Դասաւանդութեան բուն նիւթին չանցած պիտի ուզէի գնահատանքի խօսք յայտնել Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան որ հակառակ իր ունեցած ազգային օգտաշատ ծառայութիւններու կարեւոր ցանցին, կ՜զբաղի նաեւ հանրային դաստիարակութեան նուիրուած գովելի աշխատանքներով։
Գնահատանքի յատուկ խօսք ունիմ դաստիարակչական յանձնախումբի ազնիւ տիկիններուն որոնք նուիրումով կը կազմակերպեն այս դասախօսութիւնները։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին որ ի հեճուկս ձեր առօրեայի բազմաթիւ զբաղումներուն եկած էք այստեղ ունկնդրելու կրթական հարցերու առնչուած այս զրոյցը։
Լիբանանի ցաւալի դէպքերը անցնող 16 տարիներու ընթացքին շատ ողբալի անդրադարձներ ունեցած երկրին ընդհանուր վիճակին վրայ։
Անոնք ոչ միայն աւեր ու փլուզում, ջարդ ու մահ սփռեցին, առ հասարակ բոլոր շրջաններուն մէջ, ոչ միայն աստիճանաբար այլակերպեցին ժողովուրդին կենցաղը, խաթարեցին անոր աւանդութիւնները, քանդեցին անոր զարգացման եւ բարգաւաճման ծրագիրները եւ ցնդեցուցին անոր երազները այլ եւ յաճախ պարտադիր տեղահանութեամբ ու արտագաղթով արմատախիլ ըրին անոր մէկ մասը, վտանգելով նոյնիսկ անոր ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը։
Բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը ձգելով իր հարազատները, տունը, գործը, ինչքերը եւ հայրենիքը ապաստան որոնեց օտար բայց աւելի ապահով երդիքներու տակ մինչ հոս մնացողները յանձնուած կոյր եւ անվերջ պատերազմի մը ճիրաններուն եւ քմահաճոյքին եւ յաճախ զրկուած ամենակենսական միջոցներէ եւ ամենատարրական ծառայութիւններէ կը պայքարէին պահպանելու համար իրենց օրհասական գոյութիւնը եւ ուրիշներ յարգելու համար իրենց նուիրական համոզումները։
16 տարիներու եղբայրասպան կռիւները չէզոքացուցին պետական սպասարկութիւնները, ապահովութեան դրութիւնը, քանդեցին երկրին ֆիզիքական ներքին կառոյցները, տնտեսութիւնը, արտադրողական կարողականութիւնը եւ ամլութեան դատապարտեցին մարդկային շինարար ու ստեղծագործ ոյժը։ Աւելին՝ անոնք խանգարեցին անոր կրթական գործունէութիւնը եւ ժխտական դեր ունեցած ուսման եւ դաստիարակութեան բնագաւառէն ներս որ ամենակարեւոր կռուաններէն մէկն է ազգի մը գոյատեւման։ Արդարեւ մանուկներու հոգեվիճակը խորապէս ցնցուեցաւ իրենց աճման ամենազգայուն մէկ ժամանակաշրջանին։ Անոնք սորվեցան ատելութիւն, տեսան մահ, իրենց խնդուքները եղան արիւնաթաթախ, իրենց քունը խանգարուեցաւ, միտքը խաթարուեցաւ, չկրցան ուրախ երազներ տեսնել, վերջապէս բնականոն կերպով չմեծցան։
Հոգեբանները կ՜ըսեն թէ պատերազմի մանուկները կ՜ըլլան կարգապահ եւ խաղաղասէր ինչպէս եղաւ պարագան Գերմանիոյ, սակայն եղբայրասպան կռիւներու մանուկները կը դառնան ընդհակառակը ոխակալ եւ յարձակապաշտ որովհետեւ անոնց աճումը կը կատարուի սանձարձակ եւ անբնական պայմաններու մէջ։ Անոնց մտային աշխատանքը անկանոն է, ընտանեկան կապերը եւ յարաբերութիւնները խանգարուած են եւ բարոյական սկզբունքներու ըմբռնումը խախտած։ Անոնցմէ շատեր անհաւասարակշիռներ են ու կը դիմեն յաճախ ծայրայեղութիւններու որովհետեւ իրենց շրջապատին մէջ գտնուող որոշ թիւով չափահաս մարդոց կեանքին օրինակը թելադրիչ է այդ ուղղութեամբ երբ արդէն այդ նոյն չափահասներու հոգիին խորը կուտակուած են ամէն կարգի վայրագութիւններու, ատելութեան եւ քստմնելի արարքներու տխուր եւ ընդվզեցուցիչ պատկերներ։
Ինչպէս մեծերու պարագային, պատանիներու մտաւորական հետաքրքրութիւնները տեղի կու տան գոյատեւելու հրամայականին։ Առօրեան կը նկատուի առաջնահերթ եւ անմիջական պահանջք եւ վաղուայ մտահոգութիւնները կը դասուին անապահով եւ անստոյգ ապագայի շարքին։ Կրթական ճիգերը կը դառնան թոյլ եւ նուազ արդիւնաւէտ ու ակնկալուած արդիւնքները կ՜ըլլան տժգոյն։
