Սիրելի Բարեկամներ
Խօսիլ ազգային վարժարաններու մասին կը նշանակէ շօշափել մեր գաղութահայ կեանքը հետաքրքրող շատ կարեւոր հարցերէն մէկը։
Եթէ կ՜ընդունինք որ գաղութներու մէջ մեր հիմնական գործը ազգապահպանումն է ապա ուրեմն հայ դպրոցը կը հանդիսանայ անվիճելի կռուան մը ազգային արժէքներու, մեր լեզուին, պատմութեան եւ մեր աւանդութեանց պահպանման տեսակէտէն։
Հայ վարժարաններու մէջ տրուած հայեցի դաստիարակութեամբ հայ մանուկը հաղորդակից կ՜ըլլայ իր ժողովուրդին ստեղծագործ հանճարին ու իր հոգիին մէջ կը դրոշմուի անկորնչելի կերպով ազգային արժէքներու խոր գիտակցութիւնը։
Հոն է որ ան պիտի գտնէ իր մտքի լուսաւորութեան անհրաժեշտ գիտելիքներու կողքին իր ազգային անհատականութիւնը զարգացնող նպաստաւոր միջավայր։
Ապազգայնացման եւ օտարամոլութեան յորձանքներուն կուրծք տալու համար հայ աշակերտը պէտք ունի զինուելու իր ազգային աւանդութիւններով, ոգեւորուելու իր նախնիքներու սխրագործութիւններով եւ մանաւանդ գօտեպնդուելու հաւատքի ոյժով, հաւատք իր բարոյական եւ ազգային իրաւ արժէքներու, հաւատք իր գոյութեան իսկ իմաստ տուող իր ազգային առաքելութեան եւ վերջապէս հաւատք իր ժողովուրդին յաւերժութեան։
Պատմութիւնը կը վկայէ որ ժողովուրդի մը գոյատեւման հիմնական ազդակներէն մին եղած է իր լեզուին պահպանումը։
Բոլորիս ալ ծանօթ է որ հայկական հոծ գաղութներ կորսուած են առ յաւէտ անոր համար որ կորսնցուցած են նախ իրնեց տոհմային նկարագիրը ապա իրենց լեզուն։
Այդ գաղութներէն մնացած են լոկ արձանագրութիւններ, ձեռագիրներ, եկեղեցւոյ քանդակներ իբրեւ յիշատակարան անհետացած անցեալէն։
Այսօր եւս նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ մեզի զանազան երանգներով եթէ տէր չի կանգնինք մեր պատասխանատուութիւններուն ու չի գուրգուրանք մեր մշակոյթի եւ լեզուի օրրաններուն վրայ։
Անցնելով մեր օրուայ նիւթին, պիտի ուզէի նախ ուրուագծային պատկեր մը տալ հայ ազգային վարժարաններուն ներկայ վիճակէն, որոնել անոնց մէջ թերին եւ տեսնել թէ ինչ կարելի է ընել անոնց վիճակը բարելաւելու համար։
Ա.- Ազգային Վարժարաններու Վարչական Կառոյցքը
Ազգային վարժարանները տեսակ մը ծխական վարժարաններ են։ Անոնց պատասխանատու մարմիններն են նոյն շրջանի թաղականութիւնները, ըստ ազգային սահմանադրութեան։ Թաղականութիւնները, համախորհուրդ ուսումնական խորհուրդին, կը նշանակեն հոգաբարձու մարմիններ որոնք կը զբաղին դպրոցով։ Այս վերջինները հաշուետու են թաղականութեան այն ինչ որ կը վերաբերի պիւտճէական հարցերուն իսկ ուսումնական խորհուրդին կրթական եւ դաստիարակչական խնդիրներու համար։
Ուսումնական խորհուրդը որ կը բաղկանայ 7 հոգիէ մեր ազգային վարժարաններու գերագոյն մարմինն է։ Ան կը նշանակուի քաղաքական ժողովի կողմէ եւ հաշուետու է անոր։
Ուսումնական խորհուրդը իր կարգին կը նշանակէ խնամակալութիւններ այն դպրոցներուն համար որոնք ոեւէ թաղականութեան ենթակայ չեն։
Դպրոցներու տնօրէնները պատասխանատու են կրթական հարցերուն նկատմամբ ուսումնական խորհուրդին։ Թաղականութիւնները եւ կամ խնամակալութիւնները չեն կրնար զանոնք փոխել, գործէ արձակել առանց ուսումնական խորհուրդի հաւանութեան։ Ամէն դպրոց իր սեփական միջոցներով կը պարտի փակել իր պիւտճէն, հակառակ պարագային ուսումնական խորհուրդը, քննելէ յետոյ հաշիւները, որոշ յատկացումներ ընելով կը փակէ զայն։
Դժբախտաբար ուսումնական խորհուրդին նիւթական միջոցներն ալ սահմանափակ են։
Վարչական գետնի վրայ մեր դպրոցները ենթակայ են պետական օրէնքներուն ինչպէս նաեւ ազգային իշխանութեան կողմէ մշակուած յատուկ կանոնագրութեան։ Մէկը միւսին լրացուցիչն է։ Այս կանոնագրութիւնը որ վաւերացուեցաւ 1965ին կը ճշդէ մեր ուսուցիչներուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները ինչպէս նաեւ պատասխանատու մարմիններուն իրաւասութիւնները։
