Աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր, պետութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու մօտ, միջնակարգէն ետք իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ այլազանութիւն ներմուծելու յստակ ձգտում մը կայ։ Այսպէս, այն երկիրները, ուր համալսարանի մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորիայով՝ իբրեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած երկրորդական ուսման վկայական, առաջացուած են պաքալորիայի զանազան բաժանմունքներ, որոնց շնորհիւ աշակերտը կրնայ կատարել լայն ընտրութիւններ՝ հետագային իր ընդգրկելիք մասնագիտութեան նկատմամբ։
Պետական պաքալորիա չունեցող երկիրները, Հայ Սքուլի մակարդակէն ետք, նախա-համալսարանական հանգրուանին, կրթական զանազան ծրագիրներով՝ աշակերտը կը պատրաստեն իր ընտրելիք մասնագիտական բարձրագոյն ուսումին։
Այս մտահոգութիւնը կը բացատրուի գլխաւորաբար հետեւեալ երկու պատճառներով.
1) Վերջին 50 տարիներու մանկավարժական եւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները առաւել եւս հաստատեցին այն տեսակէտը, որ ենթական պէտք է ընտրէ ճիւղ մը, որ եթէ անպայման իր նախասիրածը չէ, սակայն առնուազն ներդաշնակ է իր խառնուածքին, մտային կարողութեան եւ ընդունակութեան, որոնք ստացական չեն։ Ա՛լ անցաւ այն ժամանակը, երբ աւանդական ուսմանց մէջ դժուարութիւն ունեցող աշակերտը կÿորակուէր «անխելք», «անմիտ», «ծոյլ», եւայլն։ «Խելացի» եւ «անմիտ» ածականները յարաբերական են։ Աշակերտ մը կրնայ չյաջողիլ գիտական նիւթերու մէջ, ինչ որ պատճառ մը չէ զինք ստորագնահատելու, սակայն կրնայ յաջողիլ ուսման այլ բնագաւառներուն մէջ (գրական, պատմական, եւայլն…)։ Ան կրնայ շահագրգռութիւն չցուցաբերել ո՛չ մէկուն եւ ոչ ալ միւսին նկատմամբ, սակայն մեծ ճամբայ կրնայ կտրել եւ յաջողիլ կեանքի մէջ արհեստագիտական մարզերէն ներս։ Կը բաւէ, որ հաստատութիւնները եւ ծնողները առիթը տան անոր, որ վերագտնէ իր բնական միջավայրը, ուր պիտի կարենայ զարգացնել իր անհատակնութիւնը եւ տիրանալ իր խառնուածքին եւ ընդունակութիւններուն համապատասխանող մասնագիտութեան։
1) Համլսարաններու մասնագիտական ուսումը կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակ.
ա.- Հետազօտութիւններ կատարել, նպաստելու համար գիտութեան յառաջդիմութեան, իր բոլոր մարզերէն ներս, ի սպաս մարդկութեան ծառայութեան։
բ.- Մասնագիտական ուսում ջամբել եւ վկայական տալ թեկնածուներուն, որպէսզի կարենան մէկ կողմէ գործ գտնել եւ ապահովել արժանավայել կեանք եւ, միւս կողմէ՝ օգտակար հանդիսանալ ազգային տնտեսութեան բարգաւաճման։
Տնտեսապէս յառաջացած երկիրները, յատուկ սպասարկութիւններու միջոցաւ, կը ճշդեն յառաջիկայ 5-10 տարիներու համար մասնագէտներու իրենց պահանջքը, որուն լոյսին տակ եւ շնորհիւ պետական կամ ընկերութիւններու ընձեռած նիւթական նպաստներուն՝ համալսարանները, իրենց կարգին, կը դասաւորեն իրենց կառոյցը՝ խնդրոյ առարկայ մասնագիտութեան կալուածը զարգացնելու համար։
Պատերազմէն առաջ, 1970-1971ին կատարուած վիճակագրութիւն մը հետեւեալ պատկերը կու տար Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններէն շրջանաւարտ ուսանողներուն ընտրած մասնագիտութիւններու մասին.