Անոնք չեն կրնար կեդրոնանալ, խորանալ, բաղդատել եւ դատել բնականոն պայմաններու իրենց կարողութեամբ։ Իրենց ուսումը յաճախ մակերեսային է որովհետեւ յիշողութիւնն ալ դարձած է քմայքոտ, վերջապէս շատ մեծ ճիգ պէտք է կարենալ լրջօրէն սորվելու եւ իւրացնելու համար։
Ինչպէս կարելի է ենթադրել տուեալ պայմաններու մէջ կրթական կեանքը անխուսափելիօրէն պիտի ենթարկուէր լուրջ ցնցումներու։
Բազմաթիւ վարժարաններ քանդուեցան, ուրիշներ գրաւուեցան կռուողներու կամ տեղահանուած բնակչութեան կողմէ։ Ժողովուրդին տեղափոխութիւնը, կեանքի անբնական սղութիւնը եւ պետական վարժարաններու անբաւարարութիւնը դժուարութեան մատնեց բազմանդամ ծնողներ, որոնցմէ շատեր իրենց զաւակները չկրցան դպրոց ուղարկել։
Ստեղծուած քաոսին մէջ եւ յատկապէս անապահովութեան պատճառով անհնար էր պետութեան համար նոր վարժարաններ բանալ եւ կամ անմիջապէս վերանորոգել կամ վերակառուցել ուրիշներ որոնք զանազան պատճառներով անբնակելի դարձած էին։
Միւս կողմէ բազմաթիւ որակաւոր ուսուցիչներ լքեցին երկիրը եւ արտագաղթեցին։ Նախակրթարաններու եւ երկրորդականներու պարագային կարելի եղաւ զանոնք փոխարինել երբեմն աւելի տկար տարրերով սակայն համալսարաններու պարագային որակեալ դասախօսներու արտագաղթը զգալի բաց մը թողուց կրթական կեանքէն ներս զոր ամբողջացնելը յաճախ եղաւ ի վնաս ուսման մակարդակին։
Համալսարաններու կարգ մը բաժանմունքներու մէջ մեկնող դասախօսներու համեմատութիւնը հասաւ 40-50%ի, ուրիշ բաժանմունքներ պարզապէս դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը իբրեւ հետեւանք անհրաժեշտ մասնագէտներու բացակայութեան։ Անշուշտ այդ ճիւղերը կը վերաբացուին անմիջապէս որ տրամադրելի որակեալ նոր մասնագէտներ ի յայտ գան։
Որպէսզի կարելի ըլլայ առարկայօրէն խօսիլ պատերազմի հետեւանքներու մասին, կրթական կեանքէն ներս, օգտակար կը նկատեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել, բաղդատական լոյսին տակ, դպրոցներու աշակերտութեան եւ ուսուցիչներու թուական պատկերը 1974-75ին եւ անոր հոլովոյթը մինչեւ 1985-86 եւ ապա մինչեւ 1990-91։
I ¬ Վարժարաններ
Համաձայն պետական վիճակագրութեանց Լիբանանի մէջ գործող վարժարանները (ըլլան անոնք պետական, ձրիավարժ կամ վճարովի) հետեւեալ թուական պատկերը ցոյց կու տան։
1974-75ին Լիբանանի մէջ կը գտնուէին 2486 վարժարան
1977-78ին անոնց թիւը եղաւ 2376 վարժարան
1981-82ին գոյութիւն ունէին 2549 վարժարան համաձայն հաւաստի աղբիւրներու
1985-86ին ունեցած ենք միայն 2350 վարժարան
Այս թիւերուն մանրամասնութիւնները զորս զանց կ՜առնեմ տալ այստեղ ցոյց կու տան որ 1981-82ին դպրոցներու 52% պետական վարժարաններ են, 22% ձրիավարժ եւ 26% վճարովի։ Նախակրթարաններու 48% իսկ երկրորդական վարժարաններուն 32.50 միայն պետական են։

II ¬ Ուսուցիչներ
Համաձայն նոյն վիճակագրութիւններու ուսուցչական կազմերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը։
1974-75 կը պաշտօնավարէին 53.320 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ 1977-78 վերոյիշեալ թիւը իջաւ 42.785ի
1981-82 ան բարձրացաւ 53.950ի
1985-86 կրկին իջաւ 52.300ի

III – Աշակերտութիւն
Աշակերտութեան կրթական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով
1974-75 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 756.983ի
1977-78 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 730.374ի
1981-82 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 769.436ի
