Գերաշնորհ Սրբազան Հայր

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր

Վսեմաշուք պարոն Նախարար

Վսեմաշուք պարոն Հաւատարմատար Հայաստանի Հանրապետութեան

Յարգելի Պետական Երեսփոխաններ

Արժանապատիւ հայրեր եւ Առաքինազարդ քոյրեր

Յարգարժան հանդիսականներ

 

Թուականէս ամիս մը առաջ, հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, պատշաճ յարգանքով եւ վերանորոգ ուխտով ոգեկոչեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, հայկական մեծ եղեռնի, 79 ամեայ տարեդարձը։

Հաւաքուած ենք այսօր տօնելու համար Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 76րդ տարեդարձը եւ ոգեկոչելու յիշատակը այն հերոսներուն որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին ապրիլեան եղեռնէն ճիշդ 3 տարի յետոյ մեր պատմութեան նուիրական փառքերէն մին, Մայիս 28ը։

Ազգերու պատմութան մէջ դէպքեր ու թուականներ կան որոնք գրուած են արիւնով եւ որոնց յիշատակը կը տօնուի տարուէ տարի, տասնամեակէ տասնամեակ, դարէ դար, վերածուելու համար խորհուրդի եւ ազգային վերակենդանութեան ու գիտակցութեան անսպառ աղբիւրի։

Հայաստանի հանրապետութեան ծագումը որ կը զուգադիպի Մայիս 28ի Սարդարապատի յաղթանակին հետ, պսակումն է ազատութեան ու անկախութեան սիրոյն թափուած ծով արիւններու, անհամար զրկանքներու եւ կեանքի ու մահուան գիրկընդխառն գոյամարտին։

Ան մեր վերջին 600 տարուայ պատմութեան ազգային մեծագոյն նուաճումն է։

Ան դարերու խաւարին մէջէն անցնող եւ մեր նախնիքներէն մեզի  փոխանցուող  հայու  ազատատենչ  բնազդին վերայայտնութիւնն է։

Պատմութիւնը կը վկայէ որ ժողովուրդի մը գոյութիւնը, անոր յառաջդիմութիւններն ու նուաճումները պայմանաւորող գլխաւոր ազդակներէն մին եղած է ընտրանի տարրի մը ներկայութիւնը։

Ընտրանին անհրաժեշտօրէն ուսեալը չէ ոչ ալ հարուստը։ Ընտրանին այն է որ ունի մաքուր նկարագիր, յարգանք բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու, խոր գիտակցութիւն իր պարտականութեան ու մանաւանդ զոհողութեան ոգի։

Անոր բազկերակին կշռոյթը ճշդուած է իր ժողովուրդի սրտի զարկերուն վրայ որուն յաջողութիւններն ու նուաճումները ինչպէս նաեւ տառապանքն ու զրկանքները կը պայմանաւորեն իր հոգեկան ապրումները։

Ահա այդպիսի ընտրանիի վարակիչ օրինակով է որ հայ ժողովուրդը, անխտիր մասնակցեցաւ մայիսեան անհաւասար ճակատամարտներուն ու արեան գնով վերակերտեց, հոգ չէ թէ սահմանափակ տարածութեամբ, դարերով սպասուած ու երազուած իր ազատ ու անկախ հայրենիքը։

Արդարեւ համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին, հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր պատմութեան ամենամղձաւանջային շրջանը։

Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած թրքահայերու մասսայական ջարդերը որ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայերու կեանքը արժեցին ինչպէս նաեւ թրքահայ մտաւորականութեան տեղահանութիւնը, աքսորը ապա եւ մարդկային միջոցներով խողխողումը, Թուրքիոյ հայ բնագաւառները պարպած էին իրենց հայ բնակչութենէն։ Ամայութիւն կը տիրէր թրքահայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ։

1917 Փետրուարին ծագեցաւ ռուս յեղափոխութիւնը, որ տապալեց ցարական իշխանութիւնը եւ երկրին ղեկը յանձնեց ռուս ազատական եւ ընկերվարական տարրերու։ Ասոնք ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող ոչ ռուս ժողովուրդներուն հանդէպ որդեգրեցին ազատական քաղաքականութիւն եւ ան- ջատ պետութիւն կազմելու իրաւունք տուին միայն ֆենլանտացիներուն, լեհերուն եւ հայերուն։

