ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՃԻՒՂԻՆ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխարհի բոլոր համալսարանները ունին երկու հիմնական առաքելութիւն։
Ա.¬ Կը ձգտին ուսանողին ջամբել մասնագիտական ուսում, որպէսզի ան կարենայ իր ընտրած կալուածէն ներս գործ գտնել, աշխատիլ եւ ապահովել իր ապրուստը։
Բ.¬ Խորացած եւ մասնագիտացած ուսումով կը ջանան ուսանողին տալ համապատասխան կազմաւորում եւ գիտական մտքի անհրաժեշտ կառոյց, որպէսզի ան կարենայ լծուիլ հետազօտութիւններու, պրպտումներու եւ գիտական լուրջ աշխատանքներու՝ ի շահ մշակոյթի զարգացման եւ գիտութեան ու մարդկութեան յառաջդիմութեան։
Մարդկային հաւաքականութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւներու, առեւտրական թէ արդիւնաբերական մեծ հաստատութիւններու մէջ ղեկավար դեր ստացողները առհասարակ համալսարանական մասնագէտներն են, որովհետեւ իրենց ստացած բարձրագոյն ուսումը եւ մշակոյթը թոյլ կու տայն իրենց, որ կարողանան ներկայացուած հարցերը վերլուծել, համադրել եւ բաղդատել, որոնցմէ ետք աւելի դիւրին կը դառնայ ճիշդ եւ համապատասխան որոշումներ կայացնելը։
Անհրաժեշտ է սակայն ընտրել գիտնալ պէտք եղած ճիւղը։ Արդարեւ, պէտք է ընտրել ճիւղ մը, որ կը համապատասխանէ ենթակային մտային կարողութեան, անոր խառնուածքին եւ ձգտումներուն։ Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ կրթաթոշակը եւ նիւթական կարելիութիւնները։ Պէտք չէ խաբուիլ ճիւղի մը գրաւչութենէն, եթէ ենթական պահանջուած ատաղձը չունի։ Պէտք չէ նոյնպէս ընտրել ճիւղ մը միայն անոր համար, որ անոր պատրաստութիւնը համեմատաբար աւելի դիւրին կ՜երեւայ, մանաւանդ երբ ի յառաջագունէ ծանօթ է, որ ան աշխատանքի գոհացուցիչ ասպարէզ չ՜ապա- հովեր, այլ խօսքով՝ աշխատանքի շուկային մէջ փնտռուած ճիւղ մը չէ։
Ի՞նչի կը ծառայէ ընտրել ճիւղ մը, ուսանիլ տարիներ, ապա դատապարտուիլ անգործ մնալու։ Այս պարագային ենթական կը ստիպուի կա՛մ լքելու երկիրը ու գաղթել եւ կամ այլ ասպարէզ ընդգրկել, երբ այդ ուղղութեամբ չունի պահանջուած պատրաստութիւնը եւ կազմաւորումը։ Ան պարզեպէս անգործներու եւ վրիպած մարդոց փաղանգը պիտի բազմացնէ։

 

ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Լիբանանի մէջ շուրջ 22 բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններ կան, որոնց մէկ մասը համալսարաններ են, տրուած ըլլալով, որ մէկէ աւելի ամբողջական կարգերով ճիւղեր ունին եւ կու տան համալսարանական վկայական, իսկ ուրիշներ բարձրագոյն ուսմանց հիմնարկներ են։
Լիբանանի մէջ բազմազան են ճիւղերն ու մասնագիտութիւնները։ Կան համալսարաններ, որոնք 40է աւելի վկայականներ կու տան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նոյնքան մասնագիտութիւններ ունին։ Անշուշտ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ալ աւելի թիւով մասնագիտութիւններ կան, որոնց մէկ մասը սակայն ասպարէզ չունի Լիբանանի մէջ։
Ճիւղերու բազմազանութիւնը կ՜ենթադրէ, որ տուեալ երկրին մէջ աշխատանքի համապատասխան շուկայ գոյութիւն ունենայ, եւ համալսարաններն ալ անհրաժեշտ գիտական սարքաւորումներով, մարդուժով եւ նիւթական կարելիութիւններով ապահովուած ըլլան։ Ճիւղերը կը բացուին ընդառաջելով երկրին պահանջին։ Համալսարանի մը մէջ ճիւղ մը բանալը ինքնանպատակ չէ։ Ան պէտք է շրջանաւարտին կարելիութիւն ընծայէ գործ գտնելու եւ աշխատելու եւ կամ համապատասխան մշակոյթը զարգացնելով՝ սատարելու երկրին ծաղկումին եւ յառաջդիմութեան։