Ուսումնական խորհուրդը իր տրամադրութեան տակ ունի կրթական քննիչ մը որուն իրաւասութիւնները ճշդուած են նոյն կանոնագրին մէջ։ Ան ամիսը 1 անգամ, առնուազն կ՜այցելէ մեր բո- լոր վարժարանները ստուգելու համար թէ մեր ծրագիրը լիովին կը գործադրուի՞ թէ ոչ։ Կանոնաւոր կերպով տեղեկագիր կը ներկայացնէ Առաջնորդ Ս. Հօր եւ ուսումնական խորհուրդին։
Բ.- Լիբանահահայ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Թիւը
1) Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին 23 ազգային վարժարաններ որոնց մէկը զուտ երկրորդական է, 2ը լման կարգերով վարժարաններ են (մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական բաժին) 1ը միջնակարգ է եւ մնացեալ 19ը նախակրթարան որոնց մէջ նոյնպէս 3 վարժարաններ նախակրթարանի ամբողջական բաժինները չունին։
Մեր 23 վարժարաններու աշակերտութեան թիւն է 1960-61 տարեշրջանին համար 5389 հոգի։ Որոնց 2705 մանչ, 2694 աղջիկ։ Ասոնց 323ը երկրորդական բաժինն են, իսկ 5066 նախակրթարան ներառեալ մանկապարտէզը (շուրջ 2000)։
2) Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Թիւին համեմատութիւնը հայ վարժարաններու աշակերտութեան եւ Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան թիւին հետ։ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ դպրոցները ունին շուրջ 20.000 աշակերտ ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ազգային վարժարանները ունին այդ աշակերտութեան 1/3ը։
Լիբանանի մէջ գտնուող անհատական վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 336.705 իսկ պետական վարժարաններու աշակերտութեան թիւն է 203.534, ընդհանուր գումար 540.339, ինչպէս ըսինք այս թիւին 20.000ը հայ վարժարաններ կը յաճախեն միայն։
Վերոյիշեալ թիւերէն կարելի է հետեւցնել որ հայ վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւը կը ներկայացնէ շուրջ 3% Լիբանանի ընդհանուր աշակերտութեան, իսկ ազգային վարժարաններ յաճախողներուն թիւը 1%։
Եթէ պահ մը ընդունինք որ Լիբանանի մէջ ներկայիս կը բնակին շուրջ 2.200.000 ժողովուրդ եւ աշակերտութեան թիւը ըլլալով 540.319 ուրեմն Լիբանանի բնակչութեան 24.5%ը դպրոց կը յաճախէ։
Այս համեմատութենէն ներշնչուելով, եթէ ընդունինք որ Լիբանանի մէջ կ՜ապրին շուրջ 140-150 հազար հայութիւն, ուրեմն բնական է որ մենք պէտք է ունենայինք 34-35 հազար աշակերտութիւն, որուն կէսն իսկ մեր վարժարաններուն մէջ չեն։
Ինչ կը ցուցնէ այս պատկերը.-
1) Ան ցոյց կու տայ որ մենք մեծ թիւով աշակերտներ ունինք օտար վարժարաններու մէջ։
2) Նկատի ունենալով որ մեր նախակրթարաններու առաջին դասարանին աշակերտութեան հազիւ թէ 1/3ը կը մնայ վերջին դասարան, հայ աշակերտութեան մեծ տոկոսը իր ուսումը կը լքէ կամ նախակրթարանի սեղաններուն առջեւ եւ կամ աւելի քիչ համեմատութեամբ երկրորդական վարժարաններու առաջին դասարաններուն մէջ։
Նախակրթարանի աշակերտները, 9-10 տարեկան, ձգելով դպրոցը կը նետուին արհեստանոցներ ուր անզգոյշ վարպետներու ձեռքերուն ներքեւ ակամայ կը կորսնցնեն թէ իրենց բարոյական կառոյցքը եւ թէ իրենց նկարագիրը։
Ահա հիմնական հարց մը զոր կը յանձնեմ ձեր խորհրդածութեան։
Գ.¬ Ուսուցչական կազմ
Ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն թիւն է 1966-67 տարեշրջանին համար 301։ Ան եղած է 280՝ 1963-64ին, իսկ 298՝ 1965-66ին։
Անոնց բոլորն ալ դասաւորուած են ըստ պետական օրէնքին եւ մեր կանոնագրութեան։
Պետական վկայական ունեցողները 2 տարի թերավարժ ըլլալէ յետոյ կը դառնան cadre եւ կը ստանան հետեւեալ կերպով։
Brevet ունեցողը 205 լ.ո.
