20րդ դարը կրնայ արդարօրէն նկատուիլ գիտական մեծ նուաճումներու կողքին՝ «ընկերայինի» գիտակցութեան դար։ Արդարեւ, 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ, երբ ճարտարարուեստը զարգացաւ եւ քաղաքներու բնակչութիւնը անբաղդատելիօրէն աճեցաւ, մէջտեղ եկաւ աշխատաւորներու նոր դասակարգ մը, որուն ապրուստը սերտօրէն կապուած էր այն գործարաններուն, ուր անոնք իրենք կ՜աշխատէին։ Այս վերջինները յաճախ ծայրայեղօրէն կը շահագործէին աշխատաւորները, անոնց զլանալով ամենատարրական իրաւունքներն անգամ։ Աշխատաւորը ո՛չ մէկ ապահովութիւն ունէր։ Եթէ հիւանդ ըլլար, գործէ կը զրկուէր։ Եթէ արկած մը պատահէր աշխատանքի միջոցին եւ վնասուէր աշխատաւորը, ո՛չ միայն իրեն հատուցում չէր վճարուեր, այլեւ գործէ կ՜արձակուէր։
Հապա ի՞նչ ըսել այն երկարատեւ (12էն 15 ժամ) ու դժնդակ աշխատանքի մասին, որուն կ՜ենթարկուէին անոնք՝ կարենալ քարշ տալու համար իրենց թշուառ կեանքը։ Տիրող տարապայման ու անհանդուրժելի մթնոլորտին դէմ բողոքելու համար, մեծ պոռթկումներով տեղի ունեցան գործաւորական խլրտումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք, պետական միջամտութեամբ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ որոշուեցան ընկերային ապահովութիւններ, պաշտպանելու համար աշխատաւորը արկածէ, հիւանդութեան եւ ծերութեան պարագային։ Անոնք սակայն. ժամանակի հոլովոյթին հետ հիմնաւորուեցան, ձեւ ստացան եւ նուիրագործուեցան միայն 20րդ դարու մէջ, աշխատաւորին տալով իրական ընկերային ապահովագրութիւն։
Ընկերային ապահովագրութիւնը իր արդիական ըմբռնումով սկսաւ նախ Ռուսիոյ մէջ 1923ին, Ամերիկայի մէջ՝ 1935ին, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ՝ 1945¬46ին ապա տարածուեցաւ զանազան այլ երկիրներ։
Միջին Արեւելքի մէջ ան սկսաւ Թուրքիայէն՝ 1945ին, ապա Եգիպտոսի մէջ՝ 1950ին, բարեփոխութեան ենթարկուելով 1955ին, Իրաքի մէջ՝ 1956ին եւայլն…
Լիբանանի մէջ, աշխատանքի միջազգային գրասենակի մասնագէտ Տոպերնաքի աջակցութեամբ, 1955ին, պատրաստուած էր ընկերային ապահովագրութեան նախագիծ մը, որ վերստին քննութեան ենթարկուելէ ետք, 1959ին, զանազան փուլերէ անցաւ եւ վերջապէս նուիրագործուեցաւ 26 Սեպտեմբեր 1963ին։ Ան գործադրութեան դրուեցաւ, իր ստորագրուելէն ճիշդ 18 ամիս ետք, 2 Մայիս 1965ին։
Ընկերային ապահովագրութեան լիբանանեան օրէնքը կը բաղկանայ 87 յօդուածներէ, որոնց 12ը վարչական եւ դատական մասերուն կը վերաբերին, իսկ մնացեալ 75ը բուն ապահովագրութեան։
Ա) ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ
Ընկերային ապահովագրութեան հիմնական օրկանը Սնտուկն
է։ Հոն կը վճարուին աշխատաւորներէն եւ գործաւորներէն գանձուած բոլոր գումարները եւ փոխադարձաբար, ան՝ Սնտուկը կը վճարէ բոլոր հատուցումները։
Ընկերային ապահովագրութիւնը ինքնավար սպասարկութիւն մըն է, պետական հակակշռին ներքեւ։ Զայն կը հովանաւորէ 14 հոգիներէ բաղկացած վարչական գերագոյն յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալները.