Հոկտեմբեր 25, 1917ին վրայ հասաւ Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը որուն կարգախօսն էր «Անմիջական զինադադար»…

Վար առնուեցան ազատական տարրերը։

Էրզրումի ճակատին ռուս զինուորները նետելով իրենց հրացանները փախան  դէպի  տուն,  քայքայման  վիճակի  մէջ  ձգելով Կովկասի ռուս բանակը որ գրաւած էր թրքահայաստանի մէկ մասը։ Ռուս բանակին կազմալուծումէն յառաջ եկած քաղաքական եւ զինուորական այս պարապութեան իբր հետեւանք, Կովկասի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները մերժեցին յարիլ այդ նոր իրաւակարգին եւ ստեղծեցին Անդրկովկասեան ժամանակաւոր կառավարութիւն (Սէյմ) բաղկացած վրացիներէ, հայերէ եւ ազրպէյճանցիներէ։ Հայերն ու վրացիները կ՜ուզէին ժամանակաւոր կերպով կապուած մնալ Ռուսիոյ, դաշնակցային կապերով։

Անդրկովկասեան առժամեայ կառավարութիւնը ռուսական բանակի մնացորդներով եւ իր սեփական միջոցներով կ՜ուզէր բանակ մը ստեղծել որ կարենար պահել թրքական ճակատը։ Դժբախտաբար ազրպէյճանցիները մերժեցին կռուիլ իրենց ցեղակից թուրք եղբայրներուն դէմ։

Ռուսական բանակին մէջ գտնուող 150.000 հայ զինուորներէն ոմանք մեռած էին եւ ուրիշներ ցրուած։ Անոնցմէ կարելի եղաւ միայն 35 հազար հոգինոց բանակ մը յառաջացնել որ պիտի պաշտպանէր թրքահայաստանի ճակատը 400 ք.մ. տարածութեան վրայ։

Դաշնակից բանակները հասած էին Պաղտատ եւ կը հաշուէին 400.000 զինուոր։ Դժբախտաբար անոնք չկատարեցին իրենց պարտականութիւնը շփում չի պահելով հայերուն հետ Վանի վրայով։ Այսպէսով հայ բանակի վրայ մնաց կռուի ամբողջ ծանրութիւնը։

Թուրքերը օգտուելով ստեղծուած կացութենէն ուզեցին ոչ միայն   վերագրաւել   ռուսական   բանակներու   տիրապետութեան տակ գտնուող   թրքահայաստանի   հողամասերը   այլ   եւ առաջնորդուելով երիտասարդ թուրք ղեկավարներու համաթուրանական երազով, ծրագրած էին գրաւել նաեւ արեւելեան Հայաստանը եւ միանալ իրենց ցեղակից Ազրպէյճանին։ Այս հեռանկարով իրենց լաւագոյն զօրաբաժինները կեդրոնացուցած էին այս ճակատին վրայ։

1918 Փետրուար 17ին անոնք գրաւեցին Էրզրումը։ Ապրիլ 15ին ինկաւ Կարսը։ Թուրք բանակները կատաղի յարձակումներով կը յառաջանային դէպի Ալեքսանդրապոլ (այսօրուան Կիւմրին) աւերելով եւ մոխրակոյտի վերածելով իրենց ճամբուն վրայ հանդիպած բոլոր հայ գիւղերը։ Ալեքսանդրապոլի գրաւումէն վերջ, անոնք իրենց լաւագոյն զինուորականներէն Վէհիփ փաշայի հրամանատարութեամբ ուղղուեցան երեք թեւի վրայով դէպի Երեւան։

Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի անկումէն յետոյ յուսահատական վիճակ կը տիրէր Արարատեան դաշտի մէջ։ Երկիրը լեցուած էր բազմահազար գաղթականներով որոնք թափուած էին գիւղերու եւ քաղաքներու ճամբաներուն վրայ։ Պարենաւորման տագնապը հետզհետէ կը սաստկանար եւ համաճարակ հիւանդութիւնները սկսած էին աւեր գործել։