1985-86 աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 501.406ի
Վերոյիշեալ թիւերուն մէջ համալսարանական ուսանողութիւնը նկատի առնուած չէ։ Արդարեւ 1974-75ին Լիբանանի մէջ կը գործէին 14 բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ որոնց ուսանողութեան թիւը կը բարձրանար 79.073 եւ որուն 31.028 օտար ու 48.045 լիբանանցի էին միայն։
Օտարահպատակներուն 89.25% կը յաճախէին արաբական համալսարան որ կապուած է Աղեքսանդրիոյ համալսարանին։
Եթէ նկատի ունենանք Լիբանանի աշակերտութեան արձանագրած տարեկան աճը, նախապատերազմեան շրջանին որ էր շուրջ
11.250 աշակերտ, կը նշանակէ որ 1975էն 1986 երկարող տարիներու միջոցին բնականոն պայմաններու մէջ աշակերտութեան թիւը պէտք էր աւելնար 112.500 աշակերտով, այսինքն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 1985-86ին պէտք էր ըլլալ 869.483 փոխանակ 501.400ի։
Վերոյիշեալ բաղդատական տախտակներէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը։
1975ի եւ 1977ի միջեւ վարժարաններու թիւը նուազած է։ 108 վարժարաններ անգործածելի եղած են։
Ապա 1977էն մինչեւ 1982 օգտուելով յարաբերական խաղաղութենէն եւ կռիւներու ընդմիջումէն, վարժարաններու թիւը վերստին բարձրացած է։ Ան վերագտած է 1975ի թիւը եւ նոյնիսկ քիչ մըն ալ աւելնալով հասած է 2549ի։
Դժբախտաբար սակայն 1983էն 1985 տարածուող ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած լեռներու եւ հարաւի կռիւներու հետեւանքով շուրջ 190 դպրոցներ անգործածելի դարձած են եւ փակուած։
Ուսուցիչներու թիւը բնականաբար հետեւած է այս վերիվայրումներուն։ 1974-75էն մինչեւ 1985-86 շուրջ 1000 ուսուցիչներ պակսած են ընդհանուր թիւէն։
Իսկ աշակերտութեան թիւը 1975ի եւ 1977ի միջեւ 26.636 հոգի պակսելէ յետոյ, 1981-82 կը վերագտնէ գրեթէ 1975ի թիւը, նոյնիսկ 12.453 աշակերտ աւելնալով, սակայն 1985-86 տախտակները ցոյց կու տան որ 1982-86 երկարաձգուող ժամանակշրջանին մէջ շուրջ 200.000 աշակերտ պակսած է Լիբանանի վարժարաններէն։ Թուական այս անկումները կը բացատրուին գլխաւորաբար անով որ 1975էն մինչեւ 1986, համաձայն հաւաստի աղբիւրներու աւելի քան 1.000.000 բնակիչներ լքած են երկիրը եւ գաղթած որոնց մէջ շուրջ 550.000 քրիստոնեայ։
Գալով հայ վարժարաններու մեր տրամադրութեան տակ ունեցած աղբիւրները ցոյց կու տան հետեւեալը։
1974-75ին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէին 51 հայ վարժարաններ ուր կ՜ուսանէին շուրջ 20.000 հայ աշակերտներ։ Այս գումարներուն մաս չեն կազմեր հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկները եւ համալսարաններու հայ ուսանողութիւնը։ Մաս չեն կազմեր նաեւ դպրեվանքներու (Պիքֆայա, Զմմառ, Ռաուտա (Մխիթարեան- ներ) ուսանողութիւնը)։
1990-91ին Լիբանանի հայ վարժարաններու թիւը եղած է 43 եւ աշակերտութեան թիւը 12.121։ Այս գումարին մէջ ներառեալ է կարգ մը հայ վարժարաններու արհեստագիտական բաժանմունքը ինչպէս նաեւ արհեստագիտական սեփական վարժարան մը։
Վերոյիշեալ վարժարանները հետեւեալ թուական պատկերը կը ներկայացնեն։

վարժ.թիւ աշակ.թիւ
Ազգային վարժարաններ (առաջնորդարան) 16 3501
Բողոքական համայնքին պատկանող վարժարաններ 9 2450
Կաթողիկէ համայնքին պատկանող վարժարաններ 9 3895
Սեփական եւ Միութենական վարժարաններ 9 2275
Ընդհանուր գումար 43 12.121
Այս թիւերէն կարելի է հետեւցնել որ 1975ի եւ 1991ի միջեւ հայ
վարժարաններու թիւը նուազած է 8 վարժարանով եւ աշակերտութիւնը 7929 աշակերտով, այսինքն 1975ի իրենց աշակերտութեան թիւէն շուրջ 40%։
Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան թիւը որ 1975ին 5976 էր, 1991ին իջած է 3501ի ինչ որ կը նշանակէ որ 2475 աշակերտ պակսած է բաղդատմամբ 1975ի այսինքն 42% համեմատութեամբ։
Աշակերտներու թիւէն այս անկումէն պէ՞տք է արդեօք հետեւցնել որ նոյն համեմատութեամբ հայ քաղաքացիներ լքած են երկիրը ու գաղթած։ Չենք խորհիր որ այս ենթադրութիւնը բոլորովին ճիշդ ըլլայ, որովհետեւ ընտանիքներու տեղափոխութիւնը մեծ դեր ունեցաւ հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին նուազու- մին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է բոլորին բազմաթիւ ծնողներ ապահովա- կան նկատումներով, տեղափոխուեցան եւ իրենց զաւակները ղրկե- ցին իրենց մօտակայքը գտնուող վարժարան մը երբեմն օտար կամ նոյնիսկ պետական, որովհետեւ իրենց նախընտրած դպրոցներու երթեւեկի սպասարկութիւնը ի վիճակի չէր յանձն առնելու անոնց զաւակներուն փոխադրութիւնը, եւ արդէն ապահովութեան պայմանները թոյլ չէին տար ընելու զայն։
Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ որ բազմաթիւ վարժարաններու աշակերտներու թիւը զգալապէս պակսի ինչպէս է պարագան արեւմտեան կողմի հայ վարժարաններուն նաեւ Հազմիէյի Մխիթարեաններուն։ Մինչդեռ ուրիշ վարժարաններ ընդհակառակը աշակերտական թիւի յաւելում ունեցան ինչպէս Անարատ Յղութեան Քոյրերուն Հռիփսիմեանց վարժարանը, Մեսրոպեան եւ Եղիշէ Մանուկեան վարժարանները։
Այնուամենայնիւ հայ դպրոցը կորսնցուց իր աշակերտութեան 40% իսկ ազգային վարժարանները 42% որուն եթէ պզտիկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ Լիբանանի մէջ, մնացեալ մեծ մասը արտագաղթած ծնողներու զաւակներ են։
Այն ինչ որ կը վերաբերի ուսուցչական կազմերուն, հայ վարժարաններն ալ կորսնցուցին որակաւոր եւ փորձառու տարրեր։ Բարեբախտաբար սակայն շատ չտառապեցան տրուած ըլլալով որ հայ երկրորդական վարժարանները, հայագիտական հիմնարկները եւ դպրեվանքը կրցան անհրաժեշտ ոյժերը հայթայթել։
Հայ վարժարանները, անխուսափելիօրէն, դէպքերու հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու ենթարկուեցան։ Պէտք եղաւ վերանորոգել եւ վերաշինել ներքին կառոյցը եւ սարքաւորումները, որոնց համար անոնք դիմեցին հայ ժողովուրդին եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն։ Բարեբախտաբար ամէն հաստատութիւն այս կամ այն կերպով միջոց մը գտաւ ինքզինքը վերանորոգելու։
Հայ վարժարանները ունեցան պիւտճէական ահաւոր բացեր որոնք յառաջ եկան մէկ կողմէ ծախսերու անսովոր մագլցումով իբրեւ հետեւանք կեանքի տարապայման սղումին եւ միւս կողմէ աշակերտութեան թիւին նուազումով եւ ուսուցչական կազմերու թոշակներուն արդար յաւելումով։ Կայ նաեւ այն կարեւոր պարագան որ բազմաթիւ ընտանիքներ ի վիճակի չեղան իրենց նիւթական յանձնարութիւնը յարգելով իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու։ Այս բոլորը ցնցեցին վարժարաններու այլապէս դժուար կերպով հաւասարակշռուած պիւտճէները եւ յառաջ բերին տնտեսական սուր տագնապ։ Ինչ որ ալ եղած ըլլար կացութիւնը անհրաժեշտ էր ապահովել ուսուցչական կազմերուն եւ պաշտօնէութեան թոշակները։ Հոս եւս ի պատիւ իրեն՝ արտասահմանի հայութիւնը կրցաւ օգնութեան փութալ կարելի միջոցներով եւ թոյլ տալ որ հայ վարժարանները շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը եւ յարգել իրենց յանձնառութիւնները։
Անշուշտ պատասխանատու մարմինները լուրջ հսկեցին այս իրավիճակին վրայ եւ առին համապատասխան քայլեր վստահելով որ ժողովուրդը ի հարկին կը շարունակէ նիւթապէս եւ բարոյապէս տէր կանգնիլ իր կրթական հաստատութիւններուն։