¬ Պաշտօնեաներու Համագործակցական Միութիւնը՝ 1 ներկայացուցիչով,
¬ Առողջապահական նախարարութիւնը՝ 1 ներկայացուցիչով,
¬ Եւելմտական նախարարութիւնը՝ 1 ներկայացուցիչով,
¬ Գործատէրերու արհեստակցական միութիւնները՝ 4 ներկայացուցիչներով,
¬ Աշխատաւորներու արհեստակցական միութիւնները՝ 4 ներկայացուցիչով,
¬ Հողամշակութեամբ զբաղող ձեռնարկները՝ 3 ներկայացուցիչով։
Պետական ներկայացուցիչները կը նշանակուին ուղղակի կառավարութեան կողմէ։ Գործատէրերու եւ աշխատաւորներու ներկայացուցիչները կ՜ընտրուին կառավարութեան կողմէ՝ իրեն ներկայացուած տասը հոգինոց ցանկին մէջէն։ Ներկայացուցիչ կրնան նշանակուիլ միայն անոնք, որոնք նախ լիբանանցի են, ապա տեղեակ արհեստակցական, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցերուն։ Պետական դահլիճը իրաւասու է որեւէ ատեն փոփոխութեան ենթարկելու յանձնախումբին կազմը։
Վարչական այս գերագոյն յանձնախումբին կ՜օժանդակէ 3 հոգինոց մասնագէտներու ենթայանձնախումբ մը։ Այս վերջինին պարտականութիւնն է հաշիւները քննել եւ, ելեւմտական ու մասնագիտական բոլոր հարցերը ուսումնասիրելէ ետք, տեղեկագրել գերագոյն յանձնախումբին եւ կամ տեղեակ պահել ընկերային հարցերու նախարարութիւնը։
Պետական դահլիճը կը նշանակէ նոյնպէս ընդհանուր տնօրէն մը՝ վարելու համար վարչական բոլոր գրասենեակները եւ ազգային Սնտուկին վերաբերեալ բոլոր գործողութիւնները։
Աւելցնենք անմիջապէս, որ վարչական գերագոյն յանձնախումբին անդամները անձամբ պատասխանատու են այն բոլոր վնասներուն համար, որոնց պատճառ կրնան եղած ըլլալ իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին։
Բ) ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Սնտուկը կը պաշտպանէ իր մօտ արձանագրուած աշխատաւորը, անոր կինն ու զաւակները։ Կը պաշտպանէ նաեւ անոր հայրն ու մայրը (եթէ 60 տարեկանէն վեր են), ինչպէս նաեւ քոյրն ու եղբայրները, եթէ այս վերջիններուն ապրուստը իրմէ կախեալ է։
Սնտուկը աշխատաւորը կ՜ապահովագրէ հետեւեալ չորս պարագաներուն.
1) Ընտանիքի ծանրաբեռնում.
2) Հիւանդութիւն եւ ծննդաբերութիւն.
3) Աշխատանքի արկածներ
4) Վերջ ծառայութեան
Վերոյիշեալ ամէն ճիւղ ունի իրեն յատուկ տոմարը, ուր կ՜արձանագրուին համապատասխան մուտքերն ու ելքերը։
Ընկերային ապահովագրութեան վերաբերեալ չորս ճիւղերէն կրնան օգտուիլ բոլոր աշխատաւորները, բացի պետական պաշտօնեաներէն, որոնք իրենց յատուկ օրէնքները ունին, երկրագործական աշխատաւորները եւ ծառաները։ երկրագործական աշխատաւորները կրնան սակայն ապահովագրուիլ ապագային արկածներու եւ իրենց արհեստին վերաբերեալ հիւանդութեանց դէմ, եթէ մեքենական աշխատանք կը վարեն։ Պետական այն պաշտօնեաները, որոնք քատրէ չեն, պարտաւոր են կապուիլ ընկերային ապահովագրութեան Սնտուկին։
1.¬ Ընտանիքի ծանրաբեռնում
Ամուսնացած, ինչպէս նաեւ զաւակներու տէր աշխատաւորին՝ Սնտկուկը կը վճարէ որոշ գումար մը, զոր կը կոչեն ընտանեկան յատկացում։ Այս գումարին սակը ճշդուած է պետական օրէնքով։
Այսպէս՝
Իր կնոջ համար, որ չ՜աշխատիր, աշխատաւորը կը ստանայ ամսական 15 լ.ո.։
Առաջին զաւկին համար՝ 10 լ.ս.։ Երկրորդ զաւկին համար՝ 9 լ.ո.։ Երրորդ զաւկին համար՝ 8 լ.ո.։ Չորրորդ զաւկին համար՝ 8 լ.ո.։