Գրականութիւն, իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն եւ քաղաքական գիտութիւններ 52 առ հարիւր։
Իրաւաբանութիւն 16 առ հարիւր։
Տնտեսագիտութիւն, առեւտրական եւ վարչագիտական ճիւղ 10 առ հարիւր։
Ճարտարապետութիւն 7 առ հարիւր։
Բժշկութիւն 6 առ հարիւր։
Այլ գիտութիւններ 8 առ հարիւր։
Զանազանք 1 առ հարիւր։
Եթէ ուսանողները բաժնենք Արուեստի եւ Գիտութեան բաժանմունքներով, պիտի տեսնենք, որ նոյն տարուան 32.376 ուսանողներուն 81.30 առ հարիւր համեմատութիւնը հետեւած է Արուեստի բաժանմունքին ու 18.70 առ հարիւրը՝ գիտականին։
Վերոյիշեալ համեմատութիւնները արդէն ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ մեծ անհաւասարակշռութիւն կայ ընտրուած նիւթերու եւ երկրին պահանջներուն միջեւ, երբ քաջ գիտենք, որ Լիբանանի անտեսութիւնը շրջանային տարածք ունի։ Ասոր հետեւանքը կրնայ ըլլալ անգործութիւն եւ երբեմն ալ արտագաղթ։ Առնենք քանի մը օրինակներ։
1952-1978 ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 4741 երկրաչափ, որոնց 70 առ հարիւրը կը կարծուի, որ արաբական աշխարհի մէջ կը ծառայեն։ Վերոյիշեալ թիւը ցոյց կու տայ, որ շուրջ 1400 երկրաչափ կայ մէկ միլիոն բնակչութեան համար։ Մինչդեռ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, եւ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ ամէն մէկ միլիոն բնակիչի համար գոյութիւն ունի 3500-4500 երկրաչափ։
Եթէ Լիբանան շրջանային տնտեսութեան ուղեգիծ որդեգրած չըլլայ, կրնայինք տակաւին բաւականանալ ներկայ ընթացքով։
1977ին, Լիբանանի մէջ կը գործէին 598 ատամնաբոյժներ։ 1965-1977 երկարող ժամանակշրջանին արձանագրուած 326 ատամնաբոյժներուն 172ը միայն Լիբանանի մէջ ուսած են, իսկ 154ը արտասահման։
1971-1977 ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մէջ արձանագրուած
են 852 բժիշկներ, որոնց 225ը՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն, 95ը՝ Ամերիկեան համալսարանէն եւ մնացեալ 532ը արտասահմանէն վկայուած են։
Այս թիւերը ցոյց կու տան Լիբանանի պահանջը եւ հոն գործող համալսարաններու արտադրական անբաւարարութիւնը։ Այս համալսարանները դժբախտաբար ո՛չ նիւթական լայն կարելիութիւններ ունին եւ ոչ ալ համապատասխան որակեալ մարդուժ՝ կարենալ ընդլայնելու համար իրենց ներկայ կառոյցները։
Գրական եւ մարդկային գիտութեանց բաժանմունքներու պարագային՝ կը պարզուի ճիշդ հակապատկերը։ Այս ճիւղերէն վկայեալները կ՜ողողեն հրապարակը, երբ այդ ուղղութեամբ պահանջը սահմանափակ է։
Լիբանան, նկատի առած իր առանձնայատուկ տնտեսական կոչումն ու որդեգրած քաղաքականութիւնը, ստոյգ պէտք ունի գիտական ճիւղերու կապուած մասնագէտներու, որակեալ միջին անձնակազմերու, կարող քարտուղարուհիներու, միջազգային մակարդակով թարգմաններու, հաշուագէտներու, համակարգիչ մեքենաներու վրայ աշխատողներու եւ, մա՛նաւանդ՝ զարգացած արհեստագէտներու։
Ահա, այս երեւոյթն է, որ մտահոգութիւն պատճառած է պետութեան, եւ կրթական նախարարութիւնը ներկայիս լծուած է ընդարձակ ծրագիրներու մշակումին, առաւել թափ տալու համար Արուեստից եւ Արհեստից վարժարաններուն։ Կարեւոր գումարներ նկատի առնուած են, տարածելու համար արհեստագիտական վարժարաններու ցանցը, անմիջապէս որ ապահովութիւնը եւ քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատուին երկրին մէջ։