Այս պայմաններու մէջ թուրքերու ընդհանուր յարձակումը յառաջ բերաւ աննկարագրելի իրարանցում եւ սարսափ։ Դիմադրութիւնը շատերուն կը թուէր անհնարին եւ բնակչութիւնը կը պատրաստուէր փախուստի։ Բայց ո՞ւր  փախչիլ։  Թիֆլիսի  եւ Պագուի ճամբաները թուրքերու ձեռքն էին ինկած։ Շարուր-Նախիջեւանը նոյնպէս   մահմետականներու ձեռքն էր։ Իսկ հարաւէն եւ արեւմուտքէն կը յառաջանար թուրք բանակը։

Վրացեան կ՜ըսէ. «Այս պայմաններու մէջ փախուստը հաւասար էր մահուան ինչպէս եւ անձնատուր ըլլալը։ Ելք չկար։ Ելքը դիմադրութիւնն էր, կռիւը։ Քանի որ մահը անխուսափելի է, գէթ պատուով մեռնիլ։ Մահ կամ ազատութիւն, ուրիշ փրկութիւն չկար»։

Էրզրումի անկումէն վերջ, ժողովուրդը դիմած էր Արամ Մանուկեանին եւ զայն հռչակած Տիքթաթօր։ Քաղաքի զօրամասերը երդում ըրած էին հնազանդիլ իրենց նոր Տիքթաթօրին։ Այնուհետեւ Արամը ստանձնած էր ու ձեռնհասութեամբ կը վարէր Արարատեան դաշտի հայ ժողովուրդի ճակատագիրը։

Յեղափոխական մարտերու մէջ թրծուած դաշնակցական ղեկավար, վճռակամ եւ ուժեղ կամքի տէր, ան իր լայն ժողովրդականութեամբ եւ կենսունակութեամբ կրցաւ զօրաշարժի ենթարկել Արարատեան դաշտի մէջ գտնուող ողջ հայութիւնը որ սպարապետ Նազարբէկեանի եւ զօրավար Սիլիկեանի սրտառուչ կոչերուն անսալով գնաց ճակատ թշնամւոյն դէմ կռուելու։

Ծեր, երիտասարդ, պատանի, կին, օրիորդ, հոգեւորական թէ աշխարահական բոլորն ալ միատեղ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի վազեցին ճակատ ուր կատարելիք ունէին։

Լինելու ու չլինելու պահը հնչած էր հայութեան համար։ Լըքուած վրացիներէն եւ ազրպէյճանցիներէն ինչպէս նաեւ դաշնակիցներէն, հայերը մնացած էին առանձին ու կը մղէին կենաց ու մահու կռիւ որմէ կախում ունէր իրենց ազգային գոյութիւնը։ Եթէ պարտուէին մայիսեան կռիւներուն գուցէ մենք դադրէինք ազգ մնալու իրականութենէն։

Հայը զգաց անէացումի սարսուռը եւ վճռեց մարդկօրէն ապրիլ եւ կամ մեռնիլ։ Անոր ազատատենչ ոգին խլրտաց իր մէջ։

Հայոց բանակը ազգային դրօշի ներքեւ, շուրջ 12.000 հոգի, Մայիս 21-29 տեղի ունեցաւ կատաղի ճակատամարտներ թուրք աւելի քան 35 հազար հաշուող թարմ ոյժերուն դէմ որոնց կը միանային նաեւ թուրք եւ քիւրտ խուժանները։

Ամէնէն կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցան կ՜ը- սէ Խատիսեան երկու ճակատարմաներ՝ Սարդարապատի  մէջ  Մայիս 24-29 եւ Ղարաքիլիսայի մէջ Մայիս 25-29։ Սարդարապատի հերոսներն էին Դրօ եւ Զօր. Սիլիկեան։

Զրահուած երկաթեայ կամքով եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատքով, Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի եւ Սարդարապատի մէջ, հայ կտրիճները ցոյց տուին այնպիսի դիմադրութիւն զոր կարելի չեղաւ խորտակել եւ պատմութեան վճիռը փոխուեցաւ ի նպաստ հայութեան։ Թուրքերը ջախջախուած փախուստի դիմեցին եւ հայ հեծելազօրքը հալածեց զանոնք մինչեւ Ալեքսանդրապոլ։