Այն պարագային, երբ աշխատաւորին կինը չ՜աշխատիր եւ ունի հինգ զաւակ, կը ստանայ ուրեմն առաւելագոյն չափով 60 լ. ոսկի։ Հինգէն վեր եղող զաւակներուն համար, Սնտուկը բան չի վճարեր։ Այն աշխատաւորը, որ մէկէ աւելի կին ունի, կը ստանայ միայն իր առաջին կնոջ համար։ Աշխատող կին մը, որուն ամուսինը 60 տարեկանէն վեր է եւ կամ անկարող է աշխատելու, իրաւունք ունի ընտանեկան յատկացումի, իր ամուսնին համար։
Մանչ զաւակներուն համար կը վճարուի մինչեւ 16 տարեկան։ 16էն յետոյ, եթէ անոնք իրենց ուսումը շարունակեն, վճարումը կ՜ապահովուի մինչեւ 25 տարեկան։
Աղջիկ զաւակներուն համար, Սնտուկը կը վճարէ մինչեւ 25 տարեկան։ Իսկ հիւանդ եւ աշխատելու անկարող զաւակներուն համար տարիքի սահմանում չկայ։
2.¬ Հիւանդութիւն եւ ծննդաբերութիւն
Հիւանդութեան պարագային, Սնտուկը կ՜ապահովագրէ աշխատաւորը, անոր կինն ու զաւակները, նաեւ ընտանեկան պարագաներէն ոեւէ մէկը (հայր, մայր, եթէ 60 տարեկանէն վեր են), քոյր եղբայր (եթէ տունը մնացած են ու իրենց ապրուստը կախեալ է աշխատաւորէն)։
Հիւանդը կը ստանայ բժշկական եւ դարմանական ծախսերուն 70%ը Սնտուկէն։
Հիւանդ աշխատաւորը իր հիւանդութեան պարագային կը ստանայ իր օրավարձը, համաձայն աշխատանքի օրէնքին տրամադրութիւններուն։ Ապահովագրութիւնը կը տեւէ 26 շաբաթ։ Այսուհանդերձ, այս պայմանաժամը կրնայ 52 շաբաթի բարձրանալ, եթէ ընկերային ապահովագրութեան բժիշկը յարմար դատէ զայն։
Ծննդաբերութեան պարագային, աշխատաւոր կինը 60 օրուան արձակուրդ կը ստանայ իր օրավարձին 3/4 վճարումով։ Ան ապահովագրուած է ծննդաբերութենէն առաջ եւ վերջը ստանալիք խնամքներուն, ինչպէս նաեւ ծննդաբերութեան առթած բոլոր ծախքերուն համար։
Որպէսզի հիւանդ աշխատաւորը բժշկական խնամքի եւ հատուցումի տիրանայ, պէտք է որ ան առնուազն վեց ամիս աշխատած եւ համպատասխան Սնտուկին իր մասնակցութիւնը բերած ըլլայ։
Ծննդաբերութեան պարագային, ապահովագրուած կին մը կրնայ օգտուիլ բժշկական խնամքներէն եւ հատուցում գանձել, եթէ առնուազն տասը ամիսէ ի վեր արձանագրուած է ընկերային ապահովագրութեան։
Օրէնքով, ապահովագրութեան Սնտուկը կը պարտի ամէն ամիս հրատարակել, շրջան առ շրջան, բոլոր բժիշկներուն, դեղարան- ներուն եւ հիւանդանոցներուն անունները, որոնց հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է։ Հարկ եղած պարագային, ապահովագրեալ աշխատաւորը կրնայ անվարան դիմել անոնց։ Հիւանդանոց պառկելու պարագային, եթէ հիւանդը, Սնտուկին պայմաններէն դուրս, աւելի բարձր կարգի մէջ կ՜ուզէ պառկիլ, ինքը կը վճարէ տարբերութիւնը։
Մահուան պարագային, երբ այդ մահը աշխատանքի միջոցին պատահած չէ, մահացած աշխատաւորին ժառանգորդներուն կը վճարուի 200 լ. ոսկի, իբրեւ թաղմանական ծախս։ Այս գումարը կրնայ նոյնպէս վճարուիլ այն մարդոց կամ հաստատութեանց, որոնք յանձն կ՜առնեն անոր թաղումը։
Ի՞նչպէս աշխատաւոր մը Սնտուկէն կը գանձէ բժշկական խնամքի
եւ դեղերու համար իր ծախսած գումարները։
Աշխատաւորը, հիւանդութեան պարագային, Սնտուկին կողմէ
ճշդուած բժիշկներուն կը դիմէ, անոնց ներկայացնելով Սնտուկին արձանագրութեան իր քարտը։ Բժիշկին կը վճարէ համաձայն Սնտուկի սակերուն եւ անկէ կը ստանայ համապատասխան ստացագիր։