Այս պայմաններու մէջ բնական է որ Լիբանանի կրթական կեանքը տուժած ըլլայ մակարդակի տեսակէտէն տրուած ըլլալով բազմաթիւ տուեալներ զորս վերեւ յիշեցինք որոնց կարգին գլխաւորաբար ան որ կռիւներու հետեւանքով կատարուած ընդմիջումները ջլատեցին աշակերտութեան ճիգը ուսման մէջ եւ կրթական ծրագիրները շատ քիչ համեմատութեամբ կրցան ամբողջովին ուսուցանուիլ։ Կարգ մը վարժարաններ ենթարկուեցան տեղափոխութեան եւ այդ իսկ պատճառով գոյատեւեցին յարմարեցումի քաղաքականութեամբ վնաս բերելով աշխատանքի բեղմնաւոր արդիւնքին։ Փորձառու ուսուցիչներ մեկնեցան եւ փոխարինուեցան նորերով եւ ամենակարեւորը աշակերտը ինքը կորսնցուց ուսման յատուկ մթնոլորտը, եւ իր ներաշխարհը պայմանաւորուեցաւ կռիւներու առթած սարսափով, արագ ըմբռնումը խափանեցաւ եւ մտային անհրաժեշտ կեդրոնացումը տկարացաւ։
Այսուհանդերձ, հիմա որ խաղաղութիւնը վերջնականապէս վերահաստատուելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ, ինչ որ երեւոյթները ցոյց կու տան, պատերազմի հետեւանքով ցնցուած մանուկները աստիճանաբար պիտի վերագտնեն, շնորհիւ իրենց բնածին կենսունակութեան, իրենց հաւասարակշռութիւնը եւ մտային առողջութիւնը։
Այս առթիւ կ՜արժէ յիշատակել որ գնահատելի կեցուածք ունեցան վարժարաններու այն բոլոր կրթական պատասխանատուները, տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը որոնք արհամարհելով ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, երբեմն կեանքի գնով, մնացին պատնէշի վրայ եւ ծառայեցին աշակերտութեան, վաղուայ երիտասարդութեան, ի խնդիր անոնց առողջ կազմաւորման եւ Լիբանանի ու հայ համայնքի անվթար գոյատեւման։
Ներկայիս, Լիբանանի կնճռոտած հարցերու լուծումին այս վերջին հանգրուաններուն ժողովուրդի մտահոգութեան առարկայ դարձած է կրթական ծրագիրներու արաբականացման հեռանկարը։ Բազմաթիւ քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ անապահով կը զգան Լիբանանի մէջ կիրարկուող բազմամշակութային կրթական քաղաքականութեան շարունակութիւնը երբ արդէն ան նուիրագործուած էր նախորդ սահմանադրութեամբ։
Արդարեւ Լիբանանի ժողովուրդը բաղկացնող ընկերային երկու գլխաւոր հատուածները, մէկը քրիստոնեայ եւ միւսը իսլամ, կը ներկայացնեն երկու տարբեր մշակոյթներ։ Քրիստոնեաները ընդունելով հանդերձ արաբականութիւնը կ՜ուզեն կապուած մնալ եւրոպական մշակոյթին եւ հեշտ կերպով գործածել արեւմտեան լեզուները յատկապէս ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը, իսկ արաբականացումի նոր ալիքը որ կու գայ արաբ երկիրներէ կը ձգտի ընդգրկել մշակոյթի բոլոր կալուածները այնպէս ինչպէս որ է ներկայիս արաբ երկիրներու մէջ։ Պարզ խօսելով, մտահոգութիւնը այն է որ ծայրայեղ արաբականացում մը կրնայ, իբրեւ հետեւանք, արգելակել օտար լեզուներու ազատ ուսուցումը դպրոցներէն ներս եւ սահմանափակել արեւմտեան մշակոյթի թափանցումի միջոցները։
Բայց ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը եւ ուսկից կու գայ այս վախը։
Բոլորիս ծանօթ է որ Լիբանանի պատերազմը վերջ գտաւ Թայէֆի համաձայնութեամբ եւ անոր գործադրութեամբ։ Թայէֆի համաձայնագիրը որ կը վայելէ արաբական լիկայի հովանաւորութիւնը եւ միջազգային մեծ պետութիւններու բարոյական նեցուկը, կ՜առաջադրէ փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի սահմանադրութիւնը, ի սպաս լիբանանցիներու բոլոր հատուածներուն քաղաքական եւ ընկերային արդար իրաւունքներու ստացման եւ օտար բանակներու հեռացման։ Իբրեւ հետեւանք այդ համաձայնութեան սահմանադրութեան բազմաթիւ յօդուածներ փոխուեցան որոնց կարգին նաեւ անոնք որոնք կը վերաբերին ազգային կրթութեան։
