Գերապատիւ Հայր Սուրբ, Սիրելի ՀԵՀՈՄականներ

 

Պիտի ուզէի նախ շնորհաւորել Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութիւնը որ հայ համալսարանական ուսանողները շահագրգռող այսքան շահեկան եւ այժմէական հարցազրոյց մը կազմակերպած է։

Բազմաթիւ ազդակներ կը սատարեն ազգային դիմագիծի պահպանման ինչպէս ընտանիքը, որուն շունչը կը պայմանաւորէ ապագայ երիտասարդութեան դիրքաւորումը, դպրոցը ուր ուսման միջոցով կը փոխանցուի մեր մշակութային ժառանգը, շրջապատը, որուն առողջ եւ հայեցի մթնոլորտին մէջ հայ երիտասարդի հոգիին մէջ կը բացուին ազգային գիտակցութեան մշտանորոգ ակօսներ։ Եւ այս բոլորը կը կազմեն ազգային դաստիարակութիւն։

Հայ համալսարանականը պէտք է միշտ վառ պահէ իր ազգային դիմագիծը եւ գօտեպնդուի ազգային ոգիով առանց սակայն հասնելու այլամերժութեան որմէ պէտք է խուսափիլ, եւ աշխատիլ զայն փոխանցել իր շրջապատին։

Արդարեւ որ երկիրներու մէջ ալ ապրինք, հայրենիքէն դուրս, ենթակայ ենք բնութեան անյեղլի օրէնքին, փոքրամասնութեանց վիճակուած ճակատագրական բախտին, ըլլանք տկար կամ զօրաւոր փոքրամասնութիւններ պիտի չկարենանք տոկալ ժամանակի եւ օտար միջավայրի տարրալուծող ազդեցութեան։

Ազատ ժողովրդականութեան  մէջ  կ՜ըսէ,  նշանաւոր ընկերաբան եւ քաղաքական գիտութեանց Փարիզի համալսարանի նախկին դասախօս, Emmanuel Mounier, «ցեղային կամ ազգային փոքրամասնութիւններու խաղաղ գոյակցութիւնը մնացեալ բնակչութեան  հետ կ՜առաջնորդէ միաձուլումի , իսկ անոնց իրերամերժ դիրքաւորումը իբրեւ հետեւանք կրօնական եւ մշակութային տարբեր ըմբըռնումներու յառաջ կը բերէ հակադրութիւն»։ Եթէ ասիկա ճիշդ է ընկերաբանական հասկացողութեամբ, անհրաժեշտ է  ու րեմն անընդմէջ պայքարիլ պահելու համար մեր ազգային դիմագի- ծը, մեր ինքնութիւնը, յատկապէս ազատ աշխարհի մեր գաղութներուն մէջ ուր հայութիւնը կը վայելէ հաւասարութեան սկզբունքով կեանքի դիւրութիւններ եւ ուր այլամերժութեան ցցուն դիրքաւորումներ չկան։

Յաջողելու համար չի բաւեր միայն վկայականներ ունենալ որքան ալ անոնք նախադուռը նկատուին յաջողութեան։ Չի բաւեր նոյնիսկ գործի մէջ մասնագիտութիւն ձեռք ձգել, դրամ վաստակիլ գիտնալ եւ հարստութիւն դիզել։

Կարեւորը մարդու մը համար այդ բոլորէն անկախ ու այդ բոլորէն վեր իր կեանքը կարենալ երջանիկ դարձնելն է, յաջողիլն է իր ուրոյն կեանքին մէջ, իր բնատուր ձիրքերու զարգացումով, իր ողջախոհութեամբ, պարկեշտ նկարագրով, եռանդուն աշխատանքով, հոգեկան բաւարարութեամբ եւ մանաւանդ իտէալով։