Դեղերու պարագային, դեղարանէն կը գնէ զանոնք, կը վճարէ անոնց գինը փոխան համարժէք ծախսագինի։ Հուսկ ուրեմն իր գործատէրէն կ՜առնէ վկայագիր մը, որուն մէջ այս վերջինը կը հաստատէ, թէ ան անընդհատ վեց ամիսէ ի վեր աշխատած է իր քովը։ Ապա այս բոլոր վաւերաթուղթերը միացնելով իր գործածած դեղերու տուփերուն, կը ներկայանայ Սնտուկ, որ իր ըրած ծախքերուն 70%ը կը հատուցանէ իրեն։
3.¬ Արկածներ եւ արհեստի վերաբերեալ հիւանդութիւններ
Եթէ աշխատաւոր մը արկածի ենթարկուի, անմիջապէս անոր կը տրուի բժշկական եւ դարմանումի անհրաժեշտ խնամքը։ Հարկ
եղած պարագային, ան հիւանդանոց կը փոխադրուի։ Արկածի առաջին օրէն սկսեալ, անոր կը վճարուի իր օրավարձին կամ ամսաթոշակին 3/4ը։ Այս գումարին կէսը միայն կը վճարուի, երբ արկածեալը հիւանդանոց փոխադրուած է։
Այս կացութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այն ատեն, երբ պատասխանատու բժիշկները կը յայտարարեն, թէ ան առողջացած է (ուրեմն հարցը կը փակուի եւ ալ հատուցումի մասին չի խօսուիր) եւ կամ աշխատելու անկարող է։ Այդ պարագային՝
1.¬Եթէ արկածեալը ցկեանս չաշխատելու դատապարտուի, իր օրավարձին երկու երրորդը կը ստանայ ցկեանս, իբրեւ կենսաթոշակ։ Բաց աստի, եթէ ան յաւելեալ օգնութեան կարօտի եւ կամ իր քովը օժանդակ անձ մը պահելու անհրաժեշտութիւնը տեսնուի, անոր կը վճարուի յաւելեալ գումար մը, որ կրնայ իր օրավարձին մինչեւ կէսին հասնիլ։
2.¬ Եթէ աշխատաւորը իր աշխատանքի կարողութեան միայն մէկ մասը ցկեանս կորսնցնէ եւ եթէ այդ կորուստը իր կարողութեան 30%ին համապատասխանէ, ցկեանս կենսաթոշակ կը ստանայ, համապատասխան իր կորուստին։ Եթէ անկարողութիւնը 30%էն պակաս է, միանուագ կերպով կը ստանայ միայն երեք տարուան հատուցումին համապատասխան գումար։
3.¬ Եթէ արկածեալը մեռնի արկածի հետեւանքով, անոր ժառանգորդները կը գանձեն արկածեալ աշխատաւորին օրավարձին երկու երրորդը, իբրեւ կենսաթոշակ։ Եթէ ժառանգորդը միայն մէկ անձ է, անոր կը վճարուի վերոյիշեալ գումարին 50 առ հարիւրը։
Որո՞նք են մահացող ախատաւորին ժառանգորդները. Մահացող աշխատաւորին ժառանգորդներն են.
Ա. կարգի ժառանգորդներ՝ իր կինն ու զաւակները։
Բ. կարգի ժառանգորդներ՝ ենթակային հայրը (60 տարեկանէն վեր եւ աշխատելու անկարող), մայրը, չամուսնացած քոյրը (եթէ անոր ապրուստը իրմէ կախեալ է) եւ իր եղբայրները (եթէ աշխատելու անկարող է ու անոր ապրուստը իրմէ կախեալ է)։
Մահացողին կինը կը գանձէ ժառանգին կէսը, մնացեալ մասը կը բաժնուի հաւասարապէս, աստիճանական կարգով։
Զաւակները կը գանձեն մինչեւ 16 տարեկան եւ, դպրոց երթալու պարագային, մինչեւ 25 տարեկան, եթէ մանչ են. աղջիկ ըլլալու պարագային՝ մինչեւ 25 տարեկան։
Եթէ մահացող աշխատաւորին ժառանգորդ կինը վերստին ամուսնանայ, անոր կը վճարուի միանուագ կերպով 3 տարուան կենսաթոշակի համապատասխան գումար մը։ Օրէնքը, իր այս տրամադրութեամբ, կ՜ուզէ օգնել այրի կնոջ, որպէսզի ան վերամուսնութեան պարագային, նիւթական միջոցներ ունենայ իր ամուսնական ծախսերը հոգալու համար։
4.¬ Վերջ ծառայութեան
Սնտուկին յարած ոեւէ աշխատաւոր իր տարիներու աշխատանքին վերաբերեալ հատուցումի իրաւունքը կրնայ գանձել հետեւեալ պարագաներու.
ա) Անոր հաշւոյն պէտք է քսան տարի իր գործատէրերուն կողմէ Ընկերային Ապահովագրութեան Սնտուկին վճարում կատարուած ըլլայ,
բ) Երբ ան աշխատելու անկարողութիւնը առնուազն 50 առ հարիւր է, արգելք հանդիսանալով իր աշխատանքին եւ կամ նման այլ աշխատանք վերցնելուն,
գ) Երբ ան բացարձակապէս աշխատելու անկարող է բժշկական վկայագրի հաւաստիացումով,
դ) Երբ աշխատաւորը կին մըն է, որ կ՜ամուսնանայ,
ե) Եւ կամ 60 տարին բոլորած այր մըն է։ Կնոջ պարագային, տարիքի սահմանը 55 է միայն։
Երբ աշխատաւոր մը վերոյիշեալ պայմանները չէ լրացուցած, սակայն իր ապահովագրութնէն քանի մը տարի վերջը, բնական մահով կը մեռնի, անոր ժառանգորդներուն կը վճարուի իր աշխատած տարիներուն համապատասխան հատուցում։ Ամէն պարագայի տակ, որքան ալ քիչ եղած ըլլան աշխատաւորին ծառայութեան տարիները, վճարուելիք հատուցումը ենթակային 6 ամսաթոշակէն պակաս չի կրնար ըլլալ։ Աշխատաւոր մը իր ողջութեան կրնայ իր ստանալիք գումարին մինչեւ 15% կտակել նախընտրաբար իր ժառանգորդներէն մէկուն։
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՔԱՆԱԿԻՆ ՃՇԴՈՒՄԸ
Հատուցումի քանակը կը ճշդուի հետեւեալ ձեւով.
Վերոյիշեալ պայմաններէն որեւէ մէկը լրացնող աշխատաւորի մը կը վճարուի 1 ամսաթոշակի համապատասխան գումար ամէն մէկ տարուայ ծառայութեան համար։ Այս ամսաթոշակը գործէ իր արձակուած թուականին նախորդող ամսուան ընթացքին ստացած թոշակն է։
Եթէ պաշտօնական իր ամսաթոշակէն դուրս կը ստանայ այլ նուէրներ կամ վարձատրութիւններ, ասոնց մէկ տարուան գումարը կը բաժնուի 12ով եւ կը բարդուի իր ստացած վերջին ամսաթոշակին վրայ։
Աշխատաւոր մը, որ 60 տարեկանին հասած ըլլալով իր հատուցումի իրաւունքը կը պահանջէ, կը ստանայ առաջին 20 տարիներու ծառայութեանց հաշւոյն, ամէն մէկ տարուան համար մէկ ամսական, 20էն վեր եղող տարիներուն համար 1զ ամսական։ Այս իրաւունքը իրեն կը տրուի այն ատեն, երբ նոյնքան տարիներու համար իր գործատէրը սնտուկին վճարումներ ըրած է անոր հաշւոյն։
Եթէ աշխատաւոր մը Սնտուկին յարած թուականներուն արդէն 20 տարիէ աւելի ծառայութիւն ըրած է իր գործատիրոջ մօտ, անոր 1/2 ամսաթոշակի յաւելեալ հատուցումը կը հաշուեն իր Սնտուկին յարած թուականէն սկսեալ միայն։
2. Որո՞նք են այն պարագաները, որոնց ընթացքին աշխատաւոր մը իր ազատ կամքովը գործը կը լքէ եւ միեւնոյն ատեն առանց վերոյիշեալ պայմանները լրացուցած ըլլալու, իրեն կը վճարուի իր հատուցումի իրաւունքին մէկ մասը.
Ա. ՊԱՐԱԳԱՅ.¬ Եթէ աշխատաւորը թերավարժ (stagiaire) է հաստատութեան մը մէջ եւ առաւելագոյն 2 տարին չէ բոլորած։ Իրեն կը վճարուի իր հատուցումի իրաւունքին 1/3ը։
Երբ աշխատաւոր մը ընկերային ապահովագրութեան Սնտուկին յարած է իր ազատ կամքով ինչպէս նաեւ պաշտօնեայ մը, որ յարած է ընկերային ապահովագրութեան Սնտուկին, տակաւին մէկ տարին չէ բոլորած կ՜ուզէ լքել, անոնց կը վճարուի իրենց իրաւունքին 1/3ը միայն։
Բ. ՊԱՐԱԳԱՅ.¬ Երբ աշխատաւոր մը վերջնականապէս իր գործը կը լքէ եւ չ՜ուզեր այլ տեղ աշխատիլ ուրիշի հաշւոյն, կ՜ուզէ անձնական գործ դարձնել, հատուցումի իր իրաւունքը կը ստանայ հետեւեալ ձեւով.
50% վճարուելիք գումարէն, եթէ 5 տարիէն վար ծառայութիւն ունի։
65% վճարուելիք գումարէն, եթէ 5¬10 տարուան ծառայութիւն ունի։
75% վճարուելիք գումարէն, եթէ 10¬15 տարուան ծառայութիւն ունի։
85% վճարուելիք գումարէն, եթէ 15էն վեր ծառայութիւն ունի։
Գ. ՊԱՐԱԳԱՅ.¬ Սնտուկին յարած աշխատաւոր մը, եթէ անգործութեան մատնուի եւ պէտք ունենայ դրամի, կրնայ, եթէ առնուազն 3 տարիէ ի վեր յարած է Սնտուկին, իր հատուցումներուն հաշւոյն 3 ամսուան համապատասխան գումար ստանալ, ամէն ամիս 1/2 ամսական եւ այս՝ մէկ անգամ միայն։
3 տարիէ աւելի Սնտուկին յարած աշխատաւոր մը, եթէ տուն շինել ուզէ, կրնայ իր հատուցումի իրաւունքին կէսը քաշել Սնտուկէն, պայմանով սակայն, որ նախորդ յօդուածի տրամադրութենէն օգտուած չըլլայ։
Եթէ կարգ մը հաստատութիւններ հատուցումի գծով աւելի նպաստաւոր պայմաններ կ՜ընծայեն աշխատաւորին, այս վերջինը իրաւունք ունի օգտուելու այդ առանձնաշնորհումներէն։
Սնտուկին յարած աշխատաւոր մը ո՛չ մէկ կապ ունի իր գործատիրոջ հետ իր հատուցումներու առընչութեամբ։ Ան իր հատուցումի իրաւունքը կը ստանայ ուղղակի Սնտուկէն։
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԵՓԱԿԸ
Սնտուկը ինչպէ՞ս կը վճարէ օրինական պայմանները լրացնող աշխատաւորի մը հատուցումը։
Սնտուկը նախ կը ճշդէ, վերոյիշեալ բացատրութիւններուն հիման վրայ, աշխատաւորին հատուցումի իրաւունքը։ Ապա կը գումարէ անոր հաշւոյն զանազան գործատէրերու կողմէ Սնտուկին վճարուած մասնավճարները։
Երկու պարագաներ կրնան ներկայանալ։
ա) Աշխատաւորին վերջին թոշակը բարձր ըլլալով իր նախորդ թոշակներէն, եթէ Սնտուկ հաւաքուած գումարը ենթակային պահանջքէն վար ըլլայ, վերջին գործատէրն է որ պարտաւոր է վճարելու տարբերութիւնը որմէ կը զեղչուի, սակայն, այն տոկոսը (5%), որ աշխատաւորին հատուցումներու հաշւոյն Սնտուկ վճարուած գումարներէն գոյացած է։
բ) Եթէ աշխատաւորին վերջին թոշակը ցած է իր նախորդ տարիներու թոշակներէն, անոր կը վճարուի իր հաշւոյն հոն փոխանցուած հատուցումին բոլոր գումարները, որոնց վրայ կը բարդուի 5% տոկոս։
Գ) ԳՈՐԾԱՏԻՐՈՋ, ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԻՆ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍՆՏՈՒԿԻՆ ՀԱՆԴԷՊ
Պետութեան կողմէ ճշդուած սակի մը հիման վրայ, գործատէրը Սնտուկին կը վճարէ ապահովագրութեան չորս պարագաներուն անխտիր, իսկ գործաւորը եւ պետութիւնը կը վճարեն միայն հիւանդութեան եւ ծննդաբերութեան պարագային։
Առաւելագոյն թոշակը, զոր Սնտուկը նկատի կրնայ ունենալ իր գանձումներուն համար, 750 լ. ոսկի է։
Թերավարժ աշխատաւորի մը պարագային, որ արհեստի կը վարժուի, որքան ալ քիչ ըլլայ իր թոշակը, եթէ նոյնիսկ բոլորովին ձրի աշխատի, գործատէրը կը պարտի Ապահովագրութեան Սնտուկին վճարել, հիմք ունենալով 50 լ. ոսկիի ամսաթոշակ՝ այդ թերավարժ գործաւորին համար։
Աշխատաւոր մը առաւելագոյն մինչեւ 20 տարեկան կրնայ թերավարժ նկատուիլ, եթէ մինչ այդ աշխատաւորի նուազագոյն թոշակ չգանձէ։
1.¬ ԸՆտանեկան յատկացումներու պարագան