Terminal ունեցողը 232.5 լ.ո.
B.A. կամ համալսարանական վկայական ունեցողը 355 լ.ո.
Licence կամ M.A. ունեցողը 505 լ.ո.
Առաջին երկուքը կը ստանան 27.5 ոսկիի յաւելում մը ամէն 2 տարին անգամ մը։
B.A. ունեցողը կըստանայ, 35 ոսկիի յաւելում մը, իսկ Licence կամ M.A. ունեցողը 45 ոսկի ամէն երկու տարին։
Վկայական չունեցող ուսուցիչներուն նուազագոյն թոշակն է 145 լ.ոսկի որուն վրայ կ՜աւելնայ 15 լ.ոսկի, 2 տարին անգամ մը եթէ դպրոցը ձրիավարժ է, այլապէս կը դառնայ cadre եւ կը դասաւորուի 7րդ աստիճանով ու կը ստանայ 205 լ.ոսկի։
Ազգային իշխանութեան կանոնագրութիւնը աւելի բարեացակամ է այս ուղղութեամբ։
Պետական վկայական չունեցող ուսուցիչները կը դասաւորուին 3 կարգի։
Ա. Կարգին կը պատկանին երկրորդական վկայական ունեցողները անոնց կը վճարուի 205 լ.ոսկի
Բ. Կարգին կը պատկանին միջնակարգ ուսում ստացողները անոնց կը վճարուի 175 լ.ոսկի
Գ. Կարգին կը պատկանին միջնակարգէն վար ուսում ստացողները, անոնց կը վճարուի 145 լ.ոսկի։
Ա. Կարգի պատկանող ուսուցիչները կը ստանան 2 տարին անգամ մը 20 լ.ոսկի, իսկ Բ. եւ Գ. կարգերու պատկանողները 15 ոսկի, երբ դպրոցը ձրիավարժ է, այլապէս պիտի ստանային հարկադրաբար 27.50 լ.ոսկի։ Ամուսնացած ուսուցիչները կը ստանան 15 լ.ոսկի իրենց տիկնոջ համար եթէ այս վերջինը չ՜աշխատիր եւ 15 լ.ոսկի ամէն մէկ զաւկին համար։
Ազգային Վարժարաններու Պիւտճէն
Ազգային վարժարաններու պիւտճէն 1966-67 տարեշրջանին բարձրացաւ 979.832 ոսկիի։ Ան 1962-63ին հազիւ թէ կը հասնէր 550- 600 հազարի։ Ուրեմն 4 տարուան ընթացքին անիկա աւելի քան 379.832 ոսկիի յաւելում կրած է։
Ասիկա արդիւնքն է մէկ կողմէն պետական օրէնքներու գործադրութեան ինչպէս նաեւ միւս կողմէ ազգային իշխանութեան ցոյց տուած յարաճուն հետաքրքրութեան։ 1962-63ին կային 60-90 ոսկիով պաշտօնավարող ուսուցիչներ, այսօր նուազագոյն սակն է 145 լ.ոսկի։
Մեր վարժարաններու 15 հատը ձրիավարժ են, 5 հատը ձրիավարժ ըլլալու պայմանները չեն ամբողջացներ, իսկ 3 հատը ազատ են, ոչ ձրիավարժ։ Պէտք է աւելցնել որ ձրիավարժ ըլլալու իրաւունքը կը պատկանի միայն այն վարժարաններուն որոնք նախակրթարանի պետական հինգամեայ ծրագիրը կը գործադրեն։ Ձրիավարժ վարժարանները լիբանանցի եւ արաբական երկիրներու քաղաքացի աշակերտներու հաշւոյն պետութենէն կը գանձեն 50 լ.ոսկի ամէն մէկ աշակերտի գլուխ, պայմանաւ սակայն որ աշակերտներէն 34 ոսկիէն աւելի չգանձեն, 29 ոսկի իբրեւ կրթաթոշակ, 2 ոսկի իբրեւ բժշկական ծախս եւ 2 ոսկի դասարաններու ջեռուցումին համար։
Դպրոցները այս գումարին վրայ կ՜աւելցնեն 15-20 ոսկի իբրեւ մուտքի տուրք եւ կամ այլ ծախսերու մասնակցութիւն։ Բնականաբար այս յաւելեալ գանձումէն պետութիւնը տեղեակ չի մնար։ Միջին հաշւով նախակրթարանի աշակերտի մը հաշւոյն դպրոցը կը գանձէ 115-120 ոսկի, որուն միայն 55-60ը աշակերտէն։
Թէեւ պետութիւնը կը պարտադրէ մեզի որ նախակրթարանի աշակերտներէն 34 ոսկիէն աւելի չգանձուի, այսուհանդերձ մեզ ազատ կը թողու մանկապարտէզին համար որուն նպաստ չի վճարեր ինքը։
Մանկապարտէզի աշակերտութենէն դպրոցը կրնայ գանձել իր յարմար դատած սակով։ Մանկապարտէզը որուն ուսուցչուհիները համեմատաբար քիչ կը վճարուին, եւ ուր աշակերտութեան թիւը բարձր է յաճախ, նախակրթարանի բացը կը գոցէ։
Եթէ հաշիւ մը ընենք, պիտի տեսնենք թէ ամէն մէկ աշակերտ, դպրոցին կ՜արժէ 115-140 ոսկի։ Կարգ մը դպրոցներ իրենց պիւտճէն կը հաւասարակշռեն առանց դժուարութեան մինչ ուրիշներ ստիպուած են ձեռնարկներ ընելու։
