Գերապատիւ Առաջնորդ Հայր Սուրբ,
Գերապատիւ Հայրեր,
Յարգելի Պետական Երեսփոխան, Պատուարժան ներկաներ, Սիրելի ՀԵՀՈՄականներ
«Ինչպէս հայ համալսարանական մը կրնայ օգտակար ըլլալ իր ժողովուրդին եւ որոնք են ազգային հաստատութիւններէն ներս ծառայելու կարելիութիւնները իբրեւ ապագայի ասպարէզ»։
Թոյլ տուէք նախ շնորհաւորեմ ՀԵՀՈՄի վարչութիւնը որ հայ համալսարանական ուսանողները շահագրգռող այսքան շահեկան
եւ այժմէական հարցազրոյց մը կազմակերպած է։
Սիրելի ՀԵՀՈՄականներ,
Գիտեմ թէ զանազան համալսարաններէ կու գաք ուր կ՜ստանաք ձեր ընտրութեան համապատասխանող կազմաւորում։ Սակայն ինչքան ալ իրարմէ տարբեր ըլլան ձեր յաճախած համալսարանները, վախճանական իմաստով, բոլորն ալ կը ձգտին նոյն նպատակին՝ ջամբել ուսանողութեան մշակոյթ, հանդերձ հիմնական մասնագիտութեան մը, ու թեքնիքի եւ վարժեցնել զանոնք հետազօտութիւններու։
Մարդու յառաջացումը (la promotion de l’homme) չի կրնար սակայն ապահովուիլ սոսկ մշակոյթով եւ արհեստավարժութեամբ։ Անհրաժեշտ է նաեւ որ ան բացուի իր գոյութիւնը իմաստաւորող հիմնական հարցերու առջեւ՝ ինչպէս բարոյական արժէքներու որոնում եւ գնահատում իսկ մեր պարագային, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն եւ մեր արդար իրաւունքներու հետապնդում։ Ասոնք կ՜ամբողջացնեն մեր կազմաւորումը եւ կը ներդաշնակեն մեր հոգեմտաւոր կառոյցքը։
Պէտք չէ սահմանափակուիլ միատեսակ մշակոյթով ու մնալ կաղապարուած մտքով, իւրացուած մասնագիտութեան մը կեղեւին ներքեւ։ Ճիշդ է որ ամէն մասնագէտ կարելի չափով պէտք է խո- րացնէ իր ընտրած ճիւղը, սակայն պէտք է նաեւ ան օժտէ իր անձը յարակից այլ գիտելիքներով եւ մշակոյթով։ Բազմերանգ զարգացումը կը սատարէ մարդու ամբողջականութեան եւ հոգեկան միութեան պահպանման, մանաւանդ անոր ուղիղ դատելու կարողութեան։ Մարդը զանազան մշակոյթներու հետ իր ունեցած ծանօթութեամբ կը վերարժեւորէ ինքզինքը իր շրջապատին մէջ։
Ներկայիս գրեթէ բոլոր համալսարանները իրենց կառոյցքներով կը ջանան իրագործել մարդու ներդաշնակ զարգացումը ապահովելու ձգտող կրթական ծրագիրներ։
Golbraith ճարտարարուեստի զարգացման նուիրուած իր գրքին մէջ յստակ կերպով կը յայտնէ մասնագիտութեան նեղ սահմաններու մէջ ամփոփուելու վտանգները։
Edgard Faure մշակոյթի մասին Unescoի ներկայացուցած իր տեղակագրին մէջ կ՜ըսէ թէ համալսարանները պէտք է ուսանողին ապահովեն մասնագիտութեան կողքին մշակոյթ, թեքնոլոժի մանաւանդ խղճի զարթնում եւ գիտակցութիւն։
Երբ կը խօսուի խղճի զարթնումի եւ գիտակցութեան մասին, կը տարուինք մտածելու մեր հաւաքական խղճի, մեր ազգային խղճի ու գիտակցութեան մասին որոնց իւրացումը մեզի կու տայ ազգային դիմագիծ։
Բազմաթիւ ազդակներ կը սատարեն ազգային դիմագիծի իւրացման եւ պահպանման։
Նախ ընտանիքը որուն շունչը կը պայմանաւորէ մեր դիրքաւորումը։
Ապա դպրոցը ուր ուսման միջոցով կը փոխանցուի մեր մշակութային ժառանգը։
Եւ վերջապէս մեր միջավայրը, շրջապատը որոնց առողջ եւ հայեցի մթնոլորտին մէջ հայ երիտասարդի հոգիին մէջ կը բացուին ազգային գիտակցութեան մշտանորոգ ակօսներ։ Եւ այս բոլորը մեզ կ՜առաջնորդեն ազգային դաստիարակութեան ըմբռնումին եւ իւրացումին։
