Տնտեսական զարգացումը, որուն կը ձգտին բոլոր երկիրները, անկասկած եւ մասնաւորաբար թերաճ երկիրները, հիմնական միջոցներէն մէկն է երկրի մը ընկերային վիճակին զարգացման ու կեանքի մակարդակի բարձրացման։ Ան յառաջ կը բերէ եկամուտներու յաւելում, որ իր բնական անդրադարձը կ՜ունենայ ժողովուրդին գնելու, ծախսելու կարողութեան վրայ. առիթը կ՜ընծայէ անոր օգտուելու գիտութեան նուաճումներով ձեռք ձգուած այն բոլոր սարքաւորումներէն, որոնք կոչուած են կեանքի պայմանները բարելաւելու եւ զայն մասնակից կ՜ընէ աւելի մեծ տարողութեամբ այլ կարգի հաճոյքներու։
Անցեալի պատկերը բաւական պերճախօս է՝ բացատրելու համար այս գրութիւնը։ 19րդ եւ 20րդ դարու տնտեսական աճումները առիթ տուին աշխատավարձերու բազմապատկման եւ կեանքի մակարդակի հիմնովին բարձրացման։ Սակայն ստեղծուած նոր կացութիւնը զարգացուց անհատներու մօտ նոր ձգտումներ, յառաջ բերաւ նոր պահանջներ եւ հետեւաբար պետութիւններուն ուշադրութեան յանձնեց մարդկային նոր հարցեր, որոնց լուծումէն՝ միմիայն տնտեսական զարգացումը իր ներկայ եղանակով, բաւարար չի նկատուիր։

Նկատի առնուած է, որ տուեալ որեւէ տնտեսական կացութեան եւ ժողովուրդի ընկերային վիճակին մէջ գոյութիւն ունեցած է որոշ ներդաշնակութիւն մը, հաւասարակշռութիւն։ Այս հաւասարակշռութիւնը խախտած է ամէն անգամ, երբ նոր ոստում մը եղած է տնտեսական զարգացման ի նպաստ, այսինքն նոր վարկեր յատկացուած են, սարքաւորումներ եղած, մեքենակազմ եւ այլ նիւթերու մթերքներ ապահովուած այդ նպատակով։ Այդ վարկերը անտարակոյս վերցուած են նախապէս ձեռք ձգուած շահերու գումարէն, որոնք այլապէս պիտի դրուէին շրջանառութեան մէջ՝ ծախսուելու համար։ Այս պարագան շատ լաւ կը ներկայացնէ Քէյնզ, երբ կ՜ըսէ, թէ տնտեսական վարկերու համար կատարուած յատկացումը կամովին պարտադրանք մըն է աւելի սեղմ կեանքի վերադառնալու, ինչպէս նաեւ հեռացումն է ծախսերէ, այսինքն վայելքներէ, ի խնդիր հետագայ բարգաւաճ վիճակի եւ հետեւաբար բարւոք կեանքի։
Տնտեսական զարգացման համար արդիւնաբերութեան յատկացուելիք գումարները պէտք է ուրեմն, նախ գոյացնել իբրեւ դրամագլուխ, պակսեցնելով ծախսերը եւ աւելցնելով խնայողութիւնները, ապա ձգտիլ առաւելագոյն արտադրութեան, առաւելագոյն եկամուտներու հեռանկարով։

Այսպէս ուրեմն, ինչպէս կ՜եզրակացնէ Շամբիթըր, երկրի մը զարգացումը, տնտեսական եւ ընկերային կալուածներու մէջ ունի երկու գլխաւոր հանգրուաններ.