Երեւանը փրկուած էր։ Փրկուած էր նաեւ հայութիւնը։ 1918 Մայիս 28ի Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակի  օրն իսկ, Թիֆլիսի մէջ, Ազգային Խորհուրդը որոշեց յայտարարել Հայաստանի  անկախութիւնը  եւ  հաշտութեան  պատուիրակութիւն  ղրկեց Պաթում։

Թէպէտեւ Հայաստանի անկախութիւնը ազգային խորհուրդի կողմէ Մայիս 30ին յայտարարուեցաւ, անոր ծագումը սակայն տեղի ունեցաւ Մայիս 28ին։

Նախապէս արդէն Անդրկովկասեան առժամայ կառավարութիւնը (Սէյմը) լուծուելու վրայ էր։ Վրաստանը միակողմանի կերպով Մայիս 26ին յայտարարած էր անկախութիւն։ Ազրպէյճանը նոյնը ըրած էր Մայիս 27ին։

Մայիս 30ին Օսմանեան եւ Հայկական պատուիրակութիւններուն միջեւ սկսուած բանակցութիւնները վերջացան Պաթումի դաշնագրով որ ստորագրուեցաւ Յունիս 4ին։

Համաձայն այդ դաշնագրին թուրք կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնար հայկական նոր պետութիւնը։ Առաջին միջազգային դաշնագիրն էր այդ զոր կ՜ստորագրէին անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչները։

«Տուեալ պայմաններու տակ, կ՜ըսէ Վրացեան, ազատ եւ անկախ Հայաստանի մը իրականացումը հրաշքի համազօր երեւոյթ էր»։

Ալեքսանդր Խատիսեան որ կը նախագահէր հայկական պատուիրակութեան, Պաթումի դաշնագրի առիթով կատարուած բանակցութեանց ընթացքին, կը մէջբերէ թուրք պատուիրակութեան պատասխանատուներուն ցեղապաշտ արտայայտութիւնները ու կ՜ըսէ. «Այստեղ Վէհիփ փաշայէն ու Խալիլ պէյէն լսեցինք շատ մը բաներ որ այսօր ալ վաղն ալ առաջնակարգ նշանակութիւն պիտի ունենան հայ ժողովուրդի բախտին համար։ Ցոյց տալով քարտէսը եւ նկարագրելով թրքական ձգտումները Վէհիփ փաշան ըսաւ.-

«Դուք կը տեսնէք որ ճակատագիրը կը քաշէ Թուրքիան արեւմուտքէն արեւելք։ Մենք հեռացանք Պալքաններէն, կը հեռանանք նաեւ Ափրիկէէն, բայց մենք պէտք է տարածուինք դէպի արեւելք։ Հոն է մեր արիւնը, մեր կրօնքը ու լեզուն եւ անիկա տարրերային ձգողութիւն ունի։ Մեր եղբայրները Պագու, Տաղստան, Թուրքիստան եւ Ազրպէյճան են։ Մենք պէտք է ճամբայ ունենանք դէպի հոն եւ դուք հայերդ կանգնած էք մեր այդ ճամբուն վրայ։ Պահանջելով Վանը դուք կը փակէք մեր ճամբան դէպի Պարսկաստան։ Պահանջե- լով Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը դուք արգելք կ՜ըլլաք մեզի իջնելու Քուրի հովիտը եւ երթալու Պագու։ Ղարսն ու Ախալքալաքը կը

փակեն մեր ճամբան դէպի Ղազախ ու Գանձակ։ Դուք պէտք է մէկ կողմ քաշուիք եւ մեզի ճամբայ տաք։ Ահա թէ ուր է մեր հիմնական վէճը…»։

1919 Մայիս 28ին հայկական խորհրդարանը հռչակեց միացեալ եւ անկախ Հայաստանի պատմական աքտը։

Թէպէտեւ քաղաքական դէպքերու նպաստաւոր դասաւորումը մեծ դեր ունեցաւ այս բոլորին մէջ, այսուհանդերձ այդ հրաշքը չէր կրնար իրականանալ եթէ ազատատենչ հայութիւնը վճարած չըլլար անոր գինը։

