Տասնեակ մը տարիներէ ի վեր գոյապաշտ բառը կը շրջի իմաս- տասէր ու գրասէր անձերու գրեթէ բոլորին ալ շրթունքներուն վրայ։ Յաճախ գրական թէ իմաստասիրական երկի մը, թատերգութեան մը, մինչեւ իսկ շարժանկարի մը մասին կը լսուի սա խօսքը թէ ան գոյապաշտ խորք ունի եւ կամ գոյապաշտ ձգտում։
Բայց ի՞նչ է գոյապաշտութիւնը (existentialisme). Existentialisme բառը յառաջ եկած է գերմաներէն existential ածականէն, որ ճարտարօրէն դարբնուած է գերմանացի նշանաւոր իմաստասէր Հայտըկերի (Heidegger) կողմէ existanz (գոյութիւն) գոյականէն։
Ասիկա գաղափարական շարժում մըն է որ սկսաւ Գերմանիայէն, արմատ նետեց եւ կազմաւորուեցաւ Ֆրանսայի մէջ, ապա զարմանալի արագութեամբ մը տարածուեցաւ ամբողջ Արեւմտեան Եւրոպա, Ամերիկա, մինչեւ իսկ Եգիպտոս եւ Լիբանան։ Տարօրինակ չթուի ընթերցողիս՝ եթէ ըսեմ թէ Պէյրութի մէջ կը գտնուի այժմ զբօսավայր մը զոր կը կոչեն Club des existentialistes.
Ըստ Հայտըկերի, գոյապաշտութիւնը վերլուծումն է մարդկային գոյութեան կազմուածքին. իմ անձնական գոյութիւնս պայման մըն է որուն համար գոյութիւն ունին աշխարհի վրայ մնացած բոլոր նիւթերը։ Աւելի բարորոշ կերպով, գոյապաշտութիւնը իմաստասիրութիւնն է մարդկային գոյութեան, բառիս առարկայական եւ անմիջական իմաստով։
Պատմականօրէն այս շարժումը իր ծագումը կը պարտի գերմանացի իմաստասէր Հայտըկերի (Sein und zeit, 1927) որ իր կարգին կրած է զգալապէս տանըմարքացի Քիրքըկաարտի, Բասգալի եւ Սուրբ Օգոստինոսի ազդեցութիւնները։
Ներկայիս ան կը բաժնուի, որպէս իմաստասիրական շարժում, երկու ճիւղերու։ Առաջինը Քրիստոնեայ գոյապաշտ դպրոցն է, որուն պետն է Կապրիէլ Մարսել իր հետեւորդներով, ինչպէս Ժասպէր, Վայլ, Վալ, եւայլն… իսկ երկրորդը՝ անաստուած գոյապաշտ դպրոցն է զոր կը ղեկավարի Ժ.Բ. Սարթր (J.P. Sartre) իր հետն ունենալով բազմաթիւ գործակիցներ, ինչպէս Տիկ. Պովուար, (Mme Bauvoir), Գամիւ (Camus), եւայլն։
Այն միակ սկզբունքը՝ որ հաւասարաբար կ՜ընդունուի այս զոյգ շարժումներու համախոհներուն կողմէ, հետեւալն է՝ թէ գոյութիւնը կը կանխէ էութիւնը։
Ներկայ յօդուածով պիտի ջանանք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, ներկայացնել հակիրճ կերպով անաստուած գոյապաշտ դպրոցը եւ միայն որպէս գրական շարժում։ Առ այժմ զանց կ՜առնենք իմաստասիրական մասը որ ստուարագոյն էջեր պիտի պահանջէր։

ԳՈՅԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԾԱԳՄԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ
1930էն ասդին եւ աւելի ակնբախ կերպով Բ. համաշխարհային պատերազմին սկիզբէն ի վեր, բազմաթիւ ֆրանսացի երիտասարդ գրողներ փորձեցին հակազդել տիրող ճնշիչ պայմաններուն, անտեսելով աւանդական հիւմանիստ ուղղութիւնը։