Բարեփոխուած յօդուածներով կը շեշտուի որ նախակրթութիւնը պարտադիր եւ ձրի պիտի ըլլայ Լիբանանի տարածքին վրայ։ Պետութեան հակակշիռը աւելի պիտի խստանայ կրթական ծրագիրներու գործադրութեան եւ գործածուած դասագրքերու նկատմամբ։ Կրթական ծրագիրները վերանայման պիտի ենթարկուին աւելի սերտացնելու համար ազգային (լիբանանեան) պատկանելութիւնը։ Պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան դասագիրքերը պիտի պատրաստուին պետութեան կողմէ, միօրինակ եւ նոյնանման։ Անհատական վարժարաններու գործունէութիւնը համաձայն պետական օրինակներու պիտի ապահովուի պետութեան կողմէ։ Մշակութային եւ հոգեւոր ազատութիւնները պիտի յարգուին եւայլն…
Մտահոգութիւն յայտնող անձնաւորութիւնները կ՜առարկեն որ նոր սահմանադրութեան ներածականին մէջ յիշուած է որ Լիբանանը արաբ երկիր մըն է եւ թէ իբր այդ կը պարտի ճիգ թափել պահելու համար իր արաբականութիւնը։
Անոնց մտավախութիւնները աւելի հիմնուեցան երբ ասկից քանի մը ամիս առաջ արաբական լիկայի կրթական եւ մշակութային մէկ կազմակերպութեան կողմէ (ALESCO) պատրաստուած ծրագիր մը առաջարկուեցաւ լիբանանեան պետութեան որպէսզի ինքն ալ իբրեւ արաբական երկիր եւ անդամ արաբական լիկայի, յարի անոր ինչպէս արաբական լիկայի մաս կազմող մնացեալ բոլոր երկիրները։
Այդ ծրագիրին մէջ, ի շարս այլոց, կ՜ըսուի որ արաբական պետութիւնները պարտին արաբականացնել ուսումը բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Բոլոր առարկաներու, նոյնիսկ գիտական նիւթերու դասաւանդութիւնը պէտք է կատարուի միայն արաբերէն լեզուով եւ յատուկ բծախնդրութեամբ ու աստիճանաբար պէտք է նոյնացնել դասագրքերը արաբական լիկային մաս կազմող երկիրներու մէջ։
Բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ, մշակոյթի մարդիկ, նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ աղաղակ բարձրացուցին այս գործընթացին դէմ տեսնելով անոր մէջ լիբանանեան ինքնութեան դէմ մեղանչում մը, մասնաւորաբար մշակութային ինքնութեան դէմ խափանում մը, յատկապէս ժողովուրդի այն հատուածին համար որ մնալով հանդերձ արաբական մշակոյթի ծիրէն ներս կ՜ուզէ պահել արեւմտեան մշակոյթի հետ իր ունեցած սերտ կապերը եւ օտար լեզուներու ծանօթութիւնը։
Բարձրագոյն իշխանութիւնները բազմաթիւ ելոյթներով բացատրեցին որ Թայէֆի համաձայնութեան մէջ յստակ կերպով ըսուած է որ ուսումը ազատ պիտի մնայ Լիբանանի մէջ, հետեւաբար այդ վախը անհիմն է։
Կրթական նախարարը իր կարգին զանազան յայտարարութիւններով եւ բացատրութիւններով ուզեց փարատել մարդոց մտքէն այդ մտավախութիւնը։ Յանձնախմբային ժողովներ սարքեց ուր ներկայացուց իր բարենորոգչական ծրագիրները եւ փորձեց հաւաստիացնել որ Թայէֆի համաձայնագիրը հիմնական բան չփոխեց մեր կրթական քաղաքականութեան մէջ այլ ընդհակառակը խթան մը եղաւ կարգ կանոն դնելու համար կրթական նախարարութեան մէջ որ դէպքերու հետեւանքով տարիներէ ի վեր թոյլ եւ լճացած վիճակ ունէր։
Կրթական նախարարը վաւերացնել տուաւ խորհրդարանին կողմէ նախակրթութիւնը ձրի եւ պարտադիր դարձնելու ծրագիրը որուն համար բնական եւ անհրաժեշտ են մեծ թիւով պետական վարժարաններ եւ հետեւաբար մեծագումար վարկեր։
Տրուած ըլլալով որ ներկայիս իր տրամադրութեան տակ չունի պահանջուած գումարները, կը ծրագրէ կարգ մը շրջաններուն մէջ նոյն դպրոցը օգտագործել աշակերտներու երկու տարբեր խմբակներու համար, բան մը որ ընթացիկ է նոյնիսկ արեւմտեան տէրութիւններու մօտ։ Անոնց մէկ մասը կու գայ առաւօտուն ժամը 7.30- 12.30, միւս մասը յետ միջօրէին, 13-17.30։