Հայ ժողովուրդի երեք հազարամեայ պատմութեան մէջ մէկէ աւելի անգամներ պատահած են նման երեւոյթներ։

Արդարեւ ազատատենչ ժողովուրդները միշտ ձգտած են իրենց ազատութեան եւ անկախութեան։

Ազգեր ու ժողովուրդներ չեն կորսուիր երբ գիտեն նուիրուիլ, կռուիլ ու եթէ հարկ ըլլայ մեռնիլ հայրենիքի ազատութեան համար։ Կը կորսուին այն ժողովուրդները որոնք կը վախնան մահէն։ Կ՜ապրին անոնք որոնք կ՜արհամարհեն զայն։

Իր վերջին թագաւորին մահէն 525 տարի յետոյ, հայ ժողովուրդը մոխիրներու եւ աւերակներու տակէն յարութիւն կ՜առնէր եւ կը կերտէր իր պետականութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ։

Ան տէր էր իր ճակատագրին ինչպէս բոլոր ազատ երկիրները եւ իր զաւակներուն հաւաքական ճիգերով ու զոհողութիւններով կը լծուէր շինարար աշխատանքի ստեղծելու համար հոգեկան եւ ֆիզիքական այն բաղձալի մթնոլորտն ու գոյավիճակը որոնց շնորհիւ պիտի կարենար ազատ ապրիլ, պահպանել իր հարազատ ինքնութիւնը, զարգացնել իր ինքնուրոյն մշակոյթը համաձայն իր առանձնայատկութիւններուն բերելով այսպէս իր դրական մասնակցութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան ծաղկումին։

Շուրջ 600 տարուայ ստրկութենէն յետոյ, Հայաստանի նորակերտ հանրապետութեան հիմնադիրները, տակաւին սուրը իր պատեանին մէջ չդրած, կը գտնուէին նոր ու հրատապ հրամայականներու առջեւ։ Անոնք գերմարդկային միջոցներով, կրցան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ յառաջացնել պետական կառոյցք եւ կազմակերպել բանակ, ապահովեցին ժողովուրդին կեանքը եւ ինչքը եւ մանաւանդ լծուեցան սովի եւ համաճարակի առաջքը առնելու անյետաձգելի աշխատանքին։

Անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը այս բոլոր մտահոգութիւններուն մէջ չմոռցաւ մտքի լուսաւորութիւնը եւ մշակոյթը։ Հիմնեց պետական համալսարան մինչեւ իսկ պետական երաժշտանոց։

Նորաստեղծ պետութիւնը ունեցաւ իր դիւանագիտական ներկայացուցիչները աշխարհի չորս ծագերուն վրայ եւ ազգային դրօշակը սիգապանծ ծածանեցաւ այլ տէրութիւններու դրօշակներու կողքին, հպարտութեամբ լեցնելով արտասահմանի հայութեան կուրծքերը։

Հայրենիքի կառուցումը քայլ առ քայլ կը զարգանար ֆիզիքական, մարդկային, մշակութային, տնտեսական, զինուորական եւ քաղաքական բնագաւառներուն մէջ։

Շնորհիւ օրուայ լուսամիտ, հեռատես եւ յանդուգն պետական պատասխանատու անձնաւորութիւններուն, Հայաստանի հայ ազգաբնակչութիւնը հասաւ իր բնակիչներու թիւին 85% համեմատութեան, բան մը որ ապագայի աննպաստ իրադարձութիւններու պարագային պիտի ապահովէր ազգային գոյատեւումը։

Այնուհետեւ միջազգային քաղաքական դէպքերը գահավէժ ընթացք առին։

10 Օգոստոս 1920ին դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրին յօդուած 88ով Հայաստանը իրաւականօրէն կը դառնար անկախ պետութիւն եւ անոր սահմաններուն ճշդումը կը ձգուէր Ամերիկայի նախագահ Վիլսընին որ զայն պաշտօնապէս  յայտարարեց  Նոյեմբեր  22ին։  Դժբախտաբար  սակայն գործնական գետնի վրայ չգործադրուեցաւ։ Ոչ միայն չկիրարկուե- ցաւ այլ կարգ մը դաշնակիցներու օգնութեամբ աւերակներու տա- կէն բարձրացող նոր Թուրքիան մերժեց ճանչնալ զայն եւ զէնքի դիմեց նորաբողբոջ Հայաստանի հանրապետութեան դէմ իր հողային պահանջքներուն գոհացում ստանալու դիտաւորութեամբ։