Այս մարդիկը, դիտելով որ ներկայ աշխարհիս վրայ կը բացակային կանոն եւ տրամաբանութիւն, ուր կը տիրեն վայրագաբար բիրտ ուժն ու բնազդները, ուր անհատական ճակատագիրները կուրօրէն կը տրորուին պատմական ալիքներու ներքեւ, չեն ուզեր այլ եւ չեն կրնար հաւատալ իտէալ մարդու մը գոյութեան, մտքի հեղինակութեան եւ անոր հետեւանքով բարօր կեանքի կարելիութեան։ Անոնք չեն իսկ հաւատար մարդու գերիվերութեան (transcendance), անդենական աշխարհին ուր կը խոստացուի արդար վարձատրու- թիւն ամէն մարդու, նայած իր արժանիքին։
Մշուշապատ դէպքերու ընդմէջէն անոնք կը տեսնեն ու կ՜ուզեն միայն տեսնել մարդը ինչպէս որ է՝ իր տկարութիւններով, դժբախտութիւններով, բայց նաեւ իր ապրելու վճռական կամքով եւ վայելքի ու տիրապետութեան զոյգ բնազդներով։ Այս մարդիկը իրենք զիրենք կը նկատեն իբր թէ նետուած անողոք ճակատագրի մը ճիրաններուն մէջ։ Հետեւաբար, ըստ իրենց, աշխարհն ու պատմութիւնը անդարմանելիօրէն անհեթեթ են, այլանդակ (absurde) եւ թողլքուած ոչ թէ թաքուն օրէնքի մը իշխանութեան, ոչ եւս նախախնամութեան,¬ այլ սոսկ ու սոսկ դիպուածին։ Այս իսկ պատճառով, ամէն քայլափոխին կը կարծեն իյնալ ողբերգական գրութեան մէջ։
Մեր ցարդ ըսածներէն իսկ կ՜ընդնշմարուի արմատական յոռետեսութիւն մը որմով պարուրուած է վերոյիշեալ մարդոց էութիւնը։ Անոնց խիղճը կը տառապի անօրինակ անձկութեամբ մը (angoisse) որ աւելի եւս կը շեշտուի հաւաքական արկածախնդրութեան մը անիմաստ եւ անվախճան զգացումով։
Այս է ահաւասիկ մեկնակէտը գրականութեան մը որուն մէջ զարհուրելի կերպով պիտի արտայայտուի քաղաքակրթութեան տագնապը։ Սակայն, հակառակ այս բոլորին, պէտք է ապրիլ նոյնիսկ այդ քաոսին մէջ։
Յուսահատ գոյապաշտներուն համար, կեանքը տանջանքի, զըրկանքի եւ կասկածի խառնարան մըն է, ուր՝ որպէս վստահելի յենարան՝ ունին լոկ իրենց նիւթական եսը։ Իրենց միտքն ու բանականութիւնն անգամ զիրենք կը դաւաճանեն, քանի որ անոնց միջոցով կարելի կ՜ըլլայ թափանցել իրենց ներքնաշխարհը ու հոն եւս գտնել դարձեալ կասկած, յուսախաբութիւն եւ անձկութիւն։ Անոնք անվարան կը խոստովանին թէ իրենց անձին ամենավստահելի եւ հաւատարիմ մասն է իրենց կենդանական, զգայական եւ սեռային կեանքը։ Գոնէ այս իրենց կը պատկանի, որպէս անուրանալի ու բացարձակ ստացուածք մը։ Իրենց կը պատճառէ վայելքի հեշտանքը, հոգ չէ թէ վաղանցուկ, սակայն բաւականին գոհացուցիչ՝ զիրենք մահափորձէ հեռացնելու համար։ Ասիկա երեւոյթ մըն է պատմութեան տագնապներուն եւ քաղաքակրթութեան անկման շրջաններուն յատուկ։
Դարերու ընթացքին պատահած են գերզգայուն, իրենց ապրած ժամանակաշրջանէն գերիվեր եւ մենակեաց խառնուածքի տէր անհատներ որոնք իրենց հանճարին ամբողջ տարողութեամբ փորձած