Հայ համալսարանականը պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ իր ազգային դաստիարակութեան զոր պիտի աշխատի փոխանցել իր շրջապատին։
Արդարեւ, հայրենիքէն դուրս որ երկիրներու մէջ ալ ապրինք, ենթակայ ենք բնութեան անյեղլի օրէնքին, փոքրամասնութեանց վիճակուած ճակատագրին։ Ըլլանք տկար կամ զօրաւոր փոքրամասնութիւններ պիտի չկարենանք շատ երկար տոկալ ժամանակի եւ օտար միջավայրի տարրալուծող ազդեցութեան։ Եթէ չփորձենք պաշտպանել զմեզ։
Արդի ժողովրդավարութեան մէջ կ՜ըսէ նշանաւոր ընկերաբան եւ քաղաքական գիտութեանց Փարիզի համալսարանի նախկին դասախօս Emmannel Mounier, «Ցեղային կամ ազգային փոքրամասնութիւններու խաղաղ գոյակցութիւնը բնակչութեան մնացեալ հատուածներուն հետ, կ՜առաջնորդէ միաձուլումի, իսկ անոնց իրերամերժ դիրքաւորումը իբրեւ հետեւանք կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւններու յառաջ կը բերէ հակադրութիւն»։
Եթէ ասիկա ճիշդ է ընկերաբանական հասկացողութեամբ, ան- հրաժեշտ է որ անընդմէջ պայքարինք պահելու համար մեր ազգային դիմագիծը, մեր ինքնութիւնը յատկապէս մեր գաղութներուն մէջ ուր հայութիւնը կը վայելէ ազատութեան հովանիին ներքեւ որոշ դիւրութիւններ եւ հանդուրժողութիւն երբ այլամերժութեան ցցուն դիրքաւորումներ չկան։
Պէտք է նաեւ գիտնալ որ յաջողելու համար չի բաւեր միայն վկայականներ ունենալ որքան ալ անոնք նախադուռը նկատուին յաջողութեան։ Չի բաւեր նոյնիսկ գործի մէջ մասնագիտութիւն ձեռք ձգել, դրամ վաստկիլ եւ հարստութիւն դիզել։
Արդարեւ սոսկ դրամի, դիրքի, պատիւներու տիրացումը անպայմանօրէն յաջողութիւն չեն կրնար նկատուիլ քանի որ անոնք չեն կրնար ըլլալ կեանքի նպատակ։
Անոնք օգտակար միջոցներ են օգնելու համար անհատին որ իրագործէ զինքը ազնուացնող եւ իրեն հոգեկան գոհացում տուող ձգտումները։
Կարեւորը մարդու մը համար այդ բոլորէն անկախ եւ այդ բոլորէն վեր իր ուրոյն կեանքը երջանկացնելն է իր բնատուր ձիրքերու զարգացումով եւ անոնց օգտագործումով, ողջախոհութեամբ, պարկեշտ նկարագրով, եռանդուն աշխատանքով, հոգեկան բաւարարութեամբ եւ մանաւանդ իտէալով։
Իմաստասէր մը կ՜ըսէ.- «Եթէ կ՜ուզէք յաջողիլ ձեր կեանքին մէջ, աշխատանքը ձեր կեանքի ընկերը դարձուցէք, շատ լաւ ըրէք ինչ որ պարտիք ընել, փորձեցէք ըլլալ լաւագոյնը ձեր ընտրած ասպարէզին մէջ եւ մանաւանդ ունեցէք իտէալ մը որուն համար կարենաք ի հարկին յանձն առնել տառապիլ եթէ նոյնիսկ անհրաժեշտ ըլլայ»։
Արդարեւ իտէալը ձեր կեանքը կ՜իմաստաւորէ։ Ձեզ կը դնէ երջանկութեան հունին մէջ։ Անով կ՜ունենաք հոգեկան ապրումներ եւ ձեր կեանքին թռիչք տուող երազներ։
Իտէալի ձգտումը որ մեր առօրեային մաս պէտք է կազմէ, հեռու կը պահէ ձեզ հանգստապաշտութենէ, շռայլութենէ, պերճամոլութենէ որոնք կը մեռցնեն ձեր բարոյական առաքինութիւնները։ Իտէալը մարդը կ՜ազնուացնէ ու կը տարանջատէ սովորական մահկանացուներէն։
Եւ իբրեւ հայ ինչպէս կրնանք երջանիկ զգալ զմեզ եթէ զուրկ ենք ազգային գիտակցութենէ, եթէ չունինք ծառայելու ոգի, տեսլական կամ ազգային ընդհանրական շահերու կապուած երազներ։
