պիտի գան։ Եթէ կ՜ուզենք աշխատանքի շուկան առնուազն այսօրուան վիճակին մէջ պահել ու խուսափիլ տնտեսական սուր տագնապներէ, որոնք կրնան յառաջ գալ անգործութենէ, անհրաժեշտ է այն ատեն ամէն տարի 18 հազար հոգիի գաղթը»։
Գալով եկամուտներու եւ օրավարձերու տարբերութեան, Տել բար գրած է «Լը Քայէ տը լ՜Օրիան Քոնթանբորէն»ի Ապրիլ 1969ի թի- ւին մէջ. «Լիբանանի քաղաքներուն բնակչութիւնը երկրին ընդհանուր բնակչութեան 57,8%ը կը ներկայացնէ, իսկ ազգային ընդհանուր եկամուտներուն 75%ը կ՜ապահովէ։ Վճարուած օրավարձերուն սակերը շատ կամայական են եւ յաճախ մասնագէտներու արժէքին չեն համա- պատասխաներ»։ Իր պատրաստած վիճակագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ՝
1) Արդիւնաբերութեան մէջ աշխատավարձերուն միջինն է 233 լ. ոսկի։
2) Առեւտրական հաստատութեանց մէջ՝ 336 լ. ոսկի։
3) Փոխադրական ընկերութիւններու մէջ՝ 423 լ. ոսկի։
Փրոֆ. Զահլան կ՜ըսէ, որ B.A. ունեցող ուսանողներ դեռ եւս տարեկան 4500¬5000 լ. ոսկիով կ՜աշխատին, ինչ որ ներելի չի գտներ։ Ան կ՜աւելցնէ, որ Ամերիկա հաստատուած մասնագէտներուն երկու երրորդը պիտի ուզէր վերադառնալ Լիբանան, եթէ վստահ ըլլար, որ տարեկան 2000էն 6000 տոլար կարելի է ստանալ։
Ամերիկա կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, իրենց համալսարանական ուսումը հոն ամբողջացնող երիտասարդ լիբանանցի- ներուն մօտ, կը յանգի նոյն եզրակացութեան։
Իրական գաղափար մը տուած ըլլալու համար աշխատավարձերուն մասին, հակիրճ ակնարկ մը նետենք պետական սպասարկութեանց մէջ կիրարկուած սակերուն վրայ։
Ըստ պետական թիւ 8167 հրամանագրին, 21¬2¬1961, համալսարանական պաշտօնեայ մը, երբ գործի նոր սկսի, կը ստանայ հետեւեալ թոշակը։
505 լ. ոսկի՝ առաջին երկու տարիներուն համար, որոնց վրայ կ՜աւելնայ ամէն երկու տարին 45 լ. ոսկի։ Տասը տարի ետք, այդ յաւելումը 70 լ. ոսկի կ՜ըլլայ՝ երկու տարին անգամ մը։
Եթէ համալսարանական պաշտօնեան 46 տարի անընդհատ ծառայած է, կը ստանայ 1965 լ. ոսկի։ Այս պարագան երրորդ կարգի պաշտօնեաներուն համար է։
Եթէ ենթական երկրորդ կարգի կը պատկանի,¬ տնօրէն, սպասարկութեան պատասխանատու¬, իր թոշակը կը սկսի 730 լ. ոսկիով։ Եթէ ան առաջին կարգին կը պատկանի՝ ինչ որ է պարագան ընդհանուր տնօրէնի մը, կը սկսի 1080 լ. ոսկիով, որուն վրայ կ՜աւելնայ ամէն երկու տարին անգամ մը 100 լ. ոսկի։
Այս թոշակներուն վրայ պէտք է աւելցնել յաւելեալ գումար մը, իբրեւ վարձատրութիւն ենթակային մասնագիտութեան։
Այսպէս, երկրաչափները կը ստանան 40% յաւելում՝ առաջին ութ տարիներուն ընթացքին։ Այս յաւելումը 50% կ՜ըլլայ ութ տարի ետք։
Կրթական նախարարութեան մէջ պաշտօնավարող երկրաչափները կը ստանան 30% սկիզբը եւ 40%՝ ութ տարի ետք։
Բժիշկները, ատամնաբոյժները, դեղագործները կը ստանան 30% յաւելում։
Գ.¬ Այլ պատճառներ.¬ Բազմաթիւ այլ պատճառներ կան, որոնք քիչ թէ շատ, ուղղակիօրէն կը նպաստեն մասնագէտներու արտագաղթին։ Անոնք մօտէն կապուած են երկրին միջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային վիճակին։ Կրնանք թուել քանի մը հատը, որոնք մեզի համար կարեւորագոյնը կը թուին ըլլալ։
1) Պետական մեքենային նեխած վիճակը.