Կրթական նախարարը որոշած է բարեփոխութեան ենթարկել կրթական ծրագիրները յատկապէս անոնք որոնք կը վերաբերին պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան որոնց համապատասխան դասագիրքերը, յետ այսօրիկ, պիտի տպուին պետութեան կողմէ եւ դառնան միակ գործածելին։
Առ ի յիշեցում, յայտնենք որ կրթական ծրագիրներու փոփոխութեան համար յաճախ պահանջքներ ներկայացուած են, ուսումնասիրութիւններ կատարուած անցեալին եւ նախագիծեր ալ պատրաստուած, սակայն անոնք մնացած են գզրոցներու մէջ, փոշեթաթախ, կարգ մը շրջանակներու անհանդուրժողութեան պատճառով։
Վերջապէս կրթական նախարարը որոշած է զբաղիլ համալսարաններով եւ բարձրագոյն կրթութեան կեդրոններով։ Անոնք մօտիկ անցեալին թիւով 10 էին միայն մինչ ներկայիս 18 նման հաստատութիւններ կը գործեն Լիբանանի մէջ։ Որոշած է ոյժ տալ լիբանանեան համալսարանին, զայն վերակազմակերպել եւ մօտէն հսկել անոր գործունէութեան վրայ։
Իր տուած բացատրութիւններով եւ իր անձին կապուած վարկով որոշ ապահովութիւն ներշնչեց քրիստոնէական հատուածին փորձելով վանել անոր մտքէն արեւմտեան մշակոյթէն հարկադրաբար կտրուած մնալու մղձաւանջը։
Սակայն մտահոգութիւնները ամբողջովին փարատած չեն։ Որոշուած նոր օրէնքները եւ արաբական լիկայի մշակութային կազմակերպութեան նախատեսած ծրագիրները բոլորովին համոզիչ չեն թուիր իրենց։
Արդարեւ Լիբանանի ներկայ սահմանադրութիւնը նախկին սահմանադրութեան բարեփոխուած մէկ տարբերակն է հիմնուած Թայէֆի համաձայնութեան վրայ որուն ներածականին մէջ, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, յստակ կերպով կ՜ըսուի որ Լիբանան արաբ պետութիւն մըն է։ Միւս կողմէ արաբական լիկայի մշակութային կազմակերպութեան ծրագիրին մէջ կ՜ըսուի որ արաբական երկիրները պարտին ուսումը արաբերէն լեզուով դասաւանդել բոլոր առարկաներուն համար ներառեալ գիտական նիւթերը եւ թէ աստիճանաբար բոլոր դասագրքերը պէտք է միօրինակ ըլլան։
Պարզ խօսելով անոնք կը վախնան որ արտաքին քաղաքական
ճնշումներու տակ, հարցին նկատմամբ աննպաստ դիրքաւորում ունեցող պատասխանատուները իւրյատուկ մեծամասնութիւններով, զիչին եւ կորսնցնել տան, Լիբանանին, զինքը արաբական միւս
երկիրներէն տարանջատող եւ իր առանձնայատկութիւնը կազմող
բազմամշակութային եւ բազմալեզու ըլլալու առաւելութիւնները։
Այն ատեն է որ Լիբանանը պիտի կորսնցնէ յաջս արեւմտասէր հատուածին իր հիմնական արժէքներէն մէկը, զինքը արեւմուտքին մօտեցնող կենսական կապը։
Կ՜անդրադառնանք որ 16 տարուայ պատերազմը ոչ միայն քանդեց ու աւրեց մեծ թիւով դպրոցներ, աշակերտութեան թիւը պակսեցուց, որակաւոր ուսուցիչներու մեկնումին պատճառ հանդիսացաւ, կրթական ծրագիրներու լիակատար գործադրութեան արգելքներ յառաջացուց, Լիբանանեան երկրորդական ուսման վկայականին (պաքալորիայի) վարկը արժեզրկեց այն աստիճան որ օտար երկիրներ կը մերժեն ճանչնել զայն իբր այդ, այլ համաձայն կարգ մը մասնագէտներու նոր հարցականներու առջեւ դրաւ Լիբանանի բազմամշակութային դրութիւնը որ աներկբայօրէն կը կազմէ իր մշակութային հարստութիւններու ամենաջինջ աղբիւրը։
Պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ կը բացատրեն թէ անհիմն են այդ մտահոգութիւնները։ Մաղթելի է որ այդպէս ըլլայ, բան մը զոր ցոյց պիտի տայ ապագան։
Այս բոլորին մէջ ինչ պիտի ըլլայ ապագային հայերէն լեզուով դասաւանդուող առարկաներուն ճակատագիրը հայ վարժարաններէն ներս։ Արդեօք արաբականացումի հոսանքը պիտի զօրանայ այն աստիճան որ օր մը մենք եւս պիտի պարտադրուինք սահմանափակել մեր ազգային կրթական ծրագիրը, զեղչել անոր գործադրութեան համար յատկացուած դասապահերու թիւը ինչպէս է պարագան դրացի երկիրներու մօտ եւ հետեւաբար նահանջել հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցման մեր նուիրական առաքելութեան մէջ։ Հարցումներ են որոնք այսօր յատուկ զգայնութեամբ մեր մտահոգութեան առարկան կը դառնան։