Արդարեւ սոսկ դրամի, դիրքի, պատիւներու տիրացումը անպայմանօրէն յաջողութիւն չեն կրնար նկատուիլ քանի որ անոնք չեն կրնար ըլլալ կեանքի նպատակ այլապէս մարդու կեանքը պիտի վերածուէր բուսական եւ անասնական գոյավիճակի։

Անոնք օգտակար միջոցներ են օգնելու համար անհատին որ իրականացնէ զինքը ազնուացնող եւ իրեն հոգեկան գոհացում տուող ձգտումներու։

Հոգին եւ ազգային խիղճը ունին նաեւ իրենց պահանջքը եւ մեզ կը դնեն պարտաւորութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու առջեւ որոնց անգիտացումը մեր ներաշխարհը կը պահէ մնայուն խռովքի մէջ։ Ոեւէ գիտակից անհատ չի կրնար ինքզինքը երջանիկ զգալ այնքան ատեն որ չէ բաւարարուած իր հոգին։

Իմաստասէր մը կ՜ըսէ, «եթէ կ՜ուզէք յաջողիլ ձեր կեանքին մէջ, աշխատանքը ձեր կեանքի ընկերը դարձուցէք, շատ լաւ ըրէք ինչ որ պարտիք ընել, փորձեցէք ըլլալ լաւագոյնը ձեր ընտրած ասպարէզին մէջ եւ մանաւանդ ունեցէք իտէալ մը որուն համար կարենաք ի հարկին յանձն առնել տառապիլ եթէ նոյնիսկ անհրաժեշտ ըլլայ այդ»։

Սակայն որպէսզի այդ յաջողութիւնը ձեզ դնէ երջանկութեան հունին մէջ, անհրաժեշտ է որ ունենաք հոգեկան ապրումներ, ձեր կեանքին թռիչք տուող երազներ եւ վերջապէս վեհ իտէալներ։

Իտէալի ձգտումը հեռու կը պահէ ձեզ հանգստապաշտութենէ, շռայլութենէ, պերճամոլութենէ, որոնք կը մեռցնեն ձեր հոգեկան առաքինութիւնը։ Իտէալը մարդը կ՜ազնուացնէ, կը տարանջատէ սովորական մահկանացուներէն եւ անոր կեանքը կ՜իմաստաւորէ։

Եւ իբրեւ հայ ինչպէս կրնանք երջանիկ զգալ զմեզ եթէ զուրկ ենք ազգային գիտակցութենէ, իտէալէ, եթէ չունինք ծառայելու ոգի,  տեսլական  կամ  ազգային  ընդհանրական  շահերու   կապուած երազներ։

Ինչպէս կրնանք զմեզ երջանիկ զգալ եթէ չունինք հոգեկան բաւարարութիւնը մաքառումներու, պայքարի, եւ խոյանքներու, ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու տիրացման, մեր ազգային գոյատեւման, մեր եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման։

Պէտք է մեր նիւթական եւ ֆիզիքական պահանջքներուն գոհա- ցում տուող միջոցներու կողքին մտածենք նաեւ մեր մարդկային խղճին եւ մեր ազգային խղճի պահանջքներուն բաւարարութիւն տուող պայմաններու մասին։

Պէտք է տէր կանգնինք մեր ինքնութեան ու կապուած մնանք մեր արմատներուն որոնք երեւան կը հանեն մեր ազգային եւ բարոյական դիմագիծը, մեր հոգեկան արժէքները որոնց ներշնչումով կը բեղմնաւորենք մեր ներկան եւ կը պատրաստենք մեր ապագան։

Պէտք է գուրգուրանք մեր լեզուին, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու վրայ իբրեւ միջնաբերդ հայապահպանման եւ ըլլանք յանձնառու։

Յանձնառուն այն է որ կը ճշդէ իրեն համար վսեմ առաքելութիւն ազգային ընդհանուր շահերու նկատմամբ ունի պարտականութեան գիտակցութիւն եւ ծառայելու ոգի։