2) Գիտական հետազօտութեանց կեդրոններուն պակասը.
3) Մեծ քաղաքներու սահմանափակ թիւը։
Մասնագէտները երբեմն կը մերժեն գաւառներու մէջ աշխատիլ։ Լիբանանի բնակչութեան շուրջ 40%ը կը բնակի Պէյրութ եւ իր արուարձանները։
4) Ազգային զգացումի, քաղաքացիական պարտականութեան գիտակցութեան պակաս.
5) Միջին Արեւելքի քաղաքական անկայուն վիճակ, եւն.։
ՈՒՂԵՂՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Մասնագէտներու մեկնումը ունի օգտակար եւ միաժամանակ վնասակար հետեւանքներ։
Ա.¬ Օգտակար հետեւանքներ.¬ 1) Օտար երկիրներ գաղթողները առ հասարակ իրենց շահին մէկ մասը կը փոխադրեն Լիբանան, ուր կը դնեն կամ կը կառուցանեն շէնքեր, կը հաստատեն առեւտրական
եւ արդիւնաբերական հաստատութիւններ, եւ կամ պարզապէս խնայուած գումարները կը փոխադրեն Լիբանան գտնուող դրամատուները։ Ըստ Փրոֆ. Զահլանի, այս փոխանցումները երկրին ազգային ընդհանուր եկամուտին 10¬15% կը ներկայացնեն։ Սակայն, յստակ կերպով դեռ կարելի չէ եղած ճշդել, թէ այդ փոխանցուած գումարներուն ո՞րքանը գաղթած մասնագէտներէն եկած են եւ որքանը՝ առհասարակ գաղթող սովորական աշխատաւորներէն։
2) Անոնց մեկնումով անգործութիւնը կը թեթեւնայ, տնտեսական տագնապը կը կորսնցնէ իր սուր հանգամանքը առժամապէս եւ աշխատանքի կլիման կը դառնայ շնչելի։
Բ.¬ Վնասակար հետեւանքները.¬ 1) Նախ պէտք է տեսնենք, թէ ամէն մէկ մասնագէտ, որ իր երկիրը կը լքէ, ի՞նչ կրնայ արժած ըլլալ անոր, իր համալսարանական պատրաստութեան ընթացքին։ Ըստ Փրոֆ. Զահլանի, որ իբրեւ չափանիչ առած է ամերիկեան համալսարանի ուսանող մը, երեւան կու գայ, որ նախակրթարանի եւ միջնակարգի համար կը ծախսուի 14.700 տոլար, համալսարանի համար՝ 9.300 տոլար։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ բժիշկ մը իր երկրին ար- ժած է շուրջ 24.000 տոլար։ Իրաւաբանութեան, ինչպէս նաեւ գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ ընկերային գիտութիւններ ուսած մէկը, արժած է 18 հազար տոլար. երկրաչափ մը 19 հազար տոլար։ Եթէ այս գումարները կը բազմապատկենք ամէն տարի գաղթողներու թիւին հետ, մօտաւորապէս գաղափար մը կրնանք ունենալ, քանակական իմաստով, այն կորուստի մասին, որուն կ՜ենթարկուի երկի- րը ուղեղներու արտագաղթով։ Միայն 1967ին, 39 բժիշկներ մեկնած եւ հաստատուած են Ամերիկա։
Պետական վարժարաններու մօտ նախակրթարանի աշակերտ մը պետութեան կ՜արժէ տարեկան 250 լիբ. ոսկի, երկրորդական աշակերտ մը՝ 750 լիբ. ոսկի։ Ոչ պետական վարժարաններու մօտ այս չափանիշը աւելի բարձր է։
Ըստ Մորին Վուտհոլի, վերոյիշեալ գումարներուն վրայ պէտք է բարդել նաեւ գրքերուն եւ գրենական պիտոյքներուն ծախսերը եւ ընկերային ծախսերը։