Ինչպէ՞ս կրնանք զմեզ երջանիկ զգալ եթէ չունինք հոգեկան բաւարարութիւնը մաքառումներու, պայքարներու եւ խոյանքներու ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու տիրացման, մեր ազգային գոյատեւման, մեր եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման։
Պէտք է մեր նիւթական եւ ֆիզիքական պահանջքներուն գոհացում տուող միջոցներու կողքին մտածենք նաեւ մեր մարդկային խղճին եւ մեր ազգային խղճին պահանջքներուն բաւարարութիւն տուող պայմաններու մասին։
Պէտք է տէր կանգնինք մեր ինքնութեան ու կապուած մնանք մեր արմատներուն որոնք երեւան կը հանեն մեր ազգային եւ բարոյական դիմագիծը, մեր հոգեկան եւ բարոյական արժէքները որոնցմէ ներշնչուելով կը բեղմնաւորենք մեր ներկան եւ կը պատրաստենք մեր ապագան։
Պէտք է գուրգուրանք մեր լեզուին, դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն վրայ իբրեւ միջնաբերդ հայապահպանման։ Ահա իտէալի պատկերացում մը որուն հետապնդումը կը պահանջէ մեզմէ որ ըլլանք յանձնառու եւ կազմակերպուած։
Յանձնառուն այն է որ ունի պարտականութեան գիտակցութիւն եւ ծառայելու ոգի։
Յանձնառուն ինքզինքը պատասխանատու կը զգայ այն ծառայութեան համար որ կրնայ կատարել ի շահ իր ազգին, իր հայրենիքին եւ իր շրջապատին։
Յանձնառութեան այս ոգին է որ ձեր մէջ պէտք է ճառագայթէ։ Արդարեւ ժողովուրդի մը ապագան կը կերտուի ներկայ ատաղձով, իր երիտասարդութեան տեղ հասնելու վճռակամութեամբ եւ անխորտակելի կամքով։
Պէտք է գիտնանք տալ մեր ժողովուրդին մեր մտքէն, մեր ժամանակէն, մեր նիւթական կարելիութիւններէն, մեր շունչէն եւ մանաւանդ մեր սրտէն։ Չմոռնանք որ միայն տալու պայմանով մարդ կը յաջողի իր ծրագիրներուն մէջ։
Պէտք է խուսափիլ անտարբերութենէն որ աղբիւրն է ջլատիչ տրամադրութիւններու որոնք կ՜առաջնորդեն դէպի դանդաղ մահ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն։
Պատմութիւնը անողոք է եւ անփառունակ ճակատագիր կը ճշդէ այն ժողովուրդներուն հանդէպ որոնք կը մնան կրաւորական, դիտող, համակերպող եւ ի վիճակի չեն պայքարելու պահելու համար իրենց ինքնութիւնը եւ հաւաքական անհատականութիւնը։ Ֆրանսացի նշանաւոր գրագէտ Պերնանոս ըսած է՝ «Պէտք չէ սպասել որ ապագան պարտադրուի մեզի, պէտք է զայն կերտել», պէտք է գիտնանք դիավարել ի հարկին հոսանքն ի վեր, պահելու համար սփիւռքահայութեան ազգային դիմագիծը եւ զայն դարձնելու համար յանձնառու։ Պատմութիւնը կը կերտուի յանձնառու մարդոցմով։
Պէտք է սակայն մեր աշխատանքը կատարենք հաւատքով ու կազմակերպուած։ Պայքարը առանց կազմակերպուած հաւաքական ճիգերու կը դառնայ պարագայական խանդավառութիւն ու զեղում եւ կը մնայ անհետեւանք։
Ժողովուրդի մը մտաւորական տարրն է որ ուղեցոյց կ՜ըլլայ անոր յառաջդիմութեան։
Մեր կառոյցները ընդարձակ եւ բազմազան են։ Անոնք կ՜ընդգրկեն մեր ազգային կեանքի եկեղեցական, կրթական, տնտեսական, կալուածական, դաստաստանական, դաստիարակչական, բարեսիրական եւ վարչական բնագաւառներ։ Այդ կառոյցները կրնան կենսաւորուիլ իրենց ծառայական ընթացքին մէջ երբ հոն աշխատող անձերը գիտակից եւ զարգացած տարրեր ըլլան ու իրենց գիտութիւնը եւ կազմաւորումը դնեն ի սպաս հանրութեան եւ հասարակական շահերու։
Համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ամենամատչելի ասպարէզը կրթական մարզն է ուր միշտ ալ վկայեալ, ծառայասէր եւ յանձնառու ուժերու պէտք կայ։ Միայն ազգային վարժարանները աւելի քան 300 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ունին որոնց մէկ մասը համալսարանաւարտ են։ Մեր երկրորդական եւ միջնակարգ դասարաններու համար համալսարանականներ կը պահանջուին։ Պարագան նոյնն է մնացեալ հայկական վարժարաններուն համար։
Գալով անոնց վարձատրութեան, անոնց թոշակները կը ճշդուին համաձայն պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու օրէնքին։ Կ՜ստանան ընկերային յատկացումներ եւ ունին ընկերային ապահովագրութիւն։
Կան նաեւ գրասենեակային մասնագիտական աշխատանքներ, որոնց համար համալսարանական կազմաւորումը անհրաժեշտ կը նկատուի, ինչպէս Ուսումնական Խորհուրդը, Տնտեսական Խորհուրդը, Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը Առաջնորդարանի մէջ եւ այլ գրասենեակներ ու տեսչութիւններ Կաթողիկոսարանի մէջ։
Ոմանք թերեւս տարուին մտածելու որ ընկերութիւններու մէջ աշխատիլ, անկախ նիւթական վարձատրութեան նկատումներէն, իրենց անհատականութեան աւելի վարկ կ՜ապահովէ քան թէ ազգային հաստատութիւններու մէջ պաշտօնեայ ըլլալը։
Կը խորհիմ որ բոլորովին ճիշդ չէ այս մտածումը։ Նախ յայտնեմ որ անհատական հաստատութիւնները աւելի չեն վճարեր քան ազգային հաստատութիւնները, յարգելի են անշուշտ բացառութիւնները, յետոյ ազգային գրասենեակները կազմակերպուած աշխատատեղիներ են ուր գոյութիւն ունին կարգ ու կանոն եւ մանաւանդ աշխատանքի ներքին կանոնագրութիւն։
Չմոռնանք ըսելու որ մարդ ինք կ՜արժեւորէ իր ունեցած պաշտօնը իր լրջութեամբ, աշխատանքով եւ մանաւանդ լաւ յարաբերութիւններ պահելու կարողութեամբ։ Գրասենեակը չէ որ պաշտօնական վարկ կը հայթայթէ այլ հոն աշխատող պաշտօնեան է որ իր կարողութիւններով կ՜արժեւորէ զայն եւ կը դարձնէ յարգանքի արժանի։
Սակայն ինչպէս վերեւ յիշեցինք պայման չէ որ մէկը ազգային մեքենայի մէջ պաշտօնեայ ըլլայ ծառայելու համար։ Ունինք բազմաթիւ կառոյցներ որոնց կարելի է մասնակցիլ իբրեւ ժողովական եւ ձեր ծառայութիւնը բերել ազգային գործերուն։
Անոնք որոնք աւարտած են իրենց ուսումը եւ տրամադրութիւն ունին ծառայելու կրնան դիմել Առաջնորդարանի դիւանապետին որ կը փոխանցէ ենթականերուն անունները Առաջնորդ հայր սուրբին ի նկատառում եւ կամ կաթողիկոսարանի դիւանապետ պարոն Խաչիկ Տէտէյեանին։
Արդարեւ Ազգ. Իշխանութիւնը պէտք ունի համալսարանաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու օգտուելու համար անոնց մասնագիտութենէն, երիտասարդական կորովէն ու վարակիչ խանդավառութենէն։ Եթէ նոյնիսկ ժամանակ ու միջոց չունին մաս կազմելու մարմիններու, թող փորձեն զօրավիգ կանգնիլ կատարուած աշխատանքներուն յայտնելով ի հարկին իրենց թելադրանքը, դիտողութիւնը կամ գնահատանքը։
Ահա սիրելի ՀԵՀՈՄականներ, ծառայելու ընդարձակ կարելիութիւններ։ Փոխանցեցէք ձեր ազգային դիմագիծը ձեր շրջապատին։ Մնացէք յանձնառու ու կողմնակից կազմակերպուած աշխատանքի, դարձէք հոգածու եւ տէր ու պաշտպան մեր դարաւոր մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն, պատմական անկորնչելի իրաւունքներուն եւ մեր սիրելի ու պանծալի հայրենիքին։