Մենք դէմ չենք որ առաւել կարեւորութիւն տրուի արաբերէն լեզուի եւ արաբական մշակոյթի ուսուցման։ Չենք դժգոհիր երբ պետական կրթական ծրագիրները բարեփոխուին, արդիականան եւ Լիբանանի պատմութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան դասագիրքերը պետութեան կողմէ պատրաստուին ըստ իր կրթական քաղաքականութեան։
Այնուամենայնիւ, կը զգուշանանք ուսման ամբողջական եւ բացարձակ արաբականացումէն որովհետեւ ան կրնայ վնասել մեր բազմամշակութային զարգացման, օտար լեզուներու լայն ծանօթութեան եւ մանաւանդ մեր ազգային ինքնութեան ապահովութեան եւ մշակութային ժառանգին անվթար փոխանցման։
Ծանօթ է բոլորիս որ հայ վարժարանները կը կիրարկեն երկու կրթական ծրագիր։ Մէկը պետականն է որ աշակերտը կ՜առաջնորդէ պետական քննութիւններուն իսկ միւսը հայկական կրթական ծրագիրն է որ կը ձգտի աշակերտին ջամբել անհրաժեշտ ուսումը եւ ոգին իր հայեցի դաստիարակութեան, եւ ազգային դիմագիծի անեղծ պահպանման համար։
Ներկայիս երեւոյթները ցոյց կու տան որ անմիջական վտանգի մը սպառնալիքներուն առջեւ չենք գտնուիր որովհետեւ համայնքային դրութիւնը բոլորովին ջնջուած չէ թէ ժողովուրդի մտքին մէջ
եւ թէ իրողապէս։ Ան դեռ եւս ներշնչումի աղբիւր է բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսին մօտ երկրին հիմնական կառոյցքներու ամրապնդման տեսակէտէն։ Ճիշդ այդ ըմբռնումով լիբանանահայութիւնը կողմնակից եղած է համայնքային դրութեան շարունակութեան անոր մէջ գտնելով մեր եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային առանձնայատկութիւններու ապահովութիւնը եւ իր տեսակէտը, օրին, գրաւոր կերպով յայտնած է մեր երեսփոխանական պլոքի միջոցաւ լիբանանեան պետութեան։
Դժուար է բնականաբար ոեւէ ենթադրութիւն ընել ապագայի հաշւոյն միջին արեւելքի ներկայի մեծ վերիվայրումներու եւ քաղաքական խմորումներու շրջանին։ Ամէն ինչ կախում ունի երկրին քաղաքական հոլովոյթէն եւ արտաքին ազդակներու միջամտութենէն։
Սրտանց պիտի մաղթէինք որ 16 տարուայ սահմռկեցուցիչ փորձառութենէն յետոյ, Լիբանանի պետական պատասխանատուները
գիտակից մօտեցումով, իմաստութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ տէր կանգնին Լիբանանի առանձնայատուկ եւ բազմերանգ մշակոյթին ու պինդ պահելով կապը արաբական եւ արեւմտեան մշակոյթներու, առիթ տան որ ան իբրեւ սպասարկու համամարդկային քաղաքակրթութեան շարուանկէ, բազմահամայնքային եւ բազմամշակութային իր եզակի առաքելութիւնը։
Մինչ այդ անհրաժեշտ է որ հայ վարժարանները մեծ բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ շարունակեն ըստ առաջւոյն, իրենց ազգային կրթական առաքելութիւնը եւ ամուր կառչին համայնքային եւ կրթական իրենց իրաւունքներուն որովհետեւ հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցումը եւ հայեցի դաստիարակութեան հարցը մեր հիմնական մտահոգութիւնը եղած ըլլալով սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ, Լիբանանը իր համայնքային դրութեամբ եւ բազմամշակութային կերպարով կը մնայ մեզի ինչպէս նաեւ մեր մայր հայրենիքին համար սփիւռքահայութեան ամենակարեւոր գաղթօճախը ուր բարձրացող մեր նոր սերունդները կը կազմաւորուին ու կը թրծուին ազգային անխառն ոգիով, անոնց կը փոխանցուի մեր եկեղեցական եւ մշակութային հարազատ ժառանգը, մեր պահանջատիրական ձգտումները եւ մեր «անկատար» երազները։