Յանձնառուն ինքզինքը պատասխանատու կ՜զգայ այն ծառայութեան համար որ կրնայ կատարել ի շահ իր ազգին, իր հայրենի- քին եւ իր շրջապատին։

Յանձնառութեան այս ոգին է որ ձեր մէջ պէտք է բոյն շինէ։ Արդարեւ ժողովուրդի մը ապագան կը կերտուի ներկայ ատաղցով, իր երիտասարդութեան տեղ հասնելու վճռակամութեամբ եւ անխորտակելի կամքով։

Պէտք է խուսափինք անտարբերութենէ որ աղբիւրն է ջլատիչ տրամադրութիւններուն որոնք աներկբայօրէն կ՜առաջնորդեն դէպի դանդաղ մահ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն։

Եթէ կ՜ուզէք չափել ժողովուրդի մը ազգային շունչին տարողութիւնը, կ՜ըսէ ուրիշ գրագէտ մը, մտիկ ըրէք անոր երիտասարդութեան սրտին զարկերը։

Պէտք է գիտնանք տալ մեր ժողովուրդին մեր մտքէն, մեր ժամանակէն, մեր նիւթական կարելիութիւններէն, մեր շունչէն եւ մանաւանդ մեր սրտէն։

Եթէ կ՜ուզէք յաջողիլ ձեր կեանքին մէջ, յիշեցէք յայտնի մտաւորական եւ գրագէտ Michռl Kouaտ-ի խօսքը, «միայն տալու պայմանով է որ մարդ կը յաջողի իր կեանքին մէջ եւ կը ճանչնայ իսկական երջանկութիւն»։

Պատմութիւնը անողոք է, անփառունակ ճակատագիր կը ճշդէ այն ժողովուրդներուն հանդէպ որոնք կը մնան կրաւորական, դիտող, համակերպող եւ ի վիճակի չեն պայքարելու պահելու համար իրենց ինքնութիւնը եւ հաւաքական անհատականութիւնը։

Նշանաւոր ֆրանսացի գրագէտ Պերնանոս ըսած է, «պէտք չէ սպասել որ ապագան պարտադրուի մեզի այլ պէտք է զայն կերտել»։

Պէտք է գիտնանք դիավարել հոսանքն ի վեր, պահել սփիւռքահայութեան դիմագիծը եւ դարձնել զայն յանձնառու։ Պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու մարդոցմով պէտք է սակայն աշխատինք հաւատքով ու կազմակերպուած կերպով։ Պայքարը առանց կազմակերպուած հաւաքական ճիգերու պարագայական խանդավառութեան եւ զեղումի դուռ կը բանայ ու կը մնայ անհետեւանք։

Երբ ժէնէրալ Տը Կոլին հարց կը տրուի թէ ինչու հզօր Ֆրանսան լքելով Ալժէրիան, անկախութիւն տուաւ անոր այն շրջանին ուր 1.5 միլիոն ֆրանսացիներ կ՜ապրէին հոն ուր կը գտնուէր շուրջ 700 հազար զինեալ ֆրանսական բանակ։

Ան կը պատասխանէ՝ որովհետեւ նկատեցի որ բոլոր ալճերացի ղեկավարները համաձայն էին իրարու հետ եւ հաւաքաբար ու կազմակերպուած կերպով կը պայքարէին իրենց գերիշխանութեան տիրանալու համար։

Մեր կառոյցները ընդարձակ են։ Անոնք կ՜ընդգրկեն մեր ազգային կեանքի եկեղեցական, կրթական, տնտեսական, կալուածական, դաստիարակչական, բարեսիրական եւ վարչական բնագաւառներ։ Այդ կառոյցները կրնան կենսաւորուիլ իրենց ծառայական ընթացքին մէջ երբ հոն աշխատող անձերը գիտակից եւ զարգացած տարրեր ըլլան ու իրենց գիտութիւնը եւ կազմաւորումը դնեն ի սպաս հանրութեան եւ հասարակական շահերու։

Համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ամենադիւրին ասպարէզը ուսուցչական մարզն է ուր միշտ ալ վկայեալ, ծառայասէր եւ յանձնառու ուժերու պէտք կայ։ Եթէ նոյնիսկ ժամանակ չունենաք ձեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու ազգանուէր աշխատանքներու, անտարբեր մի կենաք փորձեցէք ձեր մասնակցութեամբ ազգային եւ մշակութային խորք ունեցող ձեռնարկներու մասնակից ըլլալ եւ քաջալերել կազմակերպիչները ձեր ներկայութեամբ, գնահատանքով եւ կամ ձեր դիտողութեամբ։ Վարչական կառոյցքները պէտք ունին նաեւ պատրաստուած համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու։ Վարձատրութիւնները կ՜ըլլան համաձայն պետական եւ ընդհանրական սակերու։

Ազգային կառոյցներէն դուրս կան նաեւ հայկական այլ բարեսիրական, մշակութային կառոյցներ որոնք կրնանր պէտք ունենալ համալսարանական երիտասարդներու, միայն ազգային վարժարանները 300է աւելի ուսուցիչ-ուսուցչուհի ունին որոնց մէկ մասը համալսարանական է։ Մեր երկրորդական եւ միջնակարգ դասարաններուն համար համալսարանականներ կը պահանջենք։

Սակայն ինչպէս վերեւ ըսենք անհրաժեշտ չէ որ մէկը ազգային մեքենայի մէջ պաշտօնեայ ըլլայ ծառայելու համար։ Ունինք բազմաթիւ մարմիններ որոնք կ՜զբաղին կրթական, տնտեսական, կալուածական եւ վարչական գործերով։ Կարելի է մաս կազմել անոնցմէ մէկուն համաձայն ձեր մասնագիտութեան եւ ձեր ծառայութիւնը բերել ազգային գործերուն։

Անոնք որոնք տրամադրութիւն ունին եւ աւարտած են իրենց ուսումը կրնան դիմել Առաջնորդարանի դիւանապետին որ կը փոխանցէ ձեր անունները Առաջնորդ հայր սուրբին։ Երբ պահանջք ներկայացուի, Առաջնորդ հայր սուրբը նկատի կ՜ունենայ ձեր տրամադրութիւնը։

Ազգային իշխանութիւնը պէտք ունի համալսարանաւարտ երիտասարդ ուժերու։ Պէտք է աշխատող մեքենային մէջ նոր եւ թարմ իւղ աւելցնել որպէսզի աւելի լաւ դառնայ։ Երիտասարդ համալսարանականները կրնան նորութիւն բերել հարցերը ըմբռնելու եւ լուծելու եղանակին մէջ եւ մանաւանդ կենսունակութիւն ներշնչել երբեմն մաշած կազմերուն։

Արդարեւ ազգային իշխանութիւնը պէտք ունի համալսարանաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու օգտուելու համար անոնց մասնագիտութենէն, երիտասարդական աւիւնէն ու վարակիչ խանդավառութենէն։

Եթէ նոյնիսկ ժամանակ ու միջոց չունիք մաս կազմելու մարմիններուն, փորձեցէք, անտարբեր մի կենաք եւ փորձեցէք քաջալերել կազմակերպիչները։

Ահա սիրելի ՀԵՀՈՄականներ ծառայելու ընդարձակ կարելիութիւններ։ Փոխանցեցէք ձեր ազգային դիմագիծը ձեր շրջապատին։ Մնացէք յանձնառու ու կազմակերպուած աշխատանքի կողմնակից, դարձէք հոգածու տէր ու պաշտպան մեր դարաւոր մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու։ Պատմական անկորնչելի իրաւունքներու եւ մեր սիրելի ու պանծալի հայրենիքին։