Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Հայաստան, Հայ Եկեղեցւոյ համար վարչակազմակերպչական կանոնագրութեան մը պատրաստութեան շուրջ ՎազգէՆ Ա. Կաթողիկոսին հետ խորհրդակցելու նպատակով։
Այս առիթով, «Ազդակ» օրաթերթը պատուիրակութեան անդամներէն Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Ոսկեբերան Արզումանեանի հետ ունեցած է տեսակցութիւն մը, զոր կու տանք ստորեւ։
– Պր. Արզումանեան, որոնցմէ՞ բաղկացած էր ձեր պատուիրակութիւնը։
– Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Արք. Աշճեանէ, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Արամ Եպս. Քէշիշեանէ եւ ինձմէ։
– Ի՞նչ առաքելութիւն վստահուած էր պատուիրակութեան։
– Վազգէն Ա. Կաթողիկոս զանազան նամակներով յայտնած էր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ ծրագրած էր վարչակազմակերպչական կանոնագրութիւն մը պատրաստել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար եւ, առ այդ, նշանակած ըլլալով յանձնախումբ մը, կը խնդրէր, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն՝ Կիլիկիոյ Աթոռին տեսակէտները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Կաթողիկոսը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովը, հանգամանօրէն քննելէ ետք եղած առաջարկը, ունեցան խորհրդակցութիւններ, որոնք յստակ կերպով կը պատկերացնէին Աթոռին տեսակէտները։ Գարեգին Բ. Վեհափառը նշանակեց պատուիրակներ՝ կաթողիկոսութեան տեսակէտները անհրաժեշտ բացատրութիւններով Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցելու համար։
– Պատուիրակութիւնը ե՞րբ մեկնեցաւ Էջմիածին եւ քանի՞ օր մնաց հոն։
– Պատուիրակութիւնը Էմիածին գտնուեցաւ շաբաթ՝ 5 Յուլիսին եւ հոն մնաց մինչեւ Շաբաթ՝ 12 Յուլիս։ Պատուիրակութեան անդամներէն Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս, Չորեքշաբթի, 2 Յուլիսին, արդէն ժամանած էր Հայաստան։
– Ի՞նչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։
– Պէտք է ըսել, որ պատուիրակութիւնը շատ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ Էջմիածնի մէջ։ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական հոգածութեամբ եւ սրտի ջերմութեամբ ընդունեց մեզ։ Մեր կեցութիւնը դիւրացնող լաւագոյն պայմանները շնորհուեցան մեզի եւ Վազգէն Ա. Վեհափառին բարեհաճ կարգադրութեամբ նաեւ կրցանք այցելել բազմաթիւ վանքեր եւ պատմական վայրեր, որոնց համար մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեցինք Ն.Ս. Օծութեան։
Հանդիպումներն ու խօսակցութիւնները տեղի ունեցան անկեղծ ու յարգալիր մթնոլորտի մէջ։
– Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը ձեր հանդիպումներուն։
– Պատուիրակութիւնը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին տեսակէտները՝ առաջարկուած վարչակազմակերպչական միաձոյլ կանոնագրութեան մը առընչութեամբ։ Տեղի ունեցան գաղափարներու փոխանակութիւն՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Միութիւնը ամրապնդող միջոցներու կապակցութեամբ։ Պատուիրակութիւնը առաջարկեց աւելի սերտ գործակցութիւն, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Միութեան շօշափելի արտայայութեան համար։
– Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն զատ ուրիշ ժողովականներ ներկայ եղա՞ն այդ հանդիպումին։
– Այո, Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողքին ներկայ էին նաեւ Սիոն Արք. Մանուկեան՝ ատենապետ Հոգեւոր Խորհուրդի, Ներսէս Եպս. Պօզապալեան՝ դիւանապետ կաթողիկոսարանի եւ Պարգեւ Շահպազեան՝ ընդհանուր քարտուղար Միջ-Եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու։
– Ձեր տեսակէտները ընդունուեցա՞ն։
– Վազգէն Ա. Կաթողիկոս լայն հասկացողութեամբ լսեց մեր տեսակէտները։ Յարմար դատեց, որ իր պատասխանը փոխանցէ Գարեգին Բ. Վեհափառին, խորհրդակցելէ ետք Հոգեւոր Խորհուրդի եւ կանոնագրութեան պատրաստութեան համար իր կողմէ նշանակուած Յանձնախումբի անդամներուն հետ, յառաջիկայ Սեպտեմբերէն ետք։