1966-67ին մեր բոլոր դպրոցներու (23 վարժարան) համար, ընդհանուր բացը եղած է 43.429 ոսկի միայն։
Պէտք է աւելցնել այս առթիւ որ պետութիւնը որոշ պարտադրանքներ կը ներկայացնէ դպրոցները ձրիավարժ ճանչնալու համար։
1) Նախ պէտք է պետական կրթական ծրագիր մշակել որմէ յետոյ կրնանք մեր ուզած այլ նիւթերը դասաւանդել։ Այս մէկը անշուշտ մեր ալ փափաքն է։
2) Ամէն մէկ դասարանի մէջ 40 հոգիէ աւելի աշակերտ չընդունիլ, ինչ որ թէ մանկավարժական եւ թէ առողջապահական տեսակէտէն օգտակար որոշում մըն է։
3) Կը պահանջէ որ 1965-66էն ասդին գործի կոչուած բոլոր ուսուցիչները ունենան առնուազն պետական Brevet մը եւ կամ անոր համազօր նկատուած պետական վկայական մը։
Այն ուսուցիչները որոնք 1965-66էն առաջ արդէն կը պաշտօնավարեն զերծ են այս սեղմումէն։
Ազգային իշխանութիւնը կրցաւ պետութեան հետ կարգադրել որ պետական ծրագրին մաս չկազմող նիւթերը դասաւանդող ուսուցիչները ենթակայ չըլլան այս օրէնքին, օրինակ՝ հայերէնի ուսուցիչները, պատմութեան, կրօնքի…։ Պետութիւնը, բացառիկ կարգադրութեամբ մեզի պաշտօնապէս արտօնեց այդ եւ այս որոշումէն օգտուեցան նոյնպէս միւս հայկական վարժարանները։ Այդ վաւերաթուղթին photocopyները ապակիի տակ դրինք եւ ղրկեցինք բոլոր վարժարաններուն որպէսզի պետական քննիչներու անտեղի դիտողութենէն զերծ կացուցուինք։
Ազգային Վարժարաններու տուած արդիւնքը պետական քննութեանց մէջ
Ազգային Վարժարանները 1967ին ներկայացած են 222 աշակերտ պետական սէրթիֆիքայի եւ 19 պետական պրըվէի։ Ներկայացած 222 աշակերտութեան 52ը համապատասխան դասարաններէն վեր եղող դասարաններու կը պատկանին։ Նախակրթարանի բաժնին պատկանող զուտ (222-52) 170 աշակերտութիւն ներկայացած է։ Ասոնց արդիւնքը հետեւեալն է.-
222 աշակերտութեան 65ը յաջողած են, ուրեմն 29.27%ը, իսկեթէ լոկ նախակրթարանի աշակերտութեան յաջողութեան համեմատութիւնը փնտռենք, պիտի տեսնենք որ 170 աշակերտութեան միայն 20ը յաջողած են ինչ որ ցոյց կու տայ 10.75%։
Այս պատկերն իսկ խափուսիկ է, քանի որ մեր բոլոր նախակրթարանները իրենց վերջին դասարաններուն աշակերտութիւնը չեն ղրկած պետական քննութեանց։ Եթէ նկատի ունենանք 5րդ դասարանի այն աշակերտները, որոնք քննութեան չեն ներկայացած միւսներուն հետ պիտի ունենանք հետեւեալ պատկերը.-
170+90=260 7.10%, իսկ պետական միջինը համեմատաբար 41.74%։
Պրըվէի պարագային 1967ի միակ վարժարանը որ պրըվէի աշակերտութիւն ներկայացուցած Ս. Յակոբեանն է։ Ներկայացած 10 աշակերտութեան 9ը յաջողած են ինչ որ կ՜ընէ 90% յաջողութիւն պետական միջին համեմատութիւնն է պրըվէի համար 28.94%։
Ըստ պետական վիճակագրութեանց Լիբանանի մէջ գործող ազատ (սեփական) վարժարաններուն մէջ կը գտնուին 900 նախակրթարան, 207 միջնակարգ եւ 191 երկրորդական վարժարան։
1966ին ներկայացած 46.696 աշակերտի վրայ 19.514ը յաջողած են certificat-ի ինչ որ կ՜ընէ 41.71%։
Եթէ առնենք ազգային վարժարաններու վերջին դասարաններու աշակերտութեան թիւը, շուրջ 240, պիտի տեսնենք որ մեր նախակրթարաններուն մօտ համեմատութիւնը կը պակսի։
Այս կը ցուցնէ որ մեր նախակրթարանները չեն արդարացներ իրենցմէ սպասուած ակնկալութիւնը։ Վերջին հաշւով ընդունելով հանդերձ որ անհրաժեշտ է մեր զաւակներուն տալ հայեցի դաստիարակութիւն, չենք կրնար, այսուհանդերձ չի պահանջել որ անոնք երկրի լեզուն սորվին եւ ստանան առնուազն certificat մը։ Մանաւանդ ըստ նոր օրէնքի, ոեւէ մէկը չի կրնար brevet-ի ներկայանալ եթէ 4 տարի առաջ չէ յաջողած certificat-ի քննութեան։ Նոյնպէս ոեւէ մէկը չի կրնար baccl.-ի արձանագրուիլ եթէ երկու տարի առաջ չէ յաջողած brevet-ի, այս օրէնքը ի զօրու չէ այն դպրոցներուն համար որոնք ամբողջական lycee-ի բնոյթ կը կրեն, այսինքն ունին մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։ Այս օրէնքը ի զօրու է անոնց որոնք իրենց ուսումը կը շարունակեն զանազան վարժարաններու մէջ։ Ինչ որ է հայ աշակերտին պարագան։ Եթէ Ազգ. վարժարաններու նախակրթարան յաճախող աշակերտ մը չի յաջողի certificat-ի չի կրնար ուսումը շարունակել մինչեւ որ կրկնելով կամ դպրոց փոխելով զայն չառնեն։ Ուրեմն կը տեսնէք թէ պարզապէս մեր դպրոցներու մակարդակը բարձրացնելու մտահոգութիւններ չունինք միայն այլ մեր դպրոցները յաճախող աշակերտներուն ապագան չի խորտակելու հարց մը կայ։ Ծնողքը կը գիտակցին այս իրողութեան եւ իրենց արդար պահանջքն է որ մենք կարենանք անպայման յաջողցնել, գոնէ տրամաբանական համեմատութեամբ, մեր նախակրթարաններուն վերջին կարգին աշակերտները պետական certificat-ի մէջ, այլապէս մեր դպրոցները հետզհետէ պիտի պարպուին իրենց լաւագոյն աշակերտներէն եւ հոն պիտի մնան միայն անոնք որոնք արդէն յոյս չունին յաջողելու եւ ոչ ալ տրամադրութիւն՝ շարունակելու։
Ազգային իշխանութիւնը մտահոգ այս կացութենէն, իր մասնաւոր ուշադրութեան նիւթ դարձուցած է դպրոցներու պարագան։ Թէպէտ ան ճիգ չի խնայեր, սակայն արդիւնքը տակաւին մխիթարական ըլլալէ շատ հեռու է։
Հետեւեալ ցուցատախտակը կը բացատրէ թէ ինչպէս մեր դպրոցները հետզհետէ պարպուելէ յետոյ սկսան կամաց կամաց վերստին լեցուիլ առանց սակայն հասնելու հոն ուր պէտք է որ տեսնէինք զանոնք։
1955-56 5436
1957-58 4729
1960-61 4386
1962-63 4093
1965-66 5280
1966-67 5389
Որոնք են այն գլխաւոր պատճառները որոնց համար մեր դպրոցները ցարդ գոհացուցիչ արդիւնք չի տուին, բացի պրըվէի քննութիւններէն որոնց արդիւնքը շատ գնահատելի է։
Ըստ մեզի պատճառները հետեւեալներն են.-
1) Որակեալ ուսուցիչներու պակաս
2) Լաւ մշակուած ծրագրի եւ մեթոտի պակաս
3) Դպրոցներու նիւթական վիճակը՝ ըսել կ՜ուզեմ ֆիզիքական, առարկայական
4) Ազգային վարժարան յաճախող աշակերտներուն պատկանած ընկերային միջավայրը
Որակեալ Ուսուցիչներու Պակաս
Նախքան 1964-65 բարեկարգութիւնները եւ պետական նոր օրէնքներու եւ ազգային իշխանութեան կանոնագրութեան գործադրութիւնը մեր դպրոցներու մէջ, պաշտօնավարող 270 ուսուցիչ-ուսուցչուհիները կը ներկայանային կրթական հետեւեալ մակարդակով.-
6 հոգի բարձրագոյն ուսման մակարդակով 38 հոգի երկրորդական ուսման մակարդակով 63 հոգի միջնակարգ ուսման մակարդակով
163 հոգի միջնակարգէն վար
Այսօր պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ կերպով
22 համալսարանական (բարձրագոյն ուսում ստացած) 100 երկրորդական որոնցմէ 25 պաքալ. ունեցող
82 միջնակարգ որոնցմէ 22 պրըվէ ունեցող
91 միջնակարգէ վար Ուրեմն,
1962-63 1966-67
համալսարանական 2.12% 7.5%
երկրորդական 13.45% 35%
միջնակարգ 26% 24%
նախակրթարան 55% 33.5%
Անշուշտ, ասով կը բացատրուի դպրոցներու պիւտճէներուն կրած շուրջ 50% յաւելումը։
1962-63
120 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 60-90 ոսկի, այսօր կը ստանան 160 ոսկի
33 ուսուցիչներ կը ստանային 90-100 ոսկի, ներկայիս կը ստանան 175 ոսկի
36 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 110-140, այսօր կը ստանան 175-200
27 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը ստանային 140-150, այսօր կը ստանան 200-225 ոսկի
65 այլ ուսուցիչներ ստացած են նոյնպէս յաւելումներ 20 մինչեւ 100 ոսկի։
Տնօրէնները կը ստանան 450-675 ոսկի
Կատարուած յաւելումները եղած են 15-19% համեմատութեամբ նախորդ սակերու։
Կարելի է դիւրութեամբ նշմարել որ մեր սակերը աւելի բարձր են քան պետական սակերը, այսուհանդերձ անոնք կը մնան տակաւին շատ հեռու գոհացուցիչ ըլլալէ։ Անոնք նոյնիսկ անբաւարար են։ Վերոյիշեալ վիճակագրութենէն երեւան կու գայ որ մեր ուսուցչական կազմին կրթական մակարդակը բաւական բարելաւուած է, սակայն վախճանական իմաստով, եթէ արդիւնքէն պիտի դատենք ու նկատի ունենանք պետական certificat մէջ մեր արձանագրած արդիւնքը, պատկերը յուսադրիչ չէ։
Ծրագրի եւ մեթոտի պակաս
Մեր դպրոցները կը գործադրեն ներկայիս լիբանանեան կրթական ծրագիրը։ Սակայն իբրեւ երկրորդական լեզու ոմանք կ՜առնեն ֆրանսերէնը ուրիշներ անգլերէնը։ Տրուած ըլլալով որ մեր վարժարանները ձրիավարժ յայտարարած ենք, հետեւաբար ստիպուած ենք հաւատարմօրէն պահել եւ գործադրել հնգամեայ դասընթացք։ Այս յառաջ կը բերէ խճողում կրթական ծրագիրի մէջ։ Արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, ազգ. պատմութիւն եւայլն։ Պէտք է ուրեմն բարեփոխել մեր կրթական ծրագիրը։ Ազգային իշխանութեան մէջ շատ մը յարգելի ազգայիններ կ՜ընդվզին երբ հարց դառնայ արաբերէն լեզուին յատկացուած պահերը աւելցնել ի վնաս այլ դասերու։ Հայերէնի, ազգային պատմութեան, կրօնքի, թուաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ գիտութեան հայերէն լեզուով ուսուցումի ինչ որ կրկնութիւն յառաջ կը բերէ։ Տակաւին այս հարցը պահանջուած լուծումը չէ գտած։ Որոշ հասկացողութիւններ ցոյց տրուեցան սա- կայն զանազան տեսակէտներու կողմնակիցներուն միջեւ։
Լաւագոյն կարգադրութիւնը այն եղաւ որ նկատի ունենալով մեր ծրագիրներուն խճողեալ հանգամանքը եւ հայ աշակերտին արաբական միջավայրէն հեռու մնալը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի միջեւ ստեղծուեցաւ նոր դասարան մը՝ նախապատրաստական։ Այդ դասարանը պիտի ունենայ յատուկ ծրագիր։ Արաբերէնի լայն տեղ տրուեցաւ։ Հոն է որ մանկապարտէզէն եկող փոքրիկ աշակերտը պիտի վարժուի արաբերէն խօսակցութեան, պիտի լսէ պատմութիւններ արաբերէն եւ պիտի շարունակէ արդէն ման- կապարտէզի մէջ սորված իր սկզբնական արաբերէնը։ Բնականաբար հայերէն լեզուն, պատմութիւնը, եւ երգը կը մնան հիմնական դասեր։ Սակայն շեշտը դրուած է առաւելաբար արաբերէնի վրայ։
Այս ձեւով նախապատրաստական դասարանէն ելած աշակերտ մը աւելի լաւ պիտի իւրացնէ նախակրթարանի արաբերէն ծրագիրը։
Եւ ան հինգ տարիէն, այսինքն 12 տարեկանին ապահովաբար պիտի դիմէ դէպի certificat քննութիւնները։
Այս բոլորը կը մնան ծրագիր եթէ դպրոցի պատասխանատուները պատշաճ գիտակցութեամբ չի հետապնդեն աշխատանքները եւ արդիւնքներէն մեկնելով եզրակացութիւններու չի յանգին։
Ամէն մէկ դպրոց պէտք է ունենայ իր արաբերէնի պատասխանատու ուսուցիչը որուն պարտականութիւնն է հետեւիլ արաբերէն լեզուի ուսուցումին։ Ֆիշեր կը պատրաստէ, վիճակագրութիւններ կ՜ընէ եւ կը տեղեկագրէ տնօրէնութեան որուն կը կցէ նոյնպէս իր առաջարկները։ Աշխատանքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ միշտ բաղդատական այլ վարժարաններու համապատասխան դասարաններուն հետ։ Պէտք չէ որ մենք կղզիացած աշխատանքներ տանինք։
Ըսենք նոյնպէս Մեթոտ՝
Այդ մեր դասագրքերու պարագան է։ Մեր դպրոցներու մէջ գործածուած դասագրքերը մեծ մասամբ ժամանակավրէպ են իբրեւ մեթոտ։ Ներկայիս լեզուներու ուսուցման համար կը գործածուին մեթոտ active, կը մեկնին բառէն հասնելով վանկին, ապա եւ վանկէն տառին։
Մեր դասագրքերը գրաւիչ չեն, անոնք աշակերտութեան ոչ երեւակայութիւնը կ՜աշխատցնեն ոչ իր ճաշակը կը նրբացնեն եւ կը զարգացնեն ոչ իսկ անոր յիշողութիւնը կը մարզեն ու կը խթանեն։ Նախակրթարաններու դասագրքերը պէտք է ըլլան իրենց տառերով, պատկերներով, նիւթերու ընտրութեամբ աստիճանաւորուած (progressive). մեր դպրոցներուն մէջ, ա. եւ բ. դասարաններուն գրքերուն համար գործածուած են նոյն տառերը ինչ որ 4-5ին համար։
Պատկերները պէտք է ըլլան գրաւիչ, հետաքրքրական եւ մանուկին մտքին հասունութեան հետ համապատասխան եւ մանաւանդ անոր երեւակայութիւնը սրող։
Եթէ մեզի առարկուի որ անհատներ ի վիճակի չեն գոյութիւն ունեցող գիրքերէն աւելին ընելու որովհետեւ անիկա ծախս կը պահանջէ եւ անոնք ապահով չեն որ կարենան սպառումի միջոցով դիմագրաւել հսկայական ծախսերը, կարելի է ըսել որ այդ գործը պէտք է ըլլայ ազգային իշխանութեան հովանաւորութեամբ եւ կարգադրութեամբ։
Կարելի է մրցումի ձեւով պարտականութիւն տալ քանի մը մասնագէտներու որ գան եւ իրենց տրուած նիւթին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացնեն։ Յանձնախումբ մը կը քննէ, կ՜ընտրէ եւ լաւագոյնները ընտրելէ յետոյ կը համադրէ։ Այդ գործերուն համար պէտք է վարձատրութիւն նախատեսել բնականաբար։ Ազգ. իշխանութիւնը իր ծախսերով կը հրատարակէ եւ զանոնք գործադրութեան կը դնէ իր դպրոցներէն ներս։
Երբ նկատի կ՜ունենանք որ ամէն մէկ գրքէն տարին առնուազն 400-700 օրինակ կը վաճառուի, կը խորհիմ որ յատկացուած գումարը վտանգի չենթարկուիր։
Մեր Դպրոցներուն Ֆիզիքական (materiel) Պայմանները
Մեր դպրոցները բաղդատած օտար վարժարաններուն շատ խեղճ պայմաններու տակ են։ Ի բաց առեալ քանի մը վարժարաններէ որոնք ներկայանալի են, մնացեալներուն դասարանները կը մնան շատ փոքր իսկ փակերը պզտիկ։ 20 մ.ք. դասարանի մը մէջ յաճախ կը թխմուին 30-40 աշակերտներ։ Ամէն մէկ աշակերտին 1/2 մ.ք. տարածութիւն պահելով։ Մինչդեռ պահանջուած տարածութիւնն է 1 1/2 մ.ք.։ Բակերը նոյնպէս կը տարբերին 200-500 մ.ք. միջեւ մինչդեռ անոնք պէտք է ըլլան առնուազն 1000 մ.ք.։ Չի խօսինք հիւղաւաններու մէջ մեր ունեցած դպրոցներու մասին ուր երբ ձմեռը անձրեւէ, դասի պահուն, ոչ կարելի է բան մը իմանալ եւ ոչ եւս իմացնել։
Ազգ. վարժարան յաճախող աշակերտութեան մեծ մասը կու գայ հայ ժողովուրդի նիւթապէս համեստ եւ տկար մասէն։ Աշակերտութեան մեծ մասը իր պահերը փողոց կ՜անցնէ ուր կը խաղայ ենթակայ ամէն տեսակի տգեղ օրինակներու ազդեցութեան։ Տան մէջ շատեր կը բնակին մէկ սենեակի մէջ, իրենց ծնողներու հետ, մի ջոց իսկ չունին առանձին դաս սորվելու։ Անփափկանկատ այցելուներ արգելք կը հանդիսանան մանուկին դաս սորվելուն եւ այս վերջինը պարտադրաբար ներկայ կ՜ըլլայ իրմէ մեծերու խօսակցութիւններուն, որոնք ափսոս, միշտ ալ անոր բարոյական կառոյցքը ամրացնելու կոչուած չեն։
Ի՞նչ պէտք է ընել։