Սեւրի դաշնագիրը մնաց մեռեեալ գիր եւ անոր յաջորդող Լոզանի դաշնագիրը կնքուած Թուրքիոյ եւ դաշնակիցներու միջեւ, 24 Յուլիս 1923ին, ոեւէ յիշատակութիւն չունենալէ զատ Հայաստանի հանրապետութեան կապակցութեամբ   նոյնիսկ   հայկական   օճախի մը գոյութեան մասին ակնարկութիւն չ՜ընէր։ Քանի մը յօդուածներ միայն կը յիշուին Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութիւններուն առընչութեամբ։

Փաստօրէն կ՜ըսէ, Ժան-Բիէր Ալէմ, Հայաստանի պատմութեան նուիրուած իր գրքին մէջ, դաշնակիցները, առաջնորդուած շահադիտական նպատակներով, լքած էին երեկուայ իրենց փոքրիկ դաշնակիցը ինչպէս արդէն կը վկայէ Անգլիացի Լորտ Քըրզըն (Curzon), իր իսկ բեռնով, երբ կ՜ըսէ թէ «Մոսուլի քարիւղը աւելի կշռած էր քան հայ արիւնը»։

Ապա Հայաստանը՝ մէկ կողմէ թուրք բանակներու եւ միւս կողմէ համայնավար Ռուսիոյ բանակներու ճնշումին տակ, կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ Մայիս 28 դարձաւ պատմութիւն։

Ան դարձաւ անցեալ, բայց անոր յիշատակը մնաց ամէն մէկ հայու էութեան հետ շաղախուած կենդանի իրականութիւն եւ խիզախ ներշնչումներու ու ազգային գիտակցութեան անսպառ աղբիւր։

Գնաց անկախութիւնը բայց մնաց հայ պետականութիւնը, հայրենիքը ուր հայը ի հեճուկս իր վրայ ծանրացող սովետական ճնշիչ լուծին, շէնցուց իր գիւղերն ու քաղաքները եւ լուսաւորեց զանոնք իր հանճարեղ մտքի ճառագայթումով։

Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման եւ հայ անկախ պետականութեան կերտման պատմական տուեալները մեզ կ՜առաջնորդեն հետեւեալ խորհրդածութեանց.-

1) Սարդարապատի յաղթանակը որուն շնորհիւ ազգային խորհուրդը կրցաւ որոշել Հայաստանի հանրապետութեան ծագումը զուտ հայու գործ է։ Օտարը ոչ մէկ դեր ունեցած է անոր մէջ եւ իբրեւ այդ ան կը պատկանի համայն հայութեան։

2) Ան ազգային միացեալ կամքի եւ հաւաքական պայքարի բուռն արտայայտութիւն եւ արդիւնք է։ Հայ ժողովուրդը միակամ կրցաւ ծառանալ իր դարաւոր թշնամիին դէմ եւ իր պատմութեան

ճակատագրական մէկ վայրկեանին երբ կենաց ու մահուայ հարց կար, իր անխորտակելի կամքով շրջեց պատմութեան ընթացքը։

3) Հայաստանի հանրապետութեան ծագումը ամբողջական նուիրումի արդիւնք է։ 1918ի ճակատամարտներուն ինչպէս նաեւ անոր նախորդող տասնամեակներուն, հայը բերաւ գերագոյնը, իր զոհողութեան, տուաւ իր կեանքը որպէսզի իրականանան իր դարաւոր երազները։

4) Մայիս 28ը հայութեան տուաւ ազգային պետականութիւն, հայ ազգաբնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեաամբ հայրենիք մը եւ մեր ազգային ու քաղաքական ձգտումներուն համար մնայուն, հիմնական եւ ամուր կռուան մը։

5) Մեր ներկայ հայրենիքը որ սովետական իրաւակարգի փլուզումէն յետոյ թօթափեց համայնավար լուծը 1991ին եւ նոյն տարուայ 21 Սեպտեմբերին վերագտաւ ուրոյն պետականութեամբ իր ազատ ու անկախ գոյավիճակը, իր գոյութիւնը կը պարտի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսներուն։