են հակազդել դէպքերու եւ գաղափարներու անկանոնութեանց դէմ, ինչպէս՝ Բասգալ, Քիրքըկաարտ, Նիչէ եւայլն…։
1930էն ասդին տեղի ունեցած պատմական մեծ վերիվայրումները, այն սրտաճմլիկ տագնապը զոր մարդկութիւնը անցուց վերջին քառորդ դարուս, Սպանիոյ պատերազմէն մինչեւ Հիրոշիմայի փլուզումը մեծագոյն ազդակները պիտի ըլլային փութացնելու համար կարգ մը մարդոց անկումը դէպի յուսահատութիւն։ Այսուհանդերձ, զինուորական եւ քաղաքական դէպքերու առընթեր կային նաեւ ուրիշ պատճառներ որոնք նոյնքան եւ աւելի վճռական դեր խաղացին այս հարցին մէջ։
Մօտաւորապէս դարէ մը ի վեր, արեւմտեան մարդուն գիտակցութիւնը արտակարգ բախում մը ունեցաւ բաղդատաբար այն դանդաղ ու խաղաղ ցնցումներուն, որոնք երեսուն դարերէ ի վեր կատարուած էին։ Նորանոր գիտական թէ թեքնիք հսկայական գիւտեր պատճառ դարձան որ մեր աշխարհը ներկայանայ մարդոց որպէս անհունօրէն վերացական եւ բարդ պատկեր մը։ նոյն այդ գիւտերը մարդուս հայհայթեցին զարմանալի կարողութիւններ՝ կատարեալ ազդելու աշխարհին ու զայն փոխակերպելու համար։ Այն պահուն երբ բնագիտութիւնն ու պատմութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէին, հոգեվերլուծական աշխատանքները նուազ չէին զարգանար։ Հոգեբաններ եւ վիպասաններ կը ձգտէին թափանցել հոգիին ամենամութ բաւիղներուն մէջ, տիրանալու համար անոր գաղտնի ծալքերուն։ Մինչ անդին, կարգ մը բնազանցական միտում ունեցող բանաստեղծներ, արհամարհելով տրամաբանական մտքի սահմանները, եւ շփոթելով բանականութեան օրէնքները բարոյագիտական սկզբունքներու հետ, փորձեր կը կատարէին հասնելու համար բացարձակին, գերիվերին եւ գերիրականութեան (surrealisme)։
Բնականաբար այսքան տարածուն ուժերու ազդեցութեան ներքեւ, թանկարժէք՝ բայց եւ դիւրաբեկ բանական համադրութիւնը պիտի ընկրկէր կասկածի եւ խառնակութեան յորձանքներուն առջեւ։

ԳՈՅԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐԸ
Գոյապաշտ գրողի մը նիւթը առ հասարակ շփոթ, դիպուածային եւ անկապակից իրականութիւն մըն է, իր մեկնակէտը բացարձակապէս անձնական փորձառութիւնն է, որ չի համակերպիր ոչ մէկ ընդհանուր օրէնքի։ Անոր համար գրական երկի մը արժէքը կը կայանայ դէպքերուն եւ կարագրութեանց ճշգրտութեան մէջ։ Հետեւաբար գոյապաշտ գրագէտը սկզբունքով կը մերժէ գրական թէ գեղագիտական բոլոր յարմարութիւնները, ինչպէս ոճը, ճաշակը, լեզուն…։