Մակօ, այլ մասնագէտ մը, ՄԱԿին համար պատրաստած իր ուսումնասիրութեան մէջ կ՜ըսէ. թէ կարելի է գտնել թուանշաններու հիման վրայ ան կորուստը, որ երկրի մը արտադրութիւնը կրնայ ունենալ իր մասնագէտներու մեկնումով։ Նկատի կ՜ունենայ արդիւնաբերութեամբ պատրաստուած առարկայ մը։ Կը քննէ, թէ երբ ան պատրաստուած է միջակ որակ ունեցող անձի մը կողմէ, որքան ժամանակ անհրաժեշտ է զայն արտադրելու համար, եւ ի՞նչ կրնայ արժել, ապա զայն կը բաղդատէ այն պարագային հետ, երբ այդ առարկան պատրաստուէր որակեալ մասնագէտի միջոցաւ։ Կը չափէ խնայուածը եւ կը գնահատէ արտադրուած առարկային որակը։ Փրոֆ. հարպիսոն կ՜առաջարկէ նախ ճշդել երկրին մէջ գտնուող մասնագէտներուն թիւը։ Որքան բարձր ըլլայ ան, նոյնքան նուազ կ՜ըլլայ երկրին կորուստը՝ իր արտադրողական կարողութեան մէջ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Եթէ Լիբանանը անցեալին մէջ եղած է երկիր մը, ուր արտագաղթը հասած է մեծ համեմատութեանց, ան պատճառ մը չէ, սակայն, որ շարունակէ կորսնցնել հետզհետէ աւելի մեծ եւ մտահոգիչ համեմատութեամբ համալսարանական պատրաստութեան տէր գիտնական երիտասարդները՝ ուղեղները։
Մենք տեսանք այս ուսումնասիրութեամբ, որ արտագաղթը երթալով աւելի լայն ծաւալ կը գտնէ, եւ թէ մեկնողները, որոնցմէ շատ քիչեր միայն կը վերադառնան, բաղկացած են գլխաւորաբար գիտնականներէ։
Ամփոփ կերպով, այս մեկնումին առիթ տուող հիմնական պատճառները հետեւեալներն են.
1.¬ Մեր կրթական դրութեան սխալ ուղղութիւնը։ Անհրաժեշտ
են կրթական ծրագիրներու փոփոխութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը
բոլոր համալսարաններու գործակցութեան մէջ։
2.¬ Մեր աշխատանքի շուկային անկապակցութիւնը։ Մատուցուած գործերն ու պաշտօնները չեն համապատասխաներ ներկայացուած մասնագիտական վկայականներուն։
3.¬ Մեր օրավարձերու սակերուն կամայական վիճակը եւ անբաւարարութիւնը։ Անոնք որեւէ գիտական հիմք չունին։
4.¬ Ազգային եկամուտներու անարդար բաժանումը։ Անհրաժեշտ է, որ տուրքերու գանձումը կատարուի աւելի արդար եւ իրատես քաղաքականութեամբ, որուն հետեւանքով կարելի է նախակրթութիւնը բոլորովին ձրի դարձնել եւ աւելցնել թիւը թեքնիք վարժարաններուն։
Տեսանք նոյնպէս այն բոլոր վնասները, որոնց կ՜ենթարկուի Լիբանանը իր ուղեղներու մեկնումով։ Կայ նախ կորուստը անոնց կրթութեան եւ պատրաստութեան համար ծախսուած գումարներուն։ Ապա կայ կորուստը մարդկային որակեալ դրամագլուխին, որուն կարիքը ունի երկիրը իր տնտեսական զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար։ Այս վերջինները ընդունելով աղբիւրը՝ երկրին բարգաւաճման ու գործելու եւ պաշտօններու թիւի բարձրացման։
Անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը լրջօրէն զբաղի այս հարցերով։ Ան, մանաւանդ պետական աստիճանաչափով եւ սպառիչ կերպով ուսումնասիրէ հարցը իր բոլոր երեւոյթներով, եւ դիմէ անյապաղ այն բոլոր շինիչ միջոցներուն, որոնք կրնան սատարել երիտասարդ ուսանողներու երկրին մէջ մնալուն։
Այնքան ատեն, որ հիմնուինք այն իրողութեան վրայ, թէ ասոնք կը մեկնին երկրին միջոցներուն սահմանափակութեան պատճառով, եւ հետեւաբար կրնան անգործ մնալ, պիտի մնանք միշտ նոյն կացութեան մէջ եւ մեկնողներուն թիւը մեզ պիտի առաջնորդէ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վիաճկներու։ Պէտք է փոխել, աստիճանաբար, երկրին տնտեսական կառոյցը, ստեղծել գործ հայթայթող գրութիւն մը եւ շահագրգռել գիտնականները։
Այս բոլորը կը պահանջեն գիտակցութիւն եւ համագործակցութիւն՝ պետութեան, համալսարաններու ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ։