Ա. աշխարհամարտէն յետոյ երբ թրքահայ տարագիր ազգաբնակչութիւնը կայք հաստատեց ասպնջական զանազան օտար երկիրներու մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան ապահովութեան առընթեր մտածեց նաեւ, ի պատիւ իրեն, ազգային դիմագիծի անխաթար պահպանման նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցիներ շինել եւ դըպրոցներ կանգնել ուր մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը ազգային մշակոյթը, առանցքը կազմեցին կիրարկուող կրթական ծրագիրներուն։ Մեծատաղանդ գրագէտներու եւ կրթական մշակներու դասագրքերը երկար ատեն ծառայեցին հայերէնագէտ ուսուցիչներուն, կարենալ հարազատօրէն ջամբելու համար աճող նոր սերունդներուն, ազգային դաստիարակութիւն եւ փոխանցելու համար անոնց հայ ազգային եւ եկեղեցական մշակութային դարաւոր ժառանգը։
Բ. աշխարհամարտէն, յատկապէս 1950էն յետոյ, գաղթական հայութիւնը հետզհետէ տեղաւորուելով իր բնակած երկիրներու մէջ, դուրս կու գար իր թաղին սահմաններէն զոր կը նկատէր իր ընկերային կեանքին հարազատ միջավայրը եւ ուր կ՜ապրէր ինքնիրմով եւ ինքնիր մէջ ամփոփուած եւ կապեր կը հաստատէր իր նոր շրջապատին հետ։ Վաղուայ նիւթական մտահոգութիւննրը եւ աւելի բարւոք վիճակի մը հեռանկարները զինքը կը մղէին օգտապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրելու եւ առ այդ յաւելեալ կարեւորութիւն ընծայելու տեղական եւ օտար լեզուներու ուսուցումին։ Նիւթապէս աւելի ամրապնդուած՝ ան իր զաւակներուն ուզեց տալ երկրորդական եւ համալսարանական ուսում եւ այդ իսկ պատճառով պետական վկայական ապահովելը նկատեց առաջնահերթ մտահոգութիւն։
Ստեղծուած նոր հոգեվիճակը եւ կեանքի նոր դասաւորումը ազգային իշխանութիւննրը եւ առ հասարակ կրթական կեանքի պատասխանատուները դրին նոր հրամայականի մը առջեւ։ Եթէ մեր դպրոցները անտեսէին նոր գոյավիճակը եւ պահէին կրթական նախկին դրութիւնը, կրնային կորսնցնել զգալի տոկոս մը իրենց աշակերտութենէն որ այս պարագային օտար վարժարան յաճախելով պիտի կորսնցնէր հայ վարժարանի շունչը եւ պիտի զրկուէր ազգային դաստիարակութենէն։
Քոյր համայնքներուն վարժարանները վաղուց որդեգրած էին տիրող պայմաններուն համապատասխանող կրթական յատուկ քաղաքականութիւն։ Կար նաեւ այն իրողութիւնը որ կարգ մը հիւրընկալ երկիրներու մէջ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը կ՜ենթարկուէր սեղմումի եւ հայերէն լեզուին յատկացուած դասապահերուն թիւը խստօրէն կը սահմանափակուէր։
Կրթական մարմինները հարկադրաբար աւելի լայն տեղ տուին տեղական անմիջական պահանջքներուն համապատասխանող առարկաներու ուսուցման ինչ որ յառաջ բերաւ կրթական ծրագիրներու խճողում զոր կարելի եղաւ ապագային մասամբ թեթեւցնել ի վնաս դժբախտաբար հայերէն լեզուին եւ հայերէնով դասաւանդուած առարկաներուն։
Այսօր աւելի քան 20 տարուան փորձառութենէ յետոյ կը նկատենք որ մեր վարժարանները թէպէտեւ յուսախաբ չեն ըներ հայ ծնողները պետական վկայականներու առնչութեամբ ուր յաճախ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն, սակայն անբաւարար արդիւնք կու տան ազգային կրթական ծրագրին իւրացման տեսակէտէն եւ հայերէն լեզուն տակաւ կը տժգունի մեր մատղաշ սերունդներուն շրթունքներուն վրայ։
Եթէ կացութիւնը այս է հայ վարժարան յաճախող աշակերտութեան համար հապա այդ որքան մտահոգիչ է անոնց համար որոնք օտար վարժարան կը յաճախեն որուն խորթ միջավայրը եւ անկէ բխող հոգեբանական ազդակները կ՜աղաւաղեն անոնց ազգային դիմագիծը եւ ամէն պարագայի տակ անոնք զրկուած կը մնան, յաճախ ցաւ ի սիրտ, հայ դարաւոր մշակոյթի գանձերուն վայելքէն։ Այս նահանջը համասփիւռքեան բնոյթ կրած ըլլալով անհրաժեշտ է որ ազգային գերագոյն ժողովը զբաղի անով երբ տակաւին ուշ չէ այլապէս տասնամեակ մը տարիներ յետոյ մեզի համար շատ դժուար պիտի ըլլար, չ՜ըսելու համար անհնարին, հայերէն լեզուի ատակ ուսուցիչներ գտնելն անգամ։
Տիրող այս կացութենէն երեւան կու գայ որ հետեւողական եւ լուրջ աշախատանքներ կան ընելիք այս ուղղութեամբ։
Մեր ուսուցչական կազմերը առ հասարակ պահանջուած մանկավարժական պատրաստութիւնը չունին։
Մեր դասագրքերը որոնք օրին լաւագոյններն էին, այսօր սակայն ժամանակավրէպ են։ Անոնք չեն համապատասխաներ օրուայ պահանջքին թէ իբրեւ խորք եւ թէ իբրեւ ձեւ։ Ուսուցիչը առանց լաւապէս սերտուած դասագրքի չի կրնար անհրաժեշտ արդիւնքը տալ։
Մեր կրթական ծրագիրները պէտք ունին հիմնական բարեփոխութեան։
Անհրաժեշտ է որ համասփիւռքեան տարողութեամբ, մեր կրթական հարցերու մասնագէտները, հայերէնագէտները ճշդեն ազգային կրթական ծրագրին տեղը հայ աշակերտի ընդհանուր կազմաւորման մէջ եւ առ այդ որոնեն հայրեէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցման մասնայատուկ մեթոտներ հիմնուած մանկավարժական եւ հոգեբանական արդի ճշմարտութիւններուն վրայ ու պատրաստեն համապատասխան դասագրքեր։
Կայ նաեւ ընդհանուր նահանջ ազգային մշակոյթի այլ մարզերուն մէջ հակառակ համազգայինի եւ մշակութային այլ միութիւններու եւ հաստատութիւններու տարած գնահատելի ճիգերուն։
Նորարարութիւնը, քաղքենիացումը, օտար մշակոյթներուն հետ հայուն ունեցած հեշտ հաղորդականութիւնը, կեանքի նոր պայմանները, առօրեայի հեւ ի հեւ վազքը անտարակոյս մեծ դեր կը խաղան յատկապէս այն պարագային երբ հայը ազգային առողջ դաստիարակութեամբ չէ խարսխած իր ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը։
Երգը, պարը, թատրոնը տակաւին ժողովրդականութիւն կը վայելեն եւ կենսունակ գործօններ կը մնան։ Հայ մտաւորականը քաջալերութիւն չգտնելով նուազ կ՜զբաղի գրական, ազգագրական, բանասիրական, պատմական եւ առ հասարակ մշակութային թեմաներով։ Անհետացող հայագէտներուն եւ գրագէտներուն տեղը գրաուողները հազուագիւտ են։
Մեծ յոյս ունինք որ Անթիլիասի կաթողիկոսարանը, իր դպրեվանքով, գրադարանով մանաւանդ մարդկային դրամագլուխով պիտի կարենայ շօշափելի ծառայութիւն մատուցանել մշակոյթի վերոյիշեալ բնագաւառներուն մէջ։ Վարչական կառոյցքներ պատրաստելու մտահոգութիւնները եթէ հրամայական պահանջքի կը համապատասխանէին երէկ, այսօր սակայն անոնք նուազ շեշտուած կը թուին ըլլալ։
Ահա կարգ մը նկատողութիւններ զորս ուզեցի ամփոփ կերպով ուշադրութեան յանձնել յարգելի ժողովականներուն։
Թող ներուի ինծի եթէ երկարեցի հարցադրումը եւ անոր կապուած պատճառաբանութիւնները։