Պետական պատասխանատուները պաշտօնապէս ճանչնալով իբրեւ պատմական իրողութիւն 1918 Մայսի 28ին հռչակուած ազատ եւ անկախ Հայաստանը եւ որդեգրելով եռագոյն դրօշակը իբրեւ պետական դրօշ գովելի իմաստութիւնը ունեցան ներկայ գոյավիճակը կամրջելու նախահամայնավար շրջանին, առաջին անկախ հանրապետութեան հետ, զայն նկատելով ուղիղ շարունակութիւնը անոր։

Անգամ մը եւս կրկնուեցաւ հայու փրկարար հրաշքը եւ հայ ժողովուրդը հրճուանքով ու ցնծութեամբ ողջունեց ազատագրուած իր ազատ ու անկախ հայրենիքը եւ գրակաբաց դիմաւորեց անոր դիւանագիտական ներկայացուցիչները արտասահմանի մէջ։ Նորանկախ Հայաստանը ունեցաւ իր ներկայացուցիչը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս եւ հայ երագոյնը, սկսաւ արդարօ- րէն ծածանիլ այլ անկախ տէրութիւններու դրօշակներու կողքին հպարտութեան անվերապահ զգացումով տոգորելով բոլոր հայերուն սրտերը։

Սփիւռքի հայութիւնը որ «ամբողջական հայութիւն, ամբողջական հայրենիքի մէջ» լոզունգը իրեն համար նուիրական կարգախօս կը նկատէ, հոգեպէս կապուած զգալով մայր հայրենիքին, կ՜ապրի իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացի զինքը հիւրընկալող երկիրներուն մէջ։

Անիրաւուած եւ խորապէս վիրաւորուած մեծ պետութիւններէն, առանձնացած միջազգային քաղաքական բեմի վրայ, ան կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր ազգային արդար իրաւունքներուն եւ անբռնաբարելի եւ անժամանցելի դատին։

Իր պատմութեան դառն փորձառութիւնը սորվեցուցած է իրեն որ օտարներէն չկայ յոյս։ Միջազգային քաղաքական յարաբերութիւնները կը մշակուին հիմնուելով փոխադարձ շահերու վրայ եւ քաղաքական կեանքի մէջ չկան մնայուն բարեկամութիւններ։

Ան սորված է նաեւ որ ժողովուրդ մը իր անհատականութեան մէջ պէտք է փնտռէ ու գտնէ անհրաժեշտ հոգեկան ոյժն ու կորովը յաղթահարելու համար իր գոյութեան սպառնացող վտանգները եւ վերապրելու համար իր էութիւնը ցնցող փոթորիկներէն յետոյ։

Ու ան կը հաւատայ, պատմութիւնը վկայ, որ ոչ մէկ ժամանակ ոչ մէկ ժողովուրդի պատմական արդար իրաւունքները տեւականօրէն ոխնակոխ կ՜ըլլան այնքան ատեն որ այդ ժողովուրդը գիտէ յամառօրէն կառչիլ անոնց, դիմադրել ու դառնալ ատակ խոյանքներու եւ նուիրումի։ Աշխարհի ներկայ վիճակը ցոյց կու տայ այդ պատկերը։ Մեր ժամանակակից պատմութիւնն ալ հարուստ է գաղափարապաշտ, մտաւորական եւ մարտական երիտասարդութեան նուիրումով ի խնդիր մեր պատմական իրաւունքներու ճանաչման եւ իւրացումին։

Արդարեւ ժողովուրդն է որ պատմութիւն կը կերտէ սերունդէ սերունդ, դարէ-դար։

Այսօր ալ Արցախի հերոսական գոյամարտը, լինելու կամ չլինելու, անոր օրհասական պայքարը լաւագոյնս երեւան կը բերեն մեր ժողովուրդին արհաւական մարտունակ ոգին եւ 1918ի մայիսեան կռիւներու ոգեշնչող օրինակը ընդդէմ թշնամիներու որոնք հաւատարիմ իրենց համաթուրանական ծրագիրներուն կը փորձեն ամէն միջոցներով կուլ տալ խաղաղ ժողովուրդի հայրենական ու պատմական հողերը։ Սա պատմութեան անյեղլի օրէնքն է որ կը կրկնուի դժբախտաբար 75 տարի յետոյ նոյն դերակատարներով։

