Արժանապատիւ Հայրեր,

Յարգելի ժողովականներ,

 

Սրտի խոր գոհունակութեամբ կ՜ողջունենք ժամանումը եւ ներկայութիւնը մեր մէջ Գերաշնորհ Հայր Արամ վարդապետ Քէշիշեանի որ ընդառաջելով Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովի փափաքին անյապաղ վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն ուր կը պատրաստէր իր Տոքթ. թեզը ստանձնելու համար իր նոր պատասխանատուութիւնները։

Լիբանանի թեմը ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամենակարեւոր թեմն է իր բազմաթիւ եկեղեցիներով դպրոցական ցանցով, ժողովուրդով եւ ազգային, եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններով։

Լիբանանի վերջին ցաւալի դէպքերը որոնք հիմնովին ցնցեցին զայն պատճառ դարձան որ ազգային կեանքը նաեւ խանգարուի իր խաղաղ եւ շինարար ընթացքին մէջ։ Ունեցանք շուրջ 60 մեռեալներ եւ 200 վիրաւորներ։ Բազմաթիւ եկեղեցիներ, կրթական օճախներ, բնակարաններ,  խանութներ,  արհեստանոցներ  եւ  արդիւնաբերական կեդրոններ վնասուեցան եւ կամ ամբողջովին քանդուեցան։ Այսօր երբ ազգային եկեղեցական եւ քաղաքական պատասխանատու մարմինները մեր վեհափառ հայրապետներու հովանաւորութեամբ եւ հոգածութեամբ լծուած են վերակառուցումի եւ վերակենդանութեան աշխատանքներուն աւելի քան երբեք թեմը կարիքը կը զգայ մնայուն հանգամանքով, բոլորանուէր եւ արդիւնաւէտ առաջնորդի կամ տեղապահի։

Առաջնորդական նորընտիր տեղապահ Գերաշնորհ Արամ վարդապետ Քէշիշեանը ծանօթ է կ՜ենթադրեմ ձեզմէ շատերուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, ան ընթացաւարտ է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի աստուածաբանական ճիւղէն M.A. տիտղոսով եւ ներկայիս կը պատրաստէ Ամերիկայի մէջ իր տոքթորայի թեզը։

Ան վարած է պատասխանատու պաշտօններ։ Եղած է «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի տնօրէն, ապա կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն, պաշտօն զոր կը շարունակէ տակաւին վարել։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային համագումարներու եւ ժողովներու ուր առիթը ունեցած է ներկայացնելու հայ ժողովուրդի եկեղեցական եւ մշակութային արժէքները եւ անոր ներկայ ձգտումները։

Վստահ ենք որ, շնորհիւ ակադեմական իր բարձր պատրաստութեան, իր երիտասարդական կորովին, հաղորդական  խառնուածքին եւ անձնական գնահատելի այլ արժէքներուն պիտի կարենայ լաւագոյնս արժեւորել ազգային իշխանութեան յոյսերը։

Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ արժանապատիւ տէր Վրթանէս աւագ քահանայ Թոնթեանին որ նուիրումով կատարեց ցարդ տեղապահի պաշտօնը։

Թոյլ տուէք, յարգելի ժողովականներ որ յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեմ, յանուն ազգային իշխանութեան, մեր բազմիցս երախտաւոր, հոգելոյս, Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի անմո- ռաց յիշատակին որուն ժրաջան եւ անդուլ աշխատանքներուն կը պարտինք մեծ մասամբ մեր եկեղեցիներու պայծառութիւնն ու դպրոցներու ծաղկումը վերջին շրջանին։ Արդարեւ ան սրտի ջերմութեամբ, նուիրումով եւ հայրական հոգածութեամբ վարեց Լիբանանի առաջնորդական պաշտօնը անընդմէջ, շուրջ 15 տարի։

Յարգանք իր պայծառ եւ օրհնեալ յիշատակին

Գերաշնորհ Տեղապահ Հայր,

Այս բոլոր քահանայ հայրերը եւ ազգայինները զորս կը գտնէք բոլորուած ձեր շուրջը Լիբանանի թեմի ազգային բարձրագոյն ժողովականութեան մաս կազմող եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ են որոնք հաւատարմօրէն կապուած մնացին իրենց պարտականութեան, ի հեճուկս բազմապիսի դժուարութիւններու, վերջին 2 տարիներուն եւ փորձեցին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ վառ պահել ջահը ազգային իշխանութեան։

Վստահ եմ որ անոնք իբրեւ հաւատաւոր եւ խանդավառ գործակիցներ պիտի շարունակեն իրենց օգտաշատ աշխատանքը, այս անգամ ձեր նախագահութեան ներքեւ, ի սպաս լիբանանահայ  ժողովուրդի ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային կարիքներուն։

Բարի եկաք գերաշնորհ հայր եւ յաջողութիւն ձեր արժանաւոր եւ պատասխանատու առաքելութեան։