Ա) Նախ կազմել դրամագլուխը եւ զայն յատկացնել արդիւնաբերութեան,
Բ) Ապա ստեղծուած բարգաւաճ վիճակէն գոյացած եկամուտները վերաբաշխել ժողովուրդին։
Ասկէ պէտք է ուրեմն հետեւցնել, որ նախ պէտք է տնտեսական բարգաւաճում, յետոյ՝ ընկերային զարգացում։
Այսպէս եղաւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Ռուսիոյ մէջ, մինչեւ Ստանլինի մահը, տնտեսական բարգաւաճումէն բխած արդիւնքները վերաբաշխուեցան ժողովուրդին եւ այս վերջինը մնաց յարաբերաբար իր ընկերային նախկին մակարդակին վրայ, տրուած ըլլալով որ իր ծախսելու կարողութիւնը մնացած էր գերթէ անփոփոխ։ Ասիկա հետեւանք էր այն իրողութեան, որ այդ երկրին մէջ արդիւնաբերութեան եկամուտները կը յատկացուէին կա՛մ բանակին եւ կամ նոր հիմնարկներու։
Էականը սակայն կը մնայ այն՝ որ տնտեսական զարգացման համար թափուած որեւէ ճիգ կ՜ենթադրէ անխուսափելիօրէն նոր զրկանքներ ժողովուրդէն, երբ այս վերջինը քաջալերուած նախապէս իր ձեռք ձգած դիւրութիւններէն, կ՜ունենայ նոր ձգտումներ եւ նոր պահանջներ։ Նոր վարկերու գոյացումը, անոնց յատկացումը զուտ արդիւնաբերութեան, յառաջ կը բերէ վազք մը տնտեսականին եւ ընկերայինին միջեւ, որուն մէջ թերաճ մնացողը անկասկած ընկերայինն է։
Ընկերային հարցերու մասնագէտներ հարց կու տան իրարու, թէ կարելի չէ՞ արդեօք, օգտուելով անցեալի փորձառութիւններէն, որոնել նոր ձեւ մը, որդեգրել տնտեսական նոր ուղեգիծ մը, պետական չափանիշով, ուր ընկերայինը զուգահեռաբար աճի եւ զարգանայ տնտեսականին հետ. այսինքն, երբ վարկեր կը յատկացուին տնտեսական վերելքին, յատկացնել միեւնոյն ատեն այլ վարկեր ընկերային զարգացման։ Այս տեսութիւնը մասնաւորաբար օգտակար կրնայ հանդիսանալ թերաճ երկիրներուն, որոնք զարգացումի ընթացքին մէջ են։
Սակայն պէտք է նախ սահմանել ընկերային զարգացումը։
Գիտնանք թէ ինչ պէտք է հասկնալ ընկերային զարգացում ըսելով։ Հեղինակները այս մասին տարակարծիք են անոր համար՝ որ տնտեսականն ու ընկերայինը շատ մօտէն աղերս ունին իրերու հետ եւ անոնց ընդգրկած կալուածները տեղ տեղ կը նոյնանան։ Այսուհանդերձ, ըստ Բոնսիոնի, որ կը համադրէ զանոնք, «Երբ տնտեսական զարգացումը կը նպաստէ աշխատանքի արտադրողական կարողութեան, ընկերային զարգացումը ի մտի ունի.
1) Ժողովուրդին ծախսելու կարողութիւնը աւելցնել,
2) Ապահովել ամէն անհատի այն՝ ինչ որ կը նկատուի անոր կողմէ իբրեւ կենսական պահանջ,
3) Կատարել եկամուտներու վերաբաշխումը աւելի մեծ արդարութեամբ,
4) Եկամուտները ծախսել աւելի մարդկային պահանջներուն
գոհացում տալու համար, օրինակ, կրթութեան, բնակարանին, առողջապահութեան, մշակոյթի տարածման եւայլն…
5) Իրագործել մարդկային աւելի գոհացուցիչ յարաբերութիւններ, ըլլան անոնք անհատական թէ հաւաքական»։
Այս նոր տեսութեան մասնագէտները կը մեկնին այսն իրողութենէն, թէ արդիւնաբերութեան մէջ, դրամագլուխը, նիւթը գործին յառաջդիմութեան միակ մղիչ ոյժը եւ գլխաւոր գործօնները չի ներկայացներ, այլ կայ նաեւ մարդկային դրամագլուխը, զոր նոյնպէս պէտք է զարգացնել եւ որուն վրայ գուրգուրալ։ Վերջին հաշուով, նիւթական դրամագլուխը մեծ բան պիտի չարժէր առանձին, եթէ գոյութիւն չ՜ունենար զայն արժեւորող մարդը, իբրեւ մտածում եւ մղիչ ոյժ։