Ընտանեկան յատկացումներու պարագային, գործատէր մը պարտաւոր է Սնտուկին վճարել իր բոլոր պաշտօնէութեան վճարած թոշակներու գումարին 7,5%ը, եթէ նոյնիսկ անոնք ամուսնացած չեն։ Օտարահպատակ աշխատաւորներու համար եւս գործատէրը պարտաւոր է վճարելու, թէեւ այս վերջինները չեն օգտուիր ընտանեկան յատկացումներէն։
Հաստատութիւն մը, որ տասէն աւելի աշխատաւորներ ունի, պարտաւոր է իր հաշիւները Սնտուկ ներկայացնել ամէն ամիս։ Սնտուկին կողմէ պատրաստուած ցուացատախտակին վրայ կը յայտարարէ իր աշխատաւորներուն թիւը, անոնց վճարած օրավարձերուն կամ ամսաթոշակներուն գումարը եւ Սնտուկին իրաւունքը՝ 7 առ հարիւր։ Այս գումարէն կը զեղչէ ինչ որ ինք կը վճարէ, համաձայն Սնտուկին կողմէ ճշդուած սակերու, իր ամուսնացած աշխատաւորներուն ընտանեկան յատկացումները։
Եթէ հաստատութիւնը տասը հոգիէն վար թիւով աշխատաւորներ ունի, այդ պարագային, ան իր վճարումները կը կատարէ Սնտուկին երեք ամիսը անգամ մը։ Սնտուկէն կը ստանայ վճարման տետրակ մը, որմէ ամէն ամիս թերթ մը կը փրցնէ ու կու տայ իր ամուսնացած աշխատաւորին, որպէսզի ան կարենայ Սնտուկէն գանձել իր ընտանեկան յատկացումները։ Գործատէրը պարտաւոր է աշխատաւորին տուած այդ թերթիկին վրայ յիշատակելու անոր Սնտուկ արձանագրութեան թիւը, լման ամիս մը աշխատած ըլլալու վկայութիւնը, եւայլն։
Եթէ աշխատաւորը 16 տարեկանէն վեր դպրոց յաճախող տղայ ունի, գործատէրը անկէ կը պահանջէ դպրոցական վկայագիր եւ զայն կը փոխանցէ Սնտուկ։
Ամէն անգամ, որ աշխատաւորին ընտանեկան վիճակը փոփոխութեան ենթարկուի, ամուսնանալով, զաւակ ունենալով եւ կամ մահով, գործատէրը աշխատաւորէն կը պահանջէ համապատասխան պաշտօնական վկայագիր, զոր իր կարգին կը ներկայացնէ Սնտուկի սպասարկութեան։
Այն աշխատանոցը, որուն աշխատաւորներուն թիւը հինգէն վար է, դրամագլուխը 20 հազարը չէ անցած եւ ուր գործատէրը ձե- ռային աշխատանքով կը մասնակցի արտադրութեան, գործատէրը կը վճարէ փոխան 7,5%ի, միայն 5% վերոյիշեալ Սնտուկին։
2.¬ Հիւանդութեան եւ ծննդաբերութեան պարագան
Այս Սնտուկին կը վճարեն գործատէրը, աշխատաւորը եւ պետութիւնը։
Գործատէրը կը վճարէ աշխատաւորին թոշակին 5,5%ը, իսկ աշխատաւորը՝ 1,5 առ հարիւրը։ Գործնականին մէջ սակայն, գործատէրը, ինքը կը վճարէ 7 առ հարիւր Սնտուկին եւ կը զեղչէ աշխատաւորին թոշակէն 1,5 առ հարիւր։
Պետութիւնը յանձնառու է վճարելու, ամէն տարի, այս նպատակներուն համար ծախսուած ընդհանուր գումարին 25 առ հարիւրը։ Արդարեւ, սա միակ վճարումն է, որով պետութիւնը նիւթապէս կը մասնակցի Ընկերային Ապահովագրութեան Սնտուկի ծախսերուն։
3.¬ Վերջ ծառայութեան
Գործատէրը՝ աշխատաւորի հատուցումին հաշւոյն կը վճարէ Սնտուկին անոր թոշակին 8,5 առ հարիւրը։ եթէ աշխատաւորը 1965 Մայիս 1էն առաջ գործի էր արդէն եւ չէ յարած սնտուկին, ան իր հատուցումի իրաւունքը կը ստանայ ուղղակի գործատէրէն, համաձայն 1946ի աշխատանքի օրէնքին։ Այս պարագային, գործատէրը Ընկերային Ապահովագրութեան Սնտուկին որեւէ վճարում չի կատարեր, այն ինչ որ կը վերաբերի անոր հատուցումին։