 

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳՈՐԾԱԴԱՇՏԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Դժբախտաբար Լիբանանի գործադաշտը սահմանափակ է եւ համալսարաններու թիւը բարձր։ Յաճախ կը նշմարենք, որ կարգ մը ճիւղերէ շրջանաւարտ ուսանողներուն թիւը պահանջուածէն աւելի ըլլալով՝ անգործութիւն յառաջ կը բերէ եւ պատճառ կը դառնայ, որ նոյն ճիւղի վկայականները համեմատաբար թերագնահատուին։
Կազմակերպուած եւ յառաջացած երկիրներու մէջ ծրագրումի նախարարութիւնը կամ հանրային ծառայութեան լծուած վիճակագրութեանց գրասենակը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ է երկրին պահանջը յաջորդ հինգ տարիներու համար եւ համալսարանները ըստ այնմ կը ճշդեն իրենց կրթական քաղաքականութիւնը։
Համալսարաններու կողքին կան նաեւ արհեստից բարձրագոյն հիմնարկներ։ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու մէջ, արհեստագիտական ճիւղերուն հետեւող ուսանողութեան թիւը համալսարաններու ուսանողութեան թիւէն երբեմն աւելի բարձր է։
Լիբանանի մէջ համալսարան արձանագրուած ուսանողներու թիւը շուրջ 80 հազար է, որուն մէկ մասը լիբանանցի չէ։ Անիկա 60 հազար էր պատերազմէն առաջ համալսարանական ուսանողութեան այս բարձր թիւը յառաջ կու գայ անկէ, որ թէ Արաբական Համալսարանը, որ կապուած է Աղեքսանդրիոյ Համալսարանին (Եգիպտոս) եւ թէ Ամերիկեան Համալսարանը շրջանային կոչում ունին։ Անոնք, ուսանող կ՜ընդունին Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ՝ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէն։ Մինչդեռ լիբանանեան համալսարաններու ուսանողութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը լիբանանցի է։ Լիբանանի մէջ աշակերտութեան եւ ուսանողութեան թիւը շուրջ 800.000 է, որուն 16,62 առ հարիւրը համալսարան կը յաճախէ եւ 2,5 առ հարիւրը միայն արհեստագիտական ճիւղեր։ Լիբանանի աշխատանքի շուկան զգալի պահանջ ունի ներկայիս արհեստագիտական ճիւղերէ վկայեալներու, որովհետեւ անոնք թէ գործնական ծանօթութիւններ ունին իրենց ընտրած ապրուստին կամ արհեստ մասին եւ թէ տեսական կազմաւորում։ Պետութիւնը մեծ շահագրգռուածութիւն ցոյց կու տայ այդ ուղղութեամբ եւ յատուկ ծրագիրներ կը մշակէ։
Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, ներկայիս Լիբանանը իր խաղաղ օրերու խրախուսիչ պայմանները չէ գտած տակաւին։ Տնտեսական տագնապ կայ, որ յատուկ չէ միայն իրեն։ Առեւտրական ընկերութիւնները եւ առ հասարակ գործերը ակնկալուած ծաւալով չեն զարգանար։ Այս պայմաններուն մէջ համալսարանական ուսումը աւարտած ուսանողութեան համար դժուար պիտի ըլլայ դիւրութեամբ գործ ճարել։ Այսուհանդերձ երբ սկսելու համար ենթակաները համեստ պայմաններով գոհանան, անպատճառ գործ կը գտնեն։ Նկատելի է, որ կարգ մը ճիւղեր շրջանաւարտները կը փնտռուին եւ բարձրօրէն կը վարճատրուին, մանաւանդ երբ անոնք արտասահմանի մէջ կատարելագործած են իրենց մասնագիտութիւնը։