Ըստ մեզի հետեւեալ պայմանները հրամայական պահանջքի մը բնոյթը կը կրեն.-
1) Ուսուցիչներու կրթական մակարդակի բարձրացում
Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է նիւթական լայն միջոցներ ունենալ եւ ուսուցիչներուն վճարել ոչ միայն պետական սակերուն համաձայն այլ այնքան որքան պէտք է արժանավայել կեանք ապահովելու համար անոր զայն փրկելով առօրեայի նիւթական դժնդակ պայմաններէն։ Ուսուցչութիւնը պէտք է դառնայ կոչում ունեցողներուն համար ասպարէզ եւ ոչ թէ պատահականօրէն անգործ մնացած մարդոց պատսպարան։
Ազգային իշխանութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ եւ կ՜ընէ իր կարելին։ Ազգ. տուրքերու գումարը որուն ցարդ միայն 40% կը յատկացուէր ուսումնական խորհուրդին, 2 տարիէ ի վեր կը յատկացուի անոր 80%ը։ Կանաչ կիրակիի հանգանակութիւնը դժբախտաբար շատ արդիւնաւէտ չէ։ Ան հազիւ թէ ուսումնական խորհուրդին կ՜ապահովէ 9-12 հազար ոսկի տարեկան։
Ուսումնական խորհուրդը իր կարգին կը վճարէ կրթական քննիչի ամսաթոշակները, գործէ արձակուած ուսուցիչներուն հատուցումի 1/3ը եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան կը հասնի պիւտճէն չի հաւասարակշռող աղքատ վարժարաններուն, անշուշտ յետ հաշիւներու խիստ քննութեան։
2) Բոլոր դպրոցներու մէջ ունենալ արաբերէն լեզուի պատասխանատու ուսուցիչներ օգնական տնօրէնի հանգամանքով։
3) Հսկել կարելի եղածին չափ որ դպրոցները թաղականութեանց կամայականութեան չÿենթարկուին։ Այս մարմինները կրնան օգտակար ըլլալ դպրոցներու մատակարարութեան եւ խնամակալութեան համար պայմանաւ սակայն որ հեռու մնան անձնական նկատումներէ։ Դպրոցներու կրթական ուղեղը պէտք է ըլլայ ուսումնական խորհուրդը, որուն որոշումները պէտք է գործադրուին անվիճելի կերպով։
4) Պահանջել մեթոտիկ աշխատանք հետապնդուած եւ հետեւողական կերպով, մանկարվաժական ու արդիական ըմբռնումներուն համաձայն։
5) Միացեալ դասագիրքերու ձեւի որդեգրում։ Մէկ գրքին մէջ աշակերտը պէտք է գտնէ ընթերցանութիւն, հայոց պատմութիւն, քաղաքակրթութեան պատմութիւն, կրօն, լեզու, եւայլն։ Այս համադրութիւնը պէտք է ըլլայ ուսումնասիրուած եւ դասարանէ դասարան ներդաշնակ։
6) Աշխատիլ վերջապէս որ մեր դպրոցները իբրեւ շինութիւն ըլլան գեղեցիկ, գրաւիչ, մաքուր եւ արժանի կրթարան կոչուելու։
7) Եւ իբրեւ ընդհանուր յայտարար նիւթական լայն միջոցներ գտնել թիկունք կանգնելու համար ամէն տեսակի բարեկարգութեան առիթ տուող ծախսերուն։
Ահա սիրելի բարեկամներ, իր ամփոփ գիծերուն մէջ, պատկերը մեր ազգային վարժարաններուն։ Որքան ալ երկար խօսինք այս մասին քիչ պիտի ըլլայ որովհետեւ այս հարցը աղերս ունի մեր ազգային գոյութեան իսկ հետ։
Չկայ անհատական թէ հաւաքական ճիգերու աւելի լաւ օգտագործում քան այն ինչ որ կ՜ըլլայ կրթական գործերու համար։ Լիբանան, ուր օտար վարժարաններ եւ սեփական վարժարաններ կը վխտան, կը յատկացնէ այսուհանդերձ իր պիւտճէին 16.20% կրթական նախարարութեան։ Այսինքն 101.500.000 տոլար։
Պէտք է որ ազգովին մեր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձնենք մեր ազգային վարժարանները։
Վստահ կրնանք ըլլալ, որ երբ անոնք սկսին լաւ արդիւնք տալ, այն ատեն մեր հարցը պիտի դառնայ միմիայն դասարաններ աւելցնելու հարց։
Սակայն ինչ կ՜արժեն ժողովներու եւ հաւաքոյթներու մէջ առնուած որոշումները եթէ մենք բոլորս ազգովին գիտակից պարտաճանաչութեամբ չիւրացնենք զանոնք եւ չի համագործակցինք։