Արդարեւ, Արուեստից եւ Արհեստից վարժարաններու թիւը մեծ համեմատութիւններու հասած է այլ երկիրներու մէջ։ Հողամշակութիւնը, ճարտարարուեստը, դրամատնային հիմնարկները, վաճառականութիւնը եւ ծառայութիւնները անընդհատ որակեալ տարրերու պէտք ունին։ Անոնք պէտք ունին մասնաւորաբար միջին անձնակազմերու, որոնք արտադրութեան մարդկային ուժականութիւնը կը ներկայացնեն։
Եւրոպայի մէջ աշակերտութեան 40-50 առ հարիւր համեմատութիւնը կը յաճախէ արհեստագիտական վարժարաններ։ Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ արհեստագիտական ճիւղերուն արձա- նագրուած աշակերտութեան թիւը համեմատաբար աւելի բարձր է, քան Լիբանանի մէջ։ Այսպէս, Յորդանանի աշակերտութեան 14 առ հարիւրը եւ Սուրիոյ աշակերտութեան 20 առ հարիւրը կը հետեւին արհեստագիտական ուսումներու։ Մինչդեռ, Լիբանանի մէջ այդ համեմատութիւնը աշակերտութեան 2 առ հարիւր համեմատութիւնն էր 1971ին եւ 4-5 առ հարիւրը՝ ներկայիս։
Լիբանանի մէջ արհեստագիտական ուսումը սկսաւ 1905ին, երբ հիմնուեցաւ Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանը։ Անիկա զարգացաւ 1948ին եւ իր ներկայ կառոյցներուն տիրացաւ 1967ին։ Արհեստագիտական ճիւղը՝ իր յառաջացուցած տեսական եւ գործնական կազմաւորումով, հիմնական ձեռնհասութիւն կու տայ աշակերտին, որպէսզի ան կարենայ առանց խարխափումի, երբ զանազան պատճառներով պիտի չուզէր մինչեւ համալսարան հասնիլ, ընդգրկել կարճ ժամանակմիջոցի մէջ իր խառնուածքին եւ ընդունակութիւններուն համապատասխանող շահաբեր եւ գոհացուցիչ ասպարէզներ, որոնք կրնան ըլլալ գրասենեակային գործեր, ինչպէս նաեւ՝ արհեստանոցի աշխատանքներ։ Հիմնականը աշակերտին բարոյական կորովը բարձր պահելով, անոր տալն է իր անհատականութիւնը զարգացնող կարելիութիւններ՝ համաձայն իր ընդունակութիւններուն եւ անով իսկ ապահովաբար ճշդել իր տեղը մարդկային ընկերութեան մէջ։
Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանները, անոնց համար, որոնք կ՜ուզեն պետական թեքնիք պաքալորիայի հասնիլ, կը պահանջեն միջնակարգէն ետք 3 տարուան ուսումը, որմէ ետք 2 տարուան յաւելեալ ուսումով աշակերտը կրնայ խորացնել իր մասնագիտութիւնը եւ ստանալ մասնագիտական բարձրագոյն վկայական (T.S.) եւ կամ փոխադրուիլ համալսարան, ակադեմական դրութեան, կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը, իր մասնագիտութեան համապատասխան ճիւղին մէջ։
Այն աշակերտները, որոնք պիտի չուզէին երկարատեւ ուսում ստանալ, պաքալորիա թեքնիքի (B.T.) արձանագրուելով կրնան 1 կամ 2 տարիէն ձեռք ձգել որոշ մասնագիտութիւններ եւ նետուիլ աշխատանքի դաշտ։
Ահա, այս հեռանկարներով է, որ ազգային իշխանութիւնը ծրագրած է իր դպրոցական ցանցին մէջ տեղ տալ Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանին, որպէսզի մեր այն աշակերտները, որոնք զանազան պատճառներով պիտի չուզէին համալսարանի ուղղութեամբ շարունակել իրենց ուսումը, կարենան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ստանալ Արուեստից եւ Արհեստից վկայական մը՝ ինքնավստահութեամբ նետուելու համար կեանքի գուպարին մէջ։