 

ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ՈՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուսանողին միակ հարցը պաքալօրէայի եւ մուտքի քննութեան յաջողիլը չէ։ Կան նաեւ այլ դժուարութիւններ, ի մասնաւորի՝ կրթաթոշակ ապահովելու մտահոգութիւնը։
Արդարեւ, տասնեակ մը տարիներէ ի վեր, սղաճի հետեւանքով, գրեթէ բոլոր համալսարանները, բացի Պետական Հաալսարանէն, տարուէ տարի բարձրացուցած են կրթաթոշակի սակերը եւ կը պահանջեն, որ անոնց մէկ մասը վճարուի լիբանանեան թղթոսկիով, իսկ միւս մասը տոլարով։ Անշուշտ այս դրութիւնը նեղ կացութեան կը մատնէ տնտեսական համեստ պայմաններու մէջ գտնուող ուսանողները, ի մասնաւորի անոնք, որոնք ծնողքին եկամուտները սահմանափակ եւ լիբանանեան դրամանիշով են։
Կրթասիրական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ կը ջանան օգնել ուսանողներուն՝ կրթանպաստ յատկացնելով արժանաւորին։ Սակայն անոնք ալ վերջին տարիներուն, պիւտճէական նկատումներով նուազեցուցին իրենց օժանդակութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ մերժեցին առաջին տարուան ուսանողութեան օգնել՝ զանազան բացատրութիւններով։ Հետեւանքը այն եղաւ, որ բազմաթիւ ուսանողներ ճարահատ լքեցին ուսումը։
Ասոր անդրադարձը երեւան կու գայ համալսարաններու մէջ, ուր հայ ուսանողութիեան թիւը զգալապէս նուազած է բաղդատմամբ նախորդ տարիներուն։ Կը կարծենք, որ պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը, անտարակոյս, նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնն է։
Այս հարցը պէտք է լրջօրէն քննուի պատասխանատու անձնաւորութիւններու կամ մարմիններու կողմէ, եւ համագործակցութեամբ ու թելադրուած ազգային գերագոյն շահերու ըմբռնումէն՝ անհրաժեշտ է յարմարագոյն լուծումը գտնել, որ թէեւ դիւրին չէ, բայց անկարելի ալ չէ։ Չմոռնանք, որ ազգի մը ղեկավար տարրը իր մշակուած եւ յանձնառու երիտասարդութեան մէջ պէտք է փնտռել։ Արդարեւ, այսօրուան երիտասարդութիւնն է, որ կոչուած է վաղուան առաջնորդը դառնալու։
Կրթաթոշակի մտահոգութենէն զատ, կայ նաեւ համալսարանական նոր միջավայրի մէջ շաղուելու դժուարութիւնը։ Առհասարակ հայ ուսանողները, բացի անոնցմէ, որոնք օտար լեզուներ գործածելու յաւելեալ դիւրութիւն ունին, չըսենք՝ այլամերժ են, բայց դիւրաւ շաղուող չեն նոր միջավայրին մէջ։
Առ այդ, մեր երկրորդական վարժարանները պարտին ջանք չխնայել կարելի բոլոր միջոցներով, օտար լեզուներով աշակերտներու խօսակցական կարողութիւնը զարգացնել, ի հարկին՝ վերջին երկու տարիներուն, տարեփակէն ետք, 3¬4 շաբաթ խօսակցական լեզուի դասեր կազմակերպելով, բնականաբար յատուկ ծրագիրով եւ մեթոտով։ Այս կարգադրութիւնը որեւէ ձեւով չի վնասեր հայերէն լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան, որոնք հայ վարժարաններուն կրթական քաղաքականութեան հիմնաքարը կը կազմեն։
Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը ցոյց կու տան, որ հայ ուսանողին առողջ եւ գործնական կազմաւորումը մէկէ աւելի հարցեր կը շօշափէ, որոնց լուծումը կը կարօտի ծնողներու, երկրորդական վարժարաններու պատասխանատուներուն, ուսանողներու եւ մեր ժողովուրդին հաւաքական գիտակցութեան ու գործակցութեան։