Արդիւնաբերութեան մէջ, նկատուած է, առնելով Ամերիկան եւ Նորվեկիան իբրեւ օրինակ, որ 55 տարուան ընթացքին, երբ դրամագլուխը աճած է 1% համեմատութեամբ, ձեռք բերուած արդիւնքը աճած է նոյնպէս 0,30 առ հարիւր, իսկ երբ աշխատանքի ոյժը աճած է 1%, արդիւնքը աւելցած է 0,70%։ Այս պարագային, երբ աշխատանքը աւելի լաւ կազմակերպուած է եւ ղեկավարուած մասնագիտօրէն, աճումը եղած է 1,80%։ Այս համեմատութիւնները ցոյց կու տան որակեալ անհատին դերը արդիւնաբերութեան մէջ։
Շատ մը հեղինակներու համար, ուսումը, իբրեւ դրամագլուխ, իր կարգին կը մասնակցի արդիւնաբերութեան 10¬40% համեմատութեամբ։ 30-40% նախակրթարանի պարագային, իսկ 10-12% երկրորդականի եւ համալսարանի։
Ներկայիս մասնագէտները ի վիճակի են գիտնալու զանազան երկիրներուն դրամագլուխը ո՛չ միայն իբրեւ աշխատող ձեռք, այլ իբրեւ որակեալ գործօն տարր։ Այսպէս կ՜ըսուի, թէ Ամերիկայի մարդկային դրամագլուխը արդիւնաբերութեան մէջ 900 միլիոն տոլար է, Ռուսիոյ մէջ՝ 1100 միլիոն տոլար եւայլն։
Ուրեմն եթէ մարդը արդիւնաբերութեան կարեւոր դերակա- տարներէն մէկն է, իբրեւ մարդկային դրամագլուխ եւ իր ուսումով տնտեսութիւնը կրնայ աճիլ 10-40%, տեսնենք հիմա, թուանշաններու լեզուով, մէկդի ձգելով հարցին բարոյագիտական երեւոյթները, թէ պետութեան համար արդեօք մշակուած մարդ մը պատրաստե՞լը աւելի շահաբեր է, թէ անոր յատկացուելիք գումարներուն ուղղակի շահարկումը։
Փոլ Կլիք եւ Միլլէր իրենց ուսումնասիրութիւններով ցոյց կու տան, որ Ամերիկայի մէջ, ուսանողի մը համալսարանական ծախսերը կ՜արժեն 9000 տոլար։ Իսկ ուսանողը երբ համալսարանը աւարտէ եւ գործի ձեռնարկէ, իր ձեռք ձգած մասնագիտութիւններով, 50 տարուան ընթացքին պիտի կարենայ իր եկամուտները աւելցնել շուրջ 100 հազար տոլարով։ Մինչդեռ, եթէ այդ 9000 տոլարը ուղղակի շահարկութեան դրուէր, նոյն ժամանակամիջոցին մէջ, պիտի հայթայթէր 24.000 տոլար։ Ուրեմն, կ՜եզրակացնեն, պետութիւններուն ուշադրութեան պէտք է յանձնել այն իրողութիւնը, թէ կրթութեան համար յատկացուած դրամագլուխը անարդիւնաւէտ չէ, ընդհակառակը, աւելի շահաբեր է անհատին համար։
Մուշկին, ընկերային հարցերու այլ մասնագէտ մը ցոյց կու տայ նոյնպէս, որ եթէ Ամերիկան իր առողջապահական պայմաններով մնար այնպէս ինչպէս որ էր 1940ին, իր ազգային եկամուտները այսօր աւելի քան 1400 միլիոն տոլար պակաս եղած պիտի ըլլային, իսկ աշխատող ձեռքերը 964.000 հոգիով պակաս։
Եզրակացնելով այս բոլորը, կարելի է ըսել, որ ներկայիս մասնագէտները հետամուտ են գտնելու նոր միջոցներ, որպէսզի տնտեսական զարգացումին առնթեր կատարուի նոյնպէս ընկերային զարգացումը եւ տնտեսական զարգացումը չզրկէ մարդ անհատը իր ամենակենսական պահանջներէն։
Տնտեսական զարգացումի կողքին, պէտք է ճիգ թափել, մէկ կողմէն ժողովուրդին կրթութիւնը դիւրացնելու, անոր առողջապահական պայմանները բարելաւելու եւ բնակարանային հարցերը լուծելու, միւս կողմէ ապահովելու անոր բաւարար եկամուտ՝ որպէսզի ան կարենայ ապրիլ մարդկայնօրէն եւ ծախսել այն բաներուն համար, զորս ինք կը նկատէ իբրեւ կենսական անհրաժեշտութիւն, ըլլան անոնք ֆիզիքական պահանջներու գծով թէ հոգեկան եւ մշակութային գոհացումներու տեսակէտէն։
Այս կ՜ենթադրէ տնտեսական եւ ընկերային յատուկ քաղաքականութիւն մը, որուն մէջ պետութեան դերը կը մնայ անվիճելի։

25-05-1994