Ամէն անգամ, որ գործատէր մը նոր աշխատաւոր մը գործի առնէ, պարտաւոր է յաջորդ 10 օրերու ընթացքին զայն Սնտուկ յայտարարելու։ Նոյնն է պարագան, երբ աշխատաւոր մը գործը լքէ եւ կամ, երբ գործատէր մը զայն օրինական պայմաններու մէջ գործէ արձակէ։ Այս վերջին պարագային, եթէ աշխատաւորը մէկ տարիէ աւելի ծառայութիւն ունի, գործատէրը պարտաւոր է անոր մէկ ամսուան վճարեալ պայմանաժամ շնորհելու։ Երբ ան 4 տարիէն աւելի ծառայութիւն ունի, այս պայմանաժամը երկու ամիս է։ 60 տարեկանը անց աշխատաւորի մը հաշւոյն գործատէրը հատուցումներու Սնտուկին բան չի վճարեր։ Այս յօդուածին նպատակն է դեռ աշխատաւորներուն առիթ ընծայել, որ աւելի դիւրութեամբ գործ ճարեն, երբ անգործ են եւ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը կը զգան։
4.¬ Աշխատանքի արկածներու եւ արհեստի վերաբերեալ հիւանդութեանց պարագան Սնտուկը տակաւին չսկսաւ աշխատաւորը ապահովագրել այս պարագաներուն։ Համապատասխան Սնտուկին վճարողը միայն
գործատէրը պիտի ըլլայ։ Կը կարծուի, որ այդ գումարը աշխատաւորին թոշակին 3%ը ըլլայ միայն։
Ինչպէս երեւան կու գայ վերոյիշեալ տուեալներէն, Ընկերային Ապահովագրութեան գործադրութիւնը Լիբանանի մէջ այնքան ալ պարզ եւ հեշտ ձեռնարկ մը չէ։ Անոր յարած են ներկայիս շուրջ 220 հազար աշխատաւորներ։ Անոր պաշտօնէութեան թիւն է 820 եւ իր տրամադրութեան տակ ունի մօտաւորապէս 100 միլիոն լ. ոսկի։ Մօտ ատենէն, ան պիտի ապահովագրէ նաեւ երկրագործութեամբ զբաղող աշխատաւորները։
Եւրոպական երկիրներ տարիներ ճգնեցան, հսկայական օրէնսդրութիւն մշակեցին եւ տակաւին միշտ ալ ուսումնասիրութեան առարկայ հարցեր ի յայտ կու գան գործի ընթացքին։
Այսուհանդերձ, ան անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Ճիշդ է որ ան իսկական եւ բացարձակ ապահովագրութիւն մը չէ եւ կարելի չէ ընկերային եւ տնտեսական այս կառոյցին մէջ մտածել անոր մասին։ Պէտք չէ զայն շփոթել բարեսիրական հաստատութեան մը հետ եւ ոչ ալ պետական հանրօգուտ սպասարկութեանց հետ։ Ընկերային Ապահովագրութիւնը գթութեան գործ մը չէ, ո՛չ ալ առեւտրական կոչում ունի։
Ինչպէս կ՜ըսէ ֆրանսացի մասնագէտ Ժագ Տուպլէ (Սէքիւրիթէ Սոսիալ, 1957), «ան աշխատաւորին վճարուելիք զանազան հատուցումներուն ընկերային դառնալն է»։
Աւելի պարզ խօսելով, ան կազմակերպութիւն մըն է, որուն շնորհիւ աշխատաւորը որոշ իրաւունքներու կը տիրանայ, այլապէս, եկամուտներու աւելի լաւ եւ արդար վերաբաշխումի ձեւ մըն է։
Լորտ Պիվրիճ, այս դրութեան ռահվիրաներէն մէկը, բնութագրելով ընկերային ապահովագրութեան նպատակը, կ՜ըսէր. «Ան պէտք է անհետացնէ քաղաքացիին կեանքէն թշուառութեան վիճակը, անոր ապահովելով ամէն վայրկեան բաւարար եկամուտ, որպէսզի ի վիճակի ըլլայ իր կարիքներուն մարդկայնօրէն գոհացում տալու»։
Ինչպէս որեւէ մեծ ձեռնարկի պարագային, անհրաժեշտ է սակայն, որ ան առողջ հիմերու վրայ դրուի, անոնց սպասարկութիւնները լաւ կազմակերպուին եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի լծուին։ Որպէսզի ան յաջողի, անհրաժեշտ է մանաւանդ, որ աշխատաւորը եւ գործատէրը, լիովին գիտակցելով իրենց փոխադարձ պարտաւորութիւններուն, անսակարկ ենթարկուին օրէնքի տրամադրութիւններուն։