Մայիս 28ի արիւնով գրուած եւ մեզի փոխանցուած կտակը ծանր այլ վեհ յանձնառութիւն մըն է մէն մի հայու վզին։

Խուսափիլ այդ յանձնառութենէն կը նշանակէ ուրանալ մեր ինքնութիւնը, մեր անցեալը։ Կը նշանակէ անգիտանալ այն վսեմ իտէալը որուն համար մեր բոլոր նահատակները զոհուեցան, կը նշանակէ մեռցնել ազատատենչ այն ոգին որուն պահպանման համար սերունդներ ամբողջ մաքառեցան։

Այս յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ գիտակցութիւն զոր պարտինք վերանորոգել մեր խղճին մէջ եւ դարձնել մնայուն ներկայութիւն։ Ան պէտք է ըլլայ հաւատք որուն ներզօր եւ մղիչ ազդեցութեան ներքեւ պարտինք լարել մեր բոլոր ոյժերը եւ դնել զանոնք ի սպաս  մեր  հայրենիքին  եւ  ազգային  գերագոյն  շահերուն։  Վերջապէս ան պէտք է ըլլայ հաւաքական ինչպէս կտակը, ինքը, կը պատկանի համայն հայութեան։

Եթէ կ՜ուզենք յաջողիլ մեր ազգային ձգտումներուն մէջ, պէտք է գիտնանք հեռու կենալ ուծացումի, քաղքենիացումի եւ անտարբերութեան հետզհետէ տիրապետող եւ կործանարար ազդեցութիւններէն ու զօրացնենք մեր հայրենի պետութիւնը, ամրապնդենք անոր ազատութիւնն ու անկախութիւնը ազգային միութեան շաղախով, զայն դարձնենք անսասան ժամանակի յորձանուտներուն դէմ,  որպէսզի  ան կարենայ  կուրծք  տալ մեր  գոյութեան սպառնացնող ամէն տեսակի վտանգներուն։

Արդարեւ տիրող քաղաքական անորոշ ու բարդ կացութիւնը տնտեսական դժնդակ պայմանները ինչպէս նաեւ Մայիս 28ի կտակը կը թելադրեն որ հայ ժողովուրդը մէկ սիրտ, մէկ հոգի, հաւաքաբար տէր կանգնի իր ճակատագրին ինչպէս էր պարագան 1918 Մայիս 28ին եւ միասնական ոգիով լծուի շինարար աշխատանքի ու ծաղկեցնէ իր հայրենիքը շարունակելով հանդերձ հետապնդել յարմարագոյն եղանակով հայու պատմական իրաւունքները։

Ահա այն ատեն մեր դարաւոր երազները, կը դառնան գօտեպնդիչ իրականութիւն եւ հայ ժողովուրդը կը հասնի իր իտէալին, իրաւ յաղթանակին ի գոհունակութիւն եւ ի հրճուանս յատկապէս մայիսան ճակատարմատներուն պատուոյ դաշտին վրայ նահատակուած ինչպէս նաեւ մեր ազատագրական պայքարին զոհ գացած յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներու հոգիներուն։

Յարգանք մայիսեան նահատակներուն եւ ազատ ու անկախ հայրենիք կերտող ռահվիրաներու խնկելի յիշատակին, որոնք պիտի մնան առ յաւէտ առասպելական դէմքեր հայոց պատմութան մէջ ու դառնան նոր սերունդներու համար վերանորոգ կեանքի եւ նոր խոյանքներու առաջնորդող բոցավառ ջահեր։

Յարգանք ազատագրութեան ճանապարհին իրենց կեանքը զոհաբերած հին եւ նոր բոլոր հերոսներուն։

Փա՜ռք ու պատիւ Հայաստանի հանրապետութեան, մեր յաւերժական հայրենիքին եւ անոր հրայրքովը կենսաւորուող մեր անզուգական ժողովուրդին։

 

28-5-1994