Ոճը պէտք է ըլլայ, ըստ անոր, կարելի եղածին չափ, անձնական, մանրամասնուած եւ ժամանակագրեալ։ Ան պէտք է ձգտի կատարեալ իրապաշտութեան։ Նախասիրաբար պիտի գործածէ ժողովրդական բարբառը, պիտի իւրացնէ խօսուած լեզուին անկանոնութիւնները, առանց խուսափելու խրթնութիւններէ։ Պիտի ըլլայ կոշտ, եթէ ոչ միշտ անբարոյական, գոնէ յաճախակի կերպով սիրային պատկերներով գունազարդուած։ Մենք կը տեսնենք յաջորդաբար այս բոլորը, գոյապաշտ գրողներու զանազան երկերուն մէջ, ինչպէս՝ Vaillandի, DrՒle de Jeuե, Maralisի ,La rage des Innocentsե, Fisson, ,Voyage aux horizonsե, Mme Beauvoir, ,L՚inviteeե եւայլն, եւայլն…։ Նոյնիսկ իրենց մեծագոյն վարպետին Ժ. Բ. Սարթրին, Le Sursisեին մէջ կը գտնենք, նախադասութիւններու systematique աղճատում մը, ներքին անհատնում մենախօսութիւն, անձնական դերանուններու ալ խառնաշփութութիւն մը, նոյն հեղինակին ,Le sang des autresե գրքին մէջ։
Շատ ստուար է թիւը այն բոլոր գոյապաշտ գրողներուն՝ որոնք ոչ միայն կը գոհանան իրենց գիրքերը արտառոցութեամբ խճողելով, այլ եւ բացառիկ հաճոյք մը կը զգան զանոնք մշակելու եւ ժողովուրդին ներկայացնելու։
Քննադատները բնականաբար պիտի չկարենային հանդուրժել այս բոլորին։ Մասնաւորաբար կիներն են որ շատ աւելի կ՜ընդվզին գրելու այս եղանակին դէմ։
Այսպէս՝ Տիկ. Ժերմէն տը Պոմոն (Germaine de Beaumont), քննադատելով գոյապաշտ գրականութիւնը, ,Les Nouvelles Litterairesեի մէջ, կ՜ըսէ ի մէջ այլոց. «Յուսահատ վիպասաններուն մօտ անսահման ճաշակ մը կայ ցեխի, շտեմարաններու, կոյուղիներու եւ տարբեր տեսակի ստորերկրեայ աղտոտ վայրերու ընդհանուր հակում մը դէպի թուքը, կապոյտ ճանճը, ժանտախտը եւ գարշանքը»։ Առաջին վարպետներուն համար, հարցը իր մակերեսային երեւոյթէն դուրս շատ մեծ եւ լուրջ խորք ունէր։ Անոնք կ՜աշխատէին, իրենց գերզգայութեամբ մարդկային տանջանքները նկարագրելէ ետք, վերակազմելու մարդկային գոյութեան գործելու եւ ապրելու ձեւը։ Դժբախտաբար անոնց յաջորդեցին տասնորդական կարգի գրողներ՝ որոնք որպէս մեկնակէտ ունենալով գոյապաշտութիւնը, մէկդի շպրտեցին գեղեցիկի, ազնիւի ու ճաշակի գաղափարը։ «Ասիկա դաւաճանութիւն մըն է որքան արուեստին նոյնքան ճշմարտութեան», պիտի ըսէր Շամսոն (Chamson), Les Nouvelles Litteraires, 1949, Ապրիլ 7ի թուին մէջ։
Ժ. Բ. Սարթր կը ջանայ բարոյական եւ հիւմանիստ խորք մը գտնել իր ղեկավարած դպրոցին մէջ։ (l՚Existentialisme est un humanisme, 1946):
Պատմութեան դիպուածին եւ աշխարհի քաոսին մէջ ձգուած գոյապաշտ մարդը, կծկուած ինքնիր գիտակցութեան վրայ, պիտի կարենա՞յ արդեօք խուսափիլ անիշխանականութեան փորձութիւններէն ու հասնիլ բարոյականի։ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ հոգիի համաշխարհային եւ գերիվեր արժէքները ուրանալէ յետոյ, ո՞ր աստիճան կարելի պիտի ըլլայ, գոյապաշտ գրողներուն, բարոյականեւ հիւմանիստ հիմք դնել իրենց շարժման մէջ։
Աս ամենակարեւոր հարցն է զոր ներկայ գրականութիւնը իր առջեւը կը դնէ եւ որուն համար հիւմանիստ գրողները չեն վարանիր այժմէն իսկ իրենց բացարձակ կասկածը արտայայտելու։

2 Օգոստոս 1950

02-08-1950