– Նախապէս գտնուա՞ծ էք Հայաստան։
– Այո, 1969-ին, դարձեալ մաս կազմելով Ս. Էջմիածին ղրկուած պատուիրակութեան մը, այժմու Կիլիկեան Աթոռի գահակալ եւ այդ օրերու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դրան Եպիսկոպոս Գարեգին Արք. Սարգիսեանի հետ։ Հոն մնացած էի շուրջ շաբաթ մը։
– Ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւն առ հասարակ Էջմիածնի եւ Հայրենիքի մասին։
– Պէտք է նախ ըսեմ, որ շատ ուրախացանք՝ տեսնելով Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը առողջ եւ կայտառ վիճակի մէջ։ Առիթը ունեցանք Կաթողիկոսարանի կատարած աշխատանքներուն իրազեկ ըլլալու։ Մեծ գնահատանքով եւ հիացումով նկատեցինք, որ վերջին 15 տարիներու ընթացքին հսկայ իրագործումներ կատարուած են հոն՝ թէ՛ Էջմիածնի վանքէն ներս եւ թէ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ։
Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած են վերանորոգութիւններ եւ շինարարական աշխատանքներ։ Թանգարանն ու գանձարանը հոյակապ իրագործումներ են, ուր ցուցադրուած են դարերու հնութիւն կրող սրբազան մասունքներ, եկեղեցական սպասներ եւ զգստներ, իւղանկարներ, հին դրամներ, գորգեր եւ թանկարժէք այլ առարկաներ, որոնք կը պատկանին հայ ժողովուրդի մշակութային գանձերուն։
Նորութիւն էր նաեւ գեղակերտ եւ պերճ սարքաւորումով օժտուած հիւրանոցը, ինչպէս նաեւ Բիւրականի լանջին վրայ (Հայկաշէն) Վեհափառ Հայրապետին ամարանոցը՝ թաղուած գունագեղ պարտէզներու մէջ եւ եզերուած մշտահոս առուով։
Զանազան շրջաններու մէջ նորոգուած են եւ տակաւին կը նորոգուին եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք այսպէսով դուրս կու գան իրենց կիսաքանդ ու լքուած վիճակէն, կը ճառագայթեն հայ հանճարին արգասիքը եւ կը ցոլացնեն հայ ժողովուրդի հաւատքը։ Անոնք ըլլալով պատմական արժէք ներկայացնող հին կառոյցներ, կը վայելեն նաեւ պետութեան հոգատարութիւնը։ Կարգ մը հին վանքեր եւ եկեղեցիներ, վերանորոգուելէ ետք, շնորհիւ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի ճիգերուն, դարձած են գործող եկեղեցիներ, ուր կը գտնուին վանահայր մը եւ այլ եկեղեցականներ։
Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ 5-րդ դարու կառոյց մըն է, դարձած է զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան եւ հիացումի առարկան։ Ամէն շաբաթ աւելի քան 1500 հոգի կու գան Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէ, գլխաւորաբար արեւելեան Եւրոպայէն, հիանալու համար անոր կառոյցի գեղեցկութեան եւ հնամենի ու իր ժամանակին համար գլուխ-գործոց այս ճարտարապետութեան վրայ։ Ս. Էջմիածնի վանքէն ներս, ամէն տեղ կը զգանք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին աչքը։ Ամէն մէկ շէնքին մէջ, ամէն մէկ առարկայի վրայ կայ իր շունչը, իր միտքը եւ իր աշխատանքը։ Ս. Էջմիածինը ծաղկուն վիճակի մէջ է՝ շնորհիւ տարուած յարատեւ խնամքին եւ հոգածութեան։
Կառուցային գեղեցկութիւնները աւելի տեսանելի դարձած են՝ շնորհիւ զանոնք շրջապատող հիանալի պարտէզներուն։
Այս գեղեցիկ ամբողջութիւնը կը կենսաւորուի ժրաջան միաբաններով եւ յատկապէս հոգեւոր Ճեմարանով՝ Դպրեվանքով, որ կը հաշուէ շուրջ 35 ժառանգաւորներ եւ ունի որակեալ ուսուցչական կազմ։
Ուրախութեամբ նշմարեցինք, որ մեծ իրագործումներ կատարուած են նաեւ մայր հայրենիքին մէջ, ու ժողովուրդին կեանքի մակարդակը զգալապէս բարելաւուած է վերջին 15 տարիներուն։ Նկատեցինք, որ շատեր անձնական ամարանոցներ ունին, իսկ ուրիշներ, սաստիկ տօթէն խուսափելու համար, կը բարձրանան գիւղեր, ու վարձած են բնակարաններ։
Չեմ ուզեր յամենալ այս մարզին մէջ, քանի որ մենք չէինք գացած հոն իբրեւ զբօսաշրջիկներ եւ, հետեւաբար, կրնանք դուրս մնալ մեր նիւթէն։ Բայց պարտք կը զգամ յայտնել, որ այն կարգ մը վայրերը, ուր այցելեցինք, հպարտութեամբ տեսանք, թէ որքա՜ն պայծառ իրագործումներ արձանագրուած են՝ թէ Երեւանի, թէ՛ Ս. Էջմիածնի եւ թէ այլ վայրերու մէջ։ Կը զգայի, որ հայրենիքը յառաջդիմութեան մէջ էր եւ ուրախ սրտով